Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԿԱՐԾԻՔԸ ԱԶԴԱԿԻ ՄԱՍԻՆ

Դժբախտաբար կարելի չեղաւ գտնել Պոլսոյ 1909-ի մամուլէն հաւաքածոներ, կարենալ մէջբերելու համար որոշ հաստատումներ Ազդակի վերաբերեալ։ Մեր անձնական հաւաքածոյէն կրցանք գտնել երկու անդրադարձ։ Կը մէջբերենք որոշ հատուածներ։

Հայր Ղեւոնդ Բժշկեան, որ սովորութիւն ունէր մեր գրականութեան եւ մամուլին ակնարկներ նուիրելու Բազմավէպի մէջ, Ազդակի լոյս ընծայման առիթով կը գրէ. «Իսկ այն թերթը որ կը ստանձնէ խտացումը ըլլալ ազատ գրականութեան՝ վերջերս Պոլիս երեւցող

  մէկ շաբաթաթերթն է, Ազդակ։ Բայց ազատ ըսելով՝ թերեւս չկրցայ իսկապէս յատկանշել անոր խմբագրական մարմնին գաղափարը. ըսելու էի մանաւանդ՝ Յեղափոխական Գրականութեան, իբրեւ ամենադառն հեգնանք՝ քանի մը ամիս առաջուան ստրուկ գրչին։

Ազդակին մէջ տեսնուող բանաստեղծութիւնները նոր են, այսօրուան ձայներէն ունին, ապրող ժողովուրդինն են։

«Իբրեւ գրականութեան մեծ ճիւղ, եւ կեանքի մեծ ազդակ՝ վէպն ալ իր մշակները ունեցաւ Յուլիսէն ասդին»։ [1]

Մասնաւորապէս կ՚անդրադառնայ Վ. Թաթուլի՝ Գաւառի գրականութեան տեսութեան մասին եւ կ՚ընէ խորհրդածութիւններ։ [2]

Արամ Անտոնեան, որ խմբագիրի վաստակ ունէր, Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք մեր գրական հրապարակին վրայ կը ներկայանար նոր երեսով մը երգիծանքով եւ երգիծանկարչութեամբ, լոյս ընծայելով Խարազան պատկերազարդ շաբաթաթերթը (1909), ապա՝ Կառափնատը (1909-1910)։

Մեր ձեռքին տակ գտնուող թիւերուն մէջ գտանք երկու անդրադարձ Ազդակի մասին։ Ազդակի 11-րդ թիւէն արտատպելով Մ. Մեծարենցի անտիպ «Մահը» քերթուածը, կը գրէ. Ազդակի 11րդ թիւէն կ՚արտագրենք այս մեծիմաստ քերթուածը։ Յուսանք մեր ընթերցողները իբր զաւեշտ չեն ընդունիր զայն։

«Քերթուածներ կան՝ որոնք աւելի կը շահին... անտիպ մնալով»։ [3]

Ինչպէս նախապէս անդրադարձանք՝ Ազդակի խմբագիրներէն ոմանք պաշտամունք ունէին Մ. Մեծարենցի անձին եւ գրականութեան հանդէպ։ Հետեւաբար՝ անոր գրիչէն ելած աննշան որեւէ տող՝ մասունքի արժէք ունէր իրենց համար։ Այդ պաշտամունքէն մղուած՝ լոյս ընծայած են «Մահը» քերթուածը, որ իսկապէս ձախող քերթուած մըն է։ Ա. Անտոնեան, մեծ համարում ունենալով հանդերձ Մ. Մեծարենցի հանդէպ, արդարադատութիւնն ու քաջութիւնը կ՚ունենայ իր մտածումը արտայայտելու։

Ա. Անտոնեան, թրքահայ մամուլին վերաբերեալ երգիծական ակնարկներու շարք մը ունի, որուն Գ. ը նուիրուած է Ազդակի։ Անունին վրայ բառախաղով մը՝ զայն կոչած է ԱՍՏ... ԱԿ։

Կը մէջբերենք որոշ պարբերութիւններ. «Դաշնակցութեան ջոջերը (միայնգամայն ջոջագոյն շատախօսները) Յուլիս 11-էն ի վեր այնքա՜ն շատ կը խօսէին որ պզտիկ դաշնակցականներուն կարգը բնաւ չէր գար։ Ասոր համար է որ վերջինները ստիպուեցան այս շաբաթաթերթը հիմնել, որպէս զի իրենք ալ կարենան խօսիլ։ Եւ բանից դուրս եկաւ որ պզտիկ դաշնակցականները յաճախ մեծերէն լաւ կը խօսին։

«Յուլիս 11-էն ասդին՝ լաւ խօսելու մէկ հատիկ պայմանն է քիչ խօսիլ։

«Խմբագրական տեսակէտով ամենահարուստ այս շաբաթաթերթը նոյն ատեն ամենաաղքատն է համակրողներու տեսակէտով։ Հազիւ եօթ հատ համակրող ունի, որոնց անունը արձանագրած է թերթին ճակատը, որպէս զի չկորսուին։

«Ազդակ տեսակ մը ցուցանք է բնութեան մէջ։ Ամէն բան կը ծնի եւ երիտասարդ չեղած՝ տղայութեան եւ պատանութեան շրջան մը կ՚անցընէ անպատճառ։ Այս շաբաթաթերթը սակայն՝ ծնաւ չծնաւ՝ երիտասարդ էր... «Կը մաղթենք որ երիտասարդ չմեռնի»։ [4]



[1]            «Մեր արդի գրականութիւնը, հատ. Կէ., թ. 5 (Մայիս, 1909), էջ 223։

[2]            Նոյն, էջ 224։

[3]            Խարազան, Ա. տարի, թ. 4 (28 Փետրուար, 1909), կողքին ներսը։

[4]            Նոյն, էջ 58։