Ե.
ՑՏԵՍՈՒԹԻՒՆ
/501/
Պիտի
ուզէի
ըլլալ
—
Տեղ
մը,
սանկ
քիչ
մը
ազատ՝
Սփիւռքի
հաւաքավայրերուն
մայր
գիծերէն,
ցուրտ,
պոռոտ,
այլամերժ
ու
ինքնակեդրոն։
Որ
չյիշեցնէր
ինծի
մեր
սրահները
պարգեւաբաշխութեան
հանդէսներէն։
Ակումբները՝
ուր
հերոսներու
փչուած
փառքեր
պատերէն
կը
շարունակեն
իրենց
միամիտ
պատրանքները
ապրիլ,
իրենք
իրենց,
պսակաւոր
կամ
պսակաթափ։
Թատերական
բեմերէն՝
որոնք
ամէն
ազգի
աղտերուն
շամանդաղը
կը
պահեն
դողդղագին
վարագոյրներուն,
նկարներուն
երեսին։
Ժամերէն՝
ուր
կ՚երթանք
մեռելները
պատուելու,
զանոնք
մեռցնելէ
ետքը։
Չկենար
իմ
գլխուն
ո՛չ
մէկ
շինծու
բարձունք,
գմբէթ։
Չզգայի
ինքզինքս
ո՛չ
մէկ
ճարտարապետական
փառքէ
հալածուած։
Մանաւանդ
չսպառնային
ինծի
մշակոյթներու
դիակները։
Տե՜ղ
մը,
անյաւակնո՜տ,
անզարդ,
անկնիք
—
զերծ
միջոցէն
ու
ժամանակին
փառքէն,
ինչպէս
կը
տրուի
երբեմն
մեզի
հաղորդուիլ
այս
կարգէ
զգայութիւններու,
իրականին
մէջ
ու
իրականէն
վեր,
երբ
կը
քալենք,
քիչ
կամ
բաւ
չգիտնալով,
դէպի
երազ
մը,
հսկուա՜ծ՝
մեր
ցաւէն,
փափաքներուն
ծանր
ոստայններէն,
կամ
կը
դառնանք
անկէ,
թեթե՜ւ,
յիմա՜ր,
լոյծ,
թափուելու
համար
ծոցը
մեր
թշուառութեան։
Պիտի
ուզէի,
նման
տեղէ
մը
ներս,
ըլլալ
—
Մարդերու
հետ,
որոնք
նստէին
հոն,
հանդարտ,
գլուխնին
ձիգ
գամուած
իրենց
ծոծրակի
ծխնիներուն,
աջ
ու
ձախ,
ետ
ու
առաջ
շրջշրջելէ
արգիլուած,
ասոր
անոր
բարեւը
առնելու,
ժպիտը
որսալու,
նայուածքը
վերլուծելու
մտահոգութիւններով։
Մարդեր,
եկած՝
առանց
հրաւէրի,
աղաչուած
ըլլալու։
Իրենց
փառքերը,
տիտղոսները,
դերերը,
վկայականները,
ընկերային
մագաղաթները
չըրած
ուսընդանութ։
Մոռցա՜ծ՝
ինչ
որ
դուրսը,
ընկերութեան
հանդիսարաններուն
մէջ
զիրենք
կը
խորանարդէ
դէպի
ցուցամոլութիւն,
նանրանք
ու
ողբերգութիւն։
Մոռցած
իրենց
շուքերը
իրենց
վրայ
կրկնասարաս
/502/
պատմուճաններու
նման
կրելու։
Գրո՜ղը՝
որ
ըլլար
նետած
իր
ուսերէն
յաւակնութիւնները
իր
գրած,
մանաւանդ
չգրած
գիրքերուն։
Մտաւորակա՜նը՝
Փարիզէն
կամ
Պոսթոնէն,
իր
ճաղատ
գանկին
վրայ
ըլլար
անցուցած
անցոյց
պաստառը
ո՛չ
թէ
սուգին,
այլ
զգաստութեան,
որով
կիները
կը
ջանային
երբեմն
բան
մը
պահել
իրենցմէ
իրենց։
Հարո՜ւստը՝
արգահատող,
հաճ,
հաշուեխնդիր՝
լքուած
բանաստեղծներ
մեկենասելու
արարքը
uանկ
շուրջառի
վերածած,
ծալք–ծալք
թափելով։
Երիտասա՜րդը,
որ
դուրսը
ըլլար
ձգած
իր
զբաղումներուն
տենդը
ու
ջնջէր
իր
արտայայտութենէն,
շարժումներէն,
յանուն
իմացական
արժէքներու
ստանձնել
ստիպուած
սա
զոհողութեան
տարապարհակը,
երբ
կինը,
խաղը,
սփոռը,
դրամը,
կիրքը
այնքան
իրաւ
բաներու
կը
հրաւիրեն
զինքը։
Կիները՝
որոնք
գային,
մոռցած
իրենց
արդուզարդը
ընելու։
Հեքիա՞թ
մը։
—
Ո՜վ
գիտէ։
Հեքիաթները
գիրքերու
մէջ
բնակելէ
առաջ,
այսպէս
ապրած
ըլլալու
են
ինծի
պէս
յիմարի
մը
գանկին
տակ։
—
Մարդերու
հետ,
պարզ,
անյաւակնոտ,
միամիտ։
Ազատ՝
իրենց
ցաւերուն
ասղնտուքէն,
ինչպէս
իրենց
տենչերուն
կրակէն։
Պիտի
ուզէի,
որ
այսպէս
շրջագծեալ
տեղի
մը
մէջ,
ու
այսպէս
ընտրուած
բազմութեան
մը
մօտ,
տրուէր
ինծի
պատեհութիւն
անցընելու
իմ
ժամը,
ո՛չ
հանգիստի,
ո՛չ
լաց
ու
կոծի,
ո՛չ
ալ
գրական
քննադատութեան։
Հանդէս
մը
չըլլար
սա
համախմբումը,
իր
ահաւոր
տափակութեամբը,
գռեհկութեամբը,
ճազ-պանտ
ովը,
յատկահրաւէր
ատենախօսներովը
կամ
աւելի
քան
ահաւոր
ցանկովը
դերասաններու,
արտասանողներու,
ինչպէս
այլեւս
վարժուած
ենք
հանդուրժել
Սփիւռքի
հայրենակցականներէն
սարքուած
ներկայացումները,
յիշատակի
տօները,
սուգի
անդրադարձումները։
Չկենային
հոն
երկսեռ
հիւրընկալները,
յայտագիրներով,
ժպիտներով,
ակնարկներով,
ակնարկութիւններով
սպառազէն,
որոնք
զգեստները,
անունները,
դիրքերը,
դէմքերը,
գայթակղութիւնները
եւ
շանթաժ
ները
կ՚արժեւորեն,
նոյնիսկ
մեռելները
յարգելու
արարողութեան
մը
պահուն,
մտնողները
առաջնորդելով
իրենց
զոհերուն։
Չկենար
գործադիր
անխուսափելի
յանձնախումբը,
իր
ատենապետովն
ու
դպիրովը,
բացման
ու
փակման
զեկոյցներուն
անհանդուրժելի
ձանձրոյթովը։
Ու
սա
ձեւ
թելադրուած
համախմբումը
ըլլար
սարքուած
—
ո՜վ
ոգեղութիւնը,
ինչպէս
աննահանջ
բռնութիւնը
երբեմն
մեր
բառերուն
—
լուսահոգի
բանաստեղծի
մը
ոգեկոչումին,
իրաւ
բանաստեղծի
մը,
անունն
ըլլար՝
Վահան
Թէքէեան:
/503/
Շատ
պիտի
չտեսնէի,
որ
տղայ
մը,
քսանէն
վար
ու
տասնհինգէն
վեր,
բանար
հանդէսը,
բառի
տեղ
…
երգով
մը,
որ
քիչ,
թեթեւ,
տաք
ըլլալու
հայտերը
ունի
իրեն
հետ,
խօսքին
շատ,
ծանր,
ցուրտ
կերպարանքներուն
ընդդէմ։
Այդ
տղան
կամ,
աղջիկը
այդ
երգին
մէջ
չմտածէր
արուեստին,
composition–ին,
եւրոպական
հանճարային
տղոց
փառքերուն։
Պարզ,
անյաւակնոտ,
սրտագին,
հանէր
բառերուն
թրթռագին
միսերը
իր
բերնէն,
բայց
խորհուրդին
մէջ
իրաւ
բանաստեղծութեան։
Երգէր
թարմ,
խաժ,
պատանի
պտուղներուն
նման,
շաղին,
զովութեան,
հրապոյրին
ու
անուշիկ
հրդեհին
մէջը
գարնագեղ
իր
մարմինին։
Ու
այդ
ձայնէն՝
ոսկի
ոստայնը
զգացումին,
մտածումին,
յուզումին,
իջնէր
իմ
մէջ,
բանաստեղծին
վառ
մարմարին
նման,
հարսնեւորէր
փոքրերն
ու
մեծերը,
առաջիններուն
հոգիին
մէջ
դպելով
ակունքներու,
որպէսզի
բացուէին
ասոնք
դէպի
կրակները
կեանքին
ծանր
ամառներուն,
երկրորդներուն
չորցած
ակունքներուն
մէջ
բռնկեցնելով
սրբազան
պատրանքը,
որ
սառած
մոխիրի
մը
պէս
կը
պատանէ
մեր
ջիղերուն
բոլոր
հանգոյցները,
աշունէն
ետք
ու
ձմրան
մուտքերուն։
Ուրիշ
մը,
միշտ
քսանէն
վար
ու
տասնհինգէն
վեր,
արտասանէր
քերթուած
մը,
քերթուածներ,
ծանր,
խորունկ,
տարիքէն
ազատ
արձակութեամբ
մը,
առանց
ձեւի,
սեթեւեթի,
մանաւանդ
հռետորական
զեղումներու,
բառերուն
մերժելով
ամէն
բռնի
ճիգ,
կիրք,
հոլովոյթ։
Ու
այդ
տղուն
ձայնին
մէջէն
տողը,
տողերը
գային
մեզի,
անգայտ
բայց
շօշափելի
կտորներու
նման,
միսերու
նման,
սանկ
արիւնոտ,
սանկ
տաք,
բանային
մեր
ուղեղը,
գտնէին
սիրտը,
ծեծէին
մեր
ջիղերուն
սարիքը
ու
դաշնուէին
մեր
ներքին
դրութեան
բոլոր
բաժիններուն
հետ,
ստեղծելու
չափ
պատրանքը`
դուրսէն
եկած
չըլլալու,
ըլլալու
մեր
իսկ
ներսէն
ծնած
ու
մեզի
յատուկ
յոյզերու
հանդէս
մը։
Պէտք
կա՞յ
ըսելու,
որ
այս
քերթուածները
ըլլալու
էին
առնուած
լուսահոգի
Վահան
Թէքէեան
իրաւ
բանաստեղծէն։
Ու
այդ
բառերուն
այդպէս
մեղմ,
գլգլագին
անձրեւումին
հետ
պուտ—պուտ
ջերմանար
մեր
գլխուն
վերեւ
պարապը,
բոլոր
համախմբումները,
գմբէթները
ինչպէս։
Մեր
շուրջը
սիրտերը
տրոփէին,
առանց
ծանր
տագնապներու
—
քանի
որ
մահը
ապահովութիւն
մըն
էր
—
մեր
ուղեղին
տակ
արուեստին
ու
կեանքին
յաւիտենական
պայքարը
մղուէր
կրկին,
առանց
յաղթանակի
ու
առանց
պարտութեան։
Այս
ամէ՛նը,
կանխապատրաստութիւն։
Ու
պիտի
հանդուրժէի,
որ
մէկը,
այս
ալ
պարզ
մարդ
մը,
հազիւ
գրագէտ,
զատուէր
նստարաններէն,
բարձրանալու
սանկ
խոնարհ,
կանգունը
չանցնող
հասակով
բեմ
մը,
ուր
սեղանի
մը
վրայ
ըլլար
/504/
յարդարուած
մեծադիր
լուսանկար
մը,
միշտ
լուսահոգի
Վահան
Թէքէեան
իրաւ
բանաստեղծէն,
սեւ
շղարշի
մէջ,
բայց
դեղնաւուն
լոյսէ
մը
պայծառացած։
Նկարը
նայէր
ու
չտեսնէր։
Ժպտէր
ու
չտառապէր։
Լսէր,
բայց
չխօսէր։
Ու
այդ
նկարին
առջեւ,
այդ
մէկը
ներկայացնէր
Վահան
Թէքէեանի
գրական
վաստակը,
առանց
ծանր
ձեւերու,
ինչպէս
առանց
հերոսապատում
շարժումներու,
աջէն
ու
ձախէն
բռնահաւաք
տիտղոսներու.
կազմէր,
անոր
գործին
կտորուանքներով,
անդրանիկ
յիշատակարանը,
մեզմէ
ետք
դիմացող։
Չըլլար
այդ
խօսողը
կուսակցամոլ
մը,
հակառակորդ
մը,
հիացումի
հերարձակ
ասպետ
մը,
մեծ
բառերու,
մթին
մտածումներու
շահարկու
մը,
որպէսզի
մենք
մնայինք
իրականութեան
հետ
ու
մէջ,
աւելորդ
գովքին
ինչպէս
ժլատ
գնահատման
փոփոխակ
չարիքներովը
մեր
ընկալչութիւնը
ալեկոծող։
Մարդոց
գործերը
երբեմն
միայն
մեծ
եղան
իրենցմէ։
Շատ
յաճախ
անոնք
մարդերն
են։
Պիտի
հանդուրժէի,
որ
անկէ
ետք
ուրիշ
մը
գծէր
լուսահոգի
Վահան
Թէքէեան
իրաւ
բանաստեղծին
դէմքը
իբրեւ
իրաւ
մարդու
մը
դէմքը
եւ
ոչ
թէ
ա՛ն,
զոր
համախմբումները
կը
պահանջեն,
որ
ըլլար
ան։
Շուքերու,
լոյսերու
արդար
խառնուրդով։
Մենք
աւելի
չենք
կարող
ըլլալ
քան
պայմանները,
որոնց
երկաթ
օղակին
է
անցուած
ամէն
սիրտ,
սա
մեր
աշխարհէն։
Չներկայացուէր
Վահան
Թէքէեան
ինչ
որ
մտքէն
չէր
իսկ
անցուցած
ըլլալ
—
սանկ
նահապետական
անձնաւորութիւն,
ծանրախոհ
բարութեամբ
ու
ազնուական
անյիշաչարութեամբ,
ինքզինք
բաշխող
բոլոր
կարիքներուն,
ինչպէս
պարտքն
է
ըլլալ
մեր
մեծ
մեռելներուն։
Այլ,
ներկայացուէր
ինք
իր
մէջ,
ինք
իր
հետ,
տրտում,
վերապահ,
բազմապահանջ,
հպարտ,
բարի,
մարդկային,
որպէսզի
հոն
ներկայ
քիչ
տրտում
մարդերը
համակուէին
հարազատ
մարդկային
ով,
որ
այնքան
անհարազատ,
նոյնիսկ
ինքզինք
հերքող
կերպարանքներ
կը
զգենու
խօսողներու,
գովողներու,
վարձկան
եղերամայրերու
լաց
ու
կոծին
մէջ,
երբ
մեծագոյն
ոճրագործը
մենք
կը
վերածենք
ազնուագոյն
փառքերուն։
Օ՜,
կատակերգութիւնը
բոլոր
ազգային
նման
փառքերուն,
շինուած
սուտէն
ու
փուտէն։
Շինուած
մանաւանդ
խեղճ,
անպաշտպան
զոհերու
ոսկորներէն։
Օ՜,
անզգամ,
անաստուած
լրբութիւնը
մեր
մունետիկներուն,
որոնք
վաւերական,
անվերածելի
աղբակոյտը
կը
փոխակերպեն
փառաց
կաթողիկէի
մը։
Պիտի
հանդուրժէի,
որ
երրորդ
մը,
իր
մահը
առիթ
առնելով,
խօսէր
սանկ
ու
նանկ
ոճով
մը,
հեռու,
մթին,
բարձր
բաներէ,
արուեստէն
ու
իր
իմաստասիրութենէն,
նկարագրէն
ու
ասոր
կերտու/505/մին
պարտադրած
խաչակրութիւններէն,
բանաստեղծութենէն,
անխառն
որքան
անժամանակ,
բացարձարկ
որքան
թեւաբեկ,
որ
ազգ
ու
պատմութիւն
չի
ճանչնար,
ինքզինքը
միայն
ունի
արժետախտակ։
Ու
գտնէր
Վահան
Թէքէեան
իրաւ
բանաստեղծին
հետ
իրաւ
արուեստին
անթարգմանելի
շաղապատումը։
Մտիկ
ընէինք՝
քիչ
հասկնալով,
բայց
ներքին
զիջումով
մը։
Մեր
ալ
մշակոյթը,
մեր
ալ
գրականութիւնը
բարձրանային
մնայուն
արժէքներու
մրցարանին։
Կատարուէր
այս
ամբարձումը
պարկեշտութեամբ,
առանց
ծանրածանր
տարազներու,
խնդրական
տեսութիւններու,
գեղագիտական
սնոտիքին։
Տեսնէինք
մեր
բանաստեղծը,
մեզի
պէս,
մեր
եղովը,
մեր
ընկալչութեամբը,
մեզմէ
վեր,
բայց
լման
հասակովը
տեսանելի,
լման
ճառագայթմամբը
ըմբռնելի,
ու
չկորսնցնէինք
զայն
մեր
հորիզոնէն,
անկարելի
երեւոյթներու
թեւերով
առագաստ
բանալու
ստիպուած
դէպի
ամայքները
ձրի
փառքերուն,
ձրի
շնորհի
անդաստաններուն։
Այս
ամէնը,
այնպէս
մը,
որ
սոսկական
մարդը
տպաւորուէր,
իր
չհասկնալուն
չտառապէր։
Մշակուածը
չընդվզէր
տեղի
ունեցող
այլափոխման,
չարափոխման
դիմաց…:
Ու
տակաւին
ինչե՜ր,
ինչե՜ր։
Երա՞զ,
այս
ամէնը։
—
Թերեւս։
Ուրի՞շ։
—
Բայց
այդ
ուրի՛շն
ալ,
տարօրինակ
որքան
անակնկալ։
Մէկը
տար
իմ
անունը,
ինչպէս
պաշտօն
մը՝
կանչելու
Վահան
Թէքէեան
իրաւ
բանաստեղծին
հոգին
ու
անոր
հարցնելու
իր
տրաման,
որուն
մասին
հոդ
գտնուողները
շշուկով
լսեր
էին,
տարիներ
ու
տարիներ,
բայց
յստակ
ոչինչ
իմացեր։
Ու
զատուէի
իմ
աթոռէս,
տրտում
ու
ցաւագին։
Առնէի,
ծանր,
դողդոջ,
քայլերուս
անվստահ,
պզտիկ
ճամբան
ու
դաժանելի
սանդուղները
դէպի
բեմ։
Դառնայի
ժողովուրդին,
հեռու,
օտար,
անկնիք,
ինչպէս
ուզեր
էի
արդէն։
Տեսնէի
աչքեր
ու
ասոնց
կրակները
միայն,
բայց
ոչ
դէմքերը։
Հալեցնէի
իրենց
մարմինները,
նիւթեղէնը
անոնց
վրայէն
ու
բերէի
այդ
գլուխները
իրարու,
մէկ
կրակի
մէջ։
Յետոյ՝
մեղմ,
հակէի
պատկերին
Վահան
Թէքէեան
իրաւ
բանաստեղծին,
իր
սեւ
շղարշին
մէջ
միշտ,
բայց
մօտէն
աւելի
սգաւոր,
աւելի
խոհուն
ու
տառապագին։
Իմ
կարգիս
այցուէի
այդ
լուռ
մարդուն
կէս
դարու
տիրական
ողբերգութեամբը,
որ
հսկայական
ալիքի
մը
պէս
առնէր
իր
խոյանքին
մէջ
իմ
կոտրտած
մարմինս,
թօթուէր
իմ
ալ
թրթռագին
տրաման,
շատ
մօտիկը
իրենին,
բայց
բոլորովին
տարբեր
լարերով
ճարտարապետուած։
Ու
կենայինք
/506/
իրարու
դէմ,
ա՛ն՝
ա՛լ
ազատագրուած,
ես՝
յապաղկոտ
պարտապան,
կախաղան
ելած
ու
չուանին
փրթելովը
կրկին
կեանքին
նետուած
խլեակի
իմ
անյարիր
տագնապանքովը։
Զինքը
կանչե՜լ։
Որո՞ւ
եւ
ի՞նչ
նպատակի
համար։
Շուարուն,
չունենայի,
չգիտնայի
ո՛չ
մէկ
բան
ըսելու
իր
երեսին,
երբ
իր
մասին
երեսուն
տարի
գրեթէ
ամէն
օր
գտեր
էի
ամենէն
իրաւ
ապրումներուն
անձրեւը,
իր
տաղերուն
բջիջներէն
քամուած։
Նայէի
նորէն
դեղնաւուն
լոյսով
բաբախուն
իր
դէմքին,
իր
քառակուսի
թղթեայ
դամբարանին
մէջ
այնքան
անզգած,
խաղաղ,
անուշ,
սիրելի,
որովհետեւ
ազա՜տ՝
ասդենականին
տխրութիւններէն։
Ու
յօրինուէր,
մտքի
փայլակնային
շողարձակման
մէջ
իր
ողբերգութիւնը,
իմ
մէջ
ու
իր
մէջ։
Ի՜նք՝
ա՛լ
ցանկալի,
անվերածելի։
Ես՝
այդ
փոխակերպումին
կախարդանքին
մէջ
դուրս
ինք
իրմէս։
Ու,
առանց
մտածած
ըլլալու,
իբր
թէ
կախարդական
մղումի
մը
մէջէն,
արձակէի
կախարդական
տողը՝
«…
Տե՛ս,
զիա՜րդ
գեղեցկացոյց
զիս
մահ,
արար
տարփելի
».
ու
իմ
ձայնէս
սթափած,
գտնէի
իմ
դատողի,
տառապողի
հաւասարակշռութիւնը։
Ինծի
կու
գայ,
այդ
տողէն
ասդին
իմ
խօսածը
պիտի
ըլլար,
այդ
մարդոց
գլխուն,
մերձաւորապէս
հետեւեալը…
«…Այսպէս
է
գրած,
մահուան
իր
անկողինին,
թերեւս
անկէ
քանի
մը
օր
կամ
ժամ
առաջ,
մէկը
մեր
նոյնքան
իրաւ
բանաստեղծներէն,
որքան
Վահան
Թէքէեանն
է,
մեր
արժեւորման
մէջ։
Գրած
է
այդ
մէկը
տարօրինակ
այդ
տողը,
երբ
բացած
էր,
չփակուելու
համար,
մեր
ջուրերուն
վրայ,
իր
նաւակին
առագաստները
դէպի
մեծ
ծովերը
մեծ
Անծանօթին։
Այդ
մէկը,
հովին
ծփանքներէն
սարսռուն,
աչքերը
կը
պատրաստուէր
փակելու
իր
ներսը
ուրուացող
պատկերին
վրայ,
որ
դեղին,
դեղին,
դեղին
մաշկի
մը
մէջ
խորտուբորտ
յատակն
էր
իր
դէմքին,
ոսկոր
ու
ոսկոր,
ուրկէ
ըլլային
փոխած
հրաշքը
պատանիին,
առքը,
հմայքը
ծանր,
սրտոտ,
խանդավառ
երիտասարդին,
բոլոր
գրաւչութիւնը,
որով
կը
հարսնանան
մեր
միսերը,
մեր
այտերն
ի
վեր
ու
վար,
մեր
ճակտին
շքեղ
գմբէթներէն
լուսաւորուած,
ու
աչուըներուն
բեղուն
կրակովը
խենթացած։
Խոնաւ,
թոյլ,
լոյծ
ըսուելու
չափ
բզկտուած
կտա՜ւը
ծիւրախտաւոր
մահամերձի
երեսներուն։
Յետո՞յ։
Լման
բացէք
ձեր
մտքին
մէջ,
մատիտը
ձեռքին,
այդ
տողը
գրելու
վրայ
թշուառին
հոգին,
որպէսզի
զգաք,
թէ
որքա՛ն
քիչ
բան
/507/
են
մեր
բառերը,
բաղդատուած
մեր
ապրումներուն։
Ծով
մը
ապրո՜ւմ՝
էջի
մը
վրայ։
Այս
է
գիրը
գրողներուն։
Այդ
մէկը,
այդ
աչքերը,
տողին
կէսին
պիտի
փակէր
թուղթին,
զանոնք
բանալու
համար
պայծառ
հրաշքին
մէջը
աղջկան
մը
դէմքին,
պուպրիկ
որքան
գեղանի,
ամբողջ
որքան
միակտուր,
ձիւնէ
ու
կաթէ,
կրակէ
ու
շարպաթէ
դէմքը
պարմանուհիին։
Որուն
հետ,
այդ
մահամերձը
եղեր
էր
թեւ
թեւի,
տարիներ
ու
տարիներ,
թրթռագին,
խորունկ,
աղեկտուր
ընտանութեան
մը
մէջ,
լայն
ու
խորունկ
յուզումներով
լուսաւորուած,
ալեխռով
պահերու
երազունակ
հեքիաթով
մը,
աշխարհի
ամենէն
կախարդական
կայաններու,
ածուներու,
ափունքներու,
թաւուտներու
մթին
պաշտպանութեանը
մէջ։
Հեքիաթ
չէ
իմ
պատմածը,
այլ
կեանքը
զոյգի՜ն,
մէկուն
ողբերգութիւնը
արդէն
մօրը
կաթով
բիւրեղացած
միսին
ու
արեան
ճամբաներուն,
ջիղերը
ընծայող՝
ուրիշ
հրաշք,
մարմինին
շէնքը
զարնող՝
մեղրամոմին
դալկութեամբը,
բայց
հողին
ընելով
այդպէս
աղուոր,
հզօր,
փաղաղուն։
Ասիկա
հեքիաթն
է,
այսինքն
ողբերգութիւնը
պոլսեցի
դերձակորդիի
մը՝
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեանի։
Միւսին
ողբերգութիւնը՝
մօրմէն
գալու
տեղ,
հայրը
ունեցող
իրեն
արձակարան։
Որ
պիտի
հասուննայ
մատաղ
աղջնակի
անոր
միսերուն
ներսը,
ասոնք
ընելով
անդիմադրելի
գրաւչութիւնը
Արեւելքի
պարիկներուն,
պիտի
անցնի
միսերէն
անդին,
դպի
հոգիին
ալ
միգամածին
ու
պիտի
ընէ
այդ
հրաշքը
խռովք
ու
բռնկում,
ցոյց
ու
պչրանք,
թռիչք
ու
…
նկատում։
Սիրե՜լ։
Առաջինը
այդ
բառին
ետին
պիտի
դնէր
մեր
բանաստեղծութեան
մէջ
մինչեւ
իր
օրը
չլսուած
սարսուռները
մահապարտին,
որ
կեանքին
կը
ցանկայ
այդ
զգացումին
ընդմէջէն,
իրաւ
որքան
անդիմադրելի։
Երկրորդը
այդ
բառին
հետ
պիտի
խաղայ
սովորական
տրաման։
Մինչեւ
որ
վառին
բոլոր
ուժերը
տղուն
ու
կշտանան
ունայն
նկատումները
աղջկան։
Կեա՜նքը։
Դերերը։
Պատկերը։
Ու
…
հիւանդութիւնը։
Ու
փառքը։
Ու
ողբերգութիւնը։
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան
իր
տաղերուն
մէջ
մեզի
տուած
է
այդ
ամէնքէն
փշրանքներ
միայն։
Բայց…։
Մեր
բանաստեղծութիւնը
այդ
օրերուն
ողողուած
է
պատկերներով,
տեսիլներով,
հէնքերով,
ապրումներով,
որոնք
մեզի
քիչ
մը
տարօրինակ
կը
թուին
այսօր։
Սփիւռքը
չունի
թաւուտները,
ուր
հեւային
դէմ
դէմի
թշուառ
սիրտերը
աղջիկներուն
ու
մանչերուն,
հիմա
որ
պատանութիւնը
կեանքը
կը
սկսի
վախճանէն։
Սփիւռքը
չի
իսկ
մտածեր
խռովքին՝
խորշերու,
հովանոցակներու,
տաղաւարներու,
որոնց
ներսը
յաւիտենական
թեման,
կեանքը
վերածող
ամենէն
իրաւ,
ինչպէս
ամենէն
սուտ
երազին։
Վահան
Թէքէեան
/508/
գրած
է
տակաւին
իշխանական
պարտէզներէ
։
Աւելի
պարզ
մարդեր,
աւելի
հասարակ
բառերով
կարծած
են
սեւեռած
ըլլալ
անվերադարձ
ապրումներ։
Դուք
մոռցած
էք
հաւանաբար
Վոսփորայ
չքնաղ
ափունքները,
որպէսզի
բառի
տեղ
կեանքն
ունենայիք
ձեր
մտքի
ընդունարաններուն։
Գիտցէք
միայն,
որ
աշխարհի
երկրորդ
տեղեր
չունի
ձեր
աչքին
ու
հոգիին
ընծայելու
հեշտանք
ու
գինովութիւն,
երազ
ու
քաղցրութիւն,
խա՜ղ
ու
արիւն,
այն
չափով,
որքան
կ՚ընէ
այդ
ամէնը,
այդ
անիծակուռ
ափերուն
վրայ,
ուր
գոյնն
ու
ձեւը
արեամբ
են
ուլունքուած,
հողը
կը
տրոփէ
կիրքին
անմար
սլաքներէն,
ընդերքէն
դէպի
դուրս։
Որքա՜ն
շատ
են
ձայները
ու
որքա՜ն
խեղճ
մեր
ընկալչութիւնը։
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան
երգած
է
անտառները,
սոխակները,
գարունները,
զեփիւռները,
բոլոր
ասոնք
տարբեր՝
ձեր
ճանչցածներէն։
Եղիան
ունի
իր
մայիսները
։
Նոյնիսկ
ծանրագլուխ
պատանի
Ռեթէոս
Պէրպէրեանը,
կուսանին
չի
քաշուիր
տաղեր
նուիրելէ։
Ու
կը
յիշեմ
Պետրոսը,
կախարդական
որքան
անըմբռնելի…։
Այդ
բանաստեղծութիւնը
մեզի
կը
թուի
այսօր
մանկունակ,
տժգոյն,
անբովանդակ։
Ես
միայն
գիտեմ,
թէ
որքա՛ն
խորունկ
էին
անոր
ճամբաները,
կէս
դար
առաջ։
Կէս
դար
առաջ,
մեր
բանաստեղծները
—
իրաւն
ու
չիրաւը
նոյնիսկ
—
այնքան
ծանր,
թրթռագին,
նուաճող
ապրումներ
են
առած
այդ
վայրերէն։
Վերը
հպանցուած
ու
այսօր
մաշած
թուող
բառերուն
հետ,
մեր
քերթողները
ելեր
էին
յուզումի,
դողացեր՝
քաղցր,
վշտագին,
երկնահրաւէր
սարսուռը,
որ
ժամն
է
սիրոյ,
մեր
բոլորին
համար։
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան,
վերի
տողը
գրած
ատեն,
ինքզինք
կ՚երեւակայէ
մահէն
դարձած
ետ
այդ
տեղերը։
Բայց
աւելի
լաւ
է
այդ
փշրանքը
կարդալ
ամբողջ,
մի՛
մոռնաք,
մատիտով
գրուած
մահուան
շունչին
մէջ.
«Առանձին
է
այդ
տեղն,
այո՛,
եւ
անվեհեր
ես
կ՚իջնեմ
հոն,
Ու
մեռելոց
հովը
երբոր
գայ
աճիւննե՛րըս
խըլըրտել,
Ձմեռնական
մրրիկներու
մըռընչիւնով,
ճակտէս
ճերմակ
Իմ
պատանքը
մէկ
կողմ
առած,
ես
բազմելով
շիրմիս
վըրայ
«Եկուր»,
անոր
պիտի
ըսեմ.
«չեմ
ան
որմէ
կը
խորշէիր.
Տե՛ս,
ի՜նչպէս
գեղեցկացուց
մահը,
ըրաւ
զիս
տարփելի.
Միթէ
դարձեա՞լ
պիտի
ատես
զիս
շիրիմէն
ալ
անդին…»
—
Ո՜վ
բանդագուշանք,
ան
չի
լսեր
ու
չի
յիշեր—,
…
…
…
…
…
…
…
…
…
…
…
…
…
…
…
…
…
…
Ըզմայլագին՝
այդ
վարդերուն
պիտի
հոգիս
գայ
այցելու,
/509/
Մարգը
գըտնէ,
գտնէ
անտառն
ու
թռչուննե՛րը
երգեցիկ,
Ու
քեզ
միայն,
քաղցր
բարեկամ
որ
զիս
լալով
պիտի
յիշես…»։
Ու
մտքով
փոխադրուիլ
Գահիրէ,
դարձեալ
մահուան
մահիճի
մը
եզերքը,
հոն
գտնելու
համար
մէկը
մեր
իրաւ
բանաստեղծներէն,
վճարելու
վրայ
…
իր
պարտքը
սա
մեր
աշխարհին։
Մահամերձը
գրականութեան
ապրանք
մը
չէ,
ըսել
կ՚ուզեմ
պատրուակ
մը,
որպէսզի
գրել
գիտցողներ
շահագործեն
աժան
յուզումներ
ու
մեզի
տան
թրաժիքին
սարսուռը։
Կը
հրաժարիմ
ուրեմն
այդ
սենեակը,
պառկողը,
դեղին
հոտերովը
ծանրաբեռն,
բայց
դաշնային
հովով
մը
թրթռուն
գիշերը
վերակազմելէ։
Ո՛չ
պուրակը,
ո՛չ
հովանուտ
ափունքները
Վոսփորին։
Ո՛չ
թաւուտները։
Ո՛չ
ալ
արծաթ
մահիկը
լուսինին
«
նոճեաց
մէջէն
կաթող
»։
Այլ
ծանր
ճնշումը
անապատին,
որուն
հեւքը
հովին
բերնովը
կը
սողոսկի
Գահիրէի
տուներէն։
Անոնց
մէկուն
մէջ
վարձու
սենեա՜կը
անտուն,
անտէր,
անոք
բանաստեղծին։
Իր
անխուսափելի
վճարման
դիմաց,
հասկնալի
ասիկա։
Ո՛չ`
հոգեվարքներուն
գրական
յուզումները,
ո՛չ`
լացն
ու
կոծը
պզտիկներուն,
կիներուն,
մտերիմներուն,
որոնց
պաշտօնն
է
այդ
րոպեները
այնքան
իրաւ
մարդկայինով
մը
ծանրաբեռնել։
Ո՛չ՝
տէրտէրը,
ու
ժառանգութեան
առնետները։
Եւ
ո՛չ
ալ
պատրիարք,
երեսփոխան,
գրագէտ,
ուսուցչապետներ։
Վահան
Թէքէեան
քահանայ
մը
միայն
ուզեր
էր
քանի
մը
օր
առաջ
իր
թաղումէն։
Բայց
չըսին,
թէ
ո՞վ
էր
ուզեր
իր
հոգեվարքին։
Չեմ
շիներ
նախամահը,
որ
գրականութեան
կը
վերածուի
անպայման։
Բայց
պարտաւոր
եմ
տալ
ողբերգութիւնը,
ողբերգականը
Վահան
Թէքէեան
բանաստեղծին,
վասնզի
չեն
նմանիր
անոնք
մեզի
ծանօթ
յանգումներուն։
ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ,
որ
գուցէ
անոր
օրրանին
մէջ
ըրաւ
իր
սկիզբը,
հալածեց
անոր
մանկութիւնն
ու
պատանութիւնը,
Աստուծոյ
անուշիկ
արեւը
սեւ
ընող
հողերու
երեսին։
Պոլիսը
կախարդական
քաղաք
մը
ըլլալէ
առաջ
թրքութիւնն
էր,
վճռական
որքան
ամբողջական։
Ու
տղոց
հոգին
է,
որ
սեւ
այդ
ապրումները
կ՚առնէ
տիրական
հարազատութեամբ
մը։
Ըսեր
են՝
տրտում
է
արեւմտահայ
գրականութիւնը,
ու
չեն
մտածեր
թուրքին։
Ողբերգութիւնը,
որ
դառնացուց
անոր
երիտասարդութիւնը,
այս
անգամ
ուրիշ
տրամներէ
ճարած
կսկծանքով,
արցունքով։
Վահան
Թէքէեանի
գեղեցկագոյն
գեղօնները
գրուած
են
1900–էն
քիչ
ետք,
Եւրոպա,
այսինքն
շրջանի
մը,
որուն
վերլուծումը
թելադրօրէն
փորձեր
եմ
կանխող
էջերուն։
Որ
թանձր,
անխորտակելի
սուգի,
սեւի
հանգոյց
մը
ըրաւ
անոր
չափահասութիւնը,
աստանդական,
ամենէն
հզօր
ցա/510/ւերուն
նիզակները
կողին,
ու
ամենէն
անսփոփ
կորանքը
խորն
իր
հոգիին,
իր
այնքան
սիրած
ժողովուրդին
ներսը
աճող
կործանման
ազդմունքներով։
Ի՜նչ
դժբախտութիւն՝
որ
մեր
գրողներէն
իւրաքանչիւրին
համար
քննադատը
ստիպուած
ըլլայ
մեր
մեծ
ու
մէկ
ցաւը
բաժան–բաժան
ցրուելու,
բայց
անասելի
ճակատագիրովը
այդ
մասերուն
ինքնաբեր
աճումին։
Մեր
գրողները
միայն
մարդեր
չեն,
այս
կենդանիին
յատուկ
հակազդեցութիւններով,
խռովքներով,
այլ
են
հայեր,
այսինքն
ուրիշ
ողջակէզի
համար
ընտրուած
զոհեր,
որոնք
գիտակից
են
իրենց
սպասող
վախճանին։
Չի
հատնիր
սա
ողբերգութիւնը։
Ու
իմ
էջերը
քիչ։
Ողբերգութիւնը,
որ
վարձու
սենեակի
մը
մէջ,
մահուան
հետ
ալ
հանդերձուած
է
իր
աւարը
բաժնելու,
օտար
արեան
պատկանող
հիւանդապահուհիի
մը
մատներովը։
Դրէ՛ք
ուրեմն
սիրտէն
խղդուելու
սահմանուած
մարդու
կռնակին
բարձերը,
առատ–առատ,
թոյլ–թոյլ,
մինչեւ
որ
ամրանան
կապերը
քակուելու
վրայ
վանդակին,
որպէսզի
օդին
նիհար,
փրթուկ
թելիկը
քանի
մը
ժամ
եւս
յաջողի
ծակել
անցնիլ
շունչին
ճամբաները
խճողող
թանձրոյթները,
քալել
անոր
չորցած,
գրեթէ
կրացած
թոքին
հեռանկեալ
խորշերը,
ուր
արիւնը
դեռ
կը
յամառի
կարմրիլ
ու
տաքնալ…,
մինչ
այդ
վանդակին
վրայ
գա՛նկը՝
որուն
բացուած
են
ըլլալու
բոլոր
սահանքները,
փակոցները։
Խուժո՜ւմը՝
պայծառ,
խաժ,
երիտասարդ,
տրտում
ու
քաղցր
ապրումներուն,
որոնք
հիւսուեր
մնացեր
են
անոր
ոսկորներու
բաւիղներուն։
Լման
կեանքը,
որ՝
ետ
կը
դառնայ,
ո՛չ
իր
ըսածին
պէս
«յիշատակներու
ձեւով»,
«մի
առ
մի»,
այլ
ամբողջական,
անըմբռնելի,
անպարագրելի
իր
առատութեամբը,
ընդարձակութեամբը,
որ
այդ
համրուած
րոպեներուն
իբրեւ
պուտ
մը
պատկեր,
փունջ
մը
ձայն,
կծիկ
մը
սարսուռ,
թեւ
մը
հեշտանք
կը
մատուցուի
մեր
վայելումին։
Չունինք
ցաւ։
Չունինք
ընդվզում։
Խաղաղութեան
որոշ
զգացում
մը,
որ
կը
տարածուի,
կը
բռնէ
աչքերը,
անոնց
դաշտը
ողողելով
թափանցիկ
մշուշով
ու
կը
փրթի,
յեղակարծ
ու
անըմբռնելի։
Քեզի
այնպէս
կու
գայ
որ
կը
խեղդեն…։
Այդ
տագնապին
ընթացքին
դրէ՛ք
այդ
թշուառ,
կրակ,
կոտրտելու
չափ
վախկոտ
ափերը
խոնաւ
ու
տրոփուն
ափերուն
մէջը
հիւանդապահուհիին,
որ
աւանդութեան
օրիորդ
Սրբուհի
Վահանեանը
չէ
հոս,
ա՛ն՝
որ
աւելի
յետոյ
մեր
վէպին
Սրբուհի
Տիւսաբը
պիտի
ըլլար,
բայց
է
աղջիկը
ճակատագրէն
կարգադրուած,
ընդունելու
նախասահմանուած
իր
գուցէ
հեռու,
օտար,
քիչ
խռովեալ
ծոցին
մէջ,
վերջին
կայծերը,
շիջումին
սողոսկուն
հծծանքը,
շունչին
վերջին
թելերը
մեր
մեծագոյն
քերթողներէն
մէկուն։
Մի՛
վախնաք,
որ
կը
տարուիմ
աժան
զառիթափին,
գրականու/511/թիւն
ընելու։
Վահան
Թէքէեան
մահէն
չվախցող
մը
չէր։
Բայց
անոր
մասին
մտածելով
մաշեցուցած
էր
զգայութեանց
սրութիւնը։
Դուք
ամէնքդ,
որ
կը
կարդաք
սա
տողերը,
չէք
հաւատար,
որ
պիտի
ուզեմ
անոր
սնարին
զաւակները,
կինը,
սիրելիները,
համակիրները,
երամը
այն
հոգիներուն,
որոնց
հետ
անոր
երիտասարդութիւնը,
ուժը,
բանաստեղծական
ընտանութիւնը
եղել
էին
այնքան
իրական։
Ասոնք
բաներ՝
որ
հաշուի
կ՚առնուին
կանոնաւոր,
արդար,
անպարտ
մահուան
սեղանին։
Ողբերգութիւնը
չ՚երեւիր,
բայց
կը
քալէ։
Ու
անոր
սլաքին
ուղղութիւնը
մինչեւ
գերեզման
չի
շեղիր
մեր
օրէնքներուն
ձգողութեամբը։
Յետոյ,
հազիւ
կը
գիտակցիք,
թէ
թուղթի
վրայ
հոգի
տալը
փոխգիր
մը
ստորագրելու
կը
նմանի
մարդոց
մեծ
մասին
համար,
վճարման
հանդէպ
բացառիկ
այլուրութեամբ
մը
իրենցմէ։
Բայց,
մահիճին
մէջ,
հոգին
վճարելը
բոլորովին
ուրի՜շ
բան։
Կը
խօսիմ
ո՛չ
ապառիկ։
Կը
խօսիմ
իբրեւ
մէկը,
որ
անցած
է
յաւիտենութեան
կիշէէն,
առնելէ
ետքը
մուտքի
տոմսը,
Վահանին
չափ
առանձին։
Ես
ալ
եղայ,
այդ
վճարումը
ընելու
հարկի
մը
տակ։
Վարձու
սենեակին
տեղ
ինծի
սպասողը
հանրային
հիւանդանոցն
էր,
միջակուկ
գիւղաքաղաքի
մը
մէկ
խորշին։
Օտար,
օտար,
օտար՝
ամէնը,
մահիճէն
մինչեւ…
օդը։
Ամէն
ինչ
ոսկի
գիծերով
քաշուած
պատկեր
է
իմ
ներսը,
այլ
օրէն։
Տարիները
ո՛չ
մէկ
փայլ
յաջողեցան
անկէ
աղօտել։
Յստակ
էր
թաթը,
իր
պատգամին
մէջ։
Քանի
մը
րոպէ
բա՛ւ՝
որպէսզի
դադրէին
իմ
մարմինին
բոլոր
հպարտութիւնները,
թռէր
իմ
մէջէն
իմ
ուժերուն
ամբողջ
պարը
ու
մնայի
անկարող,
թարթիչով
իսկ
պատասխանելու
պահապանին,
որ
կը
ծխէր,
գողունի,
իր
սիկարը,
ընդդէմ
բժիշկին
արգելքին,
ու
կը
նայէր
իմ
շիջումին,
պարապին
մէջ
կորսուելու
վրայ
նաւակի
մը
նման։
Մա՜հն
էր:
Չունէի
ատոր
տարակոյսը։
Բայց
ահա՛
ձեզի
ուրիշ
ապրումներ։
Գիւղաքաղաքիկին
պարտէզներէն
գարնան
վաղահաս
հոտերը
թեթեւ,
զուարթ,
անտարբեր՝
գորշութեանը,
քրքրուած,
աղի
ու
այրող
գոյնին
իմ
ալ
անցումին,
մինակ,
իրաւ,
վճռուած։
Ու
լոյսի
կտորներ,
մեռնելու
մօտ
արեւէն,
որոնք
բանաստեղծին
ոսկի
անձրեւը
ըլլալէ
հեռու,
կեղծ
ու
սուտ
ջերմութիւններ
կը
դնէին
ջուրով,
սառով
ողողուած
իմ
ճակտին…։
Հիւանդապահուհի՜ն,
որ
հրաւիրուած
էր
թի-փարթիի
մը,
զիս
ստիպուած
լքելու
հետեւաբար
գիշերապահին,
պարեգօտաւոր
գեղջուկ
մը,
լեզուէն,
հոգիէն
ինծի
հիմնովին
օտար։
Բուսաւ
տղայ
մը,
խարտեաշ
ու
ցանոտ։
Ու
բուսաւ
բարիքով,
առնելու
համար
իր
ափին
մէջ
վարանոտ
թեւը
իմ
ափին։
Սկսած
էր
զգայութիւններու
տերեւթափը
իմ
մէջ
ու
իմ
մահիճը
բարձրացած
առաստաղին,
պատրաստ
/512/
խուժելու,
թռիչք
բանալու
միջոցն
ի
վար։
Տղան
կը
դողար
իմ
ափին
տրոփուն
տառապանքէն։
Ու
մնալու
համար
ամուր
իմ
նաւակին
մէջ
—
մահիճը
—
ես
հիւսեցի
իմ
մատները
տղուն
մատներուն։
Այրելու
վրայ,
հեռուէն,
աստղերը,
փշուր–փշուր,
ու
անոնց
կիզանուտ
շշունջը
կը
տրոփէր
իմ
բարձին
վրայ,
կարծես
չափին,
զարկին
անդրադարձ՝
բզկտուելու
վրայ
իմ
սրտին։
Յետո՜յ։
Կենա՛լը
տեւողութեան։
Կեանքին
կայլակը,
որ
կանգ
կ՚առնէ
կուրծքիդ
տակ։
Ու
նաւորդը,
հեքիաթին
ու
արուեստին
տժգոյն
արգոնաւորդը,
որ
աղ
ու
անհունութիւն
կը
հոտէր,
իր
կոտրտած
թիակներովը
ու
անգոյն
առագաստովը։
Ո՛չ
խեղճ,
ո՛չ
ալ
շքեղ,
զարդարուն՝
իր
նաւակը։
Գրողներուն,
սորվեցնողներուն
դագաղնե՜րը։
Ղրկեցի
տղան
իր
տունը։
Նաւորդը
բաւ
էր
ինծի։
Դուռին՝
կռնակը
աթոռին
փռած՝
պահապա՞նը,
որ
թի–փարթիի
գացած
հիւանդապահուհիին
հրամանը
կը
գործադրէր
իր
տեղէն
չշարժելու
…
մինչեւ
իրեն
գալը։
Բայց
հրամանները
կը
տրուին,
մտիկ
չըլլուելու
համար։
Գեղջուկը
ելաւ
աթոռէն։
Կը
քալէր,
ինծի
գալու
համար։
Կը
քալէր
գլխուն
վրայ,
ոտքերը
վեր,
պարապին։
Դուռէն
դէպի
իմ
մահիճը
միջոցը
—
աւելի
քիչ
քան
երեք
մեթր
—
կը
բացուէր,
կը
բացուէր
անհունութիւնը
եւ
իր
ծովերը
թելադրելու
չափ,
հեռանալով,
հեռանալով։
Ֆէլլահը
կը
քալէր,
կը
կտրէր
միջոցին
ամբաւ
շրջանակները
—
յիշեցի
Տանթէն
—
բայց
չէր
անհետեր,
իրարու
ետեւէ
բանալով
սահանքները
այդ
անհունութեանց։
Ո՜վ
թշուառութիւնը
մարդ
որակուած
նիւթի
կտորին,
երբ
ուժերը
կը
լքեն
զայն։
Ու
յիմարութիւնը
միւս
նիւթին,
անունը
հոգի,
որուն
պատեանը
փտտեր,
լուծուեր
քրտինքին
աղին
ու
ցաւին
ատամներուն
տակ։
Գրո՜ղը։
Հարկաւ։
Զուր
տեղը
չէ,
որ
իմ
մայրը
զիս
ունեցեր
էր
անոր
աստղին
տակ։
Չէի
կրցած
քաւել
ճակտի
գիրին
մեղքը,
կտրելով
աշխարհն
իմ
ցաւերուն,
հայէն
ու
թուրքէն,
իմաստունէն
ու
տգէտէն։
Բանաստեղծ
մը
չէի,
այսինքն
անուշիկ
պոլսեցի
մը,
որպէսզի
կնիկի
մը
սիրոյն
յանձն
առնէի
դառնալ
անդենականին
կայաններէն,
ետ,
հովուերգական
տեսարաններուն
համին,
փնտռելու
վերի
տրուած
կտորները
կեանքին,
մարգը,
պուրակը,
երգեցիկ
թռչունները
եւ…
Գրիգոր
Օտեանը,
որուն
հետ
իմ
հաշիւը
չէր
փակուած։
Ես
գրող
մը
չէի,
որ
հաւատայի
մահուամբ
գեղեցկանալու
առասպելին։
Օտեանի
հետ,
կրկին,
եկաւ
հայոց
աննման
եղերերգակ
բանաստեղծը։
Ու
իբրեւ
շուք
մը,
անոր
աւերակ
մահիճէն,
ոստայնուեցաւ
պայազատ
դէմքը,
դէմի
պատին,
Օրիորդ
Սրբուհի
Վահանեանի։
Ես
նկարագրել
չեմ
սիրած
աղջիկները,
որոնք
չեն
ծնած
թուղթի
կամ
կտաւի
վրայ
աղուորութիւններ
ծախելու։
Ձեզի
/513/
կը
ձգեմ
ուրեմն
յօրինել
ձեր
ուզածին
պէս
արեւմտահայ
գրականութեան
անդրանիկ
վիպասանուհիին
կենդանագիրը։
Իմ
տեսածը,
հիւանդանոցի
պատին
երեսին,
ձեւ
մըն
էր
կանացի,
բայց
պաղ,
աղուոր
բայց
վանիչ։
Չունէի
թուղթը,
մատիտը,
որպէսզի
անոր
մատերուն
սահեցնէի
վերի
կտորիկը։
Հոգեվարքը
բաւական
լուրջ
պահ
էր,
պատանիի
յիմարութիւններ
կրկնելու
համար,
երբ
այնքան
իրաւ,
լուրջ,
գիրքերը
կ՚ըսեն
ծանրակշիռ
հարցեր
դրուած
էին
մակոյկի
երկու
թիզ
տախտակին։
Իմ
սիրածնե՜րը,
կեանքէն
ինչպէս
մագաղաթէն,
երազէն
ինչպէս
թուրքով
ժանտաբար
իմ
կէս
դարուն
արիւնակոծ
դաշտերէն։
Այս
կորանքը,
կործանումը,
վերջին
սա
նիստին
հաստատելու
համար
չէի՜
ղրկուած
ես
սա
աշխարհը։
Ճամբեցի
զանոնք,
նեղսիրտ,
յիմար,
զայրացած։
Նաւորդը
կ՚աճապարէր,
անհանգիստ
ու
անհամբեր
կը
դառնար
երբ
կտոր
մը
կեանք,
դէմի
ամբաւ
ջուրէն
կը
փրթէր,
ինչպէս
պղպջակ
մը,
կը
հագնէր
դէմքի
մը
շրջագիծը,
կ՚ըլլար
աչք,
երես,
հոգի,
արցունք,
թռիչք,
ահաւոր
արագութեամբ
ու
կը
քայքայուէր,
իր
փոշին՝
ոսկի
ու
դեղին,
նետելով
իր
ներքեւ,
որմէ
կը
ծնէին
ուրիշներ։
Այս
հրաշախա՜ղը,
մահուան
աչքին
տակ։
…
Օգնութեամբը
ֆէլլահին
որ
եկել
էր
ինկած
բարձ
մը
տեղաւորելու
կռնակիս,
ինծի
այնպէս
եկաւ,
որ
իջեր
էի
նաւակին
խորը։
Ըսի՞,
թէ
թեւճակները
կոտրտած
էին,
ըլլալու
տեղ
հեքիաթին
ոսկիովը
շինուած։
Առագաստ
մը,
ճերմակ
գորշութեամբ,
բայց
ամփոփուած
ինչպէս
թեւը
հանգչող
թռչունին։
Յետո՞յ։
—
Բայց
ճամբորդութիւնը,
թեւին
բացուիլը,
որ
կը
քրքրուէր,
կը
փրթէր
ու
նորէն
կը
հիւսէր
ինքզինք։
Ու
անոր
թեզանը
միսն
էր
աստղերուն։
Ու
նաւակին
կշռոյթը
կը
մնար
հպատակ
իր
սրտին
զարկերուն,
յստա՜կ,
յստա՜կ,
իմ
բարձին
վրայ,
կարծես
հոն
ըլլար
ինքզինք
փոխադրած։
Ինչերնո՜ւդ
պէտք
մանրամասնութիւնները
այդ
ոդիսականին։
…
Երբ
լուսցաւ,
անհունութեան
ծովերը
ցամքեր
էին
իմ
շուրջը։
Իմ
նաւակը՝
կրկին
մահիճ։
Հիւանդանոցի
սրահը՝
իր
լքուն
մենութեանը
մէջ։
Նաւո՞րդը։
—
Ֆէլլահն
էր,
բարի
ժպիտը
խորտուբորտ
դէմքին,
յուսալից
ու
աւետաւոր։
Պատուհանէն
դուրս
լեռներուն
գորշ
սաւանները,
երկինքէն
վար
կախուած
կարծես
չորնալու։
Ջուրը
նաւակին
մէջն
էր
հիմա,
այնքան
թրջած
էին
բարձերը,
սաւանները,
որ
կը
լողար
իմ
խեղճ
մարմինը
«անոր
ալիքներուն»
մէջ։
Մօտի
տուներէն
կը
բացուէին
փեղկեր,
որոնց
մէջէն
գլուխներ,
լուրջն
ալ,
թեթեւն
ալ։
Պատուհանէ
մը
ամէն
դէմք
հարցում
մըն
է
ու
հրաւէր
մը։
Արեւը
մտաւ
հիւանդանոց,
գարնան
ճերմակ
արեւը։
Հիւանդապահուհի՛ն,
ուռած
աչքերով,
որ
կը
յայտնէր
բժիշկին
ուրախութիւնը,
վտանգը
/514/
անցուցած
ըլլալու։
Ուրեմն
ե՞տ
էի
նետուած։
Իմ
միտքը
թոյլ
էր,
ու
ծանր
միտքերու,
մտածումներու
համար
դիւրաբեկ։
Անհուն,
անհուն
խոնջէ՜նքը,
որ
պատահարին
տարօրինակ
խռովքովը
կը
թրթռար,
իմ
պաղած
մարմինը
նուաճելով
ինչպէս
դիակ
մը։
Այն
ատեն
է,
որ
աստուածային
արագութեամբ
ինծի
բերուեցաւ
իրաւ
կշիռը
մահուան
ու
կեանքին
—
գումարը
մեր
բոլոր
յոյզերուն,
այնքան
ծանր,
բզկտող
ու
այնքան
անկշիռ,
քանի
որ
պուտ
մը
քրտինքի
մէջ
մենք
կը
հալեցնենք
լման
գարուն
մը
գեղեցկութիւն,
ու
թեւ
մը
արցունքի
վրայ
ճամբու
կը
դնենք,
կ՚արձակենք
այնքան
ծանր
հպարտութիւններ,
հաւատքներ
մեզմէ
ու
մեր
շուրջէն։
Զգացի,
որ
չունէի
զիղջը,
կարօտը,
վախերը,
որոնք
սովորաբար
զուգորդ
կ՚ըլլան
վերը
տրուածին
նման
վտանգաւոր
վիճակներու։
Լո՛յսը։
Հեռանիստ
լեռներու
դեղնաւուն
խաղաղութիւնը։
Կեա՜նքը,
իր
անհուն
իրաւութեամբը։
Կեանքը,
որուն
մէկ
ծորակը
ինձմէ
դուրս
պուտ-պուտ
բան
մը
կաթէր։
Վտա՜նգը։
Զոր
կը
չափենք
երբ
անցած
ենք
մէջէն։
Ու
լքում։
Ու
առանձնանալու
զօրաւոր
կարօտ
մը։
Ներս
առին,
իր
պնդումին
վրայ
կին
մը
սեւաւոր։
Լաչակը
կը
յիշեցնէր
լուսանկարին
մէջ
կինը,
որ
ընդունած
էր
հոգին
Պէշիկթաշլեան
բանաստեղծին։
Եղաւ
մտքիս
պահը,
1915–ին,
երբ
զիս
ազատելու
համար
թուրքերուն
հալածանքէն,
փախցուցին
սենեակը,
ուր
մեռած
էր
Մ.
Պէշիկթաշլեան։
…
Տարիք
չկար
իր
դէմքին։
Քաղցր։
Մա՞յր։
Կի՞ն,
դժուար
էր
ճշդել։
Տուաւ
իր
բարեւը,
հազիւ
լսելի
շշուկով։
Տեսայ,
որ
լաչակին
տակէն
ճերմակ
փունջեր
կը
պրկուէին։
Մայրապե՞տ
մը,
որ
եկած
ըլլար
մահամերձին
հոգեվարքը
դիւրացնելու,
լռին
աղօթքով։
Ո՛չ
խաչ։
Ո՛չ
ճերմակ
գլխանոց։
Բայց
պատուհանէն
խուժող
զով
պայծառութեան
մէջ,
թերեւս
զգայախաբութեան
մը
գնով,
անոր
դէմքը
գիծ
առ
գիծ
կրկնեց
կաղապարը
հնօրեայ
լուսանկարին
մէջ
սեւեռուած
պատկերին,
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան
իրաւ
բանաստեղծին
սնարին,
հոգեվարքի
րոպէին։
Կը
զարմանայի
մտքի
սա
չափազանց
արագ
շրջումներուն:
Կարեկից,
գրեթէ
մտերիմ։
Մատովը
շրթունքին,
կ՚արգիլէր
ինծի
խօսքը։
Կու
գայ
օրը,
երբ
բառի
մը
քառորդը
կ՚ըլլայ
ծանր
աւելի
քան
լման
լեռ
մը։
Ու
չունէի
կարողութիւն
նոյնիսկ
չնայելու։
Դուռին՝
ուրիշ
մը։
Վախկոտ։
Զգուշաւոր։
Կոխելով
կրունկներուն
վրայ։
Վերէն
վար
սեւ։
Բայց
այդ
սուգին
վրայ
արձանային
բան
մը,
զոր
չես
կրնար
գոյնով
մը
արտայայտել։
Դէ՛մքը։
Ճերմակէն
տարբեր,
ինծի
ընտանի՝
իմ
ծննդավայրին
թաւշային
կտաւովը
աղջիկներու
երեսին։
Կը
դողդղար,
բայց
չէր
ըլլար
դասական
վարդը
այդ
այտերուն,
այնքան
չարագուշակ
քսան
մտնող
պարմաններուն
համար,
ո/515/րոնք
այդ
կարմրաւուն
դեղնութեան
մէջէն
պիտի
հալին
ու
շոգիանան։
Սեւ
իրանին
վրայ
այդ
կաղապարը
կը
թուէր
դրուած
ըլլալ
տարօրինակ
արուեստագէտի
մը
մատուըներով։
Կի՞ն։
Աղջի՞կ։
Իմ
նայուածքը
անկարող
միշտ
նայելու,
բայց
իմ
միտքը
արտակարգ
հնոց,
ուր
ձեւերն
ու
յոյզերը
կը
փոխուէին
ակնթարթային
արագութեամբ,
հոգիի
միգամածին
մէջ
անդադար
վերակազմուելով։
Բարեւեց։
Ու
անոր
բարակ,
մութի
վրայ,
խորհրդով
ժպիտը
բուսաւ,
թրթռաց,
տարտղնեցաւ,
ինչպէս
վառը
բանաստեղծին,
դէմքը
ընելով
այլայլուն,
անհասկնալի,
սփինքսը
Եգիպտոսին,
որ
խուժեց
վրաս,
անդիմադրելի,
մահահոտ
ու
դեղին…։
Ժպիտը,
նման
բանաստեղծին
վառին,
զոր
մեղմ
հով
մը
ծալլէր,
այս
անգամ,
ինչպէս
դեղնաւուն
փրփուրէ
մը,
ինծի
կը
բերէր
աւանդութեան
Սրբուհի
Վահանեանը։
Գտայ,
որ
մազերու
յարդարանքը,
երեսներուն
կաղապարը,
մարմնին
լման
հովը
ինծի
կը
թելադրէին,
միշտ
անդիմադրելի
ճնշումով,
Պոլիսը,
իր
գոյները,
իր
կիները
—
այնքան
տարբեր
Միջին
Արեւելքի
հասարակաց
պատկերներէն։
Խեղճ
ու
պատառ
սա
քաղաքիկին
մէջ
իմ
տեսածը
չէր
զետեղելի։
Կի՞ն։
Աղջի՞կ։
Բայց
մանկամարդ,
շփոթութիւն
ստեղծելու
չափ,
երբ
անակնկալը
մեզ
կը
զարնէ։
Ու
խորհրդաւոր,
ինչպէս
գիտէ
ըլլալ
կինը
երբ
կ՚ուզէ,
նայեցաւ
հանդարտ,
վախկոտ,
մանրցող
աչուըներով,
նման
մէկուն,
որ
բան
մը
կը
փնտռէ
ու
կը
տառապի
այդ
փնտռածին
հաշւոյն։
Չխօսեցաւ։
Կը
յարգուէր
բժիշկին
հրամանը։
Նայելու
անկարող
իմ
աչքերը
կրկին
անցան
մշուշին
գօտիէն,
որ
քառորդ
ժամը
անգամ
մը
զիս
կը
փաթթէր,
կը
թեթեւցնէր,
կը
նետէր
անհունութեան
ջուրերուն,
վրան
նաւակը,
առագաստով
ու
նաւորդով։
Ուզեցի
փակել
թարթիչներս,
որոնք
երկաթի
պէս
սառած
էին
ու
չշարժեցան։
Ու
ամբողջ
տեսարա՛նը՝
որ
պատմեցի
ձեզի
քիչ
վերը։
Իմ
միտքը,
այդ
միգամածին
մէջ,
ինչպէս
կարմիր
փարոս
մը։
Հոն
էր
ան,
տրամային
սկիզբէն
իսկ,
որ
կը
յաղթահարէր
այդ
մշուշներուն
սեւ
ու
ճերմակ
կաթերը:
Ու
իմ
միտքը,
որ
կ՚ընէր
իր
դերը,
աննահանջ
ու
աննուաղ,
հեգնելով
իմ
մարմինին
ողբալի
խլեակը։
Տեսայ,
որ
փոխեց
նստարանը։
Արեւը
կ՚առնէր,
առտուան
հինա
արեւը,
քիչ
մը
տժգոյն
իր
երեսներուն
մարմարին։
Այդ
ցոլացիկ
շղարշին
տակ
ներկին,
զարդին,
յարդարանքին
պակասը
տպաւորիչ։
Բարակ
էր,
թրթռագին,
տառապահար
իր
նայուածքը,
զոր
ծանր
ցաւեր,
թերեւս
սուգեր
—
սեւ
իր
պատմուճա՜նը
—
կը
հիւսէին
անորակելի
գրաւչութեան
մը
մէջ,
որ
մեր
կնիքն
է,
մեր
ամենէն
անաղարտելի
հոգեմասը,
երբեմն
մորթով,
երբեմն
ձայնով,
երբեմն
հովով,
մտքով,
կիրքով
կերպարանուած,
մեզ
ընելով
/516/
հաւատարիմ
մեր
ներքին
իրաւութեան։
Արեւը՝
առա՛տ։
Կը
հետեւէի
զգայութիւններու
սա
դժուար,
տարօրինակ
բայց
սրտառուչ
հանդէսին,
զոր
մահը
կ՚ընէր
այնքան
եղերական։
Տղաքը
պիտի
ախորժէին
այս
ամէնը
վերլուծել,
առնուազն
իրաւ
քերթուածի
վերածել։
Ես
վեր
էի
թուղթէն
ինչպէս
տարիքէն։
Ո՞վ
էր։
Ինչո՞ւ
էր
եկած։
Ի՞նչ
կ՚ուզէր
մանաւանդ։
Կը
հարցնէր
իմ
միտքը
ու
կը
գործէր։
Այսինքն
կը
դասաւորէր
զգայութիւնները
եւ
կը
խուզարկէր
ալքերը։
Այդքան
վաղատի
ու
այդքան
տրտում։
Ո՞վ
էր
գրեր
այդ
պատգամը
այդ
արձանին
վրայ։
Պայծառ,
իմ
միտքը
բերաւ
իմ
առջեւ
Պէշիկթաշլեանի
արձակը,
ուր
նման
տեսիլք
մը
կ՚ուրուագծուի։
Օրթագիւղի
վաղամեռ
բանաստեղծը,
զմայլելի
այդ
բխումը
տեսիլքին
անկարող
էր
եղած
կառավարելու։
Անդրադարձայ,
որ
մեր
միտքը
անկարող
է
դիմանալու
կարգ
մը
ծանրութիւններու։
Պէշիկթաշլեան
հաւանաբար
գրեր
էր
այդ
սքանչելի
բուխքով
քերթուածը
իմինին
շատ
մօտիկ
պայմաններու
մէջ,
նուաճեր
անոր
քանի
մը
մասերը,
յետոյ
մատնուեր,
մատերէն
ինչպէս
հաւանաբար
ուղեղէն,
զոր
միգամածը
—
տիեզերքին
արարչանիւթը
կամ
մահափոշին
—
իր
բիւրաւոր
ատամներովը
կ՚աղար
ու
կ՚աղար։
Այս
հատնումի,
փշրուելու
զգայութեանց
ետեւէն
էր
որ,
միշտ
ենթադրաբար,
եկած
էր
սովորական
նկարագրութիւնը,
այնքան
անկնիք,
երբ
մենք
փոխանակ
ստեղծելու,
կը
յիշենք,
այսինքն
հին
մոխիրներ
կը
ջանանք
ջերմացնել։
Ցաւեր
էի
սա
շքեղ
սկիզբին
սա
հասարակին
մէջ
շիջումին։
Հիմա
կը
հարցնէի,
մտովի,
ապրա՞ծ
էր
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան
սա
տրաման,
ուր
մահուան
դերակատարութիւնը
կ՚ընկերանար
կենդանութեան
սա
հրաշքներով։
Աւանդութիւնը
չըսեր,
թէ
Սրբուհի
Վահանեան
փակած
ըլլայ
անոր
թարթիչները։
Խաղաղ
էր
իմ
համակերպումը։
Ծովերը,
ցաւերը,
նաւորդը,
մանաւանդ
նաւակը
կը
քալէին
հեռու,
աւելի
խորունկ
բաներու
մէջ
ընկղմելու,
մինչ
նայուածքիս
պղտոր
դաշտին
վրայ
շքեղ
տեսիլքը,
ո՛չ
Պէշիկթաշլեանի,
այլ
սա
խեղճուկ
քաղաքիկին,
կերպարանքը
հագած
եգիպտական
սփինքսին,
հաւատարիմ
իր
իմաստին։
Ճակատագրէն
յարդարուած
փարթամ
հերքո՞ւմ
մը,
այսպէս
անակնկալ
ու
անժամանակ
անցումներուն
դիմաց,
կուշտին,
եզրին.
աղուոր,
ամբարձիկ,
անդիմադրելի։
Որուն
հետ
մենք
պարտաւոր
ենք
հաշտուիլ
իւրաքանչիւրս
մեր
օրին,
ընդդէմ
աշխարհ
մը
ձգողութիւններու,
կեանքին
բիւրաւոր
լարերուն,
երբ
հառաչի
մը
մէջ
կը
պարպենք
անյատակ
ծովը
մեր
կարօտներուն,
արցունքի
մը
մէջ
կ՚այրենք
մեր
սրտին
բոլոր
կրակները,
մեր
մատները
հիւսած
սիրելիներու,
մեր
ծարաւը
կեանքէն՝
մէկ
կաթիլի
մէջ
…
խղդելով։
Երբեմն
խելօք։
Երբեմն
թատե/517/րական։
Ուզեր
էի
հոգեվարքը
բոլորովին
առանձին։
Ուզեր
էի,
որ
իմ
շիջումը
չըլլար
այն
անջնջելի
տրտմութիւնը,
որ
ահա
մօրմէս
կը
մնար
իմ
մէջ,
հասուն
երիտասարդի
անզգածութիւնս
չարաչար
հերքելով
ու
դիմանալով,
գալու
համար
սա
րոպէներուն։
Ու
իմ
մա՜յրը։
Ամբողջ
աշխատանք։
Ամբողջ
ողբերգութի՜ւն։
Տարին
այդ
անուշիկ
կինը։
Տեսիլքը,
որ
կը
փոխուէր
ու
կը
զարգանար։
Հոգեվարքը,
որ
կեանքին
բուքը
ինչպէս
կ՚իյնար
իմ
զգայարանքներուն
ցանցերուն։
Գերեզմա՛նը՝
իր
բոլոր
իրաւութեամբը,
սեւով
ու
ճճիներով,
հոտովը
մանաւանդ։
Ու
աչքիս
տակ,
մշուշէն
ազատագրուած,
արեւով
թրթռուն՝
երիտասարդութիւնը,
իր
բոլոր
հասակովը,
պատրանքներովը
ու
բանով
մը
տակաւին,
զոր
չենք
կրնար
վերլուծել
բայց
իրաւ
է
ահաւոր
իրաւութեամբ
մը,
մահուան
պէս,
որուն
չենք
հաւատար,
սիրոյ
պէս,
զոր
չենք
հասկնար,
բայց
որոնց
երկուքին
միջեւ
կախարդական
հիւսուած
մըն
է
մարդ
ըսուած
բջիջներու
խուրձը։
Վէպերը,
զայն՝
այդ
անորակելին
կ՚անուանէին
մահէն
ալ
հզօր:
Փոխաբերութիւնը
կը
հասկնայի
մահուան
մղելու
ազդակ
մը
ինչպէս։
Հիմա՞։
Նեղուեցայ,
որ
կը
մտածէի։
Յարութիւն
կ՚առնէր
իմ
մէջ
այնքան
անտեղի
կերպով
մը
վիպասանը,
որ
յաղթահարած
էր
այնքան
անգամներ
հոգեվարքները,
մահը։
Եկեր
էր
առաջին
փլանի։
Ու
կը
վերածէք
սա
տրաման
ճամբան
ինկած
արուեստագէտին,
զոր
անծանօթ
մը
կ՚առնէ
իր
թեւերուն
ու
կը
տանի…։
Ձեր
ինչո՜ւն
պէտք,
թէ
այդ
գարնային
առտուն,
այդ
անուշիկ
արեւին
մէջ
իմ
երեւակայութիւնը
ինչեր
ոստայնեց,
պատառ
մը
կտաւին
վրայ
ժամանակին,
ուր
կնոջ
մը
լոյսը
իյնար
իբրեւ
գոյն
ու
անոր
խորհուրդը
ողողէր
անոր
բջիջները։
Ուրի՞շ։
Բայց
ձեր
ինչո՞ւն
է
պէտք
հոգեվարքին
ու
կեանքին
սա
անթարգմանելի
ճակատումը։
Գիտցէ՛ք
միայն,
որ
այդ
տրաման
ամենօրեայ
սեւ
հացն
է
մարդոց
մէկ
մասին։
Տրամա՝
որ
կու
գայ
հովէն
ու
ծովէն,
փողոցէն
ու
դաշտէն,
ու
երբեմն,
ձեզի
հոս
տրուածին
յար
եւ
նման
կերպարանք
կ՚ըլլայ
տեսիլքի
մը
մէջ,
հիւանդանոց
մը,
խորը
մահիճին,
որ
կ՚ըլլայ
յարդարուն
ինչպէս
մահաբեմ
մը,
լոյսով,
շուքով,
խոտով,
ծաղիկով,
վրան
արցունքին
մանեակը,
աղօթքին
ծիրանին,
կարօտին
մորենին
ու
անսփոփ
ցաւին
հիւսիսայգը,
տարօրինակ,
բայց
դարձեալ
հաշտ
կեանքին,
բայց
իրա՜ւ,
ամէն
բանէ
առաջ,
պառկողին
ինչպէս
սնարքին
անբարբառ
աղօթողին
համար:
Վասնզի
նոր
չէ,
որ
գեղեցկութիւնն
ու
մահը,
երիտասարդութիւնն
ու
արեան
աղէտները
պիտի
քալեն
քով
քովի,
իրարմէ
հալածական,
բայց
իրարու
ընկեր,
յանգելու
համար
պարզագոյն
կէտին
—
փոսիկին,
ուր
կը
դիզուին
լեռները
մեր
հպարտութեանց,
կը
խտանան
/518/
ծովերը
մեր
շնորհներուն,
անտառները
մեր
խռովքներուն,
մեր
գրաւչութիւնը,
որուն
վրայ
այնքան
աւելորդ
տնտեսութեամբ
մը
կը
շահադիտենք
երբեմն,
մեր
տաղանդը,
զոր
կ՚աճեցնենք,
երկինքները
անով
վրանելու
մեր
միամտութիւնը
յիմարաբար
արժեւորելով,
մեր
անգթութիւնները,
որոնք
կ՚ոսկեզօծենք
հրապարակէն
ճարուած
պատգամներուն
կեղծիքովը,
ու
այս
ամէնուն
համադրական
հրաշալիքը,
թարմ,
աղուոր
կամ
հասուն,
իմաստով
բիւրեղակերպ
կամ
զառամ
տարիքէն
դիցաբար,
մեր
մարմի՜նը,
մահուան
համար
անուշիկ
հանդէս։
Այս
ամէնը
կ՚անցնէին
իմ
մտքին
դաշտէն
քաղցր
խորհուրդին
մէջ
անոր
նայուածքին։
Հով
մը,
քիչ
մը
յանդուգն,
դողացուց
գլխէս
կախ
մարմաշը։
Այդ
ծփանքը
զիս
բերաւ
ետ
իմ
իրաւ
բեմին։
Հոն
էին։
Մայր
ու
աղջի՞կ։
Հարս
ու
կեսո՞ւր։
Բոլորովին
անծանօթնե՞ր
իրարու։
Ուրուացաւ
ներսէս
կարօտ
մը
անոնց
ձայնին,
բայց
զսպուեցաւ։
Ձայնին
շղարշը
աւելի
դժուար
կը
պատռտուի
մեր
հոգիին
երեսին,
աւելի
կպչուն
ըլլալուն։
Տեսիլքին
մէջ
այդ
նոր
տարրը
նոր
տագնապ
մըն
էր
ըլլալու։
Ո՛րն
ալ
ըլլային
այդ
հակադրութիւններէն,
անոնք,
այդ
երկուքը,
ինծի
կը
պատկերէին
երկու
եզրերը
կամուրջին,
որուն
տակէն
կ՚անցնէր
կեանքին
գետը,
իր
հասակին
բոլոր
զանազանութիւնները
համադրելու
համար
այդ
արձաններուն
ետին։
Լաչակէն
առաջ
ու
վէտերով
վիրաւոր
ձորձէն
առաջ,
իր
դէմքին,
այդ
կինն
ալ
հագած
քալեր
էր
մանկամարդին
հրաշահիւս
ոստայնը
իբրեւ
երես,
ասոր
աչքերուն
խուզարկու
հուրքը
այրեր՝
խնկամանին
խորը
իր
նայուածքին,
ու
տարիներ,
թարմութեան,
գեղեցկութեան,
գարունքի՝
ըրեր
էր
իր
կուրծքը
անդաստան
սիրոյ,
բարիքի,
հաւանաբար
ողկոյզ
մը
տղոց
ապրեցնելով,
անոր
սարերուն
ճերմակ
բուխքովը։
Լաչակէն
հիմա
կալանաւոր
անոր
մազերը
թռեր
էին
պարին
մէջը
կիրքին
ու
վայելքին,
կուշտ
հոգիին
ու
հաճ
հերոսութեան,
թերեւս
մորթուած
ամուսինի
մը
տոչորուն
յիշատակէն
կրկնապէս
տառապելով։
Ո՜ր
հայ
կինը
մօտիկէն
չէ
անցած
ամենէն
սեւ
«արիւններուն
ու
ամենէն
անաստուած
տեսարաններուն։
Հիմա
խաղաղութի՜ւնը,
որ
կը
սկսէր
ճերմակ
մազերուն
գերեզմանովը։
Անցաւ
գլխուս
կողմը։
Հաւանաբար
աղօթք
մը
փսփսալու։
Հին
աւանդութիւն
մը
հոգեդարձները
խորհրդաւոր
ուժերու
հաղորդ
կը
նկատէ։
Տեսեր
էի
պզտիկներ,
որոնք
իրենց
մօրը
ձեռքերով
կը
դրուէին
փակաչք,
բայց
շունչը
վրան
հոգեվարներու
ծոցը։
Շշո՜ւնջ։
Շատ
բարակ։
Բայց
մանկամարդը
կեցաւ
իմ
աչքի
դաշտին,
թեթեւ,
պարզ,
մութ
մնալ
ուզող
ու
ատոր
անկարող։
Այտերուն՝
իբրեւ
արիւնը
հոգիին՝
նուրբ
ժպի՛տը,
զոր
արեւը
կ՚օծէր
իր
կոտրտուն
դեղինովը,
/519/
ցայտումի
հանելով
յատակին
մարմարեայ
ճերմակութիւնը։
Ու
անոր
աչքերը,
որոնք
նայելու
ատեն
կը
բացուէին
հեռու–հեռու
բաներու,
ո՛վ
գիտէ
ի՛նչ
մթութիւններու,
փայլակներու,
հրդեհներու,
ասոնցմէ
առնելով
կարծես
մէկ
մասը
իրենց
խռովքին։
Որքա՛ն
մենք
զմեզ
կը
տեսնենք
երբեմն
ուրիշներու
մէջէն։
Առի
ձայնն
ալ,
որ
անգայտ
շղարշ
մըն
էր։
Նկարագրելը
ձեզմէ։
Կ՚ըսէր
իր
մնաք–բարովը
ու
մաղթանքը
առողջութեան,
սովորական
ըլլալու
ճիգի
մը
մէջ
թեթեւ
մը
անհանգիստ։
Հիմնովին
անծանօթ
բերանների
բառերը
երբեմն
տարօրէն
ընտանի
կու
գան
մեզի,
թերեւս
անոր
համար,
որ
մեր
բառերն
են
որ
ուրիշներէ
կը
դառնան
մեզի։
Մինակութիւնը,
որուն
պահանջն
ունէի
ու
գործադրեր
էի
լման
գիշերուան
վրայ,
մէկէն
ինքզինք
իբր
վախ,
անհանգստութիւն
կը
լեցնէր
իմ
սենեակը։
Տրտմութիւն,
բեկում,
ցաւ,
կարօտ,
կարճ՝
կեանքը
որ
այդ
մեկնումներով
ինքզինք
կը
հարկադրէր
ինծի։
Սանդուղին՝
քայլերը,
հա՛տ–հա՛տ,
բանաստեղծ
մը
պիտի
գրէր՝
կաթ-կաթ։
Անծանօթին,
անդունդին,
ապառնիին
վրայ
թափուող,
ինչպէս
գուղձերը
հողին,
որոնք
իյնային
փոս
իջած
դագաղի
մը
վրայ։
Ու
արե՛ւը։
Շքեղ,
լեցուն,
որ
մարմարներ
փնտռէր
զանոնք
ցոլաւորելու,
ու
երեսներ՝
անոնց
վրայ
կրակ
ըլլալու։
…։
Մինա՜կ։
Աչքերս
միշտ
պատուհանին,
ուրկէ
անդին՝
գորշ
ծովը
անհունին։
Պատին
ներսը՝
հաւանաբար,
կը
ծփար
իր
սպասումին
մէջ
անհամբեր՝
նաւակը,
ու
կը
զգայի
աններկայ
նաւորդին
ալ
ծանրութիւնը։
Ո՞ւր՝
հիւանդապահ
աղջիկը։
Ո՞ւր՝
անոր
օգնական
ֆէլլահը։
Ոչ
ո՜ք։
Ի՜նչ
կարօտ
իմ
ներսը,
մարդերէ
ու
մարդերու։
Գացած
էին
թերեւս
անդարձ
երկու
կիները,
անծանօթ
ինչպէս
եկած
էին։
Ու
չէի
զգար
կարիքը
գիտնալու,
ճանչնալու։
Գլուխ
գլխի,
կուշտ
կուշտի,
նոյն
սեղանին
շուրջը
մենք
երբեմն
կ՚ապրինք
տարիներով
անծանօթ
իրարու,
ու
կը
ճանչնանք
զիրար,
փայլակի
մը
թեւին
վրայ,
անվերածելի
ստուգութեամբ
մը,
առանց
որ
մէկը
մեր
շուքերը
մատուցանէր
իրարու։
Գացին։
Կու
գան
ու
կ՚երթան,
ո՛չ
միշտ
անշուշտ
երգին
պարզութեամբը,
տաքութեամբը,
լաւատեսութեամբը։
Կու
գանք,
չենք
գիտեր
ուրկէ՛
ղրկուած։
Կ՚երթանք,
լռելեայն
առած
պահած
մեր
ծոցին,
հասցէներ,
որոնք
չեն
կարդացուիր
յստակ,
բայց
կ՚ըսեն
գերեզմաններ
ու
արիւններ։
Այնքան
տարօրինակ
են
մեր
ճամբաները
ու
այնքան
անվաւեր՝
անոնց
վերագրած
մեր
ապահովութիւնը։
Մենք
պիտի
քալենք
մեզմէ
ծածկուած
անդունդներու,
հասցէները
մեր
ծոցին։
Այդ
անդունդներու
շրթունքին
է,
որ
կը
պատռի
գիրը,
կ՚իյնայ
մեր
արիւնոտ
գարշապարին
ու
մեզի
կ՚ընէ
խելամուտ
լինելու,
զորս
այնքան
սուղ
կը
վճարենք,
պատրանքներու
/520/
նժարին
առջեւ,
այնքան
յիմար
կերպով
աճուրդի
հանելով
մեր
էութիւնն
ամբողջ։
…
Վերցուցէք
վարագոյրը։
Շղարշը
ծալլող
շրշիւնը
գրեթէ
կը
քսուէր
իմ
հոգիին,
ինչպէս
բանաստեղծին
«
մարմաշը
»։
Թռած
էր
տեսիլքը։
Դեղ
բերաւ
հիւանդապահ
աղջիկը,
թեթեւ,
անտարբեր,
բարի։
Ու
բերաւ
գացողներուն
բարեւները։
Յոգնութիւն՝
լոյսէն
որքան
բարեւէն։
Երթային
բարով։
Շատ
ուշ
կ՚իմանանք,
որ
ո՛չ
տեսիլքէն
կու
գանք,
ո՛չ
ալ
հասցէն
կու
տանք
մեր
հեքիաթին։
Կու
գանք
մարդոց
ճամբաներէն։
Ու
եկեր
էին
մարդոց
ճամբաներէն։
Ու
պիտի
ընենք
մենք
մեր
ճամբաները
համաձայն
մեր
սլաքներուն,
կողմնացոյցներուն։
Ու
խաղաղութիւն։
Օրը
կ՚ընէր
իր
հանդիսաւոր
սկիզբը,
տարօրէն
գաղջ,
պայծառ,
թաւիշ
ու
սնդուս
—
բանաստեղծ
մը
պիտի
ըսէր
թերեւս՝
համբոյր
առաւօտը՝
գարունին։
Ու
օրուան
հետ
կեանքը,
սովորական
իր
տոտիկներով։
Փողոցին
մէջ
մարդիկ
կը
ծախէին
կաթ
ու
հաւկիթ։
Ու
կը
ծախէին
կեանքը,
աժան,
առանց
տագնապի։
…
Ու
եկան
իմ
տղաքը,
թարմ,
միամիտ,
անուշիկ
ու
հիմա
այնքան
սրտառուչ,
որ
կը
վախնայի
իրենց
հասակն
իսկ
աչքերով
չափելէ։
Որոնք
քալեր
էին
ինծի
հետ,
պատառ-պատառ
շինելով
իրենց
մարմիններուն
հէնքը
ու
մանաւանդ
իրենց
հոգիին
կտաւը,
ինծի
հետ,
ինձմէ
հեռու,
օրուան
ապրումներուն
արձակած՝
լարերը
իրենց
զգայարանքներուն,
կեանքին
արտերէն,
ճամբաներուն՝
ուր
իմ
տառապանքն
էր
ինկեր,
կայքերուն՝
ուր
իմ
ցաւերը
ծորեր
էին
հեքիաթին
թռչուններուն
նման
իմ
սիրտը
կուց–կուց
կրծելով ..:
Զիս
խորապէս
կը
յուզէր
անոնց
դէմքին,
տարօրինակ
իրենց
լրջութիւնը,
սա
թեթեւութեան
տարիքին։
Ու
սուգը
կը
թուէր
զարկած
ըլլալ
այդ
մատաղութիւնները,
անոնց
աչքերուն
խորը
հագնելով
այն
յուսաբեկ
վախը,
համակերպութիւնը,
որ
իմ
մօրն
աչուըներէն
ես
կը
պահէի
սեւեռած
իմ
հոգիին
ամենէն
գաղտ
պատերուն,
հօրս
դագաղին
առջեւ…։
Իմ
տղա՜քը,
որոնք
չէին
կրնար
հաւատալ
պատկերին,
իրենց
կարգին,
իրենց
հօրը,
երէկ
այնքան
իրաւ,
դէգ,
այսօր
կծիկ,
լոյծ,
խլեակ
մը
ինչպէս։
Ու
կը
սահէր
փոխն
ի
փոխ
իր
խեղճ
նայուածքը
անոնց
խաժ
պատանութեանց
վրայէն,
ինծի
դարձնելով
քիչ
առաջուան
տեսիլքին
իմաստը,
աւելի
յստակ։
Ու
ցաւերուն
ցա՜ւը,
կեանքէն
ալ
վեր,
մահէն
ալ
վեր։
Վահան
Թէքէեան
այդ
ցաւը
ապրեր
էր
լման
կէս
դար,
անկէ
անպարտ
պառկելու
համար
իր
մահաբեմին։
Ան
անգիտացաւ
այդ
ցաւին
լրումը,
որ
իմն
էր
ահա,
այդ
մատղշուկ
ձեւերուն
դիմաց։
Ինձմէ
վերջ
ալ
գուցէ
սահմանուած,
թիապարտներու
նման,
կեանքի
ճամբուն
վրայ
կոտրելու
քարը,
ճակատագրին
անիւներուն
տակ,
ինչպէս
ես
կոտրեր
էի
այդ
քարերը,
/521/
շինելու
համար
նոյն
ճամբան,
նոյն
անիւներուն
համար։
Եկաւ,
անոնց
ետեւէն,
իմ
հայրը,
ո՛չ
հիւանդը,
ո՛չ
մեռածը,
ո՛չ
բանուորը,
այլ
այն
անմոռանալի
պատկերին
մէջ,
երբ
դեռ
մանո՜ւկ,
կը
դարձնէր
զիս
մօրս,
իմ
խեղճ
բեռը
ծանր
գտնելով,
հիմա
կը
խորհէի,
իր
բազուկներուն,
մինչ
կը
գոցուէին
իր
թարթիչները,
ուլունք–ուլունք,
արցունքով։
Ու
տարին…։
Եկաւ
իմ
տղոցս
ալ
մայրը,
պարզ,
վախկոտ,
շուար,
հեռու,
անզետեղելի։
Այնքան
անըմբռնելի՝
տեսարանը։
Դէմքին՝
անթեզան,
անկարան,
անզատելի
ցաւը,
չհասկնալով
իմ՝
յամառութիւնը
մահը
այսպէս
առանձին
դիմաւորելու։
Ու
իր
ցոյցին,
նեղութեան
վրայ
արձակեց
իմ
միամեայ
պզտիկը։
Իջաւ
ան
մօրը
ծոցէն,
կեանքին
ճամբուն
վրայ
իր
առաջին
քայլերը
բանալու
…
դէպի
մահիճը
հոգեվարքին։
Ի՜նչ
ողբերգութիւն
է
մարդկային
միտքը։
Կը
նայէին
պզտիկին
թռիչքին,
մոռցած
հիւանդը,
թերեւս
մահը։
Ես
կը
տեսնէի
պզտիկը
մահիճէն
բաժնող
միջոցին
երեսին
իմ
կէս
դարը,
ճամբան՝
որուն
վրայ
ամէն
օր
ճակատագրին
կրունկներուն
տակ
կոտրտեցի
իմ
քարերը։
Բայց
պզտիկը
հաւաքեց
իր
բոլոր
ուժերը,
կարծես,
թռչելու
պատրաստ
երազի
մը
նման,
ու
հասաւ
մահիճին,
միակտուր։
Անոր
թաթիկը,
գաղջ
կաթի
մը
պէս,
գոցեց
իմ
աչքերուն
արիւնը։
Ու
խաղաղութիւնն
էր,
որ
կ՚իջնէր
այդ
թաթիկին
տակ
եռացող
արցունքի
ծովին։
Մի՛
մտածէք
սակայն,
որ
մահը
ներկայացում
մըն
է,
սանկ
տարօրինակ
ու
հազուադէպ,
ու
մելոտրամ
՝
հոգին
յանձնելու
արարողութիւնը։
Ինծի
չեկան
աւանդութեան
հրեշտակները,
թերեւս
ուրիշ
տեղեր
զբաղած
ըլլալնուն։
Չեկան
նոյն
աւանդութեան
սատանաները,
թերեւս
զիս
անարժան
գտնելով
իրենց
կայաններուն,
այնքան
երբեմն
մարդը
կը
գերազանցուի
իր
հեքիաթովը։
Մի՛
ըսէք,
թէ
ի՛նչ
տեղ
ունին
սա
ապրումները,
սա
մտածումները
Վահան
Թէքէեան
իրաւ
բանաստեղծին
գործին
շուրջ։
Գիտեմ
սակայն,
թէ
ի՛նչ
կ՚ընեմ։
Գիտեմ,
որ
իրաւունք
ունի
մեր
ժողովուրդը,
որ
իր
մէկ
աւանդութեան
մէջ
թագաւորները
պալատ
առաջնորդելէ
առաջ
կը
բերէ
գերեզմանատուն,
կ՚առնէ
անոնց
գլուխը
ժամէն
դրուած
թագը
վար,
կ՚իջեցնէ
ծունկի
անոնց
ծիրանեփառ
մարմինը՝
Հանգստի
քարին
ու
կ՚արձակէ
անոնց
նայուածքը
միւս
շիրմաքարերուն…։
Ընթացք
տուի
իմ
ապրումներուն,
վասնզի
այնքան
անհերքելի
կերպով
ստոյգ
է,
որ
անոնք
ապրումներն
են
ըլլալու
բոլոր
անոնց,
որոնք
ապաժամ
այցելութիւնը
կ՚ընդունին
խորհրդաւոր
նախորդին։
Ընթացք
տուի
այս
ամէնուն,
շեշտելու
համար
միայն
ու
միայն
մարդկայինը,
որուն
լրիւ
թափացումը
այսքան
ծանրածանր
վտանգներու
սլաքները
կը
գործադրեն
մեր
անասնական
տարրին
/522/
վրայ։
Չեմ
գործածեր
աստուածայինը,
զոր
ԺԹ.
դարու
աժան
մտածողութիւնը
այնքան
մաշեցուց,
մեր
ներսի
իրապէս
անմեկնելի
գեղեցկութիւնները
բացատրելու
իր
յաւակնութեանց
մէջ։
Մեր
ժողովուրդը
որքա՛ն
մեծ
կը
մտածէ
երբ
այդ
մարդկայինը,
ասիկա
ըլլալու
արիւնոտ,
կսկծագին
փառքը
կը
վերապահէ
անոնց,
որոնք
հայր
կամ
մայր,
իրենց
սրտէն
փրթած
կտոր
մը
յանձնած
են
հողին։
Գերեզմանին
մէջ
փոս
մը
չբացողը,
մահէն
առաջ,
անարժան
էր
այդ
որակումին,
մարդ
ըլլալու։
Ու
մարդկայինը
մինակ
մահուան
մէջ
չէ,
որ
կը
հասուննայ։
Մարդկայինը
անհունապէս
կ՚անուշնայ,
կ՚իրաւնայ,
ձեզի
թելադրուած
պատերուն
անպարագիծ
հոծութեամբը։
Տասը
վայրկեա՜ն։
Որ
տասը
դարու
չափ
խիտ
է
պառկած
ահա
իմ
հոգիին։
Կ՚ըսեմ
այս
ամէնը,
վասնզի
այլեւս
անպատրաստ
չէք
քիչ
մը
դժուար
պարտքի
մը։
Պարտքին՝
ձեր
մտքին
թեւերովը,
վերադառնալու
Գահիրէ,
միշտ
գարնան
գիշերով
մը,
սանկ
անուշ
ու
բարակ
հովէ
մը
ծածանող
վարագոյր
մը
մեղմով
մէկդի
ընելու,
ու
գտնելու՝
հիւանդանոցին
տեղ,
վարձու
սենեակը,
որ
անոր
բանաստեղծութեան
մէջ
իրական
էակի
մը
չափ
անձուկ
ու
տառապանք
կը
պատմէ,
իր
մահիճին
երկարած
խաղաղ
պատկերովը
բանաստեղծին։
Ես
պատմեցի
իր
տրաման,
ու
հազիւ
յիշեցի,
թէ
վիպասան
մը
կար
իմ
հոգեվարքին։
Հիմա,
կը
հրաւիրուիք
մոռնալ
քերթողը,
այսինքն
մեր
այն
մասը,
զոր
մեր
ընկերութիւնը
կը
շնորհէ
մեզի,
մեր
պսակները,
վերադիրները,
ու
վերածել
պառկողը
իր
պարզագոյն,
մարդկային
իմաստին։
Հոն
է
ան։
Երեւակայելը
դժուա՞ր
արդեօք՝
ժամանակի
այն
կանգուն
մը
կտաւը,
րոպէն,
երբ
անոր
մահիճին
իր
ծունկը
կը
դնէր
Նաւորդը,
մէկ
մատը
անոր
սրտին,
միւսով
քաշելով
իր
նաւակը,
դէպի
յաւիտենութեան
քարափը,
մահուան
բեմը,
իր
առագաստը
բաց,
թերեւս
ծիրանեվառ,
թերեւս
համակ
սուտակ
ու
կարկեհան
—
մեր
արցունքները
հարկաւ
մէկը
կը
հաւաքէ
ու
կը
շարէ
այսպէս,
հիւսքը
յօրինելու
մեր
անտես
պատմուճանին,
մեր
հոգիին
պատանքին
—
դէպի
անրջային
բացութիւնները
անհուն
մահաստանին։
Ես
տեսայ
երկինքները,
որոնք
գիրքի
էջերու
նման
կը
բացուէին
ու
կը
գոցուէին,
երբեմն
մէկ
երեսի
վրայ
իմ
կեանքին
բոլոր
ցաւերովը
ոսկեգրուած…:
Երեւակայե՞լ
տակաւին,
Նաւորդին
մատին
տակ
պուտ-պուտ
լուծուող
սիրտը
բանաստեղծին,
ճերմակ
մոխիրի
վերածուող
ոսկորները
անոր,
ու
անոր
միսերուն,
լարերուն
փտիլը,
իրենք
իրենց,
իրենց
բոլոր
ծխնիներէն,
երբ
մեր
բազուկը
լեռնաշղթայի
մը
նման
կը
պառկի,
կ՚երկարի
մեր
կուշտին,
մինչ
մեր
ուղեղը
այս
անհուն
տկարացումը
կը
չափէ
հիւլէ
առ
հիւլէ։
Երեւակայե՞լ
տակաւին
անորակելի
այն
տե/523/սարանումը,
միգամածային,
մշուշ
ու
հաստատ
գիծերու
հիւսք
նոյն
ատեն,
երբ
մեր
աւերակոյտէն
կը
թռին
մեր
աշխարհներուն
կտորները,
այս
մէկը
մեր
մանկութիւնը,
այնքան
անուշ,
անդիմադրելի,
այն
միւսը
մեր
պատանութիւնը,
զոր
կը
չափենք
ինչպէս
մոխիրը
ամենէն
թանկ
ադամանդին,
մեր
երիտասարդութիւնը,
ամառն
ու
աշունը,
իրենց
բոլոր
խռովքներուն,
յոյզերուն
ծովերովը,
այնքան
յստակ
իրենց
հէնքին
ինչպէս
գոյներուն
մէջ…։
Հոգեվարքը
այս
կարգէ
ամբաւ
կրկներեւոյթներու
հանդէս
մըն
է
երբեմն։
Գիրք
մը
լեցնելու
բաւ
զգայութիւններ
կը
մնան
իմ
ներսը
ամբարուն,
մէկ
ժամէն
իսկ
պակաս
տեւողութեան
մը
սլաքներով
բանուած
իմ
հոգիին
պաստառին։
Բերէ՛ք
ուրեմն
ձեր
մտքի
դաշտին
մարմինը
Վահան
Թէքէեան
իրաւ
բանաստեղծին,
որ
պիտի
փրթի,
այդ
րոպէին,
ինչպէս
հասուն
պտուղ
մը
անոր
ամբաւ
հոգիին
ծառէն,
իյնալու
համար
ծոցը
…
Հիւանդապահ՝
կնոջ
մը,
օտա՜ր,
հեռո՜ւ,
հաւանաբար
քիչ
մը
վարժ,
պաշտօնին
բերումով,
ընդունելու
նման
շիջումներ։
Ես
թելադրեցի
մէկ
մասը
ինծի
եկած
բաներուն:
Չունինք
ոչ
մէկ
փշրանք
Գահիրէի
գարնան
գիշերուան
լուսադէմէն,
երբ
Վահան
Թէքէեան
իրաւ
բանաստեղծին
հոգին
կը
զատուէր
իր
մարմնեղէն
կապանքներէն
ու
կ՚այրէր
անոր
ուղեղին
վերջին
բջիջը
ո՛վ
գիտէ
ի՜նչ
պատկեր,
ի՜նչ
դէմք,
ի՜նչ
կարօտ
լուսաւորելու
համար։
Յետո՞յ։
Իր
բարձերուն
վրայ
տեղաւորուիլ
մը։
Ո՞վ
փակեց
այդ
աչուըները,
որոնք
այնքան
անուշ
ու
այնքան
սեւ
բաներ
տեսան
սա
աշխարհէն։
Ի՞նչ
ըրաւ
անոր
հոգին,
երբ
դիտեց
իր
պատանքը,
մարմնեղէն
ու
սառած,
որ
վաղը
պիտի
իյնար
ճամբայ,
իր
սիրական
բարեկամին՝
Չրաքեանի
բառերովը,
«
մահուան
տմոյն
որս
»…։
Յետո՞յ։
…
Գահիրէի
գարնանագեղ
գիշերէն
ասդին
որքա՛ն
շատ
բան
է
վազած
կեանքին
մեծ
ու
պզտիկ
առուներէն,
ոմանք
գլուխնին
շտկած
դէպի
նոր
հողակոյտներ,
ուրիշներ
արիւն,
արցունք,
կրակ
փոխադրող
թարմ,
փարթամ,
այրեցաւեր
դաշտերը
մարդոց
սիրտերուն։
Սա՛
րոպէին,
ուր
կը
խօսիմ
ձեզի,
Վահան
Թէքէեան
իրաւ
բանաստեղծը,
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան
իրաւ
բանաստեղծին
նման,
ետ
է
դարձած
ցուրտ
իր
կայաններէն,
փնտռելո՞ւ
համար
արդեօք
հովիւը,
որուն
սրինգն
էր
փառաբաներ.
սիրուհին՝
որուն
տեսիլքովը
օծուած
իջեր
էր
անդունդ.
զեփիւռը՝
որմէ
այնքան
անուշիկ
ապրումներ
կը
զգար,
որ
կը
թրթռային
իր
մահագոյն
ճակատին.
թռչունները
ու
բոլոր
այն
փափուկ,
նրբին
յոյզերը,
որոնք
անոր
տաղարանը
կ՚ընեն
տարօրինակ
հանդիսավայր
մը
այնքան
տրտում,
մեր
օրերուն
անկարելի
գեղեցկութեանց։
—
Չեմ
կարծեր։
Վահան
Թէքէեան,
երկինքէն
կարօտը
առնելէ,
իր
Աստուածը
/524/
ողջունելէ,
իր
երկինքը
չափելէ
ետք,
սա
րոպէին,
հաւանաբար
եկած
է
մեր
մէջ,
շուարուն
ու
քիչ
մըն
ալ
զարմանահար,
քանի
որ
կ՚ենթադրեմ,
թէ
տպաւորուած
է
այլապէս։
Իր
թաղումը
կարգադրող
կանխահոգ
իր
պարզութի՜ւնը։
Իր
ճակատագրին
հաշտ
իր
մեկնումը։
Իր
պատրանքէ
զերծ
իմաստունի
խաղաղութի՜ւնը։
Որոնք
բոլորը
կը
թուին
հերքուիլ։
Ան
իր
անցումը
սգացող,
աղմուկով
ու
ցոյցով
փառաբանող
ընդարձակ
հանդիսանքներուն
մէջէն
ունի,
իր
առջեւ,
լայն
ու
լուսաւէտ
փռուած,
իբր
կախարդական
մատուըներէ
ասեղնագործ
կտաւի
մը
վրայ՝
ճառերը,
մեծագիր
ու
ոսկեզօծ,
որոնք
մռայլ
կամ
փառայեղ
սրահներու
մէջ,
անոր
գովքը
հիւսեցին,
երբեմն
իրաւ
յուզումով,
աւելի
յաճախ
իրենք
զիրենք
ցուցադրելու,
արժեւորելու
հետամուտ
ատենախօսներու
բերաններով,
կարծես
իր
կամքը
աւելի
անգթութեամբ
անարգելու
խստասրտութեամբ
մը։
Հանդիսանքները,
այսինքն
ասոնց
նկարագրութիւնները,
ո՛րը
շքեղ,
ո՛րը
համեստ,
որոնք
կորուստին
անդարման
մեծութիւնը
խորանարդեցին,
սուզին
փառքը
յաղթերգեցին
այլեւս
անպէտ
աստուածացումի
մը
աղմուկին,
թատերական
կեղծիքին
մէջ,
սէրը,
յարգանքը,
հիացումը,
ողբն
ու
շիւանը
շռայլելով
երջանիկ
անպատասխանատուութեամբ
մը,
առատաբանութեամբ
մը,
կասկածի
տակ
ձգելու
չափ
խոշորցուած,
այդ
ամէնուն
պարկեշտ
հարազատութիւնը,
քանի
որ
հոս,
մեր
մէջն
էր
ան,
հեռու
հեքիաթի
մը
պէս,
ու
զուրկ
մեր
պարզ
իսկ
հետաքրքրութենէն։
Իրա՞ւ
էր
ուրեմն
դերձակորդի
մեծ
բանաստեղծին
տողը։
«
Մահը
գեղեցկացուցա՞ծ
է
»
Վահան
Թէքէեան
անունին
տակ
այլապէս
իրաւ
ու
նոյնքան
անգնելի,
որքան
կիսադարեան,
միակտուր
ողբերգութիւնը:
Իրա՞ւ
են
մարդիկ
երբ
կը
հրատարակեն
ծրագիրներ,
ոսկետառ
ու
մեծակառոյց,
բարձրացնելու
համար
ապարանքը
անոր
յիշատակին,
ոճին
մէջը
անոր
զգայնութեան,
ամենէն
աւելի
սիրած
բաներուն,
երազներուն։
Իրա՞ւ
են
մարդիկ,
երբ
կը
յայտարարեն,
թէ
կենդանութեանը
զլացուածը
պիտի
շռայլեն
Վահան
Թէքէեանին
մեռելութեանը։
Անսիրտ
հեգնողի
գործ
մը
պիտի
նշանակէր
այդ
ամէնը
նետել
կասկածին
գորշ
ամպին
տակ։
Ատիկա
վեր
է
իմ
խառնուածքէն։
Միւս
կողմէն,
քիչ
մը
դժուար՝
այդ
ամէնը
չնկատել
եթէ
ոչ
աժան,
գէթ
ապաժամ
յարգանքի,
ստերջ
սիրոյ
հանդիսանք։
«Un
peu
moins
de
gloire,
un
peu
plus
de
pain»,
գրեցին
գաղիացի
քննադատները,
Պոտլէռի
յարաճուն,
ողողող
փառքէն
շուարած,
իջեցնելով
տարիները
մեծ
բանաստեղծին,
որոնք
անցեր
էին
կնիքին,
գոյնին,
տէմպ
ին
մէջը
Վահան
Թէքէեանի
տարիներուն։
«
Համապատկեր
»ը
«
Վահան
Թէքէեան
»
հատորին
մէջ
տուած
է
այդ
մասին
/525/
բաւարար
վերլուծում։
…
Գիտեմ,
որ
կը
նեղուիս,
ո՜վ
հպարտ,
դժբախտ
ուրուական,
երբ
կը
տեսնես,
որ
քու
թաքուն
ցաւերդ
այսպէս
կը
մատուցուին
հանրութեան։
Ամբարիշտ
մը
չէ
քեզի
խօսողը,
բայց
քեզի
չափ,
գուցէ
քեզմէ
աւելի
դառնացած
մը
սա
փղշտացի
դարուն
դէմ։
Այո՛,
դուն
բաժնուեցար
սա
աշխարհէն,
քովնտի
հիւանդանոցի
մը
աղտոտ
մահիճին
մէջէն,
կծիկ
ու
խլեակ,
փշո՜ւր–փշո՜ւր,
մարմինին,
որքան
հոգիին
հասնող
արգահատանքին,
արհամարհանքին
ատամունքին
տակ
թել-թել
բզկտուելով,
ինչպէս
գրուեցաւ
գիրը
Recueillement–ի
անմահ
ստեղծողին,
որ
իր
հօրուին
ատելավառ
նայուածքին
տակ
կը
փաթթուէր
մօրը
բազուկներուն,
որպէսզի
մեղմանար
սարսափը
երիտասարդ
իր
մահուան,
գիրկ
չճանչցած
բանաստեղծին…։
Քու
վերջին
օրերդ,
տարիքովդ
պսակաւոր,
քանի
մը
մտերիմներու
իրաւ
յարգանքովը,
թերեւս
սիրովն
ալ
քաղցրացած,
աշնանագեղ
քու
աշունիդ
մէջ
սուղ,
ոսկի
ճառագայթներու
դերով
մը,
բայց
աւա՜ղ,
անբաւական՝
հակակշռելու
ընդարձակ,
չըսելու
համար
ամպարագիծ
զրկանքը,
որուն
հետ
քալեցիր
որպէս
թէ
շուքդ
ըլլար,
ո՛չ
թէ
կրունկէդ
անբաժան,
այլ
անթափելի
վերարկուի
մը
պէս
քեզմով
յօրինուած,
ճամբադ,
որ
սկիզբ
կ՚առնէր
կախարդական
Պոլիսէն,
մինչեւ
չորս
ծագերը
աշխարհին,
զուսպ,
հպարտ,
համակերպուն
քու
ներսէդ,
ներող
մեր
յիմարութեանց
ու
բաւական
ալ
ընդարձակ,
որպէսզի
անձիդ
հագցուած
այդ
անիծակարան
պատմուճանին
մէջ
կարենայիր
տեղ
տալ
քու
ժողովուրդդ
խենթեցնող
աւելի
քան
ամպարագիծ
ալ
զրկանքին,
որ
կ՚առնէր
ձեւը,
քու
աչքերուդ
տակ,
ամենէն
անլուր
հալածանքին,
ամենէն
անոպայ,
վայրագ
մարդոց
մատներէն
նետուած
ազնուական
շնորհներուն
վրայ
եղբայրներուդ,
իբրեւ
կուպրէ
ոստայն
մը
ցաւի։
Վահա՜ն,
քեզ
կը
կարդան,
կարդացին
մարդիկ
ու
չեղան
իմաստուն,
անցնելու
անդին
քու
բառերէդ,
տողերէդ։
Քեզմէ
քերթուած
մը՝
պատմութիւն
մըն
էր,
դար
մը,
ժողովուրդ
մը։
Պիտի
չուզես,
որ
ըսուին
քու
մասիդ
բաներ,
որոնց
սպասումը
քու
օրերդ
կարող
էր
քիչ
մը
ամոքել,
այսչափ
յապաղած
ու
մանաւանդ
ալ
անօգուտ՝
կերպարանքի
մը
տակ,
գիտեմ։
Բայց
պիտի
ուզեմ,
որ
ներես
ինծի,
երբ,
զիս
մտիկ
ընող
երանելի,
կուշտ
սա
մարդոց
յիշեցնեմ
շրջաններ
ալ
կեանքէդ,
ուր
Պոտլէռը
պատսպարող
աղտոտ
մահիճն
իսկ
պակսեցաւ
քեզի,
Պոտլէռի
քաղաքին
իսկ
մէջ,
երբ
մեր
հարուստներուն
ախոռներուն
ձիերը
մինչեւ
ոսկի
գարի
կ՚ուտէին
ու
շուները
վիլլաներու
մէջ
իրենց
լակոտները
կը
ցնկնէին.
քեզի
պակսեցաւ
աղտոտ
մահիճը,
քու
ամենէն
հարուստ
—
ուժերէ
—
օրերուդ,
քու
չափահասութեանդ,
ու
ձգեցին
քեզ
սր/526/ճարաններու
անկիւնները,
ցաւէն
զգետնուած,
լուռ,
զուրկ՝
հիւանդը
դիմաւորող
ամենաէական
բաներէն,
պուտ
մը
քաղցր
խօսքէ,
ինչպէս՝
մեր
մամերուն
պատկերուն
բացատրութեամբը,
բրդուճ
մը
սիրտէ.
օտար
մը՝
օտարին,
բայց
մանաւանդ
քու
ժողովուրդիդ,
ասոր
ամենէն
տիտղոսեալ,
հանգամանաւոր
որեարին,
որուն
նուիրական
պարտքն
էր
բարիքը
տարածել
ինկածներուն,
անկարներուն,
հիւանդներուն,
անօթիներուն։
Հզօր,
ամենակարող
էին
այդ
մարդիկը,
քու
ընկերները,
բարեկամները,
պայքարի
ուժերուդ
պահե՜ստը։
Ունէին
սրբազան
յանձնառութիւնն
ալ,
հանդիսաւորապէս
ստանձնուած,
ի
լուր
աշխարհի
հանրահռչակուած,
քու
մշակոյթդ
պաշտպանելու,
որ
խեղճ
ու
պատառ
վարժապետներու
չոր
հաց
մը
շպրտել
չի
նշանակեր
անշուշտ
եւ
կամ
գիրքեր
թանգարանել,
այլ
այդ
գիրքերը
ստեղծող
տկլոր,
անճարակ,
հեստ
—
որով
եւ
ոչ
իմաստուն
—
արարածները
անօթի,
մերկ,
հիւանդ
չձգել
փարիզեան
սրճարաններուն
խորը,
որպէսզի
տան
իրենց
հոգին…։
Անշո՜ւշտ։
Չեմ
ուզեր
որ
նեղուիս
—
իբրեւ
այժմու
փառքիդ
հեռու
արշալոյս
—
սա
տեսիլներէն
ալ,
երբ
յագ,
հաճ,
գրեթէ
երջանիկ,
երանեալ
սա
մարդոց
մտքին
գծեմ
պատկերը
քու
միակտուր
լքումիդ,
Պոտլէռի
քաղաքին
մէջ,
քեզի
զլացուած
օգնութեան,
փշաթելուած՝
իշխանաւորներու
չկամութենէն,
վախէն։
Ան
ի՜նչ
յուզում
էր
ըլլալու
քու
հոգիդ,
երբ
աղքատիկ
ուսանողներ,
իրենց
հացին
ու
զգեստին
գնովը
քեզ
ճարեցին
դժնդակ
հանգիստ
մը,
ծանր
հիւանդութեանդ
օրերուն։
Ու
ինչե՜ր,
ինչե՜ր,
ինչե՜ր,
քիչ
մը
ամէն
տեղ։
Ու
ասոնք
չեն
կրնար
մոռցուիլ,
ոչ
որովհետեւ,
ըստ
յիմար
առածին,
տառապանքը
կը
նրբացնէ,
կ՚ազնուացնէ
հոգին,
այլ
որովհետեւ
այդ
ամէնը
երեսակներ
են
քու
ամբողջական
նահատակութենէդ։
Օ՜
շնականութիւնը,
սոփեստութիւնը,
փարիսեցիութիւնը
քեզ
հալածողներուն
—
պատրիարքներէն
սկսեալ
մինչեւ
վսեմաշուքները
—
որոնք
քու
տկարութեանցդ
շիւղերը
գերաններու
վերածեցին,
որպէսզի
անոնցմով
ճարտարապետեն
չարաշուք
կաթողիկէն
քու
հեքիաթիդ,
դաժան,
անհամբոյր,
ըմբոստ,
տօնաւեր
մարդու,
երբ
քու
գիրքերուդ
մէջ
բոլորովին
ուրիշ
տեսիլք
մը
կ՚ապրէր
քեզմէ,
ցաւն
ու
քաղցրութիւնը,
խելքն
ու
զգաստութիւնը,
մեր
կորանքներուն
վրայ
մարդկային
զիջում
մը,
առնուազն
կարեկից,
արդար
տառապանքը
ունենալով
իրենց
բարեխառնութիւն
ու
յատակ։
Հոգին
կը
կեղծեն
մարդիկ
երբ
զուրկ
են
ծնած
անկէ։
Ու
չկայ
արուեստագէտ,
որ
սուտ
խօսի,
ուզելով
։
Հակառակ
պարագաները,
այնքան
առատ,
կը
փաստեն
ներհակ
ստուգութիւններ։
Քեզ
հալածեցին
ո՛չ
անշուշտ
չունեցած
փառքէդ
նախանձաբեկ,
կամ
վախցած
/527/
քու
կիրքէդ,
զայրոյթէն
եւ
կամ
քու
դժուարութիւններդ,
տկարութիւններդ
օգտագործելու
գռեհիկ
ճարպիկութեան
մը
համար։
Քեզ
հալածեցին,
որովհետեւ
մօրդ
արգանդին
մէջն
իսկ
գիրդ
գրողը
դրեր
էր
ճակտիդ
այդ
անսրբագրելի
պատգամը։
Ինծի
չափ
գիտէիր,
թէ
աշխարհի
բոլոր
բարիքները
յովտ
մը
իսկ
փոխելու
անզօր
էին
այդ
գիրերէն։
Օ՜,
շուրջառները,
պիտակները,
ծաղկեպսակները,
որոնք
ահա
կը
հագուեցնեն
քու
յիշատակդ,
զքեզ
քեզի
իսկ
անճանաչելի
ընելու
աստիճան,
անպէտք
ու
յիմարական։
Գիտեմ,
որ
կը
տառապիս,
որ
մահդ
անգամ
առիթ
կ՚ըլլայ
«լորձնաշուրթն»
տկարաբանութեանց
հեղեղներու։
Ո՜վ
գիտէ
ի՛նչ
դառն
հեգնանքով
կը
կարդաս
անբանաստեղծ
Սփիւռքի
քեզի
ձօնած
գովքին,
քերթուածներուն
մեծ
մասը։
Մի՛
լրջանար
գոնէ
այս
անգամ
ու
թո՛ղ
որ
մարդիկ
կշտանան,
յափրանան
իրենց
բառերուն
սուտէն,
քանի
որ
չեն
անդրադառնար,
որ
բանաստեղծները
—
իրաւները
—
կարօտ
չեն
շողոմի։
Չես
սպասեր,
որ
փառաբանեմ
հոս
քու
բանաստեղծի
շնորհներդ,
որոնց
համայնական
տարափը,
մահուանդ
հողմով
մեր
վրայ
տեղացող,
ես
կը
նկատեմ
փառք
ապառիկ,
նոյնիսկ
անօգուտ,
քանի
որ
ըրած
ես
զոհդ,
չունենալով
կարօտը
մեր
որեւէ
մէկ
թանկ
ապրանքին,
որոնցմէ
մէկն
է
անշուշտ
հրապարակային
սուտը։
Դարձեալ,
պիտի
չսպասես,
որ
քեզ
կանչեմ,
տառապած
ճակտիդ
տեղաւորելու
համար
գեղագիտական
նորօրեայ
տարազներուն
պսակը,
տարազներ
ասոնք՝
որոնք
ձգտէին,
մագիստրոսական
ու
խնամքով
մանուածապատ
էջերու
վրայ
քու
քերթողութիւնդ
բացատրելու,
առնուազն
զայն
վերածելու
քեզմէ
վեր
իրողութեան
մը
—
քու
ժողովուրդիդ
առաքինութեանց
փունջի
մը
գումարին,
չափով
մը
արդարանալի
սակայն,
քանի
որ
այդ
ժողովուրդը
այնքան
քիչ,
գէշ
է
մշակած
կարգ
մը
հանրային
զգայարանքները,
բարիքին
մատուցման
ու
ստացման
նուրբ,
դիւրաբեկ
տագնապը
հաւասարակշռող։
Բանաստեղծները
բարոյախօսներ
էին
երբ
բանաստեղծ
չէին։
Գովեստն
ու
պարսաւը
գրականութեան
կը
պատկանին
առնողներու
եւ
տուողներու
համեմատութեամբ
ու
չեն
բացատրեր
ինչո՞ւ
մենք
կը
գովենք
Սիպիլը
կամ
կը
մեղադրենք
Վահան
Թէքէեանը։
Իմաստասէր-քննադատները։
Վերլուծող–ոճապաշտները։
Հիացող–մուրացկանները։
Ինքնացոյց
պատուելիները։
Որոնց
համանուագը
այնքան
սրտաշարժ
ծիծաղելիութեամբ
մը,
ահա
կայ
ամիս,
կը
յոգնեցնէ
քեզ
իրապէս
սիրողները։
Քեզ
դաս
տուած
չեմ
ըլլար
սակայն,
երբ
յիշեցնեմ,
որ
այսօրուան
քու
փառերգակները
տարբեր
մարդեր
չեն
քան
այն
միւսները,
քան
երէկուան
իմաստունները,
առաջաւորները,
գրողներու
coterie-ները,
կուսակցական
հարցերու
/528/
ասպետները,
իշխանաւորները,
մտաւորական
խայտաճամուկ
եղբայրակցութիւնը,
պաշտօնակիցները,
ազգին
պատասխանատու
գլուխները՝
եկեղեցական
ինչպէս
աշխարհիկ,
շքանշաններով,
մեծապայծառ
տիտղոսներով
պսակազարդ
պաշտօնատարները,
որոնք,
սրտառուչ
հաւատարմութեամբ
մը
իրար
փոխանցեցին
քու
դատապարտութեանց
ֆէրման
ները,
ոսկեգիր
ու
սրբատաշ
մագաղաթներու
ներսը,
կկոցի
պէս
քեզ
նետելով
մէկ
աշխարհէն
միւսը,
քու
իրաւ,
արդար
մարդու
վարկդ
չարաշահօրէն
վտանգելու
ամէն
պղտոր
հարցերու
մէջ,
երբ
կը
ղրկուէիր
քննիչ
կամ
պատուիրակ,
կը
հրաւիրուէիր
տեսնել
ու
լռել
ու
վաւերացնել
ծուռ,
անխելք
իմաստութիւններ։
Մարդիկ
պատժեցին
չարաչար
քու
անընդունակութիւնը
իրենց
հետ
հաշտ
երթալու,
քու
անընտելութիւնը
քաղաքական
հաշիւներու
ու
քեզ
դատապարտեցին
թափառական
ասպետի
ապաժամ
դերին,
երբ
դարերը
անցեր
էին
իրաւ
կռիւին
։
Քեզ
պահեցին
հեռու
ո՛չ
միայն
իրենց
շրջանակէն,
այլ
անցան
աւելի
անդին,
անըմբռնելի
ծաղրանքի
վերածելու
համար
քու
հաշւոյդ
մուրացուած
հանրային
համակրանքը,
ա՜ն,
զոր
կը
սիրեն
յոբելեան
անուանել
ու
կը
գործածեն
իբր
հակազդեցութիւն,
ծիծաղելիին
զգացումը
անողորմ
խստութեամբ
մշակելու
համար
դէգ
հպարտութեանցդ
ներսը։
Թուղթի
վրայ,
ծրագիրներու
մէջ,
բեմերէն
ու
մամուլին
մարտկոցներէն
այնքան
շքեղաշուք,
վսեմ
անուններ
իրարու
քով
եկան,
որպէսզի
ազգային
յարգանքի
փոխակերպուէր
քու
հասցէիդ
գործադրուած
ազգային
անտարբերութիւնը,
ազգային
զրկանքը,
բայց
թուղթէն
ու
ցոյցերէն
դուրս
մատ
իսկ
չշարժեցին,
իրենք
զիրենք
ամբողջովին
զլանալով
ու
յոբելեանդ
քեզի
դարձնելով
ծաղրանկարային
նախատինք
մը
ինչպէս։
Որոնք
քեզ
կանչեցին
պաշտօնապէս,
դարաւոր
կամարներու
ներքեւ,
իրաւ
գնահատման
շրջանակէ
մը
ներս,
քեզի
մատուցուած
ծաղրանկարային
պարզանքը
սրբագրելու
եւ
գոհացան
պաղպաղակի
սեղանով
մը
պատուելու
քու
շուարուն
դառնութիւնը,
մարդեր
ասոնք,
որոնց
բաշխած
էիր
քու
օգնութիւնը,
բաժնած
իրենց
կռիւը,
տագնապները…։
Վահա՜ն,
որքան
շատ
է
թիւը
բաներուն,
որոնք
ըսուելու
չէին,
ո՛չ
միայն
այսպէս
հրապարակային
հանդիսանքներու,
այլեւ
մեր
առանձնութիւններուն
իսկ,
զի
նման
ցաւերու
մեր
ներսը
նորոգումը
նորոգման
փաստն
է
մանաւանդ
նման
պզտիկութիւններու
ուրիշներու
վրայ,
երբ
մենք
պիտի
ուզէինք
զանոնք
այլապէս
մեծ,
բարձր։
Քեզի
չըսի
սակայն
որ,
սա
ժամուն,
սա
մարդոց
գլխուն,
ես
ինծի
տուած
եմ
շատ
պարզ
ու
ամփոփ
դեր
մը։
Ատիկա
տիրապետող
արձանացումը
չէ
անշուշտ
քու
ողբերգութեան
—
գիրք
մը
անբաւական
պիտի
գար
/529/
այդ
ջանքին
—
այլ
այս
ամբողջ
մարդահաճ,
լորձնաշուրթն
փառաբանութեան
տալ
իր
արդար
յատակը։
Քեզ
գովողներէն
շատեր՝
տարիներ
քու
ետեւէդ
նիզակ
ճօճեցին
ու
չխնայեցին
իրաւին
տասնապատիկովը՝
սուտն
ալ։
Ու
այս
սեւապատումը
չի
սպառիր։
Ատոր
համար
է,
որ
կ՚ըլլամ
կարճ
ու
ղրկելէ
առաջ
քեզ
քու
հանգիստին,
կ՚ուզեմ
որ
լսես
պարզ
ալ
խօսքեր,
որոնց
ետին
չաշխատիր
ո՛չ
մէկ
նկատում։
Դուն
միայն
ապաժամ
գովեստ
ասելու
չէիր
ղրկուած
մեռելներու
հանգստարանը։
Չուզեցիր
դամբանական,
մէկ–երկուքի
տեղ
տասնեակներ
ստիպուեցար
հանդուրժելու։
Քեզ
դարձնե՞լ
կեանքիդ։
—
Առնուազն
մեծ
գիծերով։
Դուն
ապրեցար
քու
ժողովուրդդ,
զուգահեռ
ակօսէ
մը,
ուրկէ
կը
հոսէին
իր
տառապանքը,
ինչպէս
յիմարութիւնները,
բայց
ուր
կը
ծաղկէր
դարձեալ
ծաղիկը
նուրբ
գեղեցկութեանց,
ինչպէս
կը
զգանք
ատոնք
մեր
արուեստին
զանազան
կերպարանքներուն
ընդմէջէն։
Բայց
ամէն
մարդ
իր
ժողովուրդը
կ՚ապրի,
պիտի
աճապարեն
ըսել
իմաստունները։
Որքա՛ն
շատ
եղան,
քու
սերունդիդ
մէջ,
անոնք,
որոնք
իրենք
զիրենք
միայն
ապրեցան,
ոմանք
անընկալչութեամբ,
ուրիշներ՝
իմացական
նարկիսականութեամբ,
այս
մէկը
իր
պաշտօնները
կրեց
իր
հպարտութիւնը
զինանշանելու,
այն
միւսը՝
իր
գրողի,
ուսուցչի,
գործիչի
դերերը
ոսկեզօծեց
օտար
հիացումներու
հետամուտ։
Մէկը
թերթ
վարեց,
որպէսզի
իր
մեծ
տաղանդը
փառաբանուի,
երկրորդ
մը
միութիւններ
հիմնեց,
որպէսզի
իր
ելմտական
տաղանդը
շահարկէ։
Դուն
էիր
որ,
հալածական
մարգարէի
մը
նման
դարձար
ու
դարձար
քու
ժողովուրդիդ
պարը,
ասոր
հոգեկան
ամբողջ
անդոհանքը
առնելով
քու
տաղերուդ
իբրեւ
ներշնչարան։
Անոր
մարդկային,
խորունկ
զգաստութիւնը,
անոր
բուխ
սիրտը,
անոր
լրջութիւնը
մեր
քերթողներէն
ո՛չ
ոքին
մօտ
իրարու
յարդարուեցան,
որքան
կը
զգանք
որ
կայ
ատիկա
քու
քերթողական
գործիդ
ներսը,
որ
ժամանակին
հետ
պիտի
ամրանայ
ու
դառնայ
այդ
ժողովուրդին
թաքուն
շնորհներէն
պայծառակերպ
վկայութիւն։
Դուն
ապրեցար
պատմութիւնն
ալ
քու
ժողովուրդիդ
ո՛չ
իբրեւ
իրողութիւններու,
պատահարներու,
դէպքերու
եւ
թուականներու
յաջորդական
ցուցատախտակ
մը,
այլ
իբրեւ
վերացում
մը,
ոգիացում
մը,
կառոյց
մը,
որ
մեռելներուն
ամենէն
սրբազան,
ամենէն
դիմացկուն
իսկութիւններով
է
գոյաւոր,
երբ
հերոսներ,
մտայնութիւններ,
աւանդութիւններ
ազատագրեցիր
դարերէն,
զանոնք
արձանելով
ո՛չ
միայն
անցեալէն
անթառամ
բխումներ
իբրեւ,
այլեւ
անոնց
ներսը
տրոփման
մէջ
պահ
դնելով
մեր
օրերուն
մեր
բոլոր
տագնապանքը,
երազները։
Կարդալ
քու
«
Հայերգութիւն
»էն
յաջողակ
քերթուածներ,
/530/
կը
նշանակէ
իմաստ
մը
գտած
ըլլալ
այնքան
անիմաստ
դասուող
մեր
պատմութեան։
Դուն
ապրեցար
թուրքը,
ո՛չ
միայն
իբր
անասնութիւն,
սպանդի
մեքենայ,
այլ
իբրեւ
մէկ
կերպարանքը
մեզի
քիչ
ծանօթ
complexe–ներուն,
որոնց
ձգողութեամբ
է,
որ
կը
տնօրինուին
անհաս
օրէնքները
մարդերը
ամօթակուռ
կորանքներու
վերածող։
Քու
տաղերուդ
մէջ
ծանր
է
ուրուականը
այդ
գազանին,
բայց
կայ
այդ
ծանր
շուքին
տարբերն
ալ։
Պարապ
տեղը
չէ,
որ
արիւնդ
իր
պուտերը
հաւաքած
ըլլայ
այդ
հողերէն։
Սխա՜լ
թուրքին
մէջ
միայն
ջարդարարը
տեսնել,
ինչպէս
տոնքիխոթական
յիմարութի՛ւն՝
անոր
ետին
ազնուական,
քաղաքակիրթ
յաւակնութիւններու
առասպել
մը
արժեւորել։
Գերմանները
ըրին
այդ
սրբապղծութիւնը
ու
դժուար
չէր
զիրենք
հասկնալ։
Միայն
մեր
գրողները,
մեր
մտաւորականը,
մեր
պարզ
մարդերը
կրնան
ճանչնալ
այդ
առասպելին
ետին
ծուարած
ճիւաղը։
Բայց
քու
տաղերուդ
մէկ
մասին
մէջ
այդ
թուրքը
ոգի
է,
հոգի,
մթնոլորտ,
ապրում
—
բաներ,
որոնք
շատ
քիչերու
զգայարանքները
կը
յաջողին
տպաւորել։
Ատիկա
ճակատագրական
յարդարանք
մըն
է։
Տափաստանեան
անասունը
դէպքերու
մղումին
տակ
տիրական
կերպարանք
է
այնպիսի
հողերու
վրայ,
որոնց
նմանները
աշխարհ
չի
կրնար
հանել
աչքերու։
Անասունին
եւ
պարիկին
քով
քովի
ապրելու
իրողութիւնն
ալ
կ՚արժեւորես
ինչպէս
որ
պէտք
է։
Քանի՜-քանի
հեղ
նայեր
ենք
քեզի
հետ
ակօսն
ի
վեր
մակոյկին,
որուն
խորը,
մետաքս
բարձիկներու
վրայ,
իր
ձեւն
էր
փռած
աննկարագրելի
երեւոյթ
մը,
վեր
արուեստէն,
որովհետեւ
ահաւոր
չափով
մը
բացառիկ,
հանած
իր
մարմինին
հրաշքը
պտոյտի,
հրա՜շք,
զոր
յօրիներ
էին
չարատանջ
ամբոխները
Արեւելքի,
անոր
մորթին
թաւիշը
ծուէն–ծուէն
հանելով,
քաղելով,
հիւսելով
հազարներու
պատանութեանցը
աղուամազէն,
այդ
երեսներու
վրայ
բոցի
պէս
հեւուն
կարմիրը
գողնալով
մանուկներու
վառ
արիւններէն
ու
այդ
աչքերուն
շողակտուր
սեւութիւնը
կայլակելու
համար,
այրելով
սիրտե՜րը
Արեւելքի
երիտասարդներուն։
Այս
ամէնուն
մեր
ներսը
կտոր–կտոր,
կայծ-կայծ
վերլուծումն
էր
թուրքը
ապրիլը,
մեզի
համար,
երբ
կը
տարածէինք
մեր
նկատումները
ձեւերէն
անդին
այդ
կնիկներուն,
դէպի
ապարանքները,
եալը
ները,
դարաստանի
պարտէզները,
որոնց
բոլորին
վրայ
ալ
շաղ
առ
շաղ
կը
ծլէր
արիւնը,
քրտինքը,
մատաղ
զրկանքը
ու
անասնական
ախորժակին
ժահրը։
Ու
կու
լայիր,
այդ
ամէնուն
հասկացողութեան
մէջ
ինքզինքդ
կրկնելով
մեծ,
խորունկ
բանաստեղծի
բացառիկ
ալ
ցաւովը։
Ա՞յս
էր
գիրը
մեզի
սահմանուած։
Դուն
ապրեցար
Եւրոպան,
ոչ
արուեստներու,
իմացականութեան,
բարձր
արժէքներու
/531/
մրցարան
մը
ինչպէս,
այլ
անլուր
այն
սեւսրտութեան
մէջ,
որով
կը
բարացուցուին
զառամած
ընկերութիւնները,
ներսէն
մաշուած,
սպառած
քաղաքակրթութիւնները։
Եւրոպա՜ն
դիւանագէտներուն,
խաբեբաներուն,
պոռնիկներու
եւ
իմաստի
նահատակներու
—
բոլորը
ինկած
քու
տաղերուդ
մէջ
թեթեւ,
բայց
մասնաւորող
սեւեռման
մը,
քու
գործդ
ընելու
աստիճան
բացառիկ,
իբրեւ
արեւմտեան
զգայնութեան
շատ
մօտիկ
վկայութիւն
մը։
Դուն
ապրեցար
«
Զրկանքը
»,
գլխագրեալ
ու
չակերտաւոր,
մարդոց
միջինին
զիջուած
բարիքներէն
անգամ
վճռական
այլուրութեամբ
մը։
Կէս
դարէ
աւելի
քու
գլուխդ
չհանգչեցաւ
բարձի
մը
վրայ,
ուր
սիրելիի
մը
ձեռքէն
գգուանք
մը
ըլլար
նստած։
Չեղար
տանիքի
մը
տակ,
ուր
օտարը,
վարձուն,
ճիղճը
չբուսնէին
պատերէն
ու
առարկաներէն,
քու
կարօտալից
սիրտդ
ու
անհամբոյր
միտքդ
ենթարկելու
համար
իրենց
գէջ
տրտմութեանց։
Եւ
սակայն,
որքա՛ն
քիչ
բան
էր
քու
ուզածը
սա
աշխարհէն
—
գիւղի
տուն
մը,
պարտէզ
մը,
դուռ
մը,
զոր
բանար
անուշիկ
ձեւ
մը,
երբեմն
գանձեր,
յաճախ
արդարութիւն
քու
անիրաւուած
ժողովուրդիդ,
աւելի
յաճախ
մահը։
Բաշխուին
թող
այս
փափաքները
քու
օրերուդ
թիւին,
ու
պիտի
զգանք,
որ
որքան
ժլատ
է
եղած
«նսեհը»։
Քու
խոցոտուած
սի՜րտդ,
ուր
անուշութիւնն
ու
պատրանքը
ապրեցան
քով
քովի։
Քու
կարօտներդ,
կռիւներդ
չարին
ու
կեղծիքին
դէմ։
Քու
երազնե՜րդ
վախկոտ
շուշաններու
այնքան
նման,
պահելով
իրենց
բաժակները
քու
բառերուդ
տերեւուտքին
տակ
ու
չհասնելով
պատռելու
իրենց
կոկոնները,
որպէսզի
դառնային
ծաղիկ։
Բայց
վերջ
չունի
այս
ցուցակագրութիւնը։
Ահա՛,
թէ
ինչո՛ւ
ինքզինքս
կը
զգամ
յոգնած
քու
հաշւոյդ։
Այս
առտու
Եկեղեցին
հայկականը,
սրտառուչ
ցոյցի
մը
մէջ,
նորէն
կը
յարգէ
քու
ժողովուրդիդ
միլիոնը,
ինկած
նահատակութեան
դաշտերուն։
Ոգեկոչեց,
աղօթողներու
մտքին
մէջ,
քու
ընկերներդ,
որոնք,
կը
հաւատամ,
թէ
մտիկ
ըրին
ու
ելան,
սա
մէկը
իր
կոտրտած
գանկը
ափին
բռնած,
ան
միւսը
իր
աղիքները
իբրեւ
գօտի
իր
վիզին
անցուցած,
ուրիշներ
իրենց
փշուր–փշուր
անդամները
շալկած,
ինկան
ճամբայ,
ձայնին
ետեւէն,
ու
ներկայացան
«
Երկնի
եւ
երկրի
Արդար
Դատաւոր
»ին,
որպէսզի
ստանան
«
Ըստ
գործոց
իւրաքանչիւրոց
»
իր
անսահման
բարիքներէն։
Անշո՜ւշտ։
Բայց
պիտի
ուզէի,
որ
անցնէիր
այդ
միլիոնին
գլուխը,
կեցնէիր
մեր
աղօթքները,
շարականները,
ու
/532/
շիտակ,
տժգոյն,
յուզումէդ
դողահար,
քու
կերկեր
ձայնովդ
ըսէիր
այդ
Արդար
Դատաւորին
երեսին,
ինչ
որ
գրեր
էիր.
«…
—
«Մեզ
դըժոխք,
դըժո՜խք
ղըրկէ՛
անգամ
մ՚ալ.
Չէ՞
որ
զայն
լաւ
կը
ճանչնանք,
զայն
ճանչցուցիր
մեզ
շա՜տ
լաւ,
Եւ
թուրքերո՛ւն
յատկացուր
արքայութիւնըդ
ամբաւ…»։
Յետոյ,
դառնայիր
ետ,
միլիոնին,
ու
առնէիր
բոլորը
ետ
լոյսին
այդ
կայաններէն
դէպի
դժոխք,
որպէսզի
անապատը
ապատ,
ամայքը
շէն
ու
աւան,
սարերը
կանաչութեան
սաւան
ընող
քու
ժողովուրդդ
ինքզինք
զգար
իր
ճշմարիտ
դերին
մէջ,
իր
դժոխքը
Արքայութեան
վերածելու։
Չեմ
ըսեր
երթա՜ս
բարով։
Ինծի
վայելն
է
սա
րոպէին
—
Ցտեսութի՜ւն,
Վահան։