Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՉԻՖԹԷ-ՍԱՐԱՖ

Հաճոյքով կ՚հրատարակենք մեր մեծայարգ աշխատակցին սոյն ներկուռ յօդուածը, զոր պատրաստած է մօտերս հրատարակելի գրքի մ՚իբրեւ յառաջաբան ծառայելու։  Այս գիրքն է մեր սիրուած աշխատակիցներէն Չիֆթէ-Սարաֆի Միամիտի մը Արկածները , որ լոյս պիտի տեսնէ 1-2 շաբաթէն Վ. եւ Հ. Տէր Ներսէսեան Տպարանէն բոլորովին նորանշան եւ պերճ տպագրութեամբ մը։

Ծ. Խ.

Այս պերճաշուք եւ մեծակառոյց անունը՝ պատկառելի ու տպաւորիչ բան մը ունի իր մէջ։ Անիկա ոսկեձոյլ պատուանդանն է, որուն վրայ կը բարձրանայ ողիմպիական կիսաստուածը, սէգ, անզգած ու խաղաղաւէտ։ Չիֆթէ-Սարաֆ՝ կարճ մը, ատիկա կը բաւէ զինքը որոշելու համար ամբոխին մէջ կամ այլուր, զինքը չշփոթելու համար երկրորդական աստուածութիւններու հետ, անմահներու պանդէոնին մէջ։ Չիֆթէ-Սարաֆ՝ մեր նոր գրողներուն ամէնէն աւելի բարեվայել հանդիսացողն է պատուանդանին յայտարար ոսկեղէն բարձրութեան։ Ունայնասիրութիւնը լիովին ու արդարապէս մարդկային է։ Շատեր կան այդպիսի սէրերով տոգորուն, բայց քիչեր արժանի են պատուանդանին բարձրակառոյց մեծութեան։ Չիֆթէ-Սարաֆ, օրուան խեղճ գրականութեան մէջ, այս հազուագիւտ վերջիններէն է, տաղանդ ունի եւ գրել գիտէ, ինքզինքը կը ճանչնայ եւ իր արժանապատուութիւնը յարգել տալ գիտէ։

Իր մուտքը, գրականութեան մէջ, յայտնութիւն մը եղաւ։ Ինքը բնաւ չնմանեցաւ գրողներու այն տեսակին, որոնց գրական դանդաղ ու խարխափոտ աշկերտութեան տարիներով հանդիսատես կ՚ըլլանք, եւ օր մը կը դժուարանանք այլեւս հաստատելու անոնց տաղանդին իրական հասունութիւնը։ Անոնք միշտ մեր աչքին համար կը մնան երէկի տղաքը, զորս մինչեւ վերջը արհամարհանքով դիտել՝ չարամիտ ու նենգաւոր հաճոյք մըն է։ Չիֆթէ-Սարաֆ՝ աղմուկով բացաւ դուռները, իր ըրածը լաւ գիտցող ու ինքզինքն աղէկ ճանչցող մարդու մը անձնավստահութեամբ։ Եւ առաջին վայրկեանէն, բոլոր ուշադրութիւնները գրաւած էր։ Իրաւամբ, դեռ շատ քիչ բան միայն գրած էր, երբ հիւրընկալուեցաւ Բիւզանդիոն ին մէջ։ Ասիկա ինքնին ուշագրաւ էր։ Բիւզանդիոն քիչ մը այն միակ թերթն է այսօր որ, երբեմնի օրաթերթ Մասիսին նման, իր մուտքը խստօրէն կը պաշտպանէ սկսնակներու խարխափոտ քայլերուն դէմ։

Չիֆթէ-Սարաֆ՝ սովորական նորեկ մը չէր։ Իրեն համար արժանապատուութեան խնդիր էր ուրիշներուն ըրածէն տարբեր բան մը ընել։ Չէր կրնար հասարակ տեղիքներու մէջ դեգերիլ։ Ուստի եւ ունեցաւ իսկատիպ ու նորօրինակ կողմեր։ Նախ՝ լեզուական նորաստեղծութիւններ փորձեց։ Աշխարհաբարը, գրական աշխարհաբարը, յանկարծական ու շեղ ոստումով մը, դուրս հանել կը ջանար բնաշրջութեան ճամբէն։ Քերականական յանդգնութիւններ ուզեց ներմուծել, որք իրենց արտառոցութիւններով ուշադրութիւն կը գրաւէին։ Շինեց նոր բառեր, յանդուգն կազմութեամբ, յետոյ նաեւ՝ ուզեց որ ամէն ֆռանսերէն բառ համապատասխան հայերէն մը ունենայ անպատճառ։ Ասիկա՝ օտար լեզուի մը նկարագիրը քիչ մը մեր հայերէնին հարկադիր ընելու եղանակ մը չէ՞ միթէ։ Անմոռանալի է իր՝ Պուրժէի Le Discipleին թարգմանութիւնը, ուր իր լեզուական բոլոր իսկատպութիւնները լայնօրէն գործադրուած են։ Կովակառքը միշտ պիտի յիշեմ։ Դիտելի է որ Պոլսեցիները յաճախ իրարու հետ կը շփոթեն կովն ու եզը։ Բայց եզին տակ հորթ փնտռելու այս սովորութիւնը, որ նոր չէ, հոս գէթ ոչինչ ունի չարամիտ։ Չիֆթէ-Սարաֆ, յանուն իր լեզուական իսկատպութիւններուն, պայքար իսկ մղեց երբեմն, վիշտ ու զայրոյթ պատճառելով մեր լեզուին աւանդութիւններուն յարգանքովը տոչորուող բազմաթիւ պատուելիներու, տիրացուներու, ժամկոչներու։ Չիֆթէ-Սարաֆ՝ ուխտեալ թշնամին է այս դասակարգի անվնաս մարդոց։

Բայց բոլոր իր այս նորեռանդութիւններն ապարդիւն չմնացին։ Հակառակ անոր որ ինքն իսկ այսօր զգալի կերպով ամոքած ըլլալ կը թուի իր առաջին օրուան խանդին մէջ, խոհական, փափկանկատ, ազնուաբարոյ եւ ճէնթլմէն գրագէտ մըն է Չիֆթէ-Սարաֆ. օրուան գրականութեան մէջ քաղաքացիութեան իրաւունք ձեռք բերած մէկէ աւելի սիրուն բառերու հայրութիւնը իրն է։ Գրելակերպ, ապրելակերպ, եւ այլն, ջուրի պէս կը գործածուին այսօր։ Դրսերեւոյթ բառը, որ ֆռանսերէն extérieurին կը համապատասխանէ, խիստ լաւ է։ Բայց ինչ որ մասնաւորապէս ուշադրութիւնս կը գրաւէ մինչեւ այսօր, սա՛ է թէ, Չիֆթէ-Սարաֆ՝ լեզուն արուեստի պայմաններէն նկատելու մտահոգութենէն հեռու է։ Այսպէս, Պոլսահայ ռամիկ կամ ժողովրդային աշխարհաբարին արտասանական մասնաւորութիւնները, տարականոն ասութիւնները, օտար դրացի լեզուներէ ներմուծուած յատկաբանութիւններ, օտար բառեր, ֆռանսաբանութիւններ՝ զիրար կ՚արմնկահարեն իր պարբերութեան մէջ։ Այս խառնակ ու խաժամուժ cosmopolitismeը՝ աններդաշնակ է։ Լեզուներն ունին անհատական նկարագիր մը, որուն մէջ է իրենց ներքնուրոյն արժանիքը։ Օտար պատուաստումներ, օտարոտի ներմուծումներ՝ կրնան գալ խառնուիլ լեզուի մը, անոր բնաշրջութիւնը դիւրացնելու, անոր կենսականութիւնը սնուցանելու եւ պահպանելու համար։ Օտար տարրերու արշաւանքին առաւելակշռութիւնը, խանգարումն ու այլասերումն է անհատական նկարագրին՝ որ կը կացուցանէ լեզուի մը հարազատութիւնն ու գեղեցկութիւնը։

Չկարծէք, սակայն թէ Չիֆթէ-Սարաֆ այս տարօրինակութիւններուն պատճառով միայն դէմք մըն է, մեր գրականութեան մէջ։ Նոյն իսկ՝ ո՛չ Միամիտի մը Արկածներուն պատճառով, զորս իբրեւ գիրք հրապարակ կը հանէ այսօր։

Կը յիշուի թէ Միամիտի մը Արկածները նշանաւոր են իրենց բերած գայթակղութեամբ։ Անոնք երբեմն աղմուկ հանեցին ու պարկեշտ հոգիները խռովեցին իբր «անբարոյական գրականութիւն», ինչպէս սովոր է ըսել։ Չիֆթէ-Սարաֆ, որ իսկապէս մանաւանդ գրագէտ մըն է քան բարոյագէտ, «անբարոյական» գրականութիւնը պարտաւորուեցաւ պաշտպանել բարոյագէտի խանդավառութեամբ։ Հանճարամիտ ու գեղեցիկ յօդուածներ գրեց, ուր բարոյական շիճադարմանումի մը կարելիութեան թէոռին կը պարզէր։ Շիճուկը, այո՛, հրաշքներ կը գործէ, քանի որ աչքի առջեւ ունինք Բասթէօռը, Տոքթ. Ռուն, Մէչնիքոֆը։ Բայց Պէհրէ՞նկը, բայց Քո՞խը։ Շիճադարմանումը, իբր մէթոտ, անստգիւտ է։ Միայն թէ՝ շիճուկ կայ, շիճուկ ալ կայ։ Իմ մասիս, ես չեմ հաւատար սեռային անպարկեշտութեան կամ հեշտական բնազդներու դէմ նախազգուշական շիճուկի մը։ Այս ախտերը նմանաբուժօրէն չեն դարմանուիր։ Այդ յուռութքին վատթար ազդեցութիւններուն աւելի կը հաւատամ, վասն զի այնքա՛ն դիւրագրգիռ են մարդկային մեծ բնազդները։ Չիֆթէ-Սարաֆ, որ Միամիտի մը Արկածները գրած է առաւելապէս յագուրդ տալու համար իր զգայասէր գրագէտի ճաշակներուն, իր մասին չի կրնար մտածել բնաւ մարդկութիւնը զգաստացնել իր նախնական հզօրագոյն բնազդներուն մոլորանքին մէջ։

Միամիտի մը Արկածները շարք մըն են դէպքերու, ուր տոհմիկ սերունդէ անառակ մը, անսովոր անգաղտնապահութեամբ մը, իր սիրային արկածները կը պատմէ։ Ի՞նչ տարօրինակ տղայ է այդ տղան։ Միեւնոյն ատեն ծիծաղելի է ու արգահատելի, հիանալի է ու նախանձելի։ Այս նորօրինակ Տօն Ժուանը՝ մոգական յուռութք մը կը կրէ իր վրայ։ Իր ամէն քայլափոխին, կնոջ մը գեղեցիկ ու տխուր մարմինը կը բախի իր ոտքերուն։ Ոչ ո՛ք աւելի աննկարագիր, տկար ու կնամարդի է քան այդ պանծալի միամիտը։ Ի՞նչ կը փտնռեն ու կը գտնեն կիներն այդ մարդուն մօտ։ Առնական զօրաւոր հոգի՞ մը՝ զոր չունի բնաւ, թէ փայլուն իմացականութիւն մը՝ զոր ունի այնքան ծանծաղ։ Յովհաննէս Տոհմիկ՝ ոսկիներով ծանրաբեռնուած գեղադէմ պարապութիւն մըն է, ահա՛ իր արժանիքը։ Այս ոսկեզօծ դիւրաբեկ ոստղին վրայ անհամար ճնճղուկներ կ՚իյնան ու կը տապլտկին զինաթափ։ Ու թերեւս կինը ոչ այլ ինչ է բայց եթէ փոփոխամիտ ճնճղուկ մը՝ զոր կը խաբեն ոսկեզօծ ոստղերով։

Յովհաննէս Տոհմիկի շնական համարձակախօսութիւնը շուարեցնող բան մը ունի։ Որով եւ հակառակ իր բարի կամ բարոյական վերջաւորութեան, ռոմանթիք ու վերացական հոգիներ կան, ո՛րք միշտ պիտի խորշին «անբարոյական» այդ գրականութենէն։ Ասիկա քիչ մը հասկնալի է։ Պանիրը, որ այնքան համեղ է, մածունը՝ որ սնունդներէն ամէնէն փառաւորներէն է, չէ՞ք գիտեր թէ պանիր չուտողներ ու մածուն չուտողներ կան։ Բայց անբարոյական գրականութեան վտանգին դէմ ամէնէն աւելի յուզուողներն ապահովաբար անոնք են որ շահ մը ունին իրենք զիրենք խիստ մաքուր հոգիներ ցոյց տալու կանխամտածութեան մէջ։ Իրենց պատմութիւնը՝ փարիսեցիին կամ Թառթիւֆին յաւիտենական պատմութիւնն է։ Մժղուկները կը քամեն եւ ուղտերը համետով միասին կը կլլեն։ Թառթիւֆ, Տօռինին հետ, որ քիչ մը համարձակ բարքով սպասուհի մըն է, խօսելու դժնդակ պատեհութեամբ մը, խորապէս վիրաւորուած է իր պարկեշտ մարդու ամօթղածութեան մէջ, եւ խօսքը ուղղելով Տօռինին, կ՚ըսէ.

A vant que de parler prenez-moi ce mounchoir,

Comment!

Couvrez ce sein que je ne saurais voir.

Ու գիտէք թէ ի՞նչ բաներով ապացուցած է Թառթիւֆ՝ իր անմեղուկ ու ջերմեռանդ մարդու տրամադրութիւնները։

Բայց ես՝ «անբարոյական գրականութեան» խնդիրը սովորական տեսակէտէն չեմ ըմբռներ։ Անբարոյական գրականութիւնն այն չէ ապահովաբար որ անուղղակի կերպով սեռային բնազդներն ալ հրահրելու նկարագիր մը ունի։ Բայց իրաւամբ անբարոյական գրականութիւնն այն է որ կը միտի կանխամտօրէն չարաշահութիւն ի գործ դնելու՝ յոռի եւ ախտավարակ բնազդներու վրայ։ Մեծապէս անբարոյական է նաեւ կեղծապարիշտ ու շողոմարար այն գրականութիւնը՝ որ իր անխոստովանելի ծածկամտութիւնները գիտէ պարտկել այնքան խաբեպատիր դրսերեւոյթի մը ներքեւ։ Արուեստի գործի մը բարոյական ազդեցութիւնները կախուած են ընթերցողին ներքին բարոյական տրամադրութիւններէն ու հակումներէն։ Թոյն-դաշոյնական վէպի մը մէջ պատմուած հնարագիտութիւն մը՝ կարող է ճարտարամիտ չարագործ մը հրահանգել իր մտադրութիւններուն մէջ, իսկ ազնիւ հոգի մը՝ նողկանքով համակել։ Գեղեցիկ մերկութիւն մը կրնայ, զինքը նկատող աչքին տրամադրութիւններուն, հասկացողութեան աստիճանին համեմատ, գիջական հակամիտութիւններ զարթուցանել կամ զմայլանքի եւ հեշտութեան բեղուն արբեցութիւն մը պարգեւել։ Ingresի մերկերը եւ Ռաֆայէլի Աստուածամարները զիրենք դիտող աչքերուն համեմատ նշանակութիւն ունին։

Չիֆթէ-Սարաֆ՝ բղջախոհութեան գրագէտ մըն է ուրեմն, բայց անբարոյականութեան գրագէտ մը չէ։ Աստղկան խնամակալութեան ներքեւ սաղմնաւորուած ու ծաղկած հոգի մըն է, այդքան միայն։ Այն գրականութիւնը զոր կ՚ընէ՝ անկեղծ է, քանի որ իր խառնուածքին գրականութիւնն է ան, ինչպէս է Զոլայինը։ Պուրժէինի, Բռէվօինը որոնց մօտ մտադիր յաճախումի մը մէջ հասունցած է իր տաղանդը։ Կը թուի թէ մեր մէջ ոչ ոք իրմէ աւելի լաւ կը ճանչնայ արդի ֆրանսական վէպը։

Չիֆթէ-Սարաֆ իրապաշտ գրագէտ մըն է։ Իրականութիւնը՝ իր անմիջական արտաքին առարկայական զգալիութեան մէջ, ահա՛ իր տեսնելու եւ բացատրելու անհատական եղանակը։ Իր նկարչութիւնը, վասնզի նկարչական վրձին մը ունի ինքը, մտադիր, մանրախոյզ ու չէզոք ընդօրինակումն է երեւցող աշխարհին։ Խորհուրդը ու առնչութիւններու զգացումը, որ անշունչ իրերը կը կենդանացնեն ու կը նոյնացնեն, իրեն համար չեն։ Չիֆթէ-Սարաֆ գրագէտի լաւ յատկութիւններ ունի։ Դիտող է, մանրամասնող է ու անխոնջ եւ ճարտար պատմող։ Բծախնդիր աշխատող մըն է եւ գրականութիւնը կը նկատէ ու կը սիրէ իբրեւ այն որ անիկա մին է այն մէկ քանի ազնուական զբաղումներէն՝ որք մարդը կը մեծցնեն, կը բարձրացնեն։ Իր գրական գործունէութիւնը բեղուն է արդէն իսկ, հակառակ անոր որ իր առաջին ինքնագիր գործը այսօր միայն հրապարակ կ՚ելնէ։ Գրած է գեղեցիկ նորավէպեր, որոնցմէ անմոռանալի է հիանալի հերքումը ։ Խիստ ուշագրաւ են իր Պոլսական տեսարաններ ը, իրապաշտ, մանրախոյզ ու համբերատար վրձինով աշխատուած, եւ իր Եւրոպայի մէջ պտոյտներ ը, որք մեր գրականութեան համար նոր սեռ մը կը կացուցանեն, ու կը կազմեն շահեկան շարք մը։

Չիֆթէ-Սարաֆ ազնուապետական բնազդներ ունի։ Կը նողկայ արդի լրագրութեան ռամկութիւններէն, վարնոցութիւններէն, ջլթիկութիւններէն, զոր կը գտնէ այնքա՜ն անբարոյական, այն անգամ իրաւամբ, աւա՜ղ, ու տղայական։ Ինչո՞ւ այնքան քիչ կը գրէ այլեւս։ Կախումներու, տխմար պահանջկոտութիւններու եւ զիջումներու նուաստացուցիչ հարկէն զերծ մնալու եղանա՞կ մը արդեօք։ Թերեւս։ Այն ատեն՝ ոսկեձոյլ պատուանդանին անմերձենալի բարձրութիւնը պիտի ապահովէ իրեն բեղուն առանձնութիւն մը՝ որուն առաջին ուշագրաւ արդիւնքներէն մին է ապահովաբար Միամիտի մը Արկածները ։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1907, 31 Հոկտեմբեր, թիւ 44