ԱՌԱՍՊԵԼ
ՄԸ
Մինչեւ
այսօր,
լռին
ընթերցողն
եղայ
բաւական
աղմկալի
լրագրական
գրականութեան
մը՝
որուն
ծնունդ
տուաւ
Չիֆթէ-Սարաֆի
գրքին
համար
գրած
յառաջաբանս։
Խօսքը
չպիտի
ընեմ
անոնց՝
որք
այսպիսի
«լպիրշ»
գրքի
մը
մուտքին
առջեւ
գտնուելուս
համար՝
պախարակեցին
զիս
Չիֆթէ-Սարաֆին
հետ
միասին,
ինչպէս
նաեւ
անոնց՝
որք
տարապայման
ու
անվերապահ
հիացում
միայն
տեսան
այդ
յառաջաբանին
մէջ։
Յոռի
ընթերցողներ,
որոնց
միտքը
բան
մը
հասկնալու
համար
պէտք
եղած
զգայնութիւնը
կամ
համբերութիւնը
չունի,
եւ
առանց
հասունցնելու
իրենց
դատումը,
կ՚արձակեն
զայն,
կը
թափեն
զայն։
Աւշառատ
ծառեր,
որք
իրենց
պտուղը
կը
թոթուեն,
տհաս
ու
պկտան։
Չէ՛,
բնաւ
չպիտի
վախնայի
որ
անունս
կցուած
գտնուէր
Չիֆթէ-Սարաֆի
անունին,
ամէն
անգամ
երբ
պէտք
ըլլար,
քրիստոնէական
բարոյասիրութեամբ,
բանադրանքի
ենթարկել
տաղանդաւոր
բարեկամիս
գիրքը։
Եթէ
չունենայի
անկեղծութիւնը
զինքը
գնահատած
ըլլալու,
եթէ
չունենայի
միամտութիւնն
իմ
անկեղծութեանս,
չէի
գրեր
զայն,
այդ
յառաջաբանը,
ուր
այնքան
հաւանութիւն
կայ
որքան
դիտողութիւն,
այսինքն
բարեացակամ
անկեղծութիւն.
—
վասնզի
կանխագէտ
էի
բոլորին,
հանճարի
այն
անհաշիւ
շռայլումներուն՝
որոնց
տեղի
պիտի
տար
Միամիտի
մը
Արկածներ
ուն
հրատարակումը։
Խնդիրը
այդ
չէ
ուրեմն։
Թող
գրեն
տակաւին՝
բոլոր
ուշ
մնացող
բարոյամոլները,
եւ
ես
հետաքրքրութեամբ
ու
ախորժով
պիտի
ճաշակեմ
իրենց
հրամցուցած
թունալիր
ցքին,
կենդանացուցիչ
ու
կազդուրիչ։
Բան
մը
կայ
սակայն,
որ
քիչ
մը
մասնաւորապէս
ուշագրաւ
է
այս
ամէնուն
մէջ։
Անունիս
շուրջը
կը
դառնայ
տարօրինակ
առասպել
մը,
որուն
սաղմնաւորման,
կազմաւորման
եւ
մարմնառութեան
հանդիսատես
եղայ,
բաւական
ժամանակներէ
հետէ։
Անկից
առաջ
ըսած
էին
արդէն,
բայց
հի՛մա
մանաւանդ
Չիֆթէ-Սարաֆի
գրքին
յառաջաբանէն
ի
վեր,
կատաղի
ու
շնական
եւ
շինական
պարզամտութեամբ
կը
պօռան,
կը
կաղկանձեն,
կը
խմբերգեն՝
թէ
ես
սկզբունք
չունեցող,
գրական
խղճմտանք
չունեցող
մարդ
մըն
եմ,
կեղծիքով,
շողոքորթութեամբ,
ամբարտաւանութեամբ
շինուած
մաքիավէլեան
աստուածացումներու
յօրինիչ
մը,
անբարոյական
տողերու
երկիւղալի
շարադրող
մը։
Եւ
գիտէ՞ք
ինչո՞ւ
համար
միայն.
—
որովհետեւ
ժամանակով
իբր
թէ
ըսած
եմ
եղեր
որ
Չ[իֆթէ]-Սարաֆ
տաղանդ
չունի,
մինչդեռ
այսօր
կ՚ըսեմ
եղեր
թէ՝
ունի։
Արամ
էֆ[էնտի]
Անտոնեան,
առասպելին
հեղինակը,
իր
ժամանակին
լաւագոյն
վայրկեանները
կը
վատնէ՝
զայն
բանաձեւելու
համար.
եւ
ահա՛
ընթերցող
ու
գրող
հասարակութիւն
մը՝
որ
իրեն
կը
հետեւի,
կուրօրէն,
առանց
անձնական
հակակշռի,
ու
կը
պօռայ…
«կեղծաւորը,
շողոքորթը,
անբարոյականը…»։
Թեթեւ
ու
քաղցրալո՜ւր
բառեր։
Եւ
ամբոխը
հետզհետէ
կ՚ստուարանայ,
նմանողութեան
օրէնքով։
Համբուրելի
ճակատներ,
պաշտելի
շինեօններ
իսկ
կան
խուժանին
մէջ,
ուր
կը
հանդիպիմ
նոյնիսկ
իր
ուշիմութեամբն
ու
բանիմացութեամբը
հանրածանօթ
նրբամիտ
գրողի
մը
դիմագծութեան,
այս
անգամ,
աւա՜ղ,
անօրինակ
կերպով
լուրջ,
յուզուած,
կիրքի
թափին
տակ
կազմալուծուած։
Եւ
խմբապետը,
Արամ
էֆէնտի,
ճպոտը
կը
շարժէ,
դիւային
ծիծաղով,
եւ
նուագախումբը
կը
պօռայ,
կը
զառանցէ
յաւիտեան։
Անտարակոյս,
փոյթէ
չէ
թէ
պարզամիտներու
խումբ
մը
կայ,
որ
օձի
նկարագրով
առաջնորդի
մը
ետեւէն
կը
վազէ,
իբր
թէ
բզկտելու
համար
իմ
բարոյական
մարդու
նշանակութիւնս։
Խնդիրը
սա՛
է
որ,
անունիս
շուրջը
հետզհետէ
կը
կազմուի
առասպել
մը,
որուն
կը
խառնուի
իմ
մշտապէս
սիրած
ու
յարգած
մէկ
անձնաւորութիւնս,
Չիֆթէ-Սարաֆ,
որուն
տաղանդին
նկատմամբ
իմ
ունեցած
գնահատական
տրամադրութիւններս՝
սկիզբէն
ցայսօր
չեն
փոխուած
բնաւ։
Շատ
ստորասական
են
այս
տողերը։
Չեմ
ուզեր
որ
անոնք
պարզապէս
միայն
ըսուած
ըլլան։
Ուստի
եւ,
պիտի
խնդրեմ
որ
ընթերցողներս
թոյլատու
ըլլան
բացատրութեան
մը՝
որուն
պէտք
կայ
եւ
որ
կը
պարզէ
ամէն
ինչ։
Արդ,
Արամ
էֆէնտի
Անտոնեան,
որ
իմ
անբաժանելի
բարեկամս
է,
որ
յաւիտեան
զիս
չմոռնալու
հաճոյքը
կուտայ
ինծի,
զիս
հակասական
եւ
անբարեխիղճ
հռչակելու
համար,
հիմնուած
է
տարիներ
առաջ
Ա[րեւելեան]
Մամուլ
ի
(1904,
թիւ
9)
մէջ
իմ
կողմէս
հրատարակուած
յօդուածի
մը
մէկ
հատուածին
վրայ,
ուր
խօսելով
տիրացուամիտ
եւ
բարոյամոլ
մարդոց
մասին,
հեգնօրէն
(ironie)
այսինքն
հակառակը
հասկցնելու
յայտնի
մտադրութեամբ,
ըսուած
է
թէ՝
Չ[իֆթէ]-Ս[արաֆ]
լպիրշ
գրող
մըն
է,
թէ
դժբաղդաբար
տաղանդ
ալ
ունի,
թէ
բարեպաշտ
մարդու
մը
համար
աններելի
պիտի
ըլլար
այդպիսի
անբարոյական
գրողի
մը
մեկենաս
հանդիսանալ,
եւ
այլն,
ինչպէս
կ՚ըսէին
կամ
պիտի
ըսէին
սաղմոսով
ու
վարք
սրբոցով
սնած
միտքեր։
Խնդիրը
պարզապէս
քարոզագիրքերու
Թաւշանճեան
մրցումին
վրայ
էր,
եւ
ես
այդ
յօդուածով,
որ
դեռ
մէջտեղն
է
բարեբաղդաբար,
մեր
ժողովրդին
ու
մեր
մեկենասներուն
հին
ու
աւանդամոլ
կրօնամտութիւնը
կը
քննադատէի,
այդ
առթիւ
հեգնական
ճամբով,
այսինքն
անուղղակի
եղանակով,
համակարծիք
գտնուելով
Չ[իֆթէ]-Սարաֆին՝
որ
յօդուած
մը
գրած
էր
նոյն
նիւթին
վրայ
եւ
երգիծօրէն
փաղաքշելով
Շահնուրի
բարեկամը՝
որ
Չ[իֆթէ]-Սարաֆի
այդ
յօդուածին
դէմ
գրած
էր։
Յօդուածիս
ընդհանուր
ոգին
ու
եզրակացութիւնը,
մինչեւ
այդ
վայրկեանը
եւ
անկից
մինչեւ
այսօր,
Չ[իֆթէ]-Ս[արաֆ]ի
անձին
ու
գրականութեան
նկատմամբ
իմ
ունեցած
համակիր
տրամադրութիւններս,
—
որոնց
մասին՝
հաստատակամօրէն
կամ
ժխտականօրէն՝
կը
հրաւիրեմ
հրապարակով
վկայել
նոյն
ինքն
Չիֆթէ-Սարաֆը,
—
լիովին
կ՚ապացուցանեն
թէ
ես
երբէ՛ք,
ո՛չ
մէկ
անգամ
հակասութեան
մէջ
չեմ
գտնուած,
պայմանով
որ,
Արամ
էֆէնտի
Անտոնեան
կամ
ուրիշ
որեւէ
անգործ
պարոն՝
կամաւորապէս
թէ
ակամայ
գէշ
ներկայացուած
եւ
այդպէսով
հակիմաստ
դարձած
հատուածներ
«առանց
մեկնութեան»
իրարու
տակ
դնելով,
ընթերցող
կամ
նոյնիսկ
գրել
երազող
հասարակութիւնը
չխաբեն։
Անտոնեան
էֆէնտի
ուրիշ
անգամ
մըն
ալ
միեւնոյն
բանը
ըրաւ,
նոյնիսկ
իր
մասին։
Կ՚ըսեմ
ու
կը
կրկնեմ
թէ՝
գէշ
գրող
մը,
սնամէջ
ու
անհանդուրժելի
հռետոր
մըն
է
ամէն
անգամ
որ
ինքզինքը
կը
մոռնայ,
ամէն
անգամ
որ
քրոնիկագրի
կամ
ծաղրանկարչի
սահմանէն
դուրս
կը
ցատքէ։
Այո՛,
չարատանջ,
քրտնաթաթաւ
հռետոր
մը,
երկայնապատում,
զրախօս,
անհամ
հռետոր
մը,
որ
սակայն
իր
գործած
մեղքին
չքմեղանքն
ունի,
—
յամառ
անգիտութեանք
սրտագրաւ
չքմեղանքը։
Ինք
հաստատեց
նոր
գրականութեան
մէջ՝
կեղծ-գրականութեան,
չտեսնուած,
չզգացուած,
չապրուած
գրականութեան
դրութիւնը։
Շատ
մը
նորեկ
ու
աճապարոտ
գրողներ
իրեն
կը
հետեւին
այսօր։
Բայց
մարդ
իր
գրական
խառնուածքը
նեղը
չի
դներ,
չի
բռնաբարեր
անպատիժ։
Գրական
յատկութիւնները
թերեւս
կը
նմանին
բնական
կամ
բնախօսական
յատկութիւններու։
Բռնութեամբ
կամ
աղօթքով
չենք
կրնար
ձեռք
բերել
զանոնք։
Կամ
երբ
կը
փորձենք,
կը
ծեքենայենք
մանաւանդ։
Իր
մասին
տարիներ
առաջ
գրած
դիմաստուերիս
մէջ
ըսեր
էի
թէ՝
յաջող
ծաղրանկարիչ
մըն
էր
Անտոնեան,
եւ
կը
բարեմաղթէի
որ
այդ
ճիւղը
մանաւանդ
մշակէր,
փոխանակ
ցուցամոլաբար
բառարաններու
մէջ
դեգերելու։
Հասարակ
գրող
մըն
էր
ու
է
ինքը։
Իբր
այդ՝
ունի
սահուն
ու
դիւրին
ոճ
մը։
Բայց
Արամ
էֆէնտի
քիչով
գոհացող
չէ,
եւ
ահա
ամէն
անգամ
որ
հասարակ
գետինը
կը
ձգէ,
քարուտ
ճամբաներու
մէջ
կ՚իյնայ։
Գրած
է
շինծու
նորավէպեր,
ուր
երեւակայութիւն
միայն
կայ,
սանձարձակ
ու
գիսախռիւ
անպէտ
երեւակայութիւն
մը,
իսկ
կեանք
եւ
իրականութիւն՝
բնաւ։
Անտոնեան՝
չտեսնուած
ու
չապրուած
յերիւրանքներուն
հեքեաթագիրն
է
այդ
նորավէպերուն
կամ
պատմուածքներուն
մէջ։
Օրինակի
համար,
այս
որսորդը,
որ
որսի
թռչունի
մը
պոչը
տեսած
չունի
ապահովապէս,
կրնայ
եկքանիկներով
լեցնել
իր
երեւակայական
մախաղը։
Եկքանիկնե՜ր։
Իբր
թէ
բառեր
ըլլային,
զորս
կ՚որսայ
ինք
բառարաններ
թղթատելով։
Այս
բոլորը
ըսած
եմ
իրեն
հինուց։
Ու
կը
կրկնեմ։
Եւ
Արամ
էֆէնտի
կը
փափաքի
որ
այսպէսով
հակասութեան
մէ՞ջ
գտնուած
ըլլամ։
Սիրուն
բաղձանք։
Դեռ
ուրիշ
բան
մը
կայ,
զոր
հասկնալու
եւ
ընդունելու
համար
քիչ
մը
խելք
ու
նրբամտութիւն
պէտք
է։
Անկախօրէն
մեր
ներկայ
պարագայէն,
բանիմաց
եւ
արթնամիտ
մարդիկ
գիտեն
թէ՝
քննադատի
մը
գրական
պարկեշտութիւնը
չի
կրնար
վտանգուած
ըլլալ
իր
կարելի
կամ
հաւանական
կարծեփոխութիւններով,
—
ինչպէս
յոյժ
ողջմտութեամբ
դիտել
կուտայ
Արեւելեան
Մամուլ
ի
լրջախոհ
Տնօրէնը,
—
ամէն
անգամ
որ
կարող
է
ապացուցանել
պայծառ
անկեղծութիւն
մը։
Կարծիքներ
փոխել,
ինչո՞ւ
չէ։
Ցորչափ
կարծիքները
կարծիքներ
են,
կրնան
փոխուիլ։
Կարծիք
մը՝
խոստում
մը
չէ։
Ի՞նչ
է
կարծիք
մը,
ենթակային
ներկայ
վիճակէն
ու
առարկային
ներկայ
հանգամանքներէն
խիստ
պարագայական
եղանակով
պայմանաւորուած
բանաձեւ
մը,
ատակ
փոխուելու
այնքան՝
որքան
կրնան
փոխուիլ
իրեն
ծնունդ
տուող
երկու
ներքին
ու
արտաքին
պայմանները։
Եւ
ի՞նչ
է
փոխուիլ,
եթէ
ոչ՝
ապրիլ,
քանի
որ
փոխուիլը
կեանքի
պայմանն
իսկ
է։
Չկայ
աւելի
յեղյեղուկ
բան
քան
գաղափարներու
եւ
կարծիքներու
շէնքը՝
մտաւորական
ճոխ
զգացողութեան
մը
մէջ։
Միայն
կարծիք
ու
գաղափար
չեն
փոխեր,
այսինքն
չեն
ապրիր
անոնք՝
որոնց
մտքին
պատուհանները
գոց
են
արեւին
լոյսին
տեղափոխութիւններուն։
Հարկ
կա՞յ
երկարօրէն
ցուցակագրել
բոլոր
այն
մեծ
մտքերը՝
որք
իրենց
կարծիքներուն
ու
յաճախ
դաւանանքներուն
մէջ
ընդդիմակութիւններ
երեւան
բերած
են,
եւ
այդ
պատճառով
չեն
դադրած
նկատուելէ
պարկեշտ
ու
պատուաւոր։
Քննադատի
մը
պարկեշտութիւնն
իր
վայրկենի
անկեղծութեան
մէջ
է։
Եթէ
գոյութիւն
չունի
այդ
անկեղծութիւնը,
կեղծիք,
ծածկամտութիւն,
անպարկեշտութիւն
միայն
կայ։
Մէկ
բան
միայն
պէտք
չէ
փոխուի
մարդուն
մէջ.
իր
բարոյական
խառնուածքին
միութիւնն
ու
ամբողջութիւնը.
իր
հոգիին
անկաշառութիւնը։
Եւ
ելան
շողոքորթ
անուանեցին
զիս,
սկզբունք
չունեցող
մարդ
մը։
Արդեօք
անո՞ր
համար,
որովհետեւ
ես
ինծի
սկզբունք
ըրած
եմ
քննասիրական
դատումներուս
մէջ
դնել
տեսակ
մը
աննկատ
խստութեամբ
հեգնութիւն՝
որ
ինէ
հեռացուց
պատահական
բարեկամներու
բազմութիւն
մը,
—
անոնց
առաջիններէն
մին
ըլլալով
Անտոնեան
Արամ
էֆէնտին,
—
զորս
ունենալու
համար
բնաւ
չէի
յոգնած։
Շողոքո՜րթ։
Արդեօք
այսպէ՞ս
ըլլալուս
համար
է
որ,
գրական
հրապարակին
վրայ
հինէն
թէ
նորէն
այնքան
բազմաթիւ
են
զիս
իրենց
թունաւոր
կճումներով
պարբերաբար
փայփայելու
համար
տաղանդ
վատնող
իմ
անյիշաչար
բարեկամներս։
Այսպէ՞ս
կը
տեսնէք
դուք
ճշմարտութիւնը։
Երանի՜
ձեր
սակաւատես
աչքերուն։
Բայց
հոգ
չէ։
Թող
ըսեն՝
ինչ
որ
կ՚ուզեն.
մանաւանդ
լաւ
է
որ
ըսեն՝
ինչ
որ
կրնան,
ինչ
որ
ընդունակ
են
ըսելու։
Ես
պէտք
ունիմ
անոնց,
այդ
բազմաթիւ
«բարեկամներուս»
զորս
շողոքորթելով
ու
փաղաքշելով
շահած
եմ։
Իմ
դժգոհ
ու
բծախնդիր
միտքս,
իր
պարբերական
թմբիրներուն
ու
անկրականութիւններուն
(apathie)
մէջ
վերստանալու
համար
քիչ
մը
աշխոյժ
ու
խանդավառում,
կը
կարօտի
թոյնի
այն
ներարկումներուն՝
զորս
չեն
զլանար
ինծի
անոնք,
—
իմ
բարեկամներս։
Ամէնուն
համար՝
երախտագէտ
ժպիտ
մը
ունիմ
շրթունքներուս
վրայ,
թող
ապահով
ըլլան։
Միայն
թէ,
բաղձալի
էր
որ,
զիս
պատրուակ
բռնելով,
վարկաբեկ
ընել
չջանային
հազուագիւտ
բարեկամներ,
զորս
յարգած
ու
սիրած
եմ
միայն։
Գալով
Արամ
էֆէնտի
Անտոնեանին,
անկեղծօրէն
շնորհապարտ
եմ
իրեն
ալ։
Չմոռցաւ
զիս,
չի
մոռնար
զիս,
պիտի
չմոռնայ
զիս,
պիտի
չկրնայ
մոռնալ
զիս.
—
ու
միայն
զի՞ս։
Ի՞նչ
պատիւ։
Տխրահռչակ
վանտալ,
որ
իր
յուսահատ
բարկութիւնները
կը
ջանայ
ամոքել
անշնորհ
խաղարարութիւններով
(mystification),
օձապտոյտ
ճամբաներու
մէջ
ինկած։
Առասպելներու
յօրինիչ՝
որոնց
ընդհանրացման
ու
ծաւալման
մէջ
ամոքում
կը
փնտռէ
իր
յաջաղկոտ
ու
սեւամաղձոտ
հոգին։
Լաւ
ճամբու
մէջ
է.
ի՛ր
ճամբուն
մէջ։
Յաջողութիւն
կը
մաղթեմ
իրեն։
«Արեւելեան
Մամուլ»,
1908,
Մարտի
4,
թիւ
10,
էջ
217-221