Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ա. ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ

/65/ Գաւառացի մըն է Որբերեան, ինչպէս էին ատիկա Հրանդը, Սրուանձտեանցը, Խրիմեանը, Զարդարեանը, Մեծարենցը։ Ըսել կ՚ուզեմ մարդ մըն էր, որուն զգայնութեան հիմնատարրերը կազմուած էին Պոլսէն դուրս։ Թերեւս ասիկա կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ անոր ոտանաւորները, անկանգնելի իրենց տափակութեանը հակառակ, չեն նմանիր Եղիայի, Թերզեանի, Սէթեանի, Աճէմեանի քերթուածներուն. ըսել կ՚ուզեմ՝ ասոնց սնոտիքին, անձնականութեան պատրուակին տակ գրքունակ բարոյախօսութեան կամ հերարձակ հռետորութեան։ Ըսի, թէ ի՛նչ կ՚արժէր « Յիշատակաց ծաղիկներ »ը։ Բայց չըսի, թէ « Ծփանքներ »ը . Որբերեան, 1906, Ճիպութի) արժէք էր բաղդատուած « Խոհք եւ յուշք »ին (1906), « Արշալոյսէն վերջալոյս »ին (1912, Սէթեանի « Ովասիս »ը)։ Որբերեանի մանկութիւնը, պատանութիւնը գիւղաքաղաքի մը պարունակին մէջ ունին իրենց ոստայնը։ Անշուշտ մէկ է կեանքը սա աշխարհի մէկ միջին կէտին վրայ։ Բայց Իւսկիւտարը, Ալէմտաղին, Վոսփորը, Մօտան մինակ տեղի անուններ չեն, այլեւ արեւմտահայ գրականութեան ներքին քանի մը յոյզերուն հետ շաղախուած անմոռանալի պատկերներ։ Ու Խարբերդը, Մալաթիան, Վանը, Բինկեանը ուրի՛շ բառեր, այսինքն նոյնքան խռովիչ յոյզերու թաթխուած զգայնութեան տախտակներ։ Ռ. Որբերեան չկրցաւ անշուշտ գաւառական (այս վերադիրը մտքիս մէջ հոմանիշ է հարազատ, հայեցի գրականութեան զգայնութիւն մը կտակել մեզի, ինչպէս տրուած էր մեզի հաստատումն ընել ատոր, գործերուն մէջ մեծաշուք դպրոցի մը (Վասպուրականի եւ Ծոփաց աշխարհի դպրոցները, պատերազմէն առաջ ու պատերազմէն ետք մանաւանդ Համաստեղի, Օհան Կարոյի, Բ. Նուրիկեանի նուաճումներով կրկնապէս ուշագրաւ)։ Բայց նոյն այդ պարագան էր, որ պիտի միջամտէ « Ովասիս »էն քանի մը քերթուած միանգամ ընդմիշտ պահելու համար հայոց գրականութեան։

/66/ Չեմ ծանրանար Եփրատ գոլէճ ըսուած դաստիարակութեան վրայ, որ նման Պոլսոյ Ռոպէրթ գոլէճին, մեր գրականութեան համար անիշխան, չըսելու համար չարաղէտ ազդեցութիւն մը ունեցաւ։ Շատ գործնապաշտ այդ ոգին, որ ամերիկեան միսիոնարութիւնն էր, մեր ժողովուրդին մէջ ինքնին յորդ տրամադրութիւններ [1] պիտի արծարծէր ու պիտի ստեղծէր փրոֆէսէօրներու այլապէս յաւակնոտ փաղանգը, երբ մեր կարիքը կեանքի, ազատումի, փրկուելիքը զատելու տագնապ մըն էր։ Որբերեան, հաւանաբար, որոշ չափով մը իր վրիպանքէն բաժին մը պարտական է այդ դպրոցին։ « Ովասիս »ի մէջ « Աղօթքը » վերնագրուած ոտանաւոր մը սա տեսակ վերտառութիւն մը ունի փակագիծի մէջ. « Անմոռանալի ուսուցչապետիս Ն. / 67/ Թէնէքէճեանի՝ Ընդհ. Պատմութեան Լեւոնիդասի դասին օրը՝ արտասանելով քեզ լացնելուն ի յիշատակ, նուէր »։ Պզտիկ այս խոստովանութիւնը ընդարձակ վկայութիւն մը կը դառնայ մտքիս մէջ, երբ քով քովի կը բերեմ Պարտիզակի ամերիկեան հաստատութեանց մէջ ուսում առած տղոց ու 1940–ի Պաղեստին, անգլիական երկրորդական վարժարաններու մէջ աւանդուած պատմութեան ոգիին նոյնութիւնը: Որբերեան պիտի անցնի Պոլիս, իննսունական շրջաններում տարօրինակ քաղաքը ու պիտի ապրի թերեւս այն քանի մը իրաւ տարիները կեանքին, որոնք մեզ պիտի պաշտպանեն ընդդէմ մեր սխալներուն, դպրոցէն մեր միտքին դիզուած սնոտիքը պիտի չքացնեն, մեզ պիտի ընեն հաղորդ ապրելուն անհուն տագնապին։ « Ովասիս »ի ու « Ֆանին ու ես »ի մէջ (մանաւանդ այս վերջինին մէջ) կան այս սրտառուչ վկայութիւնները։ Գաւառէն իր եէմէնիները միայն բերող երիտասարդն էր ան 1890–ին, որ կարդացել էր « Չայլդ Հարոլտ »ը սակայն ու խանէ խան, հայրենակիցներու սրճարաններուն մէջ իր մենութիւնը պատսպարելու տագնապները զուր չէր անցուցած։ Իր գրականութեան ամենէն անկեղծ քանի մը էջերը հոդ են դարձեալ։ Երկար է վերլուծել պանդուխտի հոգեբանութիւնը։ Հրանդ ըրած է ատիկա անուսներու աշխարհէն։ Որբերեան պատառիկներ միայն փրկած է։ Բայց « Ովասիս »ը լեցնող երեք հարիւրի մօտ էջերը ես սիրայօժար պիտի զոհէի այն յիսուն էջ պատկերին, որ ինծի ըլլար սեւեռած այդ արմատախիլ երիտասարդին զգայութիւնը 1890–ին։

 

Չեմ հետեւիր իր կեանքին։ Իզմիր է։ Գիւղերը անոր։ Ու յետոյ… Ճիպութի։ Ափրիկէի այս դժոխք քաղաքին մէջ ան պիտի ապրի առեւտրականի մը կեանքը։ Պիտի գրէ բոլոր թերթերուն, հանդէսներուն, հասկնալի կարօտաբաղձութեամբ մը ամէն բանէ, որ հայուն համն ու հոտը պիտի դարձնէր իրեն։ Ու պատերազմը։ « Ովասիս »ը լայն կերպով ձեզի կը պատմէ այդ դժոխակուռ տարիներուն մէջ Որբերեանի ապրումները։ Հաշտութենէն ետք Եւրոպա։ Կը մեռնի Փարիզ, կանխահաս կերպով մը, 56 տարեկանին։

Կորագիծը սա կեանքին թելադրական է, սակայն։ Ու Որբերեան կանխող դարու հայ հոգեբանութեան, մտածողութեան հզօրագոյն զարկերը զլացած է իր սերունդէն բոլոր մեծերուն նման։ Անոր մէջն է, ըսի ատիկա, մեր գաւառը, իբր ամուր կռուան անոր զգայնութեան։ Ան չէ շփուած միայն Պոլիսին, այլ ապրած է, ըսի այս ալ, այդ քաղաքը, իր ամենէն անմոռանալի յոյզերուն հանդէսովը Յի /68/ շատակաց ծաղիկներ » հատորիկը իր ահաւոր վրիպանքը իբր բանաստեղծութիւն՝ կը հակակշռէ իբր փաստ մը, վկայութիւն մը ինիսունական թուականներու պատանի հոգեդաշտէն), պանդուխտին ու արմատախիլին, ռոմանթիքին ու զգայնոտին համատրոփ տարրերուն ընդմէջէն։ Մեր մտքին կեդրոնը, այդ Պոլիսը, այդ օրերում։ Ու Իզմիրը, ասոր գիւղերը ուրիշ զգայնութեան մը վառարանները։ Այս երկու հաստատումներէն անդին կը դնեմ երրորդն ալ, exotisme-ը, Արեւելեան Ափրիկէն, չոր ու ահաւոր հասարակածը, որ կրկնապէս պիտի ազդէ « Յիշատակաց ծաղիկներ »ը երկնելէն չտառապող սա մտայնութեան։ Ճիպութին անոր հոգիին սիրելի ըրաւ ինչ որ մեզմէ ո՛չ մէկը պիտի մտածէր ընել հայրենիքին անթառամ պահպանումը, բիւրեղացած ու անվերածելի, ամէն օր աչքիդ փռուող անապատէն իբր հրաշագեղ կրկներեւոյթ քու ներսդ ինքզինք պարտադրօրէն յօրինող։ Ասկէ զատ, այդ ամայաստանը պիտի թելադրէ իրեն բաներ մը ընկերային ու գրեթէ քաղաքական։ « Ովասիս »ի մէջ եւրոպական ու ամերիկեան թերթերու իր թղթակցի հանգամանքը կու գայ եթէ ո՛չ փրկել հատորէն ծիծաղելին, գէթ կը մեղմացնէ մեր տրտմութիւնը, երբ կը հետեւինք այդ էջերուն տակ իսկապէս տառապող հոգիին խռովքին։

 

Ու պէտք է գիտնալ գրականութեան մը պատմութեան մէջ կեանքերը կ՚արժեն ի հաշիւ գործերուն եւ ոչ թէ իրենք իրենց համար։ Որբերեանի գործին մէջ այդ կեանքին տարողութիւնը պաշտպանութիւն մը չէ սակայն։ Իր ստեղծագործութեան intense շրջանը, քառասունէն մինչեւ իր մահը, ան այդ կեանքը յօրանջած է, նշանաւոր բացատրութիւն մը գործածելով։ Հեռու մարդերէ, իմացական հետաքրքրութիւններ սրող առիթներէ, դժոխային տաքին մէջը ծովափնեայ հաշուետեղիին (comptoire), իր տետրակներուն վրայ իր մուսան շղթայի զարկած, կամ Եթովպիոյ վայրաստաններուն մէջ, հին օրերու կարաւանեան հոգեբանութեամբ մը իր վախն ու ախորժակները իրարու վերածած, Ռուբէն Որբերեան պիտի փոխադրէ իր զգայնութիւնը քանի մը շատ մօտիկ էակներու վրայ։ Մենք դժուար կը հանդուրժենք այս փաստերը կնիկի, զաւակի, արուեստի գործի մը մէջ։ Իր կնիկը գովելը չէր սակայն ատիկա։

* * *

Ռ. Որբերեան իր միջոցներով հրատարակած է « Յիշատակաց ծաղիկներ » հատորիկը, քսանամենի ներշնչումներու արդիւնք, ոտա/69/նաւոր ու արձակ։ Պոլսական հոգեբանութեամբ ու յապաղած ռոմանթիզմով այս գրքոյկը անխառն վրիպանք մը իբրեւ քերթողական բխում, թանկ է սակայն Ռ. Որբերեանի ընդհանուր զգայնութեան իբր յայտարար։ Զայն կազմող կտորները մուտք չունին « Ովասիս »ի մէջ ու հասկնալի է ասիկա: Երկրորդ հատորը քերթողագիրք մըն է, « Ծփանքներ », տպուած 1906–ին, Ռ. Ալիքեան անունով։ Ան կը պարունակէ « Նախերգանք » մը, « Առաջին երգը » (հիները հեշտագին պիտի գրէին « Նուագ առաջին »), « Ադամին անէծքը », « Տնակս » քերթուածները։ Ռ. Որբերեանի երրորդ ու վերջին հրատարակութիւնն է « Ովասիս », տպուած 1920–ին, Փարիզ։

Հատորի չեն մտած « Ֆանին ու ես » վիպակը, լոյս տեսած 1898-1899–ի « Բիւրակն » հանդէսին մէջ, Պոլիս ու « Արեւելք »ի « Հայրենիք »ի, « Արեւելեան մամուլ »ի, « Հայաստանի կոչնակ »ի ու թերեւս ինձմէ վրիպած ուրիշ հանդէսներու մէջ (Որբերեան մեծ խնամք ունէր իր ստորագրութեան, զայն նորոգելու հաճոյքին մէջ դնելով միամիտ, որքան սրտառուչ յաւակնութիւն մը) բազմաթիւ գրուածքներ։ Տարեգիրքերու հանդէպ իր տկարութիւնը չեմ փաթթեր մատի։

 

Այս գործին մէջ դժուար է տաղանդի մեծ, տիրական երեսներ հաստատել։ Ուշագրաւ է անշուշտ Որբերեանի քերթողական յամառութիւնը։ Ան պիտի չվարանի մուսաներու բարբառը գործածել, երբ մազերուն մէջ ճերմակը իմաստութեան դաս մը տուած ըլլալու էր իրեն։ Ան պիտի չկասկածէր, թէ ի՛նչ տրտմութեամբ մարդեր կը շարունակեն քերթուած գրել, երբ ամէն բանի մէջ սահմաններ դնող, գտնող միտքը մեզ կը մղէ լուրջ, իրաւ բաներու։ Քսանամենի, մենք կրնանք երգել կոյսն ու շուշանը։ Մեր տարիքը առնուազն կը պաշտպանէ մեզ։ Յիսունի դռներուն մեր յուսախաբութիւնները, կորանքները պիտի բանաձեւենք սա աշխարհէն։ Մեր կարօտները, խուլ ըղձաւորութիւնները պիտի ոսկեզօծենք։ Ու ծիծաղելի չենք, երբ « Ծփանքներ »ը կը տպենք։ Բայց ո՞ր չար սատանան կը պղտորէ մեր ներքին նայուածքը, որպէսզի չզգանք, թէ ցուրտ, պայմանադրական, բառարանեան բառեր կը գործածենք, երբ « Ծփանքներ »էն տասը տարի ետքը կը յամառինք տակաւին քերթել ու կը գրենք « Երթաք բարո՜վ »ը [2], սիրելի դէմքերու յիշատակին, ճիշդ է, բայց պարպուած անոնց ամենէն իսկական էութենէն։ Ու Որբերեանի մէջ բանաստեղծ /70/   մը տեսնել ու գնահատել թէեւ դժուար, բայց ստիպողութիւն մըն է ինքնին, քանի որ գրականութեան պատմութիւնը աւարտած ու վերջնական էջերու արձանագրութիւնն է ամենէն առաջ։

 

« Ֆանին ու ես »ը թերեւս միակ վիպական փորձն է այս մարդուն։ Կու տամ իրմէն արհամարհուած (ո՛վ գիտէ ինչ անասելի թելադրանքներ դիրքի, տունի, կնիկի, դրամի մուտք ունին սա դատաստանին մէջ, որպէսզի գրող մը հարկադրուի իր լաւագոյն ստեղծագործութիւնը վտարել պաշտօնական ներկայացման մը առիթով, ինչպէս կը նկատեմ, որ է մտածումը « Ովասիս »ի) այդ վիպակին այն կարեւորութիւնը, զոր ան ունի ինքնին նիհար ու ճիղճ մեր վէպի շրջափոխութեան մէջ։ Ու Որբերեան առարկայական դիտող մը չէ եղած իր շրջապատէն։ Բայց իր սեպհական ապրումներու պարունակին ինկած. ամէն տեսիլ, յոյզ, զգայութիւն կը մասնաւորուին իր խառնուածքին ընդհանուր գոյնին մէջ, ու ատիկա ճշմարիտ գրագէտը յայտարարող արժանիքներէն մէկն է ամէն ժամանակներու համար։

 

Տպաւորապաշտ գրող մը, այն տարողութեամբ, որով մեզի կը ներկայանան այսօր մեր աւագ, միջին ու նոր սերունդներուն էջերը հեռաւոր Օտեանէն մինչեւ նոր օրերու Օհան Կարօներուն մեզի ձգած հրիտակները, դարձեալ դժուար է արժեւորել « Ովասիս »էն։ Մեր քրոնիկը այս մարդուն գրչին տակ եղած է երկկենցաղ, թացիկ, գրական սնոտիքով ծանրաբեռն խաղարկութիւն մը։ « Ովասիս »ը, եթէ զեղչենք. քերթուածները, չի կրնար ուրիշ սեռի մը պատկանիլ։ Բայց ահա՛ դժբախտութիւնը։ Կրնաք Արշակ Չօպանեանի կէս դարու վրայ երկարող գրական, քաղաքական քրոնիկները օգտագործել մեր գրականութեան եւ պատմութեան ընդհանուր հոլովոյթին համար: Դրէ՛ք մէկ տանիքի տակ ինչ որ ելած է Արփիարեանի գրիչէն իբր քրոնիկ, 1880–էն մինչեւ իր մահը։ Դուք կ՚ունենայիք ամփոփ, կենդանի, իրաւ համապատկեր մը մեր գրականութենէն, այդ շրջանի ու աւելին. մեր զգայնութեան որոշ մէկ գօտին, zone-ը ինչպէս կ՚ըսեն։ Ու ասիկա ճիշդ է դարձեալ իրապաշտ միւս վարպետներուն բոլորին համար ալ: Դարձեալ, կրնաք Ռ. Զարդարեանի, Տիրան Չրաքեանի տպաւորութիւնները ընդունիլ իբրեւ այդ անուններուն հաւատարիմ վկայութիւններ։ Ձեզ կը ղրկեմ. « Ովասիս »ին, հոն գտնելու համար արեւմտահայ զգայնութեան, մտածում էին առնուազն քանի մը ամուր տարրերը։ Տրտում ժպիտով մը պիտի թերթէք անոր էջերը ու պիտի տառապիք այդ այլուրութեան անլուր փաստէն, որ գրող մը կը դա/71/տապարտէ երբ ժամանակէն, շրջանէն վեր խռովքներ չեն ցանկացած զայն ու մղած բացառիկին, յաւիտենականին։ « Ովասիս »ը անորակելի գիրք մը պիտի ըլլար, եթէ երբեք մեր լրագրութեան ընդհանուր բարեխառնութիւնը, մեր քնարերգութեան ընտանի պատեհապաշտութիւնը մեզի չթելադրէին վճռական մտապատկերներ։ « Արեւելեան մամուլ »ի մէջ, իր Իզմիր ապրած շրջաններուն, Որբերեան միշտ պատնէշի վրայ է, գրելով ամէն նիւթի շուրջ։ Լրագրողի խառնուա՞ծք։ Չեմ հաստատեր։ Իր ուսուցչութիւնը ուրիշ դժբախտութիւն, խմբագրութեան քովիկը դրուելու արժանի։

 

Ափրիկէն կործանումն է այդ մարդուն, ըլլալէ ետք թերեւս, անոր մէջ քանի մը քերթուածներու թելադրիչը, որոնք` պիտի մնան իրմէ։ Պատերազմէն առաջ այդ Ափրիկէն աճեցուց անոր մէջ լալկան sensiblerie–ի աժան տրամադրութիւններ։ « Ովասիս »ի մէջ տեղ մը իր պատանութիւնը ոգեկոչած ատեն, կը խօսի կարմիր` իր գոյներէն, առոյգ մարմինէն, թերեւս մոռնալով, որ « Յիշատակաց ծաղիկներ »ը դուրեանական դալկութեանց հանդէսէ մը կը մեկնէր։ Որբութիւն, ցաւ, մահուան փափաք միայն այդ գրքոյկին հոգեղէն ոլորտը չեն յօրիներ, այլ Որբերեանի գրական յեղաշրջութեան մէջ կը կազմեն տիրական ցցունքներ։ Մեր գրականութեան ամենէն լալկան սա աշխատաւորը երեսնամեայ կեղծի՞ք մըն էր, թէ աւելի անմեղ արտակեդրոնական մարդ մը [3] ։

 

Այս զգայնութեամբ, բարեխառնութեամբ, շրջապատով ու գործունէութեան բազմադիմի ծիրերով մարդէն մեր գրականութիւնը ունի ժառանգ մը։ Ողջուցը այդ գործը ապահոված էր իր հեղինակին համար չեմ ըսեր լուսապսակ, բայց արդար ըլլալ յաւակնող փառք մը։ Քսան տարի յետոյ, « Ովասիս »էն այդ գործին վերընթերցումը ինծի կ՚առթէ իրարմէ տրտում կորանքներ։ Չեմ կրնար զայն դնել այն գիծին, ուր կը կենան, օրինակի համար, « Այգեկութք »ը, « Արշալոյսէն վերջալոյս »ը, Մ. Աճէմեանի քերթողութեան օր մը կազմելի դիւանը, Թերզեանի ամբողջական գործը։ Որբերեան աւելի լուրջ է անշուշտ, քան առաջին երկու գիրքերուն փառաբանուած հեղինակ/72/ները։ Առնուազն հաւասար է իր տաղանդով վերջին երկու քերթողներուն: Բայց ահա դժբախտութիւնը: Կարելի է արդարացնել « Շողեր ու ցօղեր », « Ժպիտ եւ արտասուք » հատորիկներուն կորանքը, զանոնք դարձնելով իրենց ժամանակին լիակատար հարազատութեան։ 1880–էն մինչեւ 1900 մեր մէջ բանաստեղծութիւնը այդ կարգէ զգայութիւններու, զգացումներու հեշտախտն ունէր։ Թերզեանի գործը կրնանք նետել 1880–էն առաջ տիրական ուրիշ ախորժանքներու պատասխանատուութեան։ Որբերեանի զգայնութիւնը Վարուժանի, Մեծարենցի, Թէքէեանի, Սիամանթոյի զգայնութիւնն է ամբողջութեամբ։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ անոր ջիղերը իրենց սնունդը առած են ցայգալուսային այն հոգեբանութենէն, որով կը տառապինք 1895–էն մինչեւ 1915։ Ու ձեզի կը մնայ այդ հոգեբանութեան հետքեր, չեմ ըսեր տախտակներ գտնել «Ովասիս»ի մէջ, որ իբր այդ, կու գար սակայն մեզի, հեղինակին կողմէ, երբ Ափրիկէի, ինչպէս երիտասարդութեան հետ, հաշիւը փակած մարդը ետ կը դառնար իր ժողովուրդին մնացորդներուն, Փարիզ, ու կը կարծէր իր ձայնը բերել մեր macabre հանդէսին, լքուած բոլորէն ու մեր երազներէն ամենէն աւելի։


 



[1]     Չեմ կրնար չայցուիլ Սանասարեանէն, որ վարժապետներ միայն արտադրեց։ Ճիշդ է, ջերմ, հաւատաւոր, բայց որոնց պակսածը գրական զգայարանք, առնուազն հետաքրքրութիւն փղշտացիական այլուրութեամբ մը առաքինութեան, հանգանակի պիտի վերածէին այդ ոգիին հրահրիչները։ Ո՛չ մէկ գրող մեզի եկաւ ո'չ Ռոպէրթ գոլէճէն, ո՛չ Եփրատ գոլէճէն, ո՛չ ալ Սանասարեանէն։ Ու կը խորհիմ, թէ հայոց գրականութիւնը որքա'ն շքեղ գործեր կորսնցուց այդ ոգիին պակասով։ Այսօր գանձ է Համաստեղի գործը, որուն հեղինակը բարեբաստ կերպով մը զերծ է մնացած գոլէճէն։ Ի՜նչ շքեղ արժէքներ պիտի գային մեզի Հայաստանի սիրտին վրայ բացուած ոգիի վառարանէն, որուն անունն էր Սանասարեան, եթէ տափակ ուսուցչապետներու փոխարէն հոդ աշխատանք ունենային գրագէտներ։ Փրկուած կ՚ըլլար, հոդ հասունցած մարդոց տաղանդով, սիրով, աշխատանքով մեր ժողովուրդի լաւագոյն հարստութիւններուն, առնուազն բարքերու անգնահատելի մթերքը։ Կարին, Վասպուրական, Տարօն, Սասուն գաւառներու անուններ չեն, այլ հայ հոգիին ամենէն ամուր, երկաթակուռ պատսպարանները։ Այսօր աղէտը սպառսպուր ջնջած է այս զմայլելի տարրերը հայ հոգիին հաւաքականութենէն։ Ու աղէտէն անդին տրտմութիւն է մտածել, թէ մեր գրականութիւնը քանի մը ուսուցչապետի անուններ ունի. փոխանակ այն հոծ, խոր, անփոխարինելի կեանքի համապատկերին, որով այդ սարերը, այդ դաշտերը, լեռներն ու գետահովիտները դարերով դիմացան: Սանասարեանի տղաքը Երեւան չբերին նոյնիսկ ազգագրական, աւելի համեստ՝ վիճակագրական մտահոգութիւններ: Ու տաճկցաւ այն երկիրը, ուր աւելի քան երկու հազար ամ մեր ոգին ստեղծեր էր, ինչ որ յաւակնոտ բառով մը մարդիկ կ՚անուանեն մշակոյթ։ Եփրատ գոլէճը ուրի՛շ փաստ այն գործնապաշտ ըմբռնողութեան։ Ու լուսաւորութեան համար այնքան յարմար այդ քառորդ դարը մեզի տուաւ հաւանաբար վարժապետ, բժիշկ, փաստաբան եւ ուրիշ բաներ, բայց վրիպեցաւ իր նուիրական պարտաւորութեան մէջ։ Մեր գրականութիւնը վնասուիցաւ, այդ հաստատութիւններէն։

[2]     «Երթաք բարո՜վ» («Ովասիս», էջ 281)։

[3]     Անոնք, որ ուղղակի շփում ունեցած են իրեն հետ, կը խօսին իր արցունքներէն, մշտապատրաստ կարծես իր թարթիչներէն փախչելու, ամեն անգամ, որ բառերը խօսակցութեան մօտենան ազգային ընդհանուր քաղաքականութեան: Այս մարդը լացած է ամէն հանդէսի։ Կ՚արձանագրեմ փաստը ու չեմ դատեր: