Գրականութեան
հասկցողութիւնը
մեր
հասարակութեան
մէջ
բաղձացուած
նկարագիրն
ունի՞
արդեօք։
Գիրը,
զոր
տեսաւ
Սուրբն
Մեսրոպ՝
հոգեկան
եւ
իմացական
յափշտակութեան
աստուածային
տեսակէտի
մը
ազնիւ
խռովքին
մէջ,
եւ
որուն
միայն
այդ
բարձրագոյն
պայմանին
ներքեւ
հնարաւոր
էր
յայտնատէս
ըլլալ
որեւէ
մահկանացու
աչքերու,
իր
այսօրուան
խոհանոցային
ճենճոտ
եւ
ստրուկ
պաշտօնէն,
այսինքն
հաց
ու
դրամ
շահելու
պաշտօնէն
դուրս,
կ՚ուզէի՜
գիտնալ,
մեզի,
հայերուս
համար,
տակաւին
տղայական
զբօսանքի
փուճ
պատրուակ
մը
չէ՞
արդեօք,
որուն
ախորժակը
կը
մշակեն՝
անգործնական,
երազասէր,
ցնորապաշտ
հոգիները
միայն։
Բայց
կատակերգական
մարդկութեան
մը
զանցառելի
քանակութիւնները
անկարող
են
գիտնալու
թէ,
գիրին
աննիւթական
վերացական
փառքը
շատ
աւելի
ազնիւ
է՝
քան
ոսկեղէն
հորթերու
շօշափելի՝
այլ
գռեհիկ
ու
սողոսկուն
պարծանքը։
*
*
*
Ահաւասիկ,
տեսակ
մը
կամաւոր
պատրանքով,
որուն
պէտք
ունի
հոգիս,
ես
կը
կարծեմ
թէ,
ճշմարիտ
արուեստագէտ
գրագէտը
շատ
ընդունակ
չէ
այն
սնոտի
կատաղութիւններուն
եւ
ունայնամիտ
կիրքերուն՝
որոնք
հասարակ
իմաստով
կը
խմորեն
ընկերութիւններու
առօրեայ
կենցաղը։
Իր
պաշտօնն
է՝
համագրաւ
հետաքրքրութեան
մը
հիւրընկալ
սահմաններուն
մէջ
ձգտիլ
պարունակելու
կեանքի
տեսիլքը,
եւ
իրեն
համար
թերեւս
չկայ
բան
մը
աւելի
լուրջ
ու
խանդավառող՝
քան
տեսարանին
բովանդակութիւնն
ընդգրկել,
զգալով
զայն,
որքան
հնար
է,
աւելի՜
խորին,
աւելի՜
ճոխ,
ու
ամենաթափանց
զգայնութեամբ
մը։
*
*
*
Հոգեկան
այս
վիճակէն՝
փիլիսոփայութիւն
մը
կը
բղխի
ինքնին։
Կարելի՞
է
ըսել
թէ
փիլիսոփայութիւնները
բանի
մը
կը
ծառայեն
օգտակարապէս
։
Թերեւս
ուրիշ
բան
չեն
անոնք
բայց
եթէ՝
զգայնութեանց
խորքին
վրայ
բանուած՝
միտքի
ասեղնագործութիւններ։
Ի՜նչ
սիրուն
աշխատանք։
Բայց
նաեւ՝
որքա՜ն
անօգուտ
։
Իսկ
եթէ,
բոլորովին
տարբեր
տեսակէտով
մը,
փիլիսոփայութիւնները
պէտք
էր
որ
գնահատուէին
այն
չափով
որ
կը
ծառայեն
հոգիներու
ազնուացման
ու
վերացման
գործին,
ինծի
կը
թուի
թէ
չկայ
աւելի
մաքուր
աշխարհահայեացք
քան
փիլիսոփայութիւնը
արուեստագէտին՝
որ
տիեզերական
միութեան
խորքին
վրայ
վայրկեանին
մը
համար
մասնաւորուած
ու
անհատաւորուած
կորստական
բջիջ,
կը
միտի
իր
եսին
հրաշագործ
հատուածակողմին
մէջէն
ցոլացնել
զգալի
իրականութիւնը,
այս
սահմաններուն
մէջ
քիչ
մը
նուազ
հասարակօրէն
մարդկային,
եւ
որոշ
չափով
մը
գերմարդկային,
անհունօրէն
ներողամիտ,
վասնզի
գիտակցօրէն
վեհանձն,
դէպի
բոլոր
ոչնչանալու
ճակատագրուած
դիւրաբեկ
երեւոյթներուն
անդարմանելի
թշուառութիւնը։
*
*
*
Եւ
այսպէս,
տակաւին
ապրելու
համար
պատրանքներու
մխիթարութեան
ուժով,
ինծի
կը
թուի
թէ,
այն
օրը,
ուր
կարելի
ըլլայ
հասարակաց
ըմբռնումներուն
մէջ
յեղաշրջութիւն
առաջ
բերել
եւ
արժէքներու
ընթացիկ
նուիրապետութեան
հինցած
կարգերը
շրջել,
այն
օրը
մարդիկ
քիչ
մը
պիտի
սկսին
հասկնալ
թէ,
այս
անցաւոր
իրերու
կարգին
մէջ,
մարդ
ոչնչութեան
համար
թերեւս
չկայ
աւելի
մաքուր
ու
նուրբ
յուզումի
պատրուակ՝
քան
ինչ
որ
իրեն
պիտի
կարենար
թելադրել
աշխարհը
ըստ
գեղեցկութեան
զգալու,
ըստ
այնմ
անով
տոգորուելու,
գինովնալու,
եւ
զայն
անոր
համեմատ
արտայայտելու
մխիթարար
իրողութիւնը։
*
*
*
Մեր
չարչարուած
կեանքին
մէջ
որեւէ
հաստատուն
ու
բացարձակ
նպատակ
չերեւիր։
Մեր
բովանդակ
հոգեկան
աշխարհը,
մեր
բոլոր
եսը,
իր
բոլոր
այլանդակ
յաւակնութիւններով,
ճակատագրուած
չէ՞
յանգիլ
օր
մը
այլեւս
բացարձակօրէն
չըլլալու։
Որքա՜ն
տրտմութիւն
կայ
մեր
շուրջը։
Կամ
գէթ
որքա՜ն
հեգնութիւն։
Ինչո՞վ
ուրեմն
սփոփուիլ։
Վասնզի
պէտք
է
սփոփուիլ,
կարենալ
ապրելու
համար
տակաւին։
Ուրեմն
կ՚ուզեմ
տակաւին
կարծել
թէ,
եթէ
մարդուն
համար
գոյութիւն
չունենար
մտքի
ազնուականութեան
մը
բարձրաթռիչ
արտայայտութեան
կարելիութիւնը,
թերեւս
ըլլալը
շատ
մեծ
բան
մը
չպիտի
արժէր։
Բայց
հասարակօրէն
գռեհիկ,
ջլթիկ,
ողորմելի
կամ
տափակ
արժէքներ
կան,
որոնց
վայրագ
ու
կատաղի
ուժգնութեամբ
փարած
է
մարդկութիւնը։
Անոնք
են
որ
տարամերժօրէն
կը
սնուցանեն
իր
ապրելու
պէտքը։
Անոնցմով
ու
անոնց
համար
միայն
կարծես
թէ
գոյութիւն
ունի
ինքը։
Եւ
իբր
թէ
յաւիտենականութեան
համար
ճամբայ
ելած
ըլլար
իր
այդ
յոխորտ
կատաղութիւններուն
մէջ
—
այնքա՜ն
ախմար
լրջութիւն,
ու
թանձր
յամառութիւն
կայ
իր
այդ
սնոտի
կիրքերուն
խորը։
Ողորմելի՜,
ողորմելի՛
չէ՞ք
գտներ
այդ
մարդկութիւնը,
որուն
երեսին
Լէօբարտի՝
ազնուական
յոռետեսի
ցաւաբեկ
մեղադրանքներ
կը
նետէր,
մարդկութիւն
որ
տգէտ
ու
կոպիտ
հեգնութիւն
մը
կը
վերապահէ
զինքը
ստուգիւ
բարձրացնելու,
մեծցնելու
կոչուած
աստուածային
զբաղումներուն
համար։
Աւա՜ղ,
այս
մեղադրանքները
արդարացի
մնալու
սահմանուած
են,
որչափ
ատեն
որ
այդ
մարդկութիւնը
Երգէն
աւելի՝
Երբ
հաշիւին
կ՚ունկնդրէ։
*
*
*
Տակաւին
պիտի
շարունակեմ
խորհիլ
որ,
նոյն
այդ
մարդկութիւնը,
իր
առօրեայ
անթռիչ
կենցաղին
հարկադրած
դժնէ
պայքարներուն
մէջ,
պէտք
եղածէն
աւելի
տափակ,
պէտք
եղածէն
աւելի
գռեհիկ,
պէտք
եղածէն
աւելի
կոպիտ
է
մնացած։
Որքա՜ն
շնորհակալ
ըլլալու
է
անոնց՝
որոնք
իրենց
հանճարին
մոգութեամբը
պահ
պահ
կուգան
մեզի
բերել
երազին
չքնաղ
սփոփանքը,
ցնորքին
քաղցր
գինովութիւնը,
եւ
իտէալին
ազնուացուցիչ
ախորժը։
Վասնզի
ինչ
որ
դասականօրէն
կը
կարծուի
ըլլալ
իրականութիւն,
թերեւս
չէ
ուրիշ
բան
բայց
եթէ
տիեզերական
անվերածելի
լինելութեան
միատարր
խորքին
վրայ
երեւան
եկած
անցողական
տեսիլք
մը,
խաբուսիկ
իր
կարգին,
որուն
ստուգութեան
անստոյգ
վկան՝
ինքն
իսկ
է
մարդը։
Ըսէք
հիմա
թէ,
ի՞նչ
փիլիսոփայական
արժէքի
տարբերութիւն
կայ
իրականութեան
եւ
երազին
մէջ,
երբ
ամէն
իր,
ամէն
երեւոյթ,
անդադար
կ՚երթայ
ընկլուզիլ
ոչնչութեան
խորը,
ուրկէ
ծնած
էր,
եսաթափ
ըլլալու
համար
անոր
գիրկը,
լուծուելու
համար
անոր
մէջ,
նոյնանալու
համար
անոր
հետ։
*
*
*
Այս
հիման
վրայ,
ես
կը
կարծեմ
թէ,
գրականութիւնը,
բոլոր
ունայնութիւններու
կարգին,
մէկն
է
այն
քանի
մը
շատ
ցանցառ
ազնիւ
ու
վեհ
իրողութիւններէն,
որոնք
մարդուն
կորստական
գոյութեան
սողոսկուն
թշուառութիւնը
ընդմիջաբար
բարձրացնելու
եւ
սփոփելու
հանգամանքով
կը
թուին
երեւան
եկած
ըլլալ
երկրի
վրայ։
Բայց
չի
բաւեր
պարզօրէն
գիտցած
ըլլալ
թէ,
ասիկա
այսպէս
է։
Պէտք
է
ընդունակ
ըլլալ
իր
բոլոր
զգայնութեամբ
ու
բոլոր
հոգիով
զգալու
թէ
ասիկա
այսպէս
է,
որպէսզի
կարելի
դառնայ
գրականութիւնը
գրագէտի
անձին
հետ
բարձրացնել
իր
արժանի
պատուանդանին
բարձրութեան
վրայ։
Այո՛
վերջապէս,
գրականութիւնը,
իր
ազնուագոյն
տեսակին
մէջ,
անցաւոր
իրերու
եւ
փառքերու
կարգին,
մէկն
է
անոնց
ընտրելագոյններէն,
այն
քանի
մը
ձեւերուն
հետ,
այն
քանի
մը
մարդկային
ցանցառ
նշաններուն
հետ,
որոնք
իմացական
գործունէութեան
բարձրագոյն
արտայայտութիւններ
կը
բնորոշեն։
Արժէքներու
ըմբռնման
այս
եղանակին՝
գոյութեան
հնարաւորութիւն
առաջ
բերել
մեր
այլասերած
միջավայրին
մէջ,
պիտի
ըլլար
հայուն
համար
լաւագոյն
բարիքներէն
մին։
Եթէ
պիտի
ըսուի
թէ
գրականութիւնը
հաց
չի
տար,
չ՚ապրեցներ,
ու
կ՚առաջնորդէ
դէպի
կորուստ,
—
վասնզի
ասանկ
պատճառաբանողներ
կան,
եւ
ասոնք
անոնք
են
ընդհանրապէս,
որ
ոսկեղէն
թերափին
պաշտպանութեան
միայն
կը
վստահին
իրենց
տարտամ
գոյութիւնը
—
տարակուսելով
հանդերձ
այս
հաստատաբանութեան
ճշդութեան
վրայ,
իբր
թէ
ճշմարտազանց
(Paradoxal)
վստահութեամբ
պիտի
պատասխանէի
որ,
ըլլալուն
եւ
չըլլալուն
անտարբերութեան
հանդէպ,
թերեւս
լաւագոյն
ընտրութիւն
մըն
էր
դէպի
կորուստ
ընթանալ
ազնիւ
ճամբաներէ,
քան
սողոսկելով
հասնիլ
հասարակ
իմաստով
մը
նիւթապաշտ
ու
վերստին
այնքան
ողորմելիօրէն
կորստական՝
անհաստատ
յաղթանակներու։
Ապահով
ըլլանք
թէ,
բոլոր
անկայուն
նշաններուն
եւ
հետքերուն
մէջ,
զորս
մարդկութիւնն
իր
գոյութեան
ետեւ
թողած
պիտի
ըլլար,
գրականութեան
արձանագրած
նշանները
պիտի
ըլլան
անոնցմէ՝
որոնք
կոչուած
են
տիեզերքին
մէջ
անհետանալու՝
վերջին
օրուան
երկրաբընակ
մարդկութեան
հետ
միասին։
Անդարմանելի
յարաբերականութեանց
սահմաններու
մէջ,
իբրեւ
ամուր
սիւն
մը՝
որուն
պիտի
կրնայի
կրթնցնել
հոգիս,
տակաւին
իմ
հաստատուն
դաւանանքս
կը
մնայ
ասիկա,
եւ
գուցէ
միակ
հաւանական
յամառութիւնը,
որուն
պիտի
կրնայի
ընդունակ
ըլլալ
մինչեւ
վերջը։
«Հայ
Գրականութիւն»,
1/14
Նոյեմբեր
1911,
թիւ
3