Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊՈՒԷՏԸ

Ընթերցում մը Մրմըրեանէն՝ նորութիւն մըն է։ Մրմըրեան կը պատկանի գրողներու այն կարգին՝ որ դասական ճաշակի ոսկեձոյլ խողովակէն անցնելով եկած թափած են արդիական ասպարէզին վրայ։ Դասական մշակումը՝ խստաճաշակ, բծախնդիր մաքրասիրութեամբ հարուստ կահաւորման մը նշանակն է։ Անիկա խիստ լաւ է, երբ միանգամայն հմտական է եւ գրական։ Եւ եթէ, վարժապետական կամ պատուելիական մտքերու մէջ այնքա՛ն քիչ գրական է ընդհանրապէս որքան միմիայն անհանդուրժելիօրէն հմտական, բայց, դասական մշակումը, օժտեալ խառնուածքի մը մէջ, որպէս են՝ Մրմըրեան մը, Ելքէնճեան մը, ջոջ եւ հատընտիր ճաշակի մը լրումն է։ Դասական ճաշակը՝ իսպաս արդիական ոգիի մը, ընդունակ է յոյժ գեղեցիկ արդիւնքներ տալու։ Դասականութիւնը, աւանդասիրութիւնը կամ մաքրասիրութիւնը, լեզուի մէջ մանաւանդ, երբէք չեն մերժեր զարտուղի առանձնախառնութեան մը կարելիութիւնը. ոճի ու մտքի իսկատպութիւն մը։ Այլապէս, օրինակի համար արդի ֆռանսական գրականութիւնը չպիտի կարենար ունենալ Ժան Մոռէաս մը, տը Ռէնեիէ մը, եւն։

Դասական մշակումը մեր մէջէն բոլորովին անհետանալու վրայ է։ Արդի գրականութիւնը, ինչպէս յաճախ կրկնուած է, հետզհետէ կը դառնայ բոլորովին լրագրական, հապճեպ ու աղկաղկ։ Այս նկարագիրը կ՚անդրադառնայ նոյն իսկ գրքին մէջ։ Գիրքն ալ այսօր լրագրական է աւելի կամ նուազ։ Բայց ի՞նչ է լրագրականութեան նկարագիրը։ Տգիտութիւնն է ան կամ թերատ ու ծանծաղ ամենագիտութիւն մը, աւելի կամ նուազ սահուն ու աճապարոտ ձեւի մը ներքեւ՝ մուրացածոյ եւ ծաղկաքաղ գաղափարներ կարկտելու ճարտարութեամբ։ Անտարակոյս, անտանելի կը գտնենք գրող մը որ կը ջանայ մեզի իր տաղտկալի հմտութիւնը հարկադիր ընել, նենգաժէտօրէն՝ մեր բան մը չգիտնալը մեր երեսին տալու ապաշնորհ եղանակով մը։ Բայց կը սիրե՛նք հմուտ մտքի մը հետ մտերմանալ, երբ հմտութիւնը՝ կանխամտածութեան մը արդիւնքը չէ, այլ ինքնին կուգայ, բնական բերումով ու կը զայրանանք այն գրողներուն դէմ՝ որք ոչինչով կը սոնքան, ա՜յնքան աղքատ են՝ ու մեծահարուստ կը ձեւանան, կամ նոյն իսկ կը լրբանան՝ իրենց տգիտութիւններուն անուամբ։ Միսաքեան, որ անողոք հմտական մըն էր, կ՚ըսէր այդպիսիներուն համար, կատաղի արհամարհանքով մը. «Չեն կարդար, կը գրեն. չգիտեն, դաս կուտան»։

Արդ, Մրմըրեան՝ հմտական ու մատենագրական միտք մըն է, բայց երբէք սնամիտ վաճառորդ մը։ Ինչ որ իրմէն կուգայ, հակառակ մագաղաթեայ նկարագրի մը, հաճելի է ու շահեկան։ Հին մատենադարանի, բորբոս, փոշոտ ձեռագիրներու հոտ մը կայ իր նկարէն արձակին մէջ, այլապէս ախորժելի։ Մուկեր պատած են մագաղաթին շուրջը, բայց հակառակ ամէն բանի, մագաղաթը թանկագին է, իրազեկ, բանակրկիտ, հնասէր գրամոլին համար։

Մրմըրեան իր նոր հատորիկով [1] կը ջանայ վերակազմել յիշատակը Միսաքեան Պուէտին։ Գրքոյկը, հակառակ իր փոքր ծաւալին, յայտնապէս երկարամենի ջանքերու արդիւնք մըն է. աշխատասիրութիւն մը, բառին ստուգաբանական իմաստով։ Անիկա՝ աւելի կամ նուազ խնամքով կարգադրուած ծանօթագրութիւններու տողանցում մըն է մանաւանդ քան վերակազմութիւն մը եւ տեսլական ոգեկոչում մը հին օրերուն ու հին դէմքերուն։ Միսաքեանի տարտամ ուրուականն է որ կ՚անցնի մանաւանդ մեր աչքին առջեւէն։ Ի՞նչպէս եղած է որ չէ ապրած այդ մարդը Մրմըրեանի գրչին տակ։ Ինչո՞ւ համար այնքան տարտամօրէն ոգեհարցական ըլլար այդ տարօրինակ մարդուն վերերեւումը, այսինքն՝ հազի՛ւ թէ արժանահաւատ։ Բայց հարկ չէ մեղադրել ասոր համար խղճամիտ ու ազնիւ կենսագիրը։ Պատճառն այն է որ, Միսաքեան երբէք ճշմարտապէս ընկերական կենցաղ մը չկրցաւ կամ չուզեց ապրիլ իր ժամանակին մէջ։ Խեռ, զարհուրելիօրէն եսամոլ, չար, կցիր, մարդատեաց ոգին էր ան, նենգաժէտ առանձնութիւններուն արհամարհոտ սիրահարը։ Ուրուականի մը պէս անցաւ, եւ ուրուականի մը ակօսը կը թողու։ Բայց բոլոր ուրուականներուն նման, իր մօտ բան մը կայ, խորհրդաւոր ու յայտնութենական, առասպելական ու երկիւղալի։

Միսաքեան, անձուկ ու գձուձ հոգի մը թէեւ, բայց մատենագրական լայնածաւալ իմացականութիւն մըն էր։ Իր մէջ՝ մտաւորական մը կար, անսիրտ, այպանալից ու թունաւոր։ Բայց իբր գրող Միսաքեան՝ միմիայն գրահմուտ մը չէր։ Փայլուն ու տոկուն յատկութիւններ ունէր, ինչպէս են՝ մտքի մեծ պայծառութիւն ու բարեկարգութիւն մը, սքանչելի ճշդատեսութիւն մը. բոլորը իսպաս օժտուած խմորի մը, իսկատիպ զգացողութեան մը։ Իր արձակը խիստ ջղուտ է, կորովի ու սեղմ։ Ահա՛ մէկը որ շատ գիտէ եւ շատախօս չէ։ Միսաքեան տեսողական մը, visuel մըն է. պատկերներն ու փոխաբերութիւնները կը վխտան իր գրութիւններուն մէջ։ Իր ճշդադիտութեան, իր անվիճելի ճաշակին ապացոյցն է այն վճիտ, մաքուր եւ գեղեցիկ աշխարհաբարը, զոր կրցաւ գրել կէս դար առաջ, եւ որ ամենադոյզն յղկումի մըն ալ պէտք չունի, օրուան լաւագոյն աշխարհաբարին հետ մրցելու համար։

Իր երկասիրութիւններուն վրայ քիչ ծանօթութիւն կուտայ Մրմըրեան։ Բայց Միսաքեանի հեղինակութիւնը, իր ժամանակին վրայ, անվիճելի է։ Բացի այն թէ, իր մատենագրական ու բանասիրական խորին հմտութեամբ, իր գրաբարագէտի անվիճելի կարողութեամբ, Վենետիկի նկատողութեան ու ակնածանքին արժանացած էր, Միսաքեան մեր մէջ եղաւ արեւմտեան մտքի իրական ռահվիրաներէն մին։

Ամիրայական ու աստուածաբանական հարսնեակի հինաւուրց պատեանը առաջին անգամ խորտակողներէն է ինք։ Եւ այս դէպքը, 19րդ դարու հայ մտքի պատմութեան մէջ, կարեւոր թուական մըն է։ Իր ազդեցութենէն չկրցան խուսափիլ նոյն իսկ անոնք՝ որ զինքն ատեցին կամ հակառակեցան իրեն։

Բայց Միսաքեան ձախողանք մը մնաց մինչեւ վերջը։ Յաջողութիւնը, վերելակումը՝ հարկ եղած պայմանները չգտան իր չափազանց անկախ, այլամերժ ու խստաբարոյ նկարագրին մէջ։ Երբէք չէր ճկուն, սարսափելի կերպով յամառ էր. ցնորամիտ մը եւ երազող մըն էր։ Մինչեւ վերջը այնպէս մնաց։ Յետոյ նաեւ, ամէն պարագայի մէջ, իր մօտ դեռ բան մը մնացած էր պատուելիական ու տղայական։ Օրինակի համար, ոչինչ կրցած էր ողոքել իր յամառ լռութիւնը, Բարիզէ վերադարձին՝ ուր քառորդ դար մը ապրեր էր։ Փունջ ի ու Մասիս ի մէջ ծագած գորտամկնամարտ մը, վա՛տ, կենդանի բառերուն վրայ, «պարպեց Միսաքեան իր լռութենէն ու գեղեցիկ պատրանքէն»։

Բոլոր ասոնցմէ դուրս, թերեւս մանաւանդ բոլոր այս բաներով, Միսաքեան «մին էր մեր երեք չորս ակադեմական»ներէն, եւ իր անունը ժամանակակից գրական պատմութեան մէջ այլ եւս անկորուստ պիտի մնայ։

Մրմըրեան, տաղանդաւոր բանաստեղծն ու խղճամիտ հնասէրը, արժանի է մեր երախտագիտութեան։ Բարեմաղթելի է որ, իր գրական պատմութեան պատկանող անտիպ նօթերը պարբերաբար հրատարակէ, հոգ ունենալով որ զերծ մնան անոնք մոռացումներու եւ վրիպալից զանցառութիւններու տխուր ստգտանքէն, ու կրնայ վստահ ըլլալ թէ, գրականութեամբ անկեղծօրէն շահագրգռուող մտքեր, մեծ յարգանք ու համակրութիւն պիտի ունենան դէպի իր ազնուական ու դիւրազգած տաղանդը։ Ուրեմն ո՜րքան անհամբերութեամբ կը սպասենք իր «ընդ մամլով» հատորին, որ մեզի պիտի պատկերացնէ ուրիշ հին դէմք մը, Տէրոյենց պատուելին, ոչ նուազ իսկատիպ քան Միսաքեան Պուէտը։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1907, 11 Ապրիլ, թիւ 15, էջ 361-364


[1]            Հին Օրեր. Պուէտ Խաչատուր Միսաքեան. 1 հատոր, 133 էջ, Կ. Պոլիս, Տպ. Սագաեան, 1907։