Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՄ ԸՆԿԵՐՍ
Բ

Վերջապէս Խրիմ հասանք։ Անցած էինք Սիմֆէրօփօլէն եւ Եալթայի վրայ կ՚ուղղուէինք։ Ես համր սքանչացումի մը մէջ էի՝ դէպի գեղեցկութիւնը այս հրաշալի երկրի խորշին, զոր ամէն կողմէ ծովը կը գգուէր։ Իշխանը կը հառաչէր, կը հեծեծէր, եւ իր շուրջը յուսահատ նայուածքներ նետելով, իր պարապ ստամոքսը կը փորձէր անսովոր պտուղներով լեցնել։ Փորձը միշտ յաջող չէր ըլլար եւ կ՚ըսէր ինծի նեղսրտութեամբ.

Եթէ ասիկա ինծի դպչելու ըլլայ, ի՞նչպէս աւելի հեռուն պիտի երթամ, հէ՜, չըսե՞ս։

Աշխատելու կարելիութիւնը չէր ներկայանար, եւ հինգ կուտ չունենալով հաց գնելու համար, կը սնանէինք պտուղներով եւ ապագայի յոյսերով։ Ու իշխան Շառքօ կ՚սկսէր արդէն երեսիս տալ իմ ծուլութիւնս եւ նախաձեռնութեան պակասս։ Տաժանելի կը դառնար, բայց ինչ որ զիս ամէնէն աւելի կը գրգռէր, այն պատմութիւններն էին, զոր կ՚ընէր իր արտակարգ ախորժակին մասին։ Կը պատահէր որ, երեք շիշ գինիով ոռոգուած «պզտիկ գառնուկ»ով մը կէս օրուան նախաճաշը ընելէ յետոյ, կրնար, ժամը երկուքին, իբրեւ ճաշ ուտել առանց ջանքի՝ երեք պնակ ապուր, ամբողջ պտուկ մը բրինձով եփուած ոչխարի միս, ահագին քանակութեամբ միս, ամէն տեսակ կովկասեան կերակուրներ, եւ այս բոլորին վրայ, խմել չափէն աւելի։ Օրերով կը խօսէր ինծի իր ճաշակներուն եւ իր որովայնամոլութեան ծանօթութիւններուն վրայ, կը ճառէր, լեզուն շաչեցնելով, աչքերը բոցափայլ, ակռաները սուր եւ կճռտուն, շնչելով ու աղմուկով կլլելով իր սովալլուկի շողիքները, որ առատօրէն կը ցայտէին իր պերճախօս շրթունքներէն։ Այն ատեն ինծի կը ներշնչէր զզուանք մը՝ զոր դժուարաւ կրնայի ծածկել իրմէն։

Օր մը, Եալթաի շրջակաները, վարձուեցայ պտղատու պարտէզ մը յօտելու. կանխաւ առի օրականս եւ ամբողջ այդ դրամով գնեցի միս ու հաց։ Երբ գնածներս բերի, պարտիզպանը կանչեց զիս, անոր մօտ գացի, ուտեստները ձգելով Շառքօին, որ մերժած էր աշխատիլ՝ գլխի ցաւ պատրուակելով։ Մէկ ժամէն վերադարձայ ու կրցայ ստուգել թէ Շառքօ չէր չափազանցած իր ախորժակի մասին։ Գնածէս՝ փշրանք մը բան չէր մնացած։ Բարի ընկերի գործ մը չէր ըրածը, բայց լռեցի, իմ դժբաղդութեանս համար, ինչպէս պիտի հասկցուի յետոյ։

Շառքօ նկատեց իմ լռութիւնս եւ իր ուզածին պէս շահագործեց զայն։ Այդ թուականէն սկսած, զարմանալիօրէն ծիծաղելի բան մը երեւան եկաւ։ Ես կ՚աշխատէի, եւ ան, զանազան պատրուակներու ներքեւ մերժելով աշխատութիւնը, կ՚ուտէր, կը քնանար եւ զիս կը քաշքշէր։ Ես Թօլսթօյի աշակերտ մը չեմ։ Ինծի ծաղրելի եւ տխուր կը թուէր, տեսնել այս կարչնեղ մանչը, որ ինծի կը նայէր անյագօրէն, երբ, աշխատանքէն ետքը յոգնած, իր մօտ կ՚երթայի շուքի մը անկիւնը։ Բայց ինչ որ աւելի ծաղրելի էր եւ աւելի տխուր, սա՛ էր թէ՝ անիկա զիս կը ծաղրէր աշխատելուս համար։ Կը ծաղրէր, վասն զի ինքն ալ սորվեր էր մուրալ եւ ես իր աչքին անկենդան կոճղ մըն էի։ Սկիզբները, երբ մուրացած էր, իմ առջեւս կը նեղուէր, բայց յետոյ, երբ Թաթար գիւղի մը մօտեցանք, իր պատրաստութիւնները իմ աչքերուս առջեւ ըրաւ։ Գաւազանի մը կը կրթնէր եւ սրունքին մէկը կը քաշքշէր, իբրեւ թէ ցաւ ունենար, լաւ գիտնալով թէ կծծի թաթարները բան չպիտի տային հուժկու երիտասարդի մը. վիճեցայ իրեն հետ, ապացուցանելով ըրածին ամօթը …։ Անիկա՝ կը խնդար։ Աշխատիլ չեմ գիտեր, կը պատասխանէր ինծի, կարճ մը։

Մանրախնայութեամբ կուտային անոր։ Այն ատեն կ՚սկսէր տանջուիլ։ Իւրաքանչիւր օր ինծի համար ճամբան աւելի՛ կը դժուարանար եւ իմ յարաբերութիւններս Շառքօին հետ աւելի անտանելի կը դառնային։ Հիմա անկուշտօրէն կը պահանջէր որ պահէի պահպանէի զինքը.

Դո՛ւն ես որ զիս կը տանիս կոր, տա՛ր ուրեմն նայիմ։ Միթէ ես այսքան երկար ճամբայ մը պիտի կրնա՞մ քալել։ Սորված չեմ։ Այս պատճառով կրնամ մեռնիլ։ Ինչո՞ւ կը տառապեցնես զիս, ինչո՞ւ զիս մեռցնել կ՚ուզես։ Ի՞նչ պիտի պատահի երբ մեռնիմ։ Մայրս պիտի լայ, հայրս պիտի լայ, իմ ընկերներս պիտի լան։ Այս որքա՜ն արցունք պիտի թափուի։

Առանց անհամբերութեան մտիկ կ՚ընէի ճառերը։ Ուղեղիս մէջ արտակարգ մտածում մը կ՚սկսէր սահիլ, եւ բոլոր ասոնց հանդուրժել կուտար ինծի։ Երբեմն, երբ կը քնանար, անոր քովը կը նստէի եւ դիտելով իր հանդարտ ու անշարժ դէմքը, կը կրկնէի ինքնին, իբրեւ թէ սկսէի բան մը գուշակել.

«Իմ ընկերս իմ ընկե՜րս …»։

Եւ, ուղեղիս մէջ սա մթին գաղափարը կ՚արթննար երբեմն թէ, Շառքօ իր իրաւունքը գործադրած կ՚ըլլար միայն, ինձմէ պահանջելով, այդքան վստահութեամբ ու կամքով, որ օգնեմ իրեն եւ հոգածութիւն ունենամ իր մասին։ Այս պահանջումին մէջ նկարագիր, ուժ կար։ Ասիկա կը նուաճէր զիս, եւ տեղի կուտայի անոր, ու կ՚ուսումնասիրէի զայն, դիտելով իւրաքանչիւր սարսուռը իր դիմագծութեան, ջանալով աչքի առջեւ բերել թէ ո՞ւր պիտի կանգ առնէր՝ օտար անձնաւորութեան մը վրայ իր այս ոտնձգութեան մէջ։ Անիկա՝ ինքզինքը շատ լաւ կ՚զգար։ Կ՚երգէր, կը քնանար եւ զիս կը ծաղրէր ուզած ատեն։ Երբեմն կը պատահէր որ մէկ կամ երկու օրի համար կը բաժնուէինք իրարմէ, ու տարբեր կողմեր կ՚երթայինք։ Զինքը կը պարէնաւորէի հացով ու դրամով, երբ ունենայի, եւ կ՚ըսէի իրեն թէ ո՞ւր պէտք էր սպասէր ինծի։ Երբոր գտնէինք զիրար, ինքը, որ զիս անվստահութեամբ ու արհամարհանքով ձգած էր, ուրախ զուարթ ինծի կը հանդիպէր, յաղթականօրէն, եւ միշտ ինծի կ՚ըսէր խնդալով, Կը խորհէի թէ միսմինակ առած քալած էիր, եւ թէ զիս լքած էիր, հա՜, հա՜, հա՜։

Անոր ուտելիք կուտայի, կը խօսէի տեսած գեղեցիկ քաղաքներուս մասին, եւ անգամ մը, Պաղչէսէրայի մասին Բուշքինէն քանի մը տող ոտանաւոր մէջ բերի։ Անոնք ո՛չ մէկ տպաւորութիւն չըրին իր վրայ։

Հէ՜, ոտանաւորներ …։ Երգեր պէտք են, չէ թէ ոտանաւորներ։ Ես կը ճանչնայի մարդ մը, վրացի մը, Մաթօ Լէկեավա, որ երգ երգել գիտէր։ Ի՜նչ երգեր։ Երբ կ՚երգէր ան, ա՜յ, ա՜յ, ա՜յ։ Եւ ուժով, շա՛տ ուժով կ՚երգէր ան, իբրեւ թէ կոկորդին մէջ դաշոյն մը դարձնէին…։ Օրին մէկը պանդոկապետ մը սպաննեց ու Սիպերիա ղրկուեցաւ։

Իմ վերադարձներէս իւրաքանչիւրէն յետոյ, իր համարումին մէջ մի՛շտ աւելի վար կ՚իյնայի եւ այդ բանը չէր կրնար ինէ ծածկել։

Մեր գործերը լաւ չէին երթար։ Հազի՜ւ կարելի կ՚ըլլար ինծի՝ շաբաթական ռուպլի մը ռուպլիուկէս վաստկիլ, եւ աս ալ բնականաբար շատ անբաւական էր երկու հոգիի համար։ Շառքօի առած ողորմութիւնները մեզի որ եւ է խնայողութիւն չէին ընել տար։ Իր ստամոքսը պզտիկ խորխորատ մըն էր, որ ամէն բան կը կլլէր, խաղող, սեխ, աղի ձուկ, հաց, չոր պտուղ, եւ այս խորխորատը կը թուէր ժամանակին հետ լայննալ եւ անընդհատ պահանջել աւելի շատ ընծաներ։ Շառքօ զիս կ՚ստիպէր թողուլ Խրիմը, իրաւամբ ըսելով թէ արդէն աշունը եկած էր եւ ճամբան դեռ երկար էր։ Համաձայնեցայ։ Բաց աստի Խրիմի այս մասը երկրախուզած էի արդէն, եւ մեկնեցանք դէպի Թէոդոսիա, յուսալով թէ վերջապէս հոն պիտի շահէինք այն դրամը՝ զոր միշտ չունէինք։ Վերստին պետք եղաւ պտուղներով ու ապագայի յոյսերով սնանիլ։

Հէ՜գ ապագայ։ Չափէն աւելի սպասուելո՛վ սպասուելով, գրեթէ իր բոլոր հմայքը կը կորսնցնէ ան՝ երբ ներկային կը վերածուի։

Գրեթէ քսան վերստ ճամբայ՝ Ալուշթան անցած ըլլալով, գիշերը կանգ առինք։ Համոզեցի Շառքօն հետեւիլ ծովեզերքին. այս ճամբան աւելի երկար էր, բայց կ՚ուզէի ծովուն օդը շնչել։ Կրակ վառեցինք ու քովը պառկեցանք։ Իրիկնամուտը հրաշագեղ էր։ Ծովը, մութ կանանչ, մեր ներքեւը ժայռերուն դէմ կը բաղխէր, կապուտակ երկինքը լուռ կը կենար յաղթականօրէն մեր գլխուն վերեւ, եւ մեր շուրջը յուշիկ կը խարշափէին խնկահոտ մացառուտներն ու ծառերը։ Լուսինը կը ծագէր։ Սօսիներու քմշոտ սաղարթներէն կ՚իյնային ստուերներ, ու քարերուն վրայ կը մագլցէին։ Ուժգնօրէն ու թափով՝ թռչուն մը կ՚երգէր։ Իր արծաթահնչիւն կլկլակները կը թափէին օդին մէջ, ալեակներուն քաղցր ու գգուող աղմուկովը լեցուն։ Եւ երբ թռչունը լռեց, միջատի մը ջղուտ քռիքռին լսուեցաւ։ Կրակը զուարթօրէն կը շողշողար եւ իր բոցը կը թուէր ըլլալ դեղին ու կարմիր ծաղիկներու մեծ փունջ մը։ Ան ալ կը յարուցանէր ստուերներ, որ խնդութեամբ կը պարէին մեր շուրջը, իբրեւ թէ իրենց աշխուժութիւնը ցուցադրէին, լուսնի յամր ստուերներուն առջեւ։ Օդին մէջ երբեմն արտակարգ ձայներ կը հնչէին։ Ջրեղէն լայն հորիզոնը ամայի էր, երկինքը անամպ, եւ, երկրին եզերքը, ինքզինքս կ՚զգայի դիտել Անհունը, այս կախարդիչ առեղծուածը…։ Գիշերուան վեհափառ գեղեցկութենէն արբշիռ, գոյներու, վանկերու եւ բուրմունքներու հրաշալի ներդաշնակութեան մը մէջ կը հալէի, օգոստափառ ներկայութեան մը վեհերոտ զգացումը հոգիս կը լեցընէր, եւ սիրտս կը դադրէր բաբախելէ, այնքա՜ն մեծ էր իմ ապրելու ուրախութիւնս։

Յանկարծ Շառքօ սկսաւ խնդալէն մարիլ։

Հա՛, հա՛, հա՛, ի՞նչ տխմար կերպարանք ունիս։ Կատարեալ ոչխար մը, հա՛, հա՛, հա՛։

Ահաբեկեցայ, իբրեւ թէ շանթը պայթած ըլլար գլխիս վերեւ։ Բայց ասիկա անկից աւելի գէշ էր։ Այո՛, թերեւս ծիծաղելի՝ բայց որքա՜ն նուաստացուցիչ է՜ր։ Ինքը, Շառքօն, լալու ասիճան կը խնդար, ես՝ ինքզինքս պատրաստ կ՚զգայի արտասուելու, ուրիշ պատճառով մը. կոկորդիս մէջ կարծես թէ քար մը կար, չէի կրնար խօսիլ եւ իրեն կը նայէի յիմար աչքերով, ինչ որ իր պոռթկացող անզուսպ զուարթութիւնը կ՚աւելցնէր։ Գետինները կը տապլտկէր, փորը սեղմելով, եւ ես չէի կրնար ինքզինքս փրկել այն անարգանքէն՝ որ ինծի եղած էր։ Այդ անարգանքը սոսկալի էր, եւ այն հազուագիւտ անձերը, որ, կը յուսամ թէ զայն պիտի հասկնան, իրենք ալ անցած ըլլալով նմանօրինակ յուզումներէ իրենց հոգիներուն մէջ այս ծանրութեան ճնշելը պիտի զգան նորէն։

Դադրէ՛, պօռացի, կատղած։

Սոսկաց, դողաց, այլ սակայն չկրցաւ կենալ։

Սաստիկ խնդուքէ մը բռնուած էր։ Այտերը կ՚ուռեցընէր, աչքերը կը խոլորէր եւ նորէն կը պայթէր։ Այն ատեն ոտքի ելայ ու հեռացայ իրմէն։ Երկար ատեն քալեցի, առանց մտածումի, առանց գիտակցութեան, առանձնութեան եւ նուաստացման թոյնովը լեցուն։ Ես ամբողջ բնութիւնը գրկած էի, եւ անոր սիրոյ լռին յայտարարութիւններ կ՚ընէի, այն սիրոյն՝ զոր պէտք է մարդ մը զգայ, երբ քիչ մը բանաստեղծ է, եւ ան, Շառքօի անձին մէջ, իմ խանդավառութեանս վրայ խնդալէն մարե՜ր էր։ Հեռուները գացած պիտի ըլլայի բնութեան, Շառքօի, եւ բոլոր իրերու կարգին դէմ իմ ամբաստանագրիս մէջ, եթէ արագ քայլեր չլսուէին ետեւէս։

Մի՛ բարկանար, ըսաւ Շառքօ ամօթապարտ երեւոյթով, մեղմիւ ուսիս դպչելով։ Կ՚աղօթէի՞ր կոր։ Չէի գիտեր։ Ես չեմ աղօթեր …։

Յանցանք գործող տղու մը երկչոտ շեշտովը կը խօսէր, եւ ես, հակառակ բոլոր գրգռայուզութեանս, չէի կրնար չտեսնել իր ողորմելի դէմքը, ծիծաղելիօրէն պրկուած վախէն եւ շփոթութենէն։

Իրաւ որ այլեւս անհանգիստ ընելու չեմ քեզի։ Ամենեւի՛ն։ Բացասականօրէն գլուխը կը շարժէր։ Կը տեսնեմ թէ դուն քաղցրաբարոյ ես, դուն կ՚աշխատիս… եւ թէ զիս չես աշխատցներ։ Ու ինքնիրենս կը հարցնեմ. ինչո՞ւ արդեօք…։ Ապահովապէս անոր համար որ ոչխարի մը նման տխմար է…։

Ասիկա կ՚ըսէր՝ զիս մխիթարելու համար։ Ինէ ներողութի՞ւն խնդրելու համար…։ Այն ատեն, բնականաբար, այս մխիթարութիւններէն ու չքմեղանքներէն յետոյ, ինծի կը մնար միայն ներել իրեն, ո՛չ միայն անցեալ, հապա նաեւ գալիք յանցանքները։

Կէս ժամ ետքը խորունկ կը քնանար, եւ ես նստած կը մնայի անոր մօտ, եւ զինքը կը դատէի։ Քունի մէջ, ամենէ՛ն զօրաւոր մարդը տկար եւ անպաշտպան կը թուի, եւ Շառքօ գթալի էր։ Իր խոշոր շրթունքները կիսաբաց էին եւ, իր բարձրացած յօնքերուն հետ իրեն երկչոտ զարմացման տղայական երեւոյթ մը կուտային։ Հանդարտօրէն շունչ կ՚առնէր, բայց երբեմն կ՚երերտկար ու կը խօսէր, վրացերէն լեզուով ամբողջ պարբերութիւններ կ՚ըսէր, աղաչաւոր ու տագնապոտ։ Մեր շուրջը կը տիրապետէր այն զայրագին հանդարտութիւնը, որմէ մարդ միշտ բան մը կ՚սպասէ, եւ որ, եթէ տեւէր, մարդս պիտի խենդեցնէր իր բացարձակ խաղաղութեամբն ու ձայնի կատարեալ բացակայութեամբը, ձայնը, շարժումին այս թրթռուն ստուերը։ Ալիքներուն անուշ աղմուկը չէր հասներ մինչեւ մեզի։ Կը գտնուէինք տեսակ մը խոռոչի մէջ, պաշտպանուած՝ փշուտ մացառներով որ քարացած անասունի մը մամռապատ երախին կը նմանէր։ Կը դիտէի Շառքօն ու կը խորհէի. «Ան իմ ընկերս է…։ Կրնամ զինքը հոս ձգել, բայց չեմ կրնար հեռանալ իրմէն, վասն զի իր անունը լէգէոն է ։ Անիկա իմ ամբողջ կեանքիս ընկերն է, անիկա ինծի պիտի ընկերանայ մինչեւ գերեզման»։