Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՄ ԸՆԿԵՐՍ
Դ

Երեք ահագին թաւամազ շուներ դուրս ելան մթութեան մէջէն ու մեր վրայ յարձակեցան։ Շառքօ որ ջղաձգօրէն միշտ հեծկլտացած էր, ահարկու աղաղակ մը արձակեց ու գետին ինկաւ։ Շուներուն դէմ նետեցի թրջած բալթօն ու խոնարհեցայ, քար մը կամ գաւազան մը փնտռելով։ Գետինը բան մը չկար. միայն խոտը ձեռքերս կը կճէր։ Շուները ամէնը մէկէն մեր վրայ կը յարձակէին։ Ամբողջ ուժովս սուլեցի, երկու մատներս բերնիս մէջ։ Այն ատեն բաժնուեցան անոնք եւ լսեցի մարդոց քայլեր, որ վազելով կուգային։

Քանի մը վայրկեանէն կրակին մօտն էինք, մուշտակները դուրս դարձած ոչխարի մորթէ հագուստով չորս մարդերէ բաղկացած շրջանակի մը մէջ։ Անոնք լուռ կը կենային, շեշտակի ու անվստահութեամբ մեզի կը նայէին ու կ՚ունկնդրէին իմ պատմութեանս։

Անոնցմէ երկուքը գետինը նստած էին, ու կը ծխէին մուխի առատ գալարներ արձակելով։ Ուրիշ մը, խոշոր, թանձր սեւ մօրուքով ու քօզաքի բարձր գտակով, մեր ետեւը կը կենար, գաւազանի մը յենած, որուն խոշոր գունդը կտրուած արմատ մըն էր։ Չորրորդը, խարտեաշ երիտասարդ մանչուկ մը, կ՚օգնէր հանուելու Շառքօին որ կուլար։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրէն ոչ հեռուն կը հանգչէին իրենց ամուր ցուպերը։ Մենէ քիչ մը հեռուն, մեծ տարածութեան մը վրայ, երկիրը ծածկուած էր գորշ ու գուլայ գուլայ թանձր խաւով մը, որ կը նմանէր դիւրահալ գարնանային ձիւնի։ Միայն երկար ատեն եւ ուշադրութեամբ դիտելէ յետոյ, կարելի կ՚ըլլար որոշել իրարու վրայ դիզուած ոչխարներ։ Քանի մը տասնեակ հազար կար անոնցմէ, գիշերուան քունով ու մթութեամբ սեղմուած զանգուածի մը նման որ տափաստանը կը ծածկէր։ Մերթ ընդ մերթ վեհերօրէն կը մարէին անոնք։

Բալթօն կրակին կը չորցնէի եւ մարդոց ճշմարտութիւնը կ՚ըսէի, պատմելով անոնց թէ ի՛նչ միջոցով նաւակը ձեռք անցուցած էի։

Այդ նաւակը ո՞ւր է, ինծի հարցուց խիստ եւ սպիտակափառ ծերունի մը, որ աչքերը չէր հեռացներ վրայէս։

Ըսի ուր ըլլալը։

Գնա՛ նայէ՛, Միխալ։

Միխալ, սեւամօրուս մարդը, ցուպը ուսին զարկաւ ու դէպի ծովեզրը քալեց։

Բալթօն չորցած էր։ Շառքօ ուզեց զայն հագնիլ իր մերկ մարմնին վրայ, բայց ծերը ըսաւ անոր.

Կեցի՛ր։ Նախ վազէ որ արիւնդ տաքնայ։ Կրակին շուրջը վազէ, օ՜ն։

Ի սկզբան Շառքօ չհասկցաւ. յետոյ, մէկէն ի մէկ, իր տեղէն ցատքեց եւ մերկ, ծայրայեղ վայրենութեամբ պար մը սկսաւ։ Գնդակի մը նման կրակին վրայէն կը թռչէր, ինք իր վրայ կը դառնար, ոտքերը գետինը կը զարնէր, բոլոր ուժովը կը պոռար եւ բազուկները կը շարժէր։ Խնդալէն մեռնելու տեսարան մըն էր։ Մարդոցմէն երկուքը գետնին վրայ կը գլտորուէին, կոկորդալիր խնդալով, մինչդեռ ծերը, անդրդուելի ու լուրջ դէմքով, կը փորձէր չափով ծափ զարնել, Շառքօին ընկերանալու համար, բայց չէր յաջողեր, ուշադրութեամբ կը հետեւէր, գլուխը կ՚երերցնէր, պեխերը կը շարժէր եւ խորամանկ ձայնով մը կը գոչէր.

Հա՜յ-հա՛։ Հա՛ ատանկ։ Հա՛ ատանկ։ Հա՜յ-հա՛։ Փը՛ց, փը՛ց։

Կրակէն լուսաւորուած, Շառքօ օձի մը նման կը գալարէր, ամենէն այլազան ձեւերը կ՚առնէր, մէկ ոտքի վրայ կը ցատքէր, արագօրէն գետինը կը զարնէր ոտքերով, եւ իր փայլուն մարմինը քրտինքի լայն կաթիլներով կը ծածկուէր։ Կրակը այս կաթիլները արիւնի նման կարմիր կ՚երեւցնէր։

Հիմա երեք մարդիկը չափով կը ծափէին, մինչդեռ ցուրտէն դողդղալով, ինքնիրենս կ՚ըսէի թէ մեր արկածը պիտի կրնար զուարճացնել Քաուբըրի կամ Ժիւլ Վէռնի հիացող մը. նաւաբեկութիւն՝ կար, հիւրասէր բնիկներ՝ կային, ու նաեւ վայրենիներու պար մը՝ կրակին շուրջը…։ Այսպէս մտածելով, մտահոգութեամբ ինքնին կը հարցնէի թէ արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլար արկածին ամենէն շահեկան մակադէպը, այսինքն վախճանը։

Շառքօ արդէն գետին նստած էր, բալթօյին մէջ պլլուած, եւ կ՚ուտէր, ինծի նայելով իր սեւ աչքերով, ուր կը փայլէր բան մը՝ որ իմ մէջս դժնդակ զգացողութիւն մը կը գրգռէր։ Իր հագուստները կը չորնային, կրակին շուրջը հողին մէջ մխուած գաւազաններէ կախուած։ Ինծի ալ հաց ու աղած խոզի ճարպ տուին։

Միխալ վերադարձաւ ու լուռ նստաւ ծերուկին քով։

Լաւ ուրե՞մն, հարցուց ծերը։

Այնտեղ նաւակ մը կայ, պատասխանեց կարճ մը Միխալ։

Ծովը չի՞ տանիր զայն։

Ո՛չ։

Ամենքը լռեցին եւ սկսան վերստին զիս քննել։

Լա՛ւ ուրեմն, հարցուց Միխալ, մասնաւորապէս ոչ ոքի ուղղելով խօսքը. հարկ է զանոնք աթամանի՞ն [1] մօտ տանիլ, թէ ուղղակի մաքսատան պաշտօնէութեան։

«Ահա՛ վախճանը» կը կարծէի։ Ոչ ոք չպատասխանեց Միխալին։ Շառքօ կ՚ուտէր ու լուռ կը կենար։

Կարելի է զանոնք աթամանին կամ մաքսատան պաշտօնեաներուն տանիլ։ Որը կ՚ըլլայ ըլլայ, աղէ՛կ է պատասխանեց ծերունին, լռութենէ մը յետոյ։

Եթէ կառավարութենէն բան մը գողցած են, պէտք է զանոնք պատժել …։

Կեցի՛ր, մեծ հայր սկսայ ես։

Բայց բնա՛ւ ուշադրութիւն չըրաւ ինծի։

Պէտք չէ՛ գողնալ, այո՛ եւ եթէ զանոնք չպատժեն, աւելի գէշը պիտի ընեն։

Ծերունին ըմբոստացնող անտարբերութեամբ մը կը խօսէր, եւ երբ աւարտեց, իր ընկերները լռին գլուխնին երերցուցին։

Ահա՛, գողցար եւ պէտք է հիմա տուժես, քանի որ բռնուեցար։ Միխա՛լ, սա՛ բանը, նաւը, հո՞ն է։

Բայց այո՛, հոն է։

Լա՛ւ ուրեմն ջուրը չպիտի քշէ զայն, չէ՞։

Ո՛չ, չպիտի քշէ։

Լաւ ուրեմն, թող հոն կենայ։ Վաղը նաւաստիները Քէռջ կ՚երթան ու նաւակը միասին կը տանին։ Ինչո՞ւ համար պարապ նաւակ մը չպիտի առնէին։ Հէ՞։ Ա՛ս աղէկ։ Հիմակ ալ, դուք, ցնցոտի բարեկամներ, ահաւասիկ…։ Երկուքդ ալ չէ՞ք վախնար։ Չէ՞։ Տակաւին կէս վերսդ, եւ ծովին մէջ պիտի ըլլայիք։ Բացերը ի՛նչ պիտի ընէիք։ Ըսէ՛ք։ Յատակը պիտի գացած ըլլայիք, երկու կացիններու նման այո՛։ Աղւոր մը խեղդուած պիտի ըլլայիք, ա՛ս էր ըլլալիքը։

Ծերունին լսեց եւ սկսաւ ինծի նայիլ, ընչացքին մէջ խորամանկ ժպիտով մը։

Ինչո՞ւ լուռ կը կենաս, ստամբա՛կ, հարցուց ինծի։

Բաւական ձանձրացած էի իր շեղաբանութիւններէն, զոր առանց հասկնալու՝ մեր մասին ծաղրանքներ կը նկատէի։

Քեզի մտիկ կ՚ընեմ, պատասխանեցի բաւական բարկացկոտ շեշտով մը։

Եւ այն ատե՞ն, հարցուց ծերունին։

Բան չկայ։

Ինչո՞ւ զիս կը քամահրես։ Միթէ լա՞ւ բան է քենէ մեծը քամահրել։

Լուռ կեցայ, համաձայնելով իրօք թէ լաւ բան չէր։

Դեռ ուտել կուզե՞ս, շարունակեց։

Ո՛չ։

Այն ատեն մի՛ ուտեր։ Քանի որ չես ուզեր ուտել։ Եւ, ճամբուն համար հաց պիտի առնե՞ս։

Ուրախութենէս սարսռացի, բայց բան չզգացնելով.

Ճամբուն համար պիտի առնեմ պատասխանեցի հանդարտութեամբ։

Էհէ՜… ճամբուն համար հաց ու խոզի ճարպ տուէք տղոցը… եթէ ուրիշ բան ալ կայ՝ անկէց ալ տուէք…։

Պիտի մեկնի՞ն, հարցուց Միխալ։

Միւս երկուքը աչքերնին ծերունիին վրայ բարձրացուցին։

Եւ ի՞նչ կուզէք որ ընենք զանոնք։

Բայց զանոնք աթամանին կամ մաքսատան պաշտօնեաներուն կուզէինք կոր տանիլ, ըսաւ Միխալ յուսավրիպումով։

Շառքօ կրակին քով երերտկաց, եւ հետաքրքիր երեւոյթով մը գլուխը դուրս հանեց իր բալթօին տակէն։ Անիկա հանդարտ էր։

Ի՞նչ գործ ունին աթամանին քով։ Հոն ընելիք մը չունին։ Ետքը, եթէ ուզեն, կրնան երթալ անոր մօտ։

Եւ ի՞նչ ընել նաւակը, բարկութեամբ կը պնդէր Միխալ։

Նաւա՞կը, կրկնեց ծերունին։ Աղէ՛կ, նաւակը հո՞ն է։

Այո՛, պատասխանեց Միխալ։

Լաւ ուրեմն, հո՛ն թող մնայ։ Առտուն Իվաշքօ զայն նաւահանգիստը կը տանի, անկէ կ՚առնեն ու Քէռջ կը տանին զայն։ Նաւակը ուրիշ բան ընելու չենք։

Ուշի ուշով ծերունիին կը նայէի, իր պաղարիւն երեսին վրայ, որ արեւէն այրած էր ու հովէն դանագոյն, որուն վրայ կրակին ստուէրները կ՚ոստոստէին, ո՛չ մէկ շարժում չէի կրնար որոշել։

Վերջը գլուխնիս չցաւի՛, ըսաւ հաւանումով Միխալ։

Եթէ լեզուդ չ՚երկնցնես, բան մըն ալ ըլլալիք չունի։ Եւ եթէ զանոնք աթամանին տանինք, մեզի ու անոնց համար անհանգստութիւն կ՚ըլլայ։ Մենք գործը կը նայինք, անոնք ալ բաներնուն թող երթան։ Հէ՜, տակաւին շատ հեռուն պիտի երթա՞ք, հարցուց ծերունին, թէեւ արդէն իրեն ըսած ըլլայի թէ ո՛ւր կ՚երթայինք։

Թիֆլիս …։

Հեռուն է։ Կը տեսնե՞ս, աթամանն ալ ժամանակ պիտի կորսնցնել տար անոնց։ Այն ատեն ե՞րբ տեղերնին պիտի հասնէին։ Աւելի լաւ է որ շիտակ ճամբանին երթան, անանկ չէ՞։

Շատ աղէկ, թող երթան, հաւանեցան ծերին ընկերները, երբ, իր դանդաղ ճառը լմնցնելէ ետքը, շրթունքները սեղմելով անոնց նայեցաւ ամէնուն ալ, հարցական դէմքով, իր մատներով՝ իր գունաթափ մօրուքը կ՚ոլորէր։

Օ՛ն, տղաք, գացէ՛ք, Աստուած հետերնիդ ըլլայ. ձեռքը շարժեց։ Եւ նաւակն ալ իր տեղը պիտի տարուի, անանկ չէ՞։

Շնորհակա՛լ եմ, ծերուկ, ըսի գլխարկս հանելով։

Ինչո՞ւ շնորհակալ ես։

Շնորհակալ եմ, եղբայր, շնորհակալ եմ, կրկնեցի յուզումով։

Բայց ի՞նչ բանի համար։ Ա՛ռ քեզի պատմութիւն մը։ Ես կ՚ըսեմ «գացէք, Աստուած հետերնիդ ըլլայ», ան ալ «շնորհակալ եմ» կը պատասխանէ։ Միտքէդ կ՚անցընէիր թէ քեզ սատանայի՞ն պիտի ղրկէի, հէ՞։

Կը խոստովանիմ, այդ վախը ունեցայ։

Օ՛հ… (եւ ծերունին յօնքերը վեր ըրաւ)։ Ինչո՞ւ համար մարդկային էակ մը գէշ ճամբու մը մէջ պիտի դնէի։ Աւելի լաւ է որ զայն դնեմ այն ճամբուն վրայ, ուրկէ ես ինքս կը քալեմ։ Թերեւս օր մը վերստին իրարու հանդիպինք, այն ատեն զիրար կը ճանչնանք։ Թերեւս պէտք կ՚ըլլայ իրարու օգնել…։ Ի տեսութի՜ւն։

Անիկա հանեց իր երկայնամազ ոչխարի մորթէ գտակն ու բարեւեց մեզ։ Իր ընկերները իրեն պէս ըրին։ Անափայի ճամբան հարցուցինք ու մեկնեցանք։ Շառքօ բանի մը վրայ կը խնդար…։

 

***

 

Ի՞նչ է խնդալուդ պատճառը, հարցուցի իրեն։

Հիացած էի ծերունիին ու իր կեանքի ըմբռնումին վրայ, հիացած զով զեփիւռին վրայ, որ արշալոյսը կը կանխէր եւ մեր կուրծքին կը փչէր, հիացած որ, երկինքը, ամպերէ զերծ, լուսաւորուելու վրայ էր, արեւը կը բարձրանար եւ աղօթարանը կը բացուէր։

Շառքօ աչկունք ըրաւ դէպ ի իս խորամանկ դէմքով մը, եւ սկսաւ մարելուկան խնդալ։ Ես ալ ժպտեցայ լսելով իր զուարթ եւ առողջ խնդուքը։ Երկու երեք ժամ՝ հովիւներու կրակին մօտ, ու պատուական հացը խոզի ճարպով, մեր յոգնեցուցիչ անխորհրդութենէն ոսկորներուս մէջ միայն թեթեւ ջարդուածութիւն մը թողած էին, բայց այս զգացողութիւնն ալ պիտի անհետանար քալելու ատեն։

Ինչո՞ւ կը խնդաս։ Գոհ ես՝ որովհետեւ աժա՞ն պրծար։ Ողջ առողջ ես ու նոյն իսկ փորդ կուշտ։

Շառքօ ժխտականօրէն գլուխը շարժեց, եւ արմուկի հարուած մը տուաւ կողիս, դէմքը ծամածռեց, քա՛հ քա՛հ խնդաց, եւ վերջապէս իր գէշ գաւառաբարբառով խօսեցաւ։

Չե՞ս հասկնար թէ ինչո՞ւ կը խնդամ։ Չէ՞։ Հիմա՛ պիտի ըսեմ։ Գիտե՞ս ինչ պիտի ընէի, եթէ զմեզ մաքսաւորին տանէին։ Չէ՛, չե՞ս գիտեր։ Լա՛ւ ուրեմն, «զիս խեղդել կ՚ուզէր» պիտի ըսէի, ու պիտի լայի։ Այն ատեն իմ վրայ պիտի խղճային եւ զքեզ պիտի բանտարկէին, կը հասկնա՞ս կոր։

Փորձեցի կատակ մը միայն տեսնել այս բանին մէջ, բայց աւա՜ղ, չուշացաւ զիս համոզելու իր դիտաւորութեան լրջութեանը մասին։ Ինծի զայդ ապացուցուց այնքա՛ն լաւ ու այնքա՛ն յստակօրէն որ, փոխանակ ապստամբելու այս միամիտ շնականութեան դէմ, իմ ընկերիս ու նոյն իսկ ինծի համար ալ ամենախորին կարեկցութիւն զգացի։ Ուրիշ ի՛նչ զգացում կարելի էր ունենալ էակի մը մասին, որ պայծառ ժպիտով մը եւ ամենէն անկեղծ շեշտով ձեզի պիտի պատմէր զձեզ սպաննելու իր դիտաւորութիւնը։ Ի՞նչ ընել, եթէ անիկա այս գործը կը նկատէ իբրեւ ամենասիրուն ու սրամիտ կատակաբանութիւն մը։

Ջերմապէս սկսայ իրեն բացատրել իր գաղափարին ամբողջ հրէշութիւնը։ Բայց շատ պարզօրէն պատասխանեց ինծի թէ ինքզինքս իր տեղը չէի դներ։ Միթէ կեղծ անցագիր մը չունէ՞ր, ինչ որ վտանգաւոր էր։ Այն ատեն դառն մտածում մը ունեցայ։

Կեցի՛ր, ըսի, կը կարծէի՞ր թէ իրօք զքեզ խեղդել կ՚ուզէի։

Ո՛չ… երբ զիս ջուրին մէջ քշեցիր, անանկ կարծեցի, բայց երբ դու ինքդ ալ ջուրը իջար, ա՛լ անանկ չէի խորհեր։

Փա՛ռք Աստուծոյ, գոչեցի։ Գէթ ատոր համար շնորհակալ եմ։

Ո՛չ, «շնորհակալ եմ» մի՛ ըսեր։ Ես պէտք է որ քեզի շնորհակալ ըլլամ։ Վարը, կրակին քով, դուն կը մսէիր կոր, ե՛ս ալ կը մսէի կոր, բալթօն քուկդ է, բայց դուն չառիր զայն։ Ահա՛ ինչո՛ւ քեզի շնորհակալ եմ կ՚ըսեմ։ Դուն շա՛տ բարի ես, կը հասկնամ։ Երբ Թիֆլիս հասնինք պիտի վարձատրեմ զքեզ։ Քեզ հօրս պիտի տանիմ։ Եւ պիտի ըսեմ հօրս, «ահա՛ մարդ մը, կերցո՛ւր, խմցո՛ւր անոր, եւ էշերու ախոռին մէջը դիր զիս»։ Ահա՛ աս է ըսելիքս։ Մեր մօտ պիտի մնաս, պարտիզպան պիտի ըլլաս, գինի պիտի խմես, ուզածիդ չափ պիտի ուտես։ Ա՛հ, ա՛հ, ա՛հ, շատ լաւ պիտի ապրիս։ Բոլորովին պարզ է։ Իմ կերած սեղանամանէս պիտի ուտես խմես։

Երկարօրէն ու մանրամասնօրէն նկարագրեց ինծի այն կեանքի քաղցրութիւնները զոր Թիֆլիզի մէջ ինծի կը պատրաստէր։ Եւ ես, իր խօսքերուն աղմուկին մէջ, կը խորհէի անհուն տրտմութեանը վրայ այն արարածներուն՝ որ նոր բարոյականով մը զինուած, նոր իղձերով լեցուն, միսմինակ առաջ կը նետուին, կեանքին մէջ կը կորսուին եւ իրենց ճամբուն վրայ կը հանդիպին ընկերներու՝ որ օտար են իրենց, եւ չեն կրնար հասկնալ զիրենք…։ Դժնդակ է այս առանձնացած էակներուն կեանքը։ Հովը զիրենք կը քշէ իրենց կամքին դէմ։ Բայց անոնք բարի սերմն են, թէեւ հազուադէպօրէն լաւ հողի վրայ կ՚իյնան։

Արշալոյսը կը ծագէր։ Ծովին հեռաւորութիւնը կը փայլէր վարդագոյն ոսկիով։

Քուն ունիմ, ըսաւ Շառքօ։

Կանգ առինք։ Չոր աւազին մէջ հովէն շինուած փոսի մը մէջ պառկեցաւ, ծովափէն ոչ հեռու, եւ, գլուխն ու մարմինը բալթօին մէջ փաթթելով, մէկէն ի մէկ քնացաւ։ Քովը նստայ ու ծովը դիտեցի։

Անիկա, ծովը, կ՚ապրէր իր լայն կեանքով, ուժեղ գործունէութեամբ լեցուն։ Ալիքներու հօտերը կը թաւալէին ծովափին վրայ, եւ կը խորտակուէին աւազին դէմ, որ յուշիկ կը սուլէր ջուրը ծծելով։ Իրենց սպիտակ կատարները շարժելով, առաջին ալիքները շառաչելով իրենց կուրծքը ծովեզերքին կը զարնէին, կը նահանջէին յաղթուած, ու կը հանդիպէին ուրիշ ալիքներու, որ եկած էին զանոնք կանգուն բռնելու. փրփուրներու գրկախառնութեան մը մէջ, անոնք միասին ծովեզերք կը վերադառնային ու կը բաղխէին անոր, փափագելով ընդլայնել իրենց կեանքին սահմանները։ Հորիզոնէն մինչեւ ծովափը, ամբողջ ծովի մակերեսին վրայ, ծնունդ կ՚առնէին ճկուն եւ ուժեղ ալիքները, որ կ՚առաջանային, միշտ կ՚առաջանային, սեղմ զանգուածներով, պինդ իրարու միացած մի եւ նոյն կամքով։ Արեւը միշտ աւելի շողշողափայլ կը լուսաւորէր անոնց կատարները. հեռաւոր ալիքներուն սարերը, հորիզոնին վրայ, արեան կարմիրով մը կը փայլէին։ Ո՛չ մէկ կաթիլ չէր կորսուեր ջուրի զանգուածին այս տիտանեան շարժումին մէջ, որ կատաղօրէն գիտակից հետապնդումի մը կը թուէր ինքզինքը տուած ըլլալ, եւ, իր լայն կշռաւոր բաղխումներով, ընդ հուպ պիտի հասնէր իր որսին։ Առաջին ալիքներուն գեղեցիկ արիութիւնը, որ գրգիռով կ՚ոստնուին համր ծովեզերքին վրայ, կ՚սքանջացնէր զիս։ Եւ հաճելի էր տեսնել թէ ի՛նչպէս ծովը կը յառաջանար անոնց ետեւէն, ուժո՛վ ծովը, արդէն արեւէն՝ ծիածանին բոլոր գոյներովը ներկուած, եւ իր ուժին ու գեղեցկութեան ինքնազուսպ զգացումովը լեցուն։

Հողի լեզուակի մը ետեւէն, որ ալիքները կը կտրէր, դուրս ելաւ անսահման շոգենաւ մը որ հպարտօրէն շարժտկելով ծովին վրդովալից լանջքին վրայ, խոյացաւ ալիքներուն վրայ։

Ալիքները կատաղօրէն խուժեցին անոր դէմ։ Հզօր եւ գեղեցիկ, իր մետաղը փայլեցնելով արեւին, ուրիշ ատեն մը պիտի կարենար մտածել տալ մարդոց ստեղծիչ փառասիրութեան վրայ, որ գիտեն յաղթել տարրին …։ Բայց իմ մօտիկս կը հանգչէր մարդ-տարր մը։

Թէռսքի գաւառին մէջ կը ճամբորդէինք։ Շառքօ վախ ազդելու աստիճան խառնափնդոր էր ու ցնցոտի, եւ սատանայի մը պէս չար։ Սակայն այլ եւս անօթութենէ չէր տառապեր, վասն զի ուզուած ատեն աշխատութիւն կար։ Բայց ինքզինքը ամէն ջանքի անկարող ցոյց տուաւ։ Անգամ մը փորձեց ցորեն ծեծող մեքենայի քով աշխատիլ, յարդը պարպելու համար, բայց կէս օր ետքը հրաժարեցաւ, ձեռները արիւնով լոկոնելէ յետոյ։ Ուրիշ անգամ մը ծառեր կը հանէինք արմատէն, ան ատենն ալ իր նիզակով վիզին մորթը սկրթեց։

Դանդաղօրէն կը յառաջանայինք մենք։ Երկու օր աշխատութիւն, յետոյ օր մը ճամբորդութիւն։ Շառքօ առանց ո եւ է չափաւորութեան կ՚ուտէր եւ իր որկրամոլութեան պատճառաւ չէի կրնար պէտք եղած դրամը շահիլ անոր վրան գլուխը շինել շտկռտելու համար։ Բոլոր հագուստ կապուստը ուրիշ բան չէր բայց եթէ զանազան ծակեր, այլազան կտորներով անհեթեթօրէն իրարու կպցուած։ Աղաչեցի իրեն չմտնել գիւղերու գինետուններուն մէջ ու չխմել գինին՝ զոր այնքան շատ կը սիրէր, բայց ոչ մէկ ուշադրութիւն չէր ընծայեր իմ դիտողութիւններուս։

Օր մը, գիւղի մը մէջ, քսակէս խլեց հինգ ռուպլի, զոր մեծ դժուարութեամբ եւ գաղտնի հաւաքած էի, թէեւ իրեն համար, եւ իրիկունը վերադարձաւ այն մրգաստանը՝ ուր կ՚աշխատէի, գինով, հետն առած քօզաք խոշոր կնիկ մը, որ զիս սապէս բարեւեց.

Բարե՛ւ, անիծա՛ծ հերետիկոս։

Եւ երբ, զարմացած այս վերատիրէն, հարցուցի անոր թէ ես ինչո՞ւ հերետիկոս մըն էի, համարձակութեամբ պատասխանեց ինծի.

Վասն զի, մե՛ծ սատանայ, դուն կ՚արգիլես եղեր այս տղին կիները սիրել։ Դուն կրնա՞ս ատիկա արգիլել իրեն, երբ օրէնքը կը թոյլատրէ զայն։ Անէ՛ծք։

Շառքօ անոր քովը կը կենար եւ ըսածին հաւանութիւն կուտար գլխի շարժումներով։ Չափազանց գինով էր եւ, իւրաքանչիւր շարժումին կը ճօճէր, իբրեւ թէ իր անդամներուն պտուտակները ելած ըլլային։ Իր ստորին շրթունքը կախուած էր։ Իր պղտոր աչքերը ապուշ յամառութեամբ մը ինծի կը նայէին։

Ի՞նչ երեսնիս կը նայիս կոր։ Իր փարան իրեն վերադարձուր, պոռաց կինը քաջաբար։

Ի՞նչ փարա, հարցուցի զարմացած։

Իրե՛ն վերադարձուր, իրե՛ն վերադարձուր։ Քեզ ոստիկանութեան պիտի տանիմ։ Ե՛տ տուր նոյն հարիւր յիսուն ռուպլին՝ զոր Օտէսա իրմէն առիր։

Ի՞նչ պէտք էր ընել։ Այս սատանայ կինը, այդ գինով վիճակին մէջ, իրօք կրնար ոստիկանութիւնը գլխուս հաւքել, եւ այն ատեն գեղին իշխանութիւնը, անաչառ մեզ նման ճամբորդող մարդոց նկատմամբ, մեզ պիտի ձերբակալել տար։ Եւ ո՞վ կրնար Շառքօին ու ինծի համար ձերբակալման մը հետեւութիւնները նախատեսել։ Սկսայ ուրեմն դիւանագիտօրէն վարպետութիւն գործածել կնկան դէմ, ինչ որ իրօք մեծ ջանքի չկարօտեցաւ։ Գէշ աղէկ, երեք շիշ գինիով հանդարտեցուցի զինքը։ Գետինն ինկաւ սեխերուն մէջ ու քնացաւ։ Շառքօն պառկեցուցի, եւ յաջորդ օրը, առտուն կանուխ, գեղը թողուցինք, կինը ձգելով սեխերուն հետ։

Իրիկուան գինովութենէն հիւանդ, դէմքը թմթռկած ու ճմռթկած, Շառքօ անդադար կը թքնէր ու խորունկ կը հառաչէր։ Փորձեցի հետը խօսիլ, բայց պատասխան չէր տար ու միայն գլուխը կ՚երերցնէր յոգնած ձիու մը նման։

Արեւը կը տաքնար եւ օդը գրեթէ մինչեւ մեր ուսերը բարձրացող թանձր ու բարձր խոտով ծածկուած խոնաւ հողին արտաշնչութիւններովը տոգորուած էր։ Ամէն ինչ մեր շուրջը անշարժ էր. թաւշեայ կանանչ ծովը դէպ ի երկինք կը փչէր իր գլխի պտոյտ տալու աստիճան ուժգին հարուստ անուշահոտութիւնները …։

Ճամբան կարճեցնելու համար կը հետեւէինք նեղ արահետի մը, որուն վրայ կը սողային պզտիկ կարմիր օձեր, որ մեր ոտքերուն ներքեւ կը գալարէին։ Մեր աջին, հորիզոնին վրայ, ամպերու շղթայ մը կար, որոնց արծաթը արեւէն կը փողփոչէր. Տաղստանի լեռներն էին անոնք։ Լռութիւնը որ շուրջերնիս կը տիրէր, կը քնացնէր միտքը ու յուշիկ երազել կուտար։ Մեր ետեւէն, երկինքին վրայ, յամրօրէն ամպի սեւ սեւ պատառներ կը յառաջանային։ Իրարու հետ խառնուելով, մեր ետեւը երկինքը կը ծածկէին անոնք, մինչդեռ առջեւնիս ամէն ինչ պայծառ էր, թէեւ ամպի փերթեր փրթած՝ յեղակարծօրէն անջրպետին մէջ կը թռչէին, մեզ անցնելով եւ աւելի՛ դիմակաւորելով երկինքը։ Հեռուն շանթը կ՚որոտար եւ իր կատաղի թաւալումները միշտ իրարու կը մօտենային։ Անձրեւի խոշոր կաթիլներ սկսան իյնալ եւ խոտը ծեծել։ Եւ խոտը մետաղային հնչիւն մը դուրս կուտար։

Պահուելու տեղ չունէինք։ Ամէն ինչ խաւարեցաւ, եւ խոտին աղմուկը, թէեւ աւելի զօրաւոր, կարծես թէ վախով վարակուեցաւ։ Կայծակ մը փայլատակեց, ու ամպերը դողդղացին, կապոյտ կրակէն գրաւուած։ Յետոյ, նորէն, ամէն ինչ խաւարեցաւ եւ լեռներու արծաթափայլ շղթան կորսուեցաւ մթութեան մէջ։ Ծանր անձրեւ մը հեղեղի նման թափեցաւ, եւ, մէկ մէկու ետեւէ, շանթի հարուածները սկսան թաւալիլ, զարհուրելի ամայի տափաստանին մէջ։ Խոտը, կքած հովէն ու անձրեւէն, գետին կը պառկէր դալկահար։ Եւ ամէն ինչ կը դողար ու կը շարժէր։ Կուրցնող փայլակները ամպերը կը պատռէին…։ Իրենց կապոյտ փայլին մէջ, հեռուն, կը բարձրանար լեռնաշղթան, կապոյտ բոցերով հրանշոյլ, արծաթափայլ ու ցրտին, եւ, երբ փայլակները կը մարէին, ան ալ կ՚անհետանար, իբրեւ թէ սեւ անդունդի մը մէջ թաղուէր։ Ամէն ինչ կը գոռար, կը սարսռար, ձայները կը վանէր ու ծնունդ կուտար անոնց։ Կարծես թէ երկինքը, խռոված ու զայրացկոտ, կրակով երկիրը կը մաքրէր ամէն աղտեղութենէ, եւ թէ երկիրը այս մոլեգնութեան առջեւ սարսափէ կը դողար։

Շառքօ կը սարսռար եւ շլմորած շան մը պէս կը մրմռար։ Եւ ես ինքզինքս զուարթ կ՚զգայի, առօրեայ իրերէն վեր բարձրացած, մինչդեռ տափաստանին մէջ մրրիկին այս ուժգին ու թախծագին պատկերը կը դիտէի։ Հրաշալի քաօսը զիս կը յափշտակէր եւ իմ մէջ կը գրգռէր հերոսական տրամադրութիւն մը, որ հոգիս կ՚առնէր կը տանէր սարսափելի ու վայրենի ներդաշնակութեան մը մէջ։

Եւ ես ցանկացի անոր մասնակցիլ, որ եւ է կերպով արդարացնել իմ եռանդով զեղուն զգացումս այս խորհրդաւոր զօրութեան նկատմամբ, որ մթութեան ու ամպերուն կը յաղթահարէր. կապոյտ բոցը, որ երկինքը կը բռնկցնէր, կը թուէր այրիլ նաեւ իմ կուրծքիս տակ։ Բայց, ի՞նչպէս կրնայի արտայայտել իմ խռովութիւնս ու խանդավառութիւնս՝ բնութեան շքեղափառ տեսարանին առջեւ…։

Սկսայ եգել, բարձր, ամբողջ ուժովս։ Շանթը կ՚որոտար, փայլակները կը շողային, խոտը կը խշրտար եւ ես կ՚երգէի, եւ ինքզինքս բացարձակ խնամութեան մէջ կ՚զգայի այս բոլոր ձայներուն հետ…։ Խանդավառուած էի, ներելի զգացում, վասն զի անիկա ոչ ոքի կը վնասէր, բացի ինէ։ Այս կենդանի եւ հզօր գեղեցկութիւնը, այս զօրութիւնը որ շղթայազերծ կ՚ըլլար տափաստանին մէջ, զանոնք իմ մէջս ծծելու, ինքզինքս անոնց աւելի՛ մօտ զգալու բաղձանքով լեցուն էի…։ Փոթորիկը՝ ծովուն մէջ եւ մրրիկը տափաստանին մէջ։ Բնութեան մէջ ոչի՛նչ կը ճանչնամ աւելի շքեղ։

Կը պոռայի ուրեմն, հաստատապէս համոզուած թէ այսպէսով ոչ ոք անհանգիստ կ՚ընէի, եւ թէ, ոչ զոք զիս քննադատելու պէտքին մէջ կը դնէի, երբ, յանկարծ, մէկը բրտօրէն սրունքներս բռնեց, եւ ինկայ՝ ջրակոյտի մը մէջ նստած։ Շառքօ երեսս ի վեր կը նայէր, խիստ ու զայրացկոտ աչքերով։

Խե՞նդ ես։ Խենդ չե՞ս։ Այն ատեն՝ լռէ՛, մի պոռար։ Կոկո՛րդդ կը պատռեմ, կը հասկնա՞ս։

Զարմացայ եւ նախ հարցուցի իրեն թէ ի՛նչ բանի մէջ կը նեղէի զինքը։

Զիս կը սարսափեցնես կոր, հասկցա՞ր։ Կայծակը կը գոռայ, Աստուած կը խօսի, ու դուն կը պոռա՜ս…։ Ո՞վ կը կարծես ինքզինքդ։

Պատասխանեցի իրեն թէ ուզած ատենս երգելու իրաւունք ունէի, ինչպէս ինքն ալ։

Ե՛ս չեմ ուզեր, ըսաւ յայտնապէս։

Մի՛ երգեր, ըսի իրեն։

Դուն ալ պիտի չերգես, պատասխանեց ինծի Շառքօ խստութեամբ։

Եթէ նախամեծար համարիմ երգել…։

Մտիկ ըրէ, ի՞նչ կ՚երեւակայես ինքզինքդ, հարցուց Շառքօ զայրացած։ Ո՞վ ես դուն ուրեմն։ Ունի՞ս տուն մը, ունի՞ս մայր մը, հայր մը։ Ունի՞ս ազգականներ, հող։ Ո՞վ ես դուն այս աշխարհիս մէջ։ Կը մտածես թէ մա՞րդ մըն ես։ Մարդը՝ ե՛ս եմ։ Ե՛ս եմ ամէն ինչ ունեցողը։ Կուրծքին զարկաւ։ Ես իշխան մըն եմ, իսկ դուն, դուն բա՛ն մը չես, դուն ո՛չինչ ունիս։ Դուն «սա՛նկ եմ» կ՚ըսես։ Ո՞վ կրնայ գիտնալ։ Բայց զիս կը ճանչնան Քութայիսի ու Թիֆլիզի մէջ։ Կը հասկնա՞ս։ Ինծի դէմ մի՛ քալեր։ Ծառայէ՛ ինծի, գոհ պիտի ըլլաս։ Տա՛սն անգամը պիտի վճարեմ քեզի։ Ինծի համար ի՞նչ կ՚ընես կոր։ Ուրիշ կերպ չպիտի կրնայիր ընել. դո՛ւն իսկ կ՚ըսես որ Աստուած հրամայած է ծառայել առանց վարձատրութեան։ Եւ սակայն պիտի վարձատրեմ զքեզ։ Ինչո՞ւ կը չարչարես զիս, կը ձանձրացնես զիս, կ՚ահաբեկես զիս։ Կ՚ուզէիր որ քեզի՞ նման ըլլայի։ Ատիկա լաւ բան չէ։ Պէտք չէ որ զիս քեզի պէս ընես։ Է՜հ, է՜հ, գետի՛նն անցնելիք …։

Ու կը խօսէր, կը ծամծմէր, կը փչէր, կը հեծէր…։ Բերանս զարմացումէ բաց մնացած, երեսը կը նայէի։ Յայտնապէս դուրս կուտար զայրացումի, քինախնդրութեան ու դժգոհութեան զեղումը, մեր ճամբորդութեան տեւողութեանը միջոցին կուտակուած։ Աւելի՛ հասկնալի ըլլալու համար, մատը կուրծքիս կը դնէր, ուսս կը ցնցէր, եւ, իր ճառին ամենակարեւոր կէտերուն՝ ամբողջ մարմնովը վրաս կ՚իյնար։ Անձրեւը կը թրջէր զմեզ, շանթը կ՚որոտար մեր վերեւ ու Շառքօ, ինձմէ լսելի լինելու համար, կոկորդալիր կը պոռար։

Իմ դրութեանս եղերա-կատակերգութիւնը տեսայ եւ սկսայ մեծաձայն խնդալ։

Շառքօ թքաւ ու անդին դարձաւ։



[1]            Քօզաք ցեղապետ։