Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԼԿԱՏԻՆՑԻՆ

«Էնդի Դէմ»ին [1] հանրածանօթ զարմանալի յուշարարը, հրապարակէն իննամսեայ բացակայութենէ մը ետքը ահա վերստին մէջտեղ կ՚ելնէ։

Չպիտի հարցնենք հիմա իրեն՝ թէ ի՛նչ գրական արմաղան բերած է մեզի այս անգամ, «Էնդի Դէմ»ին, մահասարսուռ անկիւններէն։ Ատիկայ շատ անհամբեր ու շատ հեգնական պիտի ըլլար։ Բաւական է մեզ ամէնուս համար, որ Թլկատինցին կը ճանչնանք ու համակրող ենք իր եզական տաղանդին, ծանօթանալ թէ՝ շնորհիւ Կայս[երական] կառավարութեան արդարասիրութեան, գաւառացի իսկատիպ գրագէտը եւ բազմաշխատ ու արդիւնաշատ ուսուցիչը իր վարժարանին մէջ ու իր գործին գլուխը կը գտնուի նորէն, Յունուարի 31էն ի վեր։

Թլկատինցիին վարժարանը վերաբացուած է թէեւ, բայց կրնայ շուտով գոցուիլ։

Յայտնի է թէ այդ վարժարանը ունեցաւ բարերարներ, որ անոր համար տարեկան 30 ոսկի նպաստ մը յատկացուցած էին։

Ժամանակին շատ զարմացայ թէ մեր մէջ ալ գտնուէին հարուստներ՝ որոնք իրենց փառասիրութիւնը, սովորական ռամկութիւններու ստորին սալայատակէն շատ վեր բարձրացնելով, անհատական վարժարանի մը համակրելու եւ անոր նպաստելու գաղափարին հասցուցած ըլլային զայն։ Մտքի ու հոգիի ճշմարիտ ազնուականութիւն մը կար այդ արարքին մէջ՝ որ մեզ կրնայ դեռ մխիթարել մեր թերահաւատ կասկածներուն մէջ, դէպի մեր համայնքին հարուստ դասակարգը։

Իրենց պատուական համեստութիւնը, որով իբրեւ բարերար անծանօթ մնալ կ՚ուզէին, արգելք մը չկրցաւ ըլլալ որ ճանչնայինք զիրենք թէ ովե՛ր էին։ Իբրեւ բարեկամ Թլկատինցիին ու իր վարժարանին, շնորհապարտ կը՚զգայինք մենք զմեզ հանդէպ իրենց։ Երբ մարդ անկեղծօրէն շնորհապարտ է, որքա՜ն ներելի են, մանաւանդ որքա՜ն բնականօրէն պարտաւորիչ են այսպիսի անգաղտնապահութիւնները։

Այսօր սակայն, ինչպէս հաւաստի աղբիւրէ կը տեղեկանամ ու ինչպէս դիւրին էր գուշակել, վարժարանը վերջին ծայր խեղճ վիճակ մը ունի նիւթապէս եւ նպաստը դադրած էր հերուընէ ի վեր։

Թլկատինցին, որ կը դանդաչէ, որ երկու ուժաթափ եւ կթոտ ոտքերու վրայ կանգուն մնալու իր յամառութեան մէջ դիւցազնական բան մը ունի, Թլկատինցին աւելի քան երբէք պէտք ունի հիմա իր բարերարներուն ձեռնտուութեան։

Պիտի թողուի՞ն որ իր սիրական ու պատուական գործը ընդհատուած մնար։ Պիտի ախորժէ՞ին որ ծանր անկարելիութիւններու առջեւ ինքզինքը ընկճուած զգար այս արի ու անձնուէր մտքի աշխատաւորը։

Անտարակոյս, այն սրտերը որ Թլկատինցիին վարժարանին համար տարեկան 30 ոսկիի նպաստ մը յատկացնելու քաջութիւնն ունեցան, չպիտի հանդուրժէին որ վառած ճրագնին մարէր այսօր եղերական կայծկլտումի մը մէջ։

Թլկատինցին՝ որքան եւ ջլուտ ու շուարուն, այլ սակայն յուսալից կ՚սպասէ իր բարերարներու 60 ոսկիներուն, որոնք անշուշտ չպիտի ուշանան իրեն հասնելու, զինքը սրտապնդելու համար իր սրտաբեկ վարանումներուն մէջ ու ամրապնդելու համար զինքը՝ իր մնացորդ եռանդին ու աշխատելու տրամադրութիւններուն մէջ։

Բայց ես այս յօդուածը շատ աւելի տարբեր նպատակով մը կը գրեմ, ու գեղեցիկ վստահութիւնն ունիմ թէ պիտի տրուի անոր այն կարեւորութիւնը՝ որուն արժանի ըլլալուն յոյսն ունիմ։

Յանուն հայ գրականութեան եւ յանուն Թլկատինցիին ու իր աշակերտներուն պիտի համարձակիմ խնդրել որ, վարժարանին բարերարները իրենց տարեկան նպաստին վրայ նշանակելի յաւելում մը ընեն, բարձրացնելով զայն գէթ 100 ոսկիի, եւ իրենց անունը դրոշմելով միանգամ ընդ միշտ՝ այդ վարժարանի ճակտին վրայ։

Առանց ատոր, կը կարծեմ վստահօրէն գիտնալ թէ՝ Թլկատինցիին ձեռնարկն ու ջանքերը սպառնացուած են դժբաղդ անյաջողութիւններով։

Յաւակնութիւնը չունիմ ճամբայ ցուցնելու Թլկատինցիին բարերաներուն։ Գիտեմ թէ գործնական մարդիկ, նոյն իսկ իրենց ամենէն այլասէր ու բարեացակամ տրամադրութիւններուն մէջ, որքա՛ն իրաւունք ունին սրտնեղ հեգնութեամբ մը ժպտելու, ամէն անգամ որ, չսպասուած վայրկեանի մը, վեհանձն ու առատաձեռն խորհրդատուներու առջեւ կը գտնեն յանկարծ ինքզինքնին։ Շատ լաւ գիտեմ թէ յաճախ հրապարակի վրայ եղած թելադրութիւնները, այս կամ այն հարուստին, մեծ մասամբ որքա՜ն տղայական, անմիտ ու տհաս առաջարկութիւններ են որոնք ողջամիտ ու լուրջ մարդոց սրտնեղութիւն ու ձանձրութիւն միայն կը պատճառեն։

Կ՚ուզեմ որ բոլորովին հեռու մնացած գտնուիմ այդպիսի ստգտանքերէ։ Եւ ատոր ինծի իրաւունք կուտայ սա պարագան թէ՝ իմս խնդիրք մըն է մանաւանդ քան առաջարկ մը կամ թելադրութիւն մը, եւ ես յօժարակամ յանձն կ՚առնեմ այդպիսի խնդրանքի մը բոլոր զիջողութիւններն ու խոնարհութիւնները, եթէ իրօք անոնցմէ ըլլային, յանուն եզական գրագէտին ու թանկագին ուսուցչին։

Ի՞նչ շեշտ, ի՞նչ երանգ, ի՞նչ վանկ կրնայի դնել այս խնդրանքին մէջ, ցայտեցնելու համար անոր բովանդակ տրամաբանական ու բանաւոր նշանակութիւնը եւ զայն ազդուապէս արժեցնելու համար ազնիւ բարերարներուն նկատողութեան առջեւ։ Չեմ գիտեր։

Այլ առանձնութեանս անկիւնէն, անկեղծ անձկութեամբ պիտի սպասեմ թղթաբերին, ամէն անգամ բարի լուրին անակնկալութեամբ սիրտս լեցուն։ Որքա՜ն ժամանակ պիտի սպասեմ արդեօք։

Անկեղծօրէն կ՚աղօթէի միայն որ, չարաբաղդութիւնը չունենամ սպասումներէ յոգնած օր մը, ինքզինքս խորապէս ու դառնագին ցաւած զգալու, թէ ինչո՞ւ Թլկատինցիին համար պարզ ու ապարդիւն կերպով sentimental յօդուած մը գրելէն տարբեր բան մը չէր եկած ձեռքէս։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1904, Մայիս 5, թիւ 19, էջ 463-465


[1] Տե՛ս Ա[րեւելեան] Մամուլ, 1902, թիւ 1, 2, 3,