II
ՔՆԱՐԵՐԳԱԿԸ
Թումանեանի
քնարերգական
հատուածները
քիչ
են
թիւով,
բարեբախտաբար։
Սոսկական
տպաւորութեանց
սեւեռումէն
մինչեւ
քառեակներու
իմաստութեան
բանաձեւումը,
բանաստեղծը
վատնած
է
ամփոփ
պաշարն
իր
զգայութիւններուն,
պզտիկ,
շնչատ
կտորներու
վրայ,
սկսելով
սրտի
տագնապներէն
ու
աչքի
թեթեւ
յուզումներէն,
ելլելու
համար
մտքի
տագնապներուն:
Արդար
ըլլալու
համար՝
հարկ
է
ասոնք
ընդունիլ
իբր
համեստ
մտահոգութիւններ,
աւելի
ճիշդը՝
տեսակ
մը
զբօսանք
արուեստագէտի
մը
համար,
որուն
ուժերը
լարուած
են
ուրիշ,
տիրական
աշխատանքի
մը,
որ
իր
յոգնութեան
պահերուն
կը
դառնայ
աշխարհին
ու
անոր
անիմանալի
խորհուրդին,
դնելու
համար
միամիտ
իր
հարցումը
կամ
ըսելու
պզտիկ
սարսուռը
իր
հոգիին։
Ոչ
մէկ
մասնաւոր
գեղեցկութիւն
այդ
կտորներուն
մէջ,
որուն
առջեւ
քննադատը
ստիպուած
ըլլար
կանգ
առնելու։
Պղտոր,
քիչ
մը
ընդհանուր
գունաւորում
մը
այդ
քերթուածներուն
կը
ճարէ
տեսակ
մը
խորը,
որմէ
սրբուած
ըլլան
գիծերուն
շեշտը,
կարկառներուն
զարտուղի
հմայքը
եւ
խորութեանց
ու
բարձունքներու
առինքնումը։
Արդէն
ժամանակակից
իմաստով
քնարերգու
մակդիրը
չի
պատշաճիր
Յովհաննէս
Թումանեանին։
Հակառակ
իր
փափաքին,
ան
չէ
կրցած
իր
սիրտը
դնել
քերթուածներուն
մէջ։
Մեծ
դժբախտութիւն
է
բանաստեղծի
մը
համար
անձնականութեան
այս
նուազումը
ու
մենք
գիտենք,
թէ
մարդերը
ինչերու
կը
դիմեն
նիհարութիւնները
ծածկելու
համար։
Անոնց
թաթին
տակն
է
մշտապէս
հլու,
անմեղ,
հասարակ
տեղիքը։
Եթէ
ասոր
վրայ
աւելցնէք
անցեալին
ճնշումը,
աւանդութեան
ուժն
ու
հմայքը,
ընթացիկ
յաղթանակներուն
մեղկ
դաւաճանութիւնը
ու,
մա՛նաւանդ՝
շրջապատող
մտայնութեան
միջին
բարեխառնութիւնը,
որ
ամէնէն,
գրեթէ
ամէնէն
քարոզ
ու
բարոյախօսութիւն
կը
պահանջէ,
դուք
յարգանքի
բաւական
ուժով
պատճառներ
կ՚ունենաք
Թումանեանի
վերապահ
ու
ժուժկալ
աղքատութեան
հանդէպ:
Մի
մոռնաք,
թէ
ուրիշներ,
ժամանակակից
կամ
աւելի
նոր,
գիրքեր
են
լեցուցած
այն
տարրերով,
որոնց
շահագործումին
հանդէպ
բարեխիղճ
է
եղած
ան։
Եթէ
կամաւոր
իր
ժուժկալութիւնը
իրեն
կը
խնայէ
հասարակ
քերթուածներու
անբաղձալի
մթերքը,
միւս
կողմէ`
չի
փրկեր
իր
ստորագրութիւնը
անխուսափելի
միջակութենէն։
Երբ
քնարերգակը
իր
սրտին
գանձերովը
անկարող
կ՚ըլլայ
մեր
հրապուրելու,
կրնայ
սակայն
իր
աչքերուն
հրաշքովը
մեզ
հիացնել:
Կայ
տակաւին
երաժշտութիւնը,
որ
երբեմն
մինակը
բաւեց
գեղագիտական
վայելքին
համար։
Ու
Յովհաննէս
Թումանեան,
դարմանելու
համար
նիհարութիւնն
իր
զգայնութեան,
խուսափած
է
բոլոր
հանդիսաւոր
պատեհութիւններէն,
երբ
մարդերը՝
քիչ
մը
տաքցած՝
չեն
անդրադառնար
իրենց
շարժումներուն
ստոյգ
իմաստին
ու
կէս-խենթ,
կէս-գինով
ցոյց
կը
բերեն
իրենց
զգացումներուն
յանկուցիչ
մերկութիւնը։
Ու
Յովհաննէս
Թումանեան
խուսափած
է
դարձեալ
համապատկերներուն
անդիմադրելի
հրապոյրէն,
երբ
մարդոց
աչքերը
կը
կանչուին
հանգչելու
գոյներու
մեծարուեստ
ծովի
մը
վրայ,
երկրի
մը
մէջ,
ուր
իրերը
լոյս
կը
հագնին
ու
գետինը
հազար
երանգներ։
Ու
վտանգը
դիմաւորել
կարծած
է՝
զգալու
տեղ
մտածել
փորձելով։
Բանաստեղծութիւնը
այդ
հանգամանքին
մէջ
տեսնելու
վարժ
իր
նայուածքը
չվիրաւորուեցաւ
այդ
զիջումէն։
Սովորութիւնը
դեռ
շատ
մօտ
էր
իրեն,
ամբողջութեամբ
ազատիլ
կարենալու
համար
վարդապետական
ոգիէն,
որ
արեւելեան
շատ
մը
գրականութեանց
ողնասիւնն
է
եղած
դարերով:
Ու
քնարական
քերթուածներէն
մինչեւ
քառեակները՝
իր
մտածող
մարդու
բոլոր
փորձերը
մեզ
չեն
խանդավառեր։
Ու
մեր
վերապահումը
դիւրին
կ՚արդարանայ։
Յովհաննէս
Թումանեան
երազին
բանաստեղծը
չէ։
Անիկա
իր
մտածումները,
ինչպէս
զգայութիւնները
դանդաղ
դանդաղ,
վերլուծօրէն
իր
ներսէն
դուրս
չի
բերեր։
Հակառակը,
ասոնք
դուրսէն
ներս
կը
մտնեն։
Արտաքին
աշխարհին
թելադրանքը
յաճախ
պատճառ
է
մտածելական
ընդհանրացումի
մը։
Եւ
որովհետեւ
այդ
թելադրանքը
տեղի
կ՚ունենայ
կեանքի
մը
շրջանակին
մէջ,
ուր
ոչինչ
կայ
անսովոր,
ոչինչ
խոր
ու
միգամածային,
անոր
մտքէն
ներս
անդրադարձն
ալ
պիտի
ըլլար
ճակատագրօրէն
հասարակ։
Մնաց
որ,
մեր
հին
ու
նոր
գրականութիւնը
մտածումներ
չէ
արձանագրած։
Այսպէս,
կրնանք
այս
մտածողութեան
ամբողջ
տարողութիւնը
տուած
ըլլալ,
երբ
միտք
բերենք
առածներէն
ու
մեծերու
խօսքերէն,
գիրքերէն
ու
մուրացող
գիտուն
ներէն
մեր
մէջ
մթերուած
իմաստութիւնը։
Դրական
ու
արեւելեան
է
ասիկա։
Դժբախտութիւնը
հոն
է,
որ
բանաստեղծին
մօտ
մտածման
մեքենականութիւնը
տարրական
է
գրեթէ։
Եթէ
նիւթերը
սովորական
կը
մնան,
անոնց
արտայայտումը,
արտաքնացումը
դարձեալ
տեղի
կ՚ունենայ
հասարակաց
եղանակով։
Յովհաննէս
Թումանեան
չէ
կրցած
անոնք
իւրացնել։
Ու
այդ
մտածումները
(բոլոր
գրականութեանց
մէջ
եղած
են
նման),
տաղաչափուած
հասարակ
տեղիքներ
են,
որոնք
մա՛նաւանդ
արեւելահայերուն
համար
պատուական
գաղափարներ
կը
մնան
տակաւին,
պատկառելի
իրենց
դիւրամատոյց
իմաստովը,
եւ
օգտակար՝
ամբարած
բարիքովը։
Ու
մարդիկ
երախտապարտ
խոնարհութեամբ
կը
մօտենան
մտածումներու
անսպառ
շտեմարանին,
հայրերուն
խելքովը
հաւաքուած,
անկէ
զատելու
համար
ուզուած
տարազը,
պահին
ու
անձին
յարմարող
հանգամանքովը։
Չեմ
գիտեր
ինչու
նոյն
ճմլումով
կը
յիշեմ
հիմա
զգացում
մը,
որ
անցեալ
տարի
արթնցաւ
իմ
մէջ,
երբ
Պոլիս
բանաստեղծին
հետ
քառեակներուն
վրայ
կը
խօսէինք։
Անիկա
հաւատքն
ունէր
անոնց
արժէքին։
Վրիպած
այս
իմաստութիւնը
անշուշտ
շուտով
պիտի
մոռցուէր,
եթէ
ուրիշ
ազդակներ
մուտք
ունենային
բանաստեղծին
արուեստէն
ներս:
Քնարերգական
հատուածներուն
մէջ
աչքն
ալ
հարազատ
չէ։
Թումանեանի
պատկերները
գծագրութիւններ
են,
ինչպէս
է
պարագան
ամբողջ
Արեւելահայ
գրականութեան։
Հաստատուն,
որոշ,
սովորական
գիծեր,
սեւ
մատիտին
փոշիովը,
ունենալով
գծագիտական
կարեւոր
տարրեր,
բայց
անդին
չանցնելով,
բայց
մանաւանդ
մերժելով
անտիպը,
դժուարագիւտը,
յանդուգնը
ու
զարտուղին։
Եթէ
իր
մօտ
երբեմն
կը
հանդիպինք
շրջագիծին
մէջ
ամբողջ
պատկերներու,
ատոնք
gravureներ
են
գրեթէ
միշտ։
Մենք
չենք
տեսած
բնանկարը,
որուն
վայելքին
մէջ
մեծցան
անոր
աչքերը:
Բայց
կարդացեր
ենք
այդ
հրաշալի
երկրի
մասին,
ուր
գիծերը
քիչ
անգամ
չոր
կ՚իյնան,
եւ
ուր
ամէն
գիծ,
եղանակին
համեմատ,
փափուկ
խաւին
մէջը
կը
փաթթուի
արիւնին
կամ
ձիւնին,
կանանչին
կամ
կապոյտին։
Ու
անբացատրելի
կը
մնայ
գոյնի
այս
սակաւութիւնը,
չըսելու
համար
պարապը,
որ
անոնց
գրականութեան
բոլոր
ճիւղերուն
համար
իրականութիւն
է
գրեթէ։
Այլապէս
հարկ
պիտի
ըլլար
օգնութեան
կանչել
բանաստեղծին
մեծ
երեսը,
եւ
ասոր
պարտադրած
կամաւոր
ժուժկալութիւնը,
քանի
որ
հեքիաթն
ու
նախնական
գրականութիւնները
պէտք
չտեսան
գոյներուն
նպաստին:
Գոյնի
այս
սակաւութիւնը
դժբախտութիւն
կը
դառնայ
ի
վերջոյ,
երբ
բանաստեղծը
կմախքներ
եւ
ուրուանկարներ
գծելէ
ետքը,
անկարող
կ՚ըլլայ
զանոնք
լեցնելու
միսով,
մտածումով
կամ
յուզումով:
Ու
այն
ատեն
է,
որ
կը
հարցնենք
մենք
մեզի
իմաստը
այդ
քերթուածներուն,
որոնք
տանելի
ըլլալէ
զատ
ուրիշ
առաքինութիւն
չունեցան:
Երեք-չորս
քերթուած,
կարաւանէն,
իրենց
բարացուցական
արժէքովը
շնորհ
կրնան
գտնել
խուզարկու
ընթերցողին
աչքին:
Ասոնցմէ
է,
օրինակի
համար,
«
Գութանի
երգ
»ը,
ուր
քանի
մը
ճիշդ
տողեր,
ժողովուրդէն
վերցուած,
զարմանալի
հաւատարմութեամբ
կը
բաւեն՝
խտացնելու
ընկերաբանական
դրութեան
մը
շեմա
ն:
Ու
այս
տեսակէտով
ընդարձակ
նշանակութիւն
ունի
այդ
քերթուածը։
Հոն,
ամփոփ
գիծերով
կը
պատմուի
ապրելու
ամբողջ
եղանակ
մը,
կառուցուած
մասնաւոր
գոյներու
եւ
անջատ
դրուագներու
հէնքին
վրայ։
Նոյնպէս,
իր
ներկայացուցած
շրջանին
համար
արժէք
կը
հագնի
ուրիշ
քերթուած
մը՝
«
Հին
օրհնութիւն
»,
ուր
բանաստեղծը
սովորական
խօսքերու
ընթացքին
թուղթին
կը
յանձնէ
քանի
մը
յատկանշական
բառեր
ու
անհունապէս
հայ
ու
ճիշդ
տարազ
մը
օրհնութեան։
Խորունկ
է
տպաւորութիւնը,
որ
կ՚անջատուի
քերթուածէն
ու
զարմանալի
հակադրութեամբ
մը
ընկուզենիով
հովանաւոր
այդ
ուրախութիւնը
գեղացիներուն՝
մէկէն
կը
վերածուի
անսահման
թախիծի։
Ու
տողէ
տող,
տունէ
տուն,
նախնական
ու
ընտանի
պատկերներուն
վրայ
սուգի
մը
դրօշին
պէս
ժապաւինուած
կը
քալէ
մեծ,
խոր,
անմխիթար
տրտմութիւնը
բոլոր
մեր
ցեղին։
Ու
այդ
խրատը,
զոր,
ով
գիտէ,
քանի
դարեր
լսեցին
մեր
ընկուզենիները,
ահաւոր
հարազատութեամբ
մը
կը
կտակուի
սերունդէ
սերունդ:
«Ապրէ՛ք,
երեխէք,
«Բայց
մեզ
պէս
չապրեք...
» :
Ունի՞նք
ուրիշ
բան
մը
ըսելու
անոնց,
որ
մենէ
ետքը
պիտի
գան:
Փնտռտուքը
պիտի
կրնար
մեզի
ցոյց
տալ
տակաւին
քանի
մը
քերթուած-քառեակներ,
որոնք
հակառակ
իրենց
ձեւին
անփութութեանը
եթէ
ոչ
ինքնատիպ,
գոնէ
ամբողջովին
հայեցի
յուզումներ
պիտի
բանային
մենէ
ներս։
*
*
*
Սովորական,
բարոյամոլ,
վարդապետական
ու
ռամիկ
բանաստեղծութիւնը,
որ
յաջորդեց
ազգայնական
ու
դասական
ներշնչումով
քիչ
մը
բարբարոս
արուեստին,
70էն
մինչեւ
մեր
օրերը
կազմած
է
արեւելահայոց
մօտ
գրեթէ
կրացած
դպրոց
մը:
Օգտապաշտ,
բայց
մա՛նաւանդ
հասկնալի,
այսինքն՝
ամէնուն
մատչելի
ըլլալու
ձգտումէն
նուաճուած
այդ
քերթողութիւնը
քիչ
անգամ
անհանգիստ
եղաւ
իր
հասարակ
ինքնագոհութեանը
մէջ։
Գրեթէ
ամբողջութեամբ
մտաւոր
տարրերէ
կազմուած,
այսինքն՝
հասարակ
տեղիքին
վրայ
գռեհկօրէն
ընդլայնուած,
օրուան
իմաստութենէն
շինուած
բանաստեղծութիւն
մը
կը
հակասէր
ինքնին
արուեստին։
Յովհաննէս
Թումանեան
այս
գետինին
վրայ
մնացած
է
ամէնէն
քիչ
մեղաւորը:
Վկայ՝
թիւը
իր
քերթուածներուն,
որոնք
տետրակի
մը
էջերը
հազիւ
կը
բռնեն
եւ
որոնց
մէջ
բախտը
կ՚ունենանք
իսկապէս
արժող
քանի
մը
բանաստեղծութեան
հանդիպելու:
Մնաց
որ,
ինչպէս
ըսուեցաւ
վերը,
անոր
մէջ
քնարերգական
երակը
պարտադրուած
նիհարութեան
մը
հպատակէր
պիտի,
տրուած
ըլլալով
միւս
մեծ
աշխատանքը,
հայ
դիւցազներգութեան
առաջին
երկունքին
տաժանքը: