Արձակ էջեր եւ քերթուածներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ազնիւ պէյ,

Վերջին օրերուն, երկու անգամ պատեհութիւն ունեցայ հայ թերթերու մէջ թարգմանական քաղուածներ կարդալու ձեր՝ Ենի Կազէթա յի մէջ հրատարակած յօդուածներէն։ Այս ընթերցումները մտքիս մէջ արթնցուցին յիշատակներու անցք մը եւ մտածումներու պարս մը՝ որոնց վրայ ձեզի երկու խօսք ուղղել հաճելի է ինծի։

Նախ յիշեցի այն առաջին օրն՝ ուր՝ տարիներ առաջ՝ Համիտեան բռնակալութեան առաջին շրջանին, պատեհութիւնն ունեցայ զձեզ ճանչնալու, երբ տակաւին բժշկական ուսանող, նոյն ատենի քայմաքամ ին որդւոյն հետ Մալկարա եկած էիք ձեր վաքանս ը անցնելու։ Այն միջոցին դուք նորահաս եռանդուն երիտասարդ մըն էիք, արդէն իսկ տոգորուած գաղափարներովը ազատագրուած մտքի մը, որ անձուկ եւ միակողմանի նկատողութիւններէ վեր, մարդկայնական մթնոլորտի մը մաքուր սահմաններուն մէջ կը սաւառնի։ Իսկ ես՝ պատանի մըն էի, մտաւոր մարզանքներու նորավարժ մը։ Եւ որքա՜ն բարեպատեհ եղանակով զիրար գտեր էինք։ Իսկական ազատախոհութեան դժնդակ այլ գեղեցիկ ճամբուն վրայ, ի՜նչ բարեբախտ հանդիպում մըն էր ան։ Եւ հիմա տեսակ մը երախտագէտ զգացումով կ՚անդրադառնամ բոլոր այն բարերար թելադրութեան՝ զոր այս ծանօթութիւնը կը բերէր իմ պատանի՝ բայց արդէն իսկ տագնապահար մտքիս առաջին խարխափանքներուն։

Յետոյ, օրերն ու տարիները յաջորդեցին իրարու, բռնակալութեան ոգին՝ հեռացուց զմեզ իրարմէ, գրեթէ մոռցանք զիրար, մինչեւ այն օրն՝ ուր Սահմանադրութեան խնդապատար փողը՝ անակնկալ վայրկեանի մը մէջ՝ մեր ականջներուն տակ թնդաց։

Այդ առաջին օրն իսկ ձեր վրայ խորհեցայ բերկրութեամբ, եւ դուք առաջին մարդն էիք զոր Թուրքիոյ մէջ կը շնորհաւորէի, յանուն ազատութեան եւ յանուն սահմանադրութեան։ Բնա՛ւ պէտք չտեսաք յիշելու զիս։ Օ՜հ, մեծցեր էիք, բարձրացեր էիք, եւ կը պատրաստուէիք, անտարակոյս իրաւամբ, դիրք մը շինելու ձեզի՝ Երիտասարդ-Թուրքերու այն փայլուն փաղանգին մէջ՝ որ մեր երկիրը սահմանադրութեամբ մը օժտած ըլլալու փառքը կուտար ինքն իրեն։ Այդ պատկառելի շրջանակին մէջ, հին օրերու անկախ Րիզան չէիք թուեր ա՛լ։ Այն զօրաւոր կուսակցութեան, որուն կը պատկանէիք եւ որուն քաղաքական ու ընկերական դաւանանքները կը խտանային Ահմէտ Րիզա պէյի միակողմանի ու տարամերժօրէն ազգայնամոլ աշխարհայեացքին մէջ, ինքզինքնիդ պարտաւորուած գտաք թերեւս մատուցանելու երախտագիտութեան հարկ մը, ի գին այն ազատ փիլիսոփային, որուն հմայքէն կարծես թէ այդպէսով բան մը կը կորսնցնէիք, զոհողութիւն՝ որուն փոխարէն վարձատրուեցաք, եւ բախտը բերաւ որ մէկն ըլլայիք երեսփոխաններէն այն վիլայէթ ին՝ որուն գիւղերէն միոյն մէջ օր մը հանդիպեր էինք իրարու։

Ու, հետաքրքրութեամբը հին օրերու բարեկամի մը, որ տակաւին մեծ ու բացառիկ համարում ունէր ձեր իսկապէս ազատախոհ մտքի ու գիտակցօրէն հայրենասէր գործիչի հանգամանքին վրայ, միշտ հետեւեցայ ձեզի, Թուրքիոյ օրէնսդիր ժողովին վիճաբանութեանց մէջ, վասն զի կ՚ուզէի տեսնել զձեզ տակաւին հոն, հոն՝ որ ձեր մտքին իսկական ու ամէնէն մտերիմ հակումներուն եւ ձեր նկարագրին ու կորովին ճշգրիտ յայտարարն ու փորձաքարը պիտի ըլլար։

Կարծեմ թէ օ՛ր մը միայն, եւ ասիկա առաջին օրերուն էր, ինծի ծանօթ փիլիսոփայ Րիզան՝ ձեր մէջ բերանը բացաւ։ Մնացեալ անգամներուն՝ կարծես թէ ձեր շուքն էր խօսողը։ Բայց այդ օրը, որ ուզած էիք ընթացիկ պատեհութենէ մը օգտուելով ազատութիւնը ներբողել իր խանձարուրին, մարդկային խղճին մէջ իսկ, փաթթոցաւորներու մոլեռանդ յարձակում մը լռեցուց զձեզ, եւ այդ օրը զգացի թէ հակառակ Սահմանադրութեան, հակառակ ամէն բանի, տակաւին այս երջանիկ երկրին համար ազատութիւնը սին ու դժբախտ բառ մըն էր միայն։ Կը յիշէ՞ք, որքա՛ն շուարեցաք այդ օրը, եւ հազիւ թէ շինծու թիւրիմացութեան մը պատրուակը փրկեց զձեզ խաւարի ոգիներուն մոլեգին սպառնալիքէն։

Այնուհետեւ տխրած էի։ Կը տեսնէի թէ յանուն ճշմարիտ ազատութեան՝ խօսելու իսկ կարելիութիւնը չկար ձեզի համար։ Պարտաւորուած էիք՝ իմաստասիրութիւնը զոհել տխուր դիւանագիտութեան մը՝ որ թերեւս շատ ճարպիկ էր իր պատեհապաշտ հնարքներուն մէջ, բայց որ եւ է շահ մը չէր բերեր Ազատ Մտածման յաղթանակին ի նպաստ։ Մեր երկիրը պէտք ունէր մտաւոր յեղափոխութեան մը, որուն փողը շատոնց հնչած էր ձեզի հայրենակից ոչ-իսլամ ժողովուրդներու շրջանակներուն մէջ։ Քրիստոնեայ մը՝ կարող էր վերջապէս Ազատ Մտքին անունով իր բացարձակ անկեղծութիւնը պօռալ Մամուլին մէջ եւ ամենուրեք, ամէնէն յանդուգն շարժուձեւի մը դիւրութեամբ, եւ եթէ ասդին անդին քանի մը սեւ ագռաւներ անհանգիստ իսկ ըլլային այդ ձայնէն. բայց ձայնն իր յաղթութեան արձագանգները կը հասցնէր իր իսկական նպատակներուն։ Բայց առաջին իսլամ ազատախոհը, որ ձեր անձին մէջ յայտնուիլ փորձեց, ինքզինքը շրջապատուած կ՚զգար գիշատիչ անգղներու բանակով մը։ Երիտասարդ-Թուրք մտածումը, զոր թերեւս ձեր մէջ կը խտացնէիք ձեւով մը, տակաւին հնարաւորութիւն իսկ չունէր անկեղծ ու համարձակ ըլլալու իր դաւանանքին ու իր հաւատքին իսկութեամբը, վասն զի աստուածպետութեան սեւ թաթը տակաւին չարաչար կը ծանրանայ ժողովուրդներու գիտակցութեան վրայ, եւ կրօնական աններողութեան ուրուականը կը սաւառնի շուարած ու կաշկանդուած հոգիներու վերեւ։

Ձեր վերջին յօդուածներով, նոր փորձեր կ՚ընէք, եւ արիութիւնը, զոր ձեր մէջ կը վերագտնեմ, իսկապէս կ՚ուրախացնէ զիս։ Վերստին միակ ազատ ու միակ քաջասիրտ Թուրքն էք, որ պարագայական ցաւեր ամոքելու անօգուտ աշխատութիւնը մէկ կողմ դնելով, կ՚ուզէք հիւա՛նդ, ծանրօրէն հիւանդ հայրենիքին համար հիմնական դարմաններ առաջարկել։

Կ՚ուզէք վերջապէս հասկցնել ձեր կրօնակիցներուն թէ, մտածման ընդհանուր ուղղութիւններուն տեսակէտով, էական որոշումներ կան տրուելիք, որք թերեւս երկրին ճակատագիրը պիտի վճռէին, եւ որոնց քով՝ սահմանադրութեան ճամբուն վրայ առնուած բոլոր կողմնական քայլափոխերը՝ գուցէ ճարտար ու ճապուկ, բայց զուրկ են ըլլալէ ճշմարտապէս յառաջդիմական ու քաղաքակրթական քայլեր։ Կ՚ուզէք իրենց հասկցնել որ, փրկութեան միակ ու բացարձակ միջոց մը կայ, հետեւիլ այլ եւս բաց աչքով այն ժողովուրդներուն՝ որք դարերով անցած են զմեզ, եւ որոնց կեանքի գիտութիւնը՝ երկարակեաց եւ ամուր քաղաքակրթութեան մը բոլոր կարելի բարիքները ապահոված է իրենց համար։ Կ՚ուզէք վերջապէս հասկցնել ձեր կրօնակիցներուն թէ, հոգիներուն եւ գիտակցութիւններուն մէջ հինաւուրց, միջնադարեան, խաւարապաշտ սկզբունքներու ժանգոտած կապանքներ կան, որք անհրաժեշտապէս հարկ է որ խորտակուին, եթէ կ՚ուզուի ապրիլ յանուն ազատութեան եւ յանուն հաւասարութեան, եւ յանուն միակ արդարութեան մը, որ պիտի անխտրօրէն հովանաւորէր օսմանեան դրօշին տակ ապրող բոլոր այլացեղ ու այլակրօն տարրերը։

Ձեր փորձերը որքա՜ն ազնիւ են։ Ահա՛ կը տեսնեմ զձեզ ճշմարիտ կռուի դաշտին վրայ։ Յաղթանակը հո՛տ պէտք է ձեռք բերել։ Այդ օրը միայն կարելի է յուսալ թէ այս երկիրը պիտի կարենայ ապրիլ։ Բայց հոս մարդ պէտք է տոկայ ամէն դժուարութեանց։ Թո՛ղ առաջ անցնին անոնք՝ որ ինքզինքնին ընդունակ կը գտնեն հալածանքի նախատինքին կուրծք տալու։

Եւ կը տեսնէ՞ք. արդէն իսկ միտքերը կը յուզուին։ Ձեր կրօնակիցները դող կ՚ելնեն։ Որքա՜ն կը պախարակեն զձեզ, որ համարձակեր էիք անխոհեմօրէն (?) ըսելու թէ քրիստոնեաները ամէն տեսակէտով աւելի յառաջադէմ էին քան իսլամները։ Այդպիսի անհաշիւ յայտարարութիւններ՝ Թուրքի մը կողմէ, քաջալերած չէի՞ն ըլլար միթէ առանձնաշնորհմանց այն ցնորական միտքերը՝ զորս արդէն իսկ տրամադիր է մշակելու քրիստոնեայ տարրը։ Կը վախնա՜ն, կը վախնա՜ն. Կը վախնան՝ ճշմարտութենէն, կը վախնան՝ հաւասարութեան սկզբունքէն. եւ առանց ասոնց օժանդակութեան, կը կարծեն տակաւին թէ այս կառքը կը քալէ։

Ձեր Թասվիրը Էֆքեար ի մէկ պաշտօնակիցը, յուզուած ու անհանգիստ, տակաւին մխիթարութիւն կը փնտռէ ձեզի յիշեցնելուն մէջ թէ Թուրքերը կարծուածին չափ ետ չէին մնացած, եւ կարգ մը կէտերու մէջ նոյն իսկ աւելի՛ առաջադէմ էին քան քրիստոնեաները։ Երանի՛ թէ այդպէս եղած ըլլար։ Այդպիսի պարագայի մը, Թուրքիան կրնար յուսալ իր ապագայէն, եւ մենք օրէ օր նոր ցաւերու եւ նոր սուգերու սարսափին ներքեւ չէինք դողար։ Բայց բաղձանքները իրականութիւններ չեն։ Չեմ հերքեր թէ գուցէ մասնագէտ գիտուններ ունիք, որք շնորհիւ Համիտեան րէժիմին մասնաւորապէս քրիստոնէահալած ու թրքապաշտպան դրութեան, երեւան եկան իբր ուսուցիչ ու իբր բժիշկ, եւ որոնցմով Թասվիրը Էֆքեար ի դիւրահաւան յօդուածագիրը կը պարծի այսօր։ Բայց ասիկա մեծ բան մը կ՚արժէ՞։ Հասկցուցէ՛ք իրենց թէ ժողովուրդին ընդհանուր մտայնութիւնն է որ մանաւանդ պէտք ունի գիտութեան լոյսին։ Իսլամ միտքը ընդունա՞կ է որդեգրելու գիտական ոգին (l'esprit scientifique), իր բոլոր իմաստասիրական հետեւանքներուն մէջ, ինչպէս այդ բանը առանց անպատեհութեան հնարաւոր է այսօր ոչ-իսլամ ցեղերու մէկ մասին համար։

Ահա՛ թէ ամէնէն առաջ ի՛նչ կարգի ազատագրութեան մը կը կարօտի աստուածպետական ծանր թաթին ներքեւ տակաւին հեծող գիտակցութիւնը։ Այդ ազատագրութիւնն է որ թերեւս կարելի պիտի դարձնէ մասնաւոր զգացումներէ, կողմնական ազդեցութիւններէ զերծ, երկրին լիակատար շահերուն գիտակից եւ անոնց ամէնուն վրայ հաւասարապէս սաւառնող հայրենասիրութիւն մը, որ ընդգրկէր միեւնոյն ատեն ներկան՝ իր ամբողջական հանգամանքներուն մէջ եւ ապագան՝ հեռաթափանց հայեացքի մը տեսակէտով։ Այս այսպէս է, չէ՞, ազնիւ Րիզա պէյ, այս այսպէս է։ Պէտք է քաջասիրտ ու վճռական քայլեր առնելու փութալ, վասն զի «եա պու տէվէի կիւթմէլի՝ եա՛ պու տիեարտէն կիթմէլի…» ինչպէս դո՛ւք ըսեր էիք։

Արիութիւն ու յարատեւութիւն կը մաղթէ ձեզի

Արտաշէս Յարութիւնեան

 

«Ձայն Հայրենեաց», Փետրվար 19–4 Մարտ, 1910, թիւ 18 (68)