Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՈՒՇԵՂ ՎԱՐԴԱՊԵՏ

Կար ժամանակ մը, ու դեռ շատ չըներ, ուր հայ գրականութիւնը իր աշխարհական գրագէտներուն ցանկին մէջ եկեղեցականներ ալ համրելու փառքն ունէր։ Հիմա սա ճշմարիտ է թէ, մեր կլիմային ներքեւէն հետզհետէ անհետացող զանազանակ մըն է գրագէտ եկեղեցականի զանազանակը, որքա՛ն ալ պնդել ուզողներ գտնուին թէ՝ այսօր բազմաթիւ սքեմաւորներ ունինք հրապարակի վրայ, բանասիրութեամբ կամ լեզուական հարցերով զբաղող։

Այո՛, գրագէտ-արուեստագէտ եկեղեցականները ժամանակ մը հմայքն ու պերճանքն էին մեր աշխարհիկ գրականութեան, եթէ անոր բեւեռը չէին նոյն իսկ։

Մասնաւորապէս բանաստեղծ-եկեղեցականի տիպարն է որ անհետացած զանազանակի մը պակասը զգալի կ՚ընէ այսօր մեր մէջ։ Այդ զանազանակը իր մասնաւոր հոգեբանութեամբ (տխուր ձեռնպահութիւններու, գլխիկոր վերապահումներու մէջ՝ արուեստականութեամբ այլասերուած հոգեբանութիւն մը), այլապէս ինքնատիպ զանազանակ մըն էր ապահովաբար եւ մենք միշտ ցաւոտ անձկութեամբ մը պիտի փնտռենք այսուհետեւ ստորակէտի մը աննշան կետադրութեան մը տեղափոխութեանը պատճառելիք գեղեցկագիտական ճշմարիտ յուզմունքը…

Մարի ճրագ թշուառ հոգւոյս…

Մարի՛, ճրագ թշուառ հոգւոյս…

Այս յոռետեսութիւնը դեռ շատ առաջ տանելով, պիտի ըսէի թէ, մեր այսօրուան եկեղեցականներուն ամբողջ գրական մտահոգութիւնները, բացառութիւն ընելով բանասիրականին, աստուածաբանական քրտինքներու շփոթ ճաշակն ունի միայն, եթէ չյիշէի թէ Հայր Արսէն Ղազիկեանի մը անճաշակութիւնները՝ վերջերս Վենետիկի վանքին գրական անկման ամենէն ապահով ախտանշանները տուին։

Ասոնց քով, ու ասոնցմէ վեր, սակայն անշուշտ չենք կրնար մոռնալ թէ՝ Արմաշը կայ, Դուրեան Սրբազանը կայ, ու Բաբգէն Վարդապետն ալ։

Դուրեան Սրբազան, զոր եթէ կը յարգենք իբրեւ մեծահմուտ ու տաղանդաւոր եկեղեցականը, կը սիրե՛նք սակայն մեր ամենէ՛ն պաշտելի բանաստեղծին իբրեւ սրտահատոր հոգեհատոր եղբայրը, Դուրեան Սրբազան Արմաշի հոգին է, Արմաշի ջիղն է։ Բոլոր արմաշականները՝ բան մը փոխ առած են՝ իր գրողի խառնուածքէն։

Արմաշը, իր կազմակերպութեամբ ու իր արդիւնքով, հայ վանքերու իսկական կոչումին ցուցամատը չէ՞ միթէ։ Մտաւորական վերակենդանութեան մը հեռապատկերը չի՞ նշմարուիր «հայ վանքերու» մթնոլորտին մէջ՝ որոնք աշխարհական մտքով լուսաւորութեան մը վառարաններն ըլլային մեր համայնքին համար։

Ու Մուշեղ վարդապետ՝ արմաշական մըն է։

Ինքը մեր օրուան գրական հրապարակին վրայ միա՛յն իբրեւ բանասէր չէ որ գոյութեան իրաւունք ձեռք բերած է, եւ, իր Նարեկացիին վրայ կատարած ուսումնասիրութեամբ, ինչպէս հաւաստեցին, իբրեւ Իզմիրեանց մրցանակի պսակաւոր չէ որ կը ճանչնանք զինքը։ Իր գրողի եւ մտածողի իսկատպութիւնները յայտնի են գրասէր հասարակութեան օրաթերթերու եւ հանդէսներու մէջ հրատարակած իր բազմաթիւ գրութիւններէն ու առանձին հրատարակութիւններէն։ Պատկերները՝ իր հնախօսական ու բանասիրական քննասիրող հմտութիւնը կը վաւերացնեն։ Հովուական Թուղթը՝ տեսակ մը ժամանակակից Ընդհանրական է, ո՛չ նուազ պատուական ու ո՛չ նուազ անկեղծ ու մաքուր ներշնչումով տաքցած։ Ու իր հէքեաթները, գրական գեղեցիկ հատուածներ կրնան համարուիլ, ասեղնագործուած՝ գունագեղ անստգիւտ լեզուով մը, շրջանակուած կատարելապէս ճարտարապետական պարբերութիւնով մը, կոր գիծերով, երկարաձգումներով, երբեմն դանդաղութիւններով ալ, որ գրաբարի շարադրութեան կնիքը կը կրեն նորէն։ Արդ՝ Մուշեղ վարդապետ՝ իր ոճը ունի, կուռ, ամուր, զրահապատ ոճ մը, ընդունակ ամէն դիմագրաւումի եւ ամէն ընդհարումի տոկալու, կորովի, առնական, կրքոտ, բուռն եւ ջղուտ, ու ջղային ալ, բանին ներկենսունակ կայծովը բռնկած, ու գիտակցութեան թելադրականութեամբը ազդուած։ Այս ոճը՝ մարդն իսկ, անձնաւորութիւնն իսկ է՝ երիտասարդ վարդապետին մէջ, ճշմարիտ երեւոյթ մը՝ մեր օրուան մտաւորականութեան համար։ Վասն զի հազուադէպ է, տարօրինապէս բացառիկ է որ, կուսակրօնութիւնը, անհատական զարգացումի ամենէ՛ն ժխտական ու մալուած առնականութեան՝ այդ տխուր դրութիւնը, այդ աստիճան թոյլատու եղած ըլլայ ինքնուրոյն առնականութեան մը զեղուն ուռճացման։ Ու մի՛ միայն հոգեբանի քմահաճոյքով մը չէր որ Մուշեղ վարդապետի անհատական զարգացման վերելական աստիճանաւորումները պիտի երեւակայէի հոգիներու եւ նկարագիրներու հարթարար (niveleur) այդ դրութեան անճողոպրելի բանտարկութենէն զերծ, բնութեան օրինաւոր պայմաններուն, հոգիին ամենէ՛ն նուիրական ու ամենէ՛ն ստորասական հակումներուն համեմատ…։ Ու այս սարերու անկոխ բարձրութիւններուն եւ բնութեան մօտ առ մօտ մայրական մտերմութեանը մէջ բուսած հոգին, որ այսօր ինքնամոռացման գերագոյն արմատական կործանարար հրաժարումներու կրօնքին պաշտօնեան է, բեւեռային մառախլապատ կլիմաներու տխուր ու լռանիստ ջերմանոցի մը մէջ փոխադրուած հասարակածային տունկի մը հողաբաղձային մելամաղձութիւնը ունի կարծես, իր յարմարումի արուեստակեալ ջանքերուն մէջ, մելամաղձութիւն մը՝ զոր հպարտութիւնը կ՚սքօղէ, այլ կ՚զգանք մանաւանդ քան կը տեսնենք։

Չէ՛, մենք չենք կրնար առանց անգաղտնապահութեան, ծանօթանալ ներքին ստուերոտ ծալքերու անթափանց գաղտնիքին։ Ի՞նչ հարկ ատոր։ Բաւակա՛ն է միայն որ, բանաստեղծը ըսէ ձեզի

 

Ու իմ հոգիս որ շառագոյն կը փայլի,

Փոխան դէմքիդ՝ ընտրեց հիմա իբր հայլի

Ջինջ վարագոյրն երկնից կապոյտ երեսին,

Որ չի մարիր խոստումիդ պէս չոր ու սին։

 

մնացածը՝ ձեզի, ձեր անհարկի հետաքրքրութեան չի վերաբերիր, ո՜վ պարկեշտասուն մունետիկները բարոյականութեան մգլոտած գրքին։ Կ՚ըսեն թէ՝ Ալիշանի Նուագներուն վերջին հատորը, վեցերորդը, անտիպ է մնացած եւ այնպէս պիտի մնայ յաւիտեան։ Ատկէց աւելի կրնայի՞նք գիտնալ այդ մասին, առանց գայթակղուելու, առանց անհանգիստ ըլլալու մեր շրջահայեաց հանրային պարկեշտութեան մէջ։

Ու ճշդիւ, Մուշեղ վարդապետն ալ պէտք է ճանչնանք միմիայն՝ իր եկեղեցական բարենորոգումի կամ վերանորոգումի համարձակ բողոքականութեան մէջ, որ իր անձին շուրջը կը խմբէ այնքա՛ն գերապատիւ ու մեծփոր ատելութիւններ ու քէներ։

Մուշեղ վարդապետ հեղինակն է «Կրօնքի հիւծախտը» եւ «Պոլիբեմի պատրանքը» նշանաւոր յօդուածներուն։

Յօդուած մը իր որակական արժէքով, երբեմն գրքէ մը աւելի կ՚արժէ, ինչպէս սօնէթ մը՝ աւելի քան ընդարձակ քերթուած մը։ Կրօնքի հիւծախտը եւ Պոլիբեմի պատրանքը հայ եկեղեցականի մը գրչէն դուրս եկած, գեղեցիկ ու յանդուգն շարժուձեւեր են մեր շրջանակին համար։

Առաջինը խորին համոզումով ու անկեղծութեամբ գրուած հաւատքի դաւանանք մըն է, մեր մէջ կրօնական նուիրապետութեան բարոյական անկման եւ այլասերման պատճառներուն վրայ նկատողութեամբ մը։ Երկրորդը՝ բուռն ու կրքոտ անկեղծութեամբ արձակուած պարսաւագիր մըն է, մեր կեդրոնական կրօնական ժողովի հասցէին, որ իր կոչման ու դերին նուազ գիտակցութեամբ կ՚ամբաստանուի Մուշեղ վարդապետին կողմէն։ Երկուքին մէջ ալ՝ գլխիվայր գահավէժ խիզախում մը, դէպի կրօնական բարենորոգման վտանգաւոր անդունդը։

Մուշեղ վարդապետ շատ անկեղծ ու այնքան պարկեշտ՝ որքան համարձակ հրապարակագիր մըն է, հանդէպ իր համոզումներուն եւ հանդէպ այն հասարակութեան՝ որուն կ՚ուղղուի իր կրօնական խօսքը։ Ուզողը կրնայ ըսել թէ ամէն պաշտօն իրեն անխուսափելի պայմաններուն համեմատ գոյութեան իրաւունք կրնայ ձեռք բերել աշխարհի մէջ. ամէն պաշտօն, ամէն ասպարէզ՝ իր բնորոշ հոգեբանութիւնն ունի, քահանայութիւնն ալ, եւ Մուշեղ վարդապետ ինքն ալ քահանայ մըն է, ո՛չ աւելի ո՛չ պակաս, ներկայ ընկերութեան ծոցին մէջ իր առանձնայատուկ գոյութեան պայմաններն ունի, որոնց համեմատ որ եւ է բացարձակ խղճի ազատութիւն եւ ներքին ու արտաքին համերաշխ անկեղծութիւն՝ բացարձակապէս ներհակ պայմաններ են քահանային գոյութեան։ Այս հաստատաբանութիւնը կրնայ ճշմարտութեան բաժին մը, ու մեծագոյն անժխտելի բաժին մը ունենալ։ Ապա ուրեմն երբ եկեղեցականի մը համար անկեղծ է կ՚ըսենք, ինքնին պէտք է հասկցուի թէ այդ վերադիրը կուտանք իրեն նկատողութեան առած միշտ՝ բառին յարաբերական արժէքը, ասպարէզին սեփական հանգամանքներուն հանդէպ։

Ուրեմն Մուշեղ վարդապետ անկեղծ է այնքա՛ն միայն, որքան բարձրագոյն աստիճանով կրնայ կամ կրցած է անկեղծ ըլլալ որ եւ է քահանայ։ Ասիկա պարսաւ մը ընել չեմ ուզեր իրեն։ Վասնզի չըսի՞ արդէն թէ քահանան, արդի ընկերութեան մէջ իր արհեստին յատուկ հոգեբանութիւնը կամ բարոյական բնախօսութիւնն ունի, որուն համեմատ միայն իրեն հնարաւոր է այսօր իր գոյութիւնը երաշխաւորութեան ներքեւ առնել։ Ամենէ՛ն անկեղծ եկեղեցականը՝ իր շուրջառին մութ ծալքերն ու իր վեղարին ստուերարկութիւնները յարգել եւ յարգել տալ պարտաւոր է։

Արդ Մուշեղ վարդապետ անկեղծ եկեղեցականը, ինքզինքը կը ցուցնէ զգացած ըլլալ այն յուսահատեցուցիչ եւ անընդունելի ընդդիմակութիւնը՝ որ գոյութիւն ունի այսօր կրօնքին դրութենական կազմակերպութեան ոգիին ու անոր իսկական ոգիին մէջ։ Այս ընդդիմակութիւնը, ըստ իրեն կ՚առաջնորդէ ահա չարագուշակ երեւոյթին, աղէտալի, ահաւոր ու սպառնալից, որ ժողովրդի հոգիին մէջ երեւան կուգայ հիւծախտի ձեւին ներքեւ, կրօնական զգացումը կ՚ուծանայ, կ՚անդամալուծուի, կը հիւծախտաւորուի հետզհետէ, ախտանշական բացարձակօրէն անվստահելի կանխածանութեամբ (pronomtique)։

Ասիկա երեւոյթ մըն է, որ իր պատճառներն ունի։ «Այդ պատճառներն ի յայտ բերելու համար կարեւոր է անգամ մը աչքի առջեւ ունենալ ցանկը եկեղեցականներուն՝ որոնց պաշտպանութեան յանձնուած է կրօնքի ուսումը եւ եկեղեցիին հոգը»։ Մեր մէջ «եկեղեցիին դռները այնքա՜ն լաւ բացուած են, կղերի ասպարէզին տանող ճամբան այնքա՜ն բանուկ դարձած է, որ շուկացի սնանկ վաճառականներ, անկուտի պատուելիներ, ճենճոտ լուսարարներ, չքաւոր ժամկոչներ, անկարող վարժապետներ, ամէնքն ալ վազած են դէպի հոն, պաշտօնի պարտականութենէն աւելի կանխահոգ գտնուելով նիւթական օգտախնդրութեան մը»։

Ու տենդոտ թափով մը կը շարունակուի պատճառներուն ուսումնասիրութիւնը։ «Մեր կղերական արդի կազմակերպութեան մէջ երկու դասակարգ ունինք, կարծես իրարմէ անջատուած բոլորովին. քահանան ու կուսակրօնը կամ ծէսը ու ուսուցումը։ Մէկը ծէսի մարդը շինած ենք, միւսը փառքի, մէկը նիւթականացուցած ենք, միւսը անզգայացուցած. մէկը սպաննած ենք, միւսը մգլոտած։ Եւ հոգին, կրօնքի կուսականութիւնը, մարմինէն բաժնուած ոչնչութեան մէջ կը թափառկոտի, առանց կարենալ մօտենալու այդ երկու դասակարգութեանց։ Կրօնքը կ՚անդամալուծուի, կրօնքը կը հիւծախտի ու մենք, հակառակ մեր կրօնասիրութեան համբաւին, տակաւին չենք փնտռեր այդ ախտին պատճառները»։

«Դասակարգութեան սոյն անջատ երկուութիւնը կը մատնէ այն սխալ դրութիւնը, որուն վնասը կապուած է կրօնքին ու եկեղեցիին հետ։ Արժանաւոր մը քահանայ չուզեր ըլլալ, որովհետեւ սահմանափակ կը գտնէ զանի (?!) կուսակրօն չուզեր ըլլալ, որովհետեւ ժուժկալութեան խնդիրը զինք կը խրտնչեցնէ»։

Արդ քահանայութեան ասպարէզը ինկած, ստորին ու անբարոյական ասպարէզի մը կը վերածուի, քահանան կը նիւթականանայ, մինչդեռ միւս կողմէն ալ, «կուսակրօնին գոյութիւնը իր սա՛ վիճակով, եթէ ոչ վնասակար, գէթ ապարդիւն պիտի մնայ, քանի որ մենք կուսակրօններս քահանան ետ կեցուցինք իր բուն պաշտօնէն, բարոյականի ու քրիստոնէական ուսուցման շինիչ պաշտօնէն, խոստանալով թէ մենք աւելին պիտի ընէինք։ Բայց մեր ընթացքը չարդարացուց մեր յանձնառութիւնը։ Հակառակ ուղիղ կուսակրօնութեան, կուսակրօնին վարած զեղծ կեանքը, իր զգայնոտ ու աշխարհիկ միտումներն, իր կրօնամերժ պահանջկոտութիւնը, գայթակղական սուր հանգամանք մը առին»։

Այս ընդօրինակութիւններն ըրի, բացատրութիւններու մէջ չմոլորելու եւ Մուշեղ վարդապետի խիզախ մտքին ու ջղուտ գրչին ճաշակը տալու համար։

Հիմա չէ՞ք ընդունիր թէ որքան յանդուգն՝ նոյնքան քէյֆլի ընթերցում մը ըրիք։ Խնդիրը հոտ չի վերջանար սակայն։ Մուշեղ վարդապետ յոռետես մը չէ, յուսահատ բժիշկ մը չէ, հիւծախտաւոր կրօնքին սնարին վերեւ անճրկած։ Ահա իր փրկարար դեղագիրը.

«Ամէն դրութիւն՝ յառաջդիմական սկզբունքի վրայ հիմնուած է։

Կրօնքն ալ, իր վերապահութիւններովը հանդերձ դրութիւն մըն է, յաջորդաբար տարբեր խաւերէ, հաւատալիքներու տարբեր մթնոլորտներէ հոսնուած, միշտ զտուելու, մաքրուելու տրամադիր»։

Մեր մէջ սակայն, բարեշրջման այս պէտքը ըմբռնուած չէ։ Աւանդամոլութունը՝ տեղը բռնած է կեանքի նոր պահանջներուն։ Այս տրամադրութիւնը՝ պատճառաւորած է «Կրօնքի հիւծախտը» որուն վարակումը հետզհետէ իր ծաւալումները կ՚ունենայ, մեծ կեդրոններէն մինչեւ գաւառի խորերը, ու երկար ատենէ ի վեր կրօնքի մասին ի յայտ եկած ցուրտ վերաբերութիւնը, տեսակ մը զզուանքի կը փոխէ»։ Այլ ի՞նչ է դարմանը։

Դարմանն այն է որ. «Մենք ժողովուրդ ու կուսակրօն պարտականութիւնն ունինք փնտռելու պատճառները, եւ այժմէն վստահ ըլլանք որ այդ պատճառները պիտի գտնենք քահանայական սխալ ընտրութիւններու եւ դասակարգին երկուութեանը մէջ»։ Եզրակացութիւնը ինքնին չի՞ գար։

Կը ճաշակէք անտարակոյս ամբողջ հմայքը կրօնական բարենորոգումի այս միամիտ ու գեղեցիկ իտէալին։ Կը ծափահարէք նաեւ այս երիտասարդ ու խրոխտ եկեղեցականը իր բողոքի կրքոտ շարժուձեւը գտնելով այնքան սրտառուչ՝ որքան յանդուգն։ Կը զարմանամ թէ ինչպէս թոյլ կը տրուի իրեն՝ անկեղծութեան այդ աննկատ խոյանքը։ Կրօնական Ժողովն ու հասարակաց կարծիքը կը քնանա՞ն արդեօք, ու Շահնազարեան Կարապետ Վարդապետը դատող հաւատաքննութեան ատեանը՝ Տէրոյէնցներու պակասութեան մէջ անդամալուծուա՞ծ է յաւէտ։

Արամ Անտոնեան, որ հիացող մըն է Մուշեղ վարդապետին, զինքը նմանցուց Վիքթոռ Շան Պօնէլին, ֆրանսացի նախկին աբբա մը, որ, հանդիսաւոր ու խրոխտ նամակով մը, հրապարակով ուղղուած Բարիզի արքեպիսկոպոսին, եկեղեցական կարգը թողուց, սեւ շուրջառը իր ուսերէն թոթուեց, մնալով իր աւետարանական հաւատքին մաքրութեանը, իր մթնոլորտին բնազանցութեանը մէջ, ա՜լ «չկրնալով, առանց ներսէն յոյժ ցաւագին ստգտանք մը իմանալու, համերաշխութեան երեւոյթներ պահել եկեղեցական կազմակերպութեան մը հետ՝ որ կրօնքը վարչական ճարպիկութեան մըն է փոխած, զայն դարձնելով մտաւորական ու ընկերային կեղեքում մը, աններողութեան դրութիւն մը, եւ ոչ երբէք աղօթք մը, սրտի բարձրացում մը, աստուածային իտէալին մէկ փնտռտուքը, բարոյական ապաւէն մը, սիրոյ եւ եղբայրութեան սկզբունք մը։ Թշուառականօրէն մարդկային քաղաքագիտութիւն մը վերջապէս, եւ ո՛չ երբէք հաւատք մը այլեւս»։

Դուք ըսէք թէ երկուքին մէջ հանգիտութեան եզրերը որո՛նք են։

Մուշեղ վարդապետ կը հաւատայ եկեղեցիին ապագայ բարելաւման։ Ի՞րն է իրաւունքը, թէ կեանքի բաւականաչափ փորձառութիւնն է արդեօք որ կը պակսի իրեն՝ զինքը հիասթափ արթնցնելու համար երկու հազար տարուան պատրանքին անուշ քունէն։ Սկեպտութիւնը՝ ճշմարտութեան փնտռտուքին մէջ միշտ արհամարհելի գործիք մը չէ։ Կրօնքի հիւծախտին պատճառները կարելի չէ՞ր արդեօք նաեւ կասկածիլ այլուր։ Վասնզի կրօնքի անարժան պաշտօնէին դէմ գանգատի այս փսփսուքը շատ նոր թող չկարծուէր։

Մուշեղ վարդապետ որ բազմահմուտ եկեղեցական մըն է, չի կրնար կարդացած չըլլալ Էռազմը եւ գոց գիտէ անշուշտ՝ մեր Քերթողահօր ողբը, «կրօնաւորք կեղծաւորք, անձնացոյցք, սնափառք, պատուասէրք, քան թէ աստուածասէրք… արծաթով ընտրեալք՝ եւ ոչ հոգւով… եւ գայլք եղեալ՝ զիւրեանց հօտս գիշատելով…»։

Արդարեւ ի՞նչ տխուր պատկեր՝ սա սուգի ու մահուան մարդուն պատկերը, որ յաւիտենական է կարծես, եւ որմէ սոսկումով խոյս տուած են Էռազմները, Շառպօնէլները, Թոլսթոյները, շարունակելով մնալ իրենց հաւատքին անեղծ հաւատարմութեան մէջ։

Հիմա պիտի չկրնա՞նք ուրեմն կասկածիլ թէ, անջատօրէն Աւետարանի զուտ ոգեպաշտ ու գաղափարապաշտ ոգիէն, եկեղեցիէն, իբրեւ դրութիւն եւ սկզբունք, իր գրկին մէջ անխուսափելիօրէն կը ծնի յաւիտենական քահանան, անվերծանելի ու անփոփոխ։

Ինծի կը թուի թէ ամէն օր՝ ամէն վայրկեան սրբապիղծ ստութիւն մը եւ ուրացող կեղծաւորութեան մը մէջ մահուան կը դատապարտենք մեր գիտակցութիւնը եւ կը խեղդենք մեր մէջ՝ արդարութեան եւ ճշմարտութեան լոյսը, երբ կը հաւատանք ու կը հաւտացնենք թէ՝ քրիստոնեաներ, այսինքն Քրիստոսի լուսաւոր շաւղին հետեւողներ ենք մենք։ Այս պարզամտութիւնը ոճրական ու քստմնելի է պարզապէս։ Անտարակոյս հոս խնդիր չէր կրնար ըլլալ քրիստոնէութիւնը՝ իբրեւ կեանքի սկզբունք։ Կ՚ուզէի տարակուսիլ միայն թէ՝ բարոյական փրկութեան ճամբան՝ եկեղեցական բարենորոգումի պատրուակներով հնարաւոր ըլլար ձեռք բերել, երբ կրօնքը կը հիւծախտաւորուի, եւ հիւծախտին շիճուկը դեռ չգտա՜ն։

Գալով Մուշեղ վարդապետին, իր այս բարենորոգչի ձգտումները ուսումնասիրած ատեննիս, գաղափարներու զուգորդութեան օրէնքով, կը յիշենք Օգթավ Միռպօի Ապէ Ժիւլը եւ Էմիլ Զօլայի Ֆռօման աբբան։

Այո՛, ինքը շատ զարգացած ու շատ անկեղծ եկեղեցական մըն է, ու դեռ պիտի բարեշրջուի թերեւս։

Բայց իրեն համար ո՞րն է հաւանական գուշակել, Ապէ Ժիւլի ջախջախուած ու այլասերած զգայնութի՞ւնը թէ Բիէռ Ֆռօմանի օրինաւոր բնաշրջումը դէպի կեանք ու դէպի մարդկայնութիւն։

Հարկ չէ սրտապնդող ենթադրութիւններու անհիմն գոհունակութիւնը տալ ինքիրեն։ Մարդկային տկարութիւնը, աւա՜ղ, հալածական է ամէնէն տխուր փորձութիւններէն։

Միայն, իբրեւ վերջին հարուածը այս դիմաստուերի փորձին, պիտի ըսեմ թէ Մուշեղ վարդապետի մտաւոր ու բարոյական նկարագիրն ունեցող եկեղեցականն է որ, հանրային գործունէութեան սահմանին մէջ, հրաւիրուած է ամէնէն լուրջ ու ամէնէն պատկառելի գործը իրականացնելու։ Բայց Մուշեղ վարդապետ հոն իր զոյգը չունի։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1903 Մայիս 24, թիւ 21, էջ 481-488