Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

II

Նախորդ վերլուծումներու ընթացքին մեզի պատահեցաւ մօտենալ անոր զգացական աշխարհին գլխաւոր կեդրոններէն մէկուն։ Ու հոն ըսի թէ անիկա սէրը չի զգար։ Կամ կ՚ապրի զայն դրական ու թանձր ախորժակով մը, (այն ատեն անդրադարձը գործին մէջ հարկադրաբար պիտի ըլլայ տժգոյն քանի որ արուեստ ըլլալիք մասը, զգացումին arome-ը՝ թռած է միսին գարշանքին մէջ) կամ՝ կ'երեւակայէ, (ու այս անգամ ալ մտապատկերը կը հպատակի փորձառութեան թելադրանքին ու կը դառնայ թանձր ու դրական)։ Երկու պարագան ալ չեն բաւեր կազմելու համար ջղայնութիւնը մարդու մը որ սիրականին հեւքին տակն անգամ տերեւի պէս դողդղայ, ինչպէս կ՚ըսէ Դուրեան, կամ խորովի անոր կրակին դէմ՝ բռնուած փետրազերծ թոչունին նման, ինչպէս երգած է ժողովրդական բանաստեղծը։

Բառերու ու տարազներու գործաւոր մը, Չարենցը, հո՛ս, որ չի տեսներ «դարերու մշուշին մէջ» հանգչած ու բիւրեղացած ձեւը, գօզալը, այն հինայուած ու «թրի պէս կեռ ունքերով» աղջիկը որ քողերուն տակ խորհուրդ ու հեւք, կրակ ու պաղուկ ջուր կը դառնայ փոխնիփոխ այրելու ու զովացնելու ընդունակ։ Որուն մօտենալու համար բանաստեղծը պարտաւոր է արեւելեան դարպասի բանաձեւերէն դուրս, դնելու անձնականութեան ամէնէն խորունկ հեծքը իր տաղերուն սիրտը, ու թաղելու՝ գօզալը, եարը, աչքի լուս ը փափուկ կամ՝ ճենճերուն աղաչանքին, կրակի պէս կարմրած տարփանքին, միամիտ կամ յուսահատ արցունքին մէջ։

Քերթուածի մը վերլուծումը պիտի բաւէր ցոյց տալու համար բոլոր մեր աշուղ–բանաստեղծներուն՝ անջրպետը, որ կը զատէ իրական արուեստագէտը հետեւակ տաղաչափներէն։

Սայաթ-Նովա կ՚ըսէ.

 

Մէ [1] խօսք ունիմ իլթիմազով [2], անգաճ արա, օ՜վ աչկիլուս ։
Սըրտումըս ինթիզար [3] ունիմ , քու տիսըն [4] բարով, աչկիլուս
Աջաբ [5] քեզ ինչ գէթ [6] իմ արի [7] կենում ես խըռով, աչկիլուս.
Աշխարս աշխարով կըշտացաւ, իս [8] քեզանից սո՜վ աչկիլուս ։

 

Ահա իրական, անմիջական, ժողովրդական ու մեծ բանաստեղծութիւնը։ Ու սրտի հանդարտութեամբ Յովհաննէսեանի, Իսահակեանի, Չարենցի գործերը կուտայի ձրի, ունենալու համար զմայլելի տողը՝

 

Աշխարս աշխարով կշտացաւ, իս քեզանից սո՜վ աչկիլուս ։

 

Բայց շարունակենք։

 

Մագամ [9] էլ ոչ օվ [10] եար չէ սիրի, է՞ս ինչ արիր, էս ի՞նչ բան ա.
Էշխէմէդ
[11] ճունուն [12] իմ էլի, ման իմ գալի եանա եանա [13],
Էս դարտէն ոչ օվ կը քաշէ, վուր [14] մէ տանգին [15] չի դիմանա՝
Սիրտըս լուրի [16] պէս խորվեցիր էշխիդ կրակով աչկիլուս:

 

Այո՛, բառերը շղարշի պէս բարակ են ու թափանցիկ։ Չենք զգար անոնց ծանրութիւնը: Կարծես ուղղակի սիրտէն փրցուած զգացումներ են որ տողին վրայ կը դրուին եւ որոնց արտայայտութիւնը գրեթէ չէ վնասուած բառերուն սպաննող պատանքէն։ Ու անոնց ներքեւին կը դփրտալ զգացումին, հրդե՜հ զգացումին անհուն մղումը։ Անոնք մօտ են խորտակուելու, բռնկելու ըսելս կուգայ, որպէսզի իր մերկութեան մէջ թրթռալ մեր առջեւ սիրտը բանաստեղծին երբ կ՚երեւակայեմ զայն քէմանչէն առջին, լարերուն վրայ ամէն մէկ բառը այդպէս ճուալ, այդպէս հալել տալէն: Ու աղա՜պատանքը եղանակին, ու անհուն ըղձանքը գորովին ու սիրոյն. գրեթէ հացի համար լացող անօթիին գալարո՜ւմը, որ կը խաղայ բառերուն հետ, կը հարցնէ, կը զարմանայ, կը յանդիմանէ մեղմօրէն ու երկիւղով։ Ու ծիրանի է բոցը ուր կը դառնայ բանաստեղծը, ու կենդանի է ու անմար` բոցը որ կը պտտի այրելէն ու այրելէն, ( եանաեանա Հոս է մեծութեան գաղտնիքը: Այսպէս է որ այրեցան մեր մեծ բանաստեղծները։ Այսպէս է որ ճենճերեցաւ Նարեկացին ու մխաց Դուրեանը։ Այս շեշտին վրայ է որ իրարու կը միանան ցեղին զգայնության բոլոր լարերը, սկսեալ անոր մեծագոյն իմացական դէմքերէն, մինչեւ անոր սրտին պարզագոյն պատմողները, աշուղները։ Ինչ բնական են պատկերները, ինչպէս կուգան իրենք իրենց, անակնկալ բայց անդիմադրելի։ Դուք բռնած ունի՞ք ձեր այդ խեղճ սիրտը, գօզալի մը աչքին դէմ, անոր ձիւնավառ մարմինին կրակին դէմ, գիտակցաբար, վիզերնիդ ծուռ, որպէսզի անմեղ խորվուի ինչպէս դաշտերուն ամէնէն անմեղ թռչուններէն մէկը , շիշի մը ծայրէն...

Ու ահա ձեզի տող մը դարձեալ նոյն քերթուածին մէկ քառեակէն որ գիրք մը կ՚արժէ.

 

Ես մէ փուքր նաւի նըման, քու էշխըն է ծով աչկիլուս

 

Ու վերջացնելու համար

Թէկուզ հազար տարտ ունենամ, իմ սրտումս ա՜հ չիմ ասի.
Իմ հուքմի հէքիմըն
[17] դուն իս. ես էլ. ուրիշ Շահ [18] չիմ ասի։
Սայեաթ–Նովան ասաց Զուլում
[19], ես էն մահին մահ չիմ ասի,
Հէնչափ
[20] ըլլի՝ դուն վրէս լաս, մազըդ շաղ տալով աչկիլուս։

 

Ահա թէ ինչ ըսել է զգալ, բայց մանաւանդ ի՛նչ ըսել է զգացածը արտայայտել։ Հոս է արուեստը, այն արուեստը որ չի վախնար կրակին կաթելէն, այսինքն զգացումէն, որ կը ձգտի զայն տարազի տակ ձգելու ու բառերը կ՚ընէ կակուղ ու տժգոյն,   մեղրամոմէ պատատներուն պէս որպէսզի դուն տեսնես անոնց տակ մլիկ մլիկ կոտտացող ու պտտող բոցը. խենդեցած արի՜ւնը երիտասարդին։ Ինչպէս կը խնդայ անիկա մահուան վրայ ու կը մեռնի, որպէսզի վայելէ սիրականին մարմինը , երբ «մազերը շաղ տալէն» անիկա փռուի իր մեռելին վրայ։ Վերլուծումը աւելորդ կուգայ հոս։

Բայց , տարօրինակը հոն է որ այս բանաստեղծութիւնը ճանչնալէ յետոյ, տակաւին կան մարդեր որ չեն հասկնար իրենց դժբախտ միջակութիւնը, ու կ՚ելլեն անոր լեզուն ու ձեւերը կրկնելու։ Ու այս երեւոյթը՝ ամբողջ շարժումի մը համար:

Չարենցը այս դժբախտ հետեւակներուն ամէնէն յաջողներէն կը նկատեմ ու կուտամ՝ հոս անոր տաղերուն լաւագոյններէն մէկը.

 

Էս օր մեր փողոցով անցար շրթներդ գինու թաս էին,
Մազերդ օսկի, աբրշում, աչքերդ ալմաս էին։
Փողոցում կեցած մնացի՝ աչքերս պղտոր ու գինով
Արեւը խաղում էր վրեդ: Հագիդ շորերը խաս էին։
Մէ աչքով վրէս նայեցիր. ասի թէ սիրով է էլի,
Կարմրագուն կրակի նըման, այտերդ կարմիր–կաս էին:
Ասի թէ՝ ոտքերդ ընկնիմ, բայց տեղում կեցած մընացի.
Այտերիդ կարմիր կըրակին աչերըդ անմաս էին։

 

Առէք ձեզի սովորական բանաստեղծը։ Քերթուածը խորքի ոչ մէկ դիմացկնութին ունի։ Ոչ թէ Սայեաթի գօզալն է որ կ՚անցնի, այլ նոր օրերու աղջիկ մը։ Ան ալ ի՛նչ աղջիկ։ Վերջին տողին մէջ անիկա կը մատնէ ինքզինքը։ Ու չեմ հասկնար պատճառը որ այդ կաս-կարմիր աղջիկը կը հագուեցնէ խաս շորերով։ Առնուազն ընդվզեցնող է այս չափը անտարբերութեան, որով մէկ երկու բառերով մարդիկ կը յաւակնին տեղական գոյն ստեղծելու, ու հին քաղաքակրթութեանց ձեւերը վերբերելու առանց հարկաւոր թափանցումը ունեցած ըլլալու։ Տաղաչափութեան փորձերու համար ժամանակակից կեանքը չէր պակսեր իրեն։ Ի՛նչ տժգոյն են ու մաշած վերադիրները։ Ո՛չ մէկ գիւտ լեզուի կամ զգացումի: Գինու թաս, ոսկի մազ, ապրշում մազ, ալմասէ աչք, խաս շոր, կաս կարմիր այտ եւ ընկերութիւն։ Չարենց չի գիտեր թէ ինչ որ ամէնէն խեղճ երգը կ՚ընէ տաք ու համակող, զայն արտաբերող հոգիին իսկական զինովութիւնը, խանդավառութիւնը, խենդութիւնն է որ ձեւին մէջէն կ՚անցնի բառերուն։ Չարենց չի գիտեր թէ ամէնէն շքեղ ձեւերուն տակ մեռելը մեզ չի յուզեր։ Ու տակաւին չի կասկածիր թէ բանաստեղծը միայն, բայց մեծ բանաստեղծը կրնայ իր շրջանէն, շրջապատէն, ժամանակին անցնիլ անդին ու մօտենալ հին, հանգչած ձեւերուն։ Թէ՝ ատոնք լոյս աշխարհ բերելու համար անսահման տառապանք է հարկաւոր, շատ աւելի դժնդակ աշխատութիւն մը քան իր առջեւէն ամէն օր անցնող երեւոյթներէն բան մը կեցնելը արուեստին տանելու համար:

Պիտի ըսէք թէ անիրաւութիւն է մեծագոյն բանաստեղծի մը ստուերին մէջ սովորական երգիչ մը խեղդելու, չքացնելու այս փորձը։ Բայց ինչուն էր պէտք։ Ոչ ոք մեղաւոր է հոս իրմէն զատ։

Գրելու այս եղանակը « վոճաւորել » որակած են անոնք որ չեն ուզած տեսնել աճպարարութեան երջանիկ անպատասխանատուութիւնը։ Շատ ալ պարզ չէ բառին իմաստը։ Ինծի կուգայ թէ ատոր մէջ պէտք է հասկանալ Սայեաթի ոճը նմանցնելու աշխատանք։ Ու այն ատե՞ն, ի՛նչ բանի պէտք կուգայ այս կեղծ զգեստը։

Բառ, պատկեր, նոյնիսկ բացատրութիւններ, որոնք յատուկ են Սայաթին, կրկնուած կը գտնէր Չարենցի մէջ, անհրաժեշտ փոքր փոփոխութիւններով։

Սայաթ–Նովա կը գրէ

Անմահական ջըրով լիքը օսկե փընջան ես ինձ համար

 

Չարենց փընջանը (բաժակ) չինիի կը վերածէ ու կը գրէ

Շրթներդ կրակով լիքը ոսկեկըրած չինին են ճան։

 

Ուրիշ մը (Սայաթ–Նովա)՝

Ես մէ ղարիբ բուլբուլի պէս, դուն օսկէ ղափաղի [21] նման
Էրեսըս դի
[22] վուտիդ [23] տակին, ան՛g կաց փիանտազի [24] նման

 

Չարենց կը գրէ

Փըռել եմ խաս խալիչէքը, վրէն ծաղիկ ունեմ շարած՝
Ոտքիդ կարօտ սպասում են, շահըն շահի, խանի են ջան։

 

Յայտնի կ՚երեւայ թէ ի՛նչ ըսել է «վոճաւորումը» ։

Չարենցի այս փորձը դատապարտելի է մանաւանդ անով որ, ուրիշներուն նման չէ ուզած իր մօթիֆները օրինակելէն վերջը պատռելու դիւրութեան ապաստանիլ (ինչպէս կ՚ընեն առհասարակ ուրիշներ։ Կարելի չէր Սայաթ-Նովան չքացնել)։ Ու վստահութեամբ մը որ առնուազն կարելի է մանկական որակել, մէկ ոստումով ինքզինքը դրած է 18–րդ դարու ժողովրդական մեծ բանաստեղծին ճիշդ քովիկը։

Բայց ինծի կուգայ թէ մարդ ոչինչով մեղաւոր է իր յաւակնութեանցը սահմանին համար։ Կարեւորը արդիւնքը պիտի ըլլար: Կոստան Զարեան չէր բաւականանար ինքնիրեն պարզ տաղանդի մը վերագրումով։ Կը թէլադրէր ինքզինքը իբր հանճար մը տեսնել։ Ու կը հաւատար այդ ինքնաթելադրանքի արժէքին՝ ներքին ուժերը շարժելու տեսակէտէն։

Եղիշե Չարենց, ամենէն աւելի, տաղարանին աւարտումէն վերջը պարտաւոր էր զգալու որ դարերու մուժն ու փոշին խառնշտկելու պէտք չունէր ինքզինքը մեզի բերելու համար: Պէտք է հասկցած ըլլար թէ իրեն չափ անցեալը զգացողներ լէգէոն կը կազմէին իր քովիկն իսկ. թէ մանաւանդ ինք ամէնէն դժբախտն էր ատոնց քանի որ այդ աշխատանքը փորձող ամէնէն խեղճ գործաւորը իրմէն աւելի խնամք ու խղճմտութիւն յաջողած էր դնել արդիւնքին մէջ։

Եթէ ուրիշներ ժողովրդական անանուն երգերու մօթիֆները շահագործեցին, հասնելու համքար ծանօթ միջակութեան, այն բան ալ դատապարտելի չեն որքան Եղիշէ Չարենց համեստ քնարահարը որ, ոչ մէկը գիտէ թէ ինչու, ցանկութիւնը կ՚ունենայ այսպէս մեծ արուեստագէտի մը տարազը, բառերը, արտայայտութեան եւ խորքի կարգ մը պատկերները, ըսելու ընդհանուր շեշտն ու գունաւորումը փոխ առնելու՝ պատմելու համար մեզի շատ հասարակ ու սովորական զգացումներ կամ իմաստութիւն, որոնք վիրաւորիչ կը դառնան խորհրդապաշտ տէքնիկով բանաստեղծի մը գրիչին տակ։

* * *

Չարենցի աշխարհին միւս ընդարձակ մասը գրաւուած է նոր ժամանակներում մեծագոյն երեւոյթէն, յեղափոխութենէն։

Իր երկերի ժողովածու ին սկիզբը ան կը խօսի պատճառին վրայ որով քերթուածները կը ջոկուին ժամանակագրականէն աւելի «մտքի», «խորհուրդի», «աշխարհի» թելադրութիւններով։ Այնպէս որ եթէ առաջին հատորը լեցուած է անձնական քնարերգութեամբ, եւրկրորդը կ՚ուռեցնեն ուրիշ պիտակով քերթուածներ, էպիգական երջանիկ տիտղոսով։

Ուրեմն ձեր առջեւ պիտի բացուի նոր աշխարհ մը որուն մէջ անհատին սահմանափակ ու վաղանցուկ զգայնութիւնն ու զգացումները պիտի գործածուին, զանգուածներու փոթորկոտ ապրումները արտաբերելու։

Իրականին մէջ՝ սակայն նոյնն է աշխարհը։ Չարենցն է որ այլեւս ձգած իր նիւթերուն իրական կամ խորհրդապաշտ շրջանակը նետուած է մեծ խօսիկ արկածախնդրութեան մը մէջ պատմելու համար պատերազմի տպաւորութիւններ կամ խաղաղութեան ուռուցիկ երգեր։

Ու ձգելով երկրորդականները ես կը մօտենամ քանի մը գլխաւոր մասերուն, քննելու համար ատոնց կառուցուածքին ուժը եւ առարկայացուցած արժէքներուն յարգը։

Գիրքին մէջ Տանդէական Առասպել անուն պօէմ մը մեզի կուտայ յուշագրութիւնը զինուորին որ մեր պատմութեան ամէնէն եղերական տարին, բախտը կ՚ունենայ սուրը ձեռքին անցնելու մեր հայրենիքին ամէնէն դժբախտ գետիններէն։

Տարօրինակը հոն է որ առասպելը կը տառապի անհնարին տժգունութեամբ մը: Իրականութեան անհուն շահեկանութիւնը հետք իսկ չէ ձգած այդ հասարակ էջերուն վրայ, որոնց դժուար է անուն գտնել դրականօրէն։

Ի՞նչ է վերջապէս այդ առասպելը: Հոն ճամբաներ կ՚երեւան որոնք աժան սէնպօլիզմով մը կը մխուին «մուժին ու մշուշին» մէջ։ Հոն ընկերներ կ՚երեւան որոնք քալելէ անդին ընելիք չունին։ Երբեմն լքուած գիւղ մը որ չի կրնար ինքզինքը պարտադրել եթէ ոչ մեր համակրանքին, գոնէ մեր հետաքրքրութեան։ Երբեմն այգի մը կը կանչընայ, իրական շրջագիծով մը բայց շուտ մը խորհուրդին կը նետուի, բանաստեղծական անզգածութեամբ մը որ ուրիշ տեղ այնքան շաղակրատ այլ մարդուն մօտ վիրաւորիչ է հոս։ Ու ծովակը, մեր ծովակը, որուն գանգատը կարելի կ՚ըլլայ լսել շրջապատի լեռանց գագաթներէն։

Ու մարդեր, դիակի կամ մահամերձի ձեւին տակ: Թշնամին որ չ՚երեւար կամ կը տրուի անմեղ մանուկներու եւ պառաներու տարազով։ Ու կռիւ, ու թնդանօթ ու սուինամարտ: Յարձակում ու նահանջ։ Ու այս ամէնը երջանիկ, տափակութեանցը մէջ անկնճիռ երջանկութեամբ մը երջանիկ խորհրդածութեանց մէջտեղ։

Ի՞նչու գրուած է այս պօէմը ։

Տրուած ըլլալով Չարենցի դիտողութեան նախնականութիւնը որ տեսնելէ աւելի գուշակելէն կ՚ախորժի, տրուած ըլլալով անոր երեւակայութեան նկարագիրը որ անընդունակ է ճիգի ու շատ շուտով կը յոգնի, տրուած ըլլալով անոր գրելու անփութութիւնը որ անբարեխղճութենէ աւելի թերեւս բնախօսական պայմաններու կը հնազանդի, ծանօթ ըլլալով նայուածքի եղերական ցամաքութեան որ անխուսափելի աղէտն է արեւելահայ բանաստեղծութեան, Չարենց ամէնէն անյարմար մարդը կ՚ըլլայ իրականութիւնը իր բոլոր կարկառովը արուեստին տանելու, ուրիշ խօսքով՝ իրականութիւնը, շօշափելի նիւթը պահելու երկար՝ իր հոգիին մէջ, առանց աւրելու անոր յօրինուածքին շեշտաւորումները, դուրս հանելու համար նոյն երգչէն հարազատութեամբ մը որ նախանիւթը յիշեցնէ բայց չըլլայ ատիկա։

Ու մե՜նք որ կը սպասէինք առնուազն տեսնել մեր երկիրը, այնպէս, ինչպէս պառկեցաւ անիկա իր անբաւ սուգին անբաւ ճերմակովը, անոր ոտքերուն առջեւ, աղէտի տարին։ Այդ երկի՜րը ուրկէ վտարեցին մանաւանդ հոգին մեր ժողովուրդին։

Ու չեզոք ու անտանելի ու անտեղի խորհրդապաշտութեամբ մը մշուշոտ են իր գոյները, թերի՝ իր գծագրութիւնները եւ մանաւանդ անտարբեր ըսուելու չափ թեթեւ՝ իր հոգեբանական բարեխառնութիւնը։ Դուք կրնաք առանց փոքր անպատեհութեան այդ երկիրը փոխանակել աշխարհի որեւէ անկիւնին հետ։ Այս տարտամութիւնը, ընդհանրութիւնը մարդկայնական շունչով կամ գաղափարական հեռանկարներով չէ որ ձեռք կը բերուի։ Անիկա արդիւնք է ուղղակի աչքի ու հոգիի պակասին, որով մեր տեսածները կը պզտիկնան ու կը չքանան, մեր զգացածները թեթեւ կը ճնշեն կամ կը կորսուին առանց հետքի մեր հոգիէն ներս։

Եթէ բանաստեղծի մը պաշտօնը տեղագրութիւնը չէ, ապա ուրեմն անոր պարտականութիւնն էր տալ մարդերը։ Փնտռեցէք երկարաշունչ քերթուածին մէջ ու դուք դժուարաւ պիտի կրնաք մարդեր բռնել մեր աչքին դէմ։

Բոլոր էջերուն մէջ հրապարակ կուգայ շարունակ բանաստեղծը, ինք, որ, փոխանակ մերձաւոր առարկայականութեամբ մը՝ դէպքերն ու տեղերը, դէմքերն ու տռամները մեզի նկարելու, առաւելապէս կը նուիրուի ինքնավերլուծման։ Բայց քերթուածին մէջ վերլուծումը կ՚արժէ, որքան կ՚արժէ զայն ընող հոգին։ Ու դուք կ՚ունենաք ոռնումի, մռնչումի, հրդեհի, պարի, խենդութեան ստեղնաշարը ձեր առջին, բայց ոչ մէկ ներդաշնակ հեծք որ ազնուական թախիծ մը փոխադրէր:

Իբր զինուոր իր տպաւորութիւնները կը դալկանան հէքեաթային. անորոշութեամբ մը: Ան մէկն է որ պարան կը ձգէ հորը ջուր քաշելու ու տեսէք թէ ինչպէս կուտայ պատկերը դոյլին որ դիակի մը քայքայուն մասերը կը փոխադրէ վեր

 

Չըռած աչքերով նայում էի ես
Ամանում լցուած ջինջ, յստակ ջուրին,
Որի մէջ մարմնի կիսանեխ մասեր
Հանդարտ, անաղմուկ օրօրւում էին։
Ճիչը իմ սրտում զսպելով հազիւ
Ջրհորի մօտից հեռացայ լռին ։

 

Հանդուրժելի է այս ցամաքութիւնը, վասնզի բաներ կան որ չեն պատմուիր։ ( Տանդէական առասպել էն, ինչպէս ուրիշ ամէն տեղէ, իմ մէջբերումները լաւագոյն էջերը կը կազմեն)։

Ու ահա Մեռած Քաղաքը ։ Մի մոռնաք թէ բանաստեղծը մաքրակրօն կամ ուղղափառ կրօնաւոր մը չէ որ երեւակայական երկիրներ, արքայութիւններ ու դժոխքներ պատմելու համար ճամբայ է ինկած: Անիկա զինուոր է, 1915–ի կամաւոր զինուորը որ բոլոր նորագոյն մեռելներուն ու բոլոր մեռած քաղաքներուն ահաւոր ուրուականները, ատանկ թեւաբաց, լարած է իր հողիին դաշտերուն վրայ, սեւ, կարմիր, բարբառուն դրօշներու պէս: Անիկա կամ կեղծաւոր, բախտախնդիր ու անզգած մարդուկն է որ կը քալէ հոսանքին ետեւէն, կամ կապերէն քակուած գազանն է որ կ՚երթայ մահը մահով, ոճիրը ոճիրով, հրդեհը հրդեհով քաւել տալու:

Ես կուտամ ձեզի իր տեսածները.

 

Մեռած քաղաքում ոչ մի մարդ չկար:
Եւ ամայացած շէնքերը աւեր,
Մութ, մահատեսիլ, կոյրերի նման,
Փորած աչքերով, նայում էին վեր։
Եւ չէին կարող նրանց հանդիման
Գետին չնայել հայեացքները մեր։

 

Տեսանք՝ կոտրած թախտի մօտ
Ընկած էր մի կին, արնաշաղ ու մերկ։
Խոռոչի նման բացւած ահահոտ՝
Քրքչում էր կարծես բերանն արնաներկ։
Իսկ կոնքերն ու չոր ծիծերն արիւնոտ
Պատմում էին մեզ պղծումներ անելք։

 

Ցնդեցին գանգիս ճի՜գերը յետին։
Ուղեղըս կարծես արդէն իմը չէր։
Ու պար բռնեցին երկինք ու գետին,
Ու մէկն ինձ ասաց, որ պէտք է փախչել…
Սակայն ո՞ւր գնալ, որ քեզ չգտնեն
Այդ կոնքերը մերկ , այդ ծծերը ծեր…

 

Ու ահա ձեզի զգայախաբութիւններ։ Մութին մէջ, անոր աչքերը կը նային «բազմատարազ» ու «լուրթ» մեռելներուն որոնք կրակ վառած «կը ցատկոտեն» , «կը բառաչեն», «կը տքնեն»...

Գոյնզգոյն շորեր, մարմիններ մեռած,
Սրունքներ կապոյտ, ստինքներ դեղին,
Յետոյքներ ուռած ու արեւակալած

............................................................
Երգ էին ասում, ոռնում էին խուլ,
հեծկլտում էին, ծիծաղում, շաչում,

 

Ու էջեր կը նուիրուին՝ պատկերացնելու համար հոգեբանութիւն մը, ուր, «աներազ նիրհի» մը մշուշին մէջ իրականութիւնը կը դատապարտուի անպատասխանատու ծամածռութիւններու, հպատակելու համար ճիգէն վախցող այս երիտասարդին կամաւոր, փնտռուած զգայախաբութիւններուն։

Ու այս տարօրինակ խառնուրդին մէջ կը քալէ պոեմը ։ Դժբախտութիւնը հոն է, որ անհատական ներշնչումները մշուշով ու խորհուրդով տաղաւարելը չի բաւեր դիւցազնաչունչ ներշնչումները տիրապետելու։ Այնպէս որ, ընդհանուր գոյնը հոս անգունութեան կը վերածուի ու մարդկային մասնայատկութեանց ջնջումը՝ որ, էպիգական պոեմաներ ու հրապոյրներէն մէկն է երբեմն, հոս կը զրկէ քերթուածը մեծագոյն տարրէն, անմիջական թափանցումը առաջացնող հոգեկան նոյնազգած համակրութենէն։

Պատմութի՞ւն։ Անկարելի է անուանել այս առաւելապէս անձնական ապրումներով լեցուն քերթուածը, ուր դէպքերը արժէք ու նշանակութիւն չունին։

Քերթուա՞ծ։ Անոնց պոեմա՞ն։ Չենք կրնար այդպէս անուանել ինքնավերլուծումի այս գրքոյկը, ուր բոլոր իրողութիւնները մենք տեսնելու ատեն չունինք, քանի որ մեր աչքերուն կը բռնուին ու կը տարուին անմիջապէս, ուր հոգեկան վիճակները փոխանակ դիտուելու հանդարտ զննութեան լոյսովը՝ կը փոխադրուին անմիջապէս զառանցանքին անշրջագիծ սահմանները ու կը վերածուին, ատով իսկ, չէզոք տախտակներու (plaque)։

Յուշագրութի՞ւն։ Բայց իրականութեան գիծերը չկան հոն։ Բայց չկայ հոն մեր ցեղին աւանդական թշնամին, այնպէս՝ ինչպէս գիտէինք մենք՝ արեւմտահայերս։ Եթէ մէկ երկու ոճիր անոր «սրբազան հոգին կարատաւորեն», չեն կրնար հակակշռել անհուն, անպատում ոճիրը, որուն դիակին վրայէն կը քալէ կամաւոր զինուորը՝

Պատերազմի յիշատակնե՞ր։ Բայց ճամբաներ ու լեռներ միայն կան իր գիրքին մէջ, անոնք ալ կամաւոր դալկացումով մը ընդհանրացած։ Անոր մէջ երկու տողով սուինամարտեր կը պատմուին ու նահանջներ կան, որոնք երկու վեցեակ տողերով կը յաջողին վերջանալ:

Ու կը փնտռեմ բառը, որ տիտղոսէր այդ առասպելը արդար երանգով մը:

Չարենցի այդ քերթուածը բոլոր պատեհութիւնները կը պահէր իր ծոցը, մեր գրականութեան ամէնէն շքեղ հարստութիւններէն մէկը ըլլալու: Անիկա գրուած է 1916ին, երբ ինք բոլորովին նորահաս պատանի, մտած է անհուն այդ եղերգութեան սիրտը:

Բայց անոր դաւաճանած է այս ագամ ալ իր դիւրին արտադրելու առաքինութիւնը։

Անիկա չէ կասկածած, թէ իր տողերուն տակ վերջնական տպաւորոթիւններ կը խտանային, առանց ունենալու ձեւին ալ վերջնական կաղապարը։ Ու փոխանակ ստեղծելու, այսինքն՝ իրականութեան տուածները փոխանակ բռնելու իր երազին պրիսմակին դէմ, նետած է թուղթին։

Այս զառածումին մէջ դեր ունին ապահովաբար բոլոր այն պոեմները, որոնք արեւելահայ բանաստեղծութեան մէջ աւարտած գործերու համբաւը վայելեցին երկար տարիներ, ծնունդ տալով ռէալ հաւատքներու։ Քերթուածի մը տանելի, ընթեռնելի ըլլալը անոր արժանիքներուն ամէնէն աննշաններէն մէկն է մեզի համար։ Անոնց մէջ՝ գերագո՛յնը։

Ու Տանթէներուն ստուերը լաւ էր հանգիստ ձգել, երկու դիակ ու երկու պզտիկի մահ պատմելու համար։

Բայց ես հաւատքն ունիմ, որ Եղիշե Չարենց կրնար Տանթէն անգամ ստուերի մէջ ձգել, եթէ կենար, կենար իր ոտքերուն վրայ, նեխած դիակներուն մէջտեղը ու նայիր, նայէր, նայէր...: Իր տեսածները զինուորի տպաւորութիւններ պիտի չըլլային այն ատեն։ Ու իր զոյգ մը աչքերէն մեր ցեղը պիտի նայէր, այդ օր-ցերեկով, առանց պատճառի մորթուած աչքը մեր ժողովուրդին:

Եթէ « Տանթէական առասպել »ով վրիպած է իր յաւակնութիւններուն մէջ, բանաստեղծը սակայն չէ ալ յուսահատած: Անիկա կը զգայ, բնազդով, իր տպաւորութեանց թանկագին նկարագիրը, որոնց հեռաւոր արձագանգն անգամ հազիւ կարելի կըլլար տեսնել իր քերթուածին մէջ։

 

Ասկէ փորձը ուրիշ ձեռնարկի մը, « Ազգային երազ », ուր իր ապրումները պիտի կանչուէին վերջնական եւ ուժգին արտայայտութիւններու:

Բայց անիկա ծրագրած ատեն հաշուի չառներ վտանգը։

« Ազգային երազը » նոյնքան անբաւական է, որքան « Տանթէական առասպել »ը:

Ա՛ն՝ որ անկարող էր եղած իրականութեան այնքան բարեբաստ պատեհութիւնը շահագործելու եւ իր զգայութիւնները մշուշին էր տարած, անտեսելու աստիճան կեանքին պատկերները, տեսնելու համար միայն իր ուղեղէն բխածները, այս տեսակ մէկը հիմա ինքզինքը կը դնէր տարածութեան մը դիմաց, որ կրնար ընդարձակուիլ իր ուզածէն շատ աւելի, քանի որ երազին ամբողջ տկարացնող տարրերը մուտք ունէին։ Քմայք, անհատակութիւն, երեւակայութիւն, այսինքն՝ արուեստի գործի մը մէջ ամէնէն փորձանաւոր ուժանակները, որոնք ստեղծումները կը վերցնեն ու կը բռնեն պարապին վերեւ, բայց պզտիկ անուշադրութեամբ մըն ալ բզիկ-բզիկ կը խորտակեն:

Ես արդարացի անտարբերութեամբ մը նկատի չեմ առներ քերթուածին երգիծական երեսը, երբ անդին անլուր ողբերգութիւնը կը սպասէ ձեւ ու մարմին դառնալու:

Հոս, անիկա, այդ ճիգին համար, ունի բոլոր ցանկալի պայմանները։ Առասպելին մէջ երբ զգայախաբութիւնները բռնի կու գան, հոս արդէն ամբողջը կը սուզուի երազի մը թեթեւցնող հոսանուտին մէջ։ Եթէ տեղն ու դեպքերը կշիռ ունին զինուորի յուշագրութեանց մէջ, հոս բանաստեղծը ազատ է, ազատ իր ուզածին պէս կենալու անոնց դիմաց։

Ու անմիջապէս անիկա կը մօտենայ պատեհութեանց, որպէսզի մեր աչքերուն անհուն ու կսկծագին համապատկերներ բեւեռէ։ Երկինքէն կախուած՝ կը նայի մեր երկրին։ Ու կը հետեւի կրակին, որ ամէն անկիւններէ կը բռնէ դժբախտ այդ աշխարհը։ Բայց այսքան։ Յոգնած է արդէն ու ձգելով պատկերը՝ կը փաթթուի մարդերու օձիքին, երբ ուրիշ տեղ կը փախչէր անոնցմէ։

Բայց հոս մարդերը վիշտին ու Եղեռնին մարդերը չեն։ Այլ կարծր ու բիրտ հեգնութեան մը տակ ծիծաղելի հերոսներ, որոնք յաջող դուրս կու գան: Կը նշանակէ, թէ Չարենցի տաղանդը աւելի կը հակի դէպի ընկերային պարսաւանքը, քան քնարական ու դիւցազներգական կառուցումները: Ու ասիկա հասկնալի է:

Սաթիր ը տեսակ մը հրապարակագրութիւն է, որուն ամէնէն դժուար մասը չափով գրելու վարժութիւնը իւրացնելն է։ Եթէ երեւակայութիւն ունիք ու քանի մը նոր պատկերներ ալ կրցաք ճարել ձեր քարոզին, ու եթէ հեգնութիւնը ձեր խառնուածքին մեծ գիծերէն մէկն է, ինչպէս նաեւ ցինիզմը (շնականութիւնը), կրնաք վստակ ըլլալ ձեր յաջողութեան:

Բայց պետք չէ մոռնալ, որ մեր աղէտը իր ծիծաղելիութեամբը չէ, որ մեծ եղաւ։ Մեծ է անիկա քայքայուող լերան մը նման։ Մեծ է անիկա ծովերուն տակը սուզուող երկրամասի մը կործանումին նման։ Ու անտեղի է այդ հսկայ վերիվայրումներուն դիմաց զբաղիլ պզտիկ, եղկելի կիրքերու պայքարովը։

Այս գիծով գործերուն մէջ հարկ կը զգամ զետեղել « Կապկազ »ն ու « Ամենապոեմ »ը, որոնք Չարենցի ազգային դիմագծութեան կարելի արտայայտութիւններն են), իջնալու համար Յեղափոխական Չարենցի աշխարհին։

* * *

Չարենցի աշխարհին ամէնէն տկար մասը Յեղափոխական աշխարհն է։ Շատ են այս տկարութեան պատճառները։ Հոս կը ծանրանամ գլխաւորներուն վրայ։

Եղիշե Չարենց երաժշտական զգայնութեամբ տոգորուած բանաստեղծ մըն է։ Այսինքն՝ մէկը, որ իր բառերը քով քովի պիտի շարէ, առաւելապէս անոնց ոտքի հանած թեթեւ աղմուկը, դաշնաւոր բզզիւնը վայելելու։ Եթէ ոտանաւորին մայր յատկութիւններէն մէկը երգեցիկ ու հնչական ըլլալն է, մի մոռնաք մա՛նաւանդ, որ անիկա ամէն բան չէ։ Անշուշտ, ամէնէն առաջ բառերը պէտք է թեւ ունենան ու տողը վազէ։ Բայց բառերը պէտք է ծանր ըլլան նաեւ ուրիշ տարրերով ու տողը պետք է իր վազքին մէջ բան մը փոխադրէ։

Հոս է, որ կը սկսի վտանգը։ Անոնք, որ ոտանաւորին մէջ քիչ ու շատ տանելի հնչականութիւն մը կը յաջողին զետեղել, բաւարարուած կը նկատեն զիրենք ու ալ հոգը չունին մտածումին, որուն արտայայտութեանը համար գրիչ էին առած։ Կամ ուրիշ տեսակէտով՝ չեն կրնար ազատել զգացումը իր ցaոgueերէն, որուն հոսանուտ մարմինը մեր զի փոխադրելու համար ճամբայ ելած էին։ Ու առաջ կու գայ անբնական երեւոյթը –քերթուածը, որ իր տարազովը միայն ինքզինքը կ՚արդարացնէ։

Բանաստեղծի մը մօտ երաժշտական տարրին այսպէս տիրապետող ըլլալը կ՚անդրադառնայ ամբողջ ստեղծումին վրայ: Ու անիկա, փոխանակ հետապնդելու մտածումը, որ պէտք է քանդակ-քանդակ իրականանայ բառերուն ներքեւ, փոխանակ մտիկ ընելու զգայնութեան, որ տեղ-տեղ պէտք է պառկի թուղթին վրայ, ականջ կը բանայ միայն ու միայն բառերու թելադրանքին։ Ու պիտի հետեւի անոնց առաջ բերած մեղեդիին ու պիտի մոռնայ, թէ անդին շատ ընելիք ունի տակաւին։ Մտածումը պարապ տեղը պիտի աշխատի այդ բառերուն չհակակշռուած գնացքը չափաւորելու: Պարապ տեղը զգայնութիւնը փշուր-փշուր պիտի տարտղնուի, որպէսզի հասնի բառերու այդ բանակին։

Ինքզինքը կառավարելու այդ անկարողութիւնը ուրեմն մնայուն վիճակ մըն է ալ այդ խմորէն բանաստեղծի մը համար։ Ու եղերականը հո՛ն է, որ այդ վիճակը հոմանիշն է նոյն ատեն մեր մէջ շատ որոշ անգործօնութեան մը (apathie):

Օրինակ մը.

 

Իրիկուն էր, հրակարմիր մի իրիկուն։
Արեւը բորբ մայր էր մտնում արեւմուտքում։

 

Վերջալոյսի պատկեր մը։ Առաջի տողը կու տայ պահը։ Երկրորդը, աւելի ծանր, կրկնութիւն մըն է։ Բոլոր անոնք, որ բնութեան պահերուն ընտանի են, պիտի գոհանան այս պատկերով, որ պարզ, բայց տանելի գիծերով կը դրուի մեր առջին։ Բայց բանաստեղծը այդպէս չի խորքիր։ Ան կ՚ուզէ այդ կրակին տակ դաշտանկար մը տարածել մեր աչքերուն դէմ՝

Դաշտի վրայ փռուել էր մուժ արիւնած՝

 

ու կը պատրաստուինք հիմա տեսնելու նոր գիծերը այդ այնքան հինցած նկարին, որ փորձած է բոլոր դարերու արժանաւոր ու անարժան բանաստեղծները։ Ու կը սպասենք, որ այդ արիւնոտ ու անսահման պատանքին տակ իր ձեւերը միշտ կենդանի պահող մեծ մեռելը, ցերեկուան դիակը երկննայ մեր առջին։ Բայց այդ արդիւնքին համար աչք ու մատ, գոյնն ու գիծը պէտք է հաւասար ուժգնութեամբ միջամտէին։ Մինչդեռ հոս նկարչական տարրը միշտ ալ պատրաստ չէ բանաստեղծին կանչերուն։ Ի՛նչ ընել: Վերադառնալ առաջին տողին, ունեցած պուտ մը գոյնը վերստին գործածել, բայց փրկելու համար երեւոյթները՝ խորհրդապաշտ վրձինով։

 

Թոյն էր կարծես՝ բորբ արեւի սրտից քամած։

 

Չորս տող, որուն կեդրոնական գիծը իրիկուան մը նկարն է։ Վերջին տողը իր պրկուած ու նոր պատկերովը կը փրկէ ամբողջ տունը: Բայց պետք է քալել: Պէտք է լաւ բանալ աչքերը՝ տեսնելու համար անտիպը, չըսուածը, տպաւորիչը։ Ի՛նչ հարկ սակայն այդ ճիգին։ Չէ՞ որ ամբողջ գաղափարը տողի մը մէջ տուած էր։ Պատրաստ է արդէն այդ տողը թէ իբր բառ, թէ իբր պատկեր։ Կ՚առնենք անիկա, ու պզտիկ, գրեթէ աննշան փոփոխութեամբ մը կը կրկնենք։ Այս տողը իր բնական iոertieովը իր ետեւը պիտի բերէր երկրորդն ալ:

Արեւը, թէ՛ժ՝ մայր էր մտնում արեւմուտքում.
Ու արիւն էր դաշտի վրայ, թոյն էր թքնում։

Ա՛լ զառիթափին վրայ ենք։ Ու բանաստեղծը տարուած է բառերէն։ Ասոնք են, որ կը տիրապետեն ու կը մղեն զինքը։ Չի կրնար անդրադառնալ, որ վեց տող արդէն կրակի հետ է խաղցած ու կրակ է խաղցուցած։ Չի խորհիր, թէ օդի բառերը մեզ շատ շուտ կը յոգնեցնեն ու մենք բնազդով կը փնտռենք անոնք, որոնց տակը միս ու ոսկոր կարելի է տեսնել: Իրեն համար կը բաւէ, որ բառերը ըլլան հանդուրժելի, ախորժալուր, ա՛լ չի հետաքրքրուիր, թէ ատոնք ըսելիք մըն ալ ունին։ (Սենպոլիսթ արուեստը բառերը գործածեց նոյն նպատակով, բայց հնչական հասկացողութեան տակ անիկա հետապնդեց հոգեկան դաշտանկարներու զարթնումը ու, մա՛նաւանդ՝ արհամարհեց տողերով, հատածներով, մի օրինակ չափով ձեռք բերուած մեղեդին):

Բայց շարունակենք.

Հորիզոնում վառել էր մի կարմիր քուրայ–
Ու արնավառ փայլ էր փռում դաշտի վրայ։

Հարկ չկայ վերլուծելու։ Ուր որ էինք, հոն ենք.

Ու արտերը, ալեծածան, վառուել էին
Արեգակի կարմիր փայլով իրիկնային։

Ահա միակ բառը, արտը, որ մեզ գետնին կը կապէ։ Ու վերջացնելու համար այս պզտիկ փարակրաֆը.

Դաշտը, անծայր ու անսահման, լայնատարած՝
Հրակարմիր տարածուել էր նրանց առաջ:
Ծով էր կարծես, որ սկիզբ ու վերջ չունի–
Ծով էր կարծես՝ մշուշի մէջ իրիկունի։

 

Պոեմին առաջին հատուածը աւարտած է։ Նիւթն է կարմիր, թունաւոր կարմիրով վերջալոյս մը արտերուն վրայ:

Տարրական ուշադրութիւնը պիտի բաւէր՝ զգալու համար նկարչական նայուածքին տարապայման աղքատութիւնը։

Ամէն նկար գիծերու շէնք մըն է ամէն բանէ առաջ, որոնք իրենց յարդարումովը իրերը ցցելու, կարկառելու պաշտօնը ունին: Փնտռեցէք դուք այդ 12 տողին մէջ ու պիտի գտնէք միակ տող մը, որ հողի շերտ մը դնէր ձեր աչքին։ Բայց տարտամ բառո՞վը։ Բայց անծա՞յրը ։ Ու իբր թէ չբաւէր ատիկա, առէք անսահմանը ։ Ա՞ս ալ քիչ կը կարծէք: Առէք լայնտարածը ։ Ասիկա թափթփածութիւնն է, կարդացողը արհամարհելն է։ Այս միակ տարտամ բառին վրայ պիտի շինէ իր քերթուածը: Գծագրելու այս անկարողութիւնը աւելի կը շեշտուի, երբ կարգը կու գայ գոյները գործածե լու։ Ու դպրոցկանի մը պէս ափով կառնէ կարմիրը ու կը նետէ հողին վրայ ու հողէն վեր։ Օգնութեան կը կանչէ բնազդական քանի մը բառ, Տէրեանին բորբն ու մշուշը ու քանի մը լայն հոմանիշներ։ Կը կրկնէ ու կը կրկնէ։ Ու կ՚ունենանք վերջալոյսը:

Բանաստեղծութիւնը, այսպէս ըսելու համար, անկանոն, ապերասան, բայց սրբազան բխում մը նկատելու համար ես կը կանխեմ բոլոր Չարենցները ու անուններ կը դնեմ հոս։ Այո՛։ Ամէն միջոց ներելի է, բացի տափակէն: Պէտք է, որ այդ բխումը, իր նորութեամբը, իրացուցած գեղեցկութեան արժէքովը, իր խաղերուն այլազանութեամբը, վերջապէս իր արդիւնքին անառարկելի ազնուութեամբը արդարանցէ մեր զիջումը ։ Այսպէս, մենք առանց նեղուելու, չենք տեսներ « Վերք Հայաստանի »ին մէջ չափի, կարգի, օրինուածքի պակասը, վասնզի իսկապէս տարերային բան մը, նոր ու անդիմադրելի (իր շրջանին մէջ) մեզ կ՚առնէ ու կը տանի։ Մեր մտքէն չանցնիր դատափետել Դուրեանին ոտանաւորը, որ շատ տեղեր մեղանչած է օրէնքին, վասնզի այդ նոյն թափը, այդ անտիպ ու անդիմադրելի գեղեցկութիւնը մեզ կ՚առնէ ու կը տանի։ Ու, վերջացնելու համար, Le Bateau Ivreին . Ռենպo) մէջ, կանգունը ձեռքերնիս, չենք ճշդեր ու չափեր ամէն բառի տեղն ու յարմարութիւնները: Վանսզի քերթուածը նորէն կը տանի մեզ։

Հո՞ս: Բայց պե՞տք է կրկնել, թէ բանաստեղծութիւնը երբեք ու երբեք բառերու հրթիռ մը չէ։ Թէ մանաւանդ հոն, քերթուածին մէջ բառը պարզ գահաւորակն է յուզումին, մտածումին: Թէ այդ երկու հոգեկան վիճակները արտադրելու համար է, որ կրնայ նպաստաւորուիլ երաժշտական յօրինուածքէն։

Կամաւոր այդ անփութութիւնը քերթուածներուն մէջ կը վերածուի անգիտակից անփութութեան։ Տողերը կոտրտել, ելլել ու իջնալ, յեղափոխելու համար խորտակել աւանդական կաղապարները, անակնկալի բերելու ու ատկէ հաճոյք ճարելու համար փորձել բոլոր կարելի ու անկարելի յանդգնութիւնները, բա՜ռ, բա՜ռ, բա՜ռ նետել, անհաշիւ, պուտ մը յուզում կամ դողդոջ գիծ մը սեւեռելու համար, մէկ խօսքով՝ ընել ամէն բան, որպէսզի energie) նուազագոյն մը կոչուի ոտանաւոր տողերու մեծագոյն թիւ մը երեւան բերելու համար։ Ահա թէ ինչպէս մօտեցած է Եղիշէ Չարենցը մեր օրերուն ամէնէն շքեղ երեւույթին, յեղափոխութեան։

Բառերով քալող այս բնազդին քով հարկ կը զգամ աւելցնելու ուրիշ մեծ թերութիւն մը, այս անգամ բախտորոշ, խառնուածքին հարցը ։

Անոնք, որ ուշադրութեամբ կը քննեն բանաստեղծին արտադրութիւնները մինչեւ 1920, կը գտնեն անոնց մէջ մէկը, որ հոգիին բոլոր կողմերովը հակած է դէպի տարտամ երազանքը ու կլլուած անկէ։ Որ իրերուն ու յոյզերուն աշխարհէն կը սիրէ առաւելապէս մշուշոտ, ծոյլ կամ անշարժ տեսիլները։ Անիկա հետաքրքրուած անգամ չէ մարդերու դժբախտութեամբը: Գործողութեան սարսափը ունի ու կը զգուշանայ մարդերէն: Մենք զայն տեսանք « Տանթէական »ին մէջ, որ ձգած ապրող խմորը, մուժ ու մշուշով կամ ներքին պայքարներովը զբաղած էր իր երեւակայութեան։

Մարդերէն վախնալու այդ պարագան կարեւորագոյն հաստատում մըն է անոր նկարագրին համար։ Անիկա, բոլոր երազանուէր հոգիներուն նման, պիտի փախչի պայքարի դաշտերէն։ Պիտի ապրի իր անկիւնին խաղաղութիւնը կամ անդարմանելի եղերականութիւնը։ Բայց պիտի չըլլայ ուրիշներուն համար ինքզինքը զոհող, մարդերու բարիքին համար ինքզինքը մինչեւ խաչերը նետող տարօրինակ տիպարը ։ Ու յեղափոխութիւնը գործն է միայն ու միայն այս խառնուածքներուն։ Ու յեղափոխութիւնը քիչ անգամ կը յարձակի շէնքերու կամ դաշտանկարներու վրայ։ Անոր ծաւալման կեդրոնը մարդ ն է։

Մարդը իր բոլոր ձեւերուն մէջ ։ Կարդացեք այն պոեմները, ուր բանաստեղծը մարդերը կը հանէ մարդերուն դէմ։ Ու դիւրութեամբ պիտի համոզուիք, որ բառերն են, որ կը կռուին բառերուն դէմ։ Ու բառ են այդ մարդերը գրեթէ միշտ։ Ահա անոնք կը յարդարուին «խելագարուած»՝ նոր օրերու մեծ գուպարումին համար, բայց կը զարդարուին մշուշով ու վերջալոյսով: Խորհուրդը պզտիկ կանթեղի մը մնան հազիւ տմոյն լոյսով կը գծագրէ անոնց ճակատները, յայտնելով անոնց ծագումին դժբախտ պատմութիւնը։ Ու անոնք չեն կրնար քալել առանձին ու կը վերածուին զանգուածներու։ Բայց բառեր կառավարելուն չի նմանիր զանգուածներ շարժելը։ Ու, փոխանակ անոնց բախումները, քայքայումները, ողբերգութիւնն ու խելագարումները պատմելու, բանաստեղծը պիտի նայի անոնց ետեւէն իր իսկ հանած փոշիին, հորիզոնին վրայէն։ Պիտի պատմէ թունոտ արեւին տակ շէնքերուն նիստը, երկաթէ գիծերուն արիւնոտ հանգոյցը։ Բայց անոնց պայքա՞րը: Դուք զուր տեղը պիտի սպասէք տեսնելու գործողութիւն մը, որ պարուրէր այդ ամբոխները, որ զօրանար, փրփրէր՝ խորտակելու համար պայմանադրական կեղծիքին թումբերը, որ կոխկռտէր անիրաւութեան, զրկանքին, ցոփութեան ու իգացած հեշտանքին վրայ սուիններով բռնի կանգնուած արդի պուրժուազիին անամօթ կուռքը՝ փշուր-փշուր, ու տար հովերուն անոր մոխիրները։ Վասնզի բանաստեղծը անհաղորդ է այդ տառապանքին։

Եթէ անիկա դժբախտ է զանգուածները շարժելուն ու ատոր հետեւող դղրդդիւնը մեզի փոխադրելուն մէջ, բախտաւոր չէ դարձեալ, երբ խաղաղութեան ողջոյնները կը հեռագրէ աշխարհի անիրաւուածներուն: Վասնզի հոս ալ չի զգար իր ըսածները: Վասնզի, խառնվածքով յեղափոխական չէ ան։ Բառերով յեղափոխութիւն մը շատ-շատ սերունդ մը կրնայ խաբել։ Արեւմտահայերը, իրենց բովանդակ դժոխքովը, նուազ ձախողութեամբ չըրին այդ գրականութիւնը։ Ու երբ դեռ թաց է դիւցազներգուներու քերթողներու արիւնը, իրենց երգերուն վրայ, անոնց գործը արդէն պատրանք չունի նոր հասնող սերունդին:

Այս երկու զօրաւոր ազդակները, բառերէն տարուելու իր թուլամորթութիւնը, մարդերուն հանդէպ իր խոր, թոյլ ու մեղաւոր անտարբերութիւնը կը դատապարտեն Չարենցի յեղափոխական բանաստեղծութիւնը։ Անիկա կեղծ է, պիտի չդիմանայ նոյնիսկ իր սերունդին։

Քանի մը վերլուծում, միշտ իր լաւագոյն կտորներէն, շատ աւելի բան կ՚ըսեն, քան բոլոր հիացական բացագանչութիւնները, որով ողջունուեցաւ այդ գրականութիւնը:

Քիչ վերը, ապացուցանելու համար կարգ մը բաներ, ես վերլուծած էի փարակրաֆ մը։ Անիկա վերցուած էր « Ամբոխները խելագարուած » քերթուածէն, որ յաջողագոյն էջերէ մէկն է Չարենցի եւ զոր ամբողջ կու տամ հոս: :

Անոր սկիզբը:

Հեռո՛ւ, մօտիկ ընկերներին, աշխարհներին, արեւներին,
Հըրանման հոգիներին:
Բոլո՜ր նըրանց, ում որ հոգին վառում է վառ,
Բոլո՜ր նրանց հոգիներին արեւավառ,

Կեանքի՜, մահի՜ այս ամեհի աղջամուղջում՝
Ողջակիզուող հոգիներին ողջո՜ւյն, ողջո՜յն:

Բանաստեղծը իր ողջոյնները կ՚ուղարկէ։ Կրնանք հասկնալ «հեռու ու մօտ» պայքարող ընկերները։ Պիտի կրնանք տարածել բարեւը «աշխարհներուն» ալ վրայ: Բայց պիտի մտածենք, երբ բանաստեղծը կը նետէ զայն «արեւներուն» ալ։ Ու պարտաւոր պիտի ըլլանք, մարդկայինէն դուրս չելլալով, թերեւս հեղինակին մտքէն չանցած մեկնութիւններ ենթադրելու, որպէսզի արդարացնենք այդ պարզ ձայնական զուգորդութեամբ մէջտեղ ինկած բառը, «արեւներուն»ը: Ազատ էք, արեւ որակումին տակ հասկնալու մտքին արեւները, մեծ իմացականութիւնները։ Ու այս սանձարձակութեամբ պիտի տանք մեր ողջոյնը «Հրանման հոգիներին»։ Կը կարծէ՞ք, որ զսպուած ըլլայ ներչնչումը։– Ուրիշ խօսքով՝ բառերուն բռնութիւնը: Ո՛չ:

Ահա ձեզի միւս տողը.

Բոլո՜ր նրանց, ում որ հոգին վառում է վառ,

Տող մը, որ ոչինչ կ՚աւելցնէ վերը ըսուածին, որ կու գայ աւելորդ բզզիւնի մը նման։ Ու, իբր թէ բաւական չրլլար այդ ծանրաբեռնումը, պէտք է քիչ մըն ալ բեռնաւորուիլ։

Բոլո՜ր նրանց հոգիներին արեւավառ:

Ի՛նչ աւելցաւ։ Ի՛նչ շահած է քերթուած։ Ո՞ւր ենք։– հոն՝ ուրկէ մեկնած էինք: ::

Կեանքի՜, մահի՜ այս ամեհի աղջամուղջում՝
Ողջակիզուող հոգիներին–ողջո՜յն, ողջո՜յն։–

 

Բառ մը, որ դրական իմաստ մը ունենար, կեանքն է հոս։ Մտքի շատ պերճախօս ու նոյն ատեն թափանցիկ ծուլութեամբ մը մահը անոր ստուերը կ՚ըլլայ: Ու աղջամուղջը կը հետեւի մահուան տեսիլքին: Ահա թէ ինչպէս բառերը կը ստեղծեն բառերը։ Ահա թէ ինչպէս ըսելիք չունեցող մէկը, պարզ՝ բառերը մտիկ ընելով տողեր կը լեցնէ։ Հարկ չկայ մեկնել վերջին տողը:

Մուտքը լրացած է: Ու դուք գիտէք երկրորդ փարակրաֆը, թունոտ իրիկուան նկարը:

Երրորդ փարակրաֆին մէջ.

... ։ Այդ հին դաշտում կռւում էին
ամբոխները խելագարուած։
Քաղաքներից ու գիւղերից, ստեպներից հեռու ու մօտ՝
Եկել էին նրանք նորից՝ յուսավառուած ու կրակոտ:
Ով քաղաքից էր հեռացել նա թողած էր մշուշը ծեր,
Մշուշը, որ կեանքի վրայ մխաշաղախ ամպ էր դարձել։

Երկու բառ, ծեր ու մխաշաղախ, կը միջամտեն գունաւորելու համար տարտամն ու տժգունութիւնը այս ելքին (levée):

Ով եկել էր գիւղից հեռու նա թողել էր հողը խոնաւ,
Որի վրայ կեանքը հըլու ոչ մի ոսկի հասկ չծնաւ:

Նախադասութիւնը, իր ոսկի հասկովը կը լուսաւորէ ամբողջ հատուածը։

Ով եկել էր ստեպներից, նա թողել էր անծայրածիր
Լայնութիւնը հորիզոնի, որ իր համար բանտ էր դարձել։

Այս ընդլայնումները քերթուածին կը ճարեն տեսակ մը շրջանակ ու զայն կը տարածեն քիչ մը ամէն ուղղութեամբ։ Բայց քանի հորիզոնը ընդարձակուի, նոյն չափով պէտք է բազմապատկուի արտայայտող գործիքներուն բեւեռելու կարողութիւնը։ Արդ, հռետոր բանաստեղծի մը համար այս ճիգին դժուարութիւնը անյաղթահարելի է յաճախ: Անիկա չի կրնար իր գտած բառին գեղեցկութենէն, հնչումէն կամ պարունակած պատկերէն հրաժարիլ դիւրութեամբ։ հետեւաբար պէտք է ետ դառնալ, շրջելանոնք, ծռել քիչ մը առաջ ու ետ, նորէն մտցնել տողին մէջ։ հոս եկողներուն մեկնակէտները տալէն ետքը, պէտք է տալ անոնց նկարագրին մոռցուած, երկրորդական կէտերը։ Ու շահիլ, տո՛ղ շահիլ։

 

Ով քաղաքից էր հեռաւոր, ուր մառախուղ էր անորոշ՝
Նա բերել էր թոքախտաւոր սիրտը,

որպէս կարմիր դրօշ։–
Ով եկել էր, թողած հեռուն անծայրածիր մութը գիւղի՝
Բերել էր իր մկաններում բեղմնաւորուած ուժը հողի:
Ով եկել էր ստեպներից, ուր ապրում էր որպէս գերի–

Բերել էր իր լուրթ աչքերում լայնութիւնը ստեպների...

 

Զանգուածները կազմելու համար մարդիկ ոտքի կը հանուին, կը բերուին իրարու քով, բայց այս տողերը չեն կրնար մեզի թելադրել բազմութիւններուն գրոհը։ Անհատներ կը տեսնանք, բայց այնքան խնամուած չէ անոնց ամբոխի վերածումը, ու մեր տպաւորութիւնը կը մնայ, իր մեծ խորքին վրայ՝ անայլայլ։ Ու երբ երկրորդական պէտքերու համար, երբ վերջալոյսի մը համար բանաստեղծը այնքան լիաբուռն թափով մը կը նետէ տողերը, հոս երկու տող.

 

Ըմբոստացած, խելագարուած, չտանելով հին կեանքը էլ,
Անծիր դաշտում այդ հաւաքուած՝ նրանք կռուի էին ելել։

 

Այսքան։ Բայց մի մոռնաք, թէ հեղինակը խելագարուած ամբոխներուն խելագար պայքարը պիտի պատկերացնէ։

Չորրորդ փարակրաֆին մէջ տեղ մը նորէն.

-

... Եւ երգելով կռում էին ամբոխները խելագարուած։—

Ու քսան տող՝ մայրամուտին տակ դաշտի համապատկերէն։ Արդար ըլալու համար պէտք է աւելցնել, թէ այդ նկարագրութիւնը զուրկ չէ շնորհէ, երբեմն նոյնիսկ զօրաւոր ու գիւտով՝ ինչպէս հոս.

... Երկընքի սիրտը մխուած բեւեռների պէս արնաքամ՝
Փայլում էին արիւնամած ծխնելոյզներն հսկայական:

 

Ոչ ոք մտքէն կ՚անցընէ առարկել քերթուածին այս քան լայննալուն։ Հերիք է, որ համեմատութիւնը յարգուի: Այն շունչով մեզի նկարագրուած արտաքին աշխարհի մը դէմ, մենք հիմա պէտք ունինք նոյն համեմատութեամբ բռնուած մարդերու, որոնք էջերով իրենց կռիւը կռուին, կատաղի ու վճռական կռիւը, որ երկու քաղաքակրթութիւնները իրարու վիզին կը նետէ:

Հինգերորդին մէջ ունինք կայարանին նկարագրութիւնը։

...................................................................
Լսւում էր մերթ շոգեկառքի սուլոցը սուրն
հեռու մութում–
Մորթում էին կարծես այնտեղ խելագարուած

մի անասուն...
....................................................................

 

Ու կայարանը.

 

Երակների պէս երկաթէ քաղաքամօտ կայարանից
Հեռո՛ւ, հեռո՛ւ ձգուել էին ուղիները երկաթագիծ։
Երակների պէս երկաթէ՝ ամուր գրկած կուրծքը հողի՝
Սեղմուելով հետզհետէ փախչում էին գաղտագողի...
Ու ցցուած էր ուղիների խաչակնքման՝
սեղմ հանգույցում—
Կայարանը, որպէս մի հարց, որպէս հսկայ մի քարացում։
Ուղիների ճամբամիջում հանգոյց էր նա կարծես
կապուած–
Ու անզիջում կռում էին ամբոխները խելագարուած:

 

Ասոնք լաւագոյն մասերն են այս նկարագրութեան։ Խաչաձեւումը բռնի խաչակնքում կը դառնայ։ Բայց կարեւորը ինծի համար նոյն շարժումով գծագրուած պատկերներն են ու անոնք կան։

Վեցերորդին մէջ՝ քաղաքը.

Դէմը քաղաքն էր տարածուել՝ հազարամեայ մի թշնամի։
Սֆինքսի պէս հսկայական, շէկ ծծերը դրած հողին՝
Նա կտրել էր արեւակամ ամբոխների կարմիր ուղին:

Ու կայարանը՝ յաղթանդամ,
իրիկնային կարմիր մուժում,
Յաղթ նստել էր նրա առաջ,
որպէս նրան հսկող մի շուն։—

Յետոյ 5-6 տող, որոնք պատերազմի նիւթական յուշերու հետքերէն կու գան, խրամներուն գիծը ու անոնց խորը պահուող թշնամին, որ՝

 

Կրակում էր գաղտագողի, նենգ ձեռքերով արիւնոտած։

 

պահ, շրջանակ, շարժումի ստուեր մը։ Ու կը պատրաստուինք իսկական գուպարի մը տեսարանին: Բայց քիչ բան է մեր տեսածը։ Խրամներ ու զնգացող հրանօթ մը: Ու երգ։ Թեւով՝ ու կարմիր։

 

Երգ էր սիրտը ամէն մէկի, երգ էր հայեացքը կրակոտ.
Վառում էր սիրտը ամէնքի, որպէս կարմիր մի առաւօտ:
Ե՛րգ էր կարծես արեւը հին՝ իրիկնային լույսով վառուած–

Ու երգելով կուում էին ամբոխները խելագարուած...

 

Ութերորդ փարակրաֆը կը պատրաստէ հաւաքական աղաղակը, որ իններորդին մէջ կը բարձրանայ «բորբ», անծայրածիր կարօտով...

Արիւնաքամ մայր է մտնում հազարամեայ աշխարհը հին
..........................................................................
Ու խնդասիրտ կռում ենք մենք...
Կուրծք է տուել աշխարհը ողջ՝
հազարամեայ մի թշնամի...
Բայց անվհատ կռւում ենք մենք, ու մահը՝
սէգ, ժպտում է մեզ–
.....................................................................
Անողո՛ք է երթը այս սէգ, ինչպէս կարմիր կարօտը մեր–

Կրակեցէ՛ք, կրակեցէ՛ք, խելագարուած իմ ընկերներ...

 

Ու քանի մը փարակրաֆներ, որոնք գիշերային հսկումներ կը պատմեն, դիւթական զգայութիւններու արագ արշաւով։ Հոն ամբոխը դարերում այս մարտնչումը կ՚ապրի առաւելապէս արտաքին զգայութիւններով։ Անոնք չունին իրենց ակռաներուն տակ բզկտելու պարարտ ու աղբոտ միսը հին կարգերուն ու չեն յաջողիր իրենց դարաւոր վրէժը փրփրոտ արիւնի մը պէս դուրս թափել մինչեւ անգամ իրենց մազերէն։ Ատոր փոխարէն բանդագուշանք, ատոր փոխարէն պատկեր ու խռով երազանք.

 

Գիշերի դէմ խաւարամած, աչքերն յառած կարմիր կէտին՝
Ամբոխները խելագարուած սպասում են առաւօտին:
Ու վառւում է խաւարակուռ հոգիներում նրանց անգայթ
Կէտը այդ մուգ, որպէս հեռու, հրաբոսոր մի ճառագայթ։
Սուր մխուել է նրանց սրտում, որպէս մի թէժ,
կարմիր բեւեռ–

Թոյն է լցնում ու բորբոքում ու երազներ աշխարհաւեր...
Աղմըկում է նրանց սրտում մորմոքը հին, հազարամեայ–
Տենդ է սփռում ու խլրտում նրանց անգայթ սրտում հիմա:
Լուրթ աչքերում փայլում է վառ արիւնամածի մի ցանկութիւն–

Ու աչքերը միլիոնաւոր թո՛յն են թքում, արիւն ու թոյն։

 

Հակառակ բառերու այս կտրուկ հաստատումներուն, մարդիկը կը մնան անհաղորդ յեղափոխական մկրտութեան: Ու գաղտնիքը այս անբնականութեան պէտք է փնտռել բանաստեղծին իսկ ներսը: Անիկա չի հաւատար իր ըսածներուն։ Անիկա կռիւը կը մղէ բառերուն կռնակէն ու տեսէք ինչեր ընել կու տայ անոնց բերնովը ամբոխներուն, որոնք՝

 

Եթէ ուզեն՝ արեւներին նոր տեմպ կը տան եւ նոր ուղի.
Եթէ ուզեն՝ արեգակներ կը շպրտեն երկինքն ի վեր։
Եթէ ուզեն՝ վար կը բերեն երկինքներից արեգակներ..
Եթէ ուզեն՝ կամքով արի ու աշխարհի հրով վառուած
Ինչե՜ր միայն չեն կատարի ամբոխները խելագարուած...

 

Թող լուսնայ: Անոնք՝

 

Պիտի երթան առա՜ջ հիմա, պիտի առնեն քաղաքը մեծ,
Պիտի թափե՛ն նրա վրայ հազարամեայ մաղձը իրենց։
Քանդեն պիտի ու աւերեն, տեղը փոշի՜ պիտի փռեն–

Հազարամեայ քաղաքը այդ քանդե՜ն պիտի ու աւերեն։–

Այրե՜ն պիտի, խելագարուած պիտի պարե՜ն հրդեհներում,
Ու կարմրավառ կրակ ու կայծ պիտի փռեն երկրի հեռուն:
Ու մնացած մոխիրը ձիգ պիտի այրե՜ն նրանք նորից,
Որ կեանքը հին, որպէս փիւնիկ,
չբարձրանա՜յ մոխիրներից...
Քամո՜ւն տալով մոխիրը այն, որ տանի ու յետ չբերի—
Դէպի հեռո՜ւն պիտի երթան դեռ չծնուած արեւների...

 

Ու կը լուսնայ:

 

Աչքերն յառած հեռո՜ւ - հեռո՜ւն
կարմիր վառուող արեգակին՝
Արեւավառ հեռուներում նրանք կռում էին կրկին.
Հոծ խմբերով հազարանուն, արեգակի հրով վառուած՝
Դէպի Արեւն էին գնում ամբոխները խելագարուած ..................................................................

 

Ահա քերթուածը: Ես թեթեւցուցած եմ անկէ շաղակրատ կրկնութիւնները ու պոռոտ բացագանչութիւնները: Այսպէս սեղմուած իր լաւագոյն մասերուն մէջ, անիկա կենդանի ու թափով քալող հռետորական էջ մըն է, հաղորդական ու նուագուն։ Բայց այս սովորական օրինուածքէն դէպի նոր, յեղափոխուած արուեստը ոչ մէկ գիծ։ Չարենց աւելի տկար պատկերներով, աւելի շաղփաղփ լեզուով մը կ՚ընէ ա՛յն՝ զոր տարիներով ըրած է մեր մէջ Սիամանթոն, ոչ լաւ երակէն Սիամանթոն, այլ անիկա, որ հանդէսներու ու սրահներու պատրաստ երգահանը եղաւ։

Ալեքսանդր Պլոք, յիսուն տողի մէջ կրցաւ Արեւելքէն քալող ամբոխի մը ծանր սարսափը զգալի ընել նշանաւոր քերթուածի մը մէջ: Եղիշէ Չարենց հազար տող ալ նուիրէ, շարժուն ու գործօն ոչ մէկ զգայութիւն պիտի հաղորդէ: Վասնզի, ինչպէս քանի մը անգամ դիտել եմ տուած, բանաստեղծին զգայութիւնները ներսէն, սիրտէն չեն գար։ Այլ կը ծնին թուղթին, տողին վրայ ու կը սահին ու կ՚երթան, ոչ մէկ հետք քաշելով մենէ ներս:

Յարձակողական յեղափոխութեան այս տկարութիւնը յստակ երեւան կու գայ ուրիշ քերթուածի մը մէջ, որ « Երգ ժողովրդի մասին » վերտառութիւնը կը կրէ։

Երկաթուղիով անցնիլ ստեպներէն (steppe) ու սրբազան Ռուսիոյ անհուն երկիրներէն, չի նշանակեր ճանչցած ըլլալ այդ հողին հոգին։ Ինչպէս կամաւոր խումբերով Հայաստան արշաւող զինուորը չէր կրցած ճանչնալ մեր երկիրը։ Նոնյպէս, քաղաքներուն մէջ, բանուոր ու մուշա մուժիկին հետ օրերով ու ամիսներով հաց կիսելը չի նշանակեր թափանցած ըլլալ հոգիին խորը այն զանգուածներուն, որոնք ռուս մեծ ժողովուրդը կը լինեն։

Չարենց այդ ժողովուրդին պատմութենէն կ՚ընտրէ յատկանշական անձնաւորութիւներ ու, զանոնք զինելով մեր օրերու տեսութիւններով, կը հանէ պայքարի:

Ըսելիք չունիմ. Գաղափարը ուժ է անշուշտ։ Պէտք է դառնալ ու հաւատալ արդիւնքին։ Ու ես խստապահանջ պիտի չըլլամ ցարերու վրայ յարձակող այս ուրիշ ցարերու հանդէպ (այս անգամ ծագումով ու տիտղոսով միայն տարբերող), երբ ասոնք կը զգեստաւորուին արդի աւետարաններու քարոզներովը։ Ես կը փնտռեմ դիւցազնական շունչը, որ այդ անձերը սրբագրէր։ Ըսել կ՚ուզեմ, որ այդ անձերը ազատէր դառն ամօթէն վարձու հերոսներուն: Այս արդիւնքին համար շատ քիչ պիտի գային Չարենցի առաքինութիւնները։ Հոս է, որ անկարելի կ՚ըլլայ զանգուածներ շարժումի տանիլ բառերու շեփորովը: .

Հոս է, որ արուեստագէտը պիտի միջամտէ, ու խեղճ ու հասարակ բառերու գործաւորին մէջ զետեղէ աստուածային ճարտարապետութեան քանի մը մեծ օրէնքները։ Այդ օրէնքներուն ցուցմունքովը բանաստեղծը այս անգամ մեծ- պիտի լինէ իր հերոսները: Այսինքն՝ անոնց հոգեբանութեան բոլոր գիծերը, իրենց բոլոր մանուածքին, կամ ժայթքումի շեշտութեանը մէջէն մեզի տեսանելի պիտի ընէ մութ կամ հարուստ, արիւնոտ կամ պայծառ, բայց միշտ տպաւորիչ տեսիլներու վրայէն: Հոս է, որ արուեստագէտը պիտի պողպատէ (ներեցէ՛ք այս խոշոր բառին) իր աչքերուն տարողութիւնը՝ ու փորձն ընէ տեսնելու, կովկասեան լեռներու բարձունքին, հաստ գետերու ցանցին մէջէն, դէպի հիւսիս փախչող այդ գետիններուն հոգին ու, մա՛նաւանդ՝ անոնց վրայ ապրող բայց ոչ բառով այլ ապրող ամբո՛խը՝ իր ցաւին ու հաճոյքին, իր սեւ հացին ու անհուն տարփանքին, իր իչպան երուն եւ երազեղէն պալատներուն, իր խուժդուժութեանը եւ ստրկութեանը մէջ շեշտօրէն դիմագծուած, կենդանի ամբոխը։ Ա՛ն՝ որ ամէն ամբոխներէն աւելի տառապեցաւ։ Որ դարերով շարունակեց իր քրտինքո՛վը քաղցրացնել հեշտութիւնները չաշխատողներուն: Ա՛ն՝ որ ամէնէն հարազատ յատկութիւնները ունէր հնազանդ ու նոյն ատեն մոլեռանդ ուժ մը, հեղեղ մը, հրդեհ մը ըլլալու:

Ու առնուազն տղայական է քանի մը գոց սորվուած նախադասութիւններով, գործաւորներու գրականութեան քլիշէ յուզումներով տափակ-տափակ հեքիաթ պատմել մեզի, երբ մենք ուրիշ բան կ՚ուզենք։

Այո։ Ու ասիկա պէտք է գիտնան բոլոր հեքիաթճի ները ու բոլոր դիւրին տաղաչափող հին կամ նոր ժողովուրդ երգողները։ Մենք կ՚ուզենք կեանքը, բայց տեսնուած, բայց ապրուած, բայց ամբողջացած կեանքը: Թող անիկա պատկանի թագաւորին կամ մուժիկին, թող անիկա ըլլայ բանուոր աղջկանը կամ մեծագոյն արուեստագիտուհիին: Մեր փնտռածը կեանքն է միայն:

Ու կեանքը գտնելու համար մարդ շատ բաներու պէտք ունի, բայց ամէնէն քիչը գրող, տաղաչափ ըլլալու:

Անբարեխղճութիւն, աճպարարութիւն է անհանգիստ ընել ժողովուրդի մեծ հերոսները, դարերու հզօր դէմքերը ու զանոնք գառագեղի մէջ ցուցադրութեան հանելու այս գուցէ. վաճառականական ձեռնարկը։

Վասնզի ո՞վ է Չարենցը: Ո՞վ է այս՝ ինքզինքէն մատ մը անդին չտեսնող, ինքզինքէն դուրս պուտ մը կրակ չունեցող, իրմէն դուրս ոչ մէկ բանի հաւատացող մարդուկը, որ պիտի մեծնար՝ տեսնելու համար անպարագիծ տափաստաններուն անպատում խորհուրդն ու գեղեցկութիւնը, ան՝ որ իր պապերուն աճիւները կոխկռտեց առանց գիտնալու, թե ուր կ՚երթայ: Որ պիտի հասկնար դարաւոր զրկանքին շարժուն ժայթքումը եղող սա մարդերուն հոգին, որոնց ամէն մէկը հազար տարիներու շղթայ կը կրէր իր նայուածքին վրան եւ որոնց ամէն ժեսթին տակը հազար տարիներով խտացած թոյնի մը զսպանակը կը սեւնար։

Իջնալ այդ հոգիներուն խորը. շաղուըուի՛լ անոնց ատելութեան մեծ ալիքին մէջ։ Զգալ, անոնց հետ, քայլերուդ ու նետիդ, կամ նիզակիդ կամ սուրիդ վրայ՝ մա՛հը, մշտական ու պայծառ՝ մարտիրոսներուն այնքան տեսանելի այդ մահը ։ Նետուիլ այդ մարդերուն հետ՝ փտութեան ու հեշտանքի պալատներուն վրայ, բայց ուժով մը, որ ներսէդ, քու իսկ անբարբառ զրկանքներէդ հանած ըլլաս: Ու իյնալ, աչքերդ բաց՝ որոնց մէջէն դարերը պիտի թափին դէպի վեր ու սիրտդ փոշի՝ կուրծքիդ տակը, անհուն ատելութեան կրակով։ Ու մտնել պարապէն ներս, լուրջ ու տխուր, բայց ետիդ ձգելով քու նուիրումիդ երկինքն ի վեր կարմիր աղբերացումը, արիւնոտ ու անհուն ծիածանի մը նման, Հարուստներուն եւ իշխողներուն տղփութեանը վերեւ: Պայծա՜ռ յիշատակարան դարերու շեմքին։ Ահա թէ ի՛նչ ըսել է ժողովուրդի համար պոեմա գրել։

Ու Եղիշէ Չարենց խեղճ պատմիչ մըն է հոս։

Նոյն տեսակի պոեմ մըն է մա՛նաւանդ « Ամենապոեմ »ը:

Ոչ մէկ քերթուածի մէջ Չարենցի ստեղծագործ տկարութիւնը այնքան բացայայտութեան կ՚ելլէ, որքան հոս: Անիկա մտադրած է մեր ժամանակներու ամէնէն մեծ յուզումը, համաշխարհային պատերազմը քերթելու: Ինծի համար անակնկալ ու գաղտնիք չունի պոեմին ձեւը։ Անիկա հետեւանքն է մտքի մեծ ծուլութեան մը: Բայց հետաքրքրարականը հոն է, որ զարմացնելու պէտքէն ծնած տողերու այդ խառնակոյտը կոչուած է պատմելու մեր օրերուն ամէնէն մեծ դէպքը։ Ոչ թէ մինակ դէպքը, այլ՝ անոր անդրադարձն ալ հոգիներէն ներս:  

Ու անուն չունեցող միամտութեամբ մը բանաստեղծը մեզի կը թուի դեպքեր, որոնք, հակառակ հեղինակի բոլոր trucներուն, լրագրի դէպքեր կը մնան: Ու բանաստեղծը մեզի կու տայ անուններ, որոնք հակառակ հեղինակին բոլոր ճիգերուն, աշխարհագրութեան մէջ սորվըւած անուններ միայն կը մնան։ Ահարկու անփութութիւն, որով կը չքանան մարդերն ու եղելութիւնները։ Մուշա Պօղոսն ու վարժապետ Սողոնն անգամ կը դադրին հայ ըլլալէ։ Ու խանութպան Համոն, ա՛ն՝ որ կը բարձրանայ « Մեր հայրենիք »էն կ՚առնէ վրէժը, կ՚ըլլայ մարդ մը ուրիշ աշխարհի։

Այս ձեւազեղծումը կամաւոր չէ, ոչ ալ արդիւնք՝ բանաստեղծին տեսակէտներուն։ Անձերը չեն յարդարուիր ինքնատիպ ու կանխամտածուած սկզբունքի մը ապացուցումին համար, որպէսզի այդպէս զրկուած ներկայանան իրենց անձնականութեան անլքելի տարրերէն։ Այլ՝ հետեւանքն է այն մեղաւոր անփութութեան, այն ոճրապարտ ամբարտաւանութեան, որուն նմոյշները արդէն հաստատած էի աւելի կանուխ շրջաններու մէջ:

Այլեւս Եղիշէ Չարենց բանաստեղծ է։ Ու պաշտօնական, ու մկրտուած:

 

Դարերից եկած մի անհո՜ւն պոետ:

 

Ու բոլոր մեծութիւններուն նման իրեն կը ներէ ամէն ձեւ, ամէն յիմարութիւն, բայց մանաւանդ միջակութեան չգուշակուած յիմարութիւնը: Ու իր խառնուածքին մէջ անհոգ, իր լեզուին մէջ ապերասան, իր յուզումներուն մէջ դատարկապորտ այս երիտասարդը հիմա անսանձ կը գտնէ ինքզինքը իր քմահաճոյքին առջեւ ու կ՚ըսէ աշխարհի ամէնէն անմեղ, ամէնէն խեղճ, ամէնէն յիմար բաները իր աճպարար ոտանաւորովը, կարծես թէ մէկ անգամէն արուեստի վերածուելու համար բաւական ըլլար տողերուն պարունակութիւնը ատանկ կախել, կախկխել, նետել ու բռնել։

Ու կը դադրիմ ծիծաղելէ: Ու կը վրդովուիմ, որ երիտասարդ բանաստեղծ մը, որ յատկութիւններ ցոյց տուաւ ու արեւելահայերուն մէջ նոր յուզումներու եւ ձեւերու մօտեցաւ, այսպէս կը յանձնուի անպատասխանատու քմայքին։

« Ամենապոեմ »ը մեծ պատերազմին գրահաշուական տարազն անգամ չէ։

Եղիշէ Չարենց ուշադիր դիտողութենէ զուրկ բանաստեղծն է։ Այս պարագան կը բացատրէ թանձր, արտաքին զգայութիւններով հարուստ խորքի մը բացակայութիւնը։ Բայց դէպքերը խորհուրդին տանիլ երազն է ամէն բանաստեղծի։ Ու այդ արդիւնքին համար անհրաժեշտ էր ուշադիր դիտողութիւնը։ Բանաստեղծը լաւ մանրամասնուած գիծեր պիտի ընտրէր, որոնք իր երազը, իր ընդնշմարած խորհուրդը սեւեռէին իր ձեւերու աշխարհին վրայ: Ասիկա ճամբան է բոլոր մեծ բանաստեղծներուն։ Այն ատեն հարկ չկայ ոտանաւորը ատանկ պճոքուած դերձանի մը կարճին պէս թուղթին վրայ փռելու։ Բոլոր աս տագնապանքը խորքի ամայութիւնը պարտվելու համար է։ Վասնզի օդին մէջ պտտող գաղափարները արուեստագիտական ստեղծումի նիւթ չեն կրնար ըլլալ։ Շատ մեծ, Բանի (verbe) վարպետներն են միայն, որ կրնան անոնցմէ քանի մը քարոզ ու գեղեցիկ ճառ դուրս հանել։ Եղիշէ Չարենց մթնոլորտի յեղափոխութենէն զգացած է այնքան, որքան ուրիշներ։ Անիկա, այդ մեծ, այդ նորոգող կարգերն ու քաղաքակրթութիւնները ողջակիզող բոցը հեռուէն կը տեսնէ։ Ասոր համար ալ իր երգերը չեն սնանիր ներքին ջերմութենէն, Որ ամէն գաղափարի ուժը կը հայթայթէ երբ իջնայ մարդերուն սիրտը։ Այսպէս է, որ հռետորութենէն այնքան քիչ ախորժող առաջին հատորին Չարենցը երկրորդին մէջ չի կրնար ազատիլ անոր սոսինձէն ու գործողութեան ու երեւակայութեան ու խորունկ թափանցումի ու կեանքի տուրքերուն փոխարէն՝ կ՚ապաստանի քարոզին ու աժան յուզումին։ Կուզե՞ք որ հրապարակ բերեմ զինքը իր իսկ բառերովը։

 

ՆԱՅԻՐԻ ԵՐԿՐԻՑ

Եկել–եկաթէ երգ եմ ձեզ ասում
Ես կարմիր պոետ Եղիշէ Չարենց։
Ե՛ս եմ՝ նաիրցի մի հսկայ պոետ–
Եկել եմ ահա դարերի հեռու
Ու հին մշուշից
Մշուշի միջից անթիւ դարերի.
Եկել եմ ահա ու կանգնել եմ, սէգ,
Ու երգ եմ ասում հիմա բոլորիդ–
Երկաթէ մի երգ:

 

Ու յիսուն տող իր դիրքը ճշդելու եւ ողջոյնները բաշխելու համար։ Կարծես ողջոյնը Արարատեան դաշտին մասնաւոր մէկ պտուղն է։ (Մենք զայն շատ ընդունեցինք Պոլիս)։ Յետոյ յիսուն տող մըն ալ ողջունընկալ ընկերներուն։ Ու հարցումը.

 

Ո՞վ գիտէ արդեօք՝
Բերե՞լ է մէկը այսօր աշխարհում
Խառնելու ձեր մեծ ու հզօր երգին
Մի երգ աւելի՛ ըմբոստ ու արի,
Քան իմ երգը մեծ  երգը Նաիրի...
.......................................................
Եւ երգում եմ ես, ահե՜ղ ու պայծառ,
Քո էն երգը մեծ, տիեզերական,
Երկի՛ր Նաիրի...
.......................................................
Ե՛ս Ես եմ նորից.
Դարերից եկած անհո՜ւն մի պոետ–
Եղիշէ Չարենց–
Նաիրի երկի՛ր, քո երգիչը վառ,
Օրհներգուն պայծառ
Ու զաւակը մեծ...

 

Ե՛ս, ե՛ս եմ նորից–
Ոսկի կրակը հնամեայ ցեղիս,
Իմ ջլաբազուկ, յաղթ ժողովրդի
Օղակը վերջին,
Տուել եմ սիրտս գալիք օրերի
Երկաթէ երգին,
Կապել եմ կյանքս գալիքի հետ վառ–
Եւ կրում եմ իմ մեծ, հսկայ սրտում–
Մի երկաթակուռ, նո՜ր, հզօ՜ր աշխարհ:

 

Իր մեծութիւնը, հզօրութիւնը, անհունութի՜ւնը իր ցեղին վրայ տարածելու համար, դիտեցի՞ք արդեօք, որ անհուն պոետը վերջապէս կը խօսի քանի մը խանդավառ բառ իր ժողովրդին ալ վրայ։ Խորամանկ այս զիջո՛ւմը՝ նոյնիսկ հոն, ուր ամէնէն քիչ կը սպասուէր ատոր։ Բայց քերթուածը գրուած է ողջոյնէ ու ժողովուրդէ աւելի մեծ ու հսկայ ու անհուն պոետ մը երգելու համար։ Այո՛: Բայց ի՞նչ է այդ երգը: Ես կը փնտռեմ անոր կտորները ուրիշ քերթուածի մը մէջէն:

 

Հէ՜յ, հեռո՛ւ մօտիկ
Հանքահորերում,
Գործարաններում,
Լայն ստեպներում ու անտառներում–
Բոլո՛ր վայրերում, բոլո՛ր կողմերում,
Երկաթի՛, պրոնզի՛, հողի՛ ու հանքի
Երգով օրօրուած իմ բի՜ւր ընկերներ,
Ո՞վ ունի այսօր կամքը մեր հրէ,
Ուժը մեր բոսոր
Ու վառ բախտը մեր
Տիեզերական...

 

Բայց ասիկա գիտէինք արդէն, նոյնիսկ Շուշանիկ Կիւրղինեանի օրերէն։

Պէտք պիտի ըլլար խօսիլ նորէն « Կապկազ »ին վրայ, ուր քանի մը յաջող հեգնութեամբ էջերու կողքին, շատ-շատ դպրոցական հանդէսներու յարմար տրամախօսութեան մը պատկերը կը բերեն:

Ու վերջացնելու համար խուզարկութիւնը այս աշխարհին՝ երկու բառ « Չարենցնամէ »ի վրայ:

Ծիծաղելիին զգայնութիւնը հիմա լռած է բոլորովին բանաստեղծին մէջ։ Ալ անիկա կրնայ ինքզինքը դնել բոլոր դարերու մեծագոյն ստեծագործողներուն ճիշդ քովիկը, առանց անպատեհութեան, ինչո՞ւ չէ:

Ու կարդացէք պատմութիւնը տղուն, որ բախտաւոր օր մը ծնած Իրանի մէջ, պարգեւուէր է յետոյ Հայաստանին, իր դիւթական բառովը՝ Նաիրիին: Ու Իրանի «արեւն ու կրակը» անհարկի յամառութեամբ մը պիտի լուսաւորեն այս տղան, որ փոքրագոյն առիթներէն, ինչպէս մեծ հանդիսութիւններէն կ՚օգտուի՝ ձեզի պոռալու Իրանին «մութն ու արեւը»։ Ու այսպէս ֆիւթիւրիստ եղանակով մը քալող տղան դուք կը գտնէք «Կարսում ու «Երեւանում»։

Ու թող պատմէ ձեզի իր սէրերը, իր գործերուն տպագրութիւնները, մինչեւ որ զինուոր դառնայ կամաւորական բանակին։ Յետոյ՝ Մոսկուա։ Յետոյ՝ դարձեալ Երեւան։ Ու հիմա «մի անհուն, կարմիր պոետ»։

Եթէ պատերազմական շրջանին մարդերը արագ սպառումով մը ծերացան կանխահաս տրտմութեամբ ու արիւնին մէջ մտան լեղի ձանձրոյթով մը, Եղիշե Չարենց դեռ իրաւունքը չունի իր մատ մը շուքին նայելու ու անոր պատմութիւնը ընելու մեզի։ « Չարենցնամէ »ին մէջ մանկական յիշատակները գրեթէ հեռագրուած են, փոխանակ ապրուելու։ Կ՚ուզէ՞ք նմոյշ մը.

 

Ես Կարսում եմ–
Նորի՛ց,
Նորի՛ց…
Մանկական շրթներիս կախած՝
Ես տեսնում եմ մօրս
Նորից–

Ստինքները՝ երկու ձագառ...

 

Բայց այսպէս չէ, որ կ՚ապրին տղաքը: Ու այսպէս չէ, որ մանաւանդ կ՚ապրին մարդերը իրենց մանկութիւնը: Ու ինչ եղանակ ալ փորձենք, գրական որ այլանդակ տեսութեան ալ հպատակինք, մենք պարտական ենք կեանքին ։

Ինծի լռել կը մնայ այս շունչին ու այս ոճին դիմաց։

 


 



[1]        Մէ=Մէկ։

[2]        իլթիմազ = Աղաչանք

[3]        Ինթիզար = Սպասում, կարօտանք։

[4]        Տիս = Տեսք:

[5]        Աջաբ = Արդեօք։

[6]        Գէթ = Գէշ:

[7]        Արի = Ըրած։

[8]        Իս = Ես։

[9]        Մագամ = Միթէ։

[10]      Օչ օվ = Ոչ ոք:

[11]      Էշխէմէդ = Սէրէդ:

[12]      Ճունուն = Խենդեցած։

[13]      Եանա եանա = Այրելով։

[14]      Վուր = Որ։

[15]      Sանգ = 1/4 մսխալ:

[16]      Լուր = Լոր:

[17]      Հուքմ ի Հէքիմ = Մեծ, Հրամայող տէր։

[18]      Շահ = Պարսից թագաւոր:

[19]      Զալում = Բռնակալ, վայրագ։

[20]      Հէնչափ = Այնչափ։

       Բառերու այս բացատրութիւնները քաղուած են Պ. Գէորգ Ախվէրտեանի հրատարակած Սայաթ–Նովայ գիրքէն։ (1852, Մոսկուա)։

[21]      Ղափաղ = Վանդակ։

[22]      Դի = Դրի։

[23]      Վուտ = Ոտք։

[24]      Փիանտազ = Դիպակ։