Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Դ. [ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ «ՄԵԾ ՈՃԻՐԸ»Ի ՇՈՒՐՋ]

/288/ Անցեր են այդ տարիները։ Սպանդը յղացող գաղափարագրութիւնը չէ հինցած անշուշտ։ Երեսուն դարերու յամառ, դժուար ճիգ մը, հազարաւոր հերքումներով, խոչընդոտներով բզիկ-բզիկ՝ հազիւ կերպարանք մը ճարած մարդ երկոտանիին, որպէսզի զանազանուի իր բնութեան մէջ դեռ այդ ճիգին անկարող չորքոտանի ընկերներէն։ ԺԹ. դարը այդ ճիգն ալ ըրաւ ծիծաղելի։ Ու մարդիկ իմաստասէր, մտածող, լրագէտ, քաղաքագէտ, զինուորական ու աստուածագէտ որոնք մեր մշակոյթին վերլուծումը փորձեցին, մեզի բերել կարծեցին նոր տախտակներ։ Ուժին, բռունցքին վերադարձն էր ասիկա մարդկութեան տագնապները լուծելու։ Միտքին եւ ուժին սա շնական դաշնակցութիւնը ջնջեց մեր ժողովուրդին կէսը, արժեց առաջին մեծ պատերազմով աւելի քան երկտասնեակ մը միլիոններու օրն ու արեւը, հերոսացաւ մինչեւ երկրորդ մեծ պատերազմին բացուիլը՝ սրբելով, հետախաղաղ ջնջելով քիչիկ մը փշրանքն ալ, որ տակաւին կը յամառէր խղճմտանքներու խորը անհանգստութեան սերմի մը պէս երբեմն–երբեմն ինքզինք զգալի ընել։ 1939–ին քաղաքակիրթ մարդկութիւնը ապշանքով, ինչպէս ամօթահար, տեսաւ այդ լուացուած աղճմտանքին վրայ նոր պատգամները միշտ իմաստուններուն, ուժովներուն։ Այդ բնական դաշնակցութիւնը ուղեղին եւ բռունցքին այլեւս չէր վախնար դարերուն ճնշումէն։ Ուրիշին հողը, դրամը, կինը, զաւակը իւրացնելու հասարակ, աւազակային արարքը կը բարձրանար բարձրորակ քաղաքակրթութեան մը փառքին ու հանդէսին։ Ամենէն լուսաւոր ժողովուրդի մը կողմէ այս նոր հրամայականները չեն վերլուծուիր, ինչպէս չկան վերլուծելի բոլոր հրամայականները։

 

Հիմա, Անտոնեանի գիրքին մէջ ուրուագրուած մարդերը ջարդին հայրերը իբրեւ գաղափար ու անոր զինուորները իբրեւ գործադրիչ մտած են, մեծ մասով, ծոցը հողին որուն առքին մէջ ոմանք իրենց ներեցին մեծ ոճիրը: Հիմա, շէն քաղաքներուն մէջ, ուր /289/ երեսուն տարի առաջ իմ ժողովուրդը իր ցամաք հացը հանելու արարքը վերածել էր դառն, բայց պարկեշտ իմաստութեան մը, կ՚իյնայ հաւանաբար Աստուծոյ արեւը նոյն արդարութեամբ։ Հիմա, իմ հօրս մատուըներով բարձրացած իմ տունին մէջ, ո՛վ գիտէ ո՛ր կիսավայրենին իր անասնութիւնը կը մարսէ, անաշխատ ու անպատիժ, վայելելով իրը չեղող պատսպարանը։ Ու կ՚ենթադրեմ այն սեղանին վրայ, ուր իմ գրիչը գործեց, այդ կիսավայրենին տրեխներուն համար փոկ հանելու ատեն իր կոշտ դանակը կը խազխզէ ու իմ ձեռքով տնկուած թթենիին շուքին իր տղաքը կ՚օրօրէ։ Հիմա միշտ այդ Աստուծոյ արեւը կիյնայ աստուածային այլուրութեամբ մը։ Այս ողբերգութեան վերլուծումն ալ դուրս է մեր հասողութենէն։

 

Ինչ որ այս ամէնուն մէջ աւելի քան տրտում է իմ հոգիին վրայ, այդ ալ՝ ամբողջ աշխարհի երեսին նոյն բնական դաշնակցութիւնն է միտքին եւ բռունցքին։ Չենք կրնար փոխել։ Բայց որքա՛ն շուտ կը մոռցուին անմոռանալի կարծուող արժանիքներ։ Կա՞յ, մեր տեսածէն վեր, դուրս միտք մը, որ վարէր դատաստանը սա աշխարհը այսպէս դժոխակերպող աւազակներուն, մարդասպաններուն։ Թուրքերը մեր ժողովուրդին կէսը բնաջնջեցին։ Ատիկա իրենց հպարտութիւնն էր սպանդին տարին։ Բայց չեղան իմաստուն, հաշուի առնելու համար գին մը, որ նոյնքան մարդոց կեանքն էր քիչ մը ամէն կողմ, իրենց արիւնէն, պատերազմի զանազան դաշտերուն երեսին ու երկրին կէսին իրենցմէ ընդմիշտ կորզուիլը։ Անոնք որ, ոչ թուրք, այդ ոճիրը պաշտպանեցին, թուրքին ձեռքը դնելով քաջութեան սուրը, չուշացան իրենց պատիժէն։ Ու ամբողջ քաղաքակիրթ որակուած աշխարհը երբ մարսեց այդ սարսափելի եղեռնահանդէսը, չեղաւ աւելի խաղաղ, աւելի բախտաւոր։ Անտոնեանի յիշած դեղագործը մեծ մարդ մըն էր, անշուշտ, որ մահը ծախու կը հանէր։ 1915–էն մինչեւ 1939, այդ Եւրոպայի մէջ չէր գտնուեր տուն մը, ուր սուգ մը, սուգեր, շատ սիրելի յիշատակներ լեղիի չվերածէին Աստուծոյ ամենէն պարզ պարգեւները, հացն ու ջուրը։

 

Ըսի, թէ վերլուծելի չէր մահը։ Ու վերլուծելի չէ ազգերու արեան ձայնը ։ Իմ ժողովուրդը կը ճանչնար այդ ձայնը, թուրքին արիւնին։ Ըսի, թէ մեր դժբախտութիւնը թերեւս սխալ չըլլար ճանչնալ մեզի օտար, հեռու քաղաքակրթութեանց ներսը։ Ըսի, թէ Եւրոպան, 1850–էն ետք մեր միտքը յեղաշրջեց, բայց մեր շրջապատը, մեզի դրացի ազգին ուղեղը պահեց իրենց հին, առհաւական պայ/290/մաններուն մէջ։ Այս հակապատկերը, այսօր յստակ, 1900–ին մեզի կը ներկայանար մշուշով վարագուրուած։ Ի զուր փնտռեցինք զսպանակներ, պատճառներ մեր վրայ գործադրուող բնաջնջման քաղաքականութիւնը արդարացնող։ Պատմե՞ր եմ, թէ ի՛նչպէս մարմին առաւ իմ մէջ հայ-թուրք հարցը, դեռ հազիւ քալող մանուկի իմ փորձառութեան մէջ։ Կ՚ենթադրեմ։ Ու երբ, 1917–ին, թրքական ոստիկանութեան ամենէն բարձր մէկ պաշտօնեային հետ ես ունեցայ չորս ժամերու վրայ երկարող իմ ամենէն դժնդակ խօսակցութիւնը [1], /291/ մեր սպառսպուռ բնաջնջումը յստակ էր ինծի, անկնճիռ ու պարզ ինչպէս, չգրուած էջ մը։ Բայց այդ խելամտումը դժուար՝ իմ սերունդէն բոլոր անոնց համար, որոնք հայ—թուրք հարցը կրեր էին իրենց երակներուն մէջ, բայց մտքով կշռեր անոր տիալէքտիկան ։ Այդ է պատճառը, որ ստիպուած եմ լքել այդ հարցին շուրջ մեր մէջ վաղածանօթ գաղափարագրութիւններ։ Անշուշտ, ինչ որ այդ գետ/292/նին վրայ մեր տեսարանները սիրեցին արժեւորել, զուրկ չէ դատողութենէ։ Ու նոյնքան ստոյգ է թուրքերուն պատմութիւնը ո՛չ իբր փաստ ջարդի քաղաքականութեան մը, այլ այն խուլ ընկրկումին, որմէ երբեք չեն զգածուած, հոս չնմանելով ուրիշները, որոնց համար պարտութիւնները առնուազն զգաստութեան, ինքնամփոփման պահեր կը նշանակեն։ Թուրքերը երբեք չեն պարտուած, քանի որ պարտութիւնը, քաղաքակրթական իր գերագոյն սահմանին մէջ, հոմանիշ է ջնջումի։ Թուրքերը, ըսեր են շատ շատեր, միայն կը հասկնան ուժէն։ Ու այդ թուրքերը ճանչնալու համար, օտարները գրեթէ միշտ զանոնք ուսումնասիրած են տկարութեան, պարտութեան շրջաններուն։ Ահա թե ինչո՞ւ այդ ժողովուրդը կը դատուի focièrement noble: Գերման իմաստասէր Քէյզէրլինկ սուտ չի խօսիր։ Բայց սխալ կը տեսնէ։ Գերման զինուորականները 1915–ին խորունկ արհամարհանքով մը վարուած են թուրք սպաներուն հետ, բայց չեն կրցած հասկնալ, թէ ո՛ր հրաշքին միջամտութեամբ իրենց լեզուն, մշակոյթը իւրացուցած այս կիսակիրթ, թաթարատիպ մարդերը կը գտնէին դարաստանին բնազդները ու դէպի ասոնք վերադարձ մը կ՚ընէին ահաւոր կատարելութեամբ մը։

 

Չեմ խօսիր ամբոխէն, որ ամէն տեղ մնաց ինչ որ եղեր էր դարերով։ Այդ ամբոխին մէջ տեղ-տեղ ուրուացող խղճահարութիւնը՝ հեռի մարդասիրական արարք մը ըլլալէ, կրօնական նախապաշարման վախէն կը ծնէր։ Ան էր պատճառը, որ այդ խղճահարութիւնը ո՛չ մէկ տեղ գործօն նկարագիր մը առաւ։ Ընդհակառակը։ Երկու շատախօս քարոզիչ բաւ էին քաղաքի մը խղճմտանքին տագնապը մեղմելու, զայն վերածելու համար Ալլահի փառքին գերերջանիկ սպասի մը պարտականութեան։ Չեմ խօսիր բուն իսկ ջարդարարներին, քանի որ այս մարդերը դուրս էին ամենատարրական պայմաններէն, որոնց գումարին մէկ փոքր քանակը նոյնիսկ մենք կը հաստատենք տաքարիւն ցեղախումբերու մօտ։ Չեմ խօսիր պետերէն, Պոլիս նստելով այդ ամէնը ղեկավարող, վասնզի այդ մարդերը դարձեալ կը պատկանին նոյն արեան դրութեան։ Ան, որ 1915–ի սպանդը ծրագրեց ու գործադրեց, գռեհիկ պաշտօնեայ մըն էր հեռագրատան, առանց որեւէ ուսումի, դաստիարակութեան։ Երբ մորթելու կիրքովը գրաւեց ուշադրութիւն, անոր յանձնեցին կայսրութեան մը ներքին գործերու նախարարութիւնը (աւելի վերջը՝ եպարքոսութիւն)։ Այդ դիրքին մէջ հեռագրատան պաշտօնեան կը մնար անաղարտ, ներքին գիւղաքաղաքի մը մռայլ պաշտօնէութեան ամբողջ ստորնութիւններով։

/293/ Ու դուք հազիւ կը յիշէք (եթէ ձեր տարիքը ձեռնտու է ատոր), թէ ինչ անասնութիւն էր այդ պաշտօնէութիւնը։

 

Ի՞նչ կը մնայ։ Այսօր զօրաւոր երկի՞ր մը։ Չեմ աճապարեր։ Իրենց ամենէն տկար օրերուն ալ թուրքերը չեն դադրած աշխարհը տիրապետելու իրենք զիրենք ընդունակ յայտարարելէ։ Երեք-չորս դարերու ընթացքին չորս—հինգ քաղաքակրթութիւններ բնաջնջող ժողովուրդ մը ի՛նչ էր ըրած իր հաշւոյն, այս անգամ դրական առաքինութեանց կրկէսէն։ Կը տեսնենք, այդ երկաթուղիներէն սպասելի աղէտներն ալ։ Երկրորդ մեծ պատերազմը զանոնք կը թուի շփացնել։ Բայց չեն արձակուած վճիռները։ Ժողովուրդները անպատիժ չեն կրնար մորթել։ Չեմ ըսեր, որ սուր առնողը սուրով իյնայ պիտի։ Բայց կ՚ըսեմ՝ սուրէն առաջ միտքը: Ու այդ միտքը մենք դարերու պատանքով կը տեսակաւորենք։ 1915–ին այդ միտքը 1315–ի կազմութիւն մը ունէր։


 



[1]     Տեսնել «Մնացորդաց» . հատոր, «Արիւնի ճամբով»՝ վէպին մէջ՝ երկասացութիւնը ընդմէջ վէպին մէկ հերոսին (Մաթիկ Մելիքեանենց) եւ թուրք ոստիկանական բարձրաստիճան փաշայի մը, ուր պարզուող գաղափարագրութիւնը ես ասեր եմ, գրեթէ բառ առ բառ, այդ փաշային շրթներէն։ Կը խօսէր հանդարտ, թուրք, վճռական ու արեան իմաստութեամբ մը զօրացած շեշտով մը։ Մինակ էինք ու այդ պէյը քաղաքական բաժնի երկրորդ ճիւղին (որուն մասնագիտական զբաղումն էր հայը) ոստիկանական տնօրէն - բացի արեան կնիքէն իր դէմքին վրայ, կը նմանէր ինծի, իմիններուն: Գիտէի, որ անիկա, իր մանկութեանը, կաթն էր ծծեր Շաւարշ Միսաքեանի մօրը ստինքներէն ու այդ սրբազան իրաւունքը Շաւարշի մայրը պահանջեր էր, լալագին այդ պէյէն, իր տղուն մահը իրեն շնորհելու մարդկութեան զինքը հրաւիրելով եթէ երբեք հեքիաթ չեն այս ամէնը։ Կը ճանչնար մեր գրագէտները, կը խօսէր մեր լեզուն որոշ հասկացողութեամբ։ Գիտէի տակաւին, որ վճռած էր մեր ժողովուրդը սրբագրել, արմատապէս, իր ուղեղէն, ուր աճող սերմին վրայ իր վճիռը անողոք էր որքան վերջնական։ Յարութիւն Մկրտիչեան, անոր աջ բազուկը, զիս անոր ներկայացուցած ատենը, այսինքն քանի մը րոպե առաջ, չէր ծածկած իրողութեան ամբողջ եղերականութիւնը: Կրնայի այդ Աստուծոյն վրայ ձգել չարաշուք, անսրբագրելի տպաւորութիւն մը ու նոյն գիշերն իսկ բանտին ետին սուինահար իյնալ, կրնայի շահագրգռել զինքը, մտածումներում կերպարանքով մը, որ չխրտչեցնէր զինքը։ Նիցչէ էր կարդացած այդ մարդը եւ կը դատէր ժողովուրդը այդ պարունակէն։ Հոս չեմ վերադառնար այդ երկասացութեան մէջ պարզուած գաղափարագրութեան։ Ինչ որ պիտի ուզէի վերակազմել, ատիկա Արամ Անտոնեանի մարդոց շքահոյլին մէջ այդ ոստիկանական տնօրէնին, տնօրէններուն իմացական նորակերտ coupe–ն էր։ Այդ մարդը չէր գրգռուեր։ Այդ մարդը հազիւ թուրք կը հոտէր։ Այդ մարդը դուրս ալ էր թուրքին կեղծ, նենգ դիմակաւորումներէն։ Կը փառասիրէր պարզ ու պաղ տեսնել։ Տեսածը վերածել իրենց դատին ծառայելու ընդունակ հաստ ու հաստատ գաղափարներու հանդէսի մը։ Գութ, արգահատիլ, նախնական ժողովուրդներու մօտ շատ յաճախադէպ բնազանցական երկիւղը վերի Աստուծուն՝ իրեն համար անիմաստ տկարութիւններ էին: Այդ մարդը թուրքն ալ չէր պատկերեր սպաներուն, զինուորականներուն, որոնց մեծամտութիւնն ու տղայամտութիւնը իրար կ՚արժէին: Ամէն ինչ սառն, գերմանական, մեթոտիկ, հաշուուած դրութիւն մըն էր իր դատաստանին առջեւ: Համոզուած էր, որ մեր ժողովուրդը մեղք չունէր, կատարուածին մէջ։ Բայց իր ժողովուրդը իր սրբազնագոյն իրաւունքին մէջ կը դատէր իրեն համար ազատ, անտագնապ կեանք մը ապահովելու, կոտորելով բոլոր մակաբոյծները, բառէն առաջ այնքան կատարելութեամբ բանաձեւելով հացի գերմաններուն կենսատարածքը։ Մենք, ուրիշ արիւնի դրութեան պատկանողներ, նոր թուրքերուն մէջ կը մնայինք հիմնովին անհաղորդ իրենց արեան ձայներուն։ Մեր կոտորումը ո՛չ մէկ հրաշք կրնար կասեցնել, բացի զէնքին հրաշքէն, որուն զգայարանքն ու զգայութիւնը արդէն կորսնցուցած էինք տասնեակ մը դարերէ ի վեր։ Անիկա կը դատէր մեր հարցը թեթեւութեամբ մը, թեթեւասրտութեամբ մը։ «Եթէ մարգարէին փաթթոցն ալ ըլլար իմ գլխուս անցուած, դարձեալ պիտի մնար այդ փաթթոցը անբաւական իմ գլուխը անկումէ ազատելու»։ Այսպէս կը խօսէր ինծի այդ մարդը։ Ո՛չ մէկ փորձ՝ իմ կողմէ զայն գորովի բերելու։ Մտիկ ըրի։ Կը տրամաբանէր ինք իրեն, պարզ, պաղ, երկաթ։ Ու կը թուէր մոռնալ պատերազմին բախտը, որ կրնար իրենց աննպաստ գնացք մը առնել։ Իր փոյթը չէր։ Թուրքերը ջարդուելով չէին հատներ: Անոնք ունէին Թուրքեստանը, իրենց ցեղին ծննդավայրը, ուր պիտի կրնային դառնալ, քանի որ անկէ մեկնած էին։ Դէպի Ասիա։ Բայց կը գտնէր մեր իմաստութիւնը առաւել քան ծիծաղելի: Պիտի չթողուին ո՛չ մէկ հայ, որ այդ օրը ըլլար արժանի տեսնելու: Հոս անիկա զգաց, որ դուրս էր իր դերէն։ Անդրադարձաւ իր եռանդին։ Ժպտեցաւ ու յիշեց քանի մը ընկերներ, բարեկամներ, բոլորն ալ մտքի աշխարհէն։ Հարցուց, թէ կը հասկնայի՞ թուրքը, հիմա, մեր գրականութեան մէջ cliché պատկերանքէն բոլորովին օտար, իբրեւ մտքի, արեան դրութիւն։ Ու ես փոխադրուեցայ, այդ բառերուն հետ անապատները, ուր, դէմի սառնասիրտ ու սառնամիտ մարդուն ուրիշ մարմնառութիւնները, իրենց մտածումները գործի, արեան, կրակի, նախատինքի, մահուան վերածելու հաճոյքին մէջ հեշտագին կը տառապէին։ Ու ան կը խօսէր, կը խօսէր, կը խօսէր։ Կէս գիշերը կ՚անցնէր։ Յետոյ, հարցուց քաղաքավար ու ցուրտ «Բան մը ունէի՞ իրմէ խնդրելիք»։ Քանի մը օր իրենց հիւրն էի։ Պիտի կարդար անգամ մըն ալ իմ թղթածրարը։ «Տէրն ողորմած է», - ըսաւ ան` հայերէն։ Նոյեմբերի ցուրտ գիշերն էր Պոլիսին: Երբ իր սալոնէն բանտ առաջնորդուեցայ, լաթերս քրտինքէն թրջած էին: