Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
Ա.

Նոյեմբեր . . .

Երկու շաբաթ է որ հոս եմ։ Առաջին օրերու ծանր տպաւորութիւններս մեղմիլ սկսան ու վարդապետի, գրեթէ շա՜տ միօրինակ, մենաւոր կեանքս՝ գտաւ իր սովորական ընթացքը։

Բայց ինչո՞ւ տեղափոխութիւն մը ասանկ յուզէր զիս. չեմ կրնար ծածկել օրագրի մը մտերիմ թուղթերէն, առաջին օրերու ձանձրոյթովն ու անստուգութեամբ բաւական տառապեցայ։

Ապրած էի մենարանի կեանքը իբրեւ Արմաշի աշակերտ. յետոյ զայն լիութեամբ ճաշակած՝ սարկաւագութեանս փորձի օրերուն, ճանչնալով կամաւոր զրկման ազնիւ այլ տրտում զգայութիւնը, ամայի խուցերու մերկութեան մէջ՝ ստուերիս հետ մտերմացած այն ատեն՝ երբ ապաշխարանքի պասուքը իմ սիրտս կը լեցնէր յաղթութեան երազներով, որովհետեւ կը կարծէի թէ նուիրապետական բարձրացումը ինծի պիտի հետեւէր, տիրացնելով զիս ծաղկեալ, ոսկեհուռ, հանդերձանքի, մատանիներու եւ լանջախաչի մը՝ որոնցմով մեր տգէտ ու զառամ եպիսկոպոսները կը ծանրաբեռնուին։ Ինչո՞ւ հիմա ալ չի յուսամ՝ քանի որ քսանըվեց տարեկան եմ, դեռ երիտասարդ։

Երբ Պոլիս ինկայ, կարծեցի թէ վանականի օրերուս հրաժեշտն էր ալ. կը սկսէր քաղաքին ժխորալի, հեւ ի հեւ կեանքը՝ զոր երազած էի երկար տարիներ եւ ուրկէ հիմա հաճելի յիշատակներ ունիմ. շատ երիտասարդ, գրեթէ երկչոտ պատանի, երկրորդական թաղի մը քարոզիչ կ’ըլլայի։ Հազիւ ցանցառ յարաբերութիւններ հաստատած, ընտանեկան ջերմին մթնոլորտը վայելած, ահա կը նետուիմ գաւառի մը անկիւն՝ այս Վանքը, քաղաքէն հեռու, մենաւոր բնութեան մը գրկին մէջ։

Առաջին օրերը, մանաւանդ գիշերներս լի եղան մթագին տպաւորութեամբ, ինձ այնպէս կը թուէր թէ չպիտի կրնայի հանդուրժել վանական նոր մթնոլորտին։ Պոլիսը, շքեղ տեսարանը, իր փողոցներն՝ ուր կը պտտցնէի իմ սեւ ստուերս անայլայլ երեւոյթով, սակայն աշխարհիկ տենչանքներուն յոյզովը լի, խուցս, բարեկամներս կը կանչէին զիս։ Զո՜ւր կոչում ըրի պարտականութեանս զգացման, որովհետեւ նուիրական գործ մը կը ծանրանայ վրաս. հոս ղրկուած եմ այս նորաբաց Որբանոցին տեսուչ, իբր հայր բիւրաւոր որբերէն մէկ երկու տասնեակին՝ որոնք անագորոյն ջարդերու զոհ, պիտի գան այս հովանաւոր յարկին տակ պատսպարուիլ։

Գոնէ այդ մտածումը զիս հանդարտեցնելու հանգամանքն ունէր, բայց չեմ գիտեր ինչո՞ւ անզգայ կը մնայի. կարծեմ քանի մը գիշեր ալ լացի։ Արդէն տեղէ տեղ փոփոխութիւնը միշտ ճնշած է վրաս, տղայութեանս օրերն ալ ունէի այս դիւրազգածութիւնը։

Բայց առաջին շաբաթէն յետոյ, յամրաբար գտայ պաղարիւնս եւ հիմա համոզուած եմ վանքին վարժուելու գաղափարին, ու թերեւս օր մը սիրեմ զինք. կարծածիս նման ամայի չէ, օրէ օր նոր դէմքերու կը հանդիպիմ։

Վանահօր հետ արդէն բարեկամացանք։ Մարդ մը որ վաթսունը մագլցած ըլլալու է, եթէ ցատկած չէ. խաչի սփռոցի մը նման կարմիր դէմքին վրայ, մեղրագոյն եւ իւղոտ աչքերը հազիւ կը փայլին, սեւ մօրուքը ալեւորիլ սկսած է. գոմէշի անայլայլ կերպարանք մը՝ մէկ խօսքով։ Անդամները, իրանը, գիրուկ են. ե՞ս այլ արդեօք օր մը իրեն նման պիտի ըլլամ, պարարտ անասուն մը եւ կեանքս անփառունակ այս վախճա՞նը պիտի գտնէ վանքի մը լերկ որմերուն ետին։ Բնա՜ւ, ծայրագունութիւնը՝ որով կը պարծենայ այս մարդը, չի գոհացներ զիս։

Թերեւս շատ փառասէր եմ, բայց իմ երախտաւոր եւ բանիմաց ուսուցիչներէս Օրումեանը կը կրկնէր միշտ՝ «փառասիրութիւնը մեղքերուն էն ներելին է»։

Սակայն ատելի մարդ մը չերեւիր վանահայրը. իր ընդունելութենէն գոհ եմ. զուարճախօս է։ Զարմանալի է որ ազգային Աղէտէն չէ ազդուած ու յոյս չունի որբանոցին յաջողութեան. տեսակ մը չկամութիւն ալ կը ցուցնէ։ Հոգ չէ՛, իրմէ աւելին ուզել անյարմար է, կեանքին մէջ դաստիարակուած կ’երեւայ, քան դպրոցին, եւ առաջին պարագան անանկ փայլուն վկայական մը չէ։ Շատ ալ տգէտ է, չունի հայերէնագիտութեան մասին մեր նոր լոյսերը, պատմաքննական մէկ երկու կողմնակի հարցերուս՝ Խորենացին իր մեծագոյն աղբիւրը եղաւ. ծիծաղելի՜ գլուխ սա Խորենացին. կարծեմ «Հանդէս Ամսօրեայ»ի մէջ կարդացի քննադատական յօդուած մը իր մասին, սա վերնագրով «Պատմութիւն Ստոյն Մովսէսի Խորենացւոյ». այդ մարդը աւելի վէպ մըն է գրած՝ քան պատմութեան գիրք։

Ինչ որ է, կը յուսամ թէ պիտի կրնամ վարուիլ վանահայր Վարդանին հետ։ Անունն ալ իրեն պէս կարճուկ։