Մ.
Պարսամեան.
—
«ՔՐԻԶԱՆԹԷՄ»,
հրատ.
Զարդարեան
գրատան,
տպագր.
3.
Ասատուրեան,
Պոլիս,
1908
Մեծագոյն
մասն
այն
գիրքերուն,
որք
Ազատութեան
մթնոլորտին
մէջ
արեւ
տեսան,
յղացուած
ու
երկնուած
էին
բռնակալութեան
մութ
օրերուն։
Այդ
գիրքերէն
շատը
նոր
չէին
ուրեմն,
կամ
թէ
նոր
Ռէժիմի
գիրքեր
չէին։
Այսու
հանդերձ,
ես
այս
պզտիկ
մանրամասնութիւնը
նկատի
չեմ
առներ,
երբ
անոնցմէ
մէկ
քանին
քննելու
կ՚ձեռնարկեմ
այսօր։
Այդ
կէտն
իր
կարեւորութիւնն
ունի
մասնաւոր
պարագաներու
մէջ,
օրինակի
համար,
պատմական,
վաւերագրական,
ընկերային
կամ
քաղաքական
նշանակութիւն
ունեցող
երկասիրութեան
մը
քննութեան
պարագային։
Իսկ
եթէ
խնդիրը,
օրինակի
համար,
բանաստեղծութիւններու
հատորի
մը
վրայ
է,
հինին
ու
նորին
տեսակէտն
անհրաժեշտաբար
նկատելի
չէ։
Այսպէս
է
Պ.
Պարսամեանի
Քրիզանթէմ
ին
պարագան։
Քրիզանթէ՞մ.
ինչո՞ւ։
Գրէթէ
միշտ՝
գրքի
մը
տիտղոսին
ու
իր
պարունակութեան
մէջ
տրամաբանական
կապ
մը
կ՚փնտռենք։
Այդ
կապն
ըլլայ
մօտաւոր
թէ
հեռաւոր։
Եթէ
անիկա
գոյութիւն
չունենայ
բնաւ,
մեր
տպաւորութիւնն
այն
կ՚ըլլայ
որ
հեղինակը
տարուած
է
մանաւանդ
աւելի
կամ
նուազ
թեթեւամիտ
ցուցասիրութենէ
մը,
քան
իր
գործին
ընդհանուր
հանգամանքներուն
հարկադրած
տպաւորութենէ
մը։
Քրիզանթէմ.
ինչո՞ւ։
Մի՛
կարծէք
թէ
աշնանավերջի
այդ
սիրուն
ծաղիկին
ու
այս
ոտանաւորներու
հաւաքածոյին
մէջ
ո՛
եւ
է
առնչութիւն
կայ։
Եթէ
Քրիզանթէմն
աշնանավերջի
ծաղիկ
մ՚է,
Պ.
Պարսամեանի
գիրքն
առաւելապէս
գարնանային
երիտասարդութեան
մը
հրայրքներովը
տաքցած
ներկայանալու
յաւակնութեամբ
երեւան
կուգայ։
Քրիզանթէմ
՝
անոր
համար
որ՝
այս
հատորն
սքանչելի
Ալփիարին
ձօնուած
է,
եւ
այդ
բառը
կեղծանունն
է
տաղանդաւոր
սրամիտ
քրոնիկագրին։
Քրիզանթէ՜մ,
—
ասկէ
աղուոր
ի՞նչ
անուն,
Իմին
գիրքս
ալ
գգուանքներու,
խօլ
սէրի
Քերթողական
թանգարան
մը
ըլլալուն՝
Իր
տիտղոսին
կարծես
պիտի
յարմարի…
Ո՜հ,
սիրոյ
յաւիտենական
արբուցիչ
բնաբանը,
le
grisant
thème,
ինչպէս
պիտի
ըսէր
Ալփասլան։
Առանց
խօսելու
իմ
անձնական
ճաշակներուս
եւ
տրամադրութիւններուս
վրայ,
Պ.
Պարսամեանի
գիրքը
խիստ
շահեկան
կ՚գտնեմ,
այն
բազմաթիւ
թելադրութիւններով՝
զորս
կ՚ընէ
արուեստի
ու
գրականութեան
ընդհանուր
ըմբռնումներու
մասին։
Կ՚արժէ
զբաղիլ
այդ
բոլոր
թելադրութիւններով,
որք
պատկանելով
գաղափարախօսական
կարգին,
արուեստի
ու
գրականութեան
խնդիրներով
հետաքրքրուողներու
համար
մեծ
նշանակութիւն
ունին։
Պ.
Պարսամեան
պզտիկ
յառաջաբան
մ՚ունի,
որ
«հաւատոյ
հանգանակ»
մ՚է
ամբողջ։
Կարելի
չէ
վրայէն
կոխելով
անցնիլ
այդ
երկու
տասնեակ
կէս
տողերէ
բաղկացած
յառաջաբանին,
մտնելու
համար
գրքին
մէջ։
Հոդ
է
իր
վարդապետութիւնը,
անիկա
ըլլայ
իր
պարծանքը
թէ
դատապարտութիւնը։
Պ.
Պարսամեան
կ՚ըսէ.
«Մեծ
վիշտերով»
պզտիկ
երգեր
կ՚շինեմ,
ինչպէս
ըսած
է
Հայնէ։
Վայրկենական
տպաւորութիւններու
տակ
գրուած
են
բանաստեղծութիւններս։
Անոնցմէ
շատերը,
սակայն,
այնչափ
ուժնապէս
զգացած
եմ,
որչափ
երկրորդ
մաս
մը՝
արուեստն
արուեստին
համար
գրած։
Տարօրինակը
հոն
է
որ՝
տարի
մը
վերջը
թուղթին
վրայ
ապրած
կամ
երեւակայած
զգայութիւններս
ես
իսկ
կ՚շփոթեմ
իրարու
հետ
շատ
անգամ»։
Այս
անկեղծ
խոստովանութիւնը
բաւական
է
բացատրելու
համար
այն
ցուրտ,
չապրուած,
անփոխանցական
գրականութեան
տպաւորութիւնը՝
զոր
ընդհանրապէս
կ՚թողուն
Պ.
Պարսամեանի
քերթուածները։
Պ.
Պարսամեան
կ՚կարծէ
թէ
ապրուած
ու
երեւակայուած
զգայութիւններ
հաւասար
արժէքով
կրնան
գոյութիւն
ունենալ։
Երեւակայուած
զգայութիւններ
կան
անշուշտ,
թէեւ
կարգ
մը
հոգեբաններ
չեն
ուզեր
ընդունիլ
այս
երեւոյթին
իրականութիւնը։
Ամէն
պարագայի
մէջ,
թերեւս
խնդիրը
վերապահողական
կամ
յետսաներգործական
(rétroactif)
երեւակայութեան
մը
վրայ
է
քան
թէ
շատ
շինծու
երեւակայութեան
մը
վրայ։
Ճշմարիտ
զգայութիւնները
կ՚ապրուին
մանաւանդ
ու
երեւակայուած
կամ
նոյն
իսկ
թեթեւօրէն
ապրուած
զգայութիւնները
գրէթէ
համարժէք
են,
ծնունդ
տալով
անկենդան
ու
շինծու
գրականութեան
մը։
Թանձրօրէն
եւ
ուժգնօրէն
ապրուած
զգայութիւնները
միայն
հզօրապէս
կ՚արտայայտուին
ո՛
եւ
է
արուեստի
գործի
մէջ։
Պ.
Պարսամեան,
որ
ինքզինքը
բանաստեղծ
կ՚կարծէ,
երեւակայական
բանաստեղծ
մ՚է
ուրեմն,
ինչպէս
կ՚ըլլան
երեւակայական
հիւանդները։
Այս
այսպէս
է,
որովհետեւ
Պ.
Պարսամեան
կ՚կարծէ
թէ
արուեստն
արուեստին
համար
գրուած
ո՛
եւ
է
բան,
կրնայ
չապրուած
ըլլալ։
Պ.
Պարսամեանի
միտքը
շփոթութիւններով
լեցուն
է։
Պ.
Պարսամեան
կ՚անգիտանայ
թէ
արուեստը
մի՛շտ
արուեստին
համար
է,
թէ
արուեստին
գեղեցկագիտօրէն
եւ
ոչ
թէ
բարոյախօսօրէն
օգտակարական
ձգտումը՝
կապ
կամ
առնչութիւն
չի
կրնար
ունենալ
իր
ապրուած
կամ
չապրուած
ըլլալու
պարագային
հետ։
Արուեստին
մէջ
միակ
նպատակ
մը
կայ,
—
խանդավառել
գեղեցկին
զգացումը,
բարձր
ու
ազնուական
եղանակով
մը։
Ասիկա՝
արուեստն
արուեստին
համար
է
արդէն։
Անշուշտ
ոեւէ
արուեստի
գործ՝
անպատճառ
արտայայտութիւնը
կոչուած
չէ
ըլլալու
ուղղակի
ապրուած
զգայութիւններու։
Երեւակայութիւնը
մեծ
դեր
ունի
անշուշտ
արուեստի
գործին
մէջ։
Այլ
սակայն,
անձնական
գրականութեան
մէջ,
ուր
ամէն
վայրկեան
ապրուած
զգայութիւններով
ներկայանալու
կերպարանք
մը
կուտանք
մեք
մեզի,
չապրուած
այլ
երեւակայուած
կացութիւնները
խարդախութիւններ
են՝
որոնց
հետեւանքէն
ամէնէն
առաջ
կ՚տուժէ
հեղինակը։
Երբ
մենէ
բղխող
զգայութիւն
մը
կամ
զգացում
մը
պիտի
բացատրենք,
պէտք
է,
պարտաւոր
ենք
ապրած
ըլլալ
զայն։
Այլապէս
կ՚ստենք
կամ
կ՚կեղծենք,
եւ
այս
ձախորդութիւնը
չ՚արդարցներ
ո՛
եւ
է
գրական
վարդապետութիւն
կամ
դաւանանք։
Պ.
Պարսամեան,
որ
սիրոյ
վրայ
կ՚տաղէ,
ամէնէն
աւելի
պարտաւոր
էր
մեզի
իր
սէրերուն
խորին
անկեղծութեան
հաւաստիքը
տալ։
Պէտք
չէ
ըսել
թէ
իր
սէրերուն
մէկ
մասը
չէ
ապրած
ինքը։
Բայց
ո՜րքան
մասնաւոր
կարեւորութիւն
չունին
իրեն
համար
այս
վերջինները։
Բայց
ո՜րքան
թեթեւօրէն,
հարեւանցի
կերպով
ապրած
է
զանոնք։
Ու
կ՚խոստովանի
այս
բանը,
երբ
կ՚ըսէ
թէ
տարի
մը
վերջը
ա՛լ
չի
ճանչնար
իր
«ապրուած
կամ
երեւակայուած
զգայնութիւնները»։
Պ.
Պարսամեան
անգիտակից
անկեղծութիւն
մը
կ՚դնէ
խոստովանելուն
մէջ
իր
գրական
գիտակից
կեղծաւորութիւնները։
Քերթուած
մ՚ունի,
Գանգար,
որ
հրաշալիք
մ՚է
անխոհեմութեան.
Ո՜րքան
անձնապաշտ
ու
եսասեր
ես,
Ո՜րքան
մըտացիր,
Ելեր
կ՚առնուիս
իմ
քերթուածներէս,
Հետըս
չես
խօսիր։
Կ՚ուզես
որ
միայն
ձայն
ունենայ
Քընարս
բազմալար,
Եւ
իր
հծծիւնը
ջինջ
ու
բիւրեղեայ
Քեզի
համար
լար։
Է՜հ,
իրաւ
է
որ
շատ
հակասական,
Նոյն
իսկ
ամբարիշտ
(sic)
Գրիչէս
ելած
սիրերգներ
շատ
կան
Որոնք
կեղծ
են
միշտ։
Ուխտըս
կը
մոռնամ
երբեմն
դիպուածով
Արուեստին
համար,
Եւ
քեզմէ
տարբեր
ներշընչումներով
Թէեւ
անյարմար,
Կը
պղծեմ
միտքիս
մերթ
այերային
Կուսութիւնն
անբիծ…։
Պ.
Պարսամեան
չէ
սիրած,
—
ասով
հերքած
չեմ
ըլլար
անշուշտ
իր
տարփիկները
(amourette),
—
որովհետեւ
անգամ
մը
իր
սիրային
հատորներէն
մին,
զարհուրելի
հեգնութեամբ
մը,
նուիրած
էր
«Անոր՝
զոր
պիտի
սիրէր»։
Պ.
Պարսամեան
սիրոյ
բանաստեղծ
մը
չէ.
երբեք
չի
յուզեր,
երբեք
չի
դպչիր։
Պ.
Պարսամեան
բանաստեղծը
չէ
բղջախոհութեան
(luxure),
երբեք
չարթնցներ,
երբեք
չի
ցնցեր։
Ես
Պ.
Պարսամեանը
կ՚կարդամ
իմ
ամէնէն
բարեացակամ
տրամադրութիւններովս։
Շահեկան
թիփ
մ՚է,
խանդավառ
ու
յաւակնութիւններով
լեցուն։
Այդ
յաւակնութիւններէն
մին
է
իր
աշխարհաբարը։
Պ.
Պարսամեան
կ՚կարծէ
թէ
ինք
միակ
կամ
առաջին
աշխարհաբար
ոտանաւոր
գրող
բանաստեղծն
է։
Ասիկա
կարծիք
մ՚է
ուրիշ
կարծիքի
մը
վրայ
հիմնուած։
Պ.
Պարսամեան,
որ
բանասիրական
խնդիրներու
մասին
ո՛
եւ
է
հետաքրքրութիւն
կամ
ձեռնհասութիւն
ունենալ
չի
թուիր,
կ՚կարծէ
թէ
աշխարհաբարին
ու
գրաբարին
տարբերութիւններն
հիմնուած
են
քանի
մը
հոլովական
խտիրներու
վրայ.
կ՚կարծէ
թէ
յօդի
միօրինակ
կիրառութիւն
մը՝
բաժանման
պարիսպ
մը,
սահմանաքար
մ՚է
աշխարհաբարին
ու
գրաբարին
միջեւ։
Դեռ
կ՚կարծէ
որ
Պոլսահայ
աշխարհաբարին
քերականութիւնը
կրնայ
վերջնական
ձեւն
հանդիսանալ
արդի
աշխարհաբարին։
Ժամանակակից
լաւագոյն
գրողներն
ու
քերականագէտներն
իրեն
պէս
չեն
խորհիր։
Բայց
Պ.
Պարսամեան
ամէնէն
անխնամ,
ամէնէն
անտարբեր
գրող
մ՚է
արդէն։
Իր
լեզուին
մէջ
քերականական
տարրական
սխալներ
կան,
զորս
մի
առ
մի
մատնանիշ
ընել
երկար
ու
անտեղի
կ՚ըլլար։
Ինք
անտարբեր
է
մեր
լեզուին
հարազատութեան
ու
մաքրութեան,
այն
վայրկեանէն
իսկ
երբ
կ՚կարծէ
զայն
մաքրած
ըլլալ
գրաբարի
աղտեղութիւններէ,
քանի
որ
տարօրինակ
անփութութեամբ
կ՚գործածէ
իր
քերթուածներուն
մէջ
օտար
բառեր
եւ
օտար
ոճեր։
Լեզուի
մաքրութեան
մասին
անփոյթ
գրողներն
եթէ
ցուցամոլ
չեն
անպատճառ,
բայց
անպատճառ
աւելի
կամ
նուազ
թուլաճաշակ
մարդիկ
են։
Եթէ
սկզբունքով,
—
եւ
ո՛չ
հարկադրօրէն,
—
ընդունելի
ըլլար
օտար
բառերու
անհարկի
կիրառութիւնը,
ինչո՞ւ
չհիւրընկալէինք
լեզուին
մէջ,
օրինակի
համար
Չինարէն,
Ճաբոներէն
կամ
հոթենթոթերէն
բառեր։
Ո՞ւր
կ՚մնար
այն
ատեն
լեզուի
մը
մաքրութիւնն
ու
բնատիպ
դրոշմը,
—
իր
գեղեցկութիւնը։
Պ.
Պարսամեան
ամէնէն
անփոյթ
ու
յախուռն
լեզու
մը
կ՚գործածէ։
Բացի
իր
անհամար
թարմատար
բառերէն,
ունի
քմակերտ,
անքերականական,
անկարելի
նոր
բառեր,
յափշտում,
ներքնյուզում
եւ
այլն,
որք
երբե՛ք
իրական
պէտքի
մը
չեն
համապատասխաներ։
Պ.
Պարսամեան,
որ
գէթ
ինքնատիպ
գրող
մը
չէ,
իրաւունք
չունի
այս
վանտալական
արարքին։
Ինչո՞ւ
այս
անտարբերութիւնը։
Վասն
զի
Պ.
Պարսամեանի
համար,
որ
շփոթ
իմացականութիւն
մ՚է,
բառերն
որոշ,
ճիշդ
գաղափարներու
կամ
յստակ
զգայութիւններու
խորհրդանշաններ
չեն։
Բառերը
ներկայացուցչական
նշանակութիւն
չունին
իրեն
համար։
Պ.
Պարսամեան
անոնց
կ՚յաւակնի
տալ
առաւելապէս
երաժշտական
դեր
մը։
Բայց
ասիկա
ստորակագ
դեր
մ՚է։
Անոր
համար
է
որ
տեսակ
մը
զարմանք
կ՚մատնեն
իր
պարբերութիւններուն
մէջ
անակնկալ
կերպով
իրարու
հանդիպող
բառեր։
Օրինակի
համար,
սա
քառեակին
մէջ
բոլոր
բառերը
զիրար
կը
հերքեն,
զիրար
կ՚մերժեն,
իրարու
կը
հայհոյեն,
զիրար
կ՚նախատեն.
Չէի
ճանչնար,
կ՚սիրէի
զայն.
–
Ա՛յսքան.
Իր
մէջ
կինը
գտած
էի
թունաւոր.
Գեղակերտ,
նուրբ
տարփատենչիկ,
ձեւաւոր,
Միշտ
փայփայուած
կինը
անհոգ,
մոգական.
կամ
թէ՝
Շունչ
տուր
կուրծքիս,
շրթուքներովդ
սիրակէզ,
Ու
նայուածքիս
տենդ,
փրփուր։
կամ
թէ՝
Ու
մազերուդ
բուրմունքին
ըզգլխանքներն՝
անդադրում,
Մուշկով
օծուն
նայուածքիդ
խելայեղիչ
թովանքին,
Եւ
շրթունքիդ
յորդազեղ
արբշռութեանը
կը
յանգին
Աննիւթական
բերկրանքի
խայտանքով
մը
անպատում։
եւ
կամ
թէ՝
Առտըւան
գաղջ
արեւէն
Թարմութիւն
մը
կը
ծորի,
Ու
հըմայք
մը
նկարէն
Ստուերախիտ
ծործորի։
Եւ
այլն,
եւայլն։
Պ.
Պարսամեանի
ոտանաւորին
անդարմանելի
թերութիւններէն
մէկն
է
նաեւ
անոր
տափակութիւնը։
Պ.
Պարսամեան
արձակունակ
գրող
մ՚է։
Թռիչք
չկայ
իր
ոտանաւորին
մօտ։
Իր
ո՛
եւ
է
մէկ
ոտանաւորը՝
սովորական,
հասարակ
արձակէ
մը
շատ
տարբեր
բան
չէ
յաճախ։
Օրինակի
համար,
առնենք
էջ
25,
Էգի
սէր,
ու
կարդանք.
«Երկու
հզօր
առիւծներ՝
երկար
ատեն
սիրօրէն
Պելֆաստի
մէջ
կ՚ապրէին,
գառագեղի
մէջ
երկու։
«Դուքս»,
«Դքսուհի»,
—
ինչպէս
որ
կ՚անուանուէին
շատերէն,
—
կ՚պաշտէին
միշտ
զիրար,
հոգին
էին
իրարու։
Անցեալ
գիշեր՝
դքսուհին
ուրիշ
վանդակ
մը
տարին,
որովհետեւ
իր
տեղը
Ափրիկէէն
եկած
մեծ
երկու
ուրիշ
առիւծներ
պիտի
դրուէր
(sic)։
Դքսուհին
երբ
մեկնեցաւ
իր
քովէն,
դուքսը
բաշերը
ցնցեց։»
եւ
այլն.
Անհամար
օրինակներ
կան
այսպէս
իր
գրքին
մէջ։
Պարզ
գրախօսականի
մը
սահմանը
չի
թոյլատրեր
անոնց
ամէնով
զբաղելու։
Ասոնցմէ
դուրս
ուշագրաւ
պարագայ
մըն
ալ
կայ
Պ.
Պարսամեանի
մօտ։
Արգաւանդ
գրող
մըն
է
ինքը։
Ծնելու
փառասիրութենէն
բռնուած
մայր
մը։
Բազմածնութիւնը
գէշ
բան
մը
ըլլալու
չէ
հազուագիւտ
առողջութեամբ
եւ
իրական
բեղմնաւորութեամբ
հանճարներուն
համար։
Բայց
սովորական
մայրերու
բազմածնութիւնը
բազում
անպատեհութիւններ
ունի։
Ո՞ր
մէկը
պէտք
եղածին
պէս
խնամենք
մեր
դժբախտ
վիժուկներուն։
Երկոտասնեակ
մը
զաւակներու
պարծանքը
կ՚ուզենք
շինել
մենք
մեզի,
եւ
ահա՛
մէկ
հատ
մը
չունինք.
իրարու
ետեւէ
կ՚մեռնին
խեղճերը։
Բազմածնութիւնը
վտանգաւոր
է
թէ՛
մայրերուն
համար,
որք
կանխահասօրէն
կ՚սպառին,
եւ
թէ
զաւակներուն
համար
որք
բնաւ
չեն
մարդանար։
Ըստ
իս,
բացառաբար
յարգելի
են
այն
մայրերն
որ
քիչ
զաւակներ
կ՚ունենան,
բայց
զանոնք
յղացած,
ծնած
ու
մեծցուցած
կ՚ըլլան
լաւ
պայմաններու
մէջ,
մեծ
խնամատարութեամբ,
բացառիկ
գուրգուրանքով։
Ապահովաբար,
Պ.
Պարսամեան
դժբախտ
մայր
մ՚է
իր
զաւակներուն
պէս։
ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ.
—
Յ.
Ճ.
Սիրունի.
—
Մթնշաղ,
քերթուածներ,
1906-1907.
—
Նորեկ
քերթող
մ՚է
Պ.
Սիրունի,
եւ
իր
կարգին
խիստ
կանխահաս
բեղմնաւորութիւն
մը
ցոյց
կուտայ։
Իմ
կարծիքս
այն
է
որ
շահաւէտ
էր
իրեն
համար
մտային
արգասաւորութեան
մէջ
դնել
խոհեմութիւն
ու
չափաւորութիւն։
Չաճապարել,
քիչ
գրել
ու
շատ
եւ
ուշադիր
կարդալ։
Դեռ
լաւագոյն
էր
իրեն
ներշնչման
ծորակը
կարելի
եղածին
չափ
սեղմ
պահել
եւ
շատ
չհիանալ
իր
«հատորին
գեղարուեստական
կողք»ին
վրայ։
Ասոնք
իր
մասին
յայտնուած
բաղձանքներ
են,
եւ
երբեք
յանձնարարութիւններ։
—
Ուշադրութեան
արժանի
է
Հայրենիքի
Քնար
ին
9-10
միացեալ
թիւը,
պատկերազարդ,
մեծ
մասով
նուիրուած
Պետրոս
Դուրեանի
յիշատակին,
«Սրտաձօն
մը»,
ինչպէս
կ՚ըսէ
խմբագրութիւնը։
Գրութիւններ
ունին
Եղ.
Եպսկ.
Դուրեան,
Ռ.
Որբերեան,
Լ.
Էսաճանեան,
Ա.
Ահարոնեան,
Գ.
Վարդ.
Ասլանեան,
Ե.
Գօլանճեան,
Տ.
Սիւրմէլեան,
եւ
այլն։
Խմբագրութիւնը
գովելի
մտադրութիւնը
կ՚յայտնէ
մասնաւոր
թիւեր
նուիրելու
Եղիա
Տէմիրճիպաշեանին
եւ
Միսաք
Մեծարենցին։
Լաւագոյն
է
այդ
մասնաւոր
թիւերն
ամբողջապէս
յատկացնել
պատկանեալ
դէմքերուն։
Փափաքելի
էր
որ
ողջ
հեղինակներ
ալ
արժանանային
մասնաւոր
թիւերու։
Նորերուն
այս
հանդէսը,
Հայրենիքի
Քնար,
արժանի
է
ուշադրութեան
ու
քաջալերութեան։
Ստացած
եմ
հետեւեալ
գիրքերը
եւ
յաջորդաբար
պիտի
խօսիմ
անոնց
վրայ.
–
Թրքահայ
հին
վաճառականութիւն
եւ
վաճառականք,
Յ.
Գ.
Մ.
Սըմսարը,
վէպ
Ե.
Մեսիաեան.
–
Ճէյն
Էյր,
վէպ,
թարգմ.
Օր.
Սթամպօլլուեանի,
եւ
այլն,
եւ
այլն։
«Բիւզանդիոն»,
1908,
Նոյեմբեր
20
—
3
Դեկտեմբեր,
թիւ
3696