Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՄ ԸՆԿԵՐՍ

Որքա՛ն կը մօտենայինք Թիֆլիզի, այնքա՜ն Շառքօ մտազբաղ ու լուռ կը դառնար։ Իր նիհարցած բայց միշտ անդրդուելի դէմքին վրայ փոփոխութիւն մը տեղի ունեցած էր։ Ո՛չ հեռուն Վլատիքավքասէն, Չէրքէզներու գիւղ մը մտանք եւ եգիպտացորենի հունձքին համար վարձուեցանք։

Երկու օր աշխատելէ յետոյ Չէրքէզներուն մօտ, որ գրեթէ ռուսերէն չէին գիտեր, զմեզ կը ծաղրէին ու իրենց լեզուով կ՚անարգէին, որոշեցինք թողուլ ագարակը, բնիկներու յարաճուն գրգռութենէն ահաբեկած։ Գրեթէ տասը վէրսդ հեռացած էինք, երբ Շառքօ յանկարծ իր շապիկին մէջէն դուրս քաշեց մուսլինի կտոր մը, եւ զայն յաղթականօրէն ինծի ցոյց տալով գոչեց.

Ա՜լ աշխատելու պէտք չունինք։ Կը ծախենք ասիկա եւ մեզի բոլոր պէտք եղածը կը գնենք։ Մինչեւ Թիֆլիզ կը բաւէ մեզի, կը հասկնա՞ս։

Բարկութենէս՝ ինքզինքէս դուրս ելած էի, եւ անոր ձեռքէն խլելով մուսլինը, մէկ կողմ նետեցի եւ ետեւս նայեցայ։ Չէրքէզները երբե՛ք կատակ չեն ըներ։ Քանի մը օր առաջ Քօզաքները հետեւեալը պատմած էին մեզի. մուրացկան մը, թողլով այն ագարակը, ուր աշխատած էր, երկաթէ դգալ մը հետը կը տանի։ Չէրքէզները կը բռնեն զայն, կը խուզարկեն, եւ դգալը գտնելով, գողին փորը դաշոյնով մը կը բանան, դգալը մէջը կը մխեն ու հանդարտօրէն կը մեկնին, մարդը ձգելով տափաստանին մէջ, ուր Քօզաքներ կը գտնեն զինքը կիսամեռ։ Անոնց այս պատմութիւնը ընելով կը մեռնի, մինչդեռ զինքը գիւղը կը փոխադրէին։ Քազաքները քանիցս ազդարարած էին մեզի զգուշանալ Չէրքէզներէն, ու միեւնոյն տեսակէն քանի մը կրթիչ պատմութիւններ պատմած էին, զորս լրջօրէն չնկատելու ոչ մէկ պատճառ չունէի։

Յիշեցի զանոնք Շառքօին։ Առջեւս կայնած էր, զիս մտիկ կ՚ընէր, եւ, մէկէն ի մէկ, լուռ, ակռաները ցուցնելով ու աչքերը թթուեցնելով, վրաս յարձակեցաւ, կատուի ոստումով մը։ Գրեթէ հինգ վայրկեան ուժով մը իրարու բաղխեցանք, եւ վերջապէս Շառքօ բարկութեամբ ինծի պոռաց.

Բաւակա՜ն է։

Երկուքս ալ յոգնած, լուռ կը կենայինք, դէմ դէմի նստած։ Շառքօ գթալի կերպով կը նայէր դէպ ի այն ուղղութեամբ՝ ուր նետած էի կարմիր մուսլինը, եւ ըսաւ վերջապէս.

Ինչո՞ւ ծեծկուեցանք, վա՜յ, վա՜յ, աւանակութի՛ւն է ըրածնիս, քենէ՞ գողցայ միթէ։ Ի՞նչ պատճառով կը բարկանաս կոր։ Քու վրադ կը գթայի կոր, անոր համար գողցայ…։ Դուն կ՚աշխատիս, մինչդեռ ես չեմ գիտեր աշխատիլ…։ Ի՞նչ կը մնայ ինծի ընել, կ՚ուզէի օգնել քեզի… ցէ՜, ցէ՜։

Ջանացի բացատրել իրեն թէ ի՛նչ է գողութիւն մը։

Կը խնդրեմ որ ձայնդ կտրես։ Քու գլուխդ փայտի պէս է, ըսաւ ինծի արհամարհանքով ու, յետոյ բացատրեց. Եթէ մեռնելիքդ իմանայիր, գողութիւն պիտի ընէիր, չէ՞։ Ասանկ ապրի՞լ կ՚ըլլայ։ Ձայնդ կտրէ՛։

Վախնալով որ զինքը աւելի կը գրգռեմ, լռեցի։ Գողութեան երկրորդ պարագան էր աս։ Առաջին անգամ, երբ Սեւ ծովուն վրայ էինք, յոյն ձկնորսներէ գրպանի կշիռ մը խլած էր։ Այն ատե՛նն ալ քիչ մնաց պիտի ծեծկուէինք։

Լա՛ւ ուրեմն, յառաջանանք, ըսաւ, երբ երկուքս ալ հանդարտեցանք ու հանգստացանք. ու հաշտուեցանք իրարու հետ։

Ճամբանիս շարունակեցինք։ Ամէն օր Շառքօ աւելի մթին կը դառնար, ինծի կը նայէր անհեթեթ դէմքով մը ու վարէն։ Անգամ մը, երբ Տարիալի կիրճէն անցնելով Կուտաուրը կ՚իջնէինք, ինծի ըսաւ.

Տակաւին մէկ կամ երկու օր, ու Թիֆլիզ պիտի հասնինք…։ Ցէ՜, ցէ՜, ըրաւ լեզուովը, ու հրճուանքով զուարթացաւ։ Տուն պիտի հասնիմ։ «Ո՞ւր էիր։ Ճամբորդեցի»։ Բաղնիք պիտի երթամ, հա՜, շա՛տ մը պիտի ուտեմ։ Ա՜հ, շա՜տ։ Պիտի ըսեմ մօրս. «Ուտելու մեծ ախորժակ ունիմ»։ Հօրս պիտի ըսեմ. «Ներէ՛ ինծի։ Շատ վիշտեր կրեցի, շատ բաներ տեսայ, տեսակ տեսակ բաներ։ Թափառաշրջիկները պատուակա՛ն մարդիկ են»։ Երբ անոնցմէ մէկին հանդիպիմ, անոր ռուպլի մը պիտի տամ, գինետուն պիտի տանիմ զինքը, ու պիտի ըսեմ իրեն «գինի խմէ՛, ե՛ս ալ թափառաշրջիկ եղած եմ»։ Քու մասիդ ալ պիտի խօսիմ հօրս… «Ահա՛ մարդ մը։ Ինծի անդրանիկ եղբօր տեղ ծառայեց։ Ինծի տաղտկալի խրատներ տուաւ։ Զիս տփեց, շու՛նը…։ Զիս կերակրեց։ Եւ հիմա, պիտի ըսեմ իրեն, դո՛ւն պէտք է որ կերակրես զինքը։ Կերակրէ՛ զինքը տարի մը։ Տարի՛ մը, անկից պակաս չէ՛»։ Կը հասկնա՞ս, Մաքսի՛մ։

Կը սիրէի իրեն այդպէս խօսիլը լսել։ Այն ատեն՝ մանկական ու պարզ բան մը ունէր։ Ու նմանօրինակ ճառերը զիս կը շահագրգռէին շատ աւելի որովհետեւ մէկը չէի ճանչնար Թիֆլիզի մէջ եւ թէ ձմեռը կը մօտենար. արդէն Կուտաութի վրայ, փոթորիկը բռնած էր զմեզ։ Շառքօի վրայ յոյսեր մը ունէի։

Փութով կը յառաջանայինք։ Ահա՛ Մցխէդ, Իբէրիայի հին մայրաքաղաքը, վաղը՝ Թիֆլիզ պիտի ըլլանք։

Հեռուէն, գրեթէ հինգ վէրսդէն, նշմարեցի Կովկասի մայրաքաղաքը, սեղմուած՝ երկու լեռներու մէջ։ Ճամբորդութեան վախճա՛նն էր աս…։ Տարտամօրէն երջանիկ էի ես։ Շառքօ՝ անտարբեր էր։ Տխմար աչքերով առջեւը կը նայէր, մերթ ընդ մերթ իր անօթիի շողիքը կը թքնէր, ու ամէն վայրկեան փորը կը բռնէր ցաւի դիմածռումով մը։ Անխոհեմօրէն մեծ քանակութեամբ հում բողկ կերած էր, զոր ճամբան քաղած էինք։

Միտքէդ կ՚անցընե՛ս թէ ես, ազնուական վրացի մը, քաղաքս պիտի մտնեմ, լուս աչքով, այսպէս աղտոտ ու թափթփուած վրագլխով։ Ո՛չ, մինչեւ իրիկուն կ՚սպասենք։ Կեցի՛ր։

Պարապ շէնքի մը պատին մօտ նստանք, եւ իւրաքանչիւրս վերջին գլանիկ մը փաթթելով, ցրտէն դողդղալով, ծխեցինք։ Վրաստանի զինուորական ճամբուն վրայ կծու եւ ուժգին հով մը կը փչէր։ Շառքօ, նստած, իր ակռաներուն մէջէն տխուր երգ մը կ՚երգէր…։ Կը մտածէի գաղջ սենեակի մը ու այն միւս առաւելութիւններուն վրայ զոր ունի հաստատուն կեանքը՝ բաղդատմամբ թափառական կեանքին։

Երթա՛նք, ըսաւ Շառքօ, հաստատամիտ երեւոյթով մը ոտքի ելնելով։

Օրը տարաժամած էր։ Քաղաքը իր լոյսերը կը վառէր։ Սիրուն էր. լոյսերը, իրարու ետեւէ, կը ցատքէին, չես գիտեր ո՛ւրկից, մթութեան մէջ՝ որ գաղտագողի կը մուշտակապատէր հովիտը՝ որուն խորը քաղաքը կը ծածկուէր։

Մտիկ ըրէ։ Սա գլխանոցդ տուր որ դէմքս կարենամ ծածկել…։ Որպէս զի բարեկամներ զիս չճանչնան, թերեւս։

Տուի գլխանոցս։ Օլկինսքայա փողոցին մէջն էինք։ Շառքօ անվախ երեւոյթով մը կը սուլէր։

Մաքսի՛մ, հո՛ն, վարը, թրամուէի կայարանը կը տեսնե՞ս։ Սա՛ կամո՞ւրջը, հո՛ն գնա կեցիր, կը խնդրեմ, սպասէ ինծի, տուն մը պիտի մտնեմ, բարեկամի մը լուր պիտի հարցնեմ իմիններէս, հօրմէս, մօրմէս…։

Չպիտի ուշանաս, հէ՞։

Վայրկեան մը… յետոյ կը վերադառնամ։

Արագօրէն պզտիկ, նեղ ու մթին փողոցի մը մէջ նետուեցաւ ու աներեւութացաւ… յաւէտ։

Ա՜լ բնաւ չհանդիպեցայ այս մարդուն, իմ ընկերոջս՝ գրեթէ կեանքիս չորս ամիսներու միջոցին։ Բայց յաճախ իր վրայ կ՚երազեմ, բարի զգացումով մը ու զուարթ ծիծաղով մը։

Անիկա ինծի սորվեցուց շատ մը բաներ, զոր մարդ չի գտներ իմաստուններուն գրած ամէնէն խոշոր գրքերուն մէջ, վասն զի կեանքի իմաստութիւնը միշտ միշտ աւելի խորունկ է ու աւելի լայն՝ քան իմաստութիւնը մարդերուն։