Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԳԻՍԱՒՈՐԸ 
       Գիտնականներ, աստղաբաշխներ ալեւոր
Կը հաստատեն թէ ինչ որ մի գիսաւո՜ր
Ուղեկորո՜յս, հրակէզ աստղ մը մոլո՜ր
Պիտի ջնջէ վաղն էակները բոլոր…։ 
       Կը հաստատեն մագաղաթներ փոշելի 
Այն ցոյց կու տան հեռադէտներ հրաշալի
Որ այս գիշեր հըրկէզ աստղ մը մոլոր
Պիտի ջնջէ վաղն երկիրըս բոլոր։ 
       Աստղե՜ր, աստղե՜ր յաճախ դիտեր եմ ես ձեզ
Ձեր անունով երդուեր, լացեր սիրակէզ
Չէի խորհեր որ փո՜քր, բարի՜ ու հըլո՜ւ
Աստղ մը պիտի գար մեզ բնաջինջ ընելո՛ւ…։ 
       Դէպի  ……   սուրբ կամարներն անսասան
Մեր մեղքերուն բուրգերն այնքա՜ն վեր հասան 
Այնքան արեանց եղաւ երկիրը անօթ
Որ իր կեանքն ալ տիեզերքին էր ամօթ… 
       Ու վաղն ալ պիտի մեռնինք բնաջինջ
Մեր ետեւէն թողլով բարի հետք մը ջինջ։ 
Նոր ու հսկայ հրայր Սոթոմ֊Գոմորի
Մէկ ժամուն մէջ պիտի ամէն ինչ կորի…։ 
       Թէ իրա՛ւ է, պիտի ցաւիմ լռելեայն
Հարիւր դարուան վաստակն անխոնջ Մարդկութեան
Գիտութիւններն ու արուեստնե՛րը մոգիչ
Զոր ստացանք արեան գինով քիչ առ քիչ…։ 
       Մենէ վերջ հարկ պիտ ' ըլլայ որ հաշմանդամ 
Մի նոր մարդ գայ, մի նոր Եւա, նո՜ր Ադամ
Նոր Աստուածներ, նոր դիւցազներ, նոր Հոմէր
Մինչեւ հասնին հազար տարուան դիրքը  ……  
       Ու ամէնէն քիչ ես պիտի ցաւիմ մեզ 
Քերթողներուս՝ որ ապրեցանք ծաղկի պէս
Չհաշուեցինք բոյրն որ գողցաւ մենէ հով 
Ճլճլացինք, լացինք առուին պէս գինով…։ 
       Ու մանաւանդ պիտի ցաւիմ ինէ շատ
Վաճառամիտ բի՜ւր֊բի՜ւր անձանց բազմաշխատ 
Որ միացուցին Սէր, Սիրտ, հաճոյքը ներկայ 
Վաղուան համար, մինչդեռ ալ վաղը չիկայ…։ 
       Չտենչացի պալատ, գոհար, փառք անշէջ
Կեանքիս մէջ զոյգ մ’աչք սիրեցի մինչեւ որ 
Ան բզկտեց կեանքս երեք ժամուն մէջ 
Թող գայ, թող գայ, գիսաւորն ինչ է որ…։ 
       Լօզան, 17 Մայիս 1910 
Comète du  Halley