Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԸՆԹԱՑԻԿ ԱՐԺԷՔՆԵՐ

Վերջին ժամանակներս՝ ընթացիկ բարոյականին հարցը սուր հանգամանք առած է օրուան մամուլին մէջ։

Մի՛ կարծէք սակայն թէ խնդիրը իմաստասիրօրէն բարոյականին բնութիւնը սահմանելուն կամ անոր հիմունքները խարսխելուն մէջ պիտի կայանար։ Զուտ իմաստասիրական հարցերուն դժուարին ու յոգնեցուցիչ ճաշակը չունինք մենք։ Ձանձրութիւնը կ՚արժէ՞ր։

Բարեբաղդաբար համեստ ըլլալ գիտենք, ուստի եւ գանգատներ, մեղադրանքներ, մոլեռանդութիւններ միայն կան մեր մէջ։

Օրինակի համար՝ պատուական գիտուններ, իրենց անհատական կեանքին անբասիր յիշատակին մէջ՝ անկրօնութեան, հետեւապէս անբարոյականութեան պարսաւանքով կ՚անարգուին, ներողամտութեան գերագոյն պաշտամունքին նուիրուած բերաններէ, (այս տեսակ սրբազան հակասութիւններու հինաւուրց վարժութիւնն ունինք), եւ ազատախոհներ՝ սեւ ու ճերմակ պատկառելի մօրուքներու խրտուիլակին ու խորհրդապահ քղանցքներու սարսափին ենթարկուած կը տեսնեն ինքզինքնին, միամտօրէն մոլեռանդ կանխադատութեան մը priorisme) կողմէն։ Ու խղճին ազատութեան պատուական սկզբունքը՝ տագնապի երկվայրկեան մը կ՚անցնէ։

Զարմանալի վիճաբանութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Եւ քանի որ խնդիրը կրօնական ալ է, հրաշքներ իսկ։ Բինկեանցի Տէր Հայրը, (պիտի ներէ՞ր), իր ութը ամպարիշտ ընդդիմախօսներուն մէկիկ մէկիկ պատասխանելու քրիստոնեավայել համբերութիւնը կ՚ունենայ։

Ամէնուն մէջ սակայն ինծի կը թուի թէ ամուր տգիտութիւն մը ու պակասաւոր գիտակցութիւններ՝ իրենց նախապաշարումներուն ու մոլեկան կիրքերուն բարկենդանը կը ցուցասիրեն, աղուոր միամտութեան մը անպարտութեան մէջ։

Եթէ այս հասարակաց մակարդակէն՝ մտքի համեստ թռիչքով մը մարդ ինքզինքը դէպի բարձրը կեցած տեսնելու գիտակցութիւնն ունենար, չեմ գիտեր թէ տեսարանը զուարճալի՞ պիտի ներկայանար թէ տխուր։ Թերեւս՝ ճաշակներուն ու տրամադրութիւններուն համեմատ։ Իմ մասիս, առանց յաւակնութեան, ես շատ զուարճալի չեմ գտներ զայն։ Ընդհակառակը, ներսս բողբոջ տուող հեգնութիւնը՝ դառն ու թունաւոր բան մը ունի իրեն մէջ։

Սկսելու համար, աչքի առջեւ ունենանք այն պատրաստ գաղափարներէն մէկ քանին, որոնց վրայ ընթացիկ բարոյականը կը հիմնէ իր կեղծիքի ու ստութեան զաղփաղփուն ապարանքը։

Լսած եմ մարդիկ, որ անկեղծութեամբ պնդած են թէ պապականութի՛ւնը միայն արքայութիւն կը տանի։ Ասիկա՝ հաւատք մըն է, մաքուր ու անկեղծ կրօնական հաւատք մը։ Ամպարշտութիւնը գործէի՞նք հիմա նկատողութեան առնելու թէ՝ կրօնական այդ հաւատքները քիչ մը շատ բազմաթիւ են։

Ուրեմն, կարգ մը հաւատացողներու համեմատ, Արքայութիւն եւ Դժոխք՝ ստեղծողին կողմէն աննախատեսուած ճարտարապետական փոփոխութիւններու պիտի ենթարկուին։ Դժուար բան, հիմեր քանդել ու գմբեթներ ձեւափոխել։ Նոր ու աւելի՛ մեծահանճար Տանթէի մը պէտք պիտի ունենայ յաւիտենական չարչարանքին ապագայ շէնքը։

Խնդիրն ատ չէ սակայն։ Ասիկա ըսողները՝ դժբաղդ մարդկութեան մէկ երջանիկ փոքրամասնութիւնը կը կազմեն։

Անդին՝ մեծամասնութիւնը կայ, որ աւելի թոյլատու հաւատքի մը համեմատ կ՚ըսէ թէ՝ «առանց կրօնքի՝ բարոյական չկայ»։ Գիտէք թէ կրօնքները՝ բազմաթիւ են, եւ խնդիրը կրօնքի մը վրայ է միայն։ Ասիկա շա՛տ գեղեցիկ հասարակ տեղիք մըն է։ Ասկից կը բղխին հետեւեալներուն նմանները, «ազատախոհները, անկրօնները, անաստուածները՝ զուրկ են բարոյականութենէ». կամ խնդրին իբրեւ թէ իմաստասիրական գոյն մը տալով, «հոգեպաշտութիւնը (spiritualisme)՝ խնամի բարոյականին, նիւթապաշտութիւնը՝ դաշնակից անբարոյականութեան»։

Ո՞վ չէ հաւտացած այս ճշմարտութիւններուն անեղծութեան։ Եւ արդէն միթէ ներելի՞ էր բնաւ կասկածիլ թէ՝ ճշմարտութիւնը կրնար եղծանելի կամ վիրաւորելի ըլլալ։

Ահա՛ սակայն չուկէտը՝ բոլոր մեծ կործանումին։

Իմաստութեան ամբողջ սկիզբը՝ առաջին անվախութիւն մըն է։ Անկից անդին՝ մարդկային իմացականութիւնը իր կազդուրիչ եւ առողջարար վարժութիւնները կ՚ընէ ազատ ու մաքուր օդի մը մէջ, հեռու աղտոտ համախմբումներու նեխութիւններէն։

Հոն, Աստուծոյ կանխակալ վախին սահմանափակ ու խիստ իմաստութեան մէջ, ոչ ո՛ք պէտք է մտքէն անցնէ թէ՝ հնօրեայ եւ ընթացիկ արժէքներ (valeur) կան, այլ եւս ոսկեզօծ պղնձէ դրամի մը գնահատութեամբը պիտակուած, ու յաւիտենական ճշմարտութիւններ՝ իրենց նուիրական հիմերուն մէջ խախտուած։ Իմացական Աւանդութեան աւերակներուն վրայ՝ նոր կառուցումներ կը յատակագծուին, վասն զի հին մտքին անկասկած վստահութեամբ քունը՝ շատ աղէտալի եղած է մարդկութեան։

Առնե՛նք քրիստոնէութիւնը. քանի որ Բինկեանցի քահանան հոն է դեռ։

Եթէ իրողութիւններուն աննախապաշար յստակատեսութիւնն ունինք, պիտի նկատենք թէ՝ Քրիստոս եւ քրիստոնէութիւն տարբեր բաներ են այսօր, ընթացիկ իրականութեան մէջ։

Յիսուս՝ գիտուն մը կամ փիլիսոփայ մը չէր։ Անիկա՝ իսկատիպ բարոյագէտ մըն էր, գեղեցիկ ու մեծ Երազի մը, գերագոյն իտէալի մը պաշտամունքին նուիրուած եզական անհատականութիւն մը։ Իր վարդապետութիւնը, քննական իմաստասիրութեան յայտնութիւններուն համեմատ, Փիլոնեան գաղափարային նախարտակի մը կատարելագործումը կամ պուտտայականութեան վառիանթ մը, հակամարդկային ու գերբնական է, հետեւապէս՝ անգործադրելի։ Յիսուսի բոլոր արժանիքը՝ իր անձին մէջն է։ Իր գիրքը, Աւետարանը, այս մաքուր ու աստուածային կեանքին դիւցազներգութիւնն է, հաւատքին խորունկ միամտութեամբը գեղեցկացած ու լուսապսակուած։ Անոնք որ Յիսուսը քննադատած ու պարսաւած են, իր վարդապետութեան՝ իբրեւ հակաընկերական կրօնք առաջ բերած տխուր հետեւանքները միայն տեսած են։ Ատկից առաջ իր անձը կար, իր գաղափարին արբուցիչ գեղեցկութեան ու իր հոգիին հերոսական մեծութեան մէջ։ Պէտք է զանազանութիւնը տեսնել, Յիսուսի լուսաւոր կենսագրութիւնը կայ, ու քրիստոնէութեան մթին ու արիւնոտ պատմութիւնը կայ։

Եւ իբրեւ եզրակացութիւն հարկ է ըմբռնել թէ, այս անհատական իսկատիպ հանճարին կարելի չէ հետեւիլ, առանց ստութեան ու միջակութեան մէջ իյնալու։ Չէ՞ք տեսներ ուրեմն թէ քրիստոնէութիւնը Յիսուսի կեանքին կեղծարարութիւնն է։ Այս ռամիկ քապօթինաժը, այս պժգալի բանագողութիւնը՝ քաւութիւն ու արդարացում չունին բնաւ։ Ամէն օր զինքը կը խաչենք, իր յիշատակին դաւադրելով, վասն զի մեր տխուր կեանքին պայմանն է ասիկա, ու կուրութիւնն ունինք հաւատալու թէ իր գծած լուսաւոր շաւիղը մեր ամպարիշտ ոտքերը կ՚առաջնորդէ։ Քրիստոս միայն ապրեցաւ քրիստոնէութիւնը։ Մնացեալը ինքնախաբէութիւն մըն է, որով մարդկութեան մէկ մեծ մասը իր տխուր հոգին կը սնուցանէ։

Ես, երազողներու յետինը, հլու պաշտամունքն ունիմ մեծ միամիտ երազողին, ու կը ծնրադրեմ իր անձին նուիրակութեանը առջեւ։ Աս տիպարը եզական տիպար մըն է։

Բայց հոգիիս բոլոր անկեղծութեամբը կը բողոքեմ, երբ մարդիկ բաւականութիւն կուտան իրենց աղքատ գիտակցութեան, Յիսուսի կեանքին ու անոր խօսքին անճարակ եւ ստորնացնող cabotinageը ցուցադրելով։

Այս սրբազան խաբէութիւնը՝ անկեղծ ու աննկատ հոգիներուն զզուանքն ու յուսահատութիւնն է։

Մեծ անհատականութիւնները կէտ առ կէտ չեն ընդօրինակուիր։ Երբ մարդ այդ վտանգաւոր փորձին կը ժպրհի, կը նուաստացնէ ու հմայաթափ կ՚ընէ նախատիպը՝ իր իսկական արժէքին ու մեծութեան մէջ։ Իտէալ մը աղտոտել, իտէալ մը ձեւազեղծ ընել, զանի ջլթիկ միջակութեան մը վերածելէն աւելի պիղծ ոճիր չեմ ճանչնար ես։

Իսկ եթէ Յիսուսի բանը կրնայ նաեւ պարունակել կարգ մը սկզբունքներ, որոնք ընդունակ են մարդկութեան ընկերական կեանքի քայլերը ուղղելու, ատիկա եզական բան մը չունի իր մէջ։ Իրմէն առաջ ու իրմէն ետքը ըսուած են խօսքեր՝ որոնք կեանքի նոյնիմաստ գործնական առածներու խրատներ են։ Աւետարանը չունի այն մենաշնորհի իրաւունքը, զոր կ՚ուզեն տալ անոր իբրեւ գործնական բարոյականի ուղեցոյց։ Աւետարանին միակ ու անձեռնմխելի մենաշնորհը ճշտիւ այն անհետեւելի ճամբան է, ուրկից ինքը քալեց երկնային երազին վսեմ գաղափարողը։ Մարդկութիւնը իր ընթացիկ ռամկութիւններէն դուն ուրեք կը բարձրանայ աստուածային ոլորտներու։ Հազուագիւտ անհատականութիւնները միայն կը խիզախեն այդ անջատ ու անհպելի բարձրութիւններուն յանդուգն խոյանքին։ Հերոսներ են անոնք, եւ անոնք իրարու չեն նմանիր բնաւ։ Սովորական մարդկութիւնը երբ անոնց նմանելու կը միամտի, գերազանց ռամկութեան մը արտայայտութիւնը կը բերէ միշտ։

Տուէ՛ք Նազովրեցիին՝ իր անձնական ուրոյն տեղը, եզական անձնաւորութիւններու շքեղ պատկերաշարին մէջ, հասկցէք իր միտքը ու ճաշակեցէք իր երազին անպատում գեղեցկութիւնը, ատիկա լաւագոյն յարգանքն պիտի ըլլար իր յիշատակին։ Մնացեալը, կը կրկնեմ հոգիիս բոլոր թափովը, ստութիւն, խաբէութիւն, կեղծաւորութիւն է։

Ըսածիս ամենէն իրական ու անհերքելի ապացոյցը ան է որ, քրիստոնէութիւնը չկրցաւ մարդկութեան բարոյական փրկութեան ուղիղ ճամբայ հանդիսանալ։ Քրիստոնէութիւնը, տխրահռչակ իրողութիւն, պատրուակ դարձաւ ամենէ՛ն քստմնելի արարքներուն, որոնց մեղադրանքովը հալածական կը մնայ մարդկութիւնը, պատմութեան մթին ու արիւնոտ էջերուն մէջ։ Պատճառն այն է որ աղէտալի պատրանք մը կը գինովցնէ մեր դիւրահաւան գիտակցութիւնը, քրիստոնէական կրօնքի խոստումներուն մասին։

Տխուր ու յուսահատական է Բինկեանցի քահանային, Քահանային, անառիկ միամտութիւնը, երբ կ՚ըսէ թէ կրօնքը պատասխանատու չէ բնաւ այն քստմնելի արարքներուն համար, որոնցմով պատմութեան էջերը կարմրեցան ու սեւցան դարերու շրջանին մէջ։

Տէր հայր, հաճեցէք արտօնութիւն տալ յայտարարելու թէ, խորհելու այդ եղանակը հրապուրիչ բան մը չունի այլեւս անկախօրէն դիտել ու դատել գիտցող մարդուն համար։

Ասոնցմէ յետոյ պէտք է դեռ աւելցնեմ ի հանդարտութիւն այն միտքերուն՝ զորս գայթակղութեան առաջնորդեցիք դուք։ Սխալ կամ ստորին կերպով շահանկատ է ենթադրել թէ՝ անոնք որ քրիստոնէութիւնը կը հարուածեն իբրեւ ընկերական կրօնք, անպատճառ անկրօնութիւնը կը ջատագովեն իբրեւ բարոյական ուղեցոյց։ Քրիստոնէութիւնը եւ կրօնքները կը քննադատուին՝ իրենց յաւակնութիւններուն, իրենց խաբուսիկ խոստումներուն համար։ Մարդկութեան բարոյական աստիճանը անկախ է որ եւ է կրօնական զգացումէ։ Անոր համար է որ անհատի մը մէջ կը փնտռենք չէ թէ այն կրօնքը՝ զոր կը դաւանի, այլ մարդը, անոր բարոյական խմորը։ Զիրար հակասող կրօնքներու մէջ՝ բարոյական արժանիքով հաւասար մարդկութիւններ հասած են։ Որ եւ է կրօնական հաւատալիքէ զերծ անհատականութիւններու մէջ՝ բարոյական արժանիքը մահուան չէ դատապարտուած միշտ։ Միեւնոյն բանը կը հաստատէ ազգագրական ընկերաբանութիւնը։ Որքան մարդկութիւն մը կայ, բարքեր, այսինքն բարոյականներ կան։ Կրօնքները կրնան, ինչպէս անկրօնութիւնն ալ, մարդկութեան բարոյական կազմաւորման ազդակ ըլլալ, բայց բարոյականին sine qua nonը՝ չեն, ոչ իսկ անոր դատանիշը։

Տէր Վարդան իր կրօնքին դէմ մեծ անխոհեմութիւն մը գործեց ուրեմն, երբ մեզի սրտառուչ ու մարտիրոսական շեշտով յայտարարեց թէ, մեր չհաւնած ու քննադատած կղերականութիւնն ալ իր մէջ բարոյական բարձրութեամբ առաքինի ու անձնուէր անհատականութիւններ կը համրէ։ Ուրեմն պէ՞տք տեսնուեցաւ այդպիսի յայտարարութեան մը։ Ցաւալի՜ բան։ Թէեւ մենք լիովին կը ճաշակենք այս անգիտակից հանդիսաւորութեամբ հեգնաբանութիւնը։

Գալով հայ. եկեղեցիին, ինչպէս շա՛տ իրաւամբ հասկցած ու դիտել տուած էր Բաբգէն վարդապետ, մենք կը յարգենք անոր նուիրականութիւնը, իբրեւ հաստատութիւն մը որ պատմական անցեալին մէջ մեր ժողովուրդին քաղաքական ու ընկերական շէնքին պատուանդանը եղաւ, ու հայ ցեղին ինքնուրոյն անհատականութեան նկարագիրը պատրուակեց։ Որչափ ատեն որ հայ. եկեղեցին կը մնայ իր այդ սուրբ ու պատկառելի հանգամանքին մէջ, անիկա մեր տեւական համակրութիւնն ու անձնուիրութիւնն ունի իրեն համար, խաբէօրէն հրապուրող եւ օտարացնող փորձութիւններուն դէմ։

Կ՚ըսենք միայն թէ, հայ ժողովուրդը երբ զարգացնէ իր գիտակցութիւնը եւ հասնի մտաւորական մշակման աւելի բարձրագոյն աստիճաններու, իր անհատական ինքնուրոյնութեան զարգացման ու պահպանման համար պէտք է ու պիտի կրնայ գտնել աւելի՛ բանաւոր ու աւելի տեւական ամրապնդութեամբ պատրուակներ։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1902, Դեկտեմբեր 15, թիւ 24