Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊՈԼՍԱԿԱՆ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Նօթեր չկրցայ առնել, զանոնք, այդ զգայութիւններս՝ դասակարգուած ու խղճամիտ բծախնդրութեան մը ձեւին ներքեւ բանաձեւել կարենալու համար։

Բայց Պոլիսը հմայած, գերած է զիս։ Գրեթէ սգաւոր, սրտամնաց հեռացայ Վոսփորի դիւթագեղ ափերէն։ Եւ հիմա, գիւղիս անկիւնին մէջ մեկուսացած, կ՚զգամ թէ տանջահար յիշողութիւնս անդուլ ու չարաչար յաճախուած է պատկերներու, դէմքերու, տեսարաններու խառնաշփոթ այլ հմայիչ պարսով մը։ Ու մտածումս կը հիւրընկալէ զանոնք, կամակոր հեշտանքով մը, եւ տպաւորականութեանս բիւր դռուըները բաց կը մնան, իմ մէջս յաւիտենացող թանկագին այն զգայութիւններուն, որք եկան ինծի Արիւնի, Հեշտութեան ու Մահուան այդ աննման Ոստանէն։

Տեսայ Վոսփորի մէկ փոքր մասը։ Պէշիկթաշը՝ իր արքայական քէօշկերով ու պարտէզներով, իր ծովափնեայ մարմարիոնէ շքեղ պալատներով, որոնց մէջ սգաւոր գալարաւէտ բարձրութիւններու վրայ թառած սպիտակ մենաւոր աղաւնիի մը նման, Չրաղանի ջրաբնակ մեծվայելուչ առանձնութիւնը, մեռելականօրէն անշշունչ։ Վոսփորը մինչեւ Օրթաքէօյ ճանչցայ, եւ անմոռանալի է այն աշնանասկիզբի ցրտագին ամպոտ իրիկունը, վերջին պահուն մարը մտնող արեւէն շռայլօրէն թանձր ոսկեզօծումներուն մէջ ոգեւորուած, զոր երանաւէտ արագասահ ժամ մը ապրեցայ, երբեմն հայ մտաւորականութեան կեդրոններէն մին եղող այդ ծառաշատ բուսաւէտ Օրթաքէօյին ծովեզերեայ մէկ զբօսավայրին մէջ, վայելելով Վոսփորի իրիկնամտային թաղծալիր հմայքը, դիտելով դիմացը, Սկիւտարի դարերը, ընդարձակ ծառաստաններու դեղնորակ ու շիկահար կանանչութեամբը ողողուա՜ծ, եւ Քուզկունճուգի մթին ձորն ու Պէյլէր-Պէյի ջինջ սիլուէթը, կապոյտ ջուրերուն վրայ։

Ինքնամփոփ ու անրջաւէտ անդորրութիւն մը կը թուէր համակել՝ յոգնաբեկ իրիկուան մէջ ապրող իրերը։ Ծովը, Վոսփորի վիթխարի պօան, անշարժ, երջանիկ ծուլութեան մը մէջ ընկղմած, կը թուէր որոճալ իր հին ու նոր խորհուրդները, որք իր աղիքներուն պարբերական արիւնարբու անօթութիւնները կշտացուցին, մահասարսուռ խնճոյքներու արբեցութեամբն ու հեշտանքով։ Միայն, մերթ շոգենաւ մը կ՚անցնէր մօտէն, ու կը խռովէր ջուրերուն խաղաղութիւնը։ Կամ թէ, հարէմի հուրիի մը շնորհալի թեթեւաշարժութեամբ Պոլսական դիւրաբեկ քայըք մը, որ ծիծառի մը նման կը թռչէր կ՚երթար ջուրերուն վրայէն, տեսլական հմայք մը միայն ձգելով իր անցքէն՝ յիշողութեան մէջ։

Լեցուն, եւ ստուգապէս ու գիտակցօրէն ապրուած ժամ մըն էր ինծի համար՝ դիւթական պատկերներով, թանկագին տպաւորութիւններով ու մշուշապատ մտածումներով եւ երազներով հարուստ այդ ժամը։

Բայց մանաւանդ՝ չեմ կրնար մոռնալ Սկիւտարն ու Չամլըճան։

Գրագէտ-բանաստեղծ բարեկամ մը, որ մասնաւորապէս հրապուրուած է Բիւզանդիոնի արեւելեան ինքնուրոյն հմայքով, կ՚առաջնորդէ զիս անփոխարինելի հաճոյակատարութեամբ մը։

Սկիւտարի նաւամատոյցէն կառք հեծանք, եւ դէպի աջ ուղղուելով, անցանք բանջարավաճառներու, նպարավաճառներու եւ մանրավաճառներու միայարկ խանութներով եզերուած շուկաներէն։ Ընկերս՝ ամէն անգամ իմ համբակ ուշադրութիւնս վառ կը պահէր հինաւուրց մզկիթի մը, կամ անոր քովի գերեզմաննոցի մը վրայ, որուն երկաթապատ հին՝ ցած պատուհաններէն կարծես մեռելները կը նային, կ՚ըսէր։ Իւկիւտար, հակառակ իր մեծութեան, գիւղի մը համեստութիւնն ու անդորրաւէտ քաղցրութիւնն ունի։ Բայց Սկիւտարը ինծի համար այլապէս շահեկան ու հաճելի կը թուի, ծննդավայրն ու բնակավայրն ըլլալով Պոլսահայ գրական ու մտաւորական համաստեղութեանց քանի մը մասնաւորապէս ուշագրաւ մոլորակներուն։ Մեր երկու լաւագոյն կին-գրողները, Զապէլ Եսայեան եւ Զապէլ Ասատուր, Սկիւտար ծնած չե՞ն։ Դուրեան՝ հոն ծնաւ, հոն երգեց ու հոն մեռաւ։ Մրմըրեան, ծանօթ միստիքականն ու ներհուն անպարտասելի բանասէրը, միեւնոյն հողէն բուսած է. Չիֆթէ-Սարաֆ, Թէոդիկ՝ Սկիւտարցի են, ուրիշներու հետ, Եարճանեան դիւցազներգակ բանաստեղծը, նոյնպէս, եւ տարբեր տեղ չէին կրնար ծնած ըլլալ ի հարկէ Ինտրա, նոյն իսկ Եդուարդ Գօլանճեան։

Բարձրացանք քարայատակ զառիվերէ մը, ու վերջապէս կառքէն իջանք, Սկիւտար Հայտար փաշայի մեծ գերեզմաննոցին մօտ։ Նոճեստա՜նը։ Ինտրայի՞նն արդեօք։ Այն ատեն ի՞նչպէս ոտնձգութիւն ընել իր անձեռնմխելի այս կալուածին մէջ։ Բայց ապահովաբար այդ վայրկեանին այսպիսի խղճմտութիւններով անհանգիստ ըլլալու ժամանակ չունիմ։ Օ՜հ, տարօրինակ տեսարանին նուազեցուցիչ մեծութիւնը, պարզ, միահեծան, հոծ։ Նոճեստա՜նը՝ ցրտաբոյր, վիթխարի, ընկճո՜ղ։ Վարի ռամիկ ցածութիւններէն ու փոքրազբաղ ջլատիչ քաղաքակրթական աղմուկէն դէպի վերի մաքուր բարձրութիւններն ու անդորրաւէտ ամայութիւնը՝ կը թուէր թէ արագ, յանկարծական ոստում մը ըրած էինք, իմ բարի առաջնորդիս հետ։ Նոճեստանին եզրը յանկարծ վար ցատկեր էինք կառքէն, որուն թաւալման աղմուկը վերջին աշխարհային շշնկոցն էր կարծես, որ խեղդուեցաւ նոճեստանէն բղխող միահեծան մահաբոյր լռութեան մէջ։ Երբէք չեմ փորձեր վերլուծել այդ ներանձն յուզման առաջին վաղանցիկ ցնծալիր վայրկեանները, զորս հիմա իմ մէջս յաւիտենացած կը գտնեմ։ Անոնց գինովութիւնը դեռ իմ գետնաքարշ հոգիս կը սրբագործէ աշխարհիկ հոգերու գռեհկութենէն եւ սնոտի մանրամասնութեանց պզտիկ հընհընուքէն։ Եւ այդ բաւական է ինծի համար առ այժմ։

Դանդաղաքայլ, շուրջերնիս դիտելէն, խօսակցելէն, ու մերթ խոկալէն, կ՚առաջանանք։ Երազային անցք մը, այդ մեր անցքը, վիթխարի նոճեստանը երկուքի բաժնող լայն ամայի ճամբուն մէջէն։

Յետոյ միշտ զառիվերը կը բարձրանանք, անցնելով հինայոտ հուրիներու ապաստան՝ վանդակաւոր պատուհաններով տուներէ շրջապատուած ճամբէն, մամռապատ որմերով գերեզմաննոցներուն քովէն, կամ երկար անկանոն ծառաշարերու քաղցր ստուերին մէջ քալելով։ Հայկական փողոցներէն կ՚անցնինք, ամայի ու լռին։ Դուրեանի գերեզմանը հեռուէն միայն կ՚ստիպուինք տեսնելու, ժամանակը ուշ ըլլալով։ Դուրեանին քովէն անցնիլ ու իր վրայ չի խօսիլ կարելի չէր։

Կը սիրեմ զինքը, կ՚ըսէ ընկերս, ոչ թէ միայն իր մանուկ հանճարին համար։ Կը սիրեմ զինքը, որովհետեւ կինէ մը չսիրուեցաւ։ Որովհետեւ՝ սիրուած ըլլալու մխիթարութիւնը չունեցաւ իր պատանի սիրտը աշխարհիս վրայ։ Ու ինծի կը թուի թէ՝ կիները մանաւանդ պարտ էին սիրել ու կը սիրեն զինքը, հէգ չսիրուած տղան, ու թերեւս, ինչպէս կը հաւատամ, այս անդրշիրիմեան հաւաքական յետամնաց սէրը իր չարչարուած հոգին կը մխիթարէ ու կը հրճուեցնէ այսօր։

Կիները կը սիրեն զինքը, խորհեցայ, թերեւս ո՛չ որովհետեւ Դուրեան սիրազուրկ մնաց հոս, վարը, այլ վասնզի տրուեցաւ իրեն ըսել իր մերժուած կամ չյայտնուած սիրոյն մեծ ցաւը, անօրինակ պերճախօսութեամբ քնարի մը լարերուն վրայ։ Իրեն բաղդակից քանինե՜ր, որք այդ բանը չկրցան ընել, անցան աննշմարելի ու մոռցուած։ Դուրեանին մանուկ հանճարը. ահա՛ իր յուռութքը, որ կը գործէ դեռ, կամ որ կը գործէ մանաւանդ, իր գերեզմանէն անդին։

Վերջապէս հասեր էինք ստորին Չամլըճան։ Աշնանահար լայնափեռեկ սաղարթներով ծերուկ սօսիի մը արեւով ասեղնագործուած հովանիին տակ, փայտէ երկայն նստարանին վրայ, վարկեան մը հանգիստ առինք, մեր յոգնութիւնն ամոքելով Չամլըճայի ադամանդափայլ քաղցրահամ ջուրով, եւ մէյմէկ գաւաթ կազդուրիչ սուրճով, զոր ըմբոշխնեցինք, գիտակից հեշտանքով։ Այդ միջոցին հաւ մը կը մօտենայ մեզի։ Որքա՞ն ընտանի է։ Կ՚երեւի մեր մէջ կը գուշակէ այն մեծ բարեկամութիւնը՝ զոր մեր հոգիները կը տածեն դէպի բնութիւնն ու իր բոլոր արարչութիւնը։ Սօսիին սաղարթները վայրկեան մը կը սարսռան հովի յանկարծադէպ շունչէ մը, եւ արեւին ոսկեղէն ասեղնագործութիւնը կը պճլտայ կ՚ելեւէջէ մեր դէմքերուն ու զգեստներուն վրայ։ Հեթանոսական հինաւուրց ծառին սօսաւիւնը՝ ինծի խորհիլ կուտայ հին քրմային առասպելներու։ Եւ կը մտածեմ, ի՞նչ պատգամ կրնայի ես դուրս հանել այդ խորհրդաւոր մրմունջէն, որ իմ մռայլ ճակատագիրս լուսաւորէր ինծի։

Կը մեկնինք։ Հիմա՝ դէպի բարձրագոյն Չամլըճան։ Մացառուտներով, խոպան բուսականութեամբ մը, դժնիկներով պատուած դարերէ կը բարձրանանք, յամրաքայլ։ Օդին մէջ՝ նուրբ անուշահոտութիւններ կը խնկեն։ Ռնգունքները դէպի վեր, հեշտագին ու անփոխարինելի վայելք մըն է ծծումը՝ այդ խուսափուկ բուրմունքներուն։ Կռընկենիի երկու շիւղ, քաղուած Չամլըճայի այդ խնկաւէտ կողերէն, դեռ մինչեւ այսօր կը բուրմնաւէտէ իմ թաղծօրէն երջանիկ յիշողութիւններս զորս հիմա իմ մէջս յաւիտենացած կը գտնեմ։ Հոտառական եւ տեսողական պատկերներու նրբին առնչութեանց լծորդ յարատեւութիւն մը, որ ինծի հետ պիտի ապրի ալ։ Ու կը յիշեմ Պոտլէռի հռչակաւոր հնչեակը,

Comme de longs échos qui de loin se confondent

……………………………………………………………

…………………………………………………………………

Les parfums, les couleurs et les sons se répondent.

Հիմա, վերնագոյն բարձունքին վրայ ենք ալ։ Գրեթէ բացարձակ մեկուսացում մը։ Բնութեան այս մաքուր բարեկամութիւնը՝ կ՚ամոքէ ու կը սրտապնդէ։ Ընկերային կենցաղի առօրեայ շփումին մէջ որեւէ կերպով վիրաւորուած, սգաւորուած կամ զզուահար հոգիները՝ բնութեան բարեկամութիւնը կը փտնռեն անխտիր։ Այդ բարեկամութիւնը՝ միայն մեծապէս վստահելի է ու սփոփարար։

Բայց Չամըլճայի այս բարձրութիւնը՝ ամբողջ տիրապետութիւն մըն է։ Մէկ կողմէն Սթամպուլի տարտամօրէն մշուշապատ հսկայ զանգուածը։ Ահա՛ Սէրայը, անտեսանելի հուրիներու այդ եղերական ու խորհրդաւոր հինաւուրց տունը, Սթամպուլի խճողած շրջապատումին մէջ բարձրաբերձ, ու խիտ ծառաստաններով պաշտպանուած անոր ոտնձգութիւններուն դէմ։ Սէրայը, հին Բիւզանդիոնի այդ երբեմնի պանծալի վայրը, ունի ծանրաշուք ու մթին դրոշ մը, որ երազել կուտայ։ Յետոյ, Այա-Սօֆիայի մինարէներն ու գմբէթը, եւ ուրիշ անհամար մինարէներու ասղնտում մը, կապոյտին խորը։ Դէպի արեւմտեան-հիւսիս՝ Վոսփորի եւրոպական ծովափը, նկարչագեղ անհարթութիւններու ժանեկազարդում մը, ծաւի ջուրերուն վրայ, եւ արուարձաններու ելեւէջաւոր շարքը, նոճիներու, նարնջենիներու, ձիթենիներու եւ մայրիներու ուռճալիր առատութեան մը մէջ խեղդուած։

Դէպի Արեւելք, դէպի հին ու պանծալի Ասիան կը դարձնենք մեր զմայլահար աչքերը։ Ամբողջ ոգեկոչում մը՝ դարերու, պատմութեան, իմաստասիրութիւններու, քաղաքակրթութիւններու։ Բարեկամս ցոյց կուտայ ինծի այն խճուղին՝ որ Հայտար-Փաշայի դաշտէն դէպի վեր բարձրանալով, օձի մը պէս, դանդաղօրէն, կը մխրճի հեռաւոր լեռնաշղթաներու սրտին խորը։

Այս այն ճամբան է, կ՚ըսէ, ուրկէ երբեմնի ուխտաւորներ ցամաքէն Էջմիածին կ՚ուղեւորէին։ Գրագէտներու եւ արուեստագէտներու ուխտագնացութիւն մը կազմենք, կը յարէ, ու ճամբորդենք։ Մեր ճամբորդութիւնը զուտ արուեստագիտական պէտք է ըլլայ։ Ես շատ անձուկ ու անբաւական կը գտնեմ շիտակը բացարձակ տոհմասիրական զգացման թելադրութիւն մը, այսպիսի ձեռնարկի մը մէջ։ Բայց գիտեմ թէ Հայաստանը շատ գեղեցիկ երկիր մըն է, եւ կ՚արժէ զայն տեսնել ու ապրիլ։

Իրաւունք ունէր։ Ի՜նչ վայելք, ի՜նչ հեշտալի յագեցում պիտի ըլլար այդպիսի ճամբորդութիւն մը, գեղեցկութեան արբեցողութեամբը մոլի հոգիներու համար։ Ու ցնորաբեկ երեւակայութիւնս խօլ մխրճում մը կը փորձէ դէպի անտեսանելի ու անանցանելի հեռաստաններ, դէպի սահմաններն այն սխրալի հին աշխարհին, ուր իմ ցեղիս աւանդութիւնները, հրաշավէպերը, դիցական առասպելները ծաղկեցան։ Ա՜հ, այդ ուղին, ի՜նչ ոգեհրաւէր (évocatoire) նշանակութիւն ունէր ան մասնաւորապէս ինծի համար։ …Տեսայ, հո՜ն, հեռո՜ւն, հինօրեայ տարազով ձիաւորներու կարաւան մը…։ Ու մեծ հա՜յրս, որ մեծ մարդ մըն էր միեւնոյն ատեն, այդ արի Հայ ուխտաւորներու կարաւանին գլուխը ասուիէ բօթուր-չէփքէնով, մետաքսեայ քէֆիէ ն գլուխը, անվեհեր ու խրոխտ Հայ մը, գեղանձն, ասպետական, հզօր իմացականութեան մը եւ մեծամոլ հոգիի մը պողպատափայլ շողիւնն՝ իր մոգական նուաճող նայուածքին մէջ կայծակնացայտ, մտրակելով իր աննման նժոյգը, երջանիկ բարեգուշակ արշալոյսի մը մէջ թնդացնելով իր քաջավարժ ռազմիկի ատրճանակը, եւ ամբողջ կարաւանին նշանը տալով, այդ ուխտի ու սրտալիր ուրախութեան յուզումնալից հանդիսաւոր արեւագալին մէջ, երգելու միաբերան ու խանդավառ, Հայաստանեայց հին շարականը.

Ճանապա՜րհ բարի եւ Ճշմարտութի՜ւն…

Ու կարաւանը ճամբայ կ՚ելնէր, կ՚երկննար պատմական ուղիին վրայ։ Առջեւէն՝ Ռոտոսթոցի Երամը. ձիուն համետին երկու ուսերուն վրայ հաստատուած կճուճէ թմբուկները դափելով, ճարտար ու խորհրդաւոր կշռոյթով մը, ու կարաւանը կը հեռանա՜ր, կը հեռանա՜ր, եւ կ՚անհետանար վերջապէս, առաջին լեռնաբլուրներու եզերքէն, օձի պոչի նման հետզհետէ նուազելով։

Էջմիածին, Վաղարշապատ, Սուրբ-Կարապետ, Անի, իր խանդավառ ուխտը պտտցուցած էր ան, տարի մը ամբողջ, հայրենասէր քաջարի հպարտ Հայը, իմ Պապս։ Տեսած էր հինաւուրց Արարատը, Ակոռին՝ իր եղերական կործանումէն առաջ, եւ Մծբնայ հայրապետին հրաշագործ ակէն՝ իր պասուքը ամոքած էր հաւատքով։ Իր ազնուական արեան ո՞ր կաթիլին ո՞ր հիւլէին մէջ կը քնանար այդ պահուն՝ իմ խաւարին նախէութիւնս։

Երեք քառորդ դար յետոյ, իր աննշան ու անժառանգ թոռը, այդ բարձունքին վրայէն, հեռուն՝ զինքը կը տեսնէր, իր տեսանողի դիւթահար աչքերով, ու այն բարի բարեկամը, որ իրեն կ՚ընկերանար այդ պահուն, թերեւս շատ բան չկրցաւ նշմարել իր զսպուած յափշտակութենէն ու խորին խռովութենէն։

Օրը կը տարաժամէր։ Տեսիլքներու հրաշալի, աննկարագրելի պէսպիսութիւն մը հետզհետէ առաջ կուգար եւ իրարու կը յաջորդէր՝ ոսկեզօծ, բոսորագեղ, երազային հեռաւորութիւններու մէջ։

Պէտք էր փութալ. կառքով վերադարձանք, եւ ընկերս, որ Սկիւտար մնալու ստիպուած էր, բաժնուեցաւ ինէ կէս ճամբան, շնորհապարտ զգացումներու շփոթութեան մը մէջ ձգելով զիս։

Երկուքս ալ, ես ու ընկերս, հեռուներէն եկած էինք այդ վայրերը։ Եւ մեր մտածումները, որ վերջին պահուն իրարու հետ կը թուէին հաղորդակցիլ, կարծես կ՚ըսէին իրաւամբ.

Բիւզանդիո՜ն, մոգութիւններու, պարիկներու եւ եզական զգայութիւններու չքնաղ ոստան, ի՞նչպէս չեն տեսներ զքեզ քու հարազատ զաւակներդ՝ զորս ծոցիդ մէջ կը ծնիս ու կը մեծցնես ամէն օր։

 

«Արեւելեան Մամուլ», 1908, 21 Հոկտեմբեր, թիւ 43, էջ 1013-1018