ԱՆԷԾՔԸ
Սէրը
շիւղինն
է
մշտերեր,
Զի
համրուած
են
իր
օրեր.
Ձիւնափառ
սարը
չի
սիրեր,
Կատարեալին
մէջ
Սէր
չ՚ըլլար…։
Տկարութի՜ւն
մ՚է
սէր
մարդկանց,
—
Գեղեցկագոյնն
տկարութեանց.
—
Վերն
աստուածները
լըռակեաց
Չե՛ն
սիրեր,
բարձրը
Սէր
չ՚ըլլար…։
Նախանձեցաւ
հզօր
Որ
Էն
Իր
մարդուն
այդ
տկար
կողմէն,
Ձայն
դուրս
վանեց
սուրբ
եդեմէն,
«Կե՜ր,
ա՜րբ,
—
ըսաւ,
—
բայց
Սէր
չըլլայ…»
Ու
կը
սիրենք…
Բայց
Ան
իր
լար
Ուղղեց
շեշտ
մեր
սրտին
դալար…
Այսպէս՝
եթէ
սիրտը
չը՛
լա՜ր
Երջանիկ
սէրը
Սէր
չ՚ըլլար…։