Քըրըր
Պէլ՝
ՃԷՅՆ
ԷՅԸՐ.
թարգմ.
Օր.
Մարինոս
Հ.
Սթամպոլլուեան,
2
հատոր,
654
էջ,
8
ղշ.
։
Տպագր.
Մատթէոսեան,
Կ.
Պոլիս,
1908.
–
Երուանդ
Մեսեաեան՝
ՍԸՄՍԱՐԸ,
վէպ,
1
հատոր,
71
էջ,
1
ֆրանք,
Ներսէսեան
տպարան,
Բարիզ,
1908.
–
ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ.
ՃԷՅՆ
ԷՅԸՐ.
–
Յաճախ
խորհած
եմ
թէ
ի՞նչ
կրնայ
ըլլալ
կիներուն
գոյութեան
իրաւունքը՝
գրականութեան
մէջ։
Հանդուրժելի
չեմ
գտներ
այն
յուսահատեցուցիչ
գաղափարն
որ
կիներու
եւ
այրերու
գրականութեան
խտիրը՝
շրջազգեստի
եւ
տաբատի
արտաքին
խտիր
մը
միայն
ըլլայ։
Ի՜նչ
խեղճութիւն
է
ասիկա։
Օրինակի
համար,
կին
հրապարակագիր
մը
անհանդուրժելի
է
պարզապէս,
եթէ
չունի
կարդալու
ուրիշ
քարոզ,
բաց
ի
կիներու
իրաւունքներուն
յետսապահանջութեան
անհամ
շանքարոզէն։
Բայց
ես
ալ
կրնայի
ընել
այդ
բանը,
եւ
առանց
կնամեծարութեան։
Այդ
բանը
կրնար
ընել
ո՛
եւ
է
բաճկոն
կամ
տաբատ։
Ատոր
համար
անպատճառ
հարկ
չկար
շրջազգեստի
մը
խռովիչ
շրշիւնին։
Արդէն
առաջին
ֆէմինիսդներն
Ադամի
Եւայապաշտ
թոռներն
եղած
են։
Հաւասարապէս
ախորժով
չեմ
ճաշակեր
կին
մը
որ
իր
գլուխէն
միայն
կ՚խօսի։
Ի՞նչ
կ՚ելլէ
ատկէց։
Գլխէն
խոսող
կին
մը
զարհուրելի
ճիւաղ
մ՚է։
Անշուշտ
չեմ
ըսած
ըլլար
թէ
նեղացուցիչ
բան
է
տիկին
Քիւրիներ
ունենալը։
Ո՜հ,
կ՚յուսամ
թէ
այդ
տեսակ
անմտութիւն
մը
չէք
վերագրեր
ինծի։
Տիկին
Քիւրիներ,
տիկին
Քլէմանս
Ռուայէներ՝
եթէ
շատ
կան
անոնցմէ՝
արձանագրենք
անոնց
անունները։
Բայց
կնոջ
մը
եւ
այր
մարդու
մը
գրականութեան
խտիրը՝
շրջազգեստի
ու
տաբատի
խտիր
մը
միայն՝
ատիկա
հեշտորէն
հանդուրժելի
չէր։
Մենք,
այրերս,
արդէն
ա՛յնքան
ունինք
անոնցմէ,
այդ
հրապարակագիրներէն,
ֆէմինիսդներէն,
ճառախօսներէն
եւ
տարտամ
իմացականութիւններուն
անարժէք
արջառը
սնուցանող
բոլոր
գրչի
կամաւորներէն։
Մեր
գրականութեան
պէտք
եղածը
չէ
թէ
գրող
կիներ,
չէ
թէ
աւելի
կամ
նուազ
պատուելիական
մտքով
պատրաստուած
հատընտիրներու
ճարակ
մատակարարելու
կոչուած
նուագածուհիներ
կամ
գրագիտական
կեղծ
հաւկիթներ
ածող
տատրակներ
են,
այլ
ճշմարտապէս
գրագէտ
կիներ։
Մեր
գրականութեան
պէտք
եղածը
չէ
թէ
մեզի
պէս
մտածող
կիներ
են,
այլ
իբր
էգ
զգացող
կիներ։
Գրականութեան
մէջ
կիները
պարտ
էին
բերել
ճշտիւ
ինչ
որ
այրերն
անընդունակ
էին
արտադրելու,
կեանքի
եւ
աշխարհի
իրականութիւնը՝
կանացի
զգացողութեան
մը
ընդմէջէն
ցոլացած,
քաջասիրտ
եւ
անվերապահ
անկեղծութեամբ։
Ատիկա
միայն
շահեկան
էր,
եւ
ատոր
օրինակը
տուողներ
չեն
պակսիր
մեր
մէջ։
Այս
խորհրդածութիւնները
կ՚ծփան
մտքիս
մէջ,
երբ
կ՚առաջադրեմ
երկու
խօսք
ընել
Օր[իորդ]
Սթամպօլլուեան
թարգմանութեան
վրայ։
Անհրաժեշտ
չեմ
տեսներ
վերլուծելու
այդ
գեղեցիկ
վէպը,
զոր
պիտի
յանձնարարէի
կարդալ
մանաւանդ։
Ճէյն
Էյըր՝
սովորական
վէպ
մը
չէ,
վասն
զի
հեղինակը,
Չարլօթ
Պրօնթէ
(Քըրըր
Պէլ)
սովորական
կին
մը
չէ
եղած։
Նոյն
իսկ
չպիտի
ուզէի
ծանրանալ
մանրամասնօրէն
գրական
այն
հազուագիւտ
յատկութիւններուն
վրայ,
որ
այդ
գրքին
արժանիքները
կ՚շինեն։
Անշուշտ
շատ
ինքնուրոյն
ու
գեղեցիկ
տաղանդով
մը
գրուած
է
այս
վէպը,
կեանքին
իրականութիւնը՝
կենդանի
ջերմութեամբ
մը
պատկերացուած
է
հոն,
եւ
տիպարներուն
ուսումնասիրութիւնը
կատարուած
է
սուր
դիտողութեամբ
եւ
ձեռքի
անդրդուելի
ապահովութեամբ։
Չարլօթ
Պրօնթէ
կանացի
նրբին
թափանցողութեամբ
խորաքննած
է
իր
տիպարներուն
հոգին,
ամենքն
ալ
բացառիկ,
անսովոր
հոգիներ,
որոնց
իւրաքանչիւրը
կ՚ապրի
բաբախուն
կենդանութեամբ
մը։
Այս
գիրքը
դիւցազներգութիւն
մ՚է
բարոյական
ձգտումներու
ազնուութեան
եւ
հոգեկան
կորովի
ու
անձնուիրութեան,
եւ
տպաւորութիւնը,
որով
դուրս
կուգայ
մարդ
անոր
ընթերցումէն,
սփոփիչ,
մխիթարար
եւ
ազնուացուցիչ
է,
բարոյական
թշուառութեան
զմեզ
շրջապատող
առօրեայ
մթնոլորտին
մէջ։
Ապահովաբար,
կին
մը
միայն
պիտի
կարենար
պատկերացնել
եւ
այդ
իտէալիսդ
եւ
իրական
ձեւին
ներքեւ՝
Ճէյն
Էյըրի
հերոսական
պաշտելի
դիմագծութիւնը,
հազուագիւտ
այլ
սխրալիօրէն
իրական։
Ահա՛
ճշմարտապէս
կանացի
գրականութեան
նմոյշ
մը։
Եթէ
շատ
գրագիտուհիներ
չունէինք
արտադրելու
համար
այնպիսի
գործեր,
շատ
աւելի
ճիշտ
էր
սակայն
որ,
փոխանակ
կեղծ
ու
կեղծաւոր
գրականութեան
մը
կրկէսին
մէջ
կապոյտ
գուլպաներ
ցուցադրող
պչրուհիներու,
ունենայինք
գէթ
Օրիորդ
Ստամպօլլուեանի
նման
թարգմանիչներ։
Ճէյն
Էյըրի
թարգմանութիւնը
կատարուած
է
ամենամեծ
խնամքով։
Չպիտի
վարանիմ
ըսելու
թէ
անիկա
կատարուած
է
տեսակ
մը
տաղանդով,
իբր
հերքում
իտալական
բծախնդիր
առածին,
traduttore,
traditore։
Յետոյ,
հազուագիւտ
հայերէնագիտութիւն
մը,
արդէն
իսկ
ինքնավստահ
ու
գիտակից
ճաշակի
մաքրութիւն
մը,
որ
այս
թարգմանութիւնը
կ՚յատկանշեն,
այնպիսի
յատկութիւններ
են,
զորս
պիտի
բաղձայի
գտնել
շատ
մը
հին
ու
նոր
գրողներու
մոտ,
կին
թէ
այր։
Բայց
շատ
զարմանալի
չեմ
գտներ
որ
ասիկա
այսպէս
եղած
ըլլայ։
Օր[իորդ]
Սթամպօլլուեան
սանուհին
է
եղած
տաղանդաւոր
գրագիտուհիին,
Տիկին
Զապէլ
Ասատուրին,
եւ
նոր
բան
մը
ըսած
չպիտի
ըլլայի
աւելցնելով
թէ
Սիպիլ
արդի
աշխարհաբարին
լաւագոյն
եւ
ամենափայլուն
վարպետներէն
եւ
ազնիւ
գրականութեան
հազուագիւտ
ներկայացուցիչներէն
մէկն
է։
Շահեկանութենէ
զուրկ
չէ
թերեւս
աւելցնել
թէ
Օր[իորդ]
Սթամպօլլուեան
իր
թարգմանութիւնը
կ՚ձօնէ
իր
մեծանուն
ուսուցչուհիին,
«իբրեւ
նշան
անհուն
երախտագիտութեան
եւ
խորին
յարգանքի»։
Շատ
փափագելի
էր
որ
Ճէյն
Էյըրի
նման
գործեր
թարգմանուէին
ստէպ,
եւ
Օր[իորդ]
Սթամպօլլուեան,
որ
լաւագոյն
ճամբան
գտած
ըլլալ
կ՚թուի,
շարունակէր
իր
գործը,
միեւնոյն
ատեն
հետեւելի
օրինակ
հանդիսանալով
շատ
մը
նորեկ
օրիորդներու
կամ
հինաւուրց
տիկիններու,
որք
անպատճառ
բան
մ՚ընել
կ՚ուզեն
գրականութեան
համար,
եւ
շատ
մը
անհանդուրժելի
բաներ
կ՚ընեն
միեւնոյն
անունով։
ՍԸՄՍԱՐԸ.
–
Հայկական
մեթոտիկ
ու
կանոնաւոր
կոտորածներէն
ի
վեր,
անմեթոտ
ու
անկանոն
եղանակով
տեղի
ունեցող
գաղթային
հոսանք
մը՝
Հայութիւնը
պարբերաբար
վարեց
վռնտեց
հայրենի
ափունքներէն
դէպ
ի
արտասահման։
Մօտաւորապէս
հարիւր
հազարի
հայութիւն
մը
հեռացաւ
մայր
երկրէն,
կործանարար
մռայլ
ճակատագրէ
մը
հալածական,
երթալ
օտար
երկիրներու
ներքեւ
փնտռելու
համար
բան
մը՝
որուն
ի՛նչ
ըլլալն
որոշապէս
չէր
գիտեր,
այլ
զոր
կ՚յուսար
թէ
պիտի
գտնէր
անպատճառ։
Հայը
գաղթավարժ
ժողովուրդ
մը
ըլլալ
կ՚թուի,
պիտի
ըսուէր։
Ասիկա
նոր
բան
մը
չէր
իրեն
համար։
Այո՛,
բայց
երբ
գաղթել
կ՚ըսենք,
այս
քաղաքակրթական
երեւոյթը
հոս
այլեւս
պէտք
չէ
ըմբռնել
եւրոպական
մտքով։
Հայունը՝
դիպուածէ
մը
հալածավար
պանդխտութիւնն
էր,
արկածախնդիր
սգաւոր
պանդխտութիւնը,
որ
գաղթային
տնտեսական
կամ
քաղաքակրթական
շարժում
մ՚ըլլալէ
շատ
հեռու,
սկիզբէն
ի
վեր
սուրին
ու
կրակին,
խժդժութեան
ու
անպատուութեան
արիւնոտ
դաշնակցութենէն
հալածական,
փախուստ
մ՚էր,
վախկոտ,
յուսահատ
փախուստ
մը.
արիւնաթաթախ
ձեռքերով,
ոճիրով
ու
վայրագութեամբ
անօթի
եւ
անյագ
բարբարոսութեան
մը
երեսէն։
Ու
Հայը
ցրուեցաւ
աշխարհի
չորս
հովերուն,
Պուլկարիայէն
մինչեւ
Եգիպտոս,
Ֆրանսայէն,
Զուիցերիայէն՝
մինչեւ
Ամերիկա,
մինչեւ
Հապէշիստան,
ու
այսպէսով
երեւան
եկաւ
հայկական
արտասահմանեան
ցրուուն
կեանք
մը,
զոր
հատուածական
կեդրոններու
վերածեց
մասնաւորապէս
արտասահմանի
հայ
յեղափոխական
գործունէութիւնը։
Այս
կեանքը,
եղերական
ու
եղեռնական
դրուագներով
ճոխ,
մեզի՝
թրքահայերուս
համար
կը
մնար
բոլորովին
անծանօթ,
շնորհիւ
մեր
հին-բարի
անհանճար
ու
աններող
գրաքննութեան,
ու
կ՚մնայ
դեռ
անծանօթ,
—
այնքա՜ն
քիչ
հեռու
ենք
դեռ
հին
օրուան
սեւ
սահմաններէն։
Բայց
ի՜նչ
արիւնալի
հետաքրքրութիւններ,
ի՜նչ
եղերերգութիւններ,
ի՜նչ
մռայլ
տռամներ
կ՚նշմարենք
արդէն
այդ
կեանքին
մէջ։
Անշուշտ
ժամանակն
ամէն
բան
պիտի
պարզէ,
եւ
մենք՝
որ
առաւելապէս
պէտք
ունինք
լուսաւորուելու
ճշմարտութեան
մասին,
մեր
հմայավար
սպասումին
մէջ,
չենք
վախնար
նոյնիսկ
կարելի
հիասթափումներէն,
որոնց
հետզհետէ
կ՚սկսինք
վարժուիլ
արդէն։
Սըմսարը,
վէպ
մը
արտասահմանի
Հայ
կեանքէն,
տխուր
էջ
մ՚է,
մեզի
համար
անծանօթ։
Անիկա
ի
վեր
կ՚հանէ
պժգալի
դիմագծութիւնը
Հայ
միջնորդին,
որ
եւրոպական
եւ
ամերիկեան
նաւահանգիստներու
մէջ
հաստատուած,
պանդոկ
մը
կը
շահագործէ,
եւ
նորեկ
գաղթականին
դրամն
ու
մարդկային
արժանապատուութիւնը
բռնաբարելու,
գողնալու
տխրօրէն
անարգ
արհեստին
նուիրած
է
ինքզինքը։
Սըմսարը
սարսափելի
մարդ
մ՚է,
գող,
կաշառակեր,
կաշառատու,
բռնաբարող,
պղծող,
—
բարոյական
զգացումէ
բացարձակօրէն
զուրկ
արարած
մը,
որ
իր
հինաւուրց
խորամանկ
գայլի
արիւնոտ
էութիւնը
կ՚պտտցնէ՝
հայրենիքէն
վռնտուած
եւ
օտար
հողի
վրայ
անոք
անապաստան
խեղճ
պանդուխտ
Հայուն
շուրջը,
հազարաւոր
մեքենայութիւններով
պարպելով
անոր
վտիտ
քսակը,
գարշելի
ու
բռնաւոր
հնարքներով՝
ապօրինապէս
պտղաբերելով
անոր
կնոջ
դժբախտ
որովայնը,
եւ
հրէշային
անխղճութեամբ
տիղմին
մէջ
կոխկռտելով
անոր
հէգ
աղջկան
նարնջածաղիկը։
Սըմսարն
աներեւակայելի
տիպար
մ՚է։
Պ.
Մեսեաեան
կը
ներկայացնէ
զայն
մեզի,
եւ
ապահովաբար
անոր
իրականութիւնը
հերքելի
չէ։
Վէպին
դիպուածաշարը
պատմելու
հարկ
չկայ։
Հարկ
է
կարդալ։
Բայց
չեմ
կրնար
առանց
երկու
խօսք
ընելու
վերջացնել՝
այս
գրքին
գրական
նշանակութեան
վրայ։
Կարելի
չէ
երեւակայել
գիրք
մը՝
որ
Սըմսարին
յաւակնութիւններն
ունենայ
եւ
անոր
չափ
գէշ
գրուած
ըլլայ։
Բռնաճիգ
ու
չարչարալից
հետաքրքրութեամբ
մը
կարդացի
զայն,
եւ
գտայ
որ
Պ.
Մեսեաեան
ընկերային
հարցերով
անկեղծօրէն
հետաքրքրուող
մը,
Հայ
ժողովուրդին
մռայլ
ճակատագրովը
հոգահար
գրագէտ
մ՚է,
—
բայց
ամենագէշ
գրագէտ
մը։
Վախցած
է
որ
պարզ,
սովորական
եւ
բնական
եղանակով
մը
կ՚ըսէ
իր
ըսելիքները,
—
իրաւամբ
ինքնին
խիստ
պարզ
ու
բնական
բաներ,
եւ
դարձած
է
արուեստականութեամբ
ու
ցուցասիրութեամբ
անհանդուրժելի
խըյախութիւն
մը։
Բան
մը
պիտի
ըսէ,
ու
կը
տեսնես
որ
չուզեր
շիտկէ
շիտակ
ըսել,
հազիւ
կ՚ըսէ
ըսելիքը,
կամ
թէ
զայն
կ՚ըսէ
ոչ
թէ
անկեղծ
մարդու
մը
պէս
ուղղակի,
այլ
ցուցամոլի
մը
զաւեշտական
ծեքծեքումներովը,
պատէ
պատ
զարնուելով,
քիթը
բերանը
ծռմռկելով,
հազար
դիմածռումներ
ընելով։
Անտեղի,
անճիշդ,
շփոթ
ու
ծիծաղելի
փոխաբերութիւններով
(métaphore)
ունի,
որք
ինքնին
չեն
ներկայացած
իր
մտքին,
յայտնի
է
թէ
ցաւագին
փնտռտուքներ,
գիշերային
քրտնաթոր
տքնութիւններ
ի
գործ
դրած
է,
զանոնք
գտնելու
համար։
Եթէ
հարկ
ըլլար
օրինակներ
տալ,
ամբողջ
գիրքն
ընդօրինակելու
էր։
Յետոյ,
ի՞նչ
զարհուրելի
Հայերէն
է
իր
Հայերէնը։
Բայց
Հայերէ՞ն
է
ասիկա։
Թողունք
իր
տարրական
քերականութիւնը,
աւելի
կամ
նուազ
անխնամ,
—
իր
շարադասական
եղանակը,
իր
բացատրութեանց
եւ
յատկաբանութիւններուն
նկարագիրը՝
կ՚ձգտին
հեռանալու
Հայերէնի
շարադասական
եւ
գեղեցկագիտական
պահանջներէն
ու
պայմաններէն։
Այս
օտարամոլութիւնը
միեւնոյն
ատեն
տգէտ,
անճաշակ
ու
ապաշնորհ
կ՚գտնեմ։
Պ.
Մեսեաեան
կ՚թուի
կամաւ
ուրանալ
իր
Հայերէնը։
Ահա՛
սխալ
ճամբայ
մը,
որ
չեմ
գիտեր
թէ
ո՛ւր
կրնայ
տանիլ։
Պ.
Մեսեաեան
խիստ
անխոհեմ,
խիստ
տհաս
յեղափոխական
մ՚է,
իր
լեզուական
ու
գրագիտական
նորասիրութիւններուն
մէջ,
եթէ
իսկատպութենէ
զուրկ
այս
հնարքները
կարելի
ըլլար
ճշմարիտ
նորասիրութիւններ
անուանել։
Կան
պարագաներ,
ուր
աւանդութիւնները
պէտք
է
յարգուին,
եւ
լեզուի
մաքրութիւնն
ու
հարազատութիւնը,
ինչպէս
նաեւ
դասական
ճաշակին
հարկադրած
կարգ
մը
պայմաններն
այնպիսի
աւանդութիւններ
են,
որք
յաւիտեան
կ՚մնան
միշտ
նոյնը,
հակառակ
անոր
որ
աշխարհ
կ՚փոխուի,
լեզուները
կ՚բնաջնջուին,
եւ
գրական
ըմբռնումները
նոյնը
չեն
մնար
սկիզբէն
մինչեւ
վերջը։
Ահաւասիկ
գէշ
գրուած
գիրք
մը,
որ
անօգուտ
չէ
այն
խորհրդածութիւններուն
համար՝
զոր
կ՚թելադրէ
լաւ
ճաշակի
եւ
մաքուր
գրականութեան
հարցերու
համար
հետաքրքիր
ընթերցողին։
ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ.
—
Շիտանեան՝
ԿԱՐԻՊ
ԱՂԲԷՐ,
վէպ,
Հայ
իրական
կեանքէ,
Վառնա,
1908։
Բայց
ասիկա
վէպ
չէ,
այլ
առասպել,
այլ՝
մասալ։
Եղերական
դէպքերով
լեցուն
է
ան,
բայց
հակառակ
իրականութեան
մէջ
դէպքերուն
շղթայումը
դժուարացնող
կամ
կարելի
դարձնող
հազարումէկ
պարագաներու,
հոս
դէպքերը
կ՚գահավիժին,
իրարու
կ՚փակչին
անհաւատալի,
առասպելական
դիւրութեամբ
մը։
Երազի
մը
տպաւորութիւնը
կ՚թողու
այս
գիրքը,
հակառակ
բոլոր
կարելի
իրականութեան,
բնա՛ւ
իրականութիւն
չկայ
հոն։
Հեղինակն
իրականին
զգացումը
չունի,
ինչպէս
կ՚ըսեն։
Բայց
ամէն
բանէ
առաջ,
ինչ
որ
անհաւատալի
էր,
տակաւին
այսպիսի
հեղինակներու
եւ
այսպիսի
գրքերու
գոյութիւնն
էր
քսաներորդ
դարու
սեմին
վրայ։
«Բիւզանդիոն»,
1908,
Նոյեմբեր
29
—12
Դեկտեմբեր,
թիւ
3704