ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆԱԿԱՆ
ԴՊՐՈՑԸ
[1]
Դժուարին
է
յատկանշել
գրական
բնաշրջութիւն
մը
այն
պահուն՝
ուր
տակաւին
պտուղները
անստոյգ
են,
երբ
ծաղկումն
իսկ
չէ
աւարտած
ամբողջ
մրգաստանին
մէջ։
Կանխահաս
ծառեր,
ուշ
մնացող
ծառեր,
կասկածելի
ծառեր
կան,
եւ
զոր
չպիտի
ուզէինք
տակաւին
ամուլ
անուանել,
—
այսպէս՝
մրգաստանը
շատ
այլազան,
շատ
հարուստ,
չափազանց
հարուստ
է,
—
սաղարթներու
թանձրութիւնը
ստուեր
կը
պատճառէ,
եւ
ստուերը
գունաթափ
կ՚ընէ
ծաղիկներն
ու
կը
տժգունէ
պտուղները։
Այս
ճոխ
ու
խաւարակուռ
մրգաստանին
մէջն
է
որ
պիտի
շրջագայինք,
վայրկեան
մը
նստելով
ամենէն
զօրաւոր,
ամենէն
գեղեցիկ
կամ
ամենէն
հաճելի
ծառերուն
բունին
տակը։
Եթէ
արժանի
կը
դառնան
անոնք
իրենց
կարեւորութեամբ,
իրենց
հարկաւորութեամբ,
իրենց
պատեհադիպութեամբ,
գրական
բնաշրջումները
անուն
մը
կ՚ստանան,
խիստ
յաճախ
այս
անունը
ճիշդ
նշանակութիւն
չունենար,
բայց
օգտակար
է
ան,
անիկա
կը
ծառայէ
իբրեւ
կապակցութեան
նշան
անոնց՝
որ
կընդունին
զայն
եւ
իբր
նպատակակէտ
անոնց
որ
զայն
կուտան.
այսպէս
կը
կռուին
զուտ
բառական
լաբարոնի
մը
շուրջը։
Ի՞նչ
կը
նշանակէ
ռօմանթիսմ։
Աւելի
դիւրին
է
զգալ
քան
բացատրել
զայն։
Ի՞նչ
կը
նշանակէ
սէմպօլիսմ
(symbolisme,
խորհրդանշանակութիւն
։)
Երբ
անձուկ
ու
ստուգաբանական
իմաստին
նայինք՝
գրեթէ
բան
մը
չի
նշանակեր,
եթէ
այդ
տեսակէտը
մէկ
կողմ
թողունք,
այն
ատեն
կրնայ
նշանակել
անհատապաշտութիւն՝
(individualisme)
գրականութեան
մէջ,
արուեստի
ազատութիւն,
լքում՝
ուսուցուած
բանաձեւերու,
ձգտում
դէպի
ինչ
որ
նոր
է,
արտակարգ
ու
նոյն
իսկ
անհեթեթ,
անիկա
դեռ
կրնայ
նշանակել
նաեւ՝
գաղափարապաշտութիւն
(idéalisme)
արհամարհանք՝
ընկերային
զուարճախառն
պատմութեան,
հակաբնապաշտութիւն,
ձգտում
մը՝
կեանքին
մէջէն
առնելու՝
մի
միայն
յատկանշական
մանրամասնութիւնը,
ուշադրութիւն
ընծայելու՝
մի
միայն
այն
արարքին՝
որով
մարդ
մը
կը
զանազանուի
ուրիշ
մարդէ
մը,
իրագործել
ուզելու՝
արդիւնքներ
միայն,
էականը
միայն
վերջապէս,
բանաստեղծներուն
համար
սէմպօլիզմը
կը
թուի
կապուած
ըլլալ
ազատ
ոտանաւորին
(vers
libre)
այսինքն՝
խանձարրազերծ
ոտանաւորին,
եւ
որուն
մատղաշ
մարմինը
կրնայ
ուզածին
պէս
խայտալ,
դուրս
ելած
պնդակտաւներու
եւ
կապկապանքներու
անհանգստութենէն։
Բոլոր
ասոնք
քիչ
յարաբերութիւն
ունին
բառին
վանկերուն
հետ,
—
վասն
զի
պէտք
չէ
թոյլ
տալ
ակնարկելու՝
թէ
սէմպօլիզմը
ուրիշ
բան
չէ
բայց
եթէ
ձեւափոխումը
հին
այլաբանութեան
կամ
գաղափար
մը՝
մարդկային
էակի
մը,
դաշտանկարի
մը,
պատմուածքի
մը
մէջ
անձնաւորելու
արուեստին։
Այդպիսի
արուեստ
մը
ամբողջ
արուեստն
է,
նախակարգային
ու
յաւիտենական
արուեստը,
եւ
այս
հոգէն
ազատած
գրականութիւն
մը՝
անորակելի
պիտի
ըլլար.
անիկա
պիտի
ըլլար
ոչինչ,
գեղեցկագիտական
նշանակութեամբ՝
համարժէք
հաւի
մը
կրկռուքներուն
կամ
ցիռի
մը
զռինչին։
Գրականութիւնը
իրօք
ուրիշ
բան
չէ
բայց
եթէ
գաղափարին
արուեստագիտական
ընդլայնումը,
խորհրդանշանացումը
գաղափարին՝
երեւակայական
հերոսներու
միջոցով։
Կեանքը
կ՚ուրուագծէ
միայն
հերոսները,
կամ
մարդերը
(վասն
զի
իւրաքանչիւր
մարդ
հերոս
մըն
է
իր
շրջանակին
մէջ).
արուեստն
է
որ
կ՚ամբողջացնէ
զանոնք,
ի
փոխարէն
իրենց
խեղճուկ
հիւանդ
հոգիին,
տալով
անոնց
անմահ
գաղափարի
մը
գանձը,
եւ
ամենէն
խոնարհը
կրնայ
կոչուած
ըլլալ
այս
մասնակցութեան,
եթէ
ընտրուած
է
մէծ
բանաստեղծի
մը
կողմէն։
Ի՜նչ
խոնարհ,
սա
Ենէասը,
զոր
Վիրգիլիոս՝
հռովմէական
զօրութեան
գաղափարն
ըլլալու
բոլոր
ծանրութեամբ
կը
բեռնաւորէ,
եւ
ի՜նչ
խոնարհ
սա
Տօն
Քիշօթը՝
որուն
Սէրվանթէս՝
միեւնոյն
ատեն
Ռօլանը
եւ
Էմօն
չորս
զաւակները,
Ամատիսը,
Բալմէռէնը,
Թռիսթանը
եւ
Թապլը
ռօնտի
բոլոր
ասպետներն
ըլլալու
սարսափելի
բեռը
հարկադիր
կ՚ընէ։
Խորհրդանշանականութեան
պատմութիւնը՝
պիտի
ըլլար
պատմութիւնն
իսկ
մարդուն,
քանի
որ
մարդը
չի
կրնար
գաղափար
իւրացնել
առանց
խորհրդանշանի
ձեւին
վերածելու
զայն։
Պէտք
չէ
պնդել,
վասն
զի
պիտի
կրնայինք
կարծել
թէ՝
խորհրդանշանականութեան
երիտասարդ
հաւատացեալները
կ՚անգիտանան
մինչեւ
իսկ
Vita
Nuova
ն
եւ
Պէադրիզէի
այն
անձը՝
որուն
քնքուշ
եւ
անարատ
ուսերը
ուղիղ
կը
կենան
սակայն
խորհրդանշաններու
այն
բարդ
բեռին
ներքեւ՝
որոնցմով
կը
բեկէ
զայն
բանաստեղծը։
Ուսկից
եկած
է
ուրեմն
այն
պատրանքը՝
թէ
գաղափարին
խորհրդանշանացումը
(
symbolisation
)
նորութիւն
մըն
էր։
Ահաւասիկ։
Այս
վերջին
տարիներու
միջոցին,
գաղափարի
քամահանքին
ու
խորհրդանշանի
արհամարհանքին
վրայ
հիմնուած
գրականութեան
շատ
լուրջ
փորձ
մը
ունեցանք։
Ծանօթ
է
անոր
տեսականը
որ
խոհարարական
կը
թուի,
առէք
կեանքի
շերտ
մը
եւայլն։
Պ.
Զոլա
ինք
հնարեց
այս
նուսխայագիրը
եւ
մոռցաւ
գործածելու
զայն։
Իր
«Կեանքի
շերտերը»
թանձր
ու
դանդաղ
քերթուածներ
են,
տղմաթաթաւ
ու
աղմկալից
քնարերգութեամբ
մը,
ժողովրդային
ռօմանթիզմ,
ռամկավարական
խորհրդանշանականութիւն,
բայց
լեցուն
գաղափարով
մը,
միշտ
այլաբանական
նշանակութեամբ
մը
յղի
ինչպէս
Ժէռմինալ,
որ
կը
նշանակէ
հանքը,
ամբոխը,
գործադուլը։
Գաղափարապաշտ
ընդվզումը
չկանգնեցաւ
ուրեմն,
բնապաշտութեան
գործերուն
դէմ
(բայց
եթէ՝
վարնոց
գործերուն
դէմ),
այլ՝
կանգնեցաւ
ընդդէմ
անոր
տեսականին
կամ
մանաւանդ
ընդդէմ
անոր
յաւակնութեան.
վերադառնալով
արուեստին
յառաջագոյն
յաւիտենական
պիտանութիւններուն,
ընդվզողները
կարծեցին
հաստատել
նոր
եւ
նոյն
իսկ
անակնկալ
գաղափարներ.
գրականութեան
մէջ
գաղափարը
վերականգնելու
իրենց
կամքը
դաւանելով,
ըրածնին
ուրիշ
բան
չէր
եթէ
ոչ
վերստին
ջահը
վառել,
միեւնոյն
ատեն,
անոր
շուրջը,
շատ
մըն
ալ
պզտիկ
աշտանակներ
վառեցին։
Նոր
գաղափար
մը
իրօք
հատ
մը
կայ
անկից
որ
նորերս
մտաւ
գրականութեան
ու
արուեստին
մէջ.
անիկա՝
բոլորովին
բնազանցական
եւ
բոլորովին
à
priori
(ըստ
երեւոյթին)
ճշմարտութիւն
մըն
է
բոլորովին
մատաղ,
քանի
որ
մէկ
դարու
կեանք
ունի
եւ
իրաւամբ
նոր,
քանի
որ
տակաւին
գեղեցկագիտական
կարգին
մէջ
գործածուած
չէր։
Այս
ճշմարտութիւնը,
աւետարանական
եւ
հրաշալի,
ազատարար
ու
վերանորոգիչ,
աշխարհի
գաղափարականութեան
սկզբունքն
է
ան։
Մարդուն
նկատմամբ,
—
խորհող
ենթակայ,
—
աշխարհը,
ինչ
որ
եսին
արտաքին
է,
գոյութիւն
ունին
միայն
այն
գաղափարին
համեմատ՝
զոր
անոնց
մասին
կը
կազմէ
ան։
Երեւոյթներ
միայն
կը
ճանչնանք
մենք,
երեւոյթներու
վրայ
միայն
կը
բանադատենք,
ամէն
ըստ
ինքեան
(en
soi)
ճշմարտութիւն
կը
խուսափի
մենէ,
իսկութիւնը
անձեռնմխելի
է։
Ահա
ինչ
որ
Շօբէնհաուէր
ռամկացուց
սա
այնքան
պարզ
ու
յստակ
ձեւին
ներքեւ.
աշխարհ
իմ
ներկայացումս
է։
Չեմ
տեսներ
ինչ
որ
է.
ինչ
որ
է՝
այն
է՝
զոր
ես
կը
տեսնեմ։
Որքան
խորհող
մարդիկ
կան,
այնքան
զանազան
ու
գուցէ
տարբեր
աշխարհներ
կան։
Այս
վարդապետութիւնը,
զոր
Քանդ
կէս
ճամբան
ձգեց,
նաւաբեկութեան
մատնուած
բարոյականին
օգնութեան
նետուելու
համար,
այնքա՛ն
գեղեցիկ
ու
այնքա՛ն
ճկուն
է
որ,
կարելի
է
զայն
փոխադրել,
առանց
խաթարելու
անոր
ազատ
տրամաբանութիւնը,
տեսականէն
գործնականին,
նոյն
իսկ
ամենէն
պահանջկոտ
գործնականին,
տիեզերական
սկզբունք
ազատագրութեան
ամէն
մարդու՝
որ
կարող
է
հասկնալ։
Միայն
գեղեցկագիտութիւնը
չէ
որ
յեղաշրջած
ըլլայ
ան,
բայց
հոս
խնդիրը
գեղեցկագիտութեան
վրայ
է։
Առձեռն
գրքոյկներու
մէջ
տակաւին
գեղեցկին
սահման
մը
կուտան.
աւելի
հեռուն
երթալով՝
կուտան
այն
ֆօռմիւլները՝
որոնցով
արուեստագէտ
մը
գեղեցկին
արտայայտութեան
կը
հասնի։
Ճեմարաններ
կան
ուր
կուսուցանեն
այս
ֆօռմիւլները
որոնք
ուրիշ
բան
չեն
եթէ
միջինն
ու
համառօտութիւնն
հնագոյն
գաղափարներու
կամ
գնահատումներու։
Գեղեցկագիտութեան
մէջ
տեսականները
ընդհանրապէս
մութ
ըլլալով,
անոնց
կը
կպցնեն
օրինակը,
անթերի
իտէալը,
հետեւելի
մօտելը։
Այս
ճեմարաններուն
մէջ
(եւ
քաղաքակիրթ
աշխարհը
ոչ
այլ
ինչ
է
բայց
եթէ
ընդարձակ
ճեմարան
մը)
ամէն
նորութիւն
հայհոյական
կը
նկատուի,
եւ
ամէն
անձնական
ստորասում՝
յիմարական
արարք
մը
կ՚ըլլայ։
Պ.
Նորտաու,
որ
անհեթեթ
համբերութեամբ
մը,
ամբողջ
ժամանակակից
գրականութիւնը
կարդացած
է,
ամէն
մտաւորական
անհատապաշտութեան
համար՝
տգեղօրէն
կործանարար
սա
գաղափարը
տարածեց
թէ՝
անհամակերպութիւնը
(non
comformisme)
գլխաւոր
ոճիրն
է
գրագէտի
մը։
Ուժգնօրէն
կը
տարբերին
մեր
կարծիքները։
Գրագէտի
մը
համար
գլխաւոր
ոճիրը՝
համակերպութիւնը,
նմանողականութիւնը,
հպատակութի՛ւնն
է
կանոններուն
եւ
ուսուցումներուն։
Գրագէտի
մը
գործը
պէտք
է
ըլլայ
չէ
թէ
միայն
ցոլքը,
այլ՝
խոշորցած
ցոլքը
իր
անձնականութեան։
Միակ
չքմեղանքը՝
զոր
մարդ
պիտի
ունենար
գրելով,
կը
կայանայ՝
ինքզինքը
գրելուն,
ուրիշներուն
պարզելուն
մէջ
տեսակը
այն
աշխարհին
զոր
կ՚անդրադարձնէ
իր
անհատական
հայելին.
իր
միակ
չքմեղանքը՝
իսկատիպ
ըլլալն
է.
պարտաւոր
է
ըսել
տակաւին
չըսուած
բաներ,
եւ
ըսել
զանոնք՝
տակաւին
չձեւաւորուած
ձեւի
մը
ներքեւ։
Անիկա
պարտի
ինքնիրեն
ստեղծել
իրեն
յատուկ
գեղեցկագիտութիւնը,
—
եւ
մենք
պարտաւոր
պիտի
ըլլանք
ընդունիլ
այնքան
գեղեցկագիտութիւններ՝
որքան
գոյութիւն
ունին
իսկատիպ
մտքեր,
եւ
դատել
զանոնք,
ըստ
այնմ
որ
են
անոնք
եւ
ո՛չ
թէ
անոր
համեմատ
որ
չեն
անոնք։
Ընդունինք
ուրեմն
թէ
խորհրդանշանակութիւնը,
—
նոյնիսկ
չափազանց,
նոյնիսկ
անդէպ,
նոյնիսկ
յաւակնոտ,
—
արտայայտութիւնն
է
արուեստին
մէջ
անհատապաշտութեան։
Այս
չափազանց
պարզ
բայց
յստակ
սահմանը
առժամապէս
պիտի
բաւէ
մեզի։
Յետագայ
կենդանագիրներու
շարքին
մէջ,
կամ
աւելի
ետքը,
անշուշտ
առիթը
պիտի
ունենանք
զայն
ամբողջացնելու.
իր
սկզբունքը
պիտի
ծառայէ
նաեւ
առաջնորդելու
զմեզ,
դրդելով
փնտռելու,
չէ
թէ
սոսկալի
կանոններու,
բռնապետական
աւանդութիւններու
համեմատ
ինչ
որ
պարտ
էին
ընել
նոր
գրողները,
բայց
ինչ
որ
ուզած
են
ընել
անոնք։
Գեղեցկագիտութիւնը,
ինքն
ալ,
անձնական
տաղանդ
մը
դարձած
է,
ոչ
ոք
իրաւունք
ունի
կազմ
պատրաստ
գեղեցկագիտութիւն
մը
ուրիշին
հարկադիր
ընելու։
Արուեստ
մը
միմիայն
իրեն
հետ
կրնանք
բաղդատել,
բայց
օգտակար
եւ
արդար
ըլլալով
ծանօթագրել
անհամանմանութիւնները,
պիտի
ջանանք
նշանակել,
չէ
թէ
ինչ
բանի
մէջ
իրարու
կը
նմանին
«նոր
եկողները»
բայց
թէ
ի՛նչ
բանի
մէջ
իրարմէ
կը
զանազանին
անոնք,
այսինքն
թէ
ինչ
բանի
մէջ
գոյութիւն
ունին
անոնք,
վասնզի
գոյութիւն
ունենալ՝
կը
նշանակէ
տարբերիլ։
Գծելով
այս
կենդանագիրները,
չենք
ուզեր
յաւակնիլ
թէ
անոնց
մեծ
մասին
մէջ
մտածման
ու
արուեստի
(technique)
յայտնի
նմանութիւններ
գոյութիւն
չունին,
—
անխուսափելի
իրողութիւն,
բայց
այնքան
անխուսափելի՝
որ
զուրկ
է
շահեկանութենէ։
Ոչ
ալ
կը
սպրդեցնենք
թէ
այս
ծաղկումը
ինքնաբուղխ
է.
ծաղիկէն
առաջ՝
հունտը
կայ,
ինքն
ալ՝
ծաղիկէ
մը
ինկած։
Այս
երիտասարդ
տղաքները
հայրեր
ու
վարպետներ
ունին,
ինչպէս
Պօտըլէռ,
Վիլիյէ
տը
Լիլ
—
ատան,
Վէռլէն,
Մալառմէ
եւ
ուրիշներ։
Ի՜նչ
յիմարութիւն
կարծել
թէ
կ՚արհամարհենք
երէկուանները։
Ո՞վ
ուրեմն
աւելի
հիացիկ
ու
աւելի
դրանիկներու
շրջանակ
մը
ունի
քան
Սթէֆան
Մալառմէ
[2]
։
Ու
միթէ
մոռցուա՞ծ
է
Վիլիյէն։
Երեսի
վրա՞յ
ձգուած
է
Վէռլէնը։
Այս
պայմաններու
մէջ
ուրեմն
կը
բանանք
մեր
ալպօմը,
զայն
ներկայացնելով
ընթերցողին
հետաքրքրութեան։
«Արեւելեան
Մամուլ»,
1903,
Ապրիլ
12,
թիւ
15,
էջ
345-349
[1]
Սկսելէ
առաջ
Դիմակներու
գրքին
պատկերաշարն
ներկայացնել,
անհրաժեշտ
կը
համարիմ
թարգմանել
նախ
անոր
յառաջաբանը։
Հոն
ընթերցողը
շատ
պայծառ
ու
գոհացուցիչ
ծանօթութիւններ
պիտի
քաղէ
խորհրդանշանական
դպրոցի
մասին։
Յաճախ,
ինչպէս
Տը
Կուռմօն
այնքան
լաւ
մատնանիշ
ըրած
է,
դպրոցներու
դռներուն
վրայ
փակցուած
պիտակները,
նկատուած
միմիայն
իրենց
ընթացիկ
իմաստին
տեսակէտէն,
շփոթ
ու
սխալ
գաղափարներ
թելադրած
են։
Անոր
համար
է
որ
սէմպօլիզմը
ուղղակի
միայն
խորհրդապաշտութիւն
եւ
ռօմանթիզմը
ռօմանականութիւն
կամ
աւելի
մեծ
սխալով
մը՝
վիպականութիւն
չի
նշանակեր,
ինչպէս
յաճախ
թարգմանած
են
նոյնիսկ
շա՛տ
բանգէտ
ճանչցուած
պատուելիներ։
–
Ա.
Յ.
[2]
Մալառմէն
ալ
երկու
տարիէ
ի
վեր
մեռած
է։
–
Ծ.
Թ.