ՄՕՌԻՍ
ՄԷԹԷՌԼԻՆԿ
Կեանք՝
զոր
գիշերուան
մը
խորհուրդին
մէջ
շարժող
ցաւատանջ
էակներ
կ՚ապրին։
Անոնք՝
տառապիլ,
ժպտիլ,
սիրել
միայն
գիտեն.
երբ
հասկնալ
ուզեն,
իրենց
հնհնուքին
ջանքը
անձկութեան
կը
փոխուի
եւ
իրենց
ընդվզումը՝
հեծկլտանքներու
մէջ
կը
մարի։
Ելնել,
մի՜շտ
բարձրանալ
գողգոթային
վշտագին
աստիճաններն
իվեր,
եւ
ճակատը
զարնուիլ
երկաթէ
դռան
մը.
այսպէս
կը
բարձրանայ
քոյր
Իկռէն,
այսպէս
կը
բարձրանայ
ու
կը
զարնուի
երկաթէ
դրան
անգթութեան՝
իւրաքանչիւրը
այն
հէգ
արարածներուն՝
որոնց
պարզ
ու
մաքուր
ողբերգութիւնները
քօղազերծ
կ՚ընէ
մեզի
Պ.
Մէթէռլինկ։
Ուրիշ
ժամանակներու
մէջ՝
կեանքին
իմաստը
ճանչցուեցաւ.
մարդիկ
այն
ատեն
ո՛չ
մէկ
էական
բան
կ՚անգիտէին,
քանի
որ
անոնց
ծանօթ
էր
իրենց
ճամբորդութեան
նպատակը
եւ
գիտէին
թէ
ո՞ր
վերջին
օթեւանին
մէջն
էր
հանգստութեան
անկողինը։
Երբ
նոյնինքն
գիտութեան
միջոցով
այս
տարրական
գիտութիւնը
խլուեցաւ
իրենցմէ,
ոմանք
հրճուեցան,
ինքզինքնին
բեռէ
մը
ազատած
կարծելով,
ուրիշներ՝
ողբացին,
զգալով
թէ
իրենց
ուսերուն
բոլոր
միւս
բեռներուն
վրայ
ուրիշ
մը
աւելցուցած
էին,
մինակը՝
մնացածէն
աւելի
ծանր,
—
կասկածին
բեռը։
Այդ
զգացողութենէն՝
ամբողջ
գրականութիւն
մը
ծնունդ
առած
է,
գրականութիւն
ցաւի,
ըմբոստացումի՝
ընդդէմ
այն
բեռին
հայհոյութիւններու՝
համր
Աստուծոյն
դէմ։
Բայց
աղաղակներու
եւ
հարցասիրումներու
մոլուցքէն
յետոյ
առաջ
եկաւ
մեղմ
ընդհատում
մը,
—
տրտմութեան,
մտահոգութեան
ու
անձկութեան
գրականութիւնը.
ընդվզումը
անօգուտ
ու
անէծքը
վտանգաւոր
դատուեր
էին.
խելօքցած
սին
մարտնչումներէ,
մարդկութիւնը
յամրօրէն
կը
համակերպի
ոչի՛նչ
յուսալու,
—
բայց
եթէ՝
շատ
հեռաւոր
բան
մը
միայն։
Տեղ
մը,
աղջամուղջներուն
մէջ,
կղզի
մը
կայ,
եւ
կղզիին
մէջ
դղեակ
մը
կայ,
եւ
դղեակին
մէջ
պզտիկ
լամբարով
մը
լուսաւորուած
մեծ
սրահ
մը
կայ
եւ
մեծ
սրահին
մէջ
մարդեր
կան
որ
կ՚սպասեն։
Ի՞նչ
բանի
կ՚սպասեն
անոնք։
Չեն
գիտեր։
Կ՚սպասեն
որ
դուռը
զարնուի,
կ՚սպասեն
որ
լամբարը
մարի,
անոնք
կ՚սպասեն
Վախին,
անոնք
կ՚սպասեն
Մահուան։
Կը
խօսին
անոնք։
Այո՛,
բառեր
կ՚ըսեն՝
որ
վայրկեան
մը
լռութիւնը
կը
խանգարեն,
յետոյ
նորէն
մտիկ
կ՚ընեն,
իրենց
պարբերութիւնները
թերաւարտ
ու
իրենց
շարժուձեւերը
ընդհատուած
թողելով։
Մտիկ
կ՚ընեն,
կ՚սպասեն։
Անիկա
թերեւս
պիտի
չգա՞յ
արդեօք։
Ո՜հ
պիտի
գայ
ան։
Անիկա
մի՛շտ
կուգայ։
Ատենը
ուշ
է,
թերեւս
վաղը
միայն
պիտի
գայ։
Եւ
մարդիկը
մեծ
սրահին
մէջ
պզտիկ
լամբարին
տակ
խմբուած
կ՚սկսին
ժպտիլ
ու
յուսալ։
Դուռը
կը
զարնուի։
Ամէնն
այս
է
ահա,
ամբողջ
կեանք
մը
ամբողջ
կեանքն
է
այս։
Այդ
մտքով,
Պ.
Մէթէռլինկի
պզտիկ
տռամները,
այնքա՜ն
զմայլելի
կերպով
անիրական,
խորապէս
կենդանի
ու
ճշմարիտ
են։
Իր
անձնաւորութիւնները,
որ
ուրուականներու
տեսքն
ունին,
ուռած
են
կեանքով,
այն
գնդակներուն
նման՝
որ
անկենդան
կը
թուին,
եւ
որ,
ելեկտրականութեամբ
լեցուն,
սուր
ծայրի
մը
հպումէն
կը
փայլատակեն։
Անոնք
վերացումներ
չեն,
այլ՝
համադրութիւններ.
անոնք
հոգիի
վիճակներ
եւ
կամ
աւելի՝
մարդկութեան
վիճակներ.
վայրկեաններ,
մանրերկրորդներ
են,
կարծես
թէ
յաւիտենական,
անոնք
իրական
են
վերջապէս
անիրականութեան
ուժով։
Այս
տեսակ
արուեստ
մը
ի
գործ
դրուեցաւ
երբեմն,
Վարդի
վէպէն
(le
Roman
de
la
Rose)
յետոյ,
բարեպաշտ
վիպասաններու
կողմէն,
որ,
յաւակնոտ
ձախաւելութեամբ
գրքոյկներու
մէջ
վերացումներ
ու
խորհրդանշաններ
շրջեցուցին։
Քրիստոնեայ
անունով
մէկու
մը
ճամբորդութիւնը.
(the
Pilgrim’s
Progress),
Պընեանի.
Հոգեկան
ճամբորդութիւնը՝
Բալաֆօքս
Սպանիացիին,
Աստուածային
Սիրոյ
Պալատը՝
անծանօթի
մը,
ամբողջովին
արհամարհելի
գործեր
չեն,
բայց
իրերը
հոն
իրօք
չափազանց
բացատրուած
են,
եւ
անձերը
հոն
իրօք
չափազանց
յայտնի
անուններ
կը
կրեն։
Ենթադրեցէք
թէ
որ
եւ
է
ազատ
թատրոնի
մը
վրայ՝
Սիրտ,
Ատելութիւն,
Ուրախութիւն,
Լռութիւն,
Հոգ,
Հառաչանք,
Վախ,
Բարկութիւն
ու
Ամօթխածութիւն
անունով
էակներու
կողմէ
խաղցուած
տռամ
մը
տեսնէիք։
Այդպիսի
զբօսանքներու
ատենն
անցած
է
կամ
վերադարձած
չէ.
նորէն
մի՛
կարդաք
Աստուածային
Սիրոյ
Պալատը.
կարդացէ՛ք
Թէնթաժիլի
Մահը.
վասնզի
նոր
գործէն
պարտինք
խնդրել
մեր
գեղեցկագիտական
հաճոյքները,
եթէ
կուզենք
որ
կատարեալ
դաշունահարող
ու
պաշարող
ըլլան
անոնք։
Պ.
Մէթէռլինկ,
յիրաւի
կը
գրաւէ,
կը
ցնցէ
ու
կը
պաշարէ
զմեզ,
—
անիկա
անթիւ
բազուկներով
կակղամորթն
է,
շինուած
փափուկ
վարսերովը
ներշնչող
ծաղկատի
իշխանուհիներուն,
եւ
անոնց
միջեւ՝
խռոված
քունն
է
փոքրիկ
տղին՝
«Երիտասարդ
իշխանի
մը
պէս
տխուր»։
Անիկա
կը
գրաւէ
ու
կը
տանի
զմեզ
ուր
որ
ուզէ,
մինչեւ
խորը
անդունդներուն՝
ուր
կը
պտուտքի
«Ալլատինի
գառին
տարրալուծուած
դիակը»
—
եւ
աւելի
հեռուները,
մինչեւ
այն
մթին
ու
մաքուր
գաւառները՝
ուր
սիրահարներ
կ՚ըսեն,
«Ծա՛նր,
ծա՜նր
գրկէ
զիս
…
Մի՛
գոցեր
աչքերդ՝
երբ
այսպէս
կը
գրկեմ
քեզ
…
Կուզեմ
տեսնել
այն
համբոյրները՝
որ
կը
դողդղան
քու
սրտիդ
մէջ,
եւ
ամբողջ
ցօղը՝
որ
վեր
կ՚ելնէ
քու
հոգիէդ
…
Ասոնց
նման
համբոյրներ
չպիտի
գտնենք
մենք
այլեւս
…
Մի՜շտ
…
Մի՜շտ
…
Ո՛չ,
ո՛չ,
մարդս
երկու
անգամ
զիրար
չի
գրկեր
մահուան
սրտին
վրայ
…»։
Այսքա՜ն
գեղեցիկ
հառաչանքներու
դէմ
ամէն
առարկութիւն
կը
լռէ,
մարդ
ձայն
չի
հաներ՝
զգալով
սիրելու
եւ
իր
սէրը
ըսելու
նոր
եղանակ
մը։
Նոր,
իրաւա՛մբ.
Պ.
Մէթէռլինկ
շատ
նոյնինքն
է,
եւ
ամբողջապէս
անձնական
մնալու
համար
ան
գիտէ
միալար
ըլլալ.
բայց
այդ
միակ
լարին
կանեփը՝
ցանած,
թրմած,
թելերը
զատած
է,
եւ
անիկա
անուշ
կ՚երգէ,
տխուր
ու
անզուգական,
իր
թուլացող
մատներուն
տակ։
Անիկա
ճշմարիտ
գործ
մը
յաջողցուցած
է,
անիկա
գտած
է
տեսակ
մը
չլսուած
խուլ
աղաղակ,
տեսակ
մը
սարսռագինօրէն
միսթիք
հեծեծանք։
Միսթիքականութիւն,
—
այս
վերջին
տարիներուն
մէջ
այս
բառը
այնքան
բազմազան
ու
նոյնիսկ
տարբեր
իմաստներ
առաւ
որ՝
պէտք
էր
զայն
նորէն
սահմանել,
ու
յայտնապէս՝
ամէն
անգամ
որ
զայն
գործածէինք։
Ոմանք
անոր
կուտան
նշանակութիւն
մը,
որ
կարծես
կը
մօտեցնէ
զայն
այն
միւս
բառին,
անհատապաշտութեան,
որ
կը
թուի
պայծառ
իմաստ
մը
ունենալ.
եւ
ստոյգ
է
որ
ասիկա
քիչ
մը
կը
յարմարի,
վասնզի
միսթիքականութեան
յամար
կրնայ
ըսուիլ
այն
վիճակը՝
որուն
մէջ
հոգի
մը,
թողլով
որ
բնագիտական
աշխարհը
ուզածին
պէս
ընթանայ,
եւ
արհամարհոտ
բաղխումներու
եւ
դէպքերու
նկատմամբ,
ինքզինքը
կուտայ
միայն
անհունութեան
հետ
ուղղակի
յարաբերութիւններու
եւ
մտերմութիւններու.
արդ
եթէ
անհունութիւնը
անյեղլի
է
եւ
մի,
հոգիները
յարափոփոխ
են
եւ
բազմաթիւ.
հոգի
մը
իր
քոյրերուն
նման
եւ
միեւնոյն
կերպով
չի
հաղորդակցիր
Աստուծոյ
հետ,
եւ
Աստուած,
թէեւ
անյեղլի
ու
մի,
կ՚եղանակաւորուի
իր
արարածներուն
իւրաքանչիւրին
բաղձանքին
համեմատ,
եւ
չըսեր
մէկին՝
ինչ
որ
ըսած
է
միւսին։
Միսթիքականութեան
բարձրացած
հոգիին
առանձնաշնորհումն
է
ազատութիւնը,
իր
մարմինն
իսկ
իրեն
համար
ուրիշ
բան
չէ՝
բայց
եթէ
դրացի
մը,
որուն
հազի՛ւ
ինքը
լռութեան
բարեկամական
խրատը
կուտայ,
բայց
երբ
մարմինը
խօսի,
ան
զինքը
պատի
մը
ընդմէջէն
միայն
կը
լսէ,
եւ
եթէ
շարժի՝
անոր
շարժումը
կը
տեսնէ
միմիայն
քօղի
մը
ընդմէջէն.
պատմականօրէն
ուրիշ
անուն
մը
տրուած
է
կեանքի
այսպիսի
վիճակի
մը,
հանգստականութիւն
(quiétisme)
[1].
Պ.
Մէթէռլինկի
սա
պարբերութիւնը
ունի
այնպիսի՛
քիէթիսմ
մը՝
որ
մեզի
ցոյց
կուտայ
զԱստուած
ժպտագին՝
հանդէպ
«մեր
ամենածանր
յանցանքներուն,
ինչպէս
մարդ
կը
ժպտի
գորգի
մը
վրայ
շնիկներու
խաղին»։
Ծանրակշիռ
բայց
ճշմարիտ
է
երբ
խորհինք
այն
պզտիկ
բանին
վրայ՝
որ
է
իրողութիւն
մը,
եւ
թէ
ի՛նչպէս
առաջ
կուգայ
իրողութիւն
մը,
եւ
մենք
ի՛նչպէս
տարուած
ենք
գործողութեան
անվերջանալի
շղթայէն,
եւ
որքա՛ն
քիչ
կը
մասնակցինք
իրապէս
մեր
ամէնէն
վճռական
ու
լաւագոյն
կերպով
պատճառաբանուած
գործերուն։
Այսպիսի
բարոյական
մը,
թողլով
մարդկային
թշուառ
օրէնքներուն՝
անպէտ
դատաստաններու
հոգը,
կեանքէն
դուրս
կը
քաշէ
կեանքին
իսկութիւնն
իսկ,
եւ
զայն
կը
փոխադրէ
բարձրագոյն
վայրեր,
ուր
կը
պտղաբերի
ան,
զերծ
դիպումներէն,
եւ
անոնց
ամէնէն
նուաստացուցիչներէն՝
որք
են
ընկերային
դիպումները։
Միսթիքական
բարոյականը
կ՚անգիտանայ
ուրեմն
ամէն
գործ՝
որ
դրոշմուած
չէ
միեւնոյն
ատեն
մարդկային
ու
աստուածային
կրկնակի
կնիքով.
այս
պատճառով
միշտ
սարսափեցան
անկից
կղերն
ու
պաշտօնէութիւնը,
վասնզի
ուրանալով
առերեւոյթ
ամեն
նուիրապետութիւն,
անիկա
կ՚ուրանայ,
գէթ
ձեռնպահութեամբ,
բոլոր
ընկերային
կարգը։
Միսթիք
մը
կրնայ
հաւանիլ
բոլոր
գերութիւններուն,
բայց
ո՛չ
այդ
կերպով,
քաղաքացի
մը
ըլլալու։
Պ.
Մէթէռլինկ
կը
տեսնէ
գալը
ա՛յնպիսի
ժամանակներու՝
ուր
մարդիկ
զիրար
պիտի
հասկնան
հոգիէ
հոգի,
ինչպէս
միսթիկները
զիրար
կը
հասկնան
հոգիէ
առ
Աստուած։
Ճշմարիտ
է
աս։
Մարդիկ
օր
մը
պիտի
ըլլան
մարդ։
Պ.
Մէթէռլինկ
կը
նշմարէ
այդ
արշալոյսը,
վասնզի
ինք
իր
մէջ
կը
նայի
եւ
ինքն
իսկ
արշալոյս
մըն
է.
բայց
եթէ
արտաքին
մարդկութեան
նայէր,
պիտի
տեսնէր
միայն
կուրերու
եւ
ախոռներու
ընկերվարական
զազիր
ախորժակը։
Խոնարհները,
որոնց
համար
գրած
է
աստուածայնօրէն,
չպիտի
կարդան
իր
իր
գիրքը,
եւ
եթէ
կարդային,
հոն
պիտի
տեսնէին
այպանութիւն
մը
միայն,
վասն
զի
անոնք
սորված
են
թէ
իտէալը
մսուր
մըն
է,
եւ
գիտեն
թէ
եթէ
աչքերնին
դէպի
Աստուած
դարձնէին,
իրենց
տէրերը
խարազանով
պիտի
պատժէին
զիրենք։
Այսպէս,
Խոնարհներուն
Գանձը,
այս
սիրոյ
եւ
փրկութեան
գիրքը,
ինծի
խորհիլ
կուտայ
դառնութեամբ
թշուառ
պայմանին
արդի
մարդուն,
—
եւ
անշուշտ
ամէն
կարելի
ժամանակներու
մարդուն։
—
Սակայն՝
քանի՜
փրկութեան
միջոցներ,
այն
էջերուն
մէջ,
ուր
Պ.
Մէթէռլինկ,
աշակերտ
Ռիւիսպռէօքի,
Նովալիսի,
Էմըրսօնի
եւ
Հէլլօի,
կը
խնդրէ
այս
գերազանց
միտքերէն,
(որոնց
երկու
փոքրագոյնները
հանճարի
յայտնատեսութիւններ
ունեցան)
միմիայն
ձեռքի
նշանը,
որ
խրախոյս
կուտայ
մթին
ճամբորդութիւններուն
համար։
Առ
հասարակ
մարդիկ,
եւ
ամէնէն
գիտակիցները,
որ
այնքա՜ն
գաղջ
ժամեր
ունին,
հոն
պիտի
գտնէին
քաջալերանքներ՝
ճաշակելու
օրերուն
պարզութիւնը,
եւ
խորունկ
կեանքին
խուլ
մրմունջները։
Պիտի
սորվէին
շա՜տ
խոնարհ
շարժուձեւերու
եւ
շատ
աննշան
բառերու
նշանակութիւնը,
եւ
թէ՝
տղու
մը
խնդալը
կամ
կնկան
մը
շաղփաղփութիւնը
համարժէք
են
իրենց
պարունակած
հոգիովն
ու
խորհուրդովը՝
Իմաստուններուն
ամէնէն
շլացուցիչ
խօսքերուն։
Վասն
զի
Պ.
Մէթէռլինկ
իր
Իմաստուն
մը,
—
եւ
շատ
իմաստուն,
—
ըլլալու
երեւոյթով,
մեզի
կը
վստահի
անսովոր
մտածումներ,
հոգեբանական
աւանդութեան
նկատմամբ
շատ
յարգազանց
մաքրասրտութեամբ,
եւ
յանդգնութեամբ
մը՝
շատ
արհամարհոտ
մտաւորական
սովորութիւններուն,
ստանձնելով
քաջասրտութիւնը
վերագրելու
իրերուն
միայն
ա՛յն
կարեւորութիւնը՝
զոր
պիտի
կարենային
ունենալ
վերջնական
(définitif)
աշխարհի
մը
մէջ։
Այսպէս,
զգայարանականութիւնը,
(sensualité)
բոլորովին
բացակայ
է
իր
խոհանքներէն,
կը
ճանչնայ
կարեւորութիւնը,
բայց
նաեւ
աննշանութիւնը
արեան
եւ
ջիղերու
շարժումներուն,
—
յոյզք՝
որ
առջեւէն
կ՚երթան
կամ
կը
հետեւին,
բայց
երբէք
չեն
ընկերանար
մտածման,
եւ
եթէ
խօսի
կիներու
վրայ,
որ
հոգիէ
մը
տարբեր
բան
են,
հետախուզելու
համար
է
«այն
խորհրդաւոր
աղը՝
որ
կը
պահէ
յաւէտ
երկու
բերաններու
հանդիպման
յիշատակը»։
Քերթուած
կամ
իմաստասիրութիւն,
Պ.
Մէթէռլինկի
գրականութիւնը
կուգայ
այնպիսի
ժամու
մը,
ուր
ամէնէն
աւելի
պէտք
ունինք
բարձրանալու
եւ
կազդուրուելու,
այնպիսի
ժամու
մը՝
ուր
անտարբեր
չէ
որ
մեզի
ըսեն
թէ
կեանքին
գերագոյն
նպատակն
է
«բաց
բռնել
այն
մեծ
ուղիները՝
որ
կը
տանին
տեսնուածէն
դէպի
ինչ
որ
չենք
տեսներ»։
Պ.
Մէթէռլինկ
միմիայն
բաց
չբռնեց
այն
մեծ
ուղիները՝
զոր
հարթեցին
այնքան
բարեացակամ
հոգիներ
եւ
ուր
մեծ
միտքեր
հոս
ու
հոն
կը
բանան
իրենց
բազուկները
ովասիսներու
նման,
—
կը
թուի
որ
ան
աւելցուցած
ըլլայ
դէպի
անհունութեան
խորութիւնը
այս
մեծ
ճամբաներուն.
ըսած
է
«ցած
ձայնով
այնքա՜ն
ճշմարտակերպ
բառեր»
որ
փուշերը
ինքնին
մէկ
կողմ
քաշուած
են,
որ
ծառեր
յօտուած
են
ինքնաբերաբար,
եւ
թէ՝
քայլ
մը
եւս
կարելի
է,
եւ
թէ՝
նայուածքը
աւելի
հեռուն
կ՚երթայ
այսօր
քան
երէկ։
Ուրիշներ
ունին
անշուշտ
կամ
ունեցան
աւելի
հարուստ
լեզու
մը,
աւելի
արգաւանդ
երեւակայութիւն
մը,
դիտողութեան
աւելի
յստակ
ձիրք
մը,
աւելի
ֆանթէզի,
բանին
(verbe)
երաժշտութիւնները
հնչեցնելու
աւելի
ընդունակ
կարողութիւններ։
Այո՛,
բայց
վեհերոտ
ու
աղքատ
լեզուով
մը,
թատերական
շարախառնութիւններով,
պարբերութիւններու
կրկնութեան
գրեթէ
ջլատիչ
սիստէմով
մը,
այս
անճարակութիւններով,
Մօռիս
Մէթէռլինկ
կը
գրէ
գիրքեր
ու
գրքոյկներ,
աներկբայ
իսկատպութեամբ
մը,
այնքա՛ն
իրաւացի
նորութեամբ
մը
նոր,
որ
տակաւին
երկար
ատեն
պիտի
շուարեցնէ
նորատեացներու
ողբալի
ոհմակը,
ամբոխն
անոնց՝
որ
կը
ներեն
յանդգնութեան
մը՝
եթէ
նախընթաց
մը
կայ,
—
ինչպէս
protocoleին
մէջ
—
բայց
որ
արհամարհանքով
կը
նայի
հանճարին,
որ
յաւիտենական
յանդգնութիւնն
է։
«Արեւելեան
Մամուլ»,
1903,
28
Յունիս,
թիւ
26,
էջ
608-612
[1]
Տեսակ
մը
աստուածաբանական
միսթիքականութիւն՝
որուն
համեմատ
բարոյական
կատարելութիւնը
եւ
բարեպաշտութիւնը
կը
կայանան
զուտ
հայեցողութեան
մը
մէջ,
որ
անօգուտ
կը
դարձնէ
բոլոր
կրօնական
արարողութիւնները
եւ
նոյն
իսկ
ամէն
գործունեայ
կեանք։
Տիկին
Կիւյիօն
պարզած
է
գրքի
մը
մէջ
այս
վարդապետութիւնը՝
զոր
Ֆէնըլօն
ընդունելէ
յետոյ
պարտաւորուեցաւ
հրապարակով
մերժել,
Պօսիւէի
հրամաններուն
առջեւ։
–
Ծ.
Թ.
(Goblot,
–
Vocabul.
philosophique)էն։