Գիշերուան
մէջ
խոր
ու
ցըրտին՝
Հէգ
ուղեւորն
է
մոլորեր.
Կը
դողդըղան
մօտն
անդունդին
Իր
յոգնած
այլ
յամառ
քայլեր։
Կարմիր
կայծ
մ՚է
հոգւոյն
թիրախ.
Հեռո՜ւն
թանձըր
խաւարին
մէջ,
Ու
կը
քալէ,
մութ
է,
աւա՜ղ,
Այլ
կայծն
արթուն,
կայծն
է
անշէջ։
Կը
քալէ
ան,
—
ուրկի՞ց
ի
վե՜ր.
Բոպիկ,
փըշոտ
ճամբաներէն,
Ու
կ՚արիւնին
իր
կարեվէր
Ոտքերն՝
յոգնած
անհունօրէն։
Եւ
չը
հասած
կայծին
երբէք,
Պիտի
մարի՞
գիշերուան
մէջ.
Կասկածն
է
սուր
ճամբորդին
հէգ,
Այլ
կայծն
արթուն,
կայծն
է
անշէջ։
Պիտի
քալէ՜
ան
յաւիտեան,
Մինչ
հուսկ
կաթիլն
իր
ուժերուն,
Գիշերն
ի՜նչ
փոյթ,
ի՜նչ
փոյթ
ճամբան,
Երբ
կայծն՝
անշէջ,
կայծն
է
արթուն։