Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԻՐՈՅ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՄԸ

Միրզա Ռաշան Խայլ, Աֆղան նշանաւոր սիրերգու բանաստեղծը, կ՚ըսէ, «Սէրը՝ Ալլահի գեղեցկագոյն ճառագայթումն է երկրի վրայ»։ Եւ Սողոմոն, սիրոյ բանաստեղծութեան իշխանը, «Զի բուռն է իբրեւ զմահ՝ Սէր… ջուրք բազումք ոչ կարասցեն զսէր շիջուցանել, եւ գետք ոչ արգելցեն զնա…»։

Օրին մէկը Թուրքիա խելայեղ աղմուկով մը Սահմանադրութիւն կը հռչակէ. այսօրուան օրս հայ ժողովուրդը գաւառներուն մէջ իր անօթութիւնը կը պօռայ մեր երեսին, եւ թրքահայ հողին վրայ, անդին ասդին, տակաւին արեան լիճեր կը մխան։ Պալքանները կրակ առած են եւ մեծածաւալ անշիջանելի հրդեհի մը վախը բոլոր հոգիները կը համակէ։ Բայց հակառակ ասոնց եւ հակառակ ամէն բանի՝ սիրոյ կրակն աւելի հզօր է, եւ սէրը կը գործէ, եւ իր լուրջ յաւիտենականութեան մասին պնդելու համար վերեւի վկայութիւնները կշիռ ունին։ Արդարեւ, սիրոյ բանաստեղծութիւնն իր գոյութեան իրաւունքն ունի ամէն ժամանակներու գրականութեանց մէջ։ Երբէք սպառած նիւթ մը չէ ան։ Կ՚սպասենք միայն որ բանաստեղծը չը մաշած, նոր լար մը գտնէ, իր սրտին փոթորիկը երգելու համար։ Միշտ հեշտալիր հաճոյքով ու մերթ նոյն իսկ երախտագիտութեամբ պիտի լսենք զինքն այն ատեն։

Ասիկա այսպէս է, հակառակ անոնց որ սիրային բանաստեղծութիւնը տղայական կը նկատեն։ Այդ տրամադրութիւններով զինուած մարդոց համար բոլոր բանաստեղծութիւնները տղայական չե՞ն միթէ։ Առանձնախառնութեան խնդիր։ Չեմ ըսեր թէ բանաստեղծները քիչ դեր ունեցած են՝ բանաստեղծութիւնը սին արձագանգներով լեցուն հնչական պարապութիւն մը նկատել տալուն մէջ։ Որքան բազմաթիւ են գէշ բանաստեղծները։ Բայց անկախօրէն յոռի բանաստեղծներէն՝ կայ բանաստեղծութիւնը։ Խնդիրն այն է թէ՝ բանաստեղծութիւնն ըմբռնելու համար քիչ մը բանաստեղծ ըլլալու է, եւ սէրը հասկնալու համար սիրելու ընդունակ սիրտ մը ունենալու է։ Տհաս, ու յաւիտենապէս անանկ մնալու դատապարտուած իմաստակներ կը ճանչնամ, որք իրենց իմացական սահմանափակ զգացողութիւնը առաջ կը քշեն իբր անսխալ փորձաքար ամէն արժէքներու։ Բանաստեղծութիւնը ծաղրելով, օրինակի համար, լուրջ մարդու, կամ գործնական մտքի արժանիք կ՚երազեն ապահովել իրենք իրենց։ Բայց պարզապէս խակ գտած են, այս անգամ սրտառուչ տգիտութեամբ, այն խաղողը՝ որուն իրենց դունջը չի հասնիր։ Ապահովաբար կը նմանին գնչու հերոսին՝ որ իր քաջագործութիւնները պատմած ատեն իր գողութիւնները կը փառաբանէ, ահռելի պարզամտութեամբ։

Սէրը՝ գիտուններուն, ծերերուն, գործնական եւ լուրջ մարդոց հետ գործ չունի։ Սէրը՝ սիրել կրցող սրտերուն է, սէրը երիտասարդութեան շնորհն է, սէրը՝ կեանքին նպատակն իսկ է, ուրեմն «երգեսցուք զսէրն», ինչպէս կ՚ըսէ Սողոմոն։

Արդ, Պ. Լարենց բանաստեղծ մըն է՝ որ իր սէրը կ՚երգէ։ Լսենք զինքը։

Պ. Լարենց իր գիրքը [1] կ՚անուանէ Դրախտի Երգեր։ Շատ յատկանշական տիտղոս մըն է ասիկա։ Պ. Լարենց իր դրախտի երգերը կը բաժնէ երկու մասի, Ա. Անկումէն առաջ, Բ. Անկումէն յետոյ։ Շատ աւելի յատկանշական դասաւորում մըն է ասիկա։

Առաջին մասին մէջ, Անկումէն առաջ, որ կը բաղկանայ ինը քերթուածներէ, տակաւին ամէն բան անորոշ է։ Վախկոտ, խորհրդապահ, տարտամ շեշտեր կը լսուին, դրախտին այս ջինջ առտուներուն մէջ։ Պատանին Ադամ՝ շփոթ ու անստոյգ է։ Տղու մը պէս կը դողայ մերթ։ Ու Եւայի դիմագծութիւնն ամպերով ծածկուած բան մըն է, հազիւ թէ նշմարելի, նոյն իսկ անոր իրականութիւնն հազիւ թէ հաւատալի է։

Սարսուռները դեռ անծանօթ վայելքներուն

Հոգիս քանդեն օրերն ի բուն

Ադամ զգացավառ (sentimental) է, մելամաղձոտ է, բան մը ունի, լուրջ վիշտ մը, որուն նկարագիր ունենալը կարծես թէ չի գիտեր։ Անկապ, երբեմն անիմաստ բացագանչութիւններ կ՚արձակէ, որոնց քերականական կամ տրամաբանական իմաստն եթէ լուռ կը կենայ, բայց ախտաճանաչական նշանակութիւնը շատ պերճախօս է։ Պատանի Ադամը պարզապէս Եւային հոտն առած է, բայց դեռ չի համարձակիր։ Իր առնականութիւնը դեռ անձնավստահ հասունութեան մը չէ հասած։ Ու իր անկարելի սէրը կը թոթովէ, իր անխոստովանելի ցաւը, զոր կարծես թէ չի համարձակիր ախտորոշել։

Ուստի եւ, Դրախտի Երգերուն առաջին մասը պատանեկան անորոշ ներշնչումներու, նորավարժ տաղաչափողի մը եւ տակաւին անկազմ ճաշակի մը հանգամանքերը կը կրեն։ Հոսանքին Առջեւ, Իրիկնամուտ, Սիրոյ Պարապը, Մաքառում, եւլն., անկապ, անկերպարան գրութիւններ են։ Այսու հանդերձ նոյն իսկ այս առաջին մասին մէջ անկեղծ շեշտեր, ինքնուրոյն դրոշմ մը, զգալի կը դառնան։ Ահա Աչքերուն Երգը.

Աչքերդ՝ հոսուն ովկիաններ են յարատատան,

Ուր երկինքի ծիածաններն կը պըսպըղան,

Ես՝ նաւուղիղ մ՚անղէկ, անթի, անպարան,

Կը ճամբորդեմ իղձերուս հետ անօթեւան.

 

Չի՞ յիշեցներ Քօփէի սքանչելի քերթուածը

 

Telle sur une mer houleuse la frègate

Remporte vers le nord les marins soucieux,

Telle mon âme nage abimée en tes yeux

Parmi leur azur pâle aux tristesses d'agate.

Բանաստեղծի Սէրին իւրաքանչիւր քառեակն առանձին նշանակութիւն ունի։ Քերթուածին մէջ միակ ամբողջ իմաստ մը չկայ։ Հետեւեալը գեղեցիկ է.

Աչքերուս մէջ պատկերդ կայ փորագիր,

Անոր համար ես զանոնք միշտ կը փակեմ,

Ի՞նչ փոյթ թէ դուն երթաս փնտռել նոր երկիր,

Ես կը նայիմ ետեւէդ լուռ, ժպտադէմ։

Ահա՛ սակայն երկրորդ արարուածը տրամին, Անկումէն յետոյ։ Ադամ ու Եւա զիրար գտած են։ Առաջին օրէն ի վեր ժամանակ անցած է եւ Ադամ՝ ուշագրաւ համարձակութիւններու ընդունակ դարձած։ Փոխանակ անորոշ բաղձանքներու, փոխանակ չխոստովանուած վիշտերու, բանաստեղծը կ՚երգէ իր սէրը, այս անգամ յայտնի անգաղտնապահութիւններով։ Առաջին Սարսուռներուն, լքուած սենեակներուն, մազերուն, հրաժեշտներուն, ձեռնոցներուն, մատիտներուն, հարսնիքներուն, կարօտներուն սրտառուչ պատմութիւններն ու մտերմասացութիւնները կը լսուին այլեւս։

Ադամ՝ սիրով քաղցրացած, զգաստացած է։ Իր երգերն անկեղծութեան շեշտ մը ունին, եւ մենք պիտի ուզենք հաւատալ այդ անկեղծութեան։

Բայց որքան որ Եւայի հմայիչ դիմագծութիւնը հետզհետէ ճշդուած ըլլայ, Ադամ զմեզ վերջնականապէս չի կրնար համոզել իր սէրը լիովին բաժնող անձնուէր Եւայի մը մասին։ Ու տարակոյսներ կը ծնուցանէ մեր մտքին մէջ, վասնզի Ադամ ինքն իսկ ունի այդ տարակոյսները, այդ կասկածները.

Եւ բիւր անգամ համբուրեցի մատներն Անոր

Որ մէկ ժէսթով կրնար կերտել ինձ կեանք մը նոր,

Բայց Ան լըռեց։ Ու ես կ՚անցնիմ ոլոր մոլոր

Յիմարութեանց անապատէն անծործոր։

 

Մեծ անուրջիս աւերակին շատ խորերէն,

Հոգիս կուլայ բուի մը պէս ցաւագնօրէն,

Մինչ Ան կանգնած՝ փըլատակին վըրայ սիրոյս,

Կ՚անգիտանայ թ՚ինչո՞ւ կուլայ հոգին անյոյս։

Կասկածոտ Ադամ, օր մը մռայլ հետաքրքրութիւնը կ՚ունենայ Եւային ձեռնաճանաչութիւնն (chiromancie) ընելու.

Արարչագործ Եհովային

Յաւակնութեամբն առլըցուն,

Ես օր մ՚առի ձեռնոցը հին

Զոր Ան յանձնեց բաժնուելուն։

 

Ու փչելով մէջն ձեռնոցին

Ես շունչ տուի հինգ մատներուն

Որոնք առին ձեւ ու մարմին

Եղան մատներ այնչա՛փ սիրուն։

.........................................................

 

Նորաստեղծեալ այն մորթ ձեռքին

Գիծերուն մէջ բազմաճիւղեան

Կարդացի ես, իբր գուշակ կին,

Անոր ներկան ու ապագան։

 

Կարդացի որ Անոր հոգին

Խորան մըն է. խունկ բարութեան,

Որուն մարդիկ մուրալ կուգան

Երկրպագու եւ անձկագին։

 

Ու տեսայ որ պատկերն Անոր

Գութով խանդով կը նայի վար,

Եւ կը ժպտի անոնց բոլոր,

Որ ծնրադրեն իրեն համար։

 

«Ես Արեւն եմ, պատգամէր Ան,

Համայնաբոյժ ու համասփիւռ,

Ես Արեւն եմ անօթեւան,

Կարօտներուն կը բաշխեմ հուր։

 

Բոց աչքերուս ճառագայթէն

Թող գան տաքնալ անոնք բոլոր,

Որ դողահար կը թըրոդդեն,

Գութի ճամբուն վըրայ մոլոր…»։

Այս շնորհաբաշխ Աստուածուհին, այս արեւափայլ Անահիտը, ապահովաբար տարտամ Ադամի մը սեփհականութիւնը չէր կրնար ըլլալ։ Անիկա տիեզերական բարութիւնն է որ խտիր չի դներ իր առատաձեռնութիւններուն մէջ, եւ գթութեամբ կը ժպտի վերէն՝ բոլոր անորոշ ու կարօտեալ մարդկութիւններուն վրայ, որք իրեն առջեւ կը ծնրադրեն։

Ադամ՝ այս դառն, այլ բարի ճշմարտութեան գիտակցութիւնն ունի պահ պահ, զայն կ՚ըսէ մեզի, եւ որովհետեւ «խիստ իբրեւ զդժոխս է նախանձ», ըստ Սողոմոնի, Ադամ կը քանդէ իր ձախորդ chiromancieն, կարծելով ջնջել միեւնոյն ատեն անոր կսկծալի յայտնութիւնը.

Բայց այս հրաւէրն այնքան բարի,

Նախանձ գազանն մէջս արթնցուց

Եւ ջլապինդ ես սեղմեցի

Սիրուն մատներն դիւրամատոյց.

Շունչը թըռաւ, դարձաւ ինծի,

Իսկ Ձեռքն եղաւ կրկին Ձեռնոց։

Ուրիշ տեղ մը, Ադամ կը շփոթեցնէ զմեզ. կը կասկածի ու կ՚ապահովէ միեւնոյն ատեն։ Բայց ո՞րն է ճշմարիտ. յայտնութի՞ւնն իր ձեռնաքննութեան (chiromancie) թէ խոստովանութիւնն իր գոհ ու դժգոհ գէշ վայրկեաններուն.

Վայրկեաններ ունիմ, կըսկիծի դարեր,

Երբ ձայն մը հեծէ «Ան քեզ չի սիրեր»

Ու կը մտածեմ թէ արդեօք իրա՞ւ

Նոյն պահերուն մէջ Ան զիս ուրացաւ։

 

Վայրկեաններ ունեմ գէշ երազներու

Երբ հոգին կուլայ զերթ բօթաբեր բու,

Երազներ ահեղ՝ որմէ արթննամ

Հպմամբն շրթունքին անոր մեղրահամ։

Ադամի պաշտած աստուածուհին՝ անձեռնունելի դիմագծութիւն մը կը դառնայ վերջին պահուն, մռայլ Սիբիղղայ մը, որուն մեր անստոյգ ճակատագիրը կը հարցնենք ի զուր։

Դրախտի Երգերուն Բ. մասը, առաջինէն երկու երեք տարի յետոյ գրուած, աւելի տիրաբար, աւելի գիտակցութեամբ ու թանձրութեամբ յօրինուած է։ Գեղեցիկ կտորներ են Մատիտը, Ձեռնոցը, Մազերը, Աղօթքը, սրտաբուղխ անկեղծութեամբ երգուած աղօթք մը։

Կը կարծեմ թէ պէտք եղածին չափ անկեղծօրէն գովեցի Պ. Լարենցը։ Ի հարկէ, չեմ կրնար վերապահել պարսաւներս, նոյնքան անկեղծ։

Պ. Լարենցի ոտանաւորը կը տկարանայ շատ մը թերութիւններով։ Սահուն չէ։ Խոչընդոտներով ցցուած է ամէն վայրկեան։ Պ. Լարենց դասական ոտանաւորին մէջ յանգի ու չափի անփոյթ զանցառութիւններ ունի, որք կը վերագրուին նկատելի անտարբերութեան դէպի ձեւական կատարելութիւնը ոտանաւորին։ Պ. Լարենց դանդաղաքայլ դիւցազնափայլ ոտանաւորներ ունի, անյարմար սիրային բանաստեղծութեան։ Պ. Լարենց օտար բառեր կը գործածէ, անճահ, անթոյլատրելի մաքրասէր ճաշակին համար։ Պ. Լարենց հաշմուած, խեղ, խղճալի բառեր ունի, արտորնօք, դժուարաթափանց, եւն։ Պ. Լարենց թարմատարներ ունի. «անապատէն անծործոր»։ Պ. Լարենց մեզի կը հրամայէ անկարելի զգացողութիւններ.

Ուր կանթեղներն, աշտանակներն ալ առանձին

Երկար օրեր հառաչագին հեծեցին։

Պ. Լարենց մերթ անփոյթ, մերթ լուրջ անգիտացումներ կը խոստովանի։

Կարմիր թաւիշ վարդենին…

Տերեւները թըզենւոյն

Ինկան գետին վարդագոյն

Ծիծառներն անտառին

Ես կը կարծեմ թէ ծիծառները քաղքենի թռչուններ են մանաւանդ։

Պ. Լարենց արդի աշխարհաբարի բային սահմանական եղանակէն անբաժան կը մասնիկը կ՚անտեսէ իր ոտանաւորին մէջ։ Հինէն մնացած բանաստեղծներուն միայն այսօր շնորհելի են այդպիսի թոյլտուութիւններ։

Բայց այս բոլոր նկատելի կէտերը ճաշակի, արուեստի թերութիւններ են, եւ սրբագրելի։ Պ. Լարենց անընդունակ չերեւիր այդ բանին։ Պ. Լարենց ուշագրաւ բանաստեղծ մը կրնայ նկատուիլ ուրեմն, քանի որ իր ներշնչումն անկեղծ է եւ ջերմ։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1908, 22 Դեկտեմբեր, թիւ 52, էջ 1255-1260



[1]            Լեւոն Լարենց, Դրախտի երգեր, Թիֆլիզ, 1908։