Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱՆԴԻ ՄԷՋ ՋՈՒՐ ԾԵԾԵԼ

Օսմ[անեան] Խորհրդարանը կը գործէ։

Դիմագիծն ունի խիստ լուրջ մարդու մը՝ որ զբաղուած է սանդի մը մէջ ջուր ծեծելով, եւ պահ պահ իր շուրջը կը նայի՝ հարցաքննելու երեւոյթով իր մօտինները թէ կը տեսնե՞ն իր գործը. ինքը որ սանդի մէջ ջուր կը ծեծէ։

Ահաւասիկ, մամուլի օրինագծէն յետոյ՝ հանրային գումարումներու խնդիրը։

Սահմանադրական ազատ ռէժիմի մը այս երջանիկ պատգամաւորները՝ գիտակցութեան ահագին պակասի մը ախտով կը թուին հիւանդացած ըլլալ։ Կ՚երեւի դեռ չեն ըմբռնած թէ՝ ազատութիւնը սկզբունք մըն է, եւ ընկերային կեանքին մէջ կարելի եղածին չափ զուտ ձեւի մը ներքեւ միայն գոյութիւն ունենալով իսկապէս ազատութիւն է ան։ Վասնզի, առանց փիլիսոփայելու, ազատութիւնը ազատութիւն է կամ ոչ։ Յետոյ՝ ազատութիւնը կ՚ուզենք կամ չենք ուզեր. բայց ահա Օսմ[անեան] Խորհրդարանը, որ հաճելի կամ շքեղ կը գտնէ ինքնիրեն ազատականի երեւոյթ տալ, եւ դաշոյնը ի ձեռին կը յարձակի անոր վրայ։

Պէտք է յարգել օրէնքը։ Նոր ճշմարտութիւն մը չէր այդ։ Մանաւանդ թէ՝ օրէնքն է ճշդիւ ազատութեան զրահը։ Ազատութիւնը՝ ընկերութեան մէջ՝ օրէնքով ապահովուած է։ Ազատութիւնը, ընկերութեան ծոցին մէջ, սկզբունք մըն է, որ կը պահպանուի պարտքերու եւ իրաւունքներու ներդաշնակաւորումով։ Եւ օրէնքը պահպանակն է այդ ներդաշնակութեան։ Ամէն անգամ որ այդ ներդաշնակութիւնը պիտի խանգարուի որեւէ եղանակով, օրէնքը հոն պէտք է ըլլայ՝ իր արդար կշիռով։ Օրէնքը՝ երաշխաւորութիւն մըն է ազատութեան սկզբունքին գործադրութեան։ Ուրեմն անիկա ազատութեան շղթան չի կրնար ըլլալ, առանց իր ճշմարիտ նշանակութեան մէջ խեղաթիւրուած ըլլալու։ Չկայ տրամաբանութիւն մը որ ազատ ու սահմանադրական երկրի մը մէջ հանրային գումարումները որեւէ եղանակով կաշկանդէ։ Կարելի չէ որ հանրային գումարումներու դէմ իշխողական դրութիւն գործադրուի որեւէ եղանակով եւ ազատութեան սկզբունքը լիովին պահպանուած ըլլայ։ Երբ կ՚ըսենք թէ հանրային գումարումներու համար անհրաժեշտ է կառավարութենէն արտօնութիւն առնել, կը նշանակէ թէ ազատութեան դամբանականը կը կարդանք։ Սկզբունքով՝ այս այսպէս է։ Խնդիր չէ թէ կառավարութիւնը չպիտի զլանայ իր արտօնութիւնը։ Բայց չէ՞ որ կրնայ զայն զլանալ։ Հոս այլեւս օրէնքը չէ գործողը, այլ որեւէ ոստիկանապետի մը կամայականութիւնը։ Եւ կամայականութիւնը՝ հոմանիշ բռնապետական սկզբունքներու, մերժելի է ազատութեան սկզբունքին տեսակէտէն, եթէ նոյն իսկ անիկա գործէ ի նպաստ ազատութեան։

Եթէ կառավարութիւնը ուզած ատեն միայն պիտի արտօնէ հանրային գումարումները, օրէնք մը չկայ մեզի ըսելու համար թէ ո՞ր պարագային պիտի արտօնէ զանոնք եւ ո՞ր պարագային պիտի արգիլէ. եւ այն ատեն՝ ազատութիւնն այլեւս ցնորք մըն է միայն։ Իսկ եթէ անպայման պիտի արտօնէ, միայն թէ ինք նախատեղեակ ըլլայ իրողութեան, այդ պարագային ի՞նչ պէտք կայ արտօնութիւն մուրալու կառավարութենէն՝ որ ժողովուրդին չէ թէ տէրը՝ այլ ծառան ու պահապանն է մանաւանդ։

Ուրիշ պարագայ մը նկատողութեան առնողներ կան։ Այսինքն թէ՝ հանրային ապահովութեան տեսակէտէն, գէթ անհրաժեշտ է որ գումարումներէն 24 ժամ առաջ կառավարութեան իմաց տրուի, կառավարութիւնը իր պարտականութեան ճամբուն վրայ դնելու համար։ Հոս ալ տրամաբանութիւնը կը բացակայի։ Հանրային գումարումները գաղտնաբար տեղի ունեցող բաներ չեն։ Անոնք հրապարակով ու հանդիսաւորապէս տեղի կ՚ունենան միշտ։ Եւ այդքան սարսափ ազդելու կարեւորութեամբ սպառնալից նկարագիր ալ ամենեւին չեն կրնար ունենալ, որպէսզի ներելի կամ հանդուրժելի ըլլար այդ մտքով ազատութեան սկզբունքին լախտի հարուած մը տալու փութկոտութիւնը։

Կառավարութիւնը կրնայ կասկածիլ ամէն անգամ թէ՝ այդպիսի մեծ համախմբումներու պահուն հասարակաց ապահովութիւնը խանգարելու բնոյթ ունեցող միջադէպեր անկարելի չէ որ ծագին։ Այդ իմաստով կասկածիլ՝ իր պարտքն է պարզապէս։ Եւ ասիկա բաւական պարտի ըլլալ, որպէսզի իրապէս եւ խորապէս պարտաճանաչ կառավարութիւն մը անպայման գործի վրայ գտնուի, ամէն անգամ որ պէտք կայ։ Ի՞նչ է ոստիկանութեան գործը։ Ո՞ւր կը գործէ ոստիկանութիւնը։ Քնացուկ ոստիկանութեան մը ուշադրութիւնը հրաւիրելու պահանջը, երբ խնդիրը պարզապէս հանրային գումարումի մը վրայ է, նախատինք մը չէ՞ կառավարութեան մը համար, որուն յաւիտենական անբաւականութիւնը օրինաւորապէս պանծացնել կ՚ուզես հեգնօրէն։ Վասնզի վերջապէս հանրային գումարում մը՝ գաղտնի դաւադրութիւն մը, աւազակային ձեռնարկ մը չէ։ Անիկա ի լուր աշխարհի տեղի կ՚ունենայ, եւ եթէ աշխարհ կը ծանօթանայ միթինկի մը գումարման, ամօթ է որ թմրած ոստիկանութեան մը ականջէն քաշենք, զայն իր պարտականութեան շաւղին մէջ դնելու համար։

Իսկապէս պէտք եղածը՝ ազատութիւնը խափանող ոճրապարտ կանոնագիր մը չէ, այլ կառավարութիւն մը՝ որ իր պարտքերը ճանչնայ, ոստիկանութիւն մը՝ որ իր աչալրջութեան ու ձեռնհասութեան մէջ սնանկացած չըլլայ։

Հիմնական տեսակէտները միայն կարեւոր են։ Սանդին մէջ ջուր ծեծել՝ յաւիտենականութիւն մը ապարդիւն կերպով աշխատիլ ըսել է։

Բայց կը թուի թէ Օսմ[անեան] Խորհրդարանը առհաւութեան երեւոյթ մըն է։ Ինքզինք ազատ կը կարծէ՝ ու ծանրածանր շղթաներու տակ կը հեծէ։ Անդարմանելի՜ գերեվարութիւն՝ որ ճակատագրականութեան մը յուսահատեցուցիչ գնացքն ունի։

Ո՞վ պիտի խորտակէ այդ շղթաները։ Կը կրկնեմ, ո՞վ պիտի խորտակէ զանոնք։

 

«Ձայն հայրենեաց», 6-19 Մարտ, 1909, թիւ 20