Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Աքասիաին ներքեւ ըստուերն է փափուկ,

Ժամադրավայր անուրջներու խուսափուկ։

 

Նուրբ հեշտութեան անկըշռելի մթնոլորտ,

Որուն՝ հոգիս է երկիւղած յաճախորդ։

 

Կ՚ընկողմանիմ կանանչ թաւիշին խորն անդոյր,

Այն ոսկեզօծ ըստուերին մէջ խընկաբոյր,

 

Եւ ընդ երկա՜ր աչքերս անթարթ կը դիտեն

Երկինքը ջինջ՝ սաղարթներու ընդմէջէն։

 

Ճակտիս վըրայ, մազերուս մէջ՝ անհամար

Զանակներու կը դեգերի խօլ մէկ պար,

 

Կ՚իյնայ այտիս վըրայ տերեւ մը վերէն,

Եւ մեղու մը մեղրով արբշիռ՝ յամրօրէն

 

Կուգայ թառիլ անձկոտ շըրթանցս իմ վըրայ,

Ուր ցանկութեան խըտղըտում մը կը սարսռայ։

 

Ու կը մընամ արբեցութեան խորն այս լուռ.

ի՞նչ եմ ես ինքս, անել երա՞զ մ՚ոսկեհուռ,

 

Լըքուած յո՞յս մը մոռացութեան աշխարհին,

Թէ՝ գահազուրկ աստուծոյ մը ձոյլ անդրին։

 

Ու կ՚երազեմ… ես ինքս՝ տարտամ ուրուական,

Փայլ մը ոչինչ, կայծ մը, պարապ մէկ վայրկեա՜ն։

 

1912