Անտիպներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԻՐԷ

Այգո՜ւն, այգո՜ւն առուին լացող
Յանկերգն, ու ծառ, ու ծիլ, ու ցօղ,
Ու արտո՛յտն ալ վեր խոյացող
«Սիրէ՛, կ՚ըսին. պիտի մեռնիս…»։

Տարիներէ ի վեր ահա
Քնարս ձեռքիս տակ կը դողայ
Յաւէտ նո՛յն վանկը. «Խեղճ տղայ,
Սիրէ՜, սիրէ՜, պիտի մեռնիս…»։

Զեփիւռ, թիթեռ, սիւք ու թռչուն,
Ու ալեակները կարկաչուն
Կ՚ըսեն՝ «Կեանքի միա՛կ ինչուն
Սէրն է, սիրէ՛, պիտի մեռնիս…»։

Ձեռքս աչերուս կ՚անցնիմ արագ.
Ա՜խ, սիրե՜ր եմ սիրտս փլատակ
Մոխիր մ՚է տաք… Ու շա՜տ յստակ
Ձայն մ՚ինձ կ՚ըսէ՝ «Պիտի մեռնիս…»։