Գ.
ԴԷՄ
ԴԷՄԻ
/463/
Քառորդ
դարու
վրայ
տարածուող
գրական
ճիգը
Սփիւռքի,
զանազան
պատեհութիւններով
ես
ձգեր
եմ
նկատառման։
Հոս,
այդ
ճիգէն
մասնաւորուած
կերպով
մը,
ես
ընտրած
եմ
քնարականին
մէջ
նոր
պարզած
կերպարանքներուն
ամփոփ
ուրուագիծը։
Ներկայ
աշխատանքը
փորձ
մըն
է,
անգլիական
առումով
(essay)։
Առաջին
եւ
երկրորդ
գիծէ
բանաստեղծներուն
զանազանութիւնը
կը
մեկնէր
բանաստեղծական
աւելի
համապարփակ
նկատողութիւններէ
։
Մինչ
արեւմտահայ
գրական
ճիգը,
կանխող
երեք
սերունդներու
մօտ,
գերագոյն
իր
նուաճումները
կը
հաստատէր
քնարականին
մէջ,
արժեւորել
կարենալու
չափ
սա
փաստին
իմաստը
դէպի
ամբողջական
հայ
գրականութեան
անմահ
սեւեռումները,
Սփիւռքը,
նոյն
այդ
մարզին
վրայ,
կը
ներկայանայ
տժգոյն
ձախողանքով
մը
վիրաւոր։
Յստակ
ու
պարզ
եմ
սա
տողերուն
վրայ։
Կ՚ուզեմ,
որ
աւելորդ
պատրանքներ
խնայուին
այն
տղոց,
որոնք
քսան
տարիէ
ի
վեր
ոտանաւոր
կը
փորձեն,
բայց
չեն
ազատագրած
իրենց
ստորագրութիւնը։
Գիտեմ,
որ
տասնեակներով
հատորներ
մեզի
եկան,
աստուածներու
բարբառով
կէս
հա/464/րիւրեան
քնարակիրներու
երամէն։
Տէրը
ինքը
հասնի
այդ
տղոց
անսփոփ
տրտմութիւններուն։
Ո՛չ
ոք
մեղադրել։
Բայց
լաւ
հասկնալ։
Սոփեստութին՝
մեր
պայմանները
օգտագործել
սա
վրիպանքը
բացատրող։
Ամէն
շրջանի,
քերթողները
իրենց
կը
մնան
պարտական
իրենց
արժանիքներուն
լաւագոյնները
ու
ժամանակէն
կը
ստանան
իրենց
մեղքերը։
Ոչ
ոք
լուր
ղրկեց
…
Պետրոս
Դուրեանին,
յամի
Տեառն
1870–ին,
երբ
մեր
բանաստեղծութեան
մէջ
տիրական
փառքեր
էին
Ալիշանն
ու
Պէշիկթաշլեանը,
բայց
մանաւանդ
Նար–Պէյն
ու
Չերազը։
1900–ին
մարդիկ
—
խմբագիր
ու
քերթող
—
կրցածնին
ըրին
տապալելու
համար
Մեծարենցը։
1945–ին
Վահան
Թէքէեան
դեռ
մթին,
դժուար
ըմբռնելի
խորհուրդ
մըն
է,
երկբայեալ,
քանի
որ,
ըսեր
եմ
կանխող
էջերուն,
անոր
տաղանդին
հանդէպ
գնահատման
չափերու
ալ
գոյութի՛ւնը,
ուր
կասկածին
քով,
մուտք
ունէր
հաստատ
համոզումը։
Բանաստեղծութիւն
մը,
մանաւանդ
քնարական
բանաստեղծութիւնը,
անձով
է
պայմանաւոր։
Անշուշտ
Վարուժանի
գեղեցկագոյն
քերթուածները
կը
բխին
մեր
տագնապներէն։
Բայց
այս
հաստատումը
ուրիշ
բան
չի
նշանակեր,
եթէ
ոչ
այն
իրողութիւնը,
որ
այդ
տաղանդով
սեւեռուած
զգայութիւնները
կը
կազմէին
մեր
հասարակութեան
ամենէն
խորունկ
ապրումները
նոյն
ատեն։
Չունի՞ն
Սփիւռքի
տղաքը
այդ
ապրումներէն:
Բայց
ես
տեսայ
պայմանները,
որոնց
մէջէն
ծնած
են
Սեմայի
«
Գարունը
»,
Թօփալեանի
«
Արեւագալ
»ը,
Սարաֆեանի
«
Մակընթացութիւն
»ը։
Տեսայ
ատոնց
հեղինակներուն
ետին
ամենէն
սրտառուչ
ողբերգութիւնը։
Տղաք
էին
գործատուն
իւղին
ու
մուրին
մէջ
սեւցնելու
դրուած
իրենց
երազները։
Չեմ
բանար
վարագոյրը։
Տժգոյն
/465/
էին
ու
իրենց
սեւ
աչուըներուն
ետին
իրենց
տեղը
կը
բաբախէր։
Ապրեր
եմ
Միջին
Արեւելքը,
ուրկէ
դարձեալ
մեզի
եկան
ուրիշ
դիւաններ
(«
Արեւ–անձրեւ
»,
«
Տուներու
երգը
»,
«
Ձորավանք
»,
«
Բանաստեղծին
ձայնը
»,
«
Առագաստներ
»,
«
Խորտակման
գիշերներ
»,
լռելով
անշուշտ
անունները
ուրիշ
ալ
դիւաններու)։
Ու
գիտեմ,
թէ
տաղանդէն,
խառնուածքէն
առաջ,
այդ
երիտասարդ
հեղինակներու
մօտ
կար
տագնապը
ցաւին։
Ամէն
բանաստեղծ
–
հոս
մուտք
կու
տամ
նոյնիսկ
անտաղանդներուն
—
սրտայոյզ
հանգոյց
մըն
էր
բզկտող
ապրումներու։
Ո՞րքանը
այս
ամէնուն
ձեզի
կը
տրուի
զգալ
այդ
տաղարաններուն
ներսը։
Դիւրին
է
խօսիլ
բանաստեղծութեան
տագնապէ
մը,
երբ
ուզենք
քաւութեան
նոխազներ
ճարել։
Կը
մասնաւորեմ
իմ
խօսքը
ուրեմն
այն
խումբին,
որ
գիտէ,
թէ
ի՛նչ
կ՚ընէ
երբ
կը
փորձէ
…
քերթել։
Այս
ամէնուն
հետ,
պէտք
կա՞յ,
սակայն,
փողով
ու
թմբուկով,
անգամ
մըն
ալ
յայտարարելու,
թէ
Սփիւռքի
ճիգը
քնարականին
մէջ,
մնացած
է
ճիգ
մը
միայն,
երբեմն
աղմկոտ,
երբեմն
թախծալի,
նոյնիսկ
իբր
այդ
որոշ
չափով
մըն
ալ
համակրելի,
բայց
զուրկ
այն
տիրական
նկարագրէն
որ
սերունդի
մը
կերպարանքը
կ՚առնէ,
հետզհետէ,
ժամանակին
հետ,
ինքզինք
կազմակերպելով
իբրեւ
գիտակցուած
ձգտում։
Սփիւռքը,
ըսեր
են,
ունի
բանաստեղծներ,
բայց
չունի
բանաստեղծութիւն
(մտածեցէք
Սփիւռքի
վէպին,
որ
առաւել
քան
իրականութիւն
է,
բայց
եղէք
պարկեշտ
ընդունելու,
որ
չկայ
վիպասանը
)։
Ինչո՞ւ
սա
վրիպանքը։
—
Շատ
են
գրական
սերունդ
մը
դառնալու
անատակութեան
ազդակները,
ինչպէս
կասկածելի՝
ստուգութիւնն
ալ
վարկածներուն,
որոնց
կը
վստահէինք
երբեմն
երեւոյթներու
բացատրութիւնը։
Ըսի,
թէ
լուր
չէինք
ղրկած
Պետրոս
Դուրեանին։
Ըսել
կ՚ուզէի,
որ
այս
տղուն
անձնականութիւնը
—
քնարական
բանաստեղծ
մը
կերպադրող
ամենէն
նուիրական
շնորհը
—
զօրաւոր
էր
եղած,
ընդդէմ
ամէն
արգելքներու,
ինքզինքը
պարտադրելու։
Իմ
գտածը
Սփիւռքէն՝
տիրական
անանձնականութիւնն
է,
զանազան
ձեւերու
ներքեւ։
Տեսէ՛ք
բառին
ետին
իրական
ալ
վիճակներով
պաշտպանուած
վկայութիւնները։
Այս
մէկը
պիտի
տարածուի
դէպի
սարսուռները
յիշատակներուն,
որոնք
իր
զգայարանքներուն
ըլլալէ
աւելի,
իր
ընթերցումներուն
անդրադարձ
յոյզերը
կազմեցին։
Շնորհալի,
խորունկ,
իրաւի
մօտ
ապրումներ
են
«
Կրակը
»
տաղարանին
հոգեյատակը
կազմող
խոստովանութիւնները,
բայց
չեն
Սփիւռքի
տղուն
պորտէն
փրթած
—
եթէ
կը
ներէք
այս
յանդուգն
փոխաբերութիւնը
—
անով
միայն
պայմանաւոր
documentներ։
Անձնականութեան
նուազ
պայծառ
կնիք
մը
այդ
հատորը
կ՚աղօ/466/տէ,
ընելու
չափ
անկնիք,
թէեւ
յուզիչ
իր
կարգ
մը
մասերուն
մէջ,
վկայութիւն
մը։
Ասիկա
իր
անձէն
անպաշտպան
տղու
դժբախտութիւն
մըն
է։
Ան
միւսը
ինքզինք
պիտի
կոտորէ,
իր
ապրումներուն
ճարած
ըլլալու
համար
անձնականութեան
կաղապարներ,
ու
պիտի
հասնի
հակադիր
արդիւնքին
այդ
պատառ-պատառ
հերձուած
անձնականութիւնը
մեզի
առաջարկելու
իբր
Սփիւռքի
տղու
հոգեխառնութիւն,
հրատարակութեան
յանձնելով
«
Մակընթացութիւն
»ը։
Ու
ասիկա
այսպէս,
բոլոր
այն
դիւաններուն
համար,
որոնք
մեզի
եկան
այդ
Սփիւռքին
խոստովանութիւնները
իբրեւ:
Ասիկա,
տաղանդաւորներուն
ճակատագիրը։
Ինչպէ՞ս
կշռել
վրիպանքը
այն
միւսներուն,
որոնք
ստիպուած
են
իրենք
զիրենք
շուկայ
հանելու,
երբ
յաջողելու,
հասնելու
անհամբերութեան
մէջ,
պարտաւորուեցան
իրենց
ախորժակները,
փառասիրութիւնները
որոճալու։
Գիտենք,
որ
Սփիւռքը
նոյն
ատեն
քաղաքական
ալ
տղմաստան
մըն
է։
Գնորդները
առա՜տ։
1930–էն
ասդին
որքա՛ն
շատ
է
թիւը
քերթողներուն,
որոնք
յօժարեցան
իրենց
ապսպրուած
(կանխիկ
գնով)
երգերը
երգելու։
Ու
անոնց՝
որոնք
սպասելու
անկարող,
յարդարուն
ամպիոններ
ցատկեցին,
հոնկէ
մունետիկելու
համար
գովքը
արժէքներու,
որոնց
հաւատքը
պղտոր
էր,
առնուազն՝
անբաւական
իրենց
ներսը։
Տաղանդը
երբեմն
խորասոյզ
կը
կորսուէր։
Կ՚անցնիմ։
Անշուշտ
սա
լքումները`
(ճակատի),
բռնադիր
հանգանակները
ու
ասոնց
հետեւանք
կիրքերը,
ուրացումները,
աղմուկը
չեն
յօրիներ
մեր
Սփիւռքի
բանաստեղծական
տագնապը,
որ,
մեզմէ
դուրս,
արեւմտեան
մեծ
գրականութիւններուն
ալ
ներսը
հաստատելի
իրողութիւն
մըն
է։
Մոռնալու
չենք
ինքնասպանութիւնը
Մայակովսքիին,
որ
մեր
օրերու
սովորական
տրամաներէն
կը
տարբերի
գրական
տագնապ
մը
իբրեւ,
կիրքը,
խենթութիւնը
ըսէք
դուք,
իր
անձէն
լքուած
ու
իր
արուեստին
դաւաճանուած
բանաստեղծին։
Դար
մը
առաջ
Պայրըն,
նոյն
պատրանաթափութեամբ
ախտահար,
իր
մարմինը
պիտի
ընէր
խորասոյզ
ուրիշ
անդունդներու
ծոցը
—
կիները։
Մեր
օրերուն
կինը
անդունդ
մը
չէ
ա՛լ։
Բայց
փա՜ռքը,
պատրա՞նքը։
Բայց
մանաւանդ
զզուա՜նքը
մարդ
ծնած
ըլլալու,
երբ,
միշտ
կէս
դար
առաջ,
այս
վերջին
հանգամանքը
գերագոյն
պատիւն
էր
երկոտանի
կենդանիին։
Անհուն
Ռուսիոյ
տագնապները
իրական
էին
սակայն
ու
անոր
բանաստեղծները՝
արի
զինուորները
այդ
տագնապը
յաղթահարելու
սահմանուած
բանակին։
Եւ
սակայն
Մայակովսքին
մեռցուց
ինքզինք։
Ահա՛
թէ
ինչո՛ւ
դժուար
չէ
խօսիլ
Սփիւռքի
մէջ
բանաստեղծական
տագնապէ
մը։
Ու
կազմել
ծանր,
տպաւորիչ
ալ
գուցէ
պատկերը
ներկայ
անբանաստեղծութեան։
/467/
Բայց
իմ
առաջադրութիւնն
է
իրաւ
բանաստեղծութեան
տագնապէ
մը
խօսիլ։
Գրականութեանց
պատմութիւնը
մեզ
կը
հասնի
օգնութեան,
բանաստեղծական
դպրոցները
հաշուեյարդարի
ենթարկելով,
բայց
իրաւ
բանաստեղծը
փրկելով,
արձանելով։
Առաջին
գիծը
եւ
երկրորդ
գիծը
ուրեմն,
կը
կրկնեմ,
քմայական
բացատրութիւն
մը
չէ։
Քսանը
կ՚անցնի
թիւը
Մեծարենցի
հետ
սկսող
քնարակիրներուն։
Կործանած
է,
մեր
բանաստեղծութեան
պատմութեան
համար,
Սիպիլեան
դպրոցը,
բայց
առաւել
քան
շքեղ
կանգուն՝
փառքը
Մեծարենցի։
Փոխադրուեցէ՛ք
1860–ի
Ֆրանսան
ու
La
Parnasse
բանաստեղծական
հաւաքածոն
լեցնող
66
քերթողներէն
փնտռեցէք
քանի
մը
անուն,
որոնք
մեզի
հասած
ըլլան։
Անշուշտ
չէ
մոռցուած
Լը
Քոնդ
տը
Լիլը։
Բայց
զայն
կը
կարդանք
հետաքրքրութեան
համար։
Ու
մեր
օրերու
բանաստեղծը
Պոտլէռն
է։
Ուրի՞շ։
Գացէք
գրականութեան
պատմութեան։
Միամտութիւն
ուրեմն
իրաւ
բանաստեղծը
պահանջել
ամէն
երիտասարդէ,
մեր
մէջ,
որ
գրել
գիտէ,
այսինքն
ունի
իր
տողին,
կշռոյթին,
պատկերներուն
գիտակցութիւնը
զերծ
պահել
ամէն
պատմուճանէ,
շպարէ,
որ
ապրած
է
Սփիւռքը,
իբրեւ
Սփիւռք,
իրարու
հակադիր
մշակոյթներու
դժոխքին
ու
արքայութեանց
ներսը,
եւ
ասոնցմէ
դուրս
ունի
ալ
զգայարանքը
արեւմտահայ
բանաստեղծութեան
հիմնական
ձգտումներուն։
Այս
տողերուն
ետեւէն
ձեր
մտքին
կը
ներկայանա՞յ
խումբը
տղոց,
որոնց
ոտանաւորը
գնէր
իրենց
մեղքերը,
առնուազն
կեանքէ
մը,
պահէ
մը,
իրաւ
տագնապէ
մը
իբրեւ
վկայութիւն։
Լայն:
Լուրջ։
Զգաստ:
Ոչ–հռետորեալ։
Ոչ–պատկերապաշտ :
Ոչ–պատկերամոլ։
Շիտակ
։
Երբեմն
տափակ
։
Երբեմն
իմաստուն:
Գրեթէ
միշտ
ապրուած
արդիւնք
մը
կայ,
մեզի
հասած,
այդ
Սփիւռքին
զանազան
անուններէն,
որ
դժբախտաբար
անբաւական
է,
չքացնելու
դառն
կշիռը
վատաբանութեան
շեղջակոյտին,
միշտ
այդ
Սփիւռքին
գումարտակ
մը
քերթողներուն
երկունք։
Ստորագծել
վերի
որակականները
չի
նշանակեր
կամաւոր,
առնուազն
խնդրական
ճշդումներ
գործադրել։
Կեցէ՛ք
քիչիկ
մը
ուշադիր,
ամէն
որակումի
դիմաց
ու
խորացուցէ՛ք
զանոնք
ձեր
ներսը։
Ձեր
հաշւոյն
ես
կը
գործադրեմ
պահանջուածը։
Ինծի
այնպէս
կու
գայ,
թէ
հակառակ
այդ
որակումներուն
ներհակներուն
ալ
յստակ
իրականութեան
(մեր
ռոմանթիզմը
ատով
ցեղային
բարեխառնութիւն
մը
կ՚ըլլայ,
մեր
կործանումը
լուսաւորող),
այդ
բառերը
մեր
ժողովուրդի
ապրումները,
զգայնութեան
որոշ
շերտերը
կ՚եղանակաւորեն։
Ուրե՞մն։
Անտեղի՞`
Սփիւռքին
ուրանալ
ցեղային
տարողութեամբ
քերթողութիւն
մը։
Մի՛
աճապարէք։
1900–ին,
երբ
Վահան
Թէքէեան
իր
դարպասը
կը
սկսէր
մուսաներուն,
մեր
ժողովուրդը
տար/468/բեր
խտութիւն,
տարբեր
թելադրանք
մը
չէր
երիտասարդ
քերթողներու
գեղագիտական
զգայնութեան։
Երկրին
մէջ
թէ
անկէ
դուրս
Սիամանթօ,
Վարուժան,
Թէքէեան
ապրեցան
Սփիւռքը
յիշեցնող,
թերեւս
անկէ
ալ
խորունկ
տրամա
մը։
Բայց
մենք
ունեցանք
«
Ցեղին
սիրտը
»,
«
Դիւցազնօրէն
»ը,
«
Հրաշալի
յարութիւն
»ը
—
գիրքեր՝
որոնք
1900–ի
հոգեխառնութենէն
կ՚առնեն
իրենց
մթնոլորտը։
Հիմա
տուէ՛ք
ինծի,
Սփիւռքէն,
անունը
քերթուածներու
դիւանի
մը,
ուր
վերի
որակումները
ըլլային
գործադրելի։
Հակասութեան
մէջ
չեմ,
երբ
Վարուժանի
եւ
Սիամանթոյի
անունները
կ՚օգտագործեմ
իմ
հարցին
համար։
Երկուքն
ալ,
իրենց
տարօրէն
յորդ
հռետորութեամբը,
վար
կը
մնան
իրականութենէն,
այնքան
մեր
հոգիին
վրայ
գործադրուածը
ահաւոր
կերպով
խիտ,
խորունկ
տրամա
մըն
էր։
Ու
հիմա,
պիտի
ուզէի
ձեզմէ,
որպէսզի
ըլլայիք
համբերատար
սա
որակումները
բանալու,
անոնց
իւրաքանչիւրէն
զատելու,
առանձնացնելու
համար
ծուէններ,
որոնց
գումարը
տար
միջին
զգայնութիւնը
մեր
ժողովուրդին,
որ
հոս
ո՛չ
գրական
տարազ
է,
ո՛չ
ալ
կախարդական
օրակարգ,
այլ
հայ
ժողովուրդն
է,
իր
արժէքներուն
ու
մեղքերուն,
առաքինութեանց
ու
տկարութեանց
հանդէսովը։
Ձեր
հաշւոյն
ես
չունիմ
ժամանակ
այս
փորձը
գործադրելու
հոս,
քանի
որ,
ըսի
անգամ
մը,
հատոր
մը
տուած
եմ
այս
ամէնը
բացատրող
(«
Արեւմտահայ
բանաստեղծութիւնը
եւ
Վահան
Թէքէեան
»)։
Յետոյ,
տասը
տարի
առաջ,
Սփիւռքը
այսօրուան
ցրտացումը,
տարտղնումը,
ուծացումը
չէր
պարզեր։
Տասը
տարի
առաջ
վերի
որակումներէն
արտահանելի
ծորումները
աւելի
մօտ,
հաշտ
էին
սերունդի
մը
զգացական,
քերթողական
աշխարհներուն։
Հետաքրքրական
չէ
միայն
յիշեցնել
որ
1900–ին
«
Ցոլքեր
»ը
քերթողական
դիւան
մը
չէր,
այլեւ
միջին
ճաշակ
մը,
հասարակաց
զգայնութիւն
մը,
ամենէն
յարգուած,
սիրելի
մեղք
մը։
1944–ին
«
Հայերգութի՞ւն
»ը։
—
Սփիւռքի
վերեւ
անարձագանգ,
անկշիռ
վկայութիւն
մը
։
Ըսի,
թէ
հեքիաթը
ազատագրում
մըն
է։
/469/
Կան,
որ
անով
կ՚ապրին։
Ուրիշներ
գիտեն,
թէ
ի՛նչ
կը
նշանակէ
իրականութենէն
սա
պարտադրեալ
հեռացումը
—
հեքիաթը
իր
խորագոյն
իմաստին
մէջ
ուրիշ
բան
չէ
ինքնին
—
ու
չեն
միամիտ
իրենք
զիրենք
պատրելու։
Վահան
Թէքէեան
հեքիաթի
ասպետ
մըն
ալ
չէ
տակաւին,
քանի
որ
արժէքին
հետ
զոյգ
կը
քալէ
իր
հերքումը։
Ես
չեմ
բացատրեր
ասիկա,
պատրաստ
բանաձեւներ
օգտագործելով։
Իրաւ
բանաստեղծի
ճակատագրի՛ն
մէկ
մասն
է
երբեմն
սա
տարօրինակութիւնն
ալ։
Սփիւռքը
երբեմն
կիրքով,
բրտութեամբ,
երբեմն
ալ
անորակելի
անտարբերութեամբ
մը
հաշուեյարդարի
է
ենթարկած
արեւմտահայ
գրականութիւնը,
որ
այս
տողին
վրայ
ոգի
է,
նուաճում,
սեւեռում,
առնուազն
դարու
մը
ապրումներուն
համահանդէսը
։
Սփի՛ւռքը,
որ
կը
յաւակնի
նորոգել
մեր
զգայնութիւնը
ու
թանգարան
կը
ղրկէ
մեր
մեծագոյն
գրողներու
ժառանգութիւնները,
զանոնք
ապայժմէ,
հեռու
ապրումներու
արդիւնք
յայտարարելով։
Սփիւռքը,
որ
գրական
գործ
մը
սրտագին
ու
հպարտութեամբ
կը
փոխանակէ
սինեմայի
մը
կամ
դասախօսութեան
մը
հետ,
երբ
այս
վերջիններէն
կը
գտնէ
իր
աժան
ակնկալութիւնները։
«
Հայերգութիւն
»ը
լուսապսակ
մըն
է։
Բայց
անոր
հեղինակը
հեռո՛ւ՝
խաղաղ,
լուսապսակ
հանգիստէն,
որուն
իրաւունքը
մենք
չենք
սակարկեր
մեր
ուսուցիչներուն,
եկեղեցականներուն,
մենք՝
մասնագէտներ
սակայն
մեռելներ
պատուելու,
ինչպէս,
նոյն
ատեն
ողջ–մեռելներ
ապրեցնելու։
Զանգուածէն
երբ
կը
դառնանք
ընտրեալներու
խումբին,
բան
մը
կը
գտնե՞նք
փոխուած։
Ուրիշ
խօսքով՝
—
Կա՞յ
Վահան
Թէքէեանի
բանաստեղծական
արդիւնքին
մէջ
մեր
օրերու
տղոց
խօսող
հոգեղէն
իրականութիւն
մը։
Ի՞նչ
կը
գտնեն
անկէ
ստորագրուած
դիւաններէն
ներսը,
որ
իրենց
առօրեան,
աւուր
վայելքները,
փառասիրանքը
զանցէին
ու
զիրենք
ընէին
քիչ
մը
ընդունակ
իրենց
ցեղին
ամբողջական
ապրումին,
գէթ
ասոր
աղօտ
թելադրանքներուն
իջնելու։
—
Իմ
կարծիքով,
քիչ
բան:
Ու
ահա
ամփոփ
լուսաբանութիւններ,
ինչպէս
կ՚ըսեն։
—
Գրեթէ
ապահով
եմ,
որ
այդ
գործին
ներքին
միջուկը,
հին
բառով
մը
կորիզը,
որ
կազմուած
է
խորագոյն
հեռուներէ
հասնող
տարրերով
ու
այն
ամենով,
զոր
այս
ժողովուրդը
ապրեցաւ
իր
հողերուն
վրայ,
իր
հողերէն
դուրս,
կէս
դարէ
աւելի
երկար
տեւողութեան
մը
վրայ,
մինչեւ
Առաջին
Մեծ
Պատերազմը
ու
Երկրորդ
Մեծ
Պատերազմը,
կը
խուսափի
ամբողջութեամբ
այդ
տղոց
ընկալչութենէն։
Ասիկա
աժան
ընդհանրացում
մի՛
կարծէք։
Փարիզէն
կու
գան
/470/
գրեթէ
«
Մակընթացութիւն
»ը
եւ
«
Հրաշալի
յարութիւն»
ը
(այս
մերձեցումը
ո՛չ
պատիւ
է,
ո՛չ
ալ
սրբապղծութիւն։
Իմ
սերունդը
ի
վիճակի
չէ
խունկ
ընդունելու,
ինչպէս
պարսաւ
արժեւորելու։
Իրողութիւնը
այն
է,
որ
երկու
դիւաններուն
ալ
միջուկը
աճած
է
այլ
օտար
հոգեխառնութեան
խորը։
Առէ՛ք
առաջինէն
որեւէ
քերթուած
ու
փնտռեցէ՛ք
ինչ
որ
երկրորդին
մէջ
աշխարհ
մը
կ՚ըլլայ։
Բանաստեղծութիւնը
հազիւ
թէ
աղերս
մը
ունի
գրական
տաղանդ
որակուած
փաստին
հետ,
որ
զարգացում
է,
փորձառութիւն,
աշխատանք,
հաւատք։
Բանաստեղծութիւն
մը
հոգի,
այսինքն
հոգեղէն
դրութիւն
է
ամէն
բանէ
առաջ
ու
երկրորդաբար
թեքնիք,
բառ,
ճաշակ,
առօրեայ,
ինչպէս
հակառակը
կը
կարծեն
այդ
տղաքը,
առանց
խորհելու,
որ
այդ
վերջինները
անպայման
նուաճելի
արժանիքներ
են։
Ո՞վ
ունեցաւ
այս
ամէնուն
տիրական
փաստը
քան
Սիպիլը։
Ձեզ
կը
ղրկեմ,
որպէսզի
կարդաք
«
Հայ
լեզուին
»
քերթուածը,
գրուած
նոյն
այդ
տիկինէն
խանդի
ու
հաւատքի
ամենէն
բուռն
օրերուն,
համոզուելու
համար,
որ
բառերով
մեղքեր
միայն
կը
գտնենք),
բայց
որքան
հեռու,
իրարու
դէմ
հակադրեալ
վկայութիւններ
կը
թուին։
Տաղանդը
դեր
մը
չունի
այդ
տարբերութեան
մէջ։
«
Մակընթացութիւն
»ին
երիտասարդ
քերթողը
ցամաք,
անհռետոր
ըլլալու
գիտութեան
մը
մէջ
հաւասար
կու
գայ
«
Հրաշալի
յարութիւն
»ին
իր
օրերուն
երիտասարդ
քերթողին։
Զանազանութիւնը
ծնունդ
է
հոգեղէն
բարեխառնութեան։
Դարձեալ,
Սփիւռքի
տղան
խուլ
յափրանքով
մը
ուս
կը
թօթուէ
զգաստ,
ջերմ,
ներքին
այն
candeur-ին,
որ
Թէքէեանի
աշխարհին
հոգին
էր
կազմեր։
Այսօրուան
տղուն
համար
պուտ
մը
ապրում
բաւ
է
էջ
մը
ոտանաւոր
բեղմնաւորելու։
Ասիկա
իր
միամիտ
կարծիքն
է։
Քառորդ
դար
առաջ
Վահան
Թէքէեան
քաղաք
մը
օտարութիւն
կը
խտացնէր
հնչեակի
մը
ներսը։
Յետո՜յ։
Արուեստագէտ
սերունդին
մօտ
բանաստեղծութիւնը
—
այսինքն
զայն
գրելը
—
պարտադրանք
էր։
Չէին
կրնար
չգրուիլ
Սիամանթոյի,
Վարուժանի,
Թէքէեանի
դիւանները,
որոնց
բաղադրիչ
զգայնութիւնները
կամարէ
կամար
կը
բարձրանային
հայ
ժողովուրդի
հոգեդաշտին
վրան։
Բայց
փոխադրեցէք
հարցը
—
այսինքն
ապրումին
խորութիւնը,
անկեղծութիւնը,
հոգեկան
candeur-ը
եւ
իմացական
պարկեշտութիւնը,
տառապանքին
ուժգնութիւնը
—
մեր
օրերու
ամենէն
յաջողակ
տաղարաններէն
ներս։
Այն
ատեն
միայն
ձեզի
համար
կ՚ըլլայ
պարզ,
թէ
ինչո՛ւ
բանաստեղծական
մեր
տագնապը
աժան
տարազ
մը
չէ։
Ու
աւելի՜ն։
Ստիպուած
եմ
յայտարարել,
որ
այդ
տագնապանքը
այս
սերունդին
համար
դեռ
չէ
իջած
իրենց
ո՛չ
միայն
հոգետունին,
այլեւ
աշխատանքի
սեղաններուն։
Մի՛
կարծէք,
թէ
/471/
պարզ
բաներ
կը
մեծցնեմ։
Մենք
կը
պոռայինք,
կը
հայհոյէինք,
կ՚ուրանայինք,
իրար
կը
բզկտէինք,
ո՛չ
թէ
դիւրին,
ապսպրուած,
առնուազն
արդիւնաւոր
խաղեր
դերելու
համար,
այլ
խորունկ
հարուածներուն
տակը
մեզ
սարսող
եղեռնին։
Թուրքը
չկայ
այսօր
իր
դահիճի
կացինովը
մեր
գլխուն,
բայց
կայ
անկէ
աւելի
անգութը։
Ատիկա
ուրուականն
է
մահուան՝
հաճոյքի,
վայելքի,
հեշտանքի
ձեւերուն
տակ։
Ու
ասիկա
կը
զգանք
ամէնքս։
Եղբայրը
եղբօր
դէմ,
ո՛չ
թէ
այդ
թշնամին
ատելու,
կամ
առնուազն
չէզոքացնելու,
այլ՝
հայրենիքի
գաղափարին
վրայ
հասկացողութեան
տարբերութիւններ
դիւցազներգելու։
Ու
տխուր,
տխուր,
երիցս
տխուր
է
ասիկա։
Ասիկա
երիտասարդութեան
բնական
կիրքը
չէ
իր
կեանքին
տեղին
համար։
Իրաւ
բանաստե՞ղծ
մը
այդ
Սփիւռքէն։
—
Վերապա՛հ
եմ,
քանի
որ
անբանաստեղծութիւնը
ո՛չ
մէկ
շրջանի
այսքան
ծանր
ճնշած
է
մեր
հոգիները։
Չեմ
մեղադրեր
Սփիւռքի
սերունդը
հոգիի
մը
պակասով։
Լաւ
հասկցէք
զիս։
Կը
մեղադրեմ
իր
կամաւոր
շփոթութիւնը
ընդմէջ
իրաւ
ու
չիրաւ
բանաստեղծութեան։
—
Ուրի՞շ։
—
Թերեւս
քանի
մը
մասնաւոր
զգայութիւններ
ալ,
գրելու
արարքին
պատկանող։
Քառորդ
դար
կայ
որ
կը
տեսնեմ
Սփիւռքի
դիւանները։
Քանի
մը
տարին
հեղ
մը,
ինծի
կը
պատահի
կանգ
առնել
գրքոյկներու
առջեւ:
Ասոնք,
ընդհանրապէս
անծանօթ,
կամ
հազիւ՝
ծանօթ
անուններու
մեղքերով
պսակաւոր,
երբեմն
դառնութիւն,
երբեմն
զայրոյթ,
երբեմն
ալ
երազանք
կը
պատճառեն
ինծի։
Կան
որ
չոր
են,
մերկ,
առանց
զեղումի
ու
առանց
բառական
շնորհներու,
բուսած
առջի
ուժովը
առջի
ինքնութեան։
Ուրիշներ
ծանրաբեռն
հնոտի
ծուէններովը
Վարուժանի
ժառանգութեան։
Կան
անուշները,
մեղմերը,
բիրտերը,
հեստերը։
Այս
խայտաճամուկ
նուագներուն
մէջ,
իմ
նախասիրութիւնը
կ՚երթայ
առաւելապէս
անոնց,
որոնք
ցամաք
ըլլալը
սիրած
են։
Խակ
են
յաճախ
ասոնք,
զուրկ
արուեստին
ջնարակէն,
բայց
ունին
համը
այն
անորակելի
ծորումներուն
—
արուեստը
մէկն
է
անոնցմէ
—
որոնք
մեզի
կ՚ընծայեն
մտատեսիլ
ծծումը,
իւրացումը
մեր
ժողովուրդի
խորհուրդին,
պարզ
տարազ,
անյաւակնոտ
բայց
իրաւ,
որ
երբ
գործածուի
հայոց
պատմութեան,
կը
քաղցրացնէ,
կը
մելամաղձէ,
կը
վառէ
անոր
էջերը։
Համակրելի,
պատրանաւոր,
երբեք
յուսակորոյս
ու
երբեք
իմաստուն
իմ
ժողովո՛ւրդը։
Ան
միայն
լուսին
ներ
ու
սոխակ
ներ
չէ
հալածած
իր
բանաստեղծներուն
բերնովը,
այլեւ
գրած
/472/
է
այս
իսկ
քերթուածները,
իր
պարզ
մարդոց
աւելի
պարզ
արուեստովը։
Ի՜նչ
անշահ
երգասաց
մըն
է
Թլկատինցին,
երբ
բաղդատուի
համադաշնակ
Սիպիլին,
բայց
որքա՞ն
իրաւ
են
իրմէ
մեզի
հասած
կտորբրդուճ
ոտանաւորները։
Նմանապէս։
Սփիւռքը
ունի
արձակներ,
որոնք
հատորով
քերթուածներ
կ՚արժեն։
Սփիւռքը
ունի
քերթուածներ,
որոնք
կրնային
արձակ
ալ
գրուիլ։
Այս
պարագան
բան
պիտի
չփոխէր
անոնց
ներքին
տարողութենէն։
Ես
ինծի,
քիչիկ
մը
մտամոլոր,
բարեացակամ,
հանգչած՝
կը
տարրալուծեմ
զանոնք
ու
կը
կարծեմ
գտնել
անոնցմէ
արտահոսող
քաղցրութիւններ,
կսկիծներ,
վայելչութիւններ,
սրբազան
ու
մեղայատուկ,
քիչ
ու
մասնաւոր,
որոնցմէ
ծուէններ
կը
մնան
բիւրեղակերպ
պահուած,
արեւմտահայ
գրական
երեք
սերունդներու
վաստակին
մէջ։
Գորովանքէ
անդին
յուզում
մը
կը
համակէ
զիս,
որ
զիս
կ՚ընէ
ներող,
լայն,
այդ
գրականութեան
մէջ
այնքան
իրական
մեղքերուն
դիմաց։
Այս
զգայութիւնները
անշուշտ
ենթակայ
են
Սփիւռքի
հոգեխառնութեան,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
են
անբաւարար,
անաւարտ
բաներու
հանդէպ
տրտմութենէ
մը
խառնուած։
Ի՜նչ
փոյթ։
Գոհ
եմ,
որ
իրենցմով
ես
կը
գտնեմ
շղթան
իմ
ժողովուրդի
հոգիին։
Եթէ
մէկը
ինծի
կը
թելադրէ
Պէշիկթաշլեանի
ու
Դուրեանի
անուշութիւնն
ու
տաքութիւնը,
որոնցմէ
յաջող
քերթուածներ
անմար
մորենիներու
նման
բռնկած
գրուեցան,
ապրեցան
մօտ
դար
մը
առաջ,
գէթ
իրենց
ստեղծիչներուն
հարազատ
այրուցքովը,
մուխովը,
արիւնովը,
այլեւս
երազի
վերածուած
կայքերու
երեսին,
ուր
գոյնն
ու
ձեւը,
արիւնն
ու
մահը,
գեղեցկութիւնն
ու
գազանութիւնը
քով
քովի,
ժողովուրդը
պիտի
ըսէր՝
ճիտ
ճիտի
եղան,
հերքելու
աստիճան
ահաւոր
եղեռնը,
որ
դարձեալ
այդ
ափունքներէն
ծլարձակ
տարածուեցաւ
դէպի
սիրտը
մեր
հայրենիքին։
Կրցա՞նք
տեսնել
այս
տողերուն
ետին
Պոլի՛սը,
ոչ
միայն
թրքութեան
ու
անասնութեան
արձակարան,
այլեւ
հրաշահիւս
կայան,
ուր
հեւքն
ու
սարսուռը,
թովքն
ու
հիւծումը,
լուսինն
ու
աղջիկները
այնքան
իրաւ
կրակներու
հանդէսներ
էին
մեր
ընկալչութեան
ընծայուած…։
Ո՛վ
որ
աննախապաշար
միտքով
մը
կը
դատէ
մեր
բանաստեղծութեան
մեծ
տկարութիւնները
—
արեւելահայ
դատաստանով
բռնազբօս
ու
կեղծ
—
պիտի
անդրադառնայ
անոր
հանդէպ
գործադրուած
սա
չհասկցող
որքան
անիրաւ
վճիռին։
Սփիւռքը
այդ
Պոլիսէն
չունի
լայն
թելադրանքներ։
Բայց
կարգ
մը
տղոց
անուշութիւնն
ու
տրտմութիւնը
ո՛չ
Պէյրութէն,
ո՛չ
Փարիզէն,
ո՛չ
ալ
Գահիրէէն
կու
գայ։
Յետոյ։
Կը
կարդամ
քերթուածներ,
ուր
Մեծարենցը
կը
մնայ
տիրական։
Ու
կը
ջանամ
հասկնալ։
Ձեւի,
գոյնի,
դաշնութեան
կիրք
մը,
օրինակ
Ժ.
Յա/473/կոբեան
անունով
իսկ
քերթողին
մօտ,
Մեծարենցէն
վեր
յաճախանք
մըն
է
թերեւս,
որպէսզի
խուժ,
անծալ,
անդաշն
Եգիպտոսէն
մեզի
գայ
այդ
վկայութիւնը,
զիս
մղելով
անգամ
մըն
ալ
արժեւորելու
դերը,
զոր
սրտառուչ
այդ
տղան
ունեցաւ
արեւմտահայ
ոտանաւորին
օրկանիք
կազմին,
ինչպէս
հոգեղէն
արեւելումին
մէջ,
երբ
ներսէն
սպառած
ու
շպարով
ինքզինք
պատրող
1900–ի
մեր
բանաստեղծութեան
բերաւ
բարիքը
լայն,
դաշն,
խոր,
նրբութեան
մէջ
իսկ
պարզ
ու
գրաւիչ
կշռոյթին,
ու
լեցուն,
շաղոտ,
թարմ,
երիտասարդ
խորքին,
ձեւի,
փայլի,
զարդի
հանդէս
մեր
հին
դիւրազգածութիւնը,
հաճութիւնը,
ախորժանքը
կերպարանելով
իր
սխրալի
տաղերուն
մէջ,
մեր
տաճարներուն
փափուկ,
զուսպ,
առողջ
élégance–ը,
հայ
բնանկարին
նախշուն,
տաք,
«ոսկեման»
—
իրն
է
բառը
կտաւը
ընդմիշտ
սեւեռող։
Ժագ
Յակոբեանը
պատճառ
է
ինծի,
որպէսզի
մտածեմ
այդ
ամէնուն,
նոյնիսկ
նեղուած,
նոյնիսկ
տառապելով։
Ու
մոռնալու
չէք,
որ
Մեծարենցն
ալ
սկսած
է
Վահան
Թէքէեանի
հետ։
Այսինքն՝
հաղորդ
է
այն
քիչին,
մասնաւորին,
որոնք
կէս
դարու
երկայնքի
մը
վրայ
ծաղկեցան,
հասունցան
ու
հիմա
կը
պատկանին
ցեղային
նկարագիրներու
պսակին,
դժուար,
խիստ
պայմաններու
մէջ,
«
Հրաշալի
յարութիւն
»ին
հեղինակին
համար,
բայց
«
Նոր
տաղեր
»
դիւանին
ներսը
մատաղ
ու
արագ
գտան
ու
աւարտեցին
իրենց
զաղփաղփուն
շէնքերը։
Տեղ
մը
ըսեր
եմ,
որ
այս
ժողովուրդը
«
Խենթն
էր
ձեւին
»։
Դուք
զայն
մի՛
նոյնացնէք
հիմկու
պոռոտ
հարստութեանց
չտես
փառքերուն։
Կ՚անցնիմ։
Անմոռանալի
քերթուածներ
կան
մեզի
ժառանգ
այդ
տղէն։
Ու
«
Առագաստներ
»
դիւանին
ետեւէն
ես
կը
բանամ
«
Հեթանոս
երգեր
»ը՝
տպուած
նոյն
տարին,
«
Հրաշալի
յարութիւն
»ին
հետ։
Կսկիծով,
հպարտութեամբ,
սխրանքով
կ՚ապրիմ
այդ
տաղարանը,
մտքով
իրարու
կարկտելով
իր
սրբազան
ոսկորները,
որոնք
թերեւս
հողի
երեսին
իբրեւ
մասունք
երգ
ու
լոյս
ծորեցին,
դաշնակութիւն
եւ
անուշութիւն
բուսան։
Դուք,
Սփիւռքի
քերթողներ,
հազիւ
կը
մտածէք,
թէ
ի՛նչ
շքեղ
յաղթանակ
մըն
է
այդ
երգը,
ու
ի՛նչ
վկայութիւն՝
մեր
շնորհներէն։
Մանաւանդ
ի՞նչ
հարուստ
քաղցրութիւն,
բանաստեղծին
չափ
այն
ներքին
աշխարհը,
ուրկէ
պոռթկաց
այդ
գողտր
կաթողիկէն,
երբ
ամեն
ինչ
այդ
տղուն
զգայարանքներուն
մատաղ
կազմաւորման
շրջանին
արիւն
էր
ու
մոխիր,
կոտորած
ու,
անասելի
անասնութիւն…։
Վարուժան
ահա
այդ
արիւնէն
ծաղիկ
ու
գինովութիւն,
այդ
մոխրակոյտէն
ապարանք
ու
հպարտութիւն
կը
ստեղծէր,
ինչպէս
կ՚ընէին
հայոց
լեռները,
քարերէն
ու
աւերածէն
հեզութիւն
ու
իմաստութիւն,
բարին
ու
գեղեցկութիւն
բխելով։
Ու
բացէ՛ք
/474/
«
Հրաշալի
յարութիւն
»ը,
գտնելու
համար
անկէ
ներս
ամբաւ
հրայրքին,
հրապոյրին,
համին
հետ
միւս
դժնդակ
զգայութիւնն
ալ,
որ
մեզ
կ՚ընէ
անհասկնալի,
նոյնիսկ
մեզի,
մեր
օրերէն
մեզ
տարագրելով,
աւելի
ճիշդ
բառով
մը՝
ազատագրելով,
տանելու
համար
ետ,
վար,
դէպի
դարերը,
որոնց
քուրային
մենք
նետեցինք
տառապանք
ու
երազ,
կսկիծ
ու
հաւատք,
կարճ
բառով
մը՝
մեր
հոգին,
այսօր
իր
աղուամազը
(ի՛նչ
գէշ
են
երբեմն
մեր
նմանութիւնները,
բայց
որքա՛ն
ալ
անհրաժեշտ)
կորսնցուցած,
իր
թարմութեան
մէջ
զարնուած,
բայց
նման՝
կեանքի
ընդունակ
բոլոր
կիզուածներուն,
ինք
իր
մէջ
ծրարուած,
սպասելով
գարնան
արեւուն…:
Արեւմտահայ
քերթողութեան
առաջին
սերունդը
մեր
այդ
հոգին,
այդ
փառքերը,
այն
ատեն
պատմութիւն
կոչուող,
այսօր
մշակոյթ
պիտակին
ապաստանած
ինքնութիւնը
փոշիէն
ու
աղբիւսէն,
հեգնութենէն
ու
տարակոյսէն
մաքրագործելու
արարքին
մէջ,
թերեւս
անցաւ
աւելի
անդին
քան
մեր
հարազատ
իրականութիւնը,
չարափոխելու
չափ
բարիքը,
որուն
գործաւորներն
էին
այդ
արի,
հաւատաւոր
մարդերը,
բայց
կ՚արդարացնեն
իրենց
զանցումին
մէջ,
երբ
տեսնեք
անոնց
նայուածքը,
որ
կ՚իյնար
թուրքով,
ներքին
յիմարութեամբ,
անկարելի
կիրքերով,
անլուր
ատելութիւններու
ամօթակուռ
իրենց
շրջապատին։
Ներեցէք
իրենց
այդ
միամտութիւնը,
այդ
ռոմանթիզմը,
ու
եղէ՛ք
համեստ,
նոյնիսկ
վերստին
ուզելու
համար
այս
ամէնը
կերպարանքին
դիմաց,
որ
մտքէն
չանցըներ
նոյնիսկ
ինքզինք
ազատագրել
ո՛չ
թէ
ճակատագրէն
—
ըսի
անգամ
մը,
թէ
թուրքը
չկայ
այլեւս
եւ
այլ
պայծառ,
վարդապսակ
միւս
դժոխքէն,
որուն
անունն
է
Սփիւռքի
ապազգայնութիւն։
Մեր
երկրորդ
սերունդը
ջանաց
մեր
ցաւը,
մեր
իրականութիւնը
պատուաստել
մեր
ոտանաւորին։
Դուք
մի՛
ընդհանրացնէք
Սիպիլի
փաստը։
Այս
կնիկէն
ստորագրուած
նազենի
ու
թեթեւ
տողերուն
արդարացումը
կարելի
է
փորձել
ու
մնալ
մեր
գրականութեան
ձայնին,
տեմպ
ին
մէջը
դարձեալ։
Ուզենք
չուզենք,
ստիպուած
ենք
մեր
ժողովուրդէն
չորս
դար
դնել
Պոլիսի
ողջակէզի
սեղանին։
Ես
կ՚ակնարկեմ
միւսներուն,
խակ,
անամբողջ,
գրեթէ
հասարակ
ապրումին
հաւասար
քերթուածներուն,
որոնց
ներսը
մեր
իրապաշտները
յաւակնեցան
իբրեւ
պատուաստ
զետեղել
այդ
ցաւը,
մեր
կեանքին
այնքան
մթնած,
այնքան
դժնդակ,
կործանաւոր
կերպարանքները։
Անյաջող
ոտանաւոր
մըն
է
անշուշտ,
այդ
դպրոցէն,
օրինակի
մը
համար,
«
Մրտոյի
թոռը
»,
բայց
որքա՛ն
իրաւ,
որքա՛ն
սրտայոյզ
իբրեւ
ապրում
ու
ճակտի
գիր,
իբրեւ
փաստաթուղթ
ու
/475/
վկայութիւն,
դնելու
չափ
իբրեւ
ստեղծում
ու
բիւրեղացում
իր
անբաւարարութիւնը։
Երկու
սերունդն
ալ
կը
հաւատար
իր
ըրածին
։
Պահեցէ՛ք
միտքերնիդ
այս
հաւաստումը,
պէտք
պիտի
ունենաք
անոր,
երբ
ուզէք
հասկնալ
ժխտական
իմ
կեցուածքը
տաղանդներու
իսկ
տուածին
առջեւ։
Ու
կը
յանձնեմ
ձեր
արագ
ուշադրութեան,
չըսելու
համար
սխրագին
հիացումին,
շքեղ
փաղանգը
մեր
երրորդ
սերունդին,
որ
իր
կարգին
իջաւ
կրկէս,
մեր
ցաւերը,
ստոր
տրտմութիւնները,
ստրկութեան
բարդոյթները
սրբագրելու
ջանադիր
եւ
գլխուն
գինովը
գործեց,
գրեց,
երգեց,
այդ
ամէնը
ոսկեհիւս
վարագոյրին
մէջ
փաթթելով
արուեստին,
որ
հոս
կը
նշանակէ
գերազանց
հպարտութիւնը
ոեւէ
ժողովուրդի։
Որուն
կը
դիմեն
ազգերը
բախտորոշ
շրջաններու,
ինչպէս,
ըստ
Ֆրիտրիխ
Նիցչէի,
ըրեր
էին
Քրիստոսէ
հինգ
դար
առաջ,
իրենց
տրտմութիւնները,
փոքրոգութիւնները,
հոգեկան
ստորանկումները
գնել
փորձող
հելլէնները։
Ու
առանց
իմաստասէր
ըլլալու,
մեր
սերունդը
գիտէր,
թէ
առանց
այդ
հպարտանքին,
չըսելու
համար
այդ
վսեմին,
ժողովուրդ
մը
դժուար
կ՚ապրի։
1945–ին
զգաստ,
խորունկ,
իրաւ
տղաք
են
անշուշտ
անոնք,
որ
իրենց
ժողովուրդի
խորհուրդին
անգամ
մը
խելամուտ,
երբեմն
տողերով,
երբեմն
տաղերով
ինծի
կ՚ըլլան
թելադիր
սա
կարգէ
մտածողութեանց։
Այս
փորձին
նիւթը
Սփիւռքի
մէջ
հետազօտումն
էր
իրաւ
բանաստեղծութեան
յղացքին
ու
զայն
դեռ
անմեռ
իր
մէջ
խորհրդանիշ
պատող
բանաստեղծի
մը
ազդեցութեան։
Գտայ,
որ
այդ
իրաւ
բանաստեղծութիւնը
ինքզինք
կերպադրեր
էր
առաջին
գիծի
մեր
քերթողներուն
փաղանգովը։
Դարը,
որ
կը
սկսի,
այսինքն
մեր
Սփիւռքը,
խնայուեցաւ
անոնց,
բացի
Թէքէեանէն,
որ
հաղորդ
է
իրեն
տաղանդակից
քերթողներուն
բոլոր
ապրումներուն
ու
նոյն
ատեն
քաւարանեան
նոր
հոգեխառնութեան։
Այս
ամէնը,
այդ
Սփիւռքը
երբեմն
աղօտակի,
երբեմն
յստակ,
թերեւս
կ՚ընդզգայ,
կ՚ապրի,
ու
իր
խորութեան,
լրջութեան
սուղ
պահերուն
կը
վերածէ
արուեստի։
Կ՚ընեմ
այս
զիջումը,
որ
թերեւս
կը
զարմացնէ
ամենէն
առաջ
քերթողները։
Բայց
կ՚ընեմ
խորունկ
տագնապներէ,
տարակոյսէ
այցուած։
Գրականութիւն
մը
կազմակերպուած
ճիգ
է,
իրաւ
ընկերութիւն,
արի
հաւատք,
ու
դրական
գնացք։
Կը
տեսնէ՞ք
այս
ամէնը
ցիրուցան,
հերետիկոս,
իրար
հերքող
այն
հոգեբանութեան
մէջ,
որ
Սփիւռքը
կը
յատկանշէ։
Կ՚անցնիմ։
Ուրի՞շ։
Այսինքն
կա՞ն
բաներ,
որոնք
Սփիւռքը
ըլլայ
անընդունակ
զգալու,
ո՛չ
հոգեկան
անընկալչութեամբ
մը,
այլ
բնախօսական,
հոգեբանական
այլուրութեամբ
մը,
զգացական
աշխարհի
հիմնական
օտարութեամբ
մը՝
իրմէ։
/476/
—
Կը
խորհիմ,
թէ
կան։
Ասոնք
տիրապէս
վերլուծել,
արտահանել,
պիտի
նշանակէր
վերակազմել
ո՛չ
միայն
լման
դար
մը
կեանք,
այլեւ
մարդկային
ծանրագոյն
տագնապներէն
մէկ
քանին,
այսինքն
այն
մինչեւ
հիմա
տարազի
չինկած
կիսազգայութիւնները,
որոնք
գործէ
մը,
մարդէ
մը
կ՚անցնին
պատմութեան:
Փեթրարք
մը,
Ռոնսար
մը,
Շէլլի
մը
միայն
քերթողներ
չեն,
այլեւ
մարդկային
ծանրածանր
խորհուրդներու
կնքեալ
գերեզմաններ։
Փորձի
մը
սահմանը
զիս
կ՚արգիլէ
այդ
տարածումը
գործադրելէ։
Կը
գտնէք
զայն
Վահան
Թէքէեանին
նուիրուած
առանձին
հատորին
մէջ,
Ուրեմն։
Այսօրուան
քերթողը
—
միշտ
տաղանդաւորը
—
չի
կրնար,
իր
ճիշդ
տարողութեան,
իմաստին
ու
փաստին
մէջ
իրը
ընել.
ա)
—
Այն
հոգեվիճակը,
որ
կանխող
դարու
վախճաններուն
եղած
է
ո՛չ
միայն
մեր
գրողներունը,
այլեւ
համայն
մեր
ժողովուրդինը,
ասոր
բարձրագոյն
խաւերէն
մինչեւ
խոնարհագոյն
կարգերը
—
մտաւորական,
արհեստաւոր,
առեւտրական
ու
բեռնակիր։
Մեր
գրականութեան
ամենէն
ընթացիկ
բառերէն
մէկն
է
ճակատագիրը,
ու
ապահովաբար
կու
գայ
խորունկ
համադրումների,
մեր
պատմութեան
ընդերքին
ներսը
դարբնուած…։
Մարդ
տարօրէն
կը
տրտմի,
չըսելու
համար
կ՚ապշի,
պատկերին
դիմաց
երիտասարդութեան
մը,
որ
փոխանակ
ատելու,
ամէն
րոպէ
մտքին
վերեւ
առկախ
զգալու
իր
միակ
ու
յաւիտենական
թշնամին
—
դուք
ամէնքդ
ալ
գիտէք
անունը
անոր
—
ինքզինք
կը
պատռտէ
իր
համարիւն
եղբայրը
աւելի
խորունկ,
աւելի
շքեղ
ատելու
համար։
Դարձուցէ՛ք
Սփիւռքի
հերձուածներուն
ձեր
նայուածքը
ու
ըսէ՛ք,
թէ
ինչո՞ւ
իրար
կը
բզկտեն
սա
տղաքը։
Ու
փոխադրեցէ՛ք
սա
տմարդութիւնը,
անմարդկայնութիւնը
գրական
ալ
մարզին
վրայ,
հոն
ա՛լ
աւելի
տրտում
հաղորդումը
ընելու
համար
մեծատարած
կեղծիքին։
Հայաստանեան
զգայնութիւնը,
հայրենասիրութիւնը
երբ
կարգ
մը
շրջանակներ
մենաշնորհի
կը
վերածեն
իրենց
տկլոր
ճամբաներուն
գահաւորակ
կամ
թեւեր
ճարելու
փառասիրութեամբ,
ու
գրականութիւն
կը
պաշտպանեն,
կը
հաւատան
պաշտպանած
ըլլալ,
կործանելով
զիրենք
կանխողներուն
նուաճումները,
իրագործումները,
տուած
կ՚ըլլան
ո՛չ
միայն
անսրտութեան,
այլեւ
պատկերը
իմացական
տնանկութեան։
1900–ին
Վահան
Թէքէեան,
«
Հայաստանին
»
քերթուածով
մը
կերպարանք
կու
տար
համահայութիւնը
յուզող
հզօրագոյն
տագնապին։
—
Իրա՛ւ,
պա՛րզ,
ինչպէս
/477/
ամէն
հայու
սրտին
խորը,
նոյնպէս
ամէն
հայու
գրիչին
տակ,
երբ
բախտը
ըրած
էր
այդ
գրիչը
ընդունակ
այդ
ապրումը
գոյնով,
կարկառով
սեւեռելու։
Կարդացէ՛ք
մեր
հայրենիքին
նոր
երգերը,
որոնց
յատակ
կը
կազմեն
պայքարող
ու
սրտոտ
զգայնութիւն,
ջերմութիւն
ու
կիրք,
անմիջական
ու
արագ,
դիւրահաղորդ
որքան
դիւրին։
Չեմ
կարծեր,
որ
այդ
տղոց
ներսը
գրական
հռետորութիւն
մը,
հիւանդութիւն
մը
ըլլան
թելադիրը
սա
բխումներուն։
Այդ
տղաքը,
իրենց
բառովը
կ՚ապրին
իրենց
տեմպը,
իրենց
օրը,
որ
մեզի,
Սփիւռքի
փարիա
ներուն
համար
կա՛մ
հեռանիստ,
կապոյտ
հեքիաթ
մըն
է,
կա՛մ
ծանր
կեղծիք
մը,
այնքան
քիչ
է
մեր
գիտցածը
այդ
ամէնէն։
Ըսել
կ՚ուզեմ,
այնքան
այդ
երգերը
իրար
կ՚ընդօրինակեն,
իրարու
առաքումներէ
կը
ձեւանան։
Կը
հաւատամ,
թէ
հեռու
չէ
ժամանակը,
երբ
այդ
ամբողջ
աղմուկ,
խանդ
ու
հասարակ
խօսք
տաղաչափութիւնը
կը
դառնայ
իր
արժանաւոր
կշիռին,
ինչպէս
կատարուած
է
այս
սրբագրումը
արեւելահայ
ու
արեւմտահայ
ռոմանթիք,
հայրենավառ
երգասացութեան
համար,
աւելի
պայծառ
ցայտեցնելով
անմահ
գեղեցկութիւնը
Տէրեաններու,
Վարուժաններու,
Թէքէեաններու
նոյներակ
բխումներուն։
Կը
հասկցուի՞մ
արդեօք,
իմ
բովանդակ
տագնապիս
մէջ,
երբ
կը
մերժեմ
շնորհ,
գեղեցկութիւն,
իրաւ
բանաստեղծութիւն,
յետհոկտեմբերեան
հայերգութեան՝
Հայաստանի
ինչպէս
Սփիւռքի
մէջ։
Ու
ինչպէս
իրաւ
էր
խորքը
այդ
զգացումին,
մեր
ժողովուրդին
բոլոր
կարգերուն
համար,
բայց
զայն
արտայայտող
քերթողութիւնը՝
խղդուա՛ծ
բառերու
տարափով,
Ալիշաններու,
Դուրեաններու,
Պէշիկթաշլեանի
նման
իրաւ
քերթողներու
տաղերուն
մէջ,
նոյնպէս
մեզի
կը
տրուի
այդ
զգացումը
համահաւասար
կեղծիքով,
առնուազն
անիրականութեամբ,
երբ
անիկա
կը
հագնի
տաղաչափներու
աժան
տարազները
Աւետիք
Իսահակեանի
մը
կամ…
Կ.
Սիտալի
մը
կողմէ։
Հոգեվիճակը,
որ
նիւթը
կու
տայ
այս
փարակրաֆին,
1890–ին
արդէն
ելած
էր
իր
գրական
նկարագրէն,
հագնելու
համար
ազգային
տարողութիւն
եւ
կշիռ։
1940-ին
Հայաստանեան
հոգեվիճակը,
մեր
հայրենիքին
ներսը
շատոնց
դադրած
է
գրականութեան
պատկանելէ,
դառնալու
համար
քաղաքական
բարեխառնութիւն,
գրողներու,
բայց
միայն
գրողներու
իմացականութիւնը
շահագրգռող։
Սփիւռքը
այդ
երգահանութեան
իր
արձագանգովը
անգամ
մըն
ալ
կը
դիմազեղծէր,
կ՚աղօտէր
այդ
զգայնութիւնը։
1900–ին,
ըսի,
այդ
բաժանումը
չուներ
գոյութիւն։
Արեւմտահայ
մեծագոյն
բանաստեղծներէն
մէկը՝
Միսաք
Մեծարենց,
առանց
անուններ
ճշդելու,
իր
քերթուածներուն
մէկ
մասին
մէջ
գոնէ
տուաւ
մեր
երկրին
համը,
հոտը,
/478/
գոյները
ինչպէս
ըրեր
էր,
կ՚ընէր
նոյն
թաքուն
աշխատանքը
արձակի
վրայ
–
քերթուածաձեւ
—
Ռուբէն
Զարդարեան։
Վահան
Տէրեան,
իր
քանի
մը
իրաւ
քերթուածներուն
մէջ,
պարզեց
կարելիութիւնը
իր
երկիրը
սիրելու,
առանց
հռետորութեան,
առանց
բառի,
աղմուկի,
աղաղակի
ինչպէս
կեղծիքի։
«
Հայերգութիւն
»ը
(Վահան
Թէքէեան)
ուրիշ
փաստ՝
այդ
զգայնութենէն։
Ո՛վ
որ
փղշտացի
չէ,
պիտի
կարդայ
այդ
գիրքին
մէջ
կէս
դարու
հոգեխառնութեան
մը
տրտմահիւս
ու
արիւնոտ
համապատկերը,
որ
հոսհոսներու
բարբառով
գրուած
ըլլալու
ծանօթ
մեղքը
կը
հերքէ
այնքան
իրաւ
արժանաւորութեամբ։
Վարուժանը,
Սիամանթօն
աղէտին
մէջ
իրենց
աչքերը
գոցած,
չէին
կրնար
իրական
յոյզերը
զգալ
ցանցառ
վերապրողներուն,
որոնք
Տիկին
Եսայեանի
մը,
Վ.
Թէքէեանի
մը
ներշնչումները
քաղցրացուցին,
հաշտեցուցին
ցեղային
զգայնութեան
միջինին։
Առանձին
հատոր
մը
անբաւական՝
լրիւ
սեւեռելու
համար
մինչեւ
1915
երկարող
քերթուածներուն
խորքը
տուող
բարեխառնութիւնը,
որուն
կրակը,
ահն
ու
երազանքը,
խենթեցնող
առքը,
կը
զարմանամ,
թէ
ի՛նչպէս
տարինք
մեր
զգայարանքներով,
առանց
խորտակուելու
այդ
ամէնուն
անկրելի
ծանրութենէն,
հրդեհէն,
երբ
մեր
հոգեվարքը
երգի
նիւթ
էր,
ու
երբ
նոյն
այդ
աղէտին
խորունկէն
մենք
կը
յամառէինք
տեսնել
կարծել
ձեռքը,
որ
կը
կործանէր
մեր
«
դարաւոր
շղթաները
»,
կը
փետտէր
զանոնք
մեր
վիզէն,
մեզի
փսփսալու
համար
անմահ
սպառումին,
աննուաճ
երազին
գողտր,
սրտայոյզ
աւետիսը,
մինչ
առասպելին
ընդերկրեայ
շուները
—
մեր
աւանդութեանց
մէջ
իբր
իմաստ
այնքան
վրան–բաց
յիմարութիւն
—
մէկէն
կարծես
կը
հագնէին
իրենց
սխրալի
խորհուրդը,
այդ
շղթաները
վերստին
թանձրացնելով
իրենց
հալոյթէն,
նորէն
նետելու
համար
զանոնք
մեր
վիզերուն,
մեր
միսերուն,
ու
մեզ
ձգելով
հիմնովին
անպաշտպան
աշխարհի
ամէնէն
վայրագ
ժողովուրդի
գարշապարին։
Մե՜նք,
1900–ի
տղաքս,
այնքան
մօտիկ
մեր
երազներուն,
ասոնց
գգուանքը
իբր
համբոյր
զգալու
չափ
մեր
հոգիին
պատերուն,
ու
այնքան
խորունկ
թաղուած
մեր
գերութեան
տարտարոսին
մէջ,
բայց
գտած՝
կերպը
մեր
աչուըները
անդունդէն
վեր
պահելու,
հետեւիլ
կարենալու
համար
կախարդ
թռչունին,
մեզմէ
միշտ
բախտաւոր,
քանի
որ
ոսկի
թեւեր
ունէր,
տուեր
էինք
անոր։
Այսօրուան
տղա՞քը։
Սփիւռքի
մէջ,
երբ
կ՚երգեն
փառքն
ու
առքը
նորոգուող
հայրենիքին,
կեղծաւորներ
չեն
անշուշտ
իրենց
միամտութեան
մէջ,
բայց
իրենց
երգը
ինծի
կը
թուի
գրական,
ճիշդ
ինչպէս
էին
ասիկա
Դուրեաններու,
Ալիշաններու,
Պէշիկթաշլեաններու,
Նար–Պէյներու
տաղերը։
1860–ի
ու
1940–ի
տղաքը
չեն
անցած
/479/
դժոխքէն,
որ
մերն
էր
1900–ին։
Չեմ
դառնար
ետ,
1850–ի
մեր
ռոմանթիզմը
իբր
հայրենասիրական
երազանք
վերլուծելու,
ատիկա
կատարած
ըլլալով
«
Համապատկեր
»ի
մէջ։
1940–ին,
Հայրենիք
երգող
քերթող
մը
անցաւ
անշուշտ,
իբրեւ
միամիտ
մանուկ
այն
տեղերէն,
որոնք
էին
«
…
ամայութիւն,
լռութիւն
»,
«ուր
անխնայ
զոհուած
էր»,
զոհուելու
վրայ
էր
իրենց
ժողովուրդը։
Այդ
ամայութիւնը,
այդ
լռութիւնը
ահա
մենք
հիւսած
ունինք
մեր
«երգերուն»,
«մեր
ջիղերուն»,
մեր
բջիջներուն
իւրաքանչիւրին
ներսը
անխորտակելի
։
Մեր
1900–ը
գիրքերու
դժոխք
մը
չէր,
այլ
ապրելու
համար
մեր
զգայարանքներուն
մատուցուած
իրականութիւն։
Մեր
պատանիի
աշխարհը՝
համատարա՛ծ
սպանդանոց։
Կը
կենայինք
մեր
արտերուն,
որոնց
ակօսներէն
վազեր
էր
մեր
արիւնը։
Ուր
ցորենին
տեղ
թշնամիին
սարսափը
կ՚աճէր։
Կը
վախնայինք
մեր
տուներէն,
որոնց
ներսը
կատարուած
էր
անկէզ
ողջակէզը,
սրտի
վրայ
գործադրուած։
Մեր
հոգիները
այդ
ամէնը
զգալու,
ապրելու
մէջ
կը
հասնէին
ամենէն
անբացատրելի
նրբութիւններուն,
սրութիւններուն։
Ամիսներ,
տարիներ
մենք
գիշերով
ցերեկով
յաճախուեցանք
վերջին
դատաստանէն,
որ
մեր
ժամերու
պատին
կտաւէ
յիմարութիւն
մը
չէր,
այլ
ամբողջացումը,
պսա՜կը
մեր
ապրումներուն։
Հիմկու
տղոցմէն
շատ
քիչեր
ճանչցան
այդ
դժոխքը։
Մեծ
մասը
անոնց
կը
կարծէ,
թէ
այդ
ամէնէն
չխօսիլ,
այդ
ամէնը
անտեսել,
մոռնա՜լ
հոմանիշ
է
արշալուսային
փառքերով
հանդերձուելու։
Մեր
ժողովուրդին
վրայ
գործադրուած
եղեռնը
—
հիմա
ջարդապատում
գրականութեան
մը
թեմա
—
մենք
չափեր
ենք
լայնքին
ու
խորունկին։
Թէ
այդ
շատ
իրաւ
մեր
ապրումներուն
վրայ
կատարուեցաւ
հտպտային
շահագործում,
դուրս
է
կասկածէ։
Բայց
այդ
դէպքերը
ընդարձակել,
դրութեան
վերածել
ու
Սփիւռքը
հրաւիրել
խաղ
ու
խնդումի՝
ուրիշ
ճիւաղութիւն։
Թող
կոտրտին
այն
բերանները,
որոնք
այդ
ապրումները
կ՚որակեն
ժխտական
եւ
կ՚ուզեն,
որ
այդ
առնուազն
ապայժմէ
բաներուն
փոխարէն
իրենց
ըսուին
հոսհոսապատում
թեթեւութիւններ։
Վահան
Թէքէեան
չէ
գրած
անշուշտ
«
Ջարդը
»
(Վարուժան),
ո՛չ
ալ
«
Հոգեվարքի
եւ
յոյսի
ջահեր
»ը
(Սիամանթօ),
բայց
գրած
է
«
Յարութեան
շունչն
է
ահա
»,
«
Աղօթք
վաղուան
սեմին
առջեւ
»
քերթուածները։
Ու
Սփիւռքը
լաւ
կ՚ընէ
լռելով։
բ
)
—
Այն
մթնշաղային,
Զարդարեան
պիտի
գրէր
ցայգալուսային
մտավիճակը,
որ
իրականութիւն
էր
1900–ին,
լաւագոյն
մասին
ներսը
/480/
մեր
իմացական
ընտրանիին,
երբ
մեր
հայրենիքին
մէջ
մեր
ժողովուրդը
կը
փողոցուէր
եւ
մեր
գրողները
եւրոպական
ոստաններու
իրենց
մանսարտներէն
կը
վերակազմէին
կոտորածը
թուրքէն
գործադրուած,
ու
կ՚ապրէին
կոտորածը
Եւրոպայէն
սարքուած,
դիւանատունէ
դիւանատուն,
նախարարութենէ
նախարարութիւն,
ուր
իրենց
սրբազան
ցաւին
վրայ
փոշի
ու
խոստում
կը
ցանէին
մարդիկ,
իրենց
շահերուն
ամրաբազուկ,
գալարագին
փաթթուող…։
Վահան
Թէքէեան
տուած
է
այդ
ոստանները։
Այսօրուան
տղաքը
գիւղ
չունին։
Բայց
իրենց
տուա՞ծը։
—
Անուն
իսկ
կը
դժուարիմ
գտնելու։
Խմբեցէ՛ք
գիրքերը,
աստուածներու
բարբառով,
լոյս
տեսած՝
1919–էն
ասդին։
Պարզ
այս
փաստը
ձեզ
պիտի
համակէր
տրտմութեամբ
ինչպէս
դառնութեամբ,
աւելորդ
անգամ
մըն
ալ
ձեզ
դնելուն
վաղածանօթ
տրամադրութեան
մէջ
անբանաստեղծ
ոտանաւորով
ձեր
ներսը
վիճակ
դարձած։
Վա՜յ
այն
գրականութեան,
ուր
ոտանաւորը
կու
գայ
առաջին
փլանի,
իբրեւ
քանակ։
Ու
կարդացե՛ք
շեղակոյտը,
որ
միշտ
իբրեւ
ոտանաւոր
կը
պառկի
մեր
հանդէսներուն,
մանաւանդ
նորափոյթ
խմբակներու
արձակարան
օրկաններուն
մէջ,
համոզուելու
համար
այդ
անհուն
ցրուածութեան։
Մի՛
ըսէք
ինծի,
թէ
Սփիւռքը,
ինքնին
տարտղնում,
իր
բանաստեղծութիւնն
ալ
համադրական
նկարագիր
մը
անատակ
էր
պարզելու։
Չեմ
ընդհանրացներ
դառնութիւնը,
մեր
օրերու
բանաստեղծը
նմանցնելու
փերեզակին,
աճպարարին,
որ
պտտէին
տօնավաճառային
ախորժակներով։
Բայց
կայ
ստոյգ
ալ
իրականութիւնը,
որուն
համեմատ
մեր
օրերու
բանաստեղծը,
նոյնիսկ
այն
պարագային
երբ
իր
հոգին
չէ
ծախած
—
հոգին
միտք
չէ
որ
գնեն
—
ինքզինք
ըլլալու
իր
դիւցազնաշունչ
կիրքին
մէջ,
կը
հպարտանայ
այդ
հոգին
տարբեր
յայտարարելով
զինք
կանխողներուն
հոգիէն։
Ասիկա
հիները
ուրանալուն
նորոգեալ
մէկ
կերպարանքը
չէ
անշուշտ։
Հիմա
բանաստեղծութիւնը՝
պատկերակերտութիւն,
քաղաքական
փրոփականտ,
ինքնատպութեան
հասնելու
մռայլ
խաչակրութիւն
ու
իբրեւ
հետեւանք՝
տղայամտութիւն
չէ
անշուշտ
մեր
տղոց
ոմանց
համար,
որոնք
երկար
մարզանքներու
միջոցով
հասած
են
առնուազն
ձեւական
խնամքին
ու
կը
տպաւորեն
մեզ
խառնուածքին
հաստատ
բարիքովը
ինչպէս
իմացական
որոշ
պարկեշտութեամբ
մը։
Բայց
մի՛
մոռնաք,
որ
Սփիւռքի
նման
տարտղնումին
ծնունդ
են
մեծ
մասը
«
Հրաշալի
յարութիւն
»
եւ
«
Ցեղին
սիրտը
»
կազմող
քերթուածներուն։
Կրնաք
Վարուժանի
Սփիւռքը
պաշտպանել
հոգեկան
այն
ջերմութեամբ,
որ
մեր
ժողովուրդինն
էր
այս
դարուն
սկիզբները,
առանձին,
հալածուած
քերթող,
Վահան
Թէքէեան
իր
գեղեցկագոյն
/481/
քանի
մը
ոտանաւորները
ստորագրած
է
1920–էն
ետք։
Բայց
1910–էն
առաջ՝
«
Հրաշալի
յարութիւն
»ին
ամենէն
յաջողակ
գլուխ–գործոցները։
Վահան
Թէքէեան
իր
աշխարհին
ամայքը,
նսեմութիւնները
գիտցեր
էր
պայծառակերպել,
ասոնցմէ
անդին
անցնելով։
Նորերէն
անոնք,
որ
այդ
ամայքին
ուխտաւորները
կը
զգան
իրենք
զիրենք,
ու
ատիկա
մեզի
յայտարարելու
արարքը
չեն
ոսկեզօծեր
մեծ
յարձակումներով,
կը
մնան
պարկեշտ։
Փարիզի
տղաքը
այս
գնով
միայն
պիտի
արժանանային
մեր
նկատառման
ինչպէս
համակրանքին։
Ու
ահա՛
տարօրինակը։
Ինչո՞ւ
«
Խրճիթներէն
մինչեւ
խորհրդարան
»
շքեղ
գիրքին
հեղինակը
ըլլայ
նոյն
ատեն
անտանելի,
անկարելի
բանաստեղծը
Սփիւռքին։
Օհան
Կարոյի
վիպակը
բացառիկ
յաջողուածքներէն
մէկն
է
արեւմտահայ
գրականութեան,
թերեւս
հայ
գրականութեան,
Աբովեաններու,
Րաֆֆիներու,
Երուխաններու,
Տիկին
Եսայեաններու,
Թլկատինցիի
ու
Զարդարեանի
գիծէն
ու
անոր
քերթուածը՝
ճիշդ
ու
ճիշդ
կրկնութի՛ւնը
հազար
ինը
հարիւրի
բառերգակներուն։
Փարիզէն
դուրս
Սուրիան
ուրիշ
փաստ
մը։
«
Արեւագալ
»ը,
տպուած
Փարիզ,
Սուրիան
է
որ
կ՚երկարաձգէ
հոն,
այսինքն
հոգեյատակը
սերունդին,
որ
ոչինչ
գտաւ
իր
ոտքերուն
տակ
ցեխէն
ու
չորցած
արիւնէն
տարբեր,
ու
արեւելքի
այդ
դարաւոր
տրտմութիւններուն
նոյնքան
նուաստացած
գտաւ
ինքզինքը
իր
հոգիէն։
Ինչե՞ր
էին
երազեր
իրենց
հայրերը
ու
ինչե՛ր
կը
գտնէին
իրենք
իրենց
թիթեղէ
տանիքով
ու
սնտուկէ
պատերով
խշտիներուն
ներսը։
Այդ
տղոցմէն
անոնք,
որ
անցան
արեւմուտք,
չէին
կրնար
հաշտուիլ
իրենց
արեան,
ու
ասիկա
կը
մտածէին
կրել
իբրեւ
պատուհաս
մը։
Ամերիկան,
գլխովին
անբանաստեղծ,
Վահրամ
Սօֆեանով,
Ալեքսան
Գլըճեանով,
այս
զգայութիւնները
ստորադասումի՝
ջանաց
փոխակերպել
ուրիշ
ցաւի
մը,
գրական
այն
ցաւին
որ
կարօտի
մը
կերպարանքը
կը
հագնի։
Ասկէ
դէպի
հայրենաբաղձ
բանաստեղծութիւնը
դժուար
չէ
ճամբան։
Ծառուկեանի
«
Հէ՜յ
ջան
Երեւան
»ը
երկու
հոգեխառնութիւնները
խտացնող
տաքուկ
վկայութիւն
մըն
է,
լայն
չափով
քնարական։
Վահէ-Վահեանի
հայրենաբաղձութիւնը
ուրիշ
տրտմութիւն,
քանի
որ
այդ
քերթուածներուն
(որոնք
«
Արեւ—անձրեւ
»էն
ետք
լոյս
տեսան
հանդէսներու
մէջ)
դուրսէն
ճարուած
հոգի
մը
կը
յաւակնի
տալ,
քան
թէ
բխիլ
խորունկ
ալքերէն
վաւերական
խառնուածքի
մը։
Անկախնե՜րը։
Ինքնատիպնե՜րը։
Յարձակողնե՜րը։
Որոնք
հազիւ
պատանի
1920–ին,
տասը
տարի
ետք
բանաստեղծներ
են,
իրենց
ֆիրմա
ներուն
ներքեւ
մռայլ
ու
անզիջող։
Ուրիշ
խումբ
մը,
բայց
1930–էն
ասդին,
նոյնքան
մռայլ
ու
անզիջող,
իր
կարգին
պիտի
սպասարկէ
մեր
/482/
բանաստեղծութեան,
առանց
հռետորութեան
ու
առանց
ճիգի,
իր
ապրումները
իրենց
պարզագոյն
կերպարանքներուն
տակ
մեզի
մատուցանելու
կամքով
մը
ու
պիտի
գտնէ
իր
արտայայտութիւնը,
իր
ոճը,
իր
նկարագիրը
որ
չոր,
ցամաք,
զգաստ,
տրտում
վկայութիւն
մըն
է։
Կը
զգուշացնեմ
ձեզ
դիւրին
հետեւութենէն։
Այդ
տղաքը
Վահան
Թէքէեանի
աշակերտները
չեն,
բայց
սորված
են
անկէ
գրականին,
հռետորականին
սարսափը
։
Ահա,
թէ
ինչպէ՛ս
մենք
կը
տարածենք
մեր
բարի
շուքը,
որ
տաքութեան
դերով
մը
կ՚ազդէ
ծիլերուն։
Ու
այս
ուսումը
եղած
է
բաւ,
որպէսզի
1940–էն
ետք
չգրուին
—
տաղանդաւոր
տղոց
ձեռքով
—
ծանրաբեռն
ու
անկնիք,
զարդաuարաս
ոտանաւորները
մեր
գրական
երեք
սերունդներուն։
գ)
—
Իրաւ
բանաստեղծութեան
այն
զգայնութիւնը,
գրեթէ
զգայարանքը,
որ
վեր
է
մեր
պայմաններէն,
երբեմն
առնելով
զգեստը
ամենէն
պարզ
բաներուն,
ինչպէս
կը
հաստատենք
ասիկա
մեր
ժողովրդական
եւ
սրբազան
բանաստեղծութեան
քանի
մը
անմահ
նմոյշներուն
մէջ։
Որմէ
վկայութիւններ
են
մեր
աշուղները։
Բայց
որուն
ամենէն
շլացուցիչ
կերպարանքները,
մեր
մեծ
բանաստեղծներուն
մօտ
դարձեալ
փաստ
կը
կազմեն
ստեղծագործ
ուժէ
ու
կիրքէ,
այս
ժողովուրդին
բոլոր
դարերուն
ալ
իրական
ու
ներկայ։
Ունինք
հիմա
փոքր
թիւ
մը
տղոց,
նորագոյններ,
որոնք
հաղորդ
են
զգայարանքին,
թերեւս
առանց
գիտնալու։
Վահան
Թէքէեանի
բարիքն
էր
ասիկա
այդ
տղոց,
ինչպէս
խօսեցայ։
Մտածե՞լ
չարիքի
մը,
որ
արդիւնքն
էր
ինքզինք
արտօնուած
դաւանելու,
պարզագոյն
կաղապարներով՝
Վահան
Թէքէեան
կրկնելու
(
Ն.
Սարաֆեան
),
եւ
կամ
խնամուած
կաղապարներով
դարձեալ
Թէքէեան—Մեծարենց—Վարուժան
արձագանգելու
(
Վահէ–Վահեան
)։
Թերեւս
զառածիլ
պիտի
նշանակէր
պարկեշտ
փոյթէն,
յիշուած
անունները
ծանր
շուքերու
տակ
դալկացնել։
Բայց
այս
զառածումին
խղճահարութիւնը
չայցելեր
ինծի,
երբ
քնարակիրներուն
զանգուածը
ունիմ
իմ
նայուածքիս
դաշտին։
Իրաւ
բանաստեղծութիւնը
պարզութիւնն
էր,
ինչպէս
սանձակոտոր
խնամք։
Սեւակի
մէջ
երկուքը
քով
քովի
են։
Չրաքեան
խնամքի
տակ
կը
դալկացնէ
իր
քիչը։
Վարուժան
չի
կրնար
փարթամ
չըլլալ։
Վահան
Թէքէեան
իրաւ
բանաստեղծութիւնը
գործադրեց
պարզերուն
ուղիով։
Ու
այսօր,
զանգուածը
կ՚անգիտանայ
որ
կուշտ,
զզուելու
չափ
կուշտ
էինք
պատկերէն
(Չրաքեան,
Զարդարեան,
Սիամանթօ,
Վարուժան,
որոնց
մօտ,
մանաւանդ
առաջին
երկուքին,
զգացումը
կ՚անգայտանայ
պատկերէն
հալածական),
այնքան
ծանր
սպառնալիքի
մը
պէս
կա/483/խուած
ո՛չ
միայն
մեր
քերթողութեան,
այլեւ
մեր
վէպին,
երբեմն
քննադատութեան
վրայ։
Վազգէն
Մանանդեան
քերթուած
կը
գրէ
կարծես
դատելու
ատեն
ու
կը
ստեղծէ
պղտոր
շփոթութիւն։
Եղիշէ
Այվազեան
բառական
պատկերը
կը
տարածէ
տողականի,
ըսել
կ՚ուզեմ
անկարող՝
մէկ
բառով
քանի
մը
փայլակ
փաթթելու,
իրարու
կը
շպրտէ
բառերը,
որպէսզի
պատկերը
ինքզինք
աւարտէ
անիմաստութեան
մէջ։
Կոստան
Զարեան
փոխանակ
ստեղծելու,
մտածումները
կը
գունաւորէ,
կը
շարժուկոծէ
ու
կը
թելադրէ,
աղմուկ
առաջ
բերելու,
զարմացնելու
մեղապարտ
ցանկութիւնով
քան
թէ
ծանր,
խորունկ
ապրումներ
հաղորդելու
ներսէն
բխած
յոյզի
մը
հպատակելով,
երբ
ապաւինելով
իր
երեւակայութեան,
բառը,
պատկերը
կառավարելու
իր
գիտութեան
ընթացք
կու
տայ
նկարչական
ու
շարժումնակոծ
իր
տողերուն,
առանց
անդրադառնալու
որ
բառը,
պատկերը
իրենցմէ
վեր,
դուրս
պարտքեր
ունին
եւ
«
Հայաստանին
»
երկարապատում
քերթուածը
ու
«
Տատրագոմի
հարս
»ը
պոէման
վկայութիւններ
են
այդ
աժան
որքան
տրտում
չարիքէն։
Սփիւռքը
կ՚անգիտանա՞յ
արդեօք,
որ
կուշտ
էինք,
ենք,
զզուելու
չափ՝
զարդէն,
բառակոյտէն,
չափեալ
խօսքէն,
դեռ
Սիպիլի
ու
Բագրատունիի
օրերէն։
Այս
մէկը,
վարժապետ,
հոգեբան,
մանկավարժ,
հրապարակագիր,
պատուելի՝
է
նոյն
ատեն
վիպող,
քերթո՛ղ,
առիթներու
ակնդէտ,
որպէսզի
հանդիսական
ապրումները
մեզի
չափաբերի
ու
չտառապի
իր
ահաւոր
փղշտացիութենէն։
Այն
միւսը
յամառի
աւելի
քան
քառասուն
տարի
սպասարկել
մուսաներուն
ու
քառասուն
տող
բան
ըլլայ
ձգած
արեւմտահայ
բանաստեղծութեան
պահեստին։
Երրորդ
մը՝
աճպարար,
բայց
միամիտ,
իրարու
աւելցնէ
հատորները
ու
մտածէ
փառքէն
անդին,
իրաւ
ալ
բանաստեղծութեան
տառապանքին։
Օ՜,
այդ
ամէնէն
մեր
զգացած
նեղութիւնը,
գութը
նոյնիսկ,
երբ
«սաղապաճեմ»
իրենց
տողերը
կ՚արձակեն
մեր
գլխուն,
առանց
հոգ
ունեցած
ըլլալու՝
անոնցմէ
ներս
պուտիկ
մը
զգացումին,
ու
իրենց
«փնջուած»,
«հատընտիր»
պատկերները
կը
շողարձակեն,
հրթիռներու
նման,
ու
1900–ի
կանացի
ու
ջլախտաւոր
նկարագրամոլութիւնը
«նորոգեալ»,
«յաւելեալ»
ու
«ճոխացեալ»
իրաւ
ապրումէ
մեր
կարօտին
կը
մատուցանեն,
իրաւ
կեանքին
փոխարէն
ներկն
ու
փոշին,
զարգն
ու
անհեթեթութիւնը
կը
քշեն
հա
կը
քշեն
միշտ
մեր
կարօտին,
մեր
շուրջը
յորդող
իրաւ
կեանքէն։
Փարիզեան
քերթող
մը,
մերիններէն,
պարզ
իր
ջիղերը
պարպելու
պարկեշտութեամբ
մը
իր
տողերուն
մէջ,
մեզ
իր
հետ
պիտի
ունենար,
ընդդէմ
աշխարհ
մը
արգելքներու։
Շուշանեանի
«
Մթին
պատմութիւն
»ը
այդ
կարելիութիւնները
թելադրող
ապրում
/484/
մըն
է,
հոգ
չէ,
որ
աստուածներու
բարբառը
չըլլայ
գործածած։
Ծառուկեանի
«
Հե՛յ
ջան
Երեւան
»ը
ուրիշ
վկայութիւն։
Այս
ամէնուն
հետ,
ետեւէն,
Վահան
Թէքէեա՞նը։
Բայց
զայն
պարտաւոր
չենք
մենք
փնտռելու
յանդգնութեանց,
նորախոյզ
կիրքերու
մրցարանին։
«
Տաղարան
»ը
(Վ.
Թէքէեան)
ինքնին
տրտում
խոստովանութիւն
մըն
է
իմ
թելադրել
ուզած
նուազումներուն։
Գիրքը
ոչ
միայն
յաւելում
մը
չէ
(«
Հայերգութիւն
»ը
ունէր
քանի
մը
կտոր,
որոնց
պակասը
Թէքէեանի
գործերէն
պիտի
ըլլար
պակաս
մը
հայ
գրականութենէն),
այլեւ
նահանջ
մը։
Ինչո՞ւ,
այնքան
յստակ
ինքզինքը
տեսնող
իրաւ
այդ
բանաստեղծը
չունենար
անհրաժեշտ
պայծառատեսութիւնը
ուրիշ
ինքզինքէ
մը:
Մարդիկ,
ըսեր
են,
կ՚ապրին
իրենց
գործը,
որ
կը
շահի
կեանքին
զլացուածը։
Մարդիկ,
միշտ
ըսեր
են,
կ՚ապրին
իրենց
կեանքը,
իրենց
գործին
կռնակովը:
Վերցուցէ՛ք
«
Տաղարան
»էն
այդ
տրտում
իրականութիւնը
(մի՛
շփոթէք
իրաւութիւնը
իրականութեան
հետ)
սանկ
ու
նանկ
պատմութիւն
մը,
այն
ատեն
ձեզի
պիտի
դառնան
անմահ
ապրումները,
որոնք
«
Հրաշալի
յարութիւն
»ին
մէջ,
«
Կէս
գիշերէն
մինչեւ
արշալոյս
»ին
մէկ
մասին
մէջ
այնքան
քաղցր,
յուզիչ
գինովութիւն
մը
ինչպէս
ձեզ
կ՚ողողեն։
Իրաւ
բանաստեղծին
ալ
կը
պատահի
պատրուիլ
ինք
իրմէ։
Ու
մարդկային
է
սա
ալ։
Բայց,
«
Սէրը
»,
«
Տաղարան
»ը
հազիւ
թէ
հեռուէն
աղերս
մը
ունին
Սփիւռքի
բանաստեղծութեան
հետ։
Հոս
կը
կեցնեմ
նկատողութիւնները։
Այս
տողերը
չեն
գրուիր
միամիտ,
պարկեշտ,
ուղղափառ,
մանաւանդ
«օգտաշատ»
նկրտումներով։
Վ.
Թէքէեան
ինքզինք
լիուլի
իրագործած
բանաստեղծ
մըն
է,
կայ
քառորդ
դար։
Սփիւռքի
քերթողները
կը
հաւատան,
թէ
իրենց
մեծ-մեծ
բառերը,
ուրացումները,
խոյանքները
կը
բաւեն
սերունդի
մը
բանաստեղծական
տագնապանքը
ճարտարապետելու,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
իրենց
քերթողութիւնը
արդարանալի
գտնելու։
Չէ՜
որ
կոտրելը,
կործանելը,
ուրանալը
յոյզով
բաբախուն
արարքներ
են։
Փոքրամտութիւն
սակայն,
այս
ամէնը
շահագործել
մեզի
հասած
արդիւնքին
արժեւորման
մէջ։
Հիմա
թափթփուք
ոտանաւորներ,
քաշքշուք
վէպեր
ու
կաղալու
իսկ
անկարող
խաղեր
կը
մկրտուին
հոյակապ,
աննման,
բարձրաթռիչ
պատուանշաններով։
Սերունդի
մը
լման
դաւանանքն
է
ասիկա,
ուր
տաղանդին
բաժինը
այնքան
ծանր
կը
հնչէ։
Իմ
տողերը,
Սփիւռքի
ստեղծագործութեան
ամենէն
յաւակնոտ
մասին
նուիրուած,
չեն
գար
փոյթէ
մը,
նոյն
այդ
մարզին
վրայ,
այդ
տղոց
վարպետներ,
տիպարային,
/485/
խորհրդանիշ
կուռքեր
առաջարկելու։
Ու
ասիկա՝
մէկէ
աւելի
նկատումներով։
Համոզուած
եմ,
որ
իր
ոտանաւորը
գէշ
աղէկ
կառուցանող
արհեստաւոր
(որքան
շատ
է
թիւը
նմաններուն,
քիչ
մը
ամէն
հասակէ։
Խորհեցէք
անզգած
ինքնաբաւութիւնը
վարդապետի
մը,
որ
ամենայն
լրջութեամբ
«
Հայկ
Դիւցազն
»
կը
թարգմանէ
ու
կ՚անգիտանայ
իր
հիմնական,
անդարման
անընդունակութիւնը
նման
դերի
մը)
երանելի
բարձրամտութեամբ
մը,
իր
ըրածը
պաշտպանելու
արարքը
կը
վերածէ
սրտառուչ
ալ
տգիտութեան
մը։
Վարպետները
իրենց
փառքին
ու
առանձնութեան։
Նոր
քերթողը
կարօտ
չէ
ո՛չ
միայն
թելադրանքի,
այլ
արժանապատուութեան
հարց
կը
նկատէ
ինքզինք
պարտադրելու
իր
պարտքը։
Միւս
կողմէն,
նոյնքան
խորունկ
է
իմ
ներսը
համոզումը,
որուն
համեմատ
արուեստը
աշկերտութիւն
չի
ճանչնար։
Այն
ատե՞ն։
Մի՛
աճապարէք
սակայն։
Եղեր
եմ,
Ամերիկեան
թեւէն
դուրս,
Սփիւռքի
տղոց
գրեթէ
բոլորին
իմացական
կազմութեան
հանգոյցներուն։
Առնուազն
վառեր
իրենց
անփորձ
կրակը։
Ըսեր
եմ,
ամէն
առիթով,
գրեթէ
բոլորին
ալ՝
—
Անցէ՛ք
մեզմէ
անդին
։
Կրնային
չհաւնիլ
մեզի։
Ատիկա
սրբազան
դժգոհութիւնն
է,
առանց
որուն
կեանքը
կրկնութիւն
կամ
նեխում
պիտի
նշանակէր։
Բայց
կ՚աւելցնէի.
—
Մի՛
հաւնիք
ինքզինքնիդ
։
Որ
սրբազան
դժգոհութիւնը
վերածելն
էր
ծանր
զոհողութեան։
Զի
ինքնաբաւութիւնը
գերազանց
չարիքն
է
ստեղծագործութեան
արարքը
ներքինացնող։
Յետո՞յ։
Սփիւռքի
տղոցմէն
գնահատանք,
խոշոր
ու
գէշ
բառով
մը՝
երախտագիտութիւն
սպասելը
աններելի
միամտութիւն
մը
ըլլալուն
չափ,
ինքզինք
խաբել
կը
նշանակէ։
Թէկուզ
մեծարժէ
բանաստեղծի
մը
հաշւոյն
—
Վահան
Թէքէեանը
մէկն
է
անոնցմէ
—
իմաստուն
հիացում
մը,
միշտ
այդ
տղոց
կողմէ՝
ծանծաղամտութիւն։
Վահան
Թէքէեան
ինքզինք
չզլացաւ
երիտասարդութեան,
բայց
իրաւ
բանաստեղծի
մը
ինքնաբաշխումն
իսկ
մարդիկ
կը
փոխակերպեն
աժան
փառասիրութեան
եւ
Սփիւռքի
տղաքը
հալածել
Երեմիականներով,
իրենց
հասցէին
դարձնելու
դիտումով
մը
իրենց
ուրացումները,
զանոնք,
կարճ
բառով
մը՝
արհամարհելը,
անիմաստ
բառավաճառութիւն։
Այս
տողերուն
տակ
այդ
տղաքը
չենթադրեն
թող
ո՛չ
մէկ
գաղտ
նպատակ,
զիջում,
հաշտութիւն
—
բառեր
ասոնք՝
որոնք
արդէն
չունին
գոյութիւն
իրաւ
արուեստագէտին
մօտ։
Օշական
չի
կարդար
իր
հասցէին
/486/
ուղղուած
որեւէ
բան։
Վահան
Թէքէեան
գորովով,
կիրքով,
հպարտութեամբ
կամ
զայրոյթով
փնտռեց
իր
մասին
ամենէն
թեթեւ
ակնարկութիւնն
իսկ։
Անցեալ
տարի
բացատրութիւն
կ՚ուզէր
ինձմէ,
իմ
անտարբերութիւնը
քիչ
մը
շատ
անմարդկային
որակելով։
Տուի
իրեն
իր
ուզած
բացատրութիւնը։
Չէի
կարդար,
չեմ
կարդար,
անշուշտ
մեծամտութենէ
հեռու,
շատ
պարզ,
շատ
գործնական
նկատումներով։
Զիս
դատողներուն,
դատապարտողներուն
ոեւէ
մէկէն
աւելի
ունիմ
իմ
ըրածին
ո՛չ
միայն
ձեռնհասութիւնը,
այլեւ
կիրքը։
Մեր
երիտասարդութեան,
իմ
յարձակումները
շրջուած
հիացումներէն
կու
գային
ու
չէինք
գրեր,
խօսեր
մեր
անձին,
մեր
գիրին,
մեր
խօսքին
աղմուկին
վրայ
շահարկու
փերեզակութեամբ
մը։
Վարուժան,
լուրջ
ու
ազնուական
իր
փառասիրութիւնը
կը
ջանար
փաթթել
մեծ
բարութեան
մը
մէջ։
Վահան
Թէքէեան,
ինքը,
«
Հրաշալի
յարութիւն
»
հատորին
վրայ
իմ
խռովեալ
հպարտութիւնը
կը
ջանար
հասկնալ,
Կեսարիայէն
գրուած
նամակով
մը,
ուր
նորերուն
մօտ
(այն
օրերուն
ես
ալ
նոր
մըն
էի)
իր
գիրքին
ստեղծած
յուզումը
կը
փափաքէր
իրմէն
դուրս
ապրումները
վերագրուած
տեսնել,
այնքան
1910–ի
տղաքը,
խակերն
ինչպէս
որոշ
հասունութեան
մը
ելած
մարտիկները
մեր
իմացական
պայքարին,
կ՚ուզէին
գրականութիւնը
միանգամ
ընդմիշտ
ազատագրուած
գտնել
եսակեդրոն,
ունայնամիտ
ախորժակներէն
Չերազներուն,
Եղիաներուն,
կրտսեր
ռոմանթիքներուն,
բոլորն
ալ
գրիչ
շարժած
միայն
ու
միայն
իրենց
անձին
փառաբանումին։
Անշուշտ
ունայնամիտը
պարզ
ածական
մը
չէ։
Անիկա
գրողները
հալածող
դաժան
ուրուականն
ալ
է։
Մարդիկ
զայն
երբեմն
իրենց
հետ
կը
բերեն։
Երբեմն
փոխ
կ՚առնեն։
Չէր
կարելի
հասկցնել
Հրանդ
Նազարեանց
անունով
տաղաչափի
մը,
թէ
իր
ոտանաւորները
ֆրանսերէնի,
իտալերէնի
թարգմանուելով
չէ
որ
պիտի
գտնէին
իրենց
չունեցած
արժէքը։
Սփի՞ւռքը։
Բայց
անիկա
իր
դժբախտ
ժառանգութիւնները
հաշուեյարդարի
վերածելու
աճապարանքին
մէջ,
մոռցած
է
գրականութեան
հանդէպ
տարրական
իսկ
պարտքերը։
Կարդացած
եմ,
ապրած
եմ
իրենց
բոլորին
չափ,
ժամանակի
նոյն
կշիռով։
Աւելին
տարիքին
բեռցուցէք։
Ինչո՞ւ
կարդալ
այն
ատեն
այս
ու
այն
թէկուզ
տաղանդաւոր
երիտասարդի
մը
գնահատականը
կամ
պարսաւանքը։
Ազատ
են
զիս
կարդալու
կամ
կործանելու։
Ասդին
գրականութեան
թիապարտ
Օշականը
կը
մնայ
անայլայլ,
իր
շղթաներուն
մէջ
ինքզինք
ամրակուղպ
ու
անհուպ,
որքան
անփրկելի
զգալով։
…
Վահան
Թէքէեան
գոհ
չմնաց
իմ
բացատրութիւններէս։
Բայց
տեսա,
որ
այդ
ամէնը
անգիտելով,
ես
իմ
գործիս
բարիք
միայն
ըրած
էի։
/487/
Որեւէ
տեղ
վէճը
դրական
հետեւանք
չունի։
Ամենէն
քիչը,
գրականութեան
մէջ։
Զգացուցի
իրեն
ի՛ր
ալ
ճակատագիրը,
այս
անգամ
իրմէն
վեր։
Թող
տարուէր
ան
շքեղ
լռութեան
դժոխքէն,
իր
շուրջը,
մենք
այսօր
չէինք
ունենար
իր
գործը։
Ո՛չ
ափսոսանք,
ո՛չ
ալ
ինքնապատիր
խաղաղութիւն։
Գրելը
Օշականի
համար
կիրք
մըն
է,
բառին
ետին
դնելով
ըմբռնելի
ամբողջ
բռնութիւնները։
Գրելը
Վահան
Թէքէեանի
համար
ապրում
էր
ու
շարժում,
ծովու
վարժ
մարդու
կարօտը՝
խռովքէն,
փոթորիկէն։
Իր
հրապարակագրական
գործունէութիւնը
այս
ոսպնեակէն
դիտուած,
կը
դառնայ
յստակ
ու
հասկնալի։
Ոտանաւոր
գրե՞լը։
Ահա՛
իր
ալ
կիրքը։
Ո՛չ
ոք
խնամքը
իր
չափերով
գործադրեց
քերթուածին
վրայ,
ըսի
անգամ
մը.
ու
խնամքը
կիրքին
սկիզբն
է։
Ան
կատարելութեան
ստերջ
փոյթի
մը
հպատակ
չէր,
երբ
կը
սրբագրէր
իր
ոտանաւորը…
տարիներով։
Ամէն
մէկ
բառին
երբ
մենք
կը
վստահինք
աշխարհ
մը
իրաւ
ապրում,
այն
ատեն
կը
գիտակցինք,
թե
որքա՛ն
քիչ
են
բառերուն
դիմադրութիւնն
ու
ընկալչութիւնը։
Պէտք
կա՞յ,
ըսելու,
որ
բոլոր
կիրքերը
սպառիչ
են։
Ու
գրելու
կիրքը
առնուազն
մեզ
կ՚ուտէ
մեր
ներսէն։
Տարիներ
կայ,
որ
Վահան
Թէքէեանի
լանջքին
տակ
կեանքին
գործարանը
չորցած,
կծկուած,
սպունգ
մըն
էր,
որ
շունչի
տեղ
թել
մը
օդ
միայն
արտօնեց
իրեն։
Այսպէս
կ՚ապրին
կիրքին
մեծ
prodigue–ները։
Ու
կը
մտածեմ.
—
Այդքան
անկարելի՞`
հասկցնելը
սա
տղոց,
թէ
իրենց
դառնութիւնները
մերն
ալ
էին,
երբ
ունէինք
իրենց
տարիքը,
քիչիկ
մը
առաւելազանց
չափերով
նոյնիսկ։
Կ՚ընդունիմ,
որ
Փարիզի
քերթողները
—
հայ
—
կ՚ապրին
հողին
ու
մուրին,
զրկանքին
ու
լքումին
մէջ։
Բայց
խորհած
ունի՞ն
օրերուն,
ուր
Վահան
Թէքէեան,
Արշակ
Չօպանեան,
Լեւոն
Բաշալեան,
Սուրէն
Պարթեւեան,
Ատոմ
Եարճանեան,
Արփիար
Արփիարեան,
մորթուելու
վրայ
իրենց
ցեղին
անհուն
ողջակէզն
ալ
պարտաւոր
էին
ապրելու,
այդ
Փարիզին
լրբութեանց
մէջը։
Այնքան
դժուա՞ր՝
հասկցնելը,
թէ
իրենց
պատրանքները,
զորս
այնքան
դժնդակ
չարութեամբ
մը
գրեթէ
ցոյցի
կը
հանեն,
տառապեցուցեր
էին
մեզ
ալ,
կրկնապատիկ
սաստկութեամբ:
Թէ
մեր
պատրանաթափումը
կը
ձգէ
ստուերի
մէջ
իրե՛նցը,
երբ
առնուազն
կրկներեւոյթ
գեղեցկութիւններ
կը
սպասեն
իրենց,
եթէ
երբեք
ուզեն
ատիկա։
Հռետորութիւն
չէ
անշուշտ
երգել
այսօրուան
հայրենիքը։
Կազդոյր։
Յոյս։
Հաւատք։
Կ՚ընդունիմ։
Մեզի
այդ
ալ
զլացուեցաւ,
զլացուած
է
ահա։
Մարմինա՜։
Փրկի՜չ։
Փէր
Լաշէ՜զ
։
Ահա՛
մեր
մտքին
մէջ
փշրուող
վերջին
բառերը,
սա
մեր
աշխարհէն։
/488/
Կարդալ
ու
ապրիլ,
սակայն,
իրաւ
բանաստեղծութիւն
մը
համազօր
է
լայննալու,
լրջանալու։
Մանաւանդ
իրար
հանդուրժելու,
եթէ
ոչ՝
իրար
ներելու,
հասկնալու։
Վահան
Թէքէեանի
ամբողջական
քերթողութիւնը,
իբր
օրինակ
ու
գործադրում,
գրականէն
դուրս
սա
բարոյական,
զգացական
բարիքն
ալ
կրնայ
հայթայթել
մեր
տրտմութեան,
անկումի
պահերուն։
Վարուժանով
կը
հպարտանանք։
Դուրեանով
կը
տառապինք։
Մեծարենցով
կ՚անուշնանք։
Վահան
Թէքէեանով՝
—
Կը
զգաստանանք։
Կը
հասկցուի՞մ
արդեօք։