Օրէնք
եւ
Սիրտ.
—
Ինքնախաբէութիւնը՝
մարդկութեան
գերագոյն
երջանկութիւններէն
մին
է։
Առանց
ատոր՝
հոգին
անգայտ
մթնոլորտի
մը
ցամաքութեան
մէջ
պիտի
խեղդուէր։
Ինքնախաբէութիւնը՝
բոլոր
միւս
խաբէութիւններուն
կը
նմանի.
բարեբաղդաբար
մարդ
միմիայն
ուրիշը
խաբելով
չի
զուարճանար։
Ու
ի՛նչ
հնարագիտութիւններ՝
այս
ցաւալի
ճարպիկութեան
մէջ
յաջողելու
համար։
Մտքի
ահագի՜ն
գործունէութիւն
մը
կը
վատնէ
մարդ,
ինքզինքը
խաբելու
եւ
այդ
խաբանքով
փառաւորուելու
համար։
Այդ
խաբէութեան
մէջ
բաւականութիւն
գտնելու
նպատակով՝
մարդ
իր
կեանքը
իսկ
կրնայ
վրայ
տալ,
դիւցազնական
հռետորականութեամբ
մը։
Կը
մեռնի՛նք
մեր
հաւատքներուն
համար,
կը
մեռնի՛նք
մեր
համոզումներուն
համար,
կը
մեռնի՛նք՝
վարդապետութեան
մը
համար։
Բացարձակին
նուիրուած
յաւիտենական
զոհաբերութիւնն
է
ասիկա,
ու
մենք
չենք
կրնար
տեսնել,
ընդնշմարել
գէթ
մեր
պատրանքները։
Ապա
ուրեմն՝
ինչո՞ւ
այս
հականունութիւնները
մարդկային
ընդդիմամարտ
ձգտումներուն
պայքարին։
Ո՛ւր
կ՚սկսի
ճշմարտութիւնը
եւ
ո՛ւր
կը
յանգի
ան։
Ի՞նչ
է
գերագոյն
criteriumը
մեր
խանդավառութիւններուն,
եւ
որո՞նք
են
հիմերը
մեր
կուռքերու
պատուանդաններուն։
Միակ
ու
բացարձակ
իրաւունքը
կրնա՞ր
գոյութիւն
ունենալ,
երբ
ամէն
մարդ
կ՚զգայ
իր
հոգիին
խորը
թէ
դիմացինէն
տարբեր
իրաւունք
մը
կը
բռնկի
իր
մէջ։
Աշխարհային
իրերու
յարաբերականութիւնն
ու
անկայունութիւնը
չենք
կրնար
ըմբռնել
մենք,
վասնզի
կ՚երեւի
թէ՝
կարենալ
ապրելու
համար՝
պէտք
է
չկարենանք
իմաստասիրել։
Բայց,
իմաստասիրական
կործանարար
ու
ոչնչական
յանդգնութիւնը
առանց
իր
գերագոյն
ու
անողոք
եզրակացութիւններուն
մղելու,
կարելի
է
բացարձակ
ներողամտութեան
խորք
մը
հաստատել,
անոր
վրայ
հիմնելու
համար
ընկերական
կեանքին
խարխուլ
շէնքը։
Կարելի
է
մոռնալ՝
անողոքութեան
ու
բացարձակութեան
կեղակարծ
իրաւունքը,
մեր
հաւատքներուն,
մեր
համոզումներուն
ու
մեր
դատումներուն
մէջ։
Հոգին՝
հակասութիւններէ
կազմուած
է,
ու
մենք
անզօր
ենք
անոր
դէմ,
մեր
բոլոր
թշուառ
յետսապահանջումներով։
Այսպէս,
ամէն
անգամ
որ
հոգեկան
տրամադրութեան
մը
բացարձակութեան
կը
հաւատանք,
խաբէութեան
մը
զոհն
ենք։
Ապրիլ՝
կը
նշանակէ
փոխուիլ,
եւ
բնական
օրէնքները
կը
խնդան
մարդկային
օրէնքներուն
վարդապետական
յամառութեանը
վրայ,
ամէն
օր
այս
միամտութիւնը
հերքելով
իրենց
հարկադիր
ծանրութեամբը։
Նկատենք
մարդկային
օրէնսդրութիւնը
ընկերական
կարգին
մէջ։
Այս
ոսկեթել
վանդակին
մէջ
հարկ
է
ապրելու
եւ
երջանկանալու
վարժուի
յանդուգն
բարերարութիւններու
արբշռութեան
կոչուած
թռչունը։
Եւ
կը
զարմանանք
ու
կը
զայրանանք,
եւ
կը
խռովինք
ու
կը
գայթակղինք,
թէ
ինչո՛ւ
չընտելանար
ան
տարիներէ
ու
տարիներէ
ի
վեր։
Բայց
ուշագրաւ
կէտը
հոն
է՝
ուր
օրէնքը
ուրիշին
համար
միայն
արդարացի
կը
դառնայ
միշտ։
Մեր
բոլոր
արարքները՝
իրենց
արդարացումն
ունին
մեր
սրտին
մէջ։
Մենք
զմեզ
չենք
կրնար
դատապարտել,
մենք
զմեզ
միշտ
անպարտ
կ՚արձակենք,
ու
մեր
պարկեշտութիւնը,
ամէնէն
մեծադղորդ
տագնապներու
մէջ
իսկ,
ապահովութեան
դուռը
կը
փնտռէ,
ու
կը
յաջողի
ելքի
ճամբան
գտնել,
մեր
գոհունակութեանը
համար։
Ասոր
համար
է
որ
միշտ
հինգերորդ
անգամ
կարգուելու
իրաւունք
մը
պիտի
գտնենք
մեր
սրտին
խորը,
ու
նման
պարագայի
մը
առջեւ
միշտ
օրէնքը
պիտի
յիշենք
մեր
դրացիին
համար,
երկու
պարագաներուն
մէջ
ալ՝
հաւասար
անկեղծութեամբ։
Վասնզի՝
իրաւունքը
անհատական
է
եւ
օրէնքը՝
հաւաքական։
Ու
ի՜նչ
հակառակութիւն՝
անհատականութեան
ու
հաւաքականութեան
մէջ։
Ո՜հ,
կարելի՞
էր
բոլոր
հոգիները
մի
եւ
նոյն
կաղապարին
մէջ
ձուլել։
Կարելի՞
է
հոգիները
հողէ
կղմինտրներու
պէս
հասկնալ։
Արարչագործութեան
ամէնէն
գեղեցիկ
մէկ
երեւոյթն
էր
որ
կ՚ապականէինք
այնքա՜ն
ողորմելի
յաւակնութեամբ
մը։
Ասոր
համար
էր
որ
հոգիներու
փրկութեան
մարտիրոսը,
գերագոյն
ներողամտութեամբ
մը,
մարդոց
յանձնարարեց
ուրիշները
չդատելու
վսեմ
զգուշութիւնը։
Դաստիարակութիւնը,
սակայն,
այնպէս՝
ինչպէս
կը
գործադրուի
ան
այսօր,
ուրիշ
բան
չէ՝
բայց
եթէ
օրէնքին
նուիրագործման,
—
երեւոյթներու
փրկութեան
կեղծարար
գիտութիւնը։
Հոն
է
որ
կը
սորվինք
թէ
այս
ինչ
ու
այն
ինչ
բաները
ի՞նչպէս
ուրիշներուն
աչքին
առջեւ
պէտք
է
գիտնանք
պարտկել։
Կը
սորվինք
թէ
ի՞նչպէս
կարելի
է
անկեղծ
ու
ինքնաբուղխ
չըլլալ,
թէ
որո՞նք
են
արարքի
մը
ներելիութեան
ու
կարելիութեան
հնարաւորիչ
պայմանները։
Ու
դեռ
ինչե՜ր
չենք
սորվիր
հոն։
Բայց
պատմական
փորձառութիւնը,
առանց
փափկանկատութեան,
միւս
կողմէն
կը
սորվեցնէ
մեզի
թէ՝
օրէնքը
պիտի
տեղի
տայ,
ամէն
անգամ
որ
սիրտը
պահանջէ
զայդ,
քիչ
մը
խիզախօրէն
ու
վստահութեամբ։
Անոր
համար
է
որ
ամէն
դար
ամէն
ժամանակ
իր
օրէնքն
ունի
ու
մարդկային
սիրտը
կը
մնայ
միշտ
առջեւէն
քալողը
բոլոր
օրէնսդրութիւններուն։
Կը
տեսնէ՞ք
թէ
ի՜նչ
ողորմելի
հնարամտութիւններով
ինքզինքնիս
խաբելու
սովորութիւնն
ունինք,
որքա՛ն
թշուառ
ենք
մենք։
Բայց
աս
յաւիտենապէս
ասանկ
է։
Բացարձակ
նորութիւն
մը
չենք
կրնար
ընդունիլ,
օրէնքին
շրջապատէն
դուրս՝
կը
մերժենք,
թէեւ
տեսնենք
զայն
աւելի՛
ճշմարիտ
քան
մեր
նուիրական
ճշմարտութիւնը,
զոր
աւանդութիւնն
ու
սովորութիւնը
սրբազօծած
են։
Վախը,
սարսափն
ունինք՝
արտասովոր
կործանումներու,
բարոյական
անդարմանալի
փլուզումներու։
Չենք
տեսներ
սակայն՝
թէ
ի՜նչ
անկումներէ,
ի՜նչ
քայքայումներէ
բնա՛ւ
չի
փրկեր
զմեզ
լաւագոյն
օրէնքը՝
որուն
քղանցքներուն
կը
փաթթուինք,
վտանգալից
նաւաբեկութեան
մը
սրտադողին
մէջ։
Ու
երբ
օր
մը
յուսահատի
մարդկութիւնը
իր
անզօր
յամառութեան
մէջ,
սրտին
նոր
պահանջքները
կը
նուիրագործէ,
նոր
օրէնք
մը
հաստատելով։
Այս
է
կեանքին
սովորական
պատմութիւնը,
յիմար,
ոչինչ,
իմաստութենէ
զուրկ,
ողորմելի՜։
Միա՜յն
թէ
մարդկութիւնը
չիմաստասիրէ՜ր,
եւ
բարեբաղդաբար
այդ
բանը
ըրած
չունի
ան։
«Արեւելեան
Մամուլ»,
1903,
Օգոստոս
9,
թիւ
32,
էջ
760-762