Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՈՎՍԱՆՆԱ 
       Օ՜հ, երազի, երջանկութեան ու լոյսի 
Ճամբաներէ՜ն, ճամբաներէ՜ն տարիր զիս , 
Հոգիս գինով խոնջէնքի մէջ կը սուզի 
Մինչ դուն ինձ դեռ այգերուն վրայ կը խօսիս 
Երազանքի, երջանկութեան ու լոյսի։ 
       Ահա՜ հոգիս քու խորանիդ ողջակէզ , 
Ահա՛ հոգիս՝ քու աչերուդ բուրուառին , 
Ա՜խ խենթեցնող տենդոտ ծուխը հըրակէզ 
Իմ տենչերուս՝ որ բիբերուդ մէջ կը վառին… 
Ահա՛ հոգիս քու խորանիդ ողջակէզ։ 
       Մութ մազերուդ քու խորհուրդին կը հաւտամ , 
Ու երգերուդ , հառաչներուդ սիրելի , 
Ու երբեմնի աստուածութեանդ ալ տարտամ 
Որ աչերուդ գիշերին մէջ կը հալի , 
Բոլոր անոնց, հիւանդ հոգիս, կը հաւտամ։ 
       Տո՜ւր, տո՜ւր զիս լո՜յս, լո՜յս հովերու քըմայքին 
Ինչպէ՜ս բեկոր մը ծովերուն անձնուէր. 
Կուրծքի՜դ, սիրո՜յդ անհունին մէջ, տենդագի՜ն , 
Ալիքներուն բեռքէն ի վար, վիհն ի վեր , 
Տո՜ւր, տո՜ւր զիս լոյս, լո՜յս հովերու քըմայքին։ 
       Ա՜խ կ’ուզէի, որ տըղու պէս, մահուան պէս , 
Բազուկներուդ երկաթին մէջ բանտէիր , 
Ծըծէիր զիս, ու իմ հիւանդ մարմինէս 
Կաթիլ մ’արցունք, պուտ մը հուլունք շինէիր , 
Ա՜խ գրկէիր զիս տըղու պէս, մահուան պէս։ 
       Ովսաննա քեզ քու աչերուդ հրաշքին մէջ , 
Ու շրթներուդ թրթռացումին մէջ տըրտում , 
Ու վանկերուդ երազանքին մէջ անվերջ, 
Ու կուսութեանըդ փառքին մէջ անպատում։ 
Ովսաննա քեզ քու աչերուդ փառքին մէջ։ 
       Դու անուրջին աննիւթ զաւակ, Ովսաննա՜ , 
Մեղքիս նիհար դափնիներով կու գամ քեզ. 
Հիւանդ հոգիս լո՜յս հըպումէդ կ’արթննայ 
Տար զիս սրտիդ ճամբաներէն հըրակէզ , 
Դու անուրջին աննիւթ զաւակ , Ովսաննա։ 
       Erfurt, Ապրիլ