Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Սիսակին

Վերջալոյսը դեռ կ՚երազէ լեռներուն

Լուրթ կողերուն վըրայ անուրջ մ՚ոսկեղէն,

Եւ շողերու խարտեաշ խուրձ մը շըւարուն՝

Հարէմէն ներս կը սըպըրդի հեշտօրէն։

 

Կը հովահրէ գարնան զեփիւռ մը՝ թեթեւ

Վիժակները պատուհանին կիսաբաց.

Հարէմլիքին կը ծըփայ խորն հեւ ի հեւ՝

Ըստուերներու կապոյտ պար մը ոսկեմած։

 

Բարձիկներու ձիւնադէզի մը վըրայ

Ընկողմաներ է հանըմը մեղկօրէն.

Բազմոցէն վար կախուած՝ հեշտիւ կ՚երերայ

Գիրգ ու նազոտ ձոյլ սըրունքը ձիւնեղէն։

 

Իր հինայուած մատուըներով կը դափէ

Ծընծղայաւոր նըրբին դափ մը սարսըռուն

Որ կը դողայ ոսկեքանդակ սատափէ

Նըրբագալար շըրջանակին մէջ թրթռուն։

 

Եղանակ մը թեւ կ՚առնէ իր շըրթներէն,

Ծոյլ վանկերու ծըփուն պար մը հազի՜ւ հազ,

Մինչ կը պարէ սենեակին մէջ՝ քրմօրէն՝

Պարուհի մը նոճեհասակ, նոճենա՜զ։

 

Ապակիէ բահաւանդներ գոյնըզգոյն

Կ՚ողջագուրեն յոյր ծըղիներն իգական,

Եւ յուռութքներ կ՚իյնան վիզէն պարուհւոյն

Էնթարիին, լանջքին վըրայ դիւթական։

 

Կըշռութիւններ, դանդա՜ղ ու ծո՜յլ ու ծըփուն.

Կ՚արբեցընեն նազելագեղ պարուհին,

Որ հեշտօրէն կը կարկառէ սարսըռուն՝

Շըքեղ գանձերն իր դիւրաթեք իրանին։

 

Դաստակներուն կերառութեամբն իր ճարտար,

Ան կը թըւի՝ ափերուն մէջ վարդագոյն,

Քաղել օդէն նոր պատրանքներ անդադար,

Որ խոյս կուտան մատիկներէն պարուհւոյն։

 

Ու երբ, թեթե՜ւ, կը պըտուտքի թեւամբարձ,

Ինքն իր վըրայ իբրեւ փարոս մ՚անայլայլ,

Շըրջազգեստին հողմահարէն դարձ ի դարձ՝

Դուրս կը ժայթքէ զոյգ մը սըրունք ձիւնափայլ։

 

Ու մերթ, նազո՜վ, գըլուխն ուսին կը հակի,

Խոպոպներու ողկոյզին մէջ յորդազեղ.

Կը շողշողան խոշոր օղերը ոսկի՝

Իր կըշռաւոր նազանքներէն հեշտազեղ։

 

Եւ յետ ընդ կոյս՝ մէջքը յանկարծ կը շրջի,

Տալով պորտին յայրատ խաղացք մ՚առաձիգ,

Մինչ կը պոռթկան էնթարիէն նարընջի՝

Զոյգ ծիծերուն ձիւնաբլրերն համբարձիկ։

 

Խո՜ր, կիսափա՜կ, մեղկ նայուածքը պարուհւոյն

Կը սըպըրդի թարթիչներուն ընդմէջէն,

Եւ նըրբագիծ սեփսեւ շուփան յօնքերուն՝

Ճերմակ դէմքին կուտայ փայլ մը տարօրէն։

 

Ու կը պարէ ան, կը պարէ՜ դեռ երկար,

Ըստուերներուն մէջ գունագեղ իրիկուան,

Մինչ հանըմը կը դափէ դափն անդադար,

Ծընծղաներն ալ ցանկութիւնէ կը դողան։

 

Ա՜լ լեռներուն վերեւ բան չէ մընացեր

Ոսկեցընցուղ վերջալոյսին երազէն,

Եւ անթափանց գիշերածոր ըստուերներ

Հարէմին լուռ խորհուրդները կը հիւսեն։