Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԴԱՐԱՐԻ ԲՆԱՏԻՊ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ

ԱԶԴԱՐԱՐի բնատիպ թիւեր կամ լրիւ հաւաքածոներ շատ քիչ պահպանուած են։ Մեր ձեռքին տակ գտնուող աղբիւրները տեղեկութիւններ ունին անոնց մասին։ Յարմար կը նկատենք անդրադառնալ անոնց։

Մարգարիտ Մխիթարեան, ԱԶԴԱՐԱՐի վերահրատարակութեան նախաբանին մէջ կը գրէ. «... առաջին հայ ամսագրի աշխարհում պահպանուած հաւաքածուների թիւը հազիւ կարող է հասնել մէկ տասնեակի։ Մատենագիտական հազուագիւտ այդ մասունքներից երեքը գտնւում է Հայաստանում»։ [1]

Չի նշեր հաստատութիւնները։ Մեզի ծանօթ են Մատենադարանին եւ Հանրային Գրադարանին հաւաքածուները։ Ուրիշ հաստատութի՞ւն մըն ալ ունի, կամ՝ նշուած հաստատութիւններէն մէկը ունի երկրորդ հաւաքածո՞յ մը։ Պետական թանգարանին ունեցածը մէկ թիւ է։

Ամալիա Կիրակոսեան 1970-ին Երեւանի մէջ լոյս ընծայեց Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն (1794-1967) գործը, ուր իւրաքանչիւր թերթի տակ կը նշէ, թէ տուեալ թերթէն թիւեր, տարիներ եւ հաւաքածոներ ո՛ւր կը գտնուին։ Իրենց մամուլին ցուցակները ուղարկած են Հայաստանի, ներքին Սփիւռքի եւ արտաքին Սփիւռքի հայ կարեւոր գրադարանները, բացի Վենետիկի Մխիթարեան մատենադարանէն։

Մեր մամուլին ցանկէն լուր չունի Ա. Կիրակոսեան (չէ պահանջած մեզմէ)։ Անձնական մեր հաւաքածոյին մէջ կայ ԱԶԴԱՐԱՐի բնատիպ երկու թիւ, 1795, թ. 1 եւ 2, այսինքն՝ շարքին հինգերորդն ու վեցերորդը։

Հայրենիքի եւ Վիեննայի հաւաքածոներուն մասին հնդկահայ բանասէր եւ ազգային գործիչ Մեսրոպ Յ. Սէթեան կը փոխանցէ թանկագին տեղեկութիւններ, զորս հոս մէջբերելը անհրաժեշտ կը նկատենք։

«Յոյժ հազուագիւտ են ամբողջական օրինակք ԱԶԴԱՐԱՐին յազգին եւ որքան կարացի իմանալ գտանի ամբողջական օրինակ մի ի Մատենադարանի Սրբոյ Էջմիածնի նուիրեալ է բարեյիշատակ Տէր Յովհաննէս աւագ քահանայէ Մկրեան Կ. Պոլսեցւոյ որպէս գրէրն ինձ ի Տէր հանգուցեալ բարեկամն իմ Մկրեան յամին 1901, յամսեանն Մարտին, օրինակ զայս ի Կոստանդնուպոլսոյ.

«Ուրախ եմ ի վերայ գտանելոյդ զԱԶԴԱՐԱՐ անդրանիկ լրագիրն ազգիս որոյ չիք աստանօր եւ ոչ մի թերթ օրինակն, բայց եթէ միայն ի վանս Մխիթարեանց ի Վիէննա։ Եւ զիմն ես նուիրեցի թանգարանին Ս. Էջմիածնի որու արժան էր ունիլ զքանի մի օրինակ»։

«Վիէննայի Մխիթարեանց օրինակն սակայն չունի զ«Ճակատ» եւ զ«Յայտնութիւն», որպէս եւ զէջս 454-455։ Պակաս է նոյնպէս թիւ 1 եւ 2 վասն Յունուար եւ Փետրուար ամսոց 1796 ամին։

«Գտանի ամբողջական օրինակ մի աստ յորմէ հանեալ է սոյն այս նմանահանութիւն վասն «Ամէնուն Տարեցոյց»ի»։ [2]

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, երբ Էջմիածնի ձեռագրական եւ գրքային հաւաքածոները պետականացուեցան, հաւանաբար ԱԶԴԱՐԱՐի հաւաքածոն ալ փոխանցուեցաւ Մատենադարանին։

Այլ առիթով պիտի անդրադառնանք այս հաւածաքոյին։

Միասնիկեանի անուան հանրապետական գրադարանին (ներկայիս՝ Ազգային Գրադարան) հաւաքածոն նուէր էր Հնդկաստանէն եւ սեփականութիւնը՝ Մեսրոպ Յ. Սէթեանի, որուն մահէն (1939) ետք, ի՛նչ պարագաներու տակ, չենք գիտեր, զայն ձեռք անցուցած է Կալկաթայի Սուրբ Նազարէթ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը, որ 1959-ին զայն նուէր ղրկած է Հայրենիք։

Հալէպի Արեւելք օրաթերթին մէջ տպուած է հաղորդագրութիւն մը՝ «Հնդկահայերը ԱԶԴԱՐԱՐի մէկ հաւաքածոն նուիրեցին Երեւանի Մատենադարանին», որմէ կը մէջբերենք. «Վերջերս Հնդկաստանի Տելհի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ասիական երկիրներու գրողներու համաժողովը, որուն կը մասնակցէր նաեւ սովետահայ գրող Գարեգին Սեւունց։

«Համաժողովի աշխատանքները աւարտելէն ետք, Գարեգին Սեւունց այցելեց Հնդկաստանի շարք մը քաղաքները, անոնց կարգին Կալկաթա, ուր հանդիպում ունեցաւ հայ գաղութի ղեկավարներուն հետ։ Կալկաթայի Սուրբ Նազարէթ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը Գ. Սեւունցի յանձնեց հնդկահայերու նուէրը Սովետ. Հայաստանին՝ հայ ժողովուրդի համար բացառիկ արժէք ներկայացնող հայ անդրանիկ պարբերականի ԱԶԴԱՐԱՐի լրիւ հաւաքածոն։ Ան այժմ կը գտնուի Երեւանի Պետական Մատենադարանը։

«Հնդկահայերու նուէրը մեծ արժէք կը ներկայացնէ, քանի որ ԱԶԴԱՐԱՐի հազուագիւտ հաւաքածոներէն մէկն է։

«Դատելով հաւաքածոյին սկիզբը գրուած նամակագրութենէն, 1834-ին ան պատկանած է Բարսեղ Յովակիմեանի։ Աւելի ուշ հաւաքածոն դարձած է հնդկահայ բազմավաստակ բանասէր եւ մանկավարժ, հնդկահայերու պատմութեան վերաբերող շարք մը աշխատութիւններու հեղինակ Մեսրոպ Յ. Սէթեանի (1871-1939) սեփականութիւնը»։ [3]

Հայ հնատիպ գրքի մատենագիտական ցուցակ (1512-1800) մատենագիտական գործին մէջ ներմուծուած է ԱԶԴԱՐԱՐը։ Զարմանալի կը գտնենք մամուլ նկատուած ԱԶԴԱՐԱՐին նշումը եւ անդրադարձը հայ գիրքի մատենագիտական ցուցակի մը մէջ։ Նոյն մեթոտը կիրարկած է հայր Գարեգին Զարբհանալեան իր Հայկական մատենագիտութիւն [4] գործին մէջ։ Աշխատակիցները հետեւած են Զարբհանալեանի օրինակին։ Հայկ Դաւթեան, որուն մատենագիտական գործը՝ Հայ գիրքը 1801-1850 թուականներին [5] բնական շարունակութիւնն է վերոյիշեալ գործին, արդարօրէն դուրս ձգած է հայ մամուլը։ Մամուլը տպագրութիւն, հրատարակութիւն է, սակայն գիրք չէ։

Սակայն, վերոյիշեալ ներմուծումին բարիքը այն է, որ կը պարունակէ որոշ տեղեկութիւններ ԱԶԴԱՐԱՐի բնատիպ ծանօթ թիւերուն եւ տարեկան հաւաքածոներուն մասին։ Այդ տեղեկութիւնները աղօտ են. ճշգրտօրէն չեն նշուած թիւերը։

  ԱԶԴԱՐԱՐի 18 թիւերը լոյս տեսած են երեք տարուան ընթացքին (1794-1796)։ Գործը ժամանակագրական, տարիներու հիմամբ մշակուած ըլլալով, ԱԶԴԱՐԱՐի տուեալ տարուան թիւերը նշուած են այդ տարուան տակ (1794-ինը՝ էջ 702, 1795-ինը՝ էջ 711 եւ 1796-ինը՝ էջ 719)։

ԱԶԴԱՐԱՐի բնատիպ թիւեր եւ հաւաքածոներ ունեցող հաստատութիւններն ու անհատները Ալ. Միասնիկեանի անուան պետական գրադարան, Մատենադարան, Վիեննայի Մխիթարեան Մատենադարան, Վենետիկի Մխիթարեան Մատենադարան, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի Կիւլպենկեան Մատենադարան, Զմմառի վանքի Մատենադարան, Լեւոն Մինասեանի անձնական գրադարան եւ Նոր Ջուղայի Ամենափրկիչ վանքի Մատենադարան։

Ութ հաստատութիւններէն եօթը նշուած է երեք տեղ (էջ 702, 711 եւ 719), առանց յստակացումի։ Անոնք ունին երեք տարուան վրայ երկարած 18 թիւե՞րն ալ, թէ որոշ տարիներու որոշ թիւեր։ Զմմառը նշուած է միայն 1794 տարուան տակ, առանց նշելու թէ ունի՞ն առաջին 1-4 թիւերը։

Աշխատակիցները տեղեակ չեն, որ Հայաստանի պետական թանգարանը ունի մէկ թիւ, 1794 թ. 4-ը (Դեկտ. Կը նշէ Ա. Կիրակոսեան։ [6]

Մենք գործակցած ենք հայ գիրքի վերոյիշեալ մատենագիտութեան, ուղարկելով հանրային գրադարաններու, անձնական հաւաքածոներու եւ մեր անձնական հաւաքածոյին հնատիպ գիրքերուն ցանկերը (1512-1800)։ Մեզի համար ԱԶԴԱՐԱՐը մամուլ ըլլալով, չէինք ներմուծած մեր ցանկին մէջ։ Ինչպէս նշեցինք, մենք ունինք բնատիպ երկու թիւ։

Հաւանաբար անհատներ ունենան ԱԶԴԱՐԱՐէն բնատիպ թիւեր։

Օրինակ՝ 1971-ին, երբ Գահիրէ կը գտնուէինք, եգիպտահայ գրող եւ խմբագիր Հայկ Ժամկոչեան մեզի յայտնեց, թէ ԱԶԴԱՐԱՐէն ունի թիւ մը։ Առիթ չունեցանք ստուգելու։ Լսած ենք, որ Պարսկաստանի մէջ, Շմաւոնեան գերդաստանէն ընտանիք մը ունի ԱԶԴԱՐԱՐի ամբողջ պահեստը։ Զրո՞յց է, թէ իրականութիւն։ Պէտք է ստուգել։



[1]            Ա. հատոր (1970), էջ

[2]            «Նշմարներ հնդկահայ կեանքէ», Ամէնուն տարեցոյցը, խմբ. Թէոդիկ, ԺԸ տարի, (Փարիզ, 1924), էջ 187։

[3]            Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբեր, 1957, էջ

[4]            Վենետիկ, 1883։

[5]            Երեւան, 1967։

[6]            Նշ. աշխ., էջ 192։