ԱՐՁԱԿ
ԵՐԳԵՐ,
Օր.
Մաննիկ
Պէրպէրեանի,
Կ.
Պօլիս,
1912
—
Յուշատետր
Օրիորդ
Պէրպէրեանի
հատորիկը
ընդհանուր
խանդավառութեամբ
ողջունուեցաւ
գրականութիւնը
հասկցող
ու
սիրող
շրջանակներու
մէջ։
Ահաւասիկ
բաւական
զօրաւոր
պատճառ
մը,
որպէսզի
կարծէք
թէ,
ինծի
պէս
ուշ
մնացող
մըն
ալ
անիրաւ
չէ՝
տակաւին
բան
մը
ըսել
ուզելով
անոր
վրայ։
Գեղեցիկ
գիրք
մը՝
յաւիտենական
պատրուակ
մըն
է,
որպէսզի
մարդիկ
անոր
մէջէն
ամէն
անգամ
կարենան
բացատրել
իրենց
գեղեցկութեան
պաշտանքն
ու
հրճուանքը։
Օր.
Պէրպէրեան,
մեր
կին
գրողներու
շարքին
մէջ,
ճշմարիտ
յայտնութիւն
մըն
է։
Ճշմարիտ
արուեստագէտ
մըն
է
ինք,
որ
կ՚արտայայտուի
նուրբ
եւ
անսայթաք
ճաշակով
մը։
Գրել
գիտէ։
Գրութեան
փափուկ
ու
վտանգալից
արուեստին
գաղտնիքները
անծանօթ
չեն
իրեն։
Մաքուր
եւ
յստակ
լեզու,
երաժշտական
ու
կշռաւոր
պարբերութիւն,
ու
պատկերալից
թարմ
ոճ
ունի։
Ճշդիւ
մեր
կին
գրողներուն
մէկ
կարեւոր
մասին
քով
այդ
բանն
է
որ
կը
պակսի։
Ձախաւեր
գրողներ
են։
Բառերուն
ո՛չ
ներքնուրոյն,
ո՛չ
յարաբերական
արժէքը
գիտեն։
Ասիկա
արդեօք
հոգեբանական
թերութի՞ւն
մըն
է
կիներուն
մօտ։
Չաճապարէինք
ատոր
վրայ
պնդելու։
Կարելի
է
ըսել
սակայն՝
թէ
փիլիսոփայ
կամ
ընկերաբան
կին
գրողներ
իսկ
ունինք։
Ատիկա
տակաւին
մխիթարար
բան
մը
չէ,
աւա՜ղ,
գրե՜լ
չեն
գիտեր։
Ու
գրել
չգիտնալ,
հոմանիշ
է
գրեթէ
ուշադրութեան
արժանի
բան
մը
չգիտնալուն։
Անշուշտ,
Սիպիլը
ունինք,
որուն
կատարեալ
ու
նրբարուեստ
գրականութիւնը
քիչ
մը
ամենուս
վրայ
իր
բարերար
դրոշմէն
բան
մը
ձգած
է։
Անշուշտ
ունինք
Տիկին
Եսայեանը,
որ
մեր
հազուագիւտ
առաջնակարգ
արձակագիրներուն
մէջ
իր
արժանի
տեղն
ունի։
Ունինք
նաեւ
Տիկին
Թէոդիկը,
որուն
Ամիս
մը
ի
Կիլիկիա
արցունքոտ
ու
զգայուն
գիրքը
այնքան
հաճոյքով
կարդացուեցաւ,
եւ
Օր.
Պերճուհի
Եազըճեանը
անարժան
չէ
համակիր
ուշադրութեան։
Ուրախութեամբ
է
որ
կ՚ողջունենք
այսօր
Օր.
Մաննիկ
Պէրպէրեանը
իր
Արձակ
Երգեր
ով։
Սէրերով
ու
երազներով,
արցունքով
ու
ժպիտով,
նուրբ
ու
փափուկ
տպաւորութիւններուն
թրթռուն՝
շնչատ
եւ
յուզումնալից
էջեր
են
ասոնք,
ուր
խորապէս
անկեղծ
հոգի
մը
կաթոգին
կ՚երգէ,
ինչպէս
կ՚երգէ
արտոյտը,
ազատ
եւ
անհաշիւ,
երբ
արշալոյսին
ծիրանեգոյն
սահմաններուն
վրայ
արեւը
կը
ժպտի։
Վայրկենական
տպաւորութիւններու
նօթագրութիւններ
են
ասոնք։
Եւ
ի՜նչ
ներհակութիւններ,
իրարու
յաջորդող
այդ
տպաւորութիւններուն
հոգեբանութեան
մէջ։
Որքա՜ն
քմայք,
որքա՜ն
անհաստատութիւն
կայ
այդ
սէրերուն
ու
երազներուն,
այդ
ժպիտներուն
ու
արցունքներուն
մէջ։
Բայց
որքա՜ն
խորապէս
անկեղծ
են
անոնք։
Օր.
Պէրպէրեան
տղու
հոգի
մը
ունի
ու
միամիտ
ու
փոփոխական։
Իր
հակասութիւնները
չեն
խաթարեր
սակայն
իր
հոգիին
անկեղծութիւնները։
Հոգիի
մը
անկեղծութիւնը
պէտք
է
հաստատել
արտայայտութեան
վայրկեանին
մէջ։
Ի՞նչ
փոյթ,
եթէ
յաջորդ
վայրկեանի
մը
ներհակ
անկեղծութիւնը
պիտի
գայ
խաբել
մեզ։
Օր.
Պէրպէրեանի
հոգին՝
միամիտ
է՝
եւ
համարձակ։
Ոչ
մէկ
կին
գրող
իրեն
չափ
արիասիրտ
ու
ազատախօս
չկրցաւ
ըլլալ
մեր
մէջ,
իր
զգացումներուն
ու
երազներուն
անվերապահ
արտայայտութեան
տեսակէտով։
Բայց
այս
հոգին
պարզ
հոգի
մը
չէ
բնաւ։
Չափազանց
բարդ,
չափազանց
երկդիմի
եւ
յեղյեղուկ
հոգեբանութեան
մը
բուրումնաւէտ
խտացումն
է
ան,
ուր
ախտավարակ
զգայութեան
մը
սիրալիր,
հեշտախնդիր
եւ
նրբամոլ
լարերը
կը
թրթռան։
Օր.
Պէրպէրեան
խորհրդապաշտ
գրող
է։
Արտաքին
աշխարհէն՝
իր
զգայութեան
կրած
տպաւորութիւնները
ներհայեցական
իրականութիւններու
կը
փոխուին։
Քրիզանթէմները,
որ
իր
կուրծքին
վրայ
կը
մեռնին
իրիկուան
դէմ,
կոտրած
հովանոց
մը՝
որ
իրը
եղած
է,
ասուպներ՝
որ
կապոյտը
կ՚ասեղնագործեն,
նոյնքան
պատահարներ
են՝
որոնց
մէջ,
խորհրդանշաններ
կը
տեսնէ
բանաստեղծը։
Օր.
Պէրպէրեանի
գրքոյկը
ամենամեծ
հաճոյքով
կարդացի։
Կը
կարծեմ
թէ
ուրիշ
անգամներ
ալ
պիտի
կարդամ
զայն։
Հաղորդական,
մտերմական
տաքուկ
բան
մը
կայ
իր
մէջ,
իբր
թէ
հոգիի
բարեկամ
մը
ըլլար,
որուն
հետ
պիտի
սիրէինք,
որուն
հետ
պիտի
տառապէինք,
որուն
հետ
պիտի
ապրէինք։
Օր.
Պէրպէրեանին
բանաստեղծութիւնը
հիւթական
է
եւ
հրապուրիչ։
Ես
կը
նախընտրեմ
իրեն
պէս
բանաստեղծները,
որ
առաջին
դէմքով
կը
խօսին,
եւ
որոնց
եսը
անհատական
է
այնքան՝
որքան
տիեզերականօրէն
մարդկային։
Կը
նախընտրեմ
զիրենք
բոլոր
այն
խոշոր
անուններէն,
որոնք
կրանիթէ
լեռներ
կը
կառուցանեն
մեծադղորդ
ու
ճոռոմ
հռետորութեան
մը
զարհուրելի
աղմուկին
մէջ։
Վիգթօր
Հիւկօն
իսկ
մէկ
անգամ
կը
կարդացուի։
Անկէց
անդին
արտասանուելու
համար
միայն
լաւ
է։
Հայ
նոր
գարականութիւնը
ուրախութեամբ
ողջունելու
է
Օր.
Պէրպէրեանին
պէս
բանաստեղծի
մը
յայտնութիւնը։
ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ.
—
Տոքթ.
Մ.
Վահէ
հայ
գրականութեան
կ՚ընծայէ
մի
փոքրիկ
ծաղկեփունջ
գերման
բանաստեղծներէ,
որուն
կ՚ընկերանան
քանի
մը
ինքնագիր
քերթուածներ։
Գերմաներէն
չեմ
գիտեր,
կարենալ
գնահատելու
համար
Տօքթօրին
թարգմանութիւններն
իրենց
թարգմանական
արժէքին
մէջ։
Բայց
ամենամեծ
ախորժով
կարդացի,
ինչպէս
միշտ,
Հայնէն՝
որ
յաւիտենական
բանաստեղծ
մըն
է
ինծի
համար։
Ո՛չ
թարգմանչին
խառնակ,
որձեւէգ,
անժամանակ
աշխարհաբարը,
ո՛չ
իր
օտարոտի
եւ
անբացատրելի
կէտադրութիւնը,
ոչ
իր
անխնամ,
մերթ
սողոսկուն
ու
միշտ
անարուեստ
ոտանաւորը,
կրցան
արգելք
ըլլալ
որ
չկարդայի
զմայլելի
Լօռէլայը
անգամ
մը
եւս
ու
քանի
մը
այն
չքնաղ
քերթուածները՝
ուր
Հայնէ
կրցած
է
ա՜յնքան
հոգի
ու
սիրտ
խտացնել։
«Հայ
Գրականութիւն»,
1912,
1/14
Օգոստոս,
թիւ
1