Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱՂԱՇ ՅՈՎՆԱԹԱՆ ԱՇՈՒՂԸ ԵՒ ՅՈՎՆԱԹԱՆ ՅՈՎՆԱԹԱՆԵԱՆ ՆԿԱՐԻՉԸ
Փարիզ, 1910

Պ. Չօպանեան քանի մը ամիս առաջ Փարիզի մէջ հրատարակեց հատոր մը, որ կը պարունակէ տաղերը Նաղաշ Յովնաթան բանաստեղծին ու ընդօրինակութիւնները՝ Էջմիածնի տաճարին որմանկարիչ Յովնաթան Յովնաթանեանի գործերուն։

Պ. Չօպանեան ամփոփ ուսումնասիրութեամբ մը մեզի կը ծանօթացնէ երկու հայ արուեստագէտները, իրենց կենսագրական գիծերուն եւ իրենց գործին քննադատական արժէքին տեսակէտով, ու Պ. Չօպանեան միշտ իր գիտուն révélateur-ի պատուական դերին մէջն է։

Իրմէն կը տեղեկանանք թէ՝ Աշուղը ծնած է 1661ին, Սիսականի Շօռօթ բանաստեղծական գիւղաքաղաքին մէջ, գեղեցիկ աւան մը՝ շրջապատուած վտակներու, անտառներու, ձորերու եւ բնական բիւր գեղեցկութիւններու վայրանկարներով։ Իր կենսագրական գիծերը ցանցառ են։ Իր որդւոյն, Յակոբի՝ իրեն ձօնած մէկ տաղէն միայն կը տեղեկանանք թէ՝ Աշուղ Յովնաթան իր ժամանակին «ուսումնական» մըն է եղած, իմաստուն եւ ընդհանուր յարգանքի արժանացած անձ մը, ոչ թէ հասարակ ժողովրդային աշուղ մը։

Իսկ նկարիչ Յովնաթան՝ թոռն իսկ է Աշուղ Յովնաթանին, եւ իր կարգին եղած է խիստ յարգուած ու դիրքի տէր անձնաւորութիւն մը։

Պ. Արշակ Չօպանեան, Նարեկացիէն, չվարանի՛նք ըսելու, այո՛, Նարեկացիէն ու Քուչակէն յետոյ, գիւտը կ՚ընէ այս երկու թանկագին Հայերուն, որոնց գործը սահմանուած է նպաստի բաժին մը բերելու հայ գեղարուեստական Մուսէոնին։

Հատորը կը պարունակէ քառասունեւվեց տաղեր, Աշուղ Յովնաթանէն, եւ լուսանկար վերարտադրութիւնը քսանեւվեց կտաւներու, զարդանկարներու, որմանկարներու՝ «պատկերհան» Յովնաթանէն։

Նաղաշ Յովնաթան՝ կեանքի բանաստեղծ մըն է, թեթեւ, անհոգ, զուարթ հոգի մը, որ կեանքի երեւոյթին վրայէն կը թռչի կ՚անցնի՝ ծիծառի մը նման ուրախ, եւ ապրելով վայրկեանին երջանկութեան մէջ։ Կը սիրէ կեանքը, կը սիրէ կինը, կը սիրէ գինին, կը սիրէ միսը։ Զգայապաշտ բանաստեղծ մըն է, ոգեկան ու միստիք դաստիարակութեան մը վրայ ճառագայթող հոգի մը, սիրաւէտ, արբշիռ, տարուած, որ ժամանակ ու պէտք չունի կանգ առնելու՝ մտածման խոժոռութիւններուն առջեւ։ Իր սէրը, հակառակ տեսակ մը խպնոտութեան, որ հայ սիրային բանաստեղծութեան ընդհանուր նկարագիրը կը շինէ, ընդունակ է համարձակութիւններու եւ յանդգնութիւններու, որոնք վայելքի զօրեղ ախորժակներով բաբախուն իրապաշտ խառնուածք մը կը մատնեն։ Իր սիրականին կլոր եւ համեղ շամամներուն յաճախանքէն հալածական, աշխարհի մէջ անոր չքնաղ պատկերը միայն կը տեսնէ, եւ անով միայն կը հաւատայ մխիթարել աշխարհի ունայնութիւնը։ Վասն զի ինք՝ կեանքի իմաստին բացարձակ տգէտ մը չէ, ոչնչութեան ստուգութիւնը հոգիին մէջ սողոսկած է. բայց սա՛ է որ՝ ինք կանգ չառներ անոր առջեւ, կ՚ուզէ ապրիլ, ու կ՚ապրի, սիրելով, խմելով ու ճաշակելով։

Նաղաշ Յովնաթան մեծ բանաստեղծ մը չէ անշուշտ։ Քուչակ մը չէ ինք ապահովաբար։ Բայց իր բանաստեղծութեան մէջ յատկութիւնները կան զգայուն սրտի մը, գիտուն մտքի մը եւ թրթռուն հոգիի մը։ Իր բանաստեղծական գործը խիստ անհաւասար է գրական արժէքի տեսակէտով։ Մեծ մասամբ անիկա շինուած է հասարակ տեղիքներով, տափակ է եւ անթռիչ՝ ներշնչումով, եւ զուրկ՝ ինքնատպութենէ։ Բայց զայն պէտք է նկատել իր լաւագոյն կողմերէն, եթէ ունի անոնցմէ։ Բանաստեղծի մը սիրտը ակունք մըն է։ Եւ անիկա միշտ միօրինակ մաքրութեամբ ջուր մը չի տար։ Անձրեւները, մթնոլորտային եւ երկրաբանական յուզումները՝ կ՚ազդեն ջուրին յատկութիւններուն վրայ։ Բաւական է որ ակունքը մաքուր ըլլայ ըստ ինքեան։ Նաղաշ Յովնաթան՝ բաւական մաքուր ակունքի մը յատկութիւններէն զուրկ չէ։ Կարելի է ախորժակով ու համակրութեամբ կարդալ զինքը, եւ ասիկա անպէտ արժանիք մը չէ։

Պէտք է նոյն իսկ ընդունիլ թէ, Նաղաշ Յովնաթան մէկն է այն մոռցուած բանաստեղծներէն՝ որ հետզհետէ կը յայտնուին, հերքելու համար սա ընդհանուր կարծիքը թէ՝ հին հայ բանաստեղծութիւնը կրօնաբարոյական միօրինակ մօթիֆ մը միայն գիտցած է շահագործել։ Ունեցած ենք ժողովրդային հարուստ բանաստեղծութիւն մը։ Մեր ցեղին հոգին ինքզինքը կ՚արտայայտէ հոն իր նկարագիրը շինող տարրերուն ճոխ այլազանութեան մէջ։ Ասիկա բաւական էր վերեւի սխալ կարծիքը ջրելու։ Մեր անգիր բանաստեղծութիւնը անգին գոհարներու շարան մըն է։ Հոն կը շողան բազմերանգ ճառագայթներ զգացումներու եւ գաղափարներու աշխարհէն, որ մեր ցեղը ոգեւորած են դարերու ընթացքին։ Հայ հանճարը՝ միակ աղքատիկ լար մը չէ՛ հնչեցուցած։ Անիկա լսելի ըրած է բազմաղի քնարի մը ամենէն քաղցր ու սրտագին թրթռումները։ Ձեռագիրներու մէջ մոռցուած հայ թրուպատուրներու յայտնութիւնը՝ պիտի գայ բերել թանկագին նպաստ մը այս ճշմարտութիւններն իսկ զօրացնելու մտքով։ Մնաց որ, մի՛միակ Նահապետ Քուչակի մը գոյութիւնը բաւական պիտի ըլլար լրացնելու բոլոր պարապները։ Նահապետ Քուչա՜կ, զմայլելի ու սիրելի այն քաղցր բանաստեղծը, այն համադրական Հայու հոգին՝ որուն խնկաբոյր ջերմութիւնը իմ հոգիս կը գինովցնէ սիրով ու հեշտութեամբ, որուն հետ կ՚զգամ թէ կ՚եղբայրանան իմ բոլոր զգացումներս, ամէն անգամ որ իրեն կը մօտենամ, իր անուշ, իր փափուկ ու թարմութեամբ սարսռուն երգերուն մէջ փնտռելու համար՝ մխիթարութեան վճիտ աղբիւր մը։ Ասիկա անոր համար է՝ որովհետեւ կը զգամ թէ ան՝ որ այդ սիրոյ եւ արցունքի երգերը երգեց, հոգի մըն էր իմ հոգիէս, սիրտ մըն էր իմ սիրտէս, եւ տակաւին բան մը կայ մէջս՝ որ իրմէ կը խօսի, պիտի համարձակէի ըսել։

Բանաստեղծները, մանաւանդ ժողովրդային բանաստեղծները, եւ անոնք՝ որ շատ մասնաւորուած զարտուղի զգայնութեան մը անօրինակ թրթռումները լսելի չեն ըներ, ամէն անգամ կը խօսին մեզի ցեղի մը սրտին ամէնէն ինքնաբուխ ու ամէնէն ջերմ զգացումներուն խորէն։ Ժողովուրդ մը ամբողջ՝ անոնց մէջ պիտի ճանչնայ ինքզինք, իր ցաւերով։ Ու բոլոր տեսիլներն ու պատկերները՝ իր երեւակայութեան աշխարհը ծաղկաւէտող, ու բոլոր կիրքերը՝ իր հոգին ապրեցնող, ու բոլոր լարերը՝ զինքը հինաւուրց նուիրական կոճղին կապող, այդ բոլորը պիտի տեսնէ ու ներզգայ անոնց հետ։

Նաղաշ Յովնաթանի տաղերուն ընթերցումը՝ ընդունակ է այսպիսի խորհրդածութիւններ թելադրելու։

Իսկ Յովնաթան Յովնաթանեան նկարիչը՝ հասարակ արուեստագէտ մը չէ։ Պ. Չօպանեան անոր մասին կը վկայէ ուշագրաւ տաղանդ մը, որ պատիւ կը բերէ հայ հանճարին։ Դժբախտաբար, իր գործերուն կարեւոր մէկ մասը՝ Էջմիածնի միաբանութեան տգիտութեան եւ Խրիմեան կաթողիկոսի վանտալական հակումներուն հետեւանքով, փճացած է։

Սպասելի է որ Յովնաթան Յովնաթանեանի թողած գործը ուսումնասիրուի մասնագիտական հասկացողութեամբ։

Պ. Չօպանեան՝ մատնանշում մը ըրած է, եւ իր դերը, վերստին, ազնիւ ու գեղեցիկ դեր մըն է միանգամայն։

***

Ինչպէս կը տեսնուի, խիստ մեծ նշանակութիւն ունի անցեալը պրպտել, եւ Քուչակներ կամ Յովնաթաններ հանել դարերու փլատակներուն տակէն։ Հնախոյզի նուիրական ու յարգելի աշխատութիւն մըն է այդ։ Այդ գիւտերը աւերակներու մէջ գտնուած թանկագին դրամներ, արուեստի մեծարժէք առարկաներ են։ Կը նայինք անոնց վրայ, հիացումով, երկիւղած գուրգուրանքով ու անոնց մէջէն կը կարդանք անցեալը։

Մեր անցեալի մոռցուած տաղանդները վեր հանելու տեսակէտով, ահա՛ այս կարգի սուրբ աշխատութիւն մըն է, որուն ինքզինքը նուիրած է Պ. Չօպանեան, տարիներէ ի վեր։ Իրմէ աւելի ընդունակ ոչ ոք կար այդ նուիրական պաշտօնին համար։ Ոչ ոք իրեն չափ զգայուն միտք մը ունի, հասկնալու համար բոլոր կարելի գեղեցկութիւնները. ո՛չ ոք իրեն չափ լայն եւ հիւրընկալ սիրտ մը ունի, յօժարելու եւ հանդուրժելու համար անոնց գոյութիւնը։ Ես չեմ ճանչնար մէկը որ իրեն կարենար հաւասարիլ՝ գեղեցկութեան պանծացումին աննախապաշար ու աննախանձ խանդավառութեան մէջ։ Ինք չէ կրցած հանդուրժել որ հայ միտքը անտարբեր մնացած ըլլար նոյնիսկ սկզբնական ակունքէն ճառագայթող այն լոյսերուն համար՝ որոնք իր փառապսակին լաւագոյն զարդերը պիտի կազմէին։ Իր գրական-գեղարուեստական համակրութիւնները կը սաւառնին մաքուր բարձրութեան մը վրայ, ուր անզօր են պզտիկ նկատողութիւնները՝ պզտիկ շահերուն ու պզտիկ կիրքերուն։

Կարելի չէ անտարբեր աչքով նկատել գործունէութիւնը թանկագին գրագէտի մը, որուն կեանքին կարեւոր մէկ մասը նուիրում մը եղած է Հայ Հանճարին պանծացման։ Ժամանակը եկած է որ կարենանք անմիջապէս գիտակցիլ մեր սեփական փառքը շինող հարստութիւններուն։

Պ. Չօպանեան մէկն է անոնցմէ։ Իր գրական գործունէութիւնը, իր ընդարձակութեամբ ու որակով, ինքզինքը կը հարկադրէ մեր սքանչացման ու յարգանքին։ Մենք պէտք չունինք սպասելու որ մեր փառքերը մեռնին եւ սուգի անօգուտ պսակներ ղրկենք անոնց հողակոյտերուն։ Եռանդով կը ձայնակցիմ Ոստանի մէկ խմբագրին, որ, Պ. Չօպանեանի ներկայ գործին վրայ գրած իր մէկ գրախօսականին իբր վերջաբան, կ՚առաջարկէ տօնել բազմաշխատ գրագէտին քսանեւհինգամեայ գրական գործունէութեան յոբելեանը։ Այսպիսի ցոյց մը բան մը չպիտի աւելցնէր անշուշտ Պ. Չօպանեանի արժանիքներուն վրայ. բայց այսպիսի ցոյց մը մէկ կողմէն պիտի ապացուցանէր թէ անիկա սրտի պահանջ մըն է նոյն իսկ անոնց համար՝ որ պիտի գիտցած ըլլային դրապէս գնահատել յոգնաջան աշխատաւորին գործը, եւ միւս կողմէն եղած պիտի ըլլար բարոյական եւ նիւթական գոհացումի պատրուակ մը՝ արժանաւոր յոբելեարին համար։

Սպասելի է որ, պոլսահայ մտաւորականութիւնը յօժարութեամբ նախաձեռնարկ ըլլայ ի գլուխ հանելու Պ. Չօպանեանի յոբելեանին գաղափարը։ Չեմ կարծեր որ անարձագանգ մնայ միտք մը՝ որ արժանի է անխտրական համակրութեան։ Պ. Չօպանեան ունի անկախ հայ գրագէտի այն պայծառ հանգամանքը, որով ինքզինքը կարող է հակադիր ընելու մեր ամենուս յարգանքին ու սիրոյն։

«Ազատամարտ» շաբաթաթերթ,  1 Մայիս 1911, թիւ 42