Աշունն
եկաւ
վերըստին,
Խոնաւ,
մըռայլ,
սըգաւոր,
Տերեւները
կը
թափին
Տըժգոյն,
վըտիտ
ու
չոբչոր։
Սուր
սարսափ
մը
անսովոր
Կը
սաւառնի
իմ
չորս
դին,
Եւ
հոգիս
է
վիրաւոր
Նըման
այրի
նոր
հարսին։
Հանդիսաւոր
սուգերուն
Սեւ
օրուան
մը
մօտալուտ՝
Ունիմ
կասկածն
ես
անգութ։
Եւ
հեգնալից
ու
ժպտուն՝
Կ՚ապրիմ
ցաւոտ՝
այլ
զըւարթ,
Վերապահմանց
մէջ
հըպարտ։