Գիշերուան մէջ խոր ու ցըրտին՝ Հէգ ուղեւորն է մոլորեր. Կը դողդըղան մօտն անդունդին Իր յոգնած այլ յամառ քայլեր։ Կարմիր կայծ մ՚է հոգւոյն թիրախ. Հեռո՜ւն թանձըր խաւարին մէջ, Ու կը քալէ, մութ է, աւա՜ղ, Այլ կայծն արթուն, կայծն է անշէջ։ Կը քալէ ան,— ուրկի՞ց ի վե՜ր. Բոպիկ, փըշոտ ճամբաներէն, Ու կ՚արիւնին իր կարեվէր Ոտքերն՝ յոգնած անհունօրէն։ Եւ չը հասած կայծին երբէք, Պիտի մարի՞ գիշերուան մէջ. Կասկածն է սուր ճամբորդին հէգ, Այլ կայծն արթուն, կայծն է անշէջ։ Պիտի քալէ՜ ան յաւիտեան, Մինչ հուսկ կաթիլն իր ուժերուն, Գիշերն ի՜նչ փոյթ, ի՜նչ փոյթ ճամբան, Երբ կայծն՝ անշէջ, կայծն է արթուն։