Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ՆՈԹ

Յակոբ Օշական « Համապատկեր »ի ծրագրով սկսած ու աւարտած չէ սոյն հատորը լեցնող գրութիւնները, այլ տարբեր ժամանակներու եւ տարբեր առիթներու թուղթին յանձնուած էջեր են անոնք, որ հոս մէկտեղուեցան պարագայական խորագիրի մը տակ։

Պարագայական մօտեցումով մը դարձեալ, դէմքերու դասաւորումը կատարուած է տարիքային կարգով եւ ոչ թէ անոնց նուիրուած գրութիւններուն գրառման յաջորդականութեամբ:

Ինչ կը վերաբերի « Քննադատութիւնը անոնց մէջ » ակնարկին, աւելի ընդհանուր բնոյթ մը կրելուն պատճառով՝ տեղաւորուեցաւ վերջին էջերուն։

Մեր ծանօթութեան սահմաններուն մէջ, Օշական Արեւելահայ դէմքերուն մասին ունի շարք մը նոթեր, որոնց հիմամբ ան դասաւանդած է Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութեան մէջ, երեսնական թուականներուն։

Հալէպի « Նայիրի »ն, իր 1942ի Գ. եւ Դ. պրակներուն մէջ, « Արեւելահայ 14 » ընդհանուր խորագիրի մը տակ, իր իսկ կնքած «14»էն լոյս ընծայեց միայն , յաջորդաբար՝ Սմբատ Շահազիզ, Միքայէլ Նալպանտեան, Խաչատուր Աբովեան եւ Աւետիս Ահարոնեան, խմբագրական նոթի մը մէջ յիշատակելով միւս տասը, Րաֆֆի, Գ. Սունդուկեան, Մուրացան, Յ. Թումանեան, Շիրվանզադէ, Նարդոս, Ա. Իսահակեան, Դ. Դեմիրճեան, Ստ. Զօրեան եւ Վ. Տէրեան։

Ինչպէս անգամ մը արձանագրուած է «Բագին»ի էջերուն, ողբացեալ Մ. Իշխան, մահէն ոչ շատ առաջ, խմբագրութեան սեղանին վրայ դրաւ Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութեան կնիքը կրող եւ 1 Փետրուար 1930 թուակիր տետրակ մը, ուր « Նայիրի »ի ներկայացուցած 4էն վատ ուրուագրուած են միւս տասը նաեւ։

Պահ մը մտածուեցաւ, հոս ներկայացուածներուն կողքին, առանձին գլուխի մը տակ ներկայացնել միւսներուն թէկուզ ուրուանկարները, բայց յետոյ յարմար չթուեցաւ այդ մէկը, դիմագիծ ստացած դէմքերուն հետ անհաշտ նկարագիր մը պարզած ըլլալու իրենց նկարագիրին պատճառով: