Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԱՓԱՌՈՒՄՆԵՐ

Ձմեռ է, սարերու խստամբեր ու գաւառին լռին երկայն Ձմեռը, յաւիտենականութեան մը չափ երկա՜յն։

Մահուան Ձմեռուան ձիւնը կը ցանուի ցաւոտ հոգիիս խորը, գրիչը մատներուս մէջ կը դողայ, մելանը սառեր է…։

Պատուհանիս պղտոր ապակիին ետեւ, վիրաւոր դալկահար ծաղկի մը կը նմանիմ, Գարնան հոտաւէտ կապոյտ օրերուն կրակի կարօտովն ու կարմիր արշալոյսներուն աւիւնոտ յիշողութիւններովը էրած մրկած։ Իրիկունը տխուր է կարի եւ գալարուն ձանձրոյթը հեռաւոր սպիտակ հորիզոնին վրայէն՝ թունաւոր օձի սողոսկումներով կ՚երկարի ու կը սպրդի հոգիիս մէջ։ Եւ անսահման մաքուր ճերմակութիւնը ձիւնին, որ կը թափթփի, ցրուուն ու մեղկ դանդաղութեամբ, անսկիզբ ու անվերջ անընդմիջական միօրինակութեամբ, ներսս կը բանայ մելամաղձութեան խորհրդածու ձմեռը, սրտիս խորը լռութիւնը կը պատճառաւորէ, Մօռիս Մէթէռլինք բանաստեղծին միսթիքական մտերիմ լռութիւնը, կէս լուսաւորութիւններով ու յատակի թանձրօրէն ստուերոտ նշոյլներով ոսկեզօծուած։

Այլ եթէ ձիւնը կը տեղայ դուրսը, այլ եթէ անճողոպրելի Ձմեռուան կործանումներուն սպառնալիքը խարխուլ պատուհանը կը բռնաբարէ, եւ ցուրտ քամին՝ մահուան ու ոչնչութեան անկարեկիր երգը կը հաչէ, հէգ աննշան բանաստեղծին վճիտ միամիտ հոգին՝ սեւ կասկածներու սարսափին ենթարկելով, այլ անոր սրտին մէջ՝ սիրոյ վերջին ծաղիկը դեռ կեանքով կը բաբախէ, ու ծխանին տակ մխացող խարոյկներուն մէջ՝ դեռ կեանքի կայծ մը կը փայլի, լռութեան ու հսկումի անձնատուր տղին հոգիին մէջ՝ բոցի պատառիկ մը կը պլպլայ, բանաստեղծին օճախը դեռ կը մխայ…։

Ձիւներուն գոցած սպիտակ արահետներուն մէջ՝ քայլերս մոլորեցան։ Անսահման ճերմակութիւնը՝ կը խեղդէ հոգիս։ Մոլորումի սարսուռը՝ սիրտս կը սառեցնէ, ու ոտքերս քար կը կտրին։ Քայլերուս կշռութիւնը՝ սայթաքումներ ու դանդաչումներ կ՚աւրշտկեն, եւ հոգիիս խորը անբացատրելի քունի մը, ո՜հ չըլլա՜յ անզարթոյց քունին, տարօրինակ հեշտութիւնը կ՚զգամ։

Բարի ազատարար, բռնէ՛ ձեռքէս, գուցէ իյնամ, գուցէ սառուցիկ ճերմակը վերջին անկողինս, ցրտին ձիւնը՝ հանգստի վերջին բարձիկս ու վերջին երազիս յաւիտենական վերմակն ու կափարիչն ըլլայ…։

Ձմեռ է, դուրսը ցուրտ է, դուրսը ձիւն կայ, դուրսը սառոյց կայ։ Մահուան սեւ սպառնալիքը կայ դուրսը, ու մխացող խարոյկին վերջին կայծերուն առջեւ, հոգիին մէջ զգալով դեռ կեանքի բոցէ լեզուակի մը գալարումը, փետուրը սառնահար մատներուն մէջ, աննշան քերթողը կը խոկայ։ Ներեցէ՛ք իրեն մտացիր երազողի այն շուարուն թափառումները, ձիւնասպիտակ արահետներէն, ինկած, սփիւռ ճերմակ երազներուն վրայէն…։

Իրիկունը կը ծանրանայ տակաւ, ձիւնը կը տեղայ դեռ, ու, պղտոր պատուհանին ետեւ, նայուածքս կը նուաղի։ Խորունկ լռութեան երկա՜յն սեւեռուն վայրկեա՛ն մըն ալ, եւ ահա՛ գիշեր է։

Պատուհանիս ապակիին ետեւ կծկտած դեռ, Էտկար Բօյական մահագուշակ ագռաւի մը թունաւոր կտուցը կ՚զգամ սրտիս մէջ։ Մխիթարութիւն մը միայն ունիմ. Չէ՞ մի որ ծխանիս վերեւ կապոյտ ծուխի ջերմ պարոյր մը կը ծփայ դեռ, այս ձիւն ձմռտուկին։ Հոգիիս խորը՝ Սպասման անձկութիւնը՝ կեանք կուտայ ինծի նորէն, սպասումը՝ քաղցր վայելքին, սպասումը՝ հանդիսաւոր տօնին։ Ձիւնեղէն ճամբաներուն մէջ, կոխկռտած սպիտակ երազներուս վրայ, ու Մահուան անդունդին եզերքը, ան է, սպասման ոգին է, որ սառած դողդողագին թոքերս կը բռնէ, ու կ՚առաջնորդէ զիս դէպի շուշանաթոյր հորիզոնը, Երազին սեմին վրայ, որ միշտ կը լայննայ, որ կը լայննայ յաւիտեան, անսպառելի, անվերջանալի ճերմակ վերջալոյսի մը տեսլական ճաճանչումներուն մէջ։

Ու յանկարծ «տա՜նկ, տա՜նկ» հսկայ ժամացոյցն է որ կը զարնէ դուրսը, ձիւնի յորձանքներուն խորէն, խուլ ու խորունկ։ Մտածումներու պարը պտուտք կու տայ եւ կը տարտղնի, իբրեւ թէ, քամիի հոսանք մը ցրուէր զանոնք ցայգաթիթեռներու հոյլի մը նման։ Ա՜խ, ո՜ւր էր թէ սփոփարար հառաչանքով մը կարենայի հովին տալ նաեւ բոլոր հոգերը ու բոլոր ցաւերը՝ որ իմ ներսս կը բնակին…։

Ճրագը կը վառի, խարոյկէն աւելի՛ ուժգնօրէն կ՚արծարծի, բոցագոյն փայլուն բակ մը կը գծագրուի ճարճատուն խանձողներուն շուրջը եւ Մուսաներու մանկլաւիկը հոգիին խորը քաղցր տաքութիւններ կը զգայ։ Ակնարկը ա՛լ ետ առնելու է պատուհանէն, վարագոյրը քաշելու է, ու խարոյկին բոցերուն պէտք է դարձնել՝ խանդավառութեան վարդագոյն վայրկեանի մը մէջ՝ կեանքով ու սիրով շողացող աչքերը։

Մա՛միկ, պատմէ՛ ինծի մէկը այն միամիտ հոտաւէտ հէքեաթներէն, որոնց մէջ աղջիկները անկեղծ աղուորութիւնը ունին, ուր սէրը դառնութիւն չունի, ու ուր վարդը փուշ չունի։ Մա՛միկ, պատմէ՛ ինծի անոնցմէ հատիկ մը։

Ճրագկալին տակ մամիկս բուրդ կը մանէ, իր ճակատագրին, իր ցաւերուն, ու իր կեանքին ցաւագին անվերջանալի թելը, պիտի ըսէր Էմիլ Վէռհարն բանաստեղծը։ Ճրագին անարիւն բոցեղէն լեզուն՝ կը պլպլա՜յ կը պլպլա՜յ, ու սենեկին վարագոյրներուն վրայ՝ մեր երկուքին ստուերները, մեր երկուքին ստուերանկարները, ուրիշ մը պիտի ըսէր մեր երկուքին ծաղրանկարները, կը պարեն։ Բայց մթնոլորտը մաքուր է, շունչը տաք եւ հոգիները՝ ճրագին բոցէ լեզուակին պէս կեանքոտ ու պլպլուն։ Հոս՝ խարոյկին առկայծումները եւ շունչերուն տաքութիւնը բաւական եղած են խրճիթին օդը տաքցնելու համար։ Եւ բանաստեղծը չի նախանձիր ձեր սալօններուն արուեստական ախտաբոյր տաքութեան։

Մամիկս կը պատմէ, եւ դիւթական հէքեաթը հոգիս կը բուրումնաւէտէ։ Երազանքի վարդալից նրբուղիներու մէջէն կը քալեմ պահ մը։

Կեանքին մէջ՝ զմայլելի կրկներեւոյթներ կան։ Դիւթական հատուածակողմ մը ունիմ աչքերուս վրայ։ Ի՜նչ նոր են, ի՜նչ թարմ ու ի՜նչ մաքուր՝ դաշտանկարներն ու հեռանկարները։

Մամիկիս հէքեաթը սփոփանքի անուշ մրափ մը ծանրացուց հոգիիս վրայ։ Հէքեաթները մարդը կը մխիթարեն երբեմն։

Բազմոցին վրայ թոյլօրէն ընկողմանած, սիկարը՝ ցաւերուս նման շրթունքներուս վրայ մխալով, հանիիս տալով ուշադրութիւնս բոլոր, զինքը այնքա՛ն մօտ զգացած էի իմ դեռատի սրտիս ու հոգիիս։

Հէքեաթը վերջացաւ ու լռութիւն մը ծանրացաւ, անհնարին ծանրութեամբ լռութիւն մը։

Ու յանկարծ, մտածման ի՞նչ խաղ էր որ խորխորատ մը բացաւ իմ ու ծերունի հանիիս միջեւ։

Սեւ լաջակին ծայրերը գլխին վրայ ամփոփած, մեղրամոմի մաքրութեամբ հիւծուած դէմքը՝ հանդարտ խղճմտանքի մը արտայայտութեան մէջ կաղապարուած, ութսուն ձմեռներու ձիւնը գլխին, Վալատօն նկարչին «ծեր»երուն չափ համակրելի ու սիրուն, հանիս դեռ կը շարունակէ մանել, միշտ մանել, յաւէտ մանել, իր ճակատագրին, իր բախտին, իր ցաւերուն յաւիտենական թելը, պարտասումի թելը, համակերպութեան անգութ թելը։ Անհուն յոգնութիւն մը կայ ոսկրուտ մատներուն վրայ՝ որոնք տարապայման նիհարութեան մը մէջ կը հալին, ու սիրտհատուկ է այն խանդաղատալից խնամքը՝ զոր կը դնէ հանիս՝ իր տառապանքին ու համակերպութեան թելը չփրցնելու մէջ, այնքա՜ն վախկոտ զգուշութեամբ կը մանէ։

Մինչդեռ իր թոռը, թելը խզելու փորձութեան մէջ կը տառապի, ու ինքզինքը կ՚ուտէ անագորոյն սանձահարումներու տակ։ Ո՞վ քանդեր է իր մէջ աշխարհի իմաստութեան սկզբունքը. ո՞վ սորվեցուցեր է իրեն արգիլուած պտուղին կործանարար յետսապահանջութիւնը։

Պոտլէռեան դեւ մը կայ հոգիիս մէջ, որ կը փորձէ զիս ամէն վայրկեան։ Տատանում մը կայ գլխիս մէջ՝ որ զիս անդունդին վրայ ճնճղուկի փեթռտած փետուրներու նման կը խաղցնէ։

Ընկճուած կիսամեռ հանիէն՝ մինչեւ ամբարիշտ ու սատանայ թոռը ճամբան երկայն է, ճամբան յաւիտենական է։

Ու հիմա կը մեղքնամ հանիիս՝ որ միօրեայ բոյսի մը նման ապրած է ու կը խամրի։ Իր մէկ դարը՝ իմ քառորդ դարիս տասանորդական գիտակցութիւնն ու արժէքը չի կրնար հակակշռել։

Ու հիմա, կը սիրեմ իմ դեւս, որ պիտի օր մը վերջնականապէս հրապուրէ զիս, կը սիրեմ իմ ցաւերս, ապրող ու սիրող մարդու ցաւերս, կը սիրեմ իմ խրոխտ եսս, ճնշուած՝ այլ հպարտ մարդու եսս։

Ու բռնահար միայնութեանս մէջ, խիզախ մտաւորականի լլկանքներուս մէջ, գեղացիի վայրագ բնազդներուս ու բուռն կիրքերուս սանձակոծումին տակ, եթէ չըլլայ կեանքս տարածուն գործունէութեան մը բեղմնաւոր ու առատ կեանքը, պիտի ընեմ զայն ներգործական խորհրդածու լռութեան սեւ կեանքը։

Դուրսը հովը կը փչէ ուժգին, ձիւնը կը տեղայ անդադար։ Երկինքին բոլոր սպիտակ երազները, խլեակները շքեղ կառուցումին, վար կը թափին, բանաստեղծին գլխին վրայ, բանաստեղծին ոտքերուն տակ։

Ուժգին լարումներուն՝ ջղաթափութիւնը յաջորդեր է։ Մոլորագին թափառկոտութիւններէն՝ յոգնած է մուսաներուն մատաղատի մանկլաւիկը։

Ու մարած սիկարը, մարած արդեօք ցաւերն ալ, շրթունքներուն, իր ուխտին երազին մէջ, շրջուեր պառկեր է ու կը քնանայ։

Իր զարթնումը՝ շքեղ արշալոյսի մը բոցավառութիւններուն պիտի սպասէ։ Մի՛ դպչիք իրեն, մեղք է, թո՛ղ քնանայ կազդուրումի անուշ քունը, ու հանին, հսկելով ձմեռնային չարագոյժ գիշերուան մէջ, իր ցաւերուն ու իր համակերպութեան անվերջանալի թելը թող մանէ…։

 

1 Յունուար 1902 «Արեւելեան Մամուլ», էջ 77-81