Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Թ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. [ԻՐ ՏԵՂԸ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ]

/60/ Այս երկար վերլուծումը անօգուտ չէ սակայն։

Կազմեցէ՛ք Սեւակի քերթուածներէն հատոր մը։ Դուք պիտի ունենայիք գիրք մը, որ « Ցեղին սիրտը », « Հրաշալի յարութիւն »ը, « Նոր տաղեր »ը, « Հովուական սրինգ »ը, « Կարմիր լուրեր բարեկամէս »ը պիտի չձգէր անշուշտ ստուերի մէջ։ Բայց պիտի ըլլար վեր մեր արուեստագէտներուն մեզի ձգած գիրքերէն, ամենէն նորը, ինքնատիպը։