Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՄԸ

ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵ՞ՆՑ։ Բայց՝ հազի՜ւ թէ իմ անուշադիր ընթերցողի յանցապարտութեանս համեմատ գուցէ, կը յիշեմ կարդացած ըլլալ իր անունը քանի մը քերթուածներու տակ. հազիւ թէ կը որոշեմ զինքն սկսնակներու խումբի մը տակաւին տարտամ անուանաշարին մէջ, բայց ահա՛ որ դեռ մէկ երկու տարիէ ի վեր միայն գրական սկզբնաւորութիւնն ընող այս բանաստեղծը՝ ընթերցող հասարակութեան նկատառման ու դատաստանին հարկադիր կ՚ընէ իր տաղանդը, բանաստեղծութեանց հատորիկ մը՝ անութին տակ։ Ասիկա՝ խիստ թելադրիչ անձնավստահութեան մը ապացոյցն է։ Արդէն իսկ իրենց համբաւի պատուանդաններուն վրայ ամրացած կիսաստուածներ, կ՚ուշանան կամ կը տատամսին ունենալու իրենց գիրքը կամ գրքերը։ Միսաք Մեծարենց, որ նորեկ մըն է. պէտք չի տեսներ որ աւելաթիւ պաշտօնավարութեան նախնական շրջանի մը մէջ, հասարակութեան բարի տրամադրութիւնները պատրաստած ըլլայ իր մասին։ Մէկ անգամէն, թատերաբեմին վրայ է։ Ասիկա կը նշանակէ թէ, ո՛չ նախապատրաստական վարժերու կը կարօտի, ոչ ալ վարանոտ սպասումի մը մէջ մեծ առաքինութիւն մը կը տեսնէ։ Այսուհանդերձ, նորէն պէտք տեսեր է որ, Արամ Անտոնեան կեղծ-գրագէտը (!) յառաջաբան մը գրէ իր նորընծայ գրքին։ Ապահովաբար, ներկայացուցչի այս պաշտօնը ոչ այնքան անհրաժեշտ պայման մըն էր Մեծարենցի գրքին համար, որքան պատիւ կը բերէ զայն ստանձնողին։ Վասն զի փութամ ըսելու թէ, Միսաք Մեծարենց լաւ բանաստեղծ մըն է, եւ առաջին հարուածով իսկ իր դէմքը կը յատկանշուի արդի նոր Պոլսահայ բանաստեղծներու պատկերաշարին մէջ։ Եթէ այն միւսներն այնքան շատ կը նմանին իրարու, Միսաք Մեծարենցի լաւագոյն արժանիքներէն մին է քիչ նմանիլ անոնց ու մեծաւ մասամբ չնմանիլ անոնց։ Արդի Պոլսահայ բանաստեղծութիւնն իրաւամբ ընդհանուր յատկանիշ մը ունի՝ բոլորովին հռետորական է ան։ Ի՞նչ է հռետորութիւնը։ Պարապութիւն մը պճնազարդելու, պերեւեթելու արհեստն է ան։ Պոլսահայ նորեկ բանաստեղծները, արձակագիրներ ալ անպակաս են անոնց մէջ, փայտամարդեր եւ պուպրիկներ հագուեցնելու արհեստին մէջ բացառիկ ճարտարութիւն ունին։ Բառե՜ր, բառե՜ր։ Անհանճար ու անճաշակ նորակերտ բառեր, անգործածական բառեր, ծանրաբեռն պերճանքով պճնազարդուած բառեր, որք հոյակապ դատարկութիւններ միայն կը պատրուակեն։ Բայց բառերն՝ ապրելու համար՝ պէտք ունին գաղափարներու, զգացումներու եւ զգացողութիւններու մագնիսականութեան։ Այլապէս, ամենէն ճոխ բառերը՝ մեռելի մը վրայ ձգուած հարսանեկան զգեստներ են։ Բառերն ընդունակ են անտարակոյս գաղափարներ եւ զգացողութիւններ զարթուցանելու. բայց զարթուցանելու եւ երբէք ստեղծելու, զի իրենց այդ յատկութիւնը պայմանաւորուած է զգայուն եւ կանխատրամադիր լսելիքի մը պատրաստականութիւններով։ Բառերը ներքնուրոյն արժէք մը չունին, հակառակ իրենց պատահական ճոխութեան կամ փայլին։ Այդ է պատճառը որ աղքատիկ բառարան մը կը բաւէ ժողովրդային այնքան հարուստ գրականութեան մը. այդ է պատճառը որ լռութիւնը շատ աւելի պերճախօս է, դասական բացատրութեամբ, քան հռետորութիւնը, իր բովանդակ բռնազբօսիկ հնարքներով, եւ այդ է պատճառը որ Պարսամեան, հակառակ իր զեղխ բառարանին, ամենաոչինչ (!) բանաստեղծ մըն է։ Երբ յիշողութիւնն անընդհատ հալածական է փայլուն բառերուն ու բացատրութիւններուն կախարդանքէն, այլ եւս ոչինչ կայ ինքնաբուխ, բնական, թանձր եւ խորազդեցիկ, բանին արտայայտութիւններուն մէջ։ Թերեւս աւելի ճշդելով հոգեբանական գործողութեան նկարագիրը, փայլուն բառերն ու հռետորական հնարքներն այն ատեն միայն առաւելապէս կը հալածեն իմացականութիւնը, երբ ոչինչ կայ խառնուածքին մէջ ինքնատիպ ու ուժգին, գաղափարի, կրքի կամ զգացողութեան ձեւերուն ներքեւ։

Պոլսահայ նորագոյն գրականութեան մէկ ուրիշ յատկանիշն է նաեւ կնամարդի շատախօսութիւնը՝ սիրային մեղկութեանց ու կանացի քղանցքներուն շուրջը ստրկօրէն դեգերող շողոքորթ թեթեւսոլիկութեան մը։ Մէկ խօսքով, սալօնի գրականութիւնն է ան, գրականութիւնը միօրինակ ու յաւիտենական flirtներուն, սիրաբանութիւններուն, անսպառելի հրահանգը Պոլսեցի կոկոզավիզ ու սնամէջ գրագէտին։

Միսաք Մեծարենց՝ յայտնապէս կ՚անջատուի պատկերաշարին մէջ։ Ասիկա՝ ճշմարիտ բանաստեղծ մըն է, խորին ու մարդկային անկեղծութեամբ մը բաբախուն։ Զգացումներ ունի, որոնց կենսալիր ջերմութիւնն այնքա՜ն տարափոխիկ է, ունի առանձնաշնորհեալ գզացողութիւն մը, որուն զանազանակ հարստութիւնը չէ կարելի ուրանալ։ Մտածումն իսկ, Մեծարենցի իմացականութեան մէջ, օտարոտի տարր մը չէ։ Այս բանաստեղծը՝ խորհրդածութեան խարխափներ ունի.

Մըտածումը ինչպէս ճամբորդ ուղեկորոյս

Կ՚անցնի փութով, անձկագին

Երկարաձիգ, մերթ լուսաւոր ու մերթ անլոյս

Ճամբաներէն իմ մտքին։

Այս բոլոր թանկագին յատկութիւններուն պատճառով, Միսաք Մեծարենց սրտագրաւ եւ յուզիչ բանաստեղծ մըն է։ Թանձրօրէն գրաւուելու եւ խորապէս յուզուելու ատակ հոգի մը միայն կարող է գրաւել ու յուզել։

«Ծիածան»ին, Մեծարենցի բանաստեղծութեանց հատորը, յառաջաբանը կ՚ըսէ թէ՝ հեղինակը պատանի մըն է դեռ։ Այս պատանի հոգին, արդէն իսկ տխուր է սակայն։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Շատեր՝ որք մարդերը կը կշռեն ու կը դատեն իրենց ստամոքսին ու ջիղերուն տրամադրութիւններուն համեմատ միայն, կանխահաս պիտի գտնեն այդ տրտմութիւնը։ Ասիկա՝ ուրիշը չհասկնալու մասին մեր ունեցած յաւակնութիւններուն ու յամառութիւններուն արդիւնքն է։ Քննադատին դերն է ամէնէն առաջ ճշդել արուեստագէտին անկեղծութեան աստիճանն ու սահմանել իր տաղանդին անձնական նկարագիրը, որք անձեռնմխելի են, եւ անկախ որ եւ է վարդապետական հարկադրութիւններէ։ Միսաք Մեծարենց, անկեղծօրէն մելամաղձոտ բանաստեղծ մըն է։ Բայց ասիկա չի նշանակեր թէ կեանքը կ՚ատէ ինք։ Այս քաղցր մելամաղձութիւնը ոչինչ ունի ժխտական եւ յուսահատական։ Անիկա մանաւանդ արդիւնքն է կեանքը խիստ անսովոր եւ առանձնայատուկ ճաշակով սիրելու եղանակի մը։ Անիկա նշանն է դժուարապահանջ զգայուն հոգիի մը, որ կեանքին իտէալ գեղեցկութիւններուն ի խնդիր, կը հծծէ կամ կը գոռայ իր յուսախաբութիւններն ու ըմբոստացումները։ Ապա ուրեմն՝ քնարը միօրինակ տաղտկալի շեշտ մը չի թրթռացներ։ Անոր բազմապատիկ թելերուն վրայ, ներհակ ու զանազանակ նկարագրով շեշտեր կը փոխնիփոխին։ Յոյսը, ցաւը, երազը, խանդավառումը, սէրը, սուգը, հիացումը, պաշտամունքը, ամէնքն ալ, իրենց թելն ունին հոն։ Այսպէս, օրինակի համար Ցայգն է պայծառ գեղեցիկ քերթուածին մէջ բանաստեղծը կ՚ըսէ իր ալեկոծ հոգիին ելեւէջները, այնքա՜ն մարդկային, այնքա՜ն ճիշդ ու ճշմարիտ.

 

Պարզկայ ցայգուն անուրջին մէջ
Լըւալ կ'ուզեմ հիմակ հոգիս,
Եւ հրահրել` երբեմնի շէջ
Աշտանակներն իմ երազիս:

Մտածումս կ՚անցնի նորէն
Շաւիղներէն իր լուսաւէտ,
Հեշտութիւններ հոգւոյս յաւէտ
Բերելով իր ճամբաներէն:

Գինո՜վ եմ ես ծաղկանց բոյրէն,
Տարաշխարհիկ ու գըրաւիչ,
Ու ձայներէն ալ` որ քիչ քիչ
Իմ երազներս կ՚օրօրեն:

Եւ անծանօթ աշխարհներուն`
Անեզրին մէջ խորհրդազեղ`
Կ՚անդրադառնայ մէջն իմ հոգուն
Կրկներեւոյթը գունագեղ:
……………………………………

 

Պիտի անցնի՜մ ես անհունին
Յաւէրժալուռ երկինքներէն,
Մինչեւ յոյզերս ամէն թօշնին`
Ու ես երկիր դառնամ նորէն:

Որքա՛ն անկեղծ ու սրտայոյզ է նաեւ շեշտը հետեւեալ քերթուածին՝ ուր բանաստեղծն անձկակարօտ կը ձայնէ՝ իր Յոյսերովն ու Երազներովը բեռնաւոր հեռագնաց նաւակներուն ետեւէն.

 

Նաւակներ մեկնեցան ամէնն ալ, բաղձանքով ակաղձուն.
Հեռացան ամէնն ալ` ծփանուտ երազիս ափունքէն.
Անձուկին բոցը զիս պաշարե՜ց. Ըսպասման հիւանդն եմ.
Հոգեսարս դողերով եւ հուրքով միշտ ցայգերն են յղի.
Գիշերներն ես ճամբուն կ՚սպասեմ ծիրանի այն դարձին.
Ու ցայգուն ալ կ՚անցնիմ աւազուտ ափունքէն` դողահար`
Սրտաթափ ու խանդոտ երազի կայծերով առլըցուն:
Դարձուցէ՜ք նաւակներս հողմավար, ջրանո՜յշ պայիկներ,
Դարձուցէ՜ք նաւակներս դիւթավար, իրիկուա՜ն հովիկներ…

Միսաք Մեծարենցի սէրերուն մէջ, բնութեան սէրն առաւելակշիռ է։ Կինը, այդ սահմանին մէջ, տարտամ ուրուագիծ մըն է դեռ, որուն պատուանդանին տակէն կ՚անցնի մատաղատի քերթողը, վարանոտ, գողունի, հազիւ թէ նշմարելի շիկնոտ համարձակութեամբ մը։ Բնութեան սէրը սակայն, իր մօտ արդէն իսկ պաշտամունքի աստիճանին հասած է, վասն զի բանաստեղծը բնութեան մէջ աւելի քան նկարչական հանգամանքներ կը տեսնէ. բնութեան իրերուն խորազդեցիկ խորհուրդը կ՚արբուցանէ միստիք եւ ամոքիչ հեշտանքով մը՝ իր կրօնատենջ հոգին։ Ցնորաբեր գիշերը՝ որուն գաղտնապահ համբոյրին բանաստեղծը բաց կը թողու իր պատուհանը, մթնշաղին՝ դէպի գետափ դիմող արագոտն եղնիկները, վանքին քովի արահետէն անցնող լռին կարաւանները, գետափնեայ հնամենի ծառերը՝ որք զմրուխտ միայնութիւններու ընդմէջէն մշկեղէն բուրմունքներու խունկը կը ղրկեն մեզի, խոնջ իրիկունը՝ որ յամր հանդիսաւորութեան մը մէջ դէպի խաւար կը խոնարհի, գիշերային անդորրութիւնը խռովող դօդօշներու կեղերջները, որ լուռին սրբութիւնը կը լլկեն, կիրամուտքի սրբազան խաղաղութեան մէջ ոսկեկրակ աչքերով բուրվառներ, հովը՝ որ ծովին աղտաղտուկ տամուկ բոյրերուն արբեցութիւնը կը բերէ, հեղեղատին սիրերգը՝ որ մենաւոր անտառներուն հեռաւորութենէն՝ բանաստեղծին մտադիր լսելիքը կ՚սփոփէ, ու մենիկ ճամբան՝ որ հորիզոնին վրայ հսկայ խորքի մը պէս կ՚երկարի, բոլոր ասոնք, բոլոր այս կենդանի կամ անշունչ իրերը, մտերմասացութիւններ ունին՝ որոնց կ՚ունկնդրէ երկիւղած հաւատքով, բանաստեղծին յուզումնավար հոգին։

Միսաք Մեծարենցի դեռածիլ արուեստը, դիւրահասկնալի պատճառով, չունի դեռ իր ներշնչման զուգահեռական կատարելութեան մը կնիքը։ Այդ արուեստը՝ բաւականաչափ զուտ, հաւասարակշիռ, ապահով չէ տակաւին։ Այսպէս, առանց ծանրանալու բոլոր ուշադրութիւն հրաւիրող կէտերուն վրայ, անցողակի նկատելի է որ Մեծարենց չի վարանիր գործածելէ օտար, քմակերտ եւ խժալուր բառեր, օրինակի համար՝ զիւմրիւթ, արծաթել, կաթիլք, եւ այլն։ Իր բառարանը մասնաւոր համակրութիւն ունի վերադրական կրկնութեանց ու յաճախութեանց մասին, եւ իր հռետորական պատկերները արեւելեան կամ պարսկական պերճաշուք պղտորութեան մը ստգտանքն ունին յաճախ։ Օրինակի համար՝

Համբոյրիդ, գիշե՜ր, պատուհանս է բաց.

Թող որ լիառատ ծծեմ հեշտագին

Կաթը մեղմահոս լոյսիդ տարփանքին

Յետոյ ունի տասնեւհինգոտնեան եւ տասնեւվեցոտնեան ոտանաւորներ, որք Բագրատունիական դանդաղ մեծվայելչութեան հին հոտ մը կ՚արձակեն.

Գիւղն համրօրէն կը մըրափէ ծոցն արեւոտ ժայռերուն…

եւ կամ

Խոնջ իրիկունն արագօրէն կը խոնարհի դէպի խաւար…

Ըստ իս, հարկ չկար 4+3նոց եւ 4+4նոց երկեակներ զուգահեռական գծի վրայ բերելու, նորութեան մը պատրանքով։ Այսպէսով՝ մէկէ աւելի անպատեհութիւններ առաջ կուգան, որք արուեստին կատարելութեան վնաս բերող մանրամասնութիւններ են եւ յայտարար նշաններ՝ արուեստագէտին անապահով ինքնիշխանութեան։ Օրինակի համար՝ երկեակին առաջին տողին յանգը կը կորսուի. երկրորդ՝ այդ միեւնոյն տողի վերջաւորութեան մէջ՝ դանդաղ ու ճաշակի մաքրութեան դէմ խորթութիւններ կը պատահին. օրինակ՝

Որմին վըրայ տրտմութիւն մը կը ցանէ բիլ եղրեւանին.

Միսաք Մեծարենցի ոտանաւորը, որ ընդհանրապէս այնքան սահուն է ու երաժշտական, մեծապէս պիտի շահի, խուսափելով այդ նորութիւններէն, որոնց մէջ այնքան անուղղայ հաստատամտութեամբ կը յամառի Պարսամեան սխալ հնչեակի անհանդուրժելի ունայնաբանը։

Վերջացնելէ առաջ այս ծանօթագրութիւնները, կ՚ուզեմ աւելի կտրուկ ու ճիշդ ըլլալ Մեծարենցի, այս տակաւին գրեթէ անծանօթ բանաստեղծին մասին։ Այս նորեկին մէջ՝ սրտագրաւ ու ջերմաշունչ տաղանդաւոր քերթող մը կը յայտնուի, որ ապահովապէս գրական խիստ ուշագրաւ ապագայ մը կը խոստանայ։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1907, 11 Յուլիս, թիւ 28, էջ 673-678