Հայ Մամուլի Մատենագիտական Գործեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ս. Դ. ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Հնչակեան մամուլին պատմութիւնը ունի 106 տարուան կեանք։

Կը սկսի կուսակցութեան հիմնադրութեամբ եւ իր առաջին օրկանին հրատարակութեամբ (Հնչակ, 1887)։ Այնուհետեւ, կուսակցութեան տարածումով եւ հայութեան աստանդական կեանքով, հնչակեան զանազան թերթեր լոյս տեսած են աշխարհի չորս կողմը։

Հնչակեան մամուլը մեզի կը ներկայանայ երեք երեսով.

1) Կուսակցական ուղղակի ձեռնարկներ, այլ խօսքով՝ պաշտօնական օրկաններ, որոնց ծրագրումն ու խմբագրումը կատարուած է կուսակցութեան կողմէ։

2) Անուղղակի օրկաններ, որոնք լոյս ընծայուած են շարքայիններու կողմէ։ Այս բաժինին մաս կը կազմեն նաեւ կրթական հաստատութիւններու հրատարակութիւնները։ Այս հաստատութիւնները կը գտնուին հնչակեան հոգատարութեան կամ հակակշիռի տակ։

3) Անկախ կամ այլ ձեւի թերթեր, որոնց արտօնատէրները հնչակեան չեն, սակայն համակիր են Հնչակեան կուսակցութեան եւ ունին հնչակեան խմբագիրներ։

Ամէնէն դժուարը ճշդելն է այս վերջինը։ Հնչակեան պատմութեան քաջածանօթ պէտք է ըլլալ, մա՛նաւանդ հնչակեան շարքայիններու, որպէսզի կարելի ըլլայ արդար, խղճամիտ եւ գիտական գործ կատարել։

Հնչակեան մամուլի մատենագիտութիւնը պատրաստելու ատեն, հիմնական ուղեցոյց ունեցած ենք Միհրան Սէֆէրեանի Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան պրօպականտ - քարոզչական գործունէութիւնը

(Պէյրութ, Յունուար, 1954)։ Խղճամիտ աշխատանք է։ Գործը հիմնական երկու մասի բաժնուած է։ 1) Կուսակցական պաշտօնական, կիսապաշտօնական եւ անհատ հնչակեաններու հրատարակած թերթերը։ Այս մասին մէջ կ՚իյնան նաեւ միութիւններու, դպրոցներու թերթերը։ 2) Թերթեր, որոնք հրատարակուած են զանազան անձերու կողմէ, սակայն խմբագրութիւնը կամ խմբագրական կազմին մէջ գտնուած են հնչակեան շարքայիններ։

Ընդգրկելով իր ուղղութիւնը, մենք ալ հիմնական երկու բաժինով կու տանք մատենագիտութիւնը։

Այս ուղեգիծը որդեգրելէ ետք, մեր հիմնական աղբիւրները եղած են.

1) Ամալիա Կիրակոսեանի Հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն 1794-1967 գործը։ Այս գործին մեր օրինակը լեցուն է սրբագրումներով եւ յաւելումներով, որոնք քաղուած են զանազան աղբիւրներէ։ Կիրակոսեան կը նշէ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայկական զանազան գրադարաններու մամուլի հաւաքածոները, տուեալ թերթին տակ, ինչ որ երբեմն կը դիւրացնէ տուեալ թերթին տեւողութեան ճշդումը։ 2) Հայ մամուլի մեր անձնական նմոյշներու (շուրջ 1500) եւ շարքերուն հաւաքածոները, որոնք պրպտուած են եւ թանկագին նոր տեղեկութիւններ աւելցուած են։

Օգտագործուած աղբիւրներուն ընդհանուր ցանկը կը նշենք մամուլի մատենագիտութեան բաժինին մէջ։ Իսկ առանձնապէս կը նշուին որոշ թերթեր եւ աղբիւրներ, եթէ մէջբերումներ կատարւած են։

Մամուլի մատենագիտութիւն չէ բժ. Եղիկ Ճէրէճեանի Արիւնոտ գոյերթի վկաներ հատորը։ Իր նշած հաստատումները կը համաձայնին վաւերական աղբիւրներէ նախապէս մեր քաղած տեղեկութիւններուն հետ։ Հետեւաբար, յաճախ նշած ենք իր գործը։

Հակառակ մեր ճիգին, տակաւին շատ հարցեր կան լուծելիք եւ տեղեկութիւններ աւելցնելիք։ Հնչակեան մտաւորականութեան պարտքն է ատիկա։

ԿԻՐԱՐԿՈՒԱԾ ՄԵԹՈՏԸ

1) Խորագիրը։ Նոյն խորագիրով թերթերը նշած ենք իրենց ժամանակագրական կարգով։

2) Հերթականութիւնը (օրաթ., ամս. եւ այլն)։

3) Բնոյթը (ազգային, քաղաքական եւ այլն)։

4) Պատկանելիութիւնը։ Եթէ տուեալ երկիրին Վարիչ Մարմինին օրկանն է, բաւարարուած ենք աստղանիշով(*)։ Իսկ եթէ տուեալ երկիրին ուսանողական կամ այլ միութեան մը օրկանն է, աստղանիշին կողքին նշած ենք նաեւ տուեալ միութիւնը։

5) Տպագրութեան վայրը կամ վայրերը (եթէ տեղափոխուած է)։

6) Տպարան[ներ]ը։ Եթէ խմորատիպ կամ մեքենագիր է, նշած ենք։

7) Տեւողութիւնը։ Եթէ ճշգրտօրէն գիտենք սկզբնաւորութեան ամիսն ու օրը, նշած ենք։ Շատ քիչ անգամ կրցած ենք նշել դադարման ամիսն ու օրը։

8) Էջերու թիւն ու չափը։ Պէտք է գիտնալ, որ տնտեսական եւ այլ պատճառներով այս երկու տուեալները փոփոխութիւններ կրած են։

9) Արտօնատէրը, վարիչ կամ պատ. տնօրէնը։

10) Խմբ. ը կամ խմբ. ները։ Մեր աղբիւրները երբ նշած են խմբագիրներու անուններ, որոնք չկան տուեալ թերթին վրայ, մէջբերած ենք զանոնք։

11) Որոշ թերթերու պարագային, եթէ ծանօթ ենք լոյս տեսած թիւերուն գումարին, նշած ենք զայն։

Այս տեղեկութիւնները տալու պարագային՝ գործածած ենք համառօտագրութիւններ։ Անոնց մէկ ամբողջական ցուցակը կու տանք առանձնապէս։

Յոգնաջան աշխատանք կատարած ենք ամբողջացնելու կրճատւած անձնանունները եւ գտնելու ծածկանուններու ետին թաքնուած անձնանուններն ու մականունները։ Կարգ մը անձերու, մա՛նաւանդ կովկասահայ դէմքերու պարագային, չկրցանք իրագործել մեր փափաքը։

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Հնչակեան մամուլի ցանկագրման եւ ներկայացման առաջին լուրջ փորձերը տեղի կ՚ունենան 1936-1938-ին՝ կուսակցութեան յիսնամեակին առիթով։ Անկէ առաջ մեզի ծանօթ է Արամ Ասպետի (Պետրոսեան) պատրաստած երկու էջնոց ցանկը (Կիլիկեան տարեցոյց, էջ 292-293), ուր կը նշուին 1922-ի հնչակեան մամուլին անունները, շահեկան որոշ տեղեկութիւններով։

1936-1938-ին լոյս տեսած է երեք ցանկ.

1) «Ցուցակ հնչակեան մամուլի», Հնչակ ամս. (Փրավիտենս), Բ. տարի, թ. 14 (Փետր. 1936), էջ 5-8։

Անստորագիր է։ Բայց հաւանաբար գործն է Եղիա Սիրվարդի (Եղիա Գրիգորեան), որ այդ շրջանին կը խմբագրէր Հնչակը։

Ընդգրկած է ժամանակագրական մեթոտը։ Կու տայ թերթին խորագիրը, հերթականութիւնը, պատկանելիութիւնը, վայրը, տեւողութիւնը, խմբագիրը կամ խմբագիրները եւ տնօրէնը կամ արտօնատէրը։

Տեղեկութիւնները ամփոփ են։ Չի տար տպարանի, էջի եւ չափի տեղեկութիւններ։ Գոհացած է պատասխանատու խմբագիրներով։

Ունի վրէպներ. օր. ՝ Ի Զէն, Անաբա, 1905։ Հրատարակուած է 19051906։ Խմբ. ՝ Հմայեակ Արամեանց։

2) Յիսնամեակ, հրատ. Ամերիկայի Շրջանի Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան (Փրավիտենս ՞, 1937)։ Կը պարունակէ 61 թերթերու ցանկ մը։ Դժբախտաբար, գիրքը ձեռքի տակ չունեցանք։ Կ՚ենթադրենք որ Հնչակի ցանկը պէտք է ըլլայ, որ վերահրատարակուած է հոն։

3) Պրպտող [Միհրան Մ. Սէֆէրեան], «Ցուցակ հնչ. մամուլին 1887-1938», Ուսանողաց տարեգիրք, խմբ. Մ. Սէֆէրեան, Գ. տարի (Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, 1938), էջ 137-142։

Արձանագրած է հնչակեան կուսակցական 84 թերթ + Պատերազմէն ետք . Համաշխարհային) հնչ. խմբագիրներով՝ հայ թերթեր [կարելի է կոչել համակիր թերթեր]՝ 15։ Գումար՝ 99 թերթ։

Իր Բ. ցուցակին մէջ (էջ 80), որուն պիտի անդրադառնանք առանձնապէս, կը գրէ. «Պէյրութի հնչ. ՈՒՍԱՆՈՂԱՑ ՏԱՐԵԳԻՐՔին մէջ (1938-ին), մենք զայն [իմա հնչակեան մամուլին ցանկը, Ա. Տ. Խ. ] հասցուցինք 92-ի (համակիր թերթերէն դուրս)»։ Ինչպէս տեսանք, այդ գումարը՝ թիւը 84 է եւ ո՛չ թէ 92։

Շատ սեղմ են տրուած տեղեկութիւնները - թերթի անուն եւ հրատարակութեան վայր, տարի կամ տարիներ։ Ո՛չ մէկ տեղեկութիւն թերթին սեռին, հերթականութեան, տպարաններու, չափի, էջի եւ խմբագիրներուն մասին։

Իր ցուցակը, որ պատրաստած է 1935-ին, ամբողջացուցած է Հնչակ ամսաթերթի ցանկին հետ բաղդատելով։ Հաւանաբար ձեռքի տակ չէ ունեցած Գարեգին Լեւոնեանի հայ մամուլի մատենագիտական Գ. աշխատասիրութիւնը։ Այլապէս՝ կրնար իրեն օգտակար ըլլալ։

4) Միհրան Մ. Սէֆէրեան, «Հնչակեան մատեան, պրակ Դ. », Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան պրօպականտ-քարոզչական գործունէութիւնը (Պէյրութ, տպ. Կ. Տօնիկեան, Յունուար, 1954), էջ 77-108։

Ցուցակը բաժնած է երկու մասի. 1) կուսակցական օրկաններ (էջ 88-102), թիւով 107. 2) հնչակեան խմբագիր եւ գրողներով՝ համակիր թերթ ու պարբերականներ (էջ 102-105), թիւով՝ 37։ Գումար՝ 144 թերթ։ Օժտած է նաեւ զանազան ցուցակներով։

Յաջող ոստում մըն է բաղդատած իր Ա. ցուցակին։ Անվարան կարելի է ըսել, որ ամէնէն լուրջ եւ բովանդակալից ցուցակն է, բաղդատած իրմէ առաջ եւ իրմէ ետք կատարուած փորձերուն։

Պրոպականտ-քարոզչութեան անդրադառնալէ ետք (էջ 77-88), կը ներկայացնէ իր նոր ցուցակը։ Նորէն կ՚ընթանայ ժամանակագրական կարգով եւ վայրերու հիմամբ, սակայն տեղեկութիւնները աւելի լայն են մամուլին անունը, հրատարակութեան տարին կամ տարիները, հերթականութիւնը (օրաթ., ամս., եւ այլն) եւ խմբ. կամ խմբ. ներ։

Կարգ մը թերթերու խորագիրներուն՝ անուններուն, երբեմն կողքին կէս էջին, երբեմն ամբողջ էջին կրկնատիպը (քլիշէն) տուած է, ինչ որ պատկերազարդ հրատարակութեան մը տպաւորութիւնը կը ձգէ։

Ունի կարգ մը թերիներ. ա) Հրատարակութեան տրուած կամ նշուած տարիները երբեմն վրէպներ կը պարունակեն։ բ) Խմբ. ները կամ խմբ. մարմինները լրիւ չի նշեր, ինք որ տեղեակ պէտք է ըլլար։ Օրինակ՝ Պէյրութի Հ. Մ. Մ. ի Կայծին պարագային կը գրէ. «Խմբ. ՝ Արմէն Ղարիպ եւ խմբ. մարմին» (էջ 98, թ. 73)։ Ասիկա անբաւարար է։ Օգն. խմբ. ներ եղած են Յովսէփ Ճիռեանն ու Հրանդ Գանգրունին (որոշ տարիներ)։ գ) Անձնանուններու կրճատումները չէ բացած կամ ամբողջացուցած հակառակ իր տեղեակութեան։ Օրինակ՝ Ա. Նազարբէկ, փոխանակ գրելու՝ Աւետիս Նազարբէկեան։ Յակոբը տուած է Յկ., Վահանը՝ Վհն., իսկ Տիրանը՝ Տիր. ։ Պէտք է գրել ամբողջութեամբ։

Շատ մը ծածկանուններու ետին դրած է ենթականերուն բուն անուն մականունները, ինչ որ գովելի աշխատանք է։ դ) Բարեմտութեան մը զո՞հը երթալով, թէ իր գործը յաւերժացընելու նպատակով, Հնչակեան մատեանը իր 6 պրակով՝ նշած է իբրեւ   թերթ (էջ 98, թ. 74), ինչ որ ճիշդ չէ։ Թէեւ ամսաթիւ եւ տարեթիւ կը կրեն անոնք, սակայն մամուլ չեն կրնար սեպուիլ։ Առանձին նիւթեր են, առանձին (մէկ) հեղինակի գործ։ Անոնց պարբերականութիւնը չի կրնար զանոնք պարբերական մամուլի մաս կազմել տալ։ ե) Իր տուած ընդհանուր գումարը (144) պէտք է նուազեցնել։ Ինչո՞ւ։ Կուսակցութեան կեդրոնական օրկանը՝ Հնչակը, որ աստանդական կեանք մը ունեցած է Փարիզ, Լոնտոն, Աթէնք եւ այլն , իւրաքանչիւր քաղաքին տակ, առանձին թուահամարով կը նշէ զայն։ Առանձին թուահամարով նշելը ճիշդ չենք գտներ։ Ան մէկ թերթ է, շարունակաբար լոյս տեսած, պարագաներու բերումով՝ հոս-հոն լոյս տեսած։ Փրավիտենս լոյս տեսած Հնչակը (1935-1938) կարելի է առանձին թուահամարով նշել։ Նոյն ձեւով վարուած է Մ. Նահանգներու Երիտասարդ Հայաստանին հետ, որ այդ երկիրին զանազան քաղաքներուն մէջ լոյս տեսած է եւ լոյս կը տեսնէ 1903-էն ի վեր։

5) Հրանդ Գանգրունի, «Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան մամուլը 134 թերթ, 41 երկիրներու մէջ», Արարատ գրական, Գ. տարի, թ. 8-10 (Սեպտ. -Դեկտ., 1960), էջ 391-398։

Տեղեակ է Մ. Սէֆէրեանի գրքոյկին (1954)։ 1956ին եւ 1957-ին լոյս տեսած ըլլալով Յովհաննէս Պետրոսեանի Հայ պարբերական մամուլի բիբլիոգրաֆիայի զոյգ հատորները . ը նախապէս լոյս տեսած է, նուիրուած բոլշեւիկեան մամուլին), յատկապէս Կովկասի հնչակեան մամուլին վերաբերեալ որոշ մանրամասնութիւններ քաղելով՝ կը ներկայացնէ իր ցանկը։ ա) Մեթո՞տ։ Ժամանակագրական կարգ։ Ապա՝ խորագիր։ Երբեմն նշած է պատկանելիութիւնը, հերթականութիւնը, տպագրութեան վայրն ու տարին կամ տարիները։ Շատ անգամ կարգի խախտում կայ վերջին երեք տեղեկութեանց պարագային. օր. ` թ. 37, 70, 99, 102 եւ այլն։

Երբեմն՝ տարիները տեղափոխուած եւ նշուած են արտօնատիրոջ կամ խմբագիրին անունէն ետք. օր. ՝ թ. 39, 97 եւ այլն։ բ) Կարգ մը տեղեր անձնանունները նշած է ամբողջութեամբ, իսկ շատ տեղեր նշած է կրճատ ձեւով. օր. ՝ Կ. Տօնիկեան, Ե. Տօլպագեան։ Ինք ծանօթ է ենթականերու անուան։ Պէտք է գրէր Կիրակոս Տօնիկեան, Եղիա Տօլպագեան։

  գ) Պէտք է բանար կամ ճշդէր ծածկանունները. օր. ՝ Կարմրակ (Երուանդ Մխիթարեան), Բ. Ժիրայր (Բենիամին Ժամկոչեան)։ դ) Կարգ մը տեղեր կը նշէ տուեալ թերթին էջերուն թիւը, իսկ մեծ մասին՝ ոչ։ Ինչո՞ւ։ Պէտք է հետեւողական ըլլալ։ ե) Կարգ մը տեղեկութեանց ինք տեղեակ պէտք է ըլլար, սակայն, մեզի անծանօթ պատճառներով, զանց ըրած է անոնց նշումը. օր. ՝ թ. 108, Արարատ շաբաթօրեակ, Պէյրութ, 1951-1954։ Չէ նշած ուրիշ բան։ Զայն խմբագրած է հիմնականօրէն Յակոբ Պարսումեանը։

Բ. օրինակ։ Արարատ մարզական, 1957-1958։ Կը պակսին հետեւեալները շաբաթաթերթ, Պէյրութ։ Խմբ. ՝ Գէորգ Տարօնի։ զ) Ունի վրէպներ. օր. ՝ թ. 83, Ուսանողաց տարեգիրք, 1935-1939։

Լոյս տեսած է 1936-1939 (չորս տարի)։ Թ. 16, Ի Զէն, 1905։ Ճշդել՝ 1905-1906։

6) Հրանդ Գանգրունի, «Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան մամուլը 150 թերթ, 41 երկիրներու մէջ», Յանուն հայրենիքի, 18871987 (Պէյրութ, տպ. Արազ, 1991), էջ 183-191։

Ո՛չ մէկ ուղեցոյց կամ բացատրական՝ գործին պատրաստութեան շուրջ։ Մեր տեսածը այն է, որ ընդգրկած է ժամանակագրական կարգը (էջ 183-190), մինչեւ Արարատ գրականը (1956-1960), յաջորդ թերթէն՝ Եփրատ, կը վերադառնայ 1919 թուականին եւ թուականներու խախտումները կը սկսին 1925, 1918, 1896, 1910, 1892 եւ այլն (նոյն էջին վրայ)։ Յաջորդ էջին ալ (191) 1896, 1919, 1899, 1951, 1945 թուականներու խախտումները։

Գործին վերջաւորութեան կը գրէ. «Ներկայիս, լոյս կը տեսնեն վերոյիշեալներէն զատ՝ «Յաղթանակ (ամսաթերթ)՝ Փարիզ [կը թուէ կարգ մը թերթերու անուններ] հնչակեան թերթերը» (էջ 191)։

Ունինք երկու դիտողութիւն. ա) Կայ շարադրական եւ իմաստային սխալ։ Երբ կ՚ըսէ վերոյիշեալներէն, մենք կը հասկնանք այդ էջին կամ նախորդ բոլոր էջերուն վրայ նշուածները։ Ատիկա ճիշդ չէ։ Վերջին երկու նշուածները Կոչնակ (Լոնտոն) եւ Կայծ (Մոնթրէալ) կը շարունակուին տակաւին։ Պէտք է ըսէր. «Ներկայիս, լոյս կը տեսնեն վերջին երկուքէն զատ՝ հետեւեալները»։ Թէեւ պէտք է նշենք, որ նախորդ էջերուն մէջ նշուած կարգ մը թերթեր ալ, ինչպէս՝ Պէյրութի Արարատ   օրաթ. ը կը շարունակուին։

Աւելի լաւ կ՚ըլլար որ առանձնաբար նշէր շարունակուող թերթերը, կամ նշանով մը մատնանշէր։ բ) Շարունակուող թերթերուն (վերջին մասին մէջ) անունն ու վայրը կը նշէ, սակայն չի նշեր հիմնադրութեան տարին։

Մեթոտի եւ պատրաստութեան տեսակէ, թերի է գործը։ ա) Կարգ մը թերթերու էջերն ու չափը կը նշէ, իսկ մեծամասնութեան՝ ոչ։ Ինչո՞ւ։ բ) Սովորաբար չի նշեր պարբերականութիւնը (օրաթ., շաբ., ամս. եւ այլն)։ գ) Սովորաբար չ՚ամբողջացներ կրճատեալ անձնանունները. օր. ՝ կը գրէ Մ. եւ Ա. Նազարբէկեաններ։ Պէտք է գրէր՝ Մարօ եւ Աւետիս Նազարբէկեաններ։

Կը գրէ Բ. Կ. Ժամկոչեան։ Ճիշդ ձեւն է՝ Բենիամին Կ. Ժամկոչեան։ Ծածկանունով՝ Բ. Ժիրայր։ դ) Չի ճշդեր ծածկանուններուն բուն անուններն ու մականունները. օր. ՝ կը գրէ Ե. Կարմրակ։ Փակագիծի մէջ պէտք է նշէ՝ Երւանդ Մխիթարեան։

Հնչակեան մատենագէտը, բանասէրը, պատմաբանն է, որ ամէնէն առաջ բծախնդիր պէտք է ըլլայ իր կուսակցական դէմքերուն դերին եւ անուններուն վերաբերեալ տեղեկութիւններուն ճշգրտութեան։ Ինք պատրաստ նիւթ պիտի հայթայթէ հայ պատմագէտին, բանասէրին, մատենագէտին, նոյնիսկ սովորական ընթերցողին։ ե) Ունի բծախնդրութեան եւ որոնումի պակաս։ Ինք եղած է Արարատ գրականի խմբ. կազմի անդամ։ Աններելի է, որ սխալի անոր հրատարակութեան տարեթիւին պարագային։ Կու տայ 19561960 (էջ 189)։ Թերթը լոյս տեսած է մինչեւ 1965։

Իր ցանկագրութեան այս Բ. տպագրութեան առիթով, պարտաւոր էր նուազագոյնը աչքէ անցընել Ամալիա Կիրակոսեանի ցուցակը (տեսնել այս գործին «Հայ մամուլի մատենագիտութեան ընդհ. գործեր» բաժինը)։ Շատ բան կրնար քաղել հոնկէ։

7) Աւետիս Ռազմիկ [Փոշօղլեան], «Հնչակեան մամուլ», Արարատ օրաթ., Ս. Դ. Հ. Կ. 100-ամեակի բացառիկ (Պէյրութ, 1987), էջ 43-45։

Գրողը ունի նախաբան մը, ուր կ՚անդրադառնայ մամուլին դերին, ապա Հնչակ կեդրոնական օրկանին։ Ապա կու տայ ցանկեր (հիմ ունեցած է Հ. Գանգրունիի առաջին ցանկը)։

Իրեն հիմ ունեցած է աշխարհագրական բաժանումները եւ ըստ այնմ տուած է չորս մասով

1887-1920 Տարագիր մամուլ (25 թերթ)։

1900-1921 Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած մամուլ (25 թերթ)։

1900-1921 Անդրկովկասի եւ Պարսկաստանի մամուլ (21 թերթ)։

1921-էն մինչեւ այսօր Սփիւռքի մէջ գործող մամուլ (29 թերթ)։

Կ՚ենթադրենք որ Ա. եւ Դ. մասերը պէտք է միանան նոյն անունին տակ Սփիւռքի մամուլ (1887-էն մինչեւ մեր օրերը)։

Հ. Գանգրունիի Ա. ցուցակագրութեան վերաբերեալ մեր դիտողութիւնները կը պատշաճին նաեւ այս ցանկագրութեան, որովհետեւ, ինչպէս նախապէս նշեցինք, ցանկագրողը հիմ ունեցած է Գանգրունիի այդ ցանկը։

ԵՐԿԱՐԱԿԵԱՑ ԹԵՐԹԵՐ

Հայութեան աստանդական կեանքը, քաղաքական դէպքեր, տնտեսական վերիվայրումներ եւ այլ պատճառներ առիթ չեն տուած, որ հնչակեան թերթեր արմատանան եւ երկարատեւ կեանք ունենան։ Երբեմն քանի մը թիւ, քանի մը տարի լոյս տեսած են։ Շատ քիչ անգամ տասնամեակ մը ողջունելու բախտը ունեցած են։ Հնչակեան երկարատեւ թերթերէն նշենք.

1) Երիտասարդ Հայաստան (1903-էն, այսօր՝ Նիւ Ճըրզի, 90 տարեկան)։

2) Արարատ (1937-էն, Պէյրութ, 55 տարեկան)։

3) Շարժում (1937-էն, Պուէնոս Այրէս, 55 տարեկան)։

Նշենք որ Երիտասարդ Հայաստանը հայութեան երկարակեաց չորրորդ թերթն է։ Իրմէ առաջ կան Բազմավէպը (1843-էն, Վենետիկ, 150 տարեկան). Հանդէս ամսօրեայն (1887-էն, Վիեննա, 106 տարեկան) եւ Հայրենիքը (1899-էն, Պոսթըն, 93 տարեկան)։

ԱՆՈՒԱՆԻ ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐ

Իւրաքանչիւր թերթի տակ նշած ենք խմբագիրը կամ խմբագիրները։ Անոնց մէջէն պէտք է առանձնացնենք քանի մը հոգի, որոնք

  իրենց կեանքի ասպարէզ ըրած են լրագրութիւնը։ Ատոնք են Ստեփան Սապահ-Գիւլեան, Գարեգին Կոզիկեան, Ե. Սիրվարդ, Բ. Վարազդատ, Վահան Զէյթունցեան եւ Արամ Կէօքճեան։

ԽՈՐԱԳԻՐՆԵՐ

Թերթերը կրած են զանազան խորագիրներ։ Սակայն սիրուած եւ որդեգրուած խորագիրներն են Գաղափար, Կայծ, Հնչակ կամ  Հնչակեան եւ Նոր սերունդ։

ՀԱՄԱՌՕՏԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ազգ. ազգային

Ամս. ամսաթերթ, ամսագիր։

Արտ. - արտօնատէր

Բժ. բժիշկ։

Ե. Ճ. բժ. Եղիկ Ճէրէճեան

Երկշ. երկշաբաթաթերթ

Թ. թիւ

Խմբ. խմբագիր, խմբագրական կազմ, խմբագրութիւն։

Կիր. Ամալիա Կիրակոսեան

Հանր. Հանրագիտակ

Հ. Գ. Հրանդ Գանգրունի

Հրատ. հրատարակիչ, հրատարակութիւն

Մ. Ս. Միհրան Սէֆէրեան, Ս. Մ. Սէֆէրեան Միհրան

Շաբ. շաբաթաթերթ

Շար. շարունակութիւն

Պատ. պատասխանատու

Օգն. օգնական

Օրաթ. օրաթերթ