Շահան
Նաթալի,
ԱՄՊԵՐ.
1909,
Կ.
Պօլիս,
—
Լեւոն
Էսաճանեան,
ԱՅՐԱԾ
ՔՆԱՐ
ՄԸ
ԲԻՆԿԵԱՆԻ
ՄՈԽԻՐՆԵՐՈՒՆ
ՎՐԱՅ,
1909,
Պ.
Պօլիս,
—
ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԸ։
Հնարաւոր
աշխարհներու
լաւագոյնին
մէջ՝
հետաքրքրաշարժ
կեանք
մը
կ՚ապրինք։
Ամենէն
բուռն
ու
ամենէն
դառն
ընդդիմակութիւններուն
առընթերակցութիւնն
այնպէս
պիտի
ընէ
որ՝
սառած
արցունքներ
կրենք
մեր
աչքերուն
մէջ
եւ
հեգնօրէն
ժպտալիր՝
շարունակենք
մեր
առօրեայ
կենցաղը,
ըստ
երեւոյթին՝
այնքա՜ն
տափակ,
այնքա՜ն
դժնդակօրէն
հասարակ.
ըստ
մտերմութեան՝
այնքա՛ն
խորապէս
եղերական,
փոթորկայոյզ։
Տարօրինա՜կ
անուշութեամբ
կեանք։
Այսպէս,
պիտի
պատահի
որ
օրինակի
համար
մոլեռանդ
բարբարոսներ
Կիլիկիան
ողջակիզեն,
ամբողջ
հայութիւն
մը
փճանայ,
քաղաքական
տագնապի
մը
սպառնալից
յղութիւնը՝
անստոյգ
պտղաբերութեամբ
երկունքներու
սարսափն
պտտցնէ
մեր
հոգիներուն
վերեւ,
ու
դեռ
հեղինակներ
գտնուին՝
որ
գիրքեր
ղրկեն
ինծի,
եւ
ես
արիութիւն
ունենամ
այդ
գիրքերը
հանդարտ
սիրտով
կարդալու,
եւ
իմ
անդորրամիտ
քննադատի
խօսքս
ըսելու
անոնց
վրայ։
Ի՞նչպէս
հեգնօրէն
ու
դառնօրէն
կարելի
են
այս
բոլորը։
Ու
կը
խորհիմ
յաճախ.
—
աշխարհի
ամենէն
զգայուն
մարդուն
հոգւոյն
մէկ
ծածուկ
անկիւնին
մէջ,
արդեօք
Տօքթէօռ
Բանկլօսի
մը
տափակօրէն
լաւատես
ոգի՞ն
կը
պահուըտի։
Վասն
զի
ի՞նչպէս
կարելի
պիտի
ըլլային
այս
մեր
բոլոր
զաւեշտական
լրջութեամբ
տքնութիւնները,
առանց
վերջին
պահու
մը
այն
տխուր
ու
տարտամ
հաւատքին
թէ՝
«ամէն
ինչ
լաւագոյն
է՝
հնարաւոր
աշխարհներու
լաւագոյնին
մէջ»։
Այսպէս
թէ
այնպէս՝
երբ
մաս
մը
մարդիկ
պիտի
մեռնին,
ուրիշ
մաս
մը՝
պիտի
շարունակեն
գրեթէ
ապրիլ։
Ու
միշտ,
բոլոր
կարելի
բաները
անողոք
ցրտութեամբ
մը
տեղի
պիտի
ունենան
աշխարհի
մէջ,
եւ
նոյն
իսկ
պիտի
գտնուին
հեղինակներ՝
որ
պիտի
հեղինակեն
միշտ,
ու,
զարմանալի
բան,
քննադատներ
իսկ՝
որ
դեռ
բան
մը
պիտի
փնտռեն
ըսելու
այդ
հեղինակներուն
վրայ,
—
տակաւին
սիրտ
պիտի
ունենան
բաներ
մը
ըսելու՝
անոնց
վրայ։
Նոր
հարսերու
ժողովրդային
առածին
համեմատ՝
«թէ՝
լանք՝
թէ
երթա՛նք»։
Արդ,
Շահան
Նաթալի
մեզի
համար
նոր
անուն
մըն
է։
Կ՚երեւի
թէ
ամերիկահայ
մամուլին
մէջ
արդէն
համբաւ
մը
շինած
է
իբր
բանաստեղծ։
Մենք
ուրախ
ենք
այսօր
զինքը
մեր
մէջ
ողջունելով։
Ինքը
մին
է
այն
բազմաթիւ
դէմքերէն՝
որք
արտասահմանէն
մուտ
գործեցին
մեր
պոլսահայ
գրականութեան
խոպան
դաշտերուն
մէջ,
որուն
մշակութեան՝
իրենց
քրտինքի
արդիւնարար
բաժինը
սկսած
են
բերել
արդէն։
Շահան
Նաթալի,
իբր
բանաստեղծ,
Սիամանթօյի
մը,
Թէքէեանի
մը
կամ
Դանիէլ
Վարուժանի
մը
շեշտօրէն
նոր
կամ
համբաւափայլ
դիմագծութիւնը
չունի
ապահովաբար։
Այսու
հանդերձ
չի
դադրիր
բան
մը
ըլլալէ։
Յատկանշական
կողմեր
ունի,
որք
անընդունակ
չեն
ուշադրութիւն
հրաւիրելու։
Այսպէս,
Շահան
Նաթալի՝
անձնական,
մելամաղձոտ
ու
մռայլ
բանաստեղծ
մըն
է։
Իր
գրքոյկին
մէջ՝
պատանքներու,
դագաղներու,
դամբաններու,
ամայի
գիշերներու
մակաբեան
պար
մը
կը
յաճախէ,
յամառ
եւ
յուսահատեցուցիչ
յաճախանքով
մը։
Այս
այսպէս
ըլլալով
հանդերձ,
Շահան
Նաթալի
տարտամ
ու
անբացատրելի
յոյսեր
ունի,
որք
զինքը
տակաւին
կեանքին
կը
կապեն։
Գերեզմաններու
մէջ
կը
դեգերի,
բայց
աչքերը
անստոյգ
արշալոյսի
մը
սպասումով
կը
փայլին
մերթ։
Քաղցր
ու
տառապատանջ
հոգի
մըն
է,
ցաւին
մէջ
սկեպտացած
եւ
սիրաւէտ
ներողամտութեամբ
մը
մեղամացած
աշխարհին
հանդէպ։
Ճշմարտապէս
ու
խորապէս
սկեպտիկ
մը՝
ուրիշ
կերպ
չի
կրնար
ըլլալ,
առանց
հակասութեան։
Շահան
Նաթալի՝
սիրահար
մըն
է
նաեւ։
Բոլորովին
ժամանակակից
սիրով
մը
կը
սիրէ,
կասկածոտ,
անհաստատ՝
այլ
անկեղծ
սիրով
մը։
Ո՞ւր
են
ռօմանթիկ
սէրին
մխիթարող
հաստատումները։
Այլեւս
մարդիկ
մինչեւ
յաւիտեան
չեն
սիեր
զիրար։
Վայրկեան
մը
միայն
տեւող
հանդիպումներ՝
կարող
են
անկեղծ
սէրերու
ծնունդ
տալ,
որք
եղրեւանիի
մը
կեանքն
ու
փառքն
ունին։
Բայց
ամէն
բան
արդէն
անկայուն
չէ՞
աշխարհիս
մէջ։
Խոստումները,
նայուածքները,
համբոյրները՝
ի՞նչ
տարբերութիւն
ունին
գարնան
առաջին
օրուան
մը
թիթեռնիկներէն.
ամէնքն
ալ՝
…
շուտ
կը
մեռնի՜ն։
Բայց
եթէ
մահը
կը
տրտմեցնէ,
կեանքը
կը
մխիթարէ
սակայն։
Երկու
անսահման
հեռաւորութիւններն
այնքա՜ն
սերտօրէն
մօտ
են
իրարու։
Գացող
սէրերուն
տեղ
նորեր
պիտի
գան,
եւ
մահուան
փոսին
եզերքը՝
վարդեր
պիտի
բուսնին։
Շահան
Նաթալիի
գրքոյկը
երկու
մասեր
ունի.
Ցօղեր,
Շանթեր
։
Եթէ
Ցօղեր
ը
քաղցր
են,
Շանթեր
ը
փոթորկալից
են
եւ
զարհուրելի։
Ո՛չ
մէկ
ատեն
հռետորութիւնն
այնքան
կատաղի
պայթում
մը
ըրած
էր։
Կատարեալ
ջըրհեղեղ
մը
հոյակապ
եւ
խոշոր
բառերու։
Առաջին
մասին
հեղ
ու
անձնական
բանաստեղծը
մոռցած
է
ինքզինք,
եւ
ճոռոմ
ու
բեմական
պերճախօսութեամբ
մը,
ուր
ձայնարկութիւնները
ահեղօրէն
կը
շանթեն,
բանաստեղծը
կը
պօռայ
մեզի
իր
հետաքրքրաշարժ
հայրենասիրութեան
բոլոր
կիրքերը։
Շահան
Նաթալի
ինքնիրմէն
դուրս
ելած
է,
եւ
այդ
վիճակին
մէջ՝
պարզապէս
տարօրինակ
է։
Շահան
Նաթալիի
բանաստեղծութեան
ընդհանուր
նկարագիրը
տարտամութիւնն
է։
Անստուեր
պայծառութիւններու
հում
ճշդութիւնը
հաճելի
չէ
իրեն
համար.
ստուերին
քաղցրութիւնը
կը
նախընտրէ
հրատապ
արեւի
մը
բացարձակութենէն։
Ու
իրերուն,
բիրտ
նիւթերուն
հետ
քէնոտ,
Ստուերամած
անկիւնները
կը
քաշուիմ.
Մըթընշաղի
փափուկ
կեանքին
ես
կարօտ,
Ու
անընտել՝
ճաճանչներուն
արեւին։
Ուրիշ
անգամ
մը
կ՚աղաղակէ,
Վերջալոյսի
ստուերներ,
ձե՛զ
կ՚սպասեմ…
Բանաստեղծն
իրաւունք
չունի՞
արդեօք
իր
այս
նախասիրութեան
մէջ։
Այլազան
ճշդութիւններու,
կամ
այլազանութիւններու
երեւութական
ճշտութեան
ետին,
իրականութեան
խորքը
խռովիչ
տարտամութեան
մը
մէջ
չստուերոտի՞ր
միթէ։
Բայց
տարտամութիւն
կայ՝
տարտամութիւն
ալ
կայ։
Թերաստուերի
մը
հմայքն
այնքան
կախարդիչ
է
որքան
շփոթ
ստուերներու
խառնակում
մը՝
անհանդուրժելի։
Շահան
Նաթալի
տարտամութիւններ
ունի
նոյն
իսկ
իր
տարտամութիւնները
բացատրած
ատեն։
Բացատրութեանց
այդ
տարտամութիւնները
զուրկ
են
թերաստուերի
մը
հրապոյրէն։
Մտքի
այդպիսի
շփոթ
վիճակ
մը
կամ
երեւակայութեան
գիսախռիւ
ճոխութիւն
մըն
է
որ
կարելի
կը
դարձնէ
զոր
օրինակ
հետեւեալին
նման
խառնակ
պատկերներ.
Մղձաւանջ
մը
կը
ձիւնէ
ձմեռը
սեւ
մեղքերուս։
Ասիկա
բացատրութեան
յանդգնութիւն
մը
չէ։
Սեւ
մեղքերու
ձմեռ
մը՝
որ
մղձաւանջը
կը
ձիւնէ,
ապահովաբար
խառնաշփոթ
բան
մըն
է։
Այս
տեսակէտէն
միեւնոյն
իմաստն
ունի
նաեւ
հետեւեալը.
Ցաւին
նաւակը
օր
մը
դագաղի
մը
պէս
անշուք,
Եղնիկ
հոգիս
լքումի
անմտերիմ
ափերէն՝
Մոռացօնքի
կղզիին
գիրկը
տարաւ
անշշուկ.
Կոյս
ո՛ւ
հիւանդ
ո՛ւ
անդարձ
երազի
պէս
տրտմօրէն։
Այս
տեսակ
հետաքրքրաշարժ
օրինակներ
շատ
կրնայի
մէջ
բերել
Շահան
Նաթալիի
բանաստեղծութենէն։
Շահան
Նաթալի,
իրեն
պէս
բազմութիւններու
կարգին,
անտարակոյս
աղքատ
կը
գտնէ
հայ
լեզուին
բառամթերքը
եւ
նոր
բառեր
շինելու
գոհունակութիւն
մը
կը
պարգեւէ
ինքն
իրեն։
Նոր
բառերու
անհրաժեշտութիւնը
ոչ
ոք
կ՚ուրանայ
այն
պարագային՝
ուր
անոնք
նոր
պէտքերու
գոհացում
տալ
կոչուած
են։
Բայց
նոր
բառը
երբ
նոր
գաղափարի
մը
կամ
նոր
զգացողութեան
մը
կամ
անտիպ
պատկերի
մը
թելադրութիւնը
չի
բերեր,
ապահովաբար
գոյութեան
իրաւունք
չունի։
Յետոյ,
միշտ
սպասելի
է
որ
նոր
բառի
մը
կազմութեան
մէջ
քիչ
շատ
լեզուին
նկարագիրը
պահպանուած
ըլլայ։
Օրինակի
համար՝
Շահան
Նաթալի
դագաղում,
զգեստում
կ՚ըսէ։
Բացի
այն
թէ
զգեստում
բառը
որ
եւ
է
պատճառով
լեզուին
մէջ
մուտ
գործելու
իրաւունք
չունի,
քանի
որ
լեզուին
մէջ
կայ
արդէն
զգեստաւորում
ճիշդ
եւ
պատկերոտ
բառը.
—
երկուքին
ալ
ածանցական
կազմութիւնը
հակառակ
է
հայ
լեզուի
նկարագրին։
Ում
մասնիկը
կրնայ
աւելնալ
միայն
բայարմատներու
վրայ,
գոյականներ
առաջ
բերելու
համար,
օրինակ՝
զատել=զտ-ում,
արտաքսել=արտաքս-ում,
լուծել=լուծ-ում,
յարձակիլ=յարձակ-ում,
եւն։
Այն
ատեն՝
դագաղել
եւ
զգեստել
անհեթեթ
բայերուն
կարելիութեամբը
միայն՝
դագաղում
եւ
զգեստում
նորաբանութիւնները
հնարաւոր
պիտի
դառնային։
Շահան
Նաթալի
կը
գործածէ
նաեւ
փէշ
օտար
բառը,
չեմ
գիտեր
թէ
ինչո՛ւ։
Նորեկ
գրողները
ընդհանրապէս
մեծ
արհամարհանքով
կը
վերաբերուին
լեզուական
եւ
արուեստի
բծախնդրութիւններու
նկատմամբ՝
զորս
յաճախ
այնքա՛ն
դիւրագնի
ասպետութեամբ
մը
պատուելիական
կը
նկատեն։
Իմաստակներ
ու
անբաւական
մտքեր
են
ատոնք։
Բոլոր
ուշագրաւ
գրագէտները
չեն
կրնար
զանց
առած
ըլլալ
այդ
բծախնդրութիւնները։
Տգիտութիւնը,
յաճախ
առաջին
պատճառ
այդ
թերութիւններուն,
բնաւ
արդարացում
չէ։
Ամէնէն
նոր,
ամէնէն
իսկատիպ,
ամէնէն
յանդուգն
մտքերը
դասական
մաքրութեամբ
լեզու
մը
կրցած
են
գործածել
ընդհանրապէս։
ԱՅՐԱԾ
ՔՆԱՐ
ՄԸ՝
ԲԻՆԿԵԱՆԻ
ՄՈԽԻՐՆԵՐՈՒՆ
ՎՐԱՅ.
Լեւոն
Էսաճանեանի
մէկ
երկար
քերթուածն
է,
ազատ
ոտանաւորով
տաղուած։
«Ողբամռունջ
դիւցազներգութիւն»
մը,
հեղինակին
բացատրութեամբ,
որ
կը
ներկայացնէ
«Ասլանեան
Գէորգ
վարդապետի
կեանքին
մէկ
եղերական
ցոլարանը»։
«Ասլանեան
վարդապետ,
—
կ՚ըսէ
հեղինակը
առաջաբանի
մը
մէջ,
—
այդ
տիպար
եկեղեցականը,
իր
աշխարհականութեան
միջոցին
դառնօրէն
սեւ
բաղդը
կ՚ունենայ
իր
կնոջ,
քսանը
հինգ
ամեայ
Նազենիին
հոմերական
վախճանը
տեսնելու»։
«Բինկեան,
—
հերոսուհիին
բնակավայրը,
—
կը
պաշարուի
տասը
հազար
զինուորներով.
սպանութիւնները
քարերը
արցունքի
կ՚փոխեն,
ամբողջ
շէնքերն
ու
փառաւոր
մայր
տաճարը
կը
հրդեհուին,
բոցերը՝
գետնաթաւալ
ատրաշէկ
ովկիան
մը,
հրեղեղ
մը
կազմած
նախճիրներուն
նախճիրը
կը
գործեն,
Ներոններ
ամչցնելով։
Հարսերն
ու
կոյսերը
Շախէնց
ձորը
կ՚ապաստանին,
եւ
երբ
հոդ
ալ
յարձակում
տեղի
կ՚ունենայ,
Նազենիին
նախապատուէրին
կ՚սկսին
կարգաւ
վագրամռունչ
Եփրատը
նետուիլ։
Նազենիի
թոյլ
չտրուիր
գետամոյն
ըլլալ։
Դիւցազնուհին,
իր
մատաղատի
զաւկըները
գրկած,
հրդեհին
վայրը
կը
փութայ։
Զինուորները
զինք
կը
հալածեն,
մինչ
ինք
իր
զաւկըներով
կը
խոյանայ
բոցերուն
մէջ…»։
Ահա՛
Էսաճանեանի
դիւցազներգութեան
պատրուակը,
մռայլօրէն
գեղեցիկ
ու
թելադրիչ։
Բայց,
ապահովաբար,
Էսաճանեան
անսովոր
գրող
մըն
է։
Բան
մը
կայ
իր
մէջ՝
չափազանցօրէն
եւ
անհեթեթօրէն
նորօրինակ։
Չեմ
գիտեր
թէ
այս
իսկատպութիւնը
իր
ո՛ր
հանգամանքով
ուշագրաւ
է,
չեմ
գիտեր
թէ
ի՛նչ
ապագայ
ունի
ան։
Բայց
վստահօրէն,
Էսաճանեանի
իսկատպութեան
մէջ
մեծամասնաբար
տեսակ
մը
ուզուած
բան
կայ,
որ
կը
խրտչեցնէ
բնականին
եւ
ինքնաբուղխին
հակամէտ
միտքերը։
Էսաճանեան՝
կարծես
թէ
ժամանակակից
գրող
մը
չէ։
Յայտնութենական
մթութիւն
մը
կայ
իր
մօտ։
Անկապ
ու
անկարկատ
զգացողութիւն
մը,
զուտ
յայտնատեսական
(intuitif)։
Հին
ժամանակներու
հագներգու
մըն
է
կարծես,
որ
անհասկնալի
եւ
տարօրինակ
իմաստով
հատուածներ
կ՚արտասանէ,
բարձրագլուխ
սէգութեամբ
մը։
Եւ
եթէ
իր
արտասանութիւնները
նորօրինակ
պատգամախօսութիւններ
կամ
մղձաւանջէ
բռնուած
մտքի
մը
զառանցանքներ
չեն,
ապահովաբար
ճարտար
խաղարկուի
մը
կողմէ
առաջարկուած
խրթին
հանելուկներ
են։
Էսաճանեան
ամենեւի՛ն
հասարակ
եւ
խոտան
գրող
մը
չէ.
անուրանալի
կերպով,
տաղանդաւոր
բանաստեղծ
մըն
է.
բայց
խնդիրն
այն
է
որ,
Էսաճանեանին
հետ
ամենէն
ուժով
թոքերը
նեղիչ
մթնոլորտի
մը
մէջ
խեղդուելու
զգայնութիւնը
պիտի
ունենան։
Մեծ
բարիկամեցողութեամբ
ջանացի
մտերմանալ
Էսաճանեանի
Այրած
քնարին
հետ։
Կը
խոստովանիմ
թէ
քրտնեցայ։
Եւ
ի՛նչ
քրտինք,
Աստուա՛ծ
իմ։
Էսաճանեան
զարմանալի
գրող
մըն
է,
—
տաժանելի
(pénible)
գրող
մը։
ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ.
—
Սիրա,
իր
կարգին,
նորեկ
բանաստեղծ
մըն
է։
Կը
հրատարակէ
գրքոյկ
մը,
—
Հայի
ճակատագրէն,
—
քերթուածներու
հաւաքածոյ
մը։
Նորեկ
բանաստեղծները
կը
վխտան։
Օրուան
գրականութեան
մէջ
բանաստեղծէ
աւելի
առատ
ոչինչ
կայ։
Եթէ
լաւ
բանաստեղծներն
այնքան
հազուագիւտ
են,
բայց
ապահովաբար
իբր
բանաստեղծ
մէջտեղ
իյնալէ
աւելի
դիւրին
բան
չկայ։
Գալով
Սիրաին,
անիկա
կը
նմանի
դպրոցականի
մը՝
որ
իր
ապագային
մասին
որոշ
բան
մը
գուշակել
չի
տար։
Թերեւս
իր
մէջ
բան
մը
կայ
պահուած,
որ
օրին
մէկը
ինքզինք
պիտի
յայտնէ։
Բայց,
Սիրաի
մէկ
քերթուածը,
Դիւցազնին
թաղումը,
հրատարակուած
Ձայն
Հայրենեաց
ի
26-27
թիւին
մէջ,
բաւական
գեղեցիկ
էր,
ապահովապէս։
Երբեմնի
Հայրենիքի
քնար
ը
սկսած
էր
հրատարակուիլ
Սասուն
անունով
իբր
ամսաթերթ
եւ
միշտ
մնալով
յուսալից
երիտասարդներու
թերթը։
Առաջին
թիւը
կը
պարունակէ
գեղեցիկ
քերթուած
մը,
Վերջին
եէնիչէրին,
Եդուարդ
Գօլանճեանէ։
Արեւելքի
մռայլօրէն
ճոխ
ու
հզօր
կեանքին
մէկ
գունագեղ
ջղուտ
դրուագը։
Կարծես
թէ՝
Հիւկօի
հոյակապ
Les
Orientalesէն
էջ
մը։
Գօլանճեան,
զոր
շատ
մը
մարդիկ,
թերեւս
իրաւամբ,
ամբաստանեցին
իբր
բանագող,
խաղարկու,
կամ
ուրիշ
բան,
ամէն
պարագայի
մէջ
իսկատիպ,
տաղանդաւոր,
մերթ
անհեթեթ,
թերեւս
ցուցամոլ,
թերեւս
չափազանց
իքնահաճ,
բայց
երբէք
հասարակ
եւ
միշտ
լաւ
եւ
ուշագրաւ
բանաստեղծ
մըն
է։
Ընդունիլ
զինքն
այնպէս՝
ինչպէս
որ
է,
ապահովաբար
իրեն
շնորհ
մը
ընել
չպիտի
նշանակէր։—
Սասունի
այդ
միեւնոյն
թիւը
կը
պարունակէ
նաեւ
«
Ընկերային
ուսումնասիրութիւն
»
մը
Ոճրագործը,
Բրօֆ.
Պուճիգանեանէ.
աւելի
զանազան
նօթերու
շարք
մըն
է
քան
ուսումնասիրութիւն
մը։
Յետոյ՝
նաեւ
միշտ
տարօրինապէս
իսկատիպ
էջ
մը՝
անզուգական
Թլկատինցիէն,
եւն։
Գրական
թերթերու
շարքին
պէտք
է
յիշել
նաեւ
Շիրակ
ը,
որ
խիստ
ուշագրաւ
է
իր
յատկապէս
գրական
նկարագրին
համար։
Շիրակ
ին
գլխաւոր
աշխատակիցներուն
մէջ
կը
համրուի
Սուրէն
Պարթեւեանը,
այդ
հոյակապ
տաղանդը,
որուն
արժանի
գնահատումը
ոչ
ոք
քաջութիւնը
ունեցաւ
ընելու
ցայսօր
մեր
մէջ։
Պարթեւեան
մէկն
է
այն
հազուագիւտօրէն
օժտուած,
բարձրօրէն
ազնուական
եւ
բազմադիմի
գրական
խառնուածքներէն,
որոնց
այնքան
քիչ
կարելի
է
հանդիպիլ։
Շիրակի
մնայուն
աշխատակիցներու
շարքին
մէջ
խիստ
ցայտուն
դէմքեր
են
նաեւ
Միք.
Կիւրճեան
եւ
Երուանդ
Օտեան,
որոնց
վերջինը
արդէն
վաղածանօթ։
Շիրակ
ի
խմբագրապետին,
Վահան
Թէքէեանի
գրական
տաղանդն
ու
հասկացողութիւնը
ամէն
երաշխաւորութիւն
կուտան
թէ
Շիրակ
պիտի
հանդիսանայ
բարձր
գրականութեան
հանդէսը։
«Արեւելեան
Մամուլ»,
1909,
26
Մայիս,
թիւ
22,
էջ
505-510