Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

 

ՆԿԱՐԱԳԻՐՆԵՐ

[1] Մարդիկ, բանաստեղծներու, բանագողերու, քրոնիկագիրներու տարտամ ու անվնաս ուրուականներ, զոր քննադատութիւններուս զկծեցուցիչ խարազանը հետապնդեց ու ցաւցուց զանազան առիթներով, հասարակութիւնը անհանգիստ կ՚ընեն, ամէնուն ներկայութեան ու իմ երեսիս պոռալով ցաւին անխուսափելի արտայայտութիւնը, իւրաքանչիւրը իր խառնուածքին ու իր տառապանքի աստիճանին համեմատ ճուալով, հեծեծելով, զառանցելով, կամ հայհոյելով։

Քննադատութեան հանդէպ՝ մարդիկ այլազան վերաբերումներ ցոյց կուտան, իրենց բարոյական նկարագրին, դաստիարակութեան ու մտաւորական զարգացման վիճակին համեմատ։ Մարդոց բարոյական արժանիքին, հոգեկան բարձրութեան մէկ մասը՝ քննադատութեան հանդէպ իրենց երեւան հանած շարժուձեւին մէջ յստակօրէն կ՚երեւայ։

Երբ զարգացած ու արթուն գիտակցութիւն մը՝ իրենց իսկական արժէքին ծանօթութիւնը տուած է անոնց, քննադատուողները տրամադիր են օգտուելու լուրջ քննադատութենէն, ու գոհ կը մնան անկից, բաւականանալով պարզել միայն թիւրիմացութիւններ, եթէ տեղի կայ։ Իսկ եթէ չարամիտ խծբծանքի մը հանդէպ են անոնք, կը նախամեծարեն մնալ արհամարհոտ ու հպարտ լռութեան մէջ, քան զիջում ընել եւ ստորնանալ զիրենք դատափետողներու ստորնութեան աստիճանին։

Ուրիշներ, զգայունները, որոնք զուրկ են մտքի հաւասարակշռութենէ ու ջղային հանդարտութենէ, որոնց գիտակցութիւնը հաշմուած է անօրինակ յաւակնութիւններու մէջ, պաղարիւնն ու կորովը չունին բնաւ դիմանալու բարերար խարանին կիզումներուն, եւ կը բարկանան, կը գրգռուին, կը յուզուին։ Ու գիտէք թէ մարդ ի՛նչ ձեւերով կ՚արտայայտէ ցաւը, բարկութիւնը կամ գրգռութիւնը։

* * *

Սկսինք ուրեմն քանի մը հոգեբանական վերլուծումներու, եւ առնենք նախ Տիգրան Արփիարեանը, Մասիս շաբաթաթերթի դիւրաթեք ու ճարպիկ խմբագիրը։

Տիգրան Արփիարեան բաւական համով, այսինքն բաւական ախորժելի գրող մըն է։ Մարդ միշտ զինքը տեսակ մը հետաքրքրութեամբ ու հաճոյքով կը կարդայ։ Բայց իր գրչին այս յատկութիւնը՝ իր մտքին ողորմելի աղքատութիւնը չի դարմաներ բնաւ, ինչպէս ախորժահամ «այծի եղջիւր» մը՝ չպիտի դարմաներ իր պատճառած ստամոքսի անհանգստութիւնը։ Արփիարեան՝ կեանքին մէջ մէկ քանի անգամ միայն գրագէտ եղած ըլլալը կրնայ յիշել, եւ իրաւամբ, մանաւանդ այն օրերուն՝ երբ իր ճամբորդի տպաւորութիւնները գրեց։ Անկից ի վեր՝ շատ բան մոռցած է, շատ բան կորսնցուցած է իր ընդունակութիւններէն։

Երբ մարդ ծանօթ դէմքի մը իբրեւ գրագէտ փճացումը գուժելու ցաւն ունի, միւս կողմէն գէթ իբրեւ բարոյական մարդ անոր ողբալի անկումները հաստատելու հարկին մէջ չգտնուէ՜ր։

Մասիսի խմբագիրը, յորմէ հետէ իր այս անկումին կասկածն ունեցաւ, սկսաւ ինքզինքը գովաբանել։ Իր սրտի ազնուութիւնը, իր անյիշաչար բարեացակամութիւնները, իր վեհանձն հաճոյակատարութիւնները ու դեռ շատ մը առաքինութիւններ յիշեցուց իր նախկին աշխատակիցներուն որոնք իր շողոքորթ մտերմութիւններուն զզուանքով հեռացած էին իրմէն։

Տ. Արփիարեան՝ սրտի ազնուութեան ու անշահախնդիր վեհանձնութեան անհերքելի ապացոյցներ տալ սկսաւ այն օրէն ի վեր։

Իրեն համար կը կարծուէր, ինչպէս ինք ուզած էր որ հաւատային, թէ ինքը բարեսիրտ, անվնաս, միամիտ, պարկեշտ գրչի աշխատաւոր մըն էր, որ, առանց քէնի ու խղճահարութեան, իր համեստ գործը կը շարունակէր անշշուկ, սալօններու սպառիչ մթնոլորտին մէջ՝ հեշտանքէ ու հաճոյքներէ ձանձրացող տիկիններու եւ օրիորդներու շաբաթական ընթերցանութիւնը հայթայթելով իբրեւ ժամանց, ու միշտ իբրեւ ժամանց միայն։

Սխա՜լ։ Պէտք եղաւ որ իր արժանապատուութեան դպչուէր իրեն ըսելով՝ թէ ինքը չհասկցող մը, անկարող մըն էր գրականութեան լուրջ գործերուն մէջ, եւն։ Անհրաժեշտ էր հերքել այս ամբաստանութիւնները, պէտք էր հակառակը ապացուցանել, այսինքն հաստատել թէ ինքն ալ վեհերոտ սրտէն տարբեր բան մը կը կրէր իր կուրծքին տակ, եւ ինքն ալ, կարծուածին պէս գրականութեան իսկութիւններուն օտարական միտք մը չէր։ Եւ նախ վերջին պարագան ապացուցանելու համար ըսաւ ու կրկնեց, եւ եթէ պէտք ըլլայ, անշուշտ պիտի շարունակէ դեռ, թէ՝ Աղ. Փանոսեան Սիպիլին քսան տարուան մէջ ու կրկին կրկին սրբագրութիւններով (ո՜վ արուեստին նշանակութիւնը հասկցող եղբայրներ, ամբաստանութեան ծանրութիւնը կ՚ըմբռնէ՞ք) գրած ոտանաւորներէն աւելին՝ մէկ տարուան մէջ կը գրէր. Ո՞վ պիտի ուզէր հերքել։ Խնդիրը՝ ապակիի կտոր մը՝ ադամանդի կտորէ մը զանազանելու անտեղի ձանձրութիւնը թոթուելուն մէջ կը կայանայ, ի նպաստ շատին ու քիչին կարեւորութեան տեսակէտին։ Կը տեսնէ՞ք թէ գրականութեան մէջ մարդ յաճախ, անշուշտ առանց իր գիտնալուն, խանդաղատելի միամտութեամբ Ամերիկացի բնիկ մըն է։

Յետոյ, Տ. Արփիարեան պիտի ապացուցանէր նաեւ թէ ի՞նչ բանի մէջ կը կայանային իր ազնուութիւնը, բարեկրթութիւնը, փափկանկատութիւնը, յետոյ նաեւ թէ՝ ո՛րքան արիասիրտ մէկը չէր ինքը։

Անոր համար էր որ Մասիս ի յաջորդական շարք մը թիւերը յատկացուց այդ ծառայութեան, եւ սա տեսակ բաներ գրեց ինծի համար «բիրտ սրաբանող, անպատկառ ուրացող, ուշ հասնող նախանձոտութիւն, կեղծաւոր, երկդիմի պարբերութիւններու մթերք, յաչաղկոտ, հակառակութեան ոգի, եւն»։

Լա՛ւ ուրեմն, ո՞վ կրնայ իրեն համար տակաւին ըսել՝ թէ այս մարդը ազնուութենէ սնանկ հոգի մը եւ բարեկրթութենէ ամայացած սովորութիւններ ունի. մանաւանդ ո՞վ պիտի յանդգնէր պնդելու թէ՝ վախկոտ ու անարի մարդ է Մասիս ի Խմբագիրը։

Բոլոր այս ցաւալի տխմարութիւններէն վեր, սակայն, խնդրին լուրջ կողմը կայ։ Այս տեսակէտը կարենալ ընդգրկելու համար անհրաժեշտ է մաքրուիլ անհատական գծուծ նկատողութիւններու աղտէն, սրբուիլ պղտոր բարկութիւններու եւ ստորին կրքոտութիւններու անմաքրութիւններէն, ու տեսնել հանդարտ եւ պայծառ աչքով մը։

Պ. Տ. Արփիարեա՛ն, դուք որ «համեստ գրող» մըն էք, զգուշացէք ձեր պատիւին համար վրիժառութեան ոգիով մը հետամուտ ըլլալէ աղարտելու անունը անոնց՝ որոնք ձեզի յայտնի անազնուութեամբ իրենց աշխատակցութիւնը նուիրեցին ձեր թերթին, այն պահուն իսկ՝ ուր անկարօտ էին, դուք աւելի՛ լաւ գիտէք այդ կէտը, ձեր շողոքորթ գովեստներուն քաջալերանքին։ Ասիկա տեւեց մինչեւ այն օրը՝ ուր ձեր ոչ-անկեղծ ընթացքը հեռացուց զանոնք ձենէ։

Հրապարակագրի մը, որ բարոյականութեան ու ազնուութեան անունով կը խօսի անդադար հասարակութեան, ամօ՛թ են այս հակասութիւնները, որոնք ժողովրդին հաւատքը կը ջնջեն մամուլի բարոյական բարձր նշանակութեան մասին։

Գիտցած եղէք որ երբ այդպէս ձեր ամբողջ գրական, պարկեշտ գործունէութիւնը սահմանափակուած կը մնայ վարկաբեկ ընելու ապարդիւն փորձին մէջ պաշտօնակիցներ ու երբեմնի աշխատակիցներ, զոր այնքան շուտ կը մոռնաք պաշտած ու բարձրացուցած ըլլալ, հանրութեան յիշողութեան մէջ ձեր համեստ, երկչոտ ու անվնաս քրոնիկագրի անունը հալածական կը թողուք ծանր մեղադրանքներէ։

Կը վայլէ՞ որ ծաղրէք Ծաղիկ ը, որուն անկումը կը զուարճացնէ զձեզ, որովհետեւ Ծաղիկ քննադատող մը եղաւ ձեր հակասութիւններուն, եւ ի՞նչ կ՚ուզէք Ար[եւելեան] Մամուլէն [2], որուն յաջողութիւններուն կասկածելի սրտով ակնարկող հատուածներ կը վխտան ձեր վերջին խմբագրականներուն մէջ։ Ամօթ չէ ձեզի որ բաներնիդ գործերնիդ ձգած անդադար հետամուտ ըլլաք անուանարկելու Սիպիլը եւ իր ամուսինը, որովհետեւ անոնք դադրեցան աշխատակցելէ ձեր թերթին։ Կը կարծէ՞ք, կը յուսա՞ք, կը հաւատա՞ք որ լուրջ ու կարեւորութեան արժանի բան մը ըրած կ՚ըլլաք, Պարոնեանի կենսագրութեան առթիւ՝ խծբծոտ ոգիով ակնարկութիւններ ընելով Հ. Ասատուրի։

Անշուշտ թերթի մը խմբագրապետն ըլլալով, դուք ամէն դիւրութիւն ունիք միեւնոյն կերպով շարունակելու, բայց վստահ եղէք որ հասարակաց համարումին ու համակրութեան մէջ ահագին կորուստներ կ՚ընէք։

* * *

Միւս կողմէն կ՚երեւի թէ հարկ կար որ Աղ. Փանոսեան ալ իր իսկութեան նորագոյն ապացոյցները բերէր գրական այն խեղկատակութիւններով՝ որոնց սովոր է, եւ զոր իր հարազատ նկարագիրը ցոլացնող դիմաստուերին հրատարակութեան առթիւ դուրս կուտար նորէն։

Ձեզի համար ըսած էի, ձեզի համար ապացուցած էի, եւ ատոր չհամոզուող գրեթէ չմնաց, Պ. Փանոսեան, թէ՛ դուք անպէտ խօսքերու, գրչի թռուցիկ զբօսանքներու, ոչնչաբան ու անխելք parodieներու վարպետ մըն էք։ Ձեզի համար ըսած ու ապացուցած էի տակաւին՝ ինչ որ էիք դուք ձեր պսակաւոր բանաստեղծի համբաւին ու յաւակնութիւններուն մէջ։ Այս ամէնուն համար տեղի կա՞ր որ ձեր քննադատին ետեւէն պոռայիք թէ՝ ինքը «երեկուան անանուն, աննշան գեղջուկն է, Մալկարայի հաւերուն մէջ սիգաճեմ կոկոզավիզ աքաղաղ մը, մրջիւն մը, կաշին հաստ՝ ու գլուխն ալ անսաստ…»։

Ասիկա ձեր պատասխանելու եղանակն է անշուշտ։ Ո՞վ ի՛նչ կրնայ ըսել։

Միայն թէ, ձեր իսկական արժէքին կասկածը եթէ յանկարծ մէջերնիդ արթնցաւ ու ձեր յուզումը՝ բարկութեան աստիճանին բարձրացաւ, ինչ որ կրնայ պատահիլ, ձեզի համար խոհեմութիւն էր նորէն այդ յուզումը եւ այդ բարկութիւնը՝ ազնուութեամբ ու բարեկրթութեամբ արտայայտել, ինչպէս պիտի պահանջէր նաեւ ձեր բարեկամ՝ Տիգրան Արփիարեան։

* * *

Երկու խօսք ալ Յովհ. Ալան անունով պատուական մարդուկի մը՝ որ Ղազիկեանի վրէժը կը լուծէ ինէ, քննադատելով Լքուած Քնար ին տառասխալները ու տաղաչափական ապօրինութիւնները։

Պ. Ալան, պարզ է թէ ձեր նպատակը վրէժը լուծել է հայր Ղազիկեանին՝ որուն յանցապարտ ու անխիղճ թարգմանողի տխուր արարքները քննադատած եմ երբեմն։ Հ. Ղազիկեան կրնայ, բացի Քօբէի Դարբիններ էն, տակաւին շատ բաներ թարգմանած ըլլալ։ Եթէ միեւնոյն կերպով կը շարունակէ, իր յիշատակին տխրութիւնը միայն թանձրացնելու աշխատած կ՚ըլլայ։ Քարը՜ գլխին։ Իսկ եթէ կը կարծէք որ մտաւորական աշխատութիւններու քանակական արժէքը կրնայ երբէք փոխարինութիւն բերել անոնց որակական ոչնչութեան, շատ գէշ գաղափար կուտաք ձեր մտքի վիճակին վրայ։

Ճիշտ միեւնոյն տգիտութեամբ կը սխալիք, երբ միամտօրէն կամ չարամտօրէն, փոյթ չէ զանազանել, կը կարծէք թէ՝ տաղաչափական օրէնքները կրնան երբէք փոխանորդել բանաստեղծութեան եւ տաղաչափական օրէնքները՝ խղճի օրէնքին պէս, անյեղլի են, ու ապահարկ բնաշրջութեան օրէնքներէն։

Ո՞վ հաստատեց Պառնասին օրէնքները։ Ի՜նչ սկզբունքներու վրայ հիմնուած են անոնք։ Դասական ոտանաւորին կրած ձեւափոխութիւնները՝ կրնա՞ն հրահանգիչ ուսումնասիրութեան մը առարկայ ըլլալ, ասոնք այնպիսի հարցեր են՝ որոնք ձեզի համար բնա՜ւ նշանակութիւն չունին։

Բայց ի՞նչ է իմ յանցանքս, եթէ դուք տգէտ էք ու այդ բանը միայն երեւան կը հանէք՝ Հ. Ղազիկեանի վրէժը անձնուիրաբար լուծելու գեղեցիկ պատեհութեամբ։

Խնդրին ամենէն լուրջ կողմը ո՞րն է, գիտէ՞ք։ Որչափ կ՚ուզէք, Լքուած Քնար ին մէջէն նոր տառասխալներ կամ տաղաչափական անկանոնութիւններ գտէք. ատիկա՝ ձեր տգիտութիւնը, ատիկա՝ ձեր միամտութիւնն է։ Բայց միւս կողմէն լաւ գիտցէք որ՝ շահ չունի, ընդհակառակն, պարտկել՝ թէ Վենետիկ շատ ինկած է իր գրական ազնուականութեան բարձրութիւններէն… Հ. Ղազիկեանի անբաղդ թարգմանութիւնները՝ կը հայհոյեն Բագրատունիներու եւ Հիւրմիւզներու սուրբ ու հոյակապ յիշատակին ետեւէն։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1903, Փետրվար 1, թիւ 5, էջ 106-110



[1]            Անկողմնակալութիւնը պարտ կ՚դնէ մեր վրայ հրատարակել սիրուած ու գնահատուած մեր աշխատակիցներէ միոյն, Արտաշէս էֆ[էնտի] Յարութիւնեանի սոյն յօդուածը, քանի որ անոր արդար իրաւունքն է պաշտպանել ինքզինք այն նպատակաւոր յարձակումներուն դէմ որք կ՚ուղղուին ժամանակէ մ՚ի վեր ուղղակի կամ անուղղակի իր հասցէին։ Ծ. Խ.

[2]            Մեր ուշադրութենէն եւս չէին վրիպած Մասիսի քանի մը թիւերուն մէջ պատ ի պատ եւ անուղղակի եղած ակնարկութիւնները մեր թերթին դէմ, որոշած ըլլալով յարմար առթիւ մը յիշեցնել մեր պաշտօնակցին թէ Ա[րեւելեան] Մամուլի 33 տարուան անընդհատ կեանքը, միօրինակ գոյութիւնը, անփոփոխ ընթացքն ու ներշնչած վստահութիւնը բաւականէն աւելի մեծ գրաւականներ էին՝ անոր Շաբաթաթերթի վերածուելուն առթիւ գտնելիք ընդունելութեան, եւ չենք դեդեւիր հպարտութեամբ յայտարարելու, քանի որ կ՚ստիպեն մեզի, թէ Ա[րեւելեան] Մամուլ յուսացուածէն շատ աւելի մեծ ընդունելութիւն մը գտած է եւ անոր այսօրուան դիրքը մեր համայնքին մէջ՝ փառաւոր պատասխան մ՚է մեզ դէմ եղած խծբծանքներուն, աւելցնելով նաեւ թէ մենք վայրկեան մ՚իսկ չկրցանք մտածել թէ ուրիշներու թերթը եւ աշխատակիցները պախարակելով պիտի յաջողէինք գրաւել մեր այսօրուան դիրքը հայ գրական ու հրապարակագրական ասպարէզին մէջ։ Ծ. Խ.