Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Շնորհիւ անպարտասելին Պէրանժէի, ի՞նչպէս յատկանշել այս զառամ ծերակուտականը, որ իր մաշուած ութսունամենիի ջղային դրութիւնը հարկադիր ընել կ՚ուզէ բովանդակ ֆրանսական գրականութեան, շնորհիւ անպարտասելին Պէրանժէի, խնդիրը սեղանին վրայ է նորէն։ Եւ արդէն վար իջած ունի՞ բնաւ։ Անբարոյական գրականութեան խնդիրը՝ յաւիտենական խնդիրներուն կարգէն է։ Յաւիտենական խնդիր, ուրեմն, սահմանումին համեմատ, անլուծելի, ինչպէս անլուծելի է առաջին ու վերջին պատճառներու հարցը։ Կամ թէ, բոլոր այս խնդիրները լուծելու բազմաթիւ եղանակներ կան, անհատական պայմաններէ կախուած, անհատական հանգամանքներով պատճառաւորուած եղանակներ։ «Ոմն այսպէս եւ ոմն այնպէս»։ Այս պարագային, յաւիտենական խնդիրները, ըստ իս, խնդիր ըլլալէ պէտք է դադրին, քանի որ զգացողական եւ իմացական առանձնախառնութեան խնդիրներ են ասոնք, ճաշակի խնդիրներ, եթէ կարելի է այսպէս ըսել։ Ճաշակները՝ անհատական անկախ ճշմարտութիւններ են, անձեռնմխելի, անքննադատելի, անհերքելի։ Մարդիկ կան որ իրենց կերակուրներն աղի կը սիրեն, ուրիշներ՝ զանոնք անլի նախամեծար կը համարին։ Ճաշակներու անկախութիւնն՝ ընդունուած սկզբունք մը չէ սակայն։ Աղի կերակուր սիրող մը՝ բերնի համէ զուրկ կը գտնէ իր դիմացինը՝ որ անլիի հակամէտ է։ Երբեմն աւելի առաջ կ՚երթայ, ըսելու աստիճան թէ՝ դիմացինը մարդ եղած չունի կեանքին մէջ։ Կամ թէ՝ ակնոցի խնդիր։ Ինչպէս որ կ՚ուզէք։ Գրականութեան համար ալ պարագան նոյն է, կամ գրեթէ։ Մարդիկ կան որ՝ օրինակի համար՝ կենսառատ կուրծքի մը օձիքաթափ գեղեցկութեան առջեւ կը գայթակղին կամ դող կ՚ելլեն։ Այդ համադմին համար չէ իրենց քիմքը։ Միեւնոյն կուրծքերը, քուրջերու տակ ծածկուած, հանդուրժելի են ոմանց։ Այսպէս, կը ճանչնամ պանիր չուտողներ, որ խենդ կ՚ելնեն պանիրէ հէլվային ու հէօշմէրիմին համար։ Հոյակապօրէն բարեձեւ սրունքի մը տեսքէն՝ իրենց սարսափը պօռացողներուն դասակարգութիւնն ընելով, կը հանդիպինք ուշագրաւ զանազանութիւններու։ Կան որ երկու հոգիի մէջ կը գայթակղին, առանձինն՝ հոգի տալու համար։ Ուրիշներ՝ յանուն հանրային բարոյականութեան կը մռնչեն։ Ատիկա փառքի պարծանքի տիտղոս մըն է իրենց համար։ Անձնապէս՝ տարբեր գոյն ունին։ Թառթիւֆներն են ասոնք։ Կան նաեւ որ, բնապէս, կամ ախտաբանական պատճառներու հետեւանքով, սահմանափակ տարփական զգացողութիւն մը ունին (sensibilité érotique), կամ զայն ունին խիստ փափուկ, որով եւ, ազատօրէն տարփական գրականութենէն խորշանք կ՚զգան անկեղծապէս։ Իրենց սէրը՝ հոգեպաշտ (spiritualiste), եւ տարտամ սահմանումով մը, իտէալ կոչուած սէրն է, ամչկոտ արդուզարդով սէր մը, ուր սիրոյ առարկան արտաքին ձեւէն ու իր նիւթական պայմանէն անկախ բան մըն է, անշօշափելի բան մը, հրեշտակային բան մը, հոգի, ոգի, ինչ որ կ՚ուզէք։

Հանդիպակաց եզերքին վրայ կը գտնուին տարփականները եւ պոռնըկագիր (pornographie) գրագէտները, ինչպէս կ՚ուզեն անուանել զանոնք։

Չենք կրնար այնպէս մը ընել որ ամօթղածներն այլեւս առանց թզենիի մը տերեւին սկսին հանդուրժել մարդկային մերկութեան, հակառակ անոր որ Եհովայի առաջին գործը՝ զգայապաշտ ու տարփամոլ մեծ արուեստագէտի մը հրաշակերտն է։ Չենք կրնար ընել նաեւ որ, զգայասէր աչքերը փորել տալու օրէնք մը քուէարկուի վաղը, թառթիւֆներուն, խպնոտներուն կամ բարոյամոլներուն քէֆը բերելու համար։ Աշխարհ այնպէս է ինչպէս որ է։ Ճոխատեսակ մարդկութիւն մը։ Ճաշակի խնդիրներուն մէջ, որք զգացողութեան խնդիրներ են առաւելապէս, անձնիւր անհատականութիւն օրէնք մըն է։ Երբ կը խորհուի դասակարգի մը կամ զանազանութեան մը (variété) զգալու եղանակը հարկադիր ընել բովանդակ մարդկութեան, ներհակ զգացողութիւններն իրարու դէմ կ՚ելնեն այն ատեն։ Ոզնիի փուշերը կը ցցըւին։ Եւ ահա վէճեր, որք սակայն՝ յաւիտեանս յաւիտենից չպիտի վերջանան։ Բռնապետութիւն՝ զգացողութեան վրայ, ատիկա բացարձակապէս անկարելի է ու ցնորական։

Անբարոյական գրականութեան խնդիրը մասնաւորապէս նկատի առնելով, մանաւանդ թառթիւֆներու դասակարգը անհանդուրժելի է։ Բարոյականի մարդիկ։ Բայց «անոնց բարոյականի»ն վրայ գլուխգործոց մը գրած է Ալփիար։ Եթէ իրենց ականջ կախել հարկ ըլլար, գրականութեան ու արուեստի արտադրութեանց երեք չորրորդ մասը՝ ցուցամատի ենթարկել անհրաժեշտ էր։ Ո՞ւր պիտի երթար այն ատեն մարդկային թշուառութիւնը։ Առանց հեռանալու նոյն իսկ մեր խեղճուկ գրականութեան սահմաններէն, պէտք պիտի ըլլար դուրս նետել օրինակի համար Զօհրապը, տարփական գրականութեան այդ անզուգական վարպետը։ Պէտք պիտի ըլլար վտարել Չիֆթէ-Սարաֆը, իր «Միամիտի մը արկածներ»ուն հետ։ Ու պիտի ստիպուէինք դռները փակել Տիկին Եսայեանի երեսին, եւ ձերբակալել տալ հրաշալի Ալփիարը, յանուն հանրային բարոյականութեան։ Հապա՞ Թլկատինցին. ան ալ անբարոյական մը չէ՞ միթէ, իր իրապաշտ պատկերներու մեծ մասին մէջ։ Հապա՞ Դուրեանը. կարելի՞ է մոռնալ Վարդ եւ Շուշանը։ Բայց ասիկա ճշմարիտ սնանկութիւնը պիտի ըլլար։ Որերո՞ւ պիտի մնար այն ատեն մաքրուած թատերաբեմը…։

Ճաշակներու անկախութիւնը յարգել, այդ պիտի ըլլար թերեւս խնդրին լուծումը։

Բայց իրականութեան մէջ, այդպէս չէ պարագան։ Յանուն հանրային բարոյականի դէմ գործուած անարգանքին աշխարհ դղրդելու վրայ է այս վայրկենին։

Պ. Պէրանժէի նախագահութեան ներքեւ, Բարիզ, Միւզէ Սօսիալի մէջ, վերջերս տեղի ունեցաւ Պոռնկագրութեան դէմ Միջազգային Համաժողով մը (Un congrès International contre la pornographie)։ Փոյթ չէ թէ աշխարհի մէջ գտնուի կեղծաւոր կամ անկեղծ ամչկոտներու բանակ մը, որ Աստղկան հրաշալի արձանի մի առջեւ կը կարմրի։ Բայց ահա՛ կ՚ուզեն իրենց այս պզտիկ հիւանդութիւնն հարկադիր ընել բոլոր անոնց՝ որ թարմագեղ մարմնի մը ներդաշնակ համեմատութիւններ ու սեռական կենսալիր բնազդներու պանծացումը բանաստեղծացնել՝ գեղեցկապետական ախորժներու էական պայման կը նկատեն։

Եւ զարմանալին այն է որ, ճշդիւ գրագէտին իրաւունքները օրինական եւ այլ կամայականութեանց դէմ պաշտպանելու մտադրութեամբ կազմուած Ֆրանսայի գրագէտներու Ընկերութիւնն ալ (Société des Gens le Lettres) իր նախագահն իբր ներկայացուցիչ ղրկած է այդ համաժողովին, անոր ձեռնարկին իր հաւանութիւնը բերելու համար։ Եւ Պոռնկագրութեան դէմ Միջազգային Համաժողովը պիտի առաջարկէ օրէնքներ, որոնցմէ զերծ մնալու ապահովութիւնը չպիտի ունենայ սակայն ամէնէն տաղանդաւոր գրագէտն իսկ։

Քրոնիկագիր մը, խնդիրը մօտէն եւ իրաւաբանական տեսակէտէն քննելով, կարգ մը խորհրդածութիւններ կ՚ընէ այս առթիւ, որք մեծապէս արժանի են ուշադրութեան։

Եւ իրաւամբ, «ինչո՞ւ Ֆրանսայի Գրագէտներու Ընկերութիւնը կը մասնակցի պաշտօնապէս՝ Ամօթղածութեան պահակախումբի տըռտըռ գնդապետին, Պ. Պէրանժէի դրօշակին ներքեւ կազմուած այս համաժողովին գործողութիւններուն։

«Որովհետեւ, կ՚ըսեն, մարդիկ որ տաղանդի նշոյլը չունին, գրքերու եւ լրագիրներու հրապարակը կ՚ողողեն անհեթեթօրէն անպարկեշտ գործերով։

Բայց անոնք որ կիյյօթիններ կը կանգնեն, չեն կասկածիր բնաւ թէ օր մը իրենց գլուխը կրնայ տանիլ դնել հոն։

Բայց տակաւին շատ թարմ են այն օրինակներն որ կ՚ապացուցանեն թէ, երբ այդպիսի օրէնքներ գործել կ՚սկսին, այլեւս խտրութիւն չեն դներ ասոնք, եւ կը հարուածեն արուեստագէտներն ինչպէս ուրիշները։ Գրագէտներու ընտրութիւնն արդեօք մոռցա՞ւ այն տխմար հետապնդումները՝ որք տեղի ունեցան Ֆլօպէռի, Պոտլէռի, Ռիշթէնի դէմ։

Անկարելի է ըստ օրինի որոշել բանի մը Արուեստի սահմանին պատկանիլն ու չպատկանիլը։ Անկարելի է, օրինական ճշդութեամբ, որոշել գեղեցիկը տգեղէն։ Այս տեսակէտէն, օրէնքը չի կրնար պարունակել որ եւ է սահմանում, գծել որ եւ է սահման, վասնզի Գեղեցկութիւնը չունի սահման եւ կը խուսափի ամէն սահմանումէ»։

Ի՞նչ է գեղեցիկը, հարցումն տարօրինակ, որպէս կ՚ըսէր Պէրպէրեան։

«Կարելի է վտարել խարդախուած ուտելեղէններն եւ արգիլել անոնց վաճառումը։ Վասն զի ճշգրիտ միջոցներ ունինք ճշդելու համար անոնց բաղադրութիւնը, եւ դիւրին է, ամենապարզ գործերով, փնտռել, օրինակի համար, թէ գինի մը, կաթ մը, անարա՞տ են։ Բայց ո՞րն է այն գործիքը, որ պիտի թոյլատրէ պաշտօնատարին՝ խուզարկել թէ իր գնահատման ներկայացուած գործը կը պարունակէ՞ բաւականաչափ արուեստ, մաքուր բարքերու դէմ նախատինք չբերելու աստիճանով»։

Քրօնիկագիրը երկարօրէն կը ծանրանայ բացատրելու համար թէ Գրագէտներու Ընկերութիւնը սխալ քայլ մը առած է, իր մասնակցութիւնը բերելով Պէրանժէի համաժողովին։ Ֆրանսական գրականութիւնը չի նուաստանար, վարկաբեկ չըլլար գոյութեամբն վաճառիկ մտադրութեամբն, ստորին ճաշակով ու շահախնդիր հեշտամոլութեամբ գրուած ու հրապարակ հանուած անտաղանդ հրատարակութիւններուն, որոնց հետ որ եւ է կապ չունի։

«Արդեօք պարկեշտ կիներու համբաւը կ՚արատաւորուի՞ բոզերու թուին յաւելմամբ։ Ամէն պարագայի մէջ, ինձ համար անհասկնալի էր որ պարկեշտ կիներ, սալայատակը մաքրելու պատրուակով, ելնէին օրէնքներ պահանջէին, որոնց երեսէն իրենք ալ ենթարկուէին բարքերու պաշտօնեաներու կամայականութեանց, վրէպներուն, ու չափազանցութիւններուն»։

Մեր պարագան բարեբաղդաբար այսպէս չէ։ Մենք չունինք Ֆրանսայի մէջ գտնուածին նման լպիրշ մտքով մշակուած գրականութիւն։ Մեր ամենէն երկիւղալի գրագէտները, Տիկին Եսայեան, Զօհրապ, Ալփիար, Չիֆթէ-Սարաֆ, ամէնէն նուազ տաղանդաւորները չեն եւ հակառակ Թաւշանճեանի, Ալաճաճեանի, կամ Երուանդ Տէր Անդրէասեանի, պիտի փնտռենք ու գովենք միշտ իրենց գրականութիւնը։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1908, 22 Յուլիս, թիւ 30, էջ 703-706