Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՐԻԳՈՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

Ուսուցիչ, լեզուաբան, հայագէտ ու բանասէր։

Տիտղոսները հմայքոտ ու սիրուն չթուին գուցէ։

Սակայն, թռուցիկ ու թեթեւամիտ գրականութեան, հարեւանցի ու դիւրին մտաւորական զուարճութեան այս յեղյեղուկ օրուան մէջ, խոստովանեցէք թէ՝ ասանկ լուրջ, համակրելի ու յարգելի են։

Այս խեղճ տղան, գրեթէ տակաւին պատանի մը, որ տարաժամ ու ցաւագին մահուան մը մէջ յանկարծ մարեցաւ, իր ետեւէն լուսաւոր ակօս մը կը թողու, այն համեստ ու մաքուր արահետը՝ ուրկից իր ազնիւ հոգին ու իր երազուն իմացականութիւնը քալեցին վայրկեան մը, կեանքի փոթորկոտ ու մռայլ հորիզոնին վրայ։

Շահինեան, որ մարմնացած համեստութիւնն էր, մաքուր՝ ո եւ է լրբենի ու անգիտակից յաւակնութենէ, իմացական պտղաբերութեան արգաւանդ գետին մը ունէր իր գլխին մէջ։ Իր ընդունակութիւններուն համեմատութեամբ՝ իր գրական գործունէութիւնը յառաջաբան մը միայն մնաց, բայց յառաջաբան մը՝ որ ինքնին արժանիք մըն է արդէն։

Բաց ի ճոխ շարքը բանասիրական ու լեզուաքննական այն հիւթեղ ու հմուտ յօդուածներուն, բաց ի վիպական քանի մը մանր փորձեր (նորավէպներ՝ գաւառի կեանքէն), զորս օրուան լրագրութեան անկայուն ու վաղանցիկ թերթերու վրայ թռցուց, ինքը կը թողու պատրաստ ու ծրագրական երկասիրութիւններու ձեռագիրներ, բոլորովին նոր ու ինքնայատուկ մեթոտով դասընթացքներ՝ հին ու նոր հայերէնի ուսուցման յատկացած. պատմական ու քննական ուսումնասիրութիւն մը, հայ. Եկեղեցւոյն վրայ. ուսումնասիրութիւն մը՝ Մաղնիսայի տոհմային, կրթական, ընտանեկան, ընկերական, կրօնային կեանքը ցոլացնող, եւ ուրիշ մը, Հայ Կինը ներկայացնող վէպ մը, ընտանեկան կեանքին մէջ։ Վերջին երկուքը, որոնց ատաղձները պատրաստած էր, կ՚մնան կիսատ ու ծրագրական վիճակի մէջ։

Արմաշի վանական մթնոլորտին մէջ կազմուած, իր միտքն ու հոգին՝ անարատ մնացած էին օտար գրականութիւններու վատթարացող ազդեցութենէն. իր ոճը վստահ ու քիչ մը վարդապետական, դրոշմը կը կրէր բուն հայկական շարադասութեան նկարագրին, ու իր բառարանը, ճոխ ու նկարագեղ բառարան մը, գրաբարի հարուստ գանձարանէն՝ հատընտիր ակունքներու պատշաճաւոր փոխառութիւն մը չէր մերժեր, իր յստակ ու գեղեցիկ աշխարհաբարը նուիրագործելով տոհմային յատկութիւններուն թիկնածութեան մէջ։

Այս տեսակ պայմաններու ներքեւ միայն անշուշտ, Շահինեան մէկն էր այն լուրջ ու խորապէս գիտակից միտքերէն, որոնք վաղուան գրականութեան գեղեցիկ յղացումը սնուցին, այն ազնիւ երազին՝ որ ծնունդ առաւ տոհմային բնորոշութեան հպարտ ու ջղուտ զգացման խանձարուրին մէջ։ Հայ ուսումնասիրութիւններու գրական ու ընկերային մեծ կարեւորութիւնը՝ քիչեր զգացած էին Շահինեանին չափ։

Ու տքնեցաւ ինքն ալ, իր խանդավառութեան, իր յոյսերուն ու իր իմացականութեան կենդանի կայծին պատուաւոր նպաստը բերելով գաղափարին։

Աւա՜ղ, սակայն, եթէ Երազը կ՚ապրի ու կը յարատեւէ յաւիտենական փոխանցումի մը մէջ, եթէ գաղափարին անմեռ կենդանութիւնը չի ցամքիր մարդկութեան մէջ, մարդիկ՝ որ զանոնք ծնած էին կամ անոնցմով սնած, մարդիկ կը մեկնին, կ՚երթան անդարձ՝ անվերջ Գիշերուան պանդխտութեանը մէջ կորսուիլ, կարօտի արցունք մը ձգելով յուշարար՝ իրենց ետեւէն։

Այսպէս՝ պատրող ու զաղփաղփուն յստակութիւններու մէջ՝ այս բանասէրը, ծանր, ցամաք ու համբերատար աշխատութիւններու այս լռին լծւորը, օրին մէկը, նախազգացումը ունեցաւ անժամանակ վաղահաս վերջալոյսին, եւ իր դառնացած հոգին, բանաստեղծութեան ազնիւ ու զգայուն թափի մը մէջ, սեւ նախազգացումին արցունքը լացաւ, տաքուկ, աննման իսկատիպութեամբ քերթուածի մը մէջ։

Վայրկեան մը։

Այս vers liberoի թախծագին պատառիկը՝ արդի հայ բանաստեղծութեան այն կտրոներէն է, որոնք պէտք է եւ պիտի ապրին։

Առվէռ՝ միակ հնչեակով մը անմահացած է ֆռանսական մատենագրութեան մէջ։

Շահինեան որ վայրկեան մը միայն ապրեցաւ մեր հորիզոնին վրայ, արցունքի, հեծեծանքի ու ըղձակաթ կարօտի այն գերագոյն վայրկեանին մէջ պիտի անմահանայ։

Վերջալոյսը, գուժաւոր արհաւիրքով յղի, մօտալուտ էր. պակուցիչ նախազգացումն էր որ մահառիթ ամպի մը սուդովը կը խափանէր բանաստեղծին ծարաւի հոգիին հիւանդագին առկայծումը։

Վերջալոյս մը կը հատնի լո՛ւռ հոգւոյս մէջ.

Սիրտը «թաքուն խորան մըն է, պաշտամունքով մը խնկաւէտուած» եւ ինքը, վանականի մը խորհրդաւոր ու գաղտնապահ ներանձնականութեամբ, իր հին ու նոր յիշատակները խունկ՝ մոմ կ՚ընէ հոն, թաքուն խորանին առջեւ։

Բանաստեղծին նախազգացումը սպառնալից է ու իր ցաւը անհուն։

Դժնիկ կասկած մը հոն փուշ փուշ կը սողայ,

Թէ՝ հատնումէն

Վերջ իղձերուս իմ ո՛հ, ամէն՝

Իսպառ պիտի չդողդղայ

Հոն անարեւ երկինք մը իսկ ասմազուն,

Թոռմող սրտիս իբրեւ սուգի քօղ մ՚անհուն.

Եւ, անագորոյն կասկածէն միշտ հալածական, սեւ նախազգացումի անտեղիտալի սարսափին ներքեւ շուարուն, կեանքին լքուած ու անբաղդ սիրահարը, աղերսարկու եւ արտասուալից, գերագոյն կոչը կը հծծէ, օրհասական շնչասպառ շեշտի մը մէջ ուռեցնելով հոգիին անսահմա՜ն կարօտը։

Եւ յանկարծ,

Կ՚ուռի լանջքըս ծարաւով մը բոցարծարծ,

Եւ ջիղերուս ըմբոստումովն խելայեղ

Փնտռեմ սնդուս երազս, իղձերս ու խոհանք,

Մանկան մը պէս արտօսրահեղ

Պաղատելով Կեա՜նք, կեա՜նք, կեա՜նք։

Բայց Երազը կը խուսափի կիսաստուերին անստգտութեան մէջ, իմացականութեան կայծը կը տժգունի, ու վերջալոյսին վերջին անփայլ ոսկեզօծումները յաւիտենական Գիշերուան մէջ կը մոլորին անդարձ։

Գերագոյն լռութեան սարսռագին տիրապետումին մէջ, վերջալոյսէն ետքը, մեզի համար, որ կեանքի վաղանցիկ արեւին ներքեւ տակաւին հեւքոտ կեանք մը կ՚ապրինք ու չենք ապրիր, վերջալոյսէն ետքը, մութ լեռներուն ետեւէն, ուր արեւը թաղուեցաւ, Գիշերուան մէջ խուսափող հոգիին հանդարտ ու վստահ վկայութիւնը կուգայ դեռ յուշիկ հծծել մեր սկեպտիկ ու խռովայոյզ հոգիներուն՝ յաւիտենական Կեանքին նուիրուած սաղմոսերգութեան վերջին վանկերը։

Կը հալին լուռ գիծ ու երանգ, աղօթք, երգ,

Սարսռուն, տարտամ նուաղումով մութին մէջ,

Եւ անծանօթ զեղում մ՚անուշ հոգիս մերկ,

Լեցնէ միսթիկ յուշերով զերթ գրքի մէջ։

Շահինեան՝ իր մահէն քանի մը ամիս առաջ միայն, երբ տակաւին ողջ առողջ էր, գրեց յայտնութենական իմաստով այն խորունկ բանաստեղծութիւնները։

Հոգին՝ պարգեւն ունի այս տեսակ յայտնատեսութեանց։

Ի՞նչպէս արդեօք։

Խորհուրդի սեւ ամպ մը կը ծանրանայ մեր իմացականութեան մռայլ հորիզոնին երկայնքովը, եւ մտքին լուսաւոր սողոսկումները՝ կը մոլորին անծանօթին խաւարակուռ սահմաններուն վրայ։

Վայրկեան մըին մէջ, բան մը կայ՝ որ Պետրոս Դուրեանի՜ն մտածել կուտայ անպատճառ։

Շահինեանին մահուան մէջ՝ բան մը կայ, ուրուակա՜նը այն անանուանելի ախտին, որ Դուրեանին մտածել կուտայ նորէն։

Եւ դառնագին զուգադիպութիւն, Պետրոս Դուրեանին Սրբազան եղբայրը՝ ուսուցիչը եղաւ հէգ Շահինեանին։

Գաղափարներու լծորդութիւն մը իրարու կը միացնէ այս երեք մաքուր հոգիները, մեր մտքերուն մէջ, եւ մեր սիրտը՝ համակրութեան միեւնոյն ապահով ու ջերմ խորշին մէջ կը տաքցնէ զանոնք։

Ու, հիմա, նորէն, վերջին պահուն, ոչնչութեան վաղահաս ուխտաւորին գունաթափ դիմաստուերը, կիսափակ աչքերուն մէջ՝ խուսափական Երազին ու չլեցուած կարօտին տժգոյն ցոլքերը կրելով տակաւին, մեր երեւակայութեան առջեւէն երեւութական անցք մը կ՚ընէ, տարտա՜մ ու յեղյեղուկ, մոռացումի սեւ ուրուականէն հալածական։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1903, Յունվար 18, թիւ 3, էջ 54-57