Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

[«Թլկատինցիին մահը»]

Գրականութիւնը յաւիտենական կախարդուհին է։ Կը բաւէ անգամ մը դիւթուած ըլլալ իրմով։ Այնուհետեւ, հակառակ մեր պարբերական գժտումներուն, որոնց մէջ իբր թէ տեսակ մը հպարտ ինքնահաճութիւն կը փնտռենք, մեր վերադարձները զղջահար վերադարձներ են, միշտ աւելի եռանդալիր, միշտ աւելի անկեղծ անձնատուութեամբ տոգորուն։ Գրին կեանքը՝ ճշմարիտ կեանքն իսկ է անոնց համար՝ որ անգամ մը բռնուած են։ Կեանքի բոլոր միւս դրուագները՝ զայն կարելի ընելու, գրի կեանքը կարելի դարձնելու հանգամանքով միմիայն տանելի են այլեւս։ Գրականութիւնը մոլութիւն մըն է, ինչպէս մոլութիւն է արբեցողութիւնը։ Գրականութիւնը գինովութիւն մըն է, շատերու մէջ։ Դրամին գինովութիւնը կայ, ինչպէս միսին գինովութիւնը. փառքի գինովութիւնը կայ, ինչպէս շահի գինովութիւնը. կրօնքին գինովութիւնը կայ, ինչպէս կայ խօսելու գինովութիւնը։ Գրականութիւնը կը թողունք՝ ինչպէս կ՚ըսենք ծխաթողութիւն։ Կը կարծենք թողած ըլլալ. ու մեր վերադարձները՝ աւելի սրտազեղ կը դառնան։

Այս խորհրդածութիւնները կը զբաղեցնեն զիս, երբ երկար ատենէ ի վեր թողուած գրական քրոնիկներուս վերսկսում մը ընելու կը ձեռնարկեմ այսօր։

Մեր գործադուլի բովանդակ տեւողութեան միջոցին, ի հարկէ շատ մը մեծ ու փոքր գրական երեւոյթներ տեղի ունեցած կրնան ըլլալ։ Ատոնց վերաքաղն ընելու ո՛չ փափագ, ոչ ալ կարելիութիւն ունիմ։ Միեւնոյն երեւոյթներու յաճախադիպութիւնը՝ կը սահմանափակէ ու կը ռամկացնէ անոնց կարեւորութիւնը։ Օրինակի համար, ի՞նչ աւելի սովորական է մեր գրական ասպարէզին վրայ քան պարբերական եւ առօրեայ թերթերու շիջումն ու վերերեւումը։ Ոմանք փետրափոխութիւն կը կրեն. յաճախ պատրալիր փետրափոխութիւն մը։ Ուրիշներ՝ աւելի կամ նուազ երկարատեւ թմբիրէ մը կ՚սթափին։ Կան որ՝ մահուան ծոցէն յարութիւն կ՚առնեն։ Կան նաեւ որ՝ անակնկալ կերպով կ՚աներեւութանան, ուրիշ օր մը իրենց ոչ նուազ անակնկալ վերերեւումին խաբէական փայլը շողացնելու համար մեր աչքերուն առջեւ։ Քիչեր կան որ, զմայլելի յամառութեամբ մը, իրենց ճամբան կը շարունակեն, տարիներէ ի վեր անսայթաք, առանց ճամբուն եզրը աջ ու ձախ պտտող փուշերուն կառչելու, անոնցմէ արգիլուելու։

Այս վերջիններէն առաջինն է անտարակոյս Արեւելեան Մամուլ, որուն եռամսեաները, իրենց խնամեալ նկարագրով, բովանդակ ընթերցող հասարակութեան հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնան։ Ասիկա խիստ հանճարեղ գիւտ մըն է։ Շաբաթաթերթը՝ օրուան կեանքն է, գրական, ընկերային, ժամանակագրական կեանքը, այլազան ու յարափոփոխ։ Եռամսեան՝ մտաւորական կեանքն է, ճոխասուն, կենսաւէտ, որ չի հիննար, որ տեսակ մը հասկաքաղ է ժամանակակից գրական հունձքէն, ուր իւրաքանչիւր ոք կը բերէ իւր տաղանդին ճշգրիտ նկարագիրն ու աստիճանաչափը։

Անշուշտ եռամսեան բոլորովին զերծ չի կրնար նկատուիլ ամէն ստգտանքէ։ Օրինակի համար, ես պիտի սիրէի որ շատ մանր ու երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող գրութիւններու տեղ չտրուէր հոն։ Այնուհետեւ՝ շարունակելի յօդուածներ բնաւ չգտնուէին։ Յետոյ աշխատակիցները մասնաւորապէս պատրաստուէին եռամսեաներուն համար։ Եռամսեան ամէն կարելիութիւն ունի երկարաշունչ գրութիւններ մէկ անգամէն հիւրընկալելու, ինչպէս են՝ ուսումնասիրութիւններ՝ թուականներու եւ անձերու վրայ։ Վիպակ մը։ Քերթուածներու շարք մը՝ միեւնոյն բանաստեղծէն, կամ երկարաշունչ քերթուած մը։ Բանասիրական, քննական երկար ուսումնասիրութիւններ, եւ այլն։ Ընթերցողը՝ աչքին առջեւ ամբողջական բան մը ունենալու վիճակին մէջ պէտք է գտնուի։ Ամէնէն ուշագրաւ աշխատութիւնը, ցրուած յաջորդական թիւերու մէջ, կրնայ վրիպիլ ուշադրութենէ, ու շատ բան կորսնցնել իր իսկական կարեւորութենէն եւ արժէքէն։ Այս կարգադրութիւնն ալ, ըստ իս, ժամանակի գործ է միայն։ Ամէն ձեռնարկ, նախաքայլերու համբակութիւնն ու դժուարութիւնն ունի։ Արեւելեան Մամուլ ի խմբագրութիւնն ամէն կերպով շնորհաւորելի է իր յղացումին ու այս առաջին երկու թիւերուն մէջ ձեռք բերած յաջողութեան համար։ Կը մնայ մաղթել որ պէտք եղածին չափ հանճարամտութիւն ու փափկանկատութիւն ունենայ իր աշխատակիցներու խումբը պահպանելու, ստուարացնելու, եւ անոր վերաբերումը տաք պահելու եռամսեային նկատմամբ գործը պահելու հաւաստիքով, երկարատեւ ապագայի մը համար։

Երբ գրական առօրեայ կեանքին վրայ կը խօսինք, անկարելի է վերստին չյիշել Թլկատինցիին մահը։ Այնքան աւելի՝ որքան Մամուլ ի Բ. եռամսեան հրատարակած էր իր հրաշալի «Գաւաթ մը միայն»ին առաջին մասը, զոր կարդալու թերեւս ժամանակ իսկ չունեցաւ։ Մա՜հը. մտքէն կ՚անցնէ՞ր զայն ունենալ այնքա՛ն իր մօտ, եւ այդ շանթահարող ձեւին ներքեւ։ Մա՜հը. խե՜ղճ Թլկատինցին, յետին կը նայէ՞ր երբեմն, տեսնելու համար թէ անոր քայլափոխն իր ստուերին վրայ տեղաւորուած էր արդէն, երկար օրերէ ի վեր։ Ինչ որ ալ ըլլայ, Թլկատինցին ապահովաբար զայն չէր կարծեր այդ զարհուրելի մօտաւորութեան մէջ։ Այլապէս, իր մօտ սի՞րտ կը մնար խորհելու գիրի ու գրականութեան վրայ։ Տակաւին իր վերջին նամակին մէջ, ուր ձանձրաբեկ յոգնութեան մը նշաններն ակներեւ էին, կ՚ըսէր ինծի իր չքնաղ ու անսեթեւեթ սովորական անկեղծութեամբ, «Դար մը եղաւ, որ չենք գրեր, հա՞. ես զիս բանով մ՚ալ չեմ կրնար արդարացնել, եթէ սա դպրոցի զբաղումս ալ կ՚ուզես բանի տեղ դնել։ Բայց իրաւ շատ թնճկոտ գործ, իրաւ տուայտանք։ Ու երբ գիտնաս որ սա հրապարակի գզուընտուքներէն ալ չեմ շահագրգռուիր։ Եթէ ատեն ատեն կ՚ընեմ բան մըն ալ Մամուլի մէջ, այդքանն ալ շատ ստիպողութեան հետեւանք։ Եթէ ժմնէր՝ այս անգամ ալ անոր բացառիկին ուրիշ կտոր մը եղաւ խրկածս։ «Ատէթ պաթիլ օլմասուն»։ Ա…ին կարգ մը յանդիմանութիւններ գրեցի քեզի հանդէպ ցոյց տուած անշահութիւններուն համար. չեմ գիտեր թէ այդ կերպով տուն տարած յաղթանակը ի՞նչ կրնար ըլլալ։ Ի՞նչ մարդիկ, ի՜նչ բարքեր»։

«Հոս մենք լման առանձնակից կը մնանք, մարդ չունինք, յարաբերութիւն չիկայ, կեանք բնաւ։ Ան թերթերն ալ եթէ չունենանք, շատ արգահատելի կ՚ըլլայ վիճակնիս»։

Հիմա ինքը չկայ այլեւս։ Մինչդեռ մենք կը շարունակենք մեր անմիտ արշաւը, կեանքի ասպարէզին մէջ, եւ կը կարծենք թէ յաւիտենականութեան համար ճամբայ ելանք օր մը, այս աւազի հատիկին վրայ։

Թլկատինցիի հետ կ՚անհետանայ խիստ ուշագրաւ դիմագծութիւն մը։ Իբր մարդ, իբր ուսուցիչ եւ իբր գրագէտ, եռակի տեսակէտներէ ուսումնասիրելի է ինք։ Իր կենսագրութեան, իր նկարագրին, իր սովորութիւններուն, իր արտաքին կենցաղավարութեան ու ներքին մտերմութեան վերաբերող նիշեր ու ծանօթութիւններ՝ հաճոյքով պիտի կարդացուէին։ Մանաւանդ թէ այդ բոլորը մեծ կարեւորութիւն պիտի ունենային Թլկատինցիին վրայ պատրաստուելիք որեւէ ամբողջական ուսումնասիրութեան համար։

Յետոյ բնական եղանակով մը, կը տարուինք խորհելու. ի՞նչ պիտի ըլլայ իր վարժարանը, մտաւորական կեանքի այդ բոյնը։ Պիտի քայքայուի՞։ Ի՞նչ պիտի ըլլան իր անտիպները. պիտի փճանա՞ն իր մտքին այդ զաւակները։ Յետոյ, նաեւ ո՞վ պիտի հետաքրքրուի Թլկատինցիին այն միւս «ըստ մարմնոյ» ձագուկներուն մասին։ Խնդիրնե՜ր։

Որքա՜ն աժանագին էր հաճոյք ու քէյֆ զգալ, Թլկատինցիի մը եզական գրականութենէն։ Որքա՜ն ձրի էր հպարտանալ Թլկատինցիով մը։ Բայց ո՞վ հետաքրքրուեցաւ երբեք թէ՝ ինչի՞ գինով կարելի եղած էին Թլկատինցի մը եւ իր գործը։ Եւ հիմա որ այլեւս ինք չկայ, իր փլած օճախին մոխիրներուն ներքեւ պճլտացող այն տժգոյն կայծերն ալ մոռացութեա՞ն պիտի դատապարտենք։ «Բայց իրաւ շատ թնճկոտ գործ, իրաւ տուայտանք»։

 

Յ. Գ. Յօդուածս թղթատարին յանձնելու պահուն կը կարդամ Մանզումէ ի կողմէ Թլկատինցիին մահուան լուրին մասին տրուած հերքումը։ Էնդի դէմէն վերադա՞րձ մը։ Հոս տեղին չէր բացատրելու թէ այս լուրը ի՞նչ ուրախառիթ տպաւորութիւն կ՚ընէ բոլոր անոնց վրայ, որք սիրած են Թլկատինցին ու հասկցած իր գրականութեան խիստ մասնաւոր կարեւորութիւնը։ Այս այսպէսէն յետոյ, յօդուածս ետ առնելու պէտք չեմ տեսներ։ Թլկատինցին ողջ թէ մեռած, հոն իր մասին գրուածները փոփոխելի չեն։ Թլկատինցին մեռած թէ ողջ՝ կենսագրելի է, ուսումնասիրելի է։ Մեռած թէ ողջ՝ իր տպեալներն հաւաքելի եւ իր անտիպները հրատարակելի են։ Ահա՛ առիթ մը, եւ լաւագոյններէն, ապացուցանելու թէ այլեւս պէտք չունինք մեր գրագէտներու մահուան սպասելու, ըմբռնելու համար անոնց գործին ճշգրիտ արժէքը։ Թլկատինցին ողջ՝ շատ աւելի եռանդով պէտք է մշակել իր գործը գրքի ձեւին ներքեւ յաւերժացնելու գաղափարը։ Չունի՞նք քիչ մը յանդուգն հրատարակիչ մը։ Ապահովաբար չպիտի վնասէ, նկատի առնելով այդ մեծ ժողովրդականութիւնը զոր կը վայելէ Թլկատինցին. մանաւանդ թէ իր շուրջը կազմակերպուած այս վերջին այպանելի խաղաղարարութիւնը՝ իր մասին հանրային հետաքրքրութիւնը արծարծած է, եւ այլեւս չկայ ընթերցող մը որ չուզէ գնել Թլկատինցիէն հրատարակուած գիրք մը։

Էնդի-դէմէն ի՞նչ լուր, լուսաղբա՛ր։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1908, 1 Յուլիս, թիւ 27, 625-628