Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Հընամենի հողագործի մը նըման

Աշխատութեան մշտադալար ուխտաւոր,

Կէս դար մ՚ամբողջ, վաղուան յոյսով բեղմնաւոր

Մըշակեցիր մըտքերու հողը խոպան։

 

Եւ ցանեցիր սերմերն անմեռ մըտածման,

Տըխուր մարդոց ուղեղին մէջ աղցաւոր,

Ու մեկնեցա՜ր, ամուր՝ յոյսով լուսաւոր

Երազներուդ վաղուան փայլուն բողբոջման։

 

Սերմերն առոյգ՝ բընաւ պիտի չը մեռնին

Ըսպասման մէջ վաղորդայնի գարունին,

Ու խորն յուռթի մըտքերուն՝ ծիլ պիտի տա՜ն։

 

Եւ գունագեղ ծաղիկներովն այն սերմանց

Պիտի հիւսեն փառքի պըսակ մը անանց

Քու պանծալի եւ անըստուեր մեծ անուան։